Jump to content

Հայաստան

(Վերայղուած է ՀՀ-էն)
Հայաստան
Հայաստանի դրօշ Զինանշանը


Կը ներառնէ Արագածոտն, Արարատի մարզ, Արմաւիրի մարզ, Գեղարքունիքի մարզ, Կոտայքի մարզ, Լոռի (մարզ), Շիրակի մարզ, Սիւնիքի մարզ, Տաւուշի մարզ, Վայոց Ձորի մարզ եւ Երեւան
Պետական լեզու հայերէն
Մայրաքաղաք Երեւան
Օրէնսդիր մարմին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողով
Երկրի ղեկավար Վահագն Խաչատուրյան?
Կառավարութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան
Ազգաբնակչութիւն 2 930 450 մարդ (2017)[1]
Օրհներգ Մեր Հայրենիք
Հիմնադրուած է 23 Սեպտեմբեր 1991 թ.
Արժոյթ Հայկական Դրամ
Ժամային համակարգ UTC+4։00[2]
Հեռաձայնային համակարգ +374
Համացանցի յղում .am եւ .հայ
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,759[3]
gov.am/en/[4]
courrier.am(ֆր.)

Հայաստանի Հանրապետութիւն, Անդրկովկասի շրջանի պետութիւն` Եւրոպայի եւ Ասիոյ սահմանագլխուն, Հարաւային Կովկասի մէջ։

Հայաստանը ժողովրդավար պետութիւնն մըն է, մշակութային հարուստ ժառանգութեամբ։ Աշխարհի ամենահին քաղաքակրթութիւններէն մէկուն ժառանգորդն է եւ սակայն ներկայ տարածքը Պատմական Հայաստանի (Հայկական Բարձրաւանդակ) մէկ փոքր մասն է միայն։

Քաղաքական տեսանկիւնէն ընդունուած է իբրեւ եւրոպական երկիր․ բնօրրան հնդեւրոպական մշակոյթներու եւ քրիստոնէութեան։ Մեծ դեր ունեցած է անոնց տարածման։

Հիւսիսէն սահմանակից է Վրաստանին, արեւելքէն՝ Ատրպէյճանին, հարաւ-արեւելքէն՝ Արցախի Հանրապետութեան, հարաւէն՝ Իրանին, հարաւ–արեւմուտքէն՝ Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ գտնուող Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան, արեւմուտքէն՝ Թուրքիոյ։

21 Սեպտեմբեր 1991-ին համաժողովրդական հանրաքուէով, Հայաստանը կը վերանկախանայ (տե՛ս Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն)։ Հայաստանի բնակչութեան 99%-ը «Այո» կ՛ըսէ անկախութեան եւ Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն Խորհուրդը կ՛ընդունի «Անկախութեան մասին հռչակագիր»-ը, հռչակելով Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) անկախութիւնը։

Սեպտեմբեր 21-ը կը նշուի իբրեւ Ազգային Տօն։

Պետական լեզուն հայերէնն է, իսկ գիրը՝ 5-րդ դարասկիզբին Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած հայկական գիրը։

Պետական կրօնը քրիստոնէութիւնն է («Հայ Առաքելական Եկեղեցի»ն 301 թուականէն ի վեր)։ Հայաստան առաջին երկիրն է որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն։

Հ․Հ․ Սահմանադրութիւնը ընդունուած է 5 Յուլիս 1995-ին եւ փոփոխութիւն կրած է 27 Նոյեմբեր 2005-ին՝ համաժողովրդական հանրաքուէով մը։

Հայաստան Միջազգային եռեսունհինգէ աւելի կազմակերպութիւններու անդամ է, ինչպէս՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն (ՄԱԿ), Եւրոպական Խորհուրդ, Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութիւն (ԱՊՀ), եւ այլն։ 2015 թուականէն Եւրոպական Միութեան մէջ անոր թեկնածութիւնը նկատի առնուած է։

Անուան ստուգաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հայկ նահապետ (Նոր Նորք համայնք)

Հայոց անուանադիր նախնին Հայկն է։ Սերունդները հետագային անոր անունով ալ կոչուած են՝ հայկազունք, հայք, հայեր, հայերու երկիրը՝ Հայք, Հայոց աշխարհ։ Միջնադարին «Հայ» արմատին կ՛աւելնայ պարսկական «-ստան» վերջածանցը, որ ունի երկիր, տարածք իմաստը։ Այդպէս «Հայք» կամ «Մեծ Հայք» եզրոյթը Հայաստանի կը փոխուի։

Մովսէս Խորենացիի եւ Միքայէլ Չամչեանի համաձայն՝ «Արմենիա» անունը սկիզբ առած է Արամ անունէն, որ Հայկ Նահապետի ուղիղ ժառանգորդն էր։

Ըստ Սրապոնի, Արմենիա անունը ծագած է Արղոնաւթեան արշաւանքին Ոսկէ Գեղմը χρυσόμαλλο δέρας Յունաստան տանելու ընթացքին Սեւ ծովուն ափերուն շրջագայող Արմէն նաւավարէն։ Սակայն այս առասպելը աւելի նոր է քան Հայկ եւ Արամի անուններէն առաջացած բնիկ հայ-արմեն ցեղանունին։

Իսկ 20-րդ դարու հայ պատմաբան Լէօի համաձայն «Արմէն »անունը յունական առասպելի հերոս Արմենիոսի անունէն առաջացած է, երբ ինք եւ իր ժողովուրդը գալով Թեսալիայէն՝ (Յունաստանի մայր ցամաքամասին կեդրոնական նահանգ, ուր կը յղուի Արղոնաւթեան արշաւանքի գաղափարը) բնակած են Հայկական լեռնաշխարհին տարածքին եւ ձուլուած այնտեղ ապրող հայկական ծագումով ցեղերու ու ցեղային միութիւններու հետ։[5]

Կայ նաեւ Հայաստան անուան ստուգաբանութեան վրացական տարբերակը, որուն համաձայն հայերու առաջնորդ Հայկը, վրացիներու առաջնորդ Քարթլոսը եւ կովկասեան տարբեր ցեղերու առաջնորդներ, եղբայրներ եղած են եւ սերած նոյն հօրմէն ու մօրմէն։[6] Թէպետեւ այժմ վրացիները հայկական պետական կազմաւորումներէն մէկուն՝ Սումխու երկրի (Ծոփք-Քոմմակենէ) անունով Հայաստանը կը կոչեն Սոմխեթի, ժողովուրդին՝ սոմեխներ։

Հայաստանը օտարները (աշխարհի գրեթէ բոլոր լեզուներով) կը կոչեն Արմենիա՝ յունարէն՝ Αρμενία անգլերէն՝ Armenia, ռուս.՝ Армения, արաբերէն՝ أرمينيا‎, պարս․՝ ارمنستان, գերմաներէն՝ Armenien եւայլն։ Այդ անունը կու գայ հայկական «Արմէ(ն)» եւ «Ուրմէ» ցեղերու անուանումէն, առաջինը այդպէս անուանած են ասորեստանցիներն ու բաբելոնցիները։ Այնուհետեւ այդ անունը տարածուած է յոյներու եւ փիւնիկեցիներու միջոցով։ Ասորեստանի Ք․Ա․ 1300 արձանագրութիւնները Հայաստանը «Նայիրի» կը կոչեն: Հայաստան անունը նշուած է Աքքատի թագաւոր Նարամ Սինի սեպագիր արձանագրութիւններէն մէկուն մէջ՝ Ք․Ա․ 2000, Արմանի երկիրը անունով, ինչպէս նաեւ Պեհիսթունի եռալեզու արձանագրութեան մէջ, Ք․Ա․ 515, Արմենի անունով։

Յունարէնով Արմենիա Αρμενία անունին կը հանդիպինք Միլիթեցի (Միլիթոս Μίλητος , Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ափերուն յունական գաղթօճախ) Հեքաթէոսին (կամ Էքաթէոս) արձանագրութիւններուն մէջ, Ք․Ա․ 476։ Իրոտոթոս Ηρόδοτος պատմաբանը Ք․Ա․ 440 կը գրէ․- «Ἀρμένιοι δὲ κατά περ Φρύγες ἐσεσάχατο, ἐόντες Φρυγῶν ἄποικοι», այսինքն՝ հայերը զինուած էին Ֆրիքեացիներուն նման, ըլլալով անոնց գաղթօճախը․․․ (7.73)։ Քանի մը տասնեակ տարիներ ետք, յոյն պատմագէտ եւ զօրավար Քսենոֆոնը, իր Նահանջ Բիւրուն հատորին մէջ, մանրամասնօրէն կը նկարագրէ հայերուն կեանքը, սովորութիւնները, անոնց հիւրասիրութիւնը։ Կը նշէ թէ կը խօսին լեզու մը, որ իրեն համար աւելի մօտ է պարսկերէնին։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հայկական Բարձրաւանդակ․ նկարուած հարաւային Կովկասի արբանեակէն

Հայաստանը, ընդհանրապէս Հայկական Բարձրաւանդակը, շնորհիւ իր աշխարհագրական դիրքին առեւտուրի եւ մշակոյթի խաչմերուկ դարձած է, սակայն նաեւ պատերազմներու թատերաբեմ եղած է։ Բարձր լեռներով ու լեռնաշղթաներով պաշտպանուած տարածք է եւ լեռնակղզիի երեւոյթ ունի․ այդ իսկ պատճառով Հայկական Բարձրաւանդակ կամ Հայկական Լեռնաշխարհ կոչուած է։

Դիրք եւ տարածութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստան կը գտնուի արեւմտեան Ասիոյ (Կովկաս եւ Միջին Արեւելք կամ՝ Եուրասիա) շրջանին մէջ։ Փոքր Ասիայէն մինչեւ Պարսկաստան երկարող լեռներու եւ բարձրաւանդակներու մէկ մասն է։

Հայկական Բարձրաւանդակի կամ լեռնաշխարհի տարածութիւնն է մօտաւորապէս 300․000 ք․ քմ․ եւ Կովկասի, Միջերկրականի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Սեւ Ծովու միջեւ քարուղիի երեւոյթն ունի։

Հ․Հ․ սահմանակից երկիրներն են հիւսիսէն՝ Վրաստանը, արեւելքէն՝ Ատրպէյճանը եւ Արցախը, հարաւէն՝ Պարսկաստանը, հարաւ-արեւմուտքէն՝ Նախիջեւանը (Ատրպէյճան) եւ արեւմուտքէն՝ Թուրքիան։

Հ․Հ․- նկարուած NASA-ին արբանեակէն, 2003

Հայաստան լեռնային երկիր է․ լեռները կը կազմեն անոր 90%-ը, իսկ ծովուն մակարդակէն միջին բարձրութիւնը՝ 1700 մեթր է։ Լեռնագագաթներուն պարագային, 3000 մեթրը սովորական բարձրութիւն է։ Հարուստ է նաեւ բլրաշարքերով եւ լեռնաշղթաներով։ Հայաստանի Հանրապետութեան ամենաբարձր լեռը Արագածն է (4090 մ․) եւ ամենամեծ լիճը Սեւանն է՝ 1417 քառ. ք․մ․։ Իսկ հայկական բարձրաւանդակի ամենաբարձր լեռը Արարատն է (Մեծ Մասիս գագաթով՝ 5165 մ․) եւ լիճերէն Վանայ լիճը ամենամեծը՝ 3760 ք․ քմ. մակերեսով (նախապէս Ուրմիոյ լիճն էր, սակայն լիճ թափուող գետերու ջուրն անխնայ օգտագործելու պատճառով անոր մակերեսը զգալիօրէն նահանջած է), իսկ Սեւանայ լիճը ծովու մակերեսէն աշխարհի ամենաբարձր լիճերէն է։

Հարթ տարածքները լեռնադաշտեր են, թիւով քիչ եւ ծովու մակերեսէն շատ բարձր։

Կլիմա եւ բուսականութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արագածի ալպիան պատսպարանը

Հայաստան կը գտնուի բարեխառն գօտիին մէջ եւ անոր կլիման ցամաքային է․ սաստիկ ձմեռ, իսկ ամառը կիզիչ եւ չոր։ Անձրեւները անբաւարար են ու այդ պատճառով բուսականութիւնը հարուստ չէ։ Սակայն Սեւ եւ Կասպից ծովերուն հետ դրացիութիւնն ու լեռնալանջերուն դիրքը կլիման կ՛այլազանեն։

Խոնաւ ու կանաչապատ շրջաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սեւ Ծովուն ափամերձ Ճորոխ գետի աւազանը եւ Բիւրակնեան լեռները բաւարար անձրեւ կ՛ընդունին։ Նոյնպէս արեւմտեան Եփրատի հովիտը, Կուր գետի աւազանը, Հայկական Տաւրոսի լեռնալանջերը, իսկ Հ․Հ․ մէջ՝ Սեւանի եւ Զանգեզուրի շրջանները։

Արեւով հարուստ, անձրեւով աղքատ շրջաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արարատեան դաշտին, Վանայ լիճին աւազանին եւ Արածանիի հովիտի մէջ անձրեւի քանակը անբաւարար է եւ այդ պատճառով կ՛օգտագործուին ոռոգման արուեստական միջոցներ։

Ցած ջերմաստիճաններով շրջաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էրզրումի եւ Կարսի սարահարթերը ձմրան եղանակին ամէնէն ցած ջերմաստիճանները կ՛արձանագրեն ( -30° եւ -35° միջեւ)։

Բուսական եւ կենդանական աշխարհ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Որոտանի կիրճը եւ Սատանի կամուրջը․ Սիւնիք

Տե՛ս Հայաստանի Բնապահպանման Տարածքներու Ցուցակ

Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը մեծ դեր խաղցած է անոր կենդանական աշխարհի հարստութեան։ Միջին հաշուով կան 523 ողնաւոր կենդանիներու եւ 17000 անողնաւոր կենդանիներու տեսակ։ Իսկ Հայկական բուսական աշխարհը ունի մօտաւորապէս 3600 տեսակ։

Կովկասեան յովազ

Տե՛ս բուն յօդուած՝ Հայաստանի Բնապահպանման Տարածքներու Ցուցակ

Հ․Հ․ մէջ, 1986-էն սկսեալ կը հիմնուին առաջին յատուկ պահպանուող տարածքները։

Ըստ՝ Հայաստանի «Բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքներու մասին» օրէնքին (1991)՝ իբրեւ բնապահպանման տարածքներ արձանագրուած են ազգային պարտէզները, պուրակները, արգելավայրերը եւ բնութեան յուշարձանները : Անոնք (ներառեալ Սեւանայ լիճը) Հայաստանի տարածքին 12,5%-ը կը կազմեն․ չորս ազգային պուրակներ՝ Սեւան, Դիլիջան, Արփի լիճ եւ Արեւիկ, 26 պատսպարաններ, երեք արգելարաններ՝ (Խոսրովի անտառ, Շիկահողի, Էրեբունի, 5 Բուսաբնական Պարտէզներ եւ 230 բնութեան յուշարձաններ:

Այս տարածքներուն վրայ, տնտեսական գործունէութիւնը սահմանափակելու կամ արգիլելու նպատակով Հայաստանի Կառավարութիւնը սահմանած է պահպանման գօտիներ։ Հոն կը պահպանուին եւ կ՛աճին Հ․Հ․ բուսական եւ կենդանական աշխարհներու տեսակին 60%-ը․ կ՛ ընդգրկեն հազուագիւտ, անհետացման վիճակի մէջ տեսակներ եւ կամ բնիկ տեսակներու գերակշռող մասը, ինչպէս նաեւ՝ վայրի բնիկ պաշարները։ Նշենք թէ, կովկասեան յովազը ենթարկուած էր հետապնդումներու եւ պահպանութեան տակ անցած է միայն 1987 թուականին․ իսկ 2013-ին իրականացուած է էջ յովազի մը նկարահանումը։ Այս ուղղութեամբ Հայաստանի «Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամ»ը (FPWC), Յունուար 2021-ին կը յայտարարէ թէ Հայաստան կովկասեան յովազի բազմացող զոյգ մը պիտի ունենայ։

Գլխաւոր դաշտեր, հարթ տարածութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արարատեան դաշտին համայնապատկերը, դիտուած Աղձք գիւղէն

Հայաստանի հարթ տարածութիւնները ծովու մակերեսէն բաւական բարձր են։ Շատ շրջաններու մէջ անձրեւի անբաւարարութեան պատճառով արուեստական ոռոգման պէտքութիւնը կայ․ հին ժամանակներէն՝ ինչպէս օրինակ, Ուրարտուի Մենուա թագաւորի օրով կառուցուած 70 քմ․ երկարութեամբ ջրատարը, ծանօթ ալ իբրեւ «Շամիրամի ջրանցք» անունով։

Արարատեան դաշտ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արարատեան դաշտը կը գտնուի Հայաստանի կեդրոնը եւ ամենակարեւոր հարթ տարածութիւնն է։ Շրջապատուած է լեռներով, կը տարածուի Արաքս գետի զոյգ ափերուն վրայ եւ երկրագործական հարուստ շրջան մըն է: Անոր մէկ մասը Հ․Հ․ սահմաններուն մէջն է, կ՛երկարի Արարատէն Արագած։

Շիրակի դաշտը․ խորին՝ Արագածը

Հիւսիսային հրաբխային դաշտեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիւսիսային հրաբխային բարձրաւանդակը օղակուած է լեռներով եւ անոր մաս կը կազմեն Արտահանի, Ախալքալաքի, Կարսի, Շիրակի եւ Տեկորի դաշտերը։ Հողը հրաբխային ըլլալով, բերրի է։

Արցախի եւ Էրզրումի դաշտեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արցախի եւ էրզրումի բարձրադիր սարահարթերը դաշտերու ամբողջութիւն մըն են։ Էրզրումի (Կարին) սարահարթին քանի մը տեղերուն ճահիճներ կան (գոյացած՝ արեւմտեան Եփրատի ջուրերով)։

Եփրատ գետի հովիտներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արածանիի ընդարձակ եւ ջրարատ հովիտը, կ՛ընդգրկէ Ալաշկերտի, Մանազկերտի, Մուշի եւ Խարբերդի դաշտերը, ուր մինչեւ 20-րդ դարասկիզբին կը մշակուէին հացահատիկ, բամպակ, բիրնձ, խաղող եւայլն։

Արեւմտեան Եփրատի հովիտ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւմտեան Եփրատի հովիտը կ՛ընդգրկէ Դերջանի եւ Երզնկայի հարուստ դաշտերը։

Վանայ լիճին աւազանը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վանայ լիճին հարթ տարածութիւնը կ՛ընդարձակուի լիճին եւ զայն շրջապատող լեռներուն եռանկիւնաձեւ միջոցին միջեւ։

Հրաբխային ու յաճախակի երկրաշարժներու ենթակայ երկիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հրաբխային արտավիժումները ժամանակի ընթացքին յառաջացուցած են կոնաձեւ գագաթներ, ինչպէս օրինակ՝ Արարատը։ Իսկ կան հարթ տարածութիւններ, որոնք ժամանակին ողողուած են լաւաներով։

Երկրաշարժները յաճախակի են․ անոնք կործանիչ եղած են ու են։ Մօտիկ անցեալին, անոնք աւերած են գիւղեր, քաղաքներ, մայրաքաղաքներ․ Անին՝ 1319, Ակոռի գիւղը՝ 1840, Տերսիմի (Թունջելի կամ՝ Քարաժայռ) շրջանը, յատկապէս Ճապաղջուրը (Պինկէօլ) յաջորդաբար՝ 2003, 2010, 2020 եւ Սպիտակն ու Կիւմրին՝ 1988 Դետեմբեր 7-ին։

Գլխաւոր լեռնաշղթաներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շրջապատի լեռնաշղթաներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծրջապատի լեռնաշղթաները Հայկական Բարձրաւանդակին հարաւը եւ հիւսիս-արեւմուտքը կը գտնուին։ Անոնք են՝ լայնանիստ Հայկական Տաւրոսը Ընձաքիարս եւ Արտոս (3554 մ․) բարձր գագաթներով, Կորդուացը, Կոտուր-Զագրոշը (Սուրովա գագաթով)՝ Զագրոշին վրայ կը գտնուի Խանասորի լեռնանցքը (ծանօթ՝ Խանասորի արշաւանքէն), Արսիան-Մեծրացը (Սողանլուղ)՝ հարուստ անտառներով եւ հանքային ջուրերով, Լազիստանի սահմանային լեռները (Սեւ Ծովուն ափերուն զուգահեռ)՝ Պարխարեան, Խաղտիաց, եւ Արեւելեան Պոնտական, հանածոներով հարուստ Անդիպոնտական լեռները՝ որոնց գլխաւոր գագաթն է ջուրի բազմաթիւ հոսանքներու աղբիւր Ծաղկաւէտը (3076 մ․)։

Կեդրոնի լեռնաշղթաներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մնձուրի լեռնաշղթան եւ համանուն հովիտը

Կը գտնուին Հայկական Բարձրաւանդակին կեդրոնը։ Անոնք են՝ հրաբխային Հայկական Պարը Սինակ, Սուկաւէտ (3445 մ․) եւ Այծպտկունք (3174 մ․) գագաթներով, մինչեւ Թոնտուրէկ երկարող Շարիան-Ծաղկանցը եւ հրաբխային եւ ջրարատ Մնձուր-Բիւրակնեանը (Պինկէօլ) Սրմանց գագաթով (3250 մ․) որ ծնունդ կու տայ Արաքս գետին։

Փոքր Կովկասի լեռնաշղթաներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կ՛երկարին Հայկական Բարձրաւանդակին հիւսիս արեւելեան մասին, Մեծն Կովկասեան լեռնաշղթային զուգահեռ։ Բաժնուած են երեք մասերու՝ հիւսիսի, կեդրոնի, հարաւի եւ հարաւ-արեւելեան։

Հիւսիսային մաս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղդաւալար․ կը գտնուի Կարսին հիւսիսը։ Իսկ լեռները Աճառա-Իմերեթեան, Սուրամի եւ Թրիալէթի Հայկական Բարձրաւանդակին սահմանամերձ են։

Հարաւ-արեւելեան մաս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արցախի լեռներն ալ մաս կը կազմեն Փոքր Կովկասին։ Արցախի լեռնաշղթային ամենաբարձր գագաթը Կուսանացն է (2832 մ․)։

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հ․Հ․ սահմաններուն մէջ կը գտնուին Փոքր Կովկասի կեդրոնի եւ հարաւի լեռնաշղթաները։

Սիւնիքի բարձրաւանդակ

Աւելի բարձր են հիւսիսային մասի լեռներէն։ Անոնք են՝ Վիրահայոց եւ Խոնաւի լեռներ, Բազումի (ամենաբարձ գագաթը՝ Ուրասար 2992 մ․) եւ Ծաղկունեանց լեռներ ու Սեւանայ լիճը շրջապատող Փամբակի, Գանձակի, Վարդենիսի (ամենաբարձր գագաթը՝ Վարդենիս 3522 մ․) Գեղամայ (ամենաբարձ գագաթը՝ Աժտահակ 3597 մ․), Սեւանի (Փերեզակ գագաթով 3290 մ․) եւ Թեքսարի (ամենաբարձր գագաթը՝ Սեմասար 3379 մ․) լեռնաշղթաները։

Փոքր Կովկասի բարձրագոյն ծայրամասն է։ Կ՛ընդգրկէ Զանգեզուրի կամ Սիւնաց լեռնաշղթան, ամենաբարձր գագաթներով՝ Զանգեզուրի․ Կապուտջուղ (3906 մ․), Իշխանասար (3550 մ․), Ծղուկի լեռներ (Թրասար գագաթ՝ 3954 մ․), ինչպէս նաեւ Բարգուշատի լեռնաշղթան՝ ամենաբարձր Արամազդ գագաթով (3392 մ․)։ Օձասար (2415 մ.)՝ Նախիջեւանի շրջան։

Գլխաւոր առանձին լեռները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմական Հայաստան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արարատ․ հեղինակ՝ Գէորգ Բաշինջայեան, 1912

Արարատ կամ Մասիսներ հրաբխային չոր լեռները, կոնաձեւ գագաթներով կը գտնուին Հայկական Բարձրաւանդակին կեդրոնը, Թուրքիոյ եւ Հ․Հ․ սահմանին։ Մեծ Մասիսի գագաթը (5156 մ․) ծածկուած է յաւերժական ձիւնով, իսկ անոր կողերուն կը գտնուին խորունկ ձորեր։ Փոքր Մասիսի բարձրութիւնն է 3925 մ․։

Ալամ (2517 մ․), Ալաջա (2695 մ․), Աղադաւալար (2427 մ․), Զիարեթ (2782 մ․) եւ Ընկուզուտ (2800 մ․) լեռներ։

Արտահանի շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մենաբերդ, Բաշիւրդ (3230 մ․) եւ Մեծ Եղնախաղ (3042 մ․)՝ Եղնախաղի լեռնաշղթայի լեռնագագաթ, Հ․Հ․, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանագծին։

Արարատեան դաշտի համայնապատկերը «Չարենցի կամար»էն

Արսենեակ (2415 մ․), Աբուսարդաղ (2810 մ․), Ագրակ, Ասկերդաղ, Բուղաթափա (2741 մ․), Բուրուլ (2500 մ․), Զիւան։

Երզնկայի, Էլազիղի (Խարբերդ) եւ Տիարպեքիրի շրջաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սեպուհ (3030 մ․), Արղանա, Զիչ, Էլիդաղ, Աւլաման (Էլամունի)։

Թունճելիի (Քառաժայռ կամ Տերսիմ) շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մշոյ դաշտ

Արջասար, Բերկրի, Զաւակատուր, Զիարեգ (2800 մ․), Օձուտ։

Մալաթիայի շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բերդաճահուկ եւ Գարագան լեռներ։

Անդոկ, Ֆռֆռքար եւ Զանգակ լեռներ։

Սասնոյ եւ Պիթլիսի շրջաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարաթուկ (Մարութայ սար), Օշուտ, Ֆարհանդա։

Վանայ լիճին աւազանի շրջանը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վանայ լիճը կ՛եզերեն հիւսիսէն՝ Սիփան (4434 մ․) եւ արեւմուտքէն Նեմրութ կամ՝ Սարակն (3050 մ․) լեռները։

  • Վանայ լիճին արեւմուտքը գտնուող Նեմրութ հրաբխային լեռը պէտք չէ շփոթել Հայկական Բարձրաւանդակին հարաւ-արեւմտեան ծայրամասին գտնուող Նեմրութ լեռնագագաթին հետ, որուն վրայ յայտնաբերուած են Կոմմագենի Անտիոքոս Ա․ Երուանդունի թագաւորին (Ք․Ա․ 69 - 34) կառուցած դամբարանաբլուր-սրբավայրը (Տաւրոսեան լեռնաշղթային արեւմտեան մաս)։

Հայաստանի Հանրապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հ․Հ․ ամենաբարձր լեռը՝ Արագած․ կը կոչուի նաեւ «Արագած քառագագաթ» իր չորս գագաթներուն համար։ Կը գտնուի Հ․Հ․ Արագածոտնի եւ Շիրակի մարզերուն միջեւ։ Բարձրագոյն գագաթն է՝ 4095 մ․։ Ջրառատ եւ կանաչագեղ լեռ է։ Անոր լանջին կը գտնուի Բիւրականի աստղադիտարանը։

Կլոր Թառ, Ծղուկ լեռ, Մեծ Իշխանասար (3549 մ․), Ուղտասար, Պայտասար (3177 մ․, Կոտայքի մարզ) ։

Լեռնաշղթաներու եւ լեռներու պատկերասրահ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի գետերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանը ջրարատ երկիր է։ Ջուրի հոսանքներուն մեծ մասը առուներ եւ գետակներ են, որոնց մեծամասնութիւնը կանոնաւոր ընթացք չունի։ Անոնք լեռնային են եւ հետեւաբար արագահոս եւ աղմկալի։ Երբեմն կը գահավիժին եւ ջրվէժներ կը ձեւացնեն։ Գետերուն մեծամասնութիւնը մեծ գետերուն հարկատուներն են։ Մեծ գետերը՝ Եփրատ, Տիգրիս, Ճորոխ, Ալիս, Արաքս եւ Կուր, Հայկական Բարձրաւանդակէն դուրս ելլելով կը թափին շուրջի ծովերուն մէջ։

Արաքս գետ եւ իր հարկատուները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արաքս գետի քարտէսը

Արաքս կամ Արազ․ կը կոչուի նաեւ «Մայր Արաքս», որովհետեւ Հայաստանի միակ մեծ գետն է, որ ամբողջութեամբ կը հոսի Հայկական Բարձրաւանդակին մէջ։ Երկարութիւնն է՝ 933 քմ․։ Արաքսը Բիւրակնեան լեռներէն բխող առուներու միացումէն ծնունդ կ՛առնէ։ Կը ճեղքէ Հայկական Պարը եւ կը մտնէ Արարատեան դաշտ։ Անոր կանոնաւոր ընթացքը աղմկալի կ՛ըլլայ Զանգեզուրի եւ Արցախի լեռներուն միջեւ, երբ ստիպուած հունը կը նեղցնէ, որպէսզի անցնի խոր կիրճերէն։ Ապա, կը մտնէ Ատրպէյճան, ուր կը միանայ Կուր գետին եւ կը թափի Կասպից Ծով։

Արաքս գետին գլխաւոր հարկատուները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արաքսը Արարատեան դաշտին մէջ կ՛ընդունի իր գլխաւոր հարկատուները։

Արաքսի աջափնեայ հարկատուներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դեղին եւ Կարմիր գետեր։ Դեղին գետի աջակողմնեան հարկատուն Մակու (պատմական Տղմուտ) գետակն է։

Հայկական Բարձրաւանդակ․ Ախուրեան գետի կիրճը
Արաքսի ձախափնեայ հարկատուներ (Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եփրատ գետ եւ իր հարկատուները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եփրատը Միջին Արեւելքի մեծ գետերէն է։ Ունի 2700 քմ․ երկարութիւն, որուն 800-ը միայն Հայաստանի մէջ կը գտնուի։ Եփրատը Տիգրիսին միանալով կը կազմեն Շաթ էլ Արապը եւ կը թափին Պարսից Ծոց։ Եփրատը կը կազմուի Արեւմտեան Եփրատ եւ Արեւելեան Եփրատ (Արածանի) գետերու միացումով։

Եփրատ եւ Տիգրիս գետերուն հոսքը․ Կը թափին Պարսից Ծոց

Արեւմտեան Եփրատը կը բխի Անդիպոնտական լեռներուն Ծաղկաւէտ գագաթէն։ Անոր հոսքը ընդհանրապէս հանդարտ է։ Դերջանի եւ Երզնկայի դաշտերէն անցնելէ ետք, Խարբերդի դաշտին մէջ կը միանայ Արածանիին։ Յոյները զայն կ՛անուանէին Թիլէվոաս (Τηλεβόας), որ կը նշանակէ՝ «․․․որուն ձայնը կամ աղմուկը մինչեւ հեռուները կը հասնի» (τηλέ «հեռու», βόας «կանչը»)։

Արածանին կամ Արեւելեան Եփրատը ծնունդ կ՛առնէ Թոնտուրէկ լերան մօտէն։ Արագահոս եւ ջրառատ է։ Անոր գլխաւոր հարկատուներն են՝ Շարիան, Մանազկերտ, Խնուս, Բիւրակ եւ Մեղրագետ գետերը։ Մուշի դաշտը ոռոգելէ ետք, Խարբերդի դաշտին մէջ Արեւմտեան Եփրատին միանալով՝ կը կազմեն Եփրատ գետը։

Տիգրիս գետ եւ իր հարկատուները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տիգրիսն ալ, Եփրատի նման, Միջին Արեւելքի մեծ գետերէն է։ Անոր երկարութիւնը՝ մինչեւ Եփրատին հետ միացումին, 1900 քմ․ է։ Ան ալ կազմուած է իր երկու ճիւղերուն միացումով՝ Արեւմտեան Տիգրիս եւ Արեւելեան Տիգրիս։

Արեւմտեան Տիգրիսը (կամ՝ Արղանա) Ծովք լիճէն եւ Տաւրոսեան լեռներէն բխող վտակներու միացումէն ծնունդ կ՛առնէ։ Անոր կարեւոր հարկատուներն են՝ Ամբար, Քաղիրդ (Պաթման)՝ Սասուն գետ, Արզան։ Հոսելով դէպի հարաւ եւ ապա արեւելք՝ կը հանդիպի ու կը միանայ Արեւելեան Տիգրիսին։

Արեւելեան Տիգրիսը (թրք․՝ Պոթան գետ) Հայկական Տաւրոս եւ Կորդուաց լեռներէն բխող վտակներու միացումն է։ Կը հոսի դէպի արեւմուտք եւ Սղերդ քաղաքին հարաւ-արեւմուտքը հասնելով կը միանայ Արեւմտեան Տիգրիսին։ Արեւելեան Տիգրիսին հարկատուներն են Մոկս, Խիզան, Բաղէշ (թրք․՝ Bitlis Çayı ) Խարզան։ Իսկ Արեւմտեան Տիգրիսին միանալէ ետք Տիգրիս գետի վտակներն են Խապուր, Մեծ Զաբ, Բարազգիր եւայլն։

Ճորոխ գետ եւ իր հարկատուները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճորոխ գետը ջրառատ եւ արագահոս գետ է։ Կը բխի Ճորոխի լեռնաշղթայի Չորմայրի գագաթէն (Կարինէն 50 քմ․ հիւսիս)։ Լեռները ճեղքելով եւ 345 քմ․ հոսելէ ետք, Սեւ Ծով կը թափի։ Անոր կարեւոր հարկատուներն են՝ Օլթի, Թորթում, Բերտա եւ Աջարա։

Ալիս Գետը

Ալիս գետը ծնունդ կ'առնէ Փոքր Ասիա, Հայկական Բարձրաւանդակին հիւսիս արեւմտեան մասի Անդիպոնտական լեռներու արեւմտեան հատուածներէն։ Կը հոսի երկու ուղղութեամբ։ Գետը՝ երկու ճիւղերը միանալէ ետք, Սեւ Ծով կը թափի։ Երկայնքը 1182 քմ․ է։

Կուր գետ եւ իր հարկատուները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կուր գետը Անդրկովկասի մեծագոյն գետն է՝ 1500 քմ․ երկարութիւն ունի։ Սկիզբ կ՛առնէ Հայկական լեռնաշխարհի Փոքր Կովկասի հարաւ-հիւսիսային հրաբխային բարձրաւանդակէն՝ Մեծ Հայքի Տայք նահանգի Արծիան (Արսիան) եւ անոր շարունակութիւնը կազմող Մեծրանց (այժմ Սողանլուղ) լեռներէն։ Հայկական Բարձրաւանդակին կը պատկանի անոր վերին հոսանքը։ Կ՛ոռոգէ Արտահանի դաշտը։ Արաքս գետին հետ միանալով, կը թափի Կասպից Ծով։ Անոր գլխաւոր հարկատուներն են՝ Խրամ (որուն գլխաւոր հարկատուն Հ․Հ․ մէջ հոսող Դեբետ (Ձորագետ) գետն է), Հ․Հ․ մէջ հոսող Աղստեւ եւ Արցախի Հանրապետութեան Թարթառ գետերը։

Ստորերկրեայ գետեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի տարածքին կան 8000-է աւելի աղբիւրներ։ Հ․Հ․ հարուստ է ստորերկրեայ աղբիւրներով, որոնք ընդհանրապէս մեծ գետերուն՝ Ախուրեան, Մեծամօր, Աշոցք, Գաւառագետ, Մասրիկ, Գորիս եւ Ազատ, վտակներն են։ Ստորերկրեայ աղբիւրներուն 96% կ՛օգտագործուի խմելու համար, այդ պատճառով բնապահպանման խնդիր է անոնց ջուրերուն մաքրութեան պահպանումը։ Անոնց կարեւոր մասը նաեւ հանքային է՝ հարուստ քիմիական տարբեր բաղադրութիւններով, ինչպէս օրինակ՝ «Արարատ», «Արզնի», «Բջնի», «Դիլիջան», «Լիճք», «Լոռի», «Հանքաւան», «Ջերմուկ», «Սեւան» եւ ուրիշ հանքային ջուրեր։

Թորթումի ջրվէժ (Էրզրումի շրջան), Մենչունայի՝ Արդուին, Գուագուայ՝ Արածանիի աւազան (Տարօն), Գռլաւուկի՝ Սեբաստիայի նահանգ, Գոչանի՝ Ակն, Խարերդի նահանգ, Քասախի՝ Արագածոտն, Գեղարօտի՝ Արագածոտն, Թռչկանի՝ Լոռիի եւ Շիրակի սահման, Աղուանի՝ Մեղրագետի ձախ վտակին վրայ (Սիւնիք), Շաքիի՝ Սիւնիք, Շըռռանի՝ Գորիս գետի աւազանին վրայ (Քարահունջ, Սիւնիք), Ջերմուկի՝ (Արփա գետի աւազան, Վայոց Ձոր), Հերհերի՝ (Հերհեր, Վայոց Ձոր)։

Գետերու, ջրվէժներու պատկերասրահ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի լիճերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստան հարուստ է մեծ ու փոքր լիճերով, որոնց մեծ մասը հրաբուխի խառնարաններ են։

Պատմական Հայաստանի լիճերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուրմիոյ լիճ (Կապուտան ծով)․ ան ամբողջութեամբ Հայաստանի չէ պատկանած։ Ընդարձակ է, սակայն ոչ խորունկ։ Անոր ջուրը չափազանց աղի է։ Ընդհանուր մակերեսը՝ 5800 ք․ քմ․ է։

Վանայ լիճ, պատմութեան ընթացքին կոչուած է նաեւ՝ Նայիրի երկրի ծով, Բզնունեանց ծով, Տոսպայ լիճ եւ Ռշտունեանց ծով․ մակերեսը 3760 ք․ քմ․ է։ Նաւարկելի լիճ է եւ հին տարիներէն նաւարկութեամբ իրարու կը կապէ լճափնեայ գիւղերն ու քաղաքները։ Լիճին մէջ կան չորս կղզիներ՝ Աղթամար, Լիմ, Կտուց եւ Առտեր։

Գլխաւոր փոքր լիճեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղայի՝ Խարբերդի շրջան, Անհատակ՝ Տերսիմի (Քարաժայռ) շրջան, Արղնոյ ծովակ՝ Տիգրիս գետի հիւսիսը, Արճակ՝ Վասպուրական (Վանի արեւելքը եւ ծովու մակերեսէն 1890 մ․ բարձր), Բակօ՝ Ճորոխի աջ կողմը, Տիբսիզ Գիօլ՝ Պայազիտի շրջան, Դուռնագիօլ՝ Կարսի սարահարթ, Եղիգի՝ Տուրուբերան, Զինակեր՝ Ճորոխի աւազան, Ծովակ կամ Չըլտըր՝ Արտահանի շրջան, Ծովք կամ Խարբերդի ծով, Օրդակ՝ Արտահանի շրջան, Թոնրակ՝ Վասպուրական, Թոդորակ՝ Սեբաստիա, Էրհաջի՝ Սուրմալու, Էգրիդիր` Հայկական Տաւրոսին արեւմուտքը։

Սեւանայ լիճը տիեզերքէն

Հայաստանի Հանրապետութեան լիճերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հ․Հ․ լիճերուն եւ լճակներուն մեծամասնութիւնը բարձրադիր են եւ արձանագրուած՝ Հայաստանի Բնապահպանման Յուշարձաններու ցանկին մէջ։

Սեւանայ կամ Գեղամայ լիճ․ կը գտնուի Հ․Հ․ Գեղարքունիքի մարզին մէջ։ Աշխարհի ամենաբարձր մեծ լիճերէն է․ ծովուն մակերեսէն բարձրութիւնն է՝ 1900 մ․։ Լիճին մակերեսի տարածութիւնն է՝ 1260 ք․ քմ․։

Արագածոտնի մարզ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամբերդ, Ամբերդալիճ, Լեսինգ, Կուրաղբիւր, Միրաք, Ումրոյ, Քարի լիճ։

Կապոյտ, Կարմրակ, Պղտոր, Վիշապալիճ։

Ակնայ լիճ (Արմաւիր), Եղեգնուտ, Մեծամօր։

Գեղարքունիքի մարզ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Երեւանեան լիճ

Աբդուլհիսար, Աղի, Արմաղանի, Արտանիշ, Արփա, Գիլի (ջրաճահճային լիճ), Լայնաձոր։

Երեւանը ունի չորս արհեստական լիճեր՝ ջրամբարներ։

Երեւանեան, Վարդավառ, Երազանք եւ Քանաքերի։

Վարդավառի լիճ, Երեւան

Դսեղի Ծովեր (լիճ), Մթնալիճ։

Ակնալիճ (ջրամբար), Ապրէի, Բազմալիճք, Բարձրունի, Լուսնալիճ, Ղազի, Սագերու։

Անանուն, Արթիկ, Գիոլլի, Կեռլիճ, Շաքրոյ։

Ալ լիճ, Բերդալիճ, Գազանալիճ (կամ՝ Ղազանի), Գոգիլիճ, Զարդովգիօլ, Խոտ, Ծաղկար, Ծանծաղ, Կապի, Կապոյտ, Կապուտան (լճակ, Սիւնիքի մարզ), Կապտաչ, Հայկալիճ, Ճանուտ, Շնհեր, Ոսկելիճ, Պելելիկ, Սեւ, Սեւտիրոջ։

Ալագիոզ, Ալակն, Եղէգնալիճ, Հայելի, Մայրադուրք, Սրբալիճ։

Գոշ, Պարզ լիճ։

Լիճերու պատկերասրահ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ ժողովուրդը կազմաւորուած ու իր պատմական ուղին անցուցած է Հայկական լեռնաշխարհին մէջ։ Այդ հնագոյն մարդու նախնական բնակեցման այն տարածքներէն է, որ հարուստ է նախնադարի բոլոր հանգրուաններուն վերաբերող յուշարձաններով։

Քարէ դարը հնագէտները երեք ժամանակաշրջաններու բաժնած են՝ Հին Քարի Դար (Paleolithic, մինչեւ Ք․Ա․ 12-րդ հազարամեակ), Միջին Քարի Դար (Mesolithic, Ք․Ա․ 12-րդ հազարամեակին մինչեւ Ք․Ա․ 7-րդ հազարամեակին կէսերը) եւ Նոր Քարի Դար (Neolithic Ք․Ա․.7-րդ հազարամեակի կէսերէն մինչեւ 5-րդ հազարամեակի կէսեր), որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը բաժնուի առանձին շրջաններու։

Նախնադարեան հասարակութեան ներկայութիւնը Հայաստանի տարածքին սկսած է մօտ 2 միլիոն տարի առաջ եւ աւարտած է մօտ 100.000 տարի առաջ։ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ այս ժամանակաշրջանէն յայտնաբերուած են քանի մը բացօթեայ հնավայրեր, կայաններ եւ քարայրային տիպի յուշարձաններ։ Անոնցմէ յայտնի է Գուգարքի մէջ յայտնաբերուած Հին Քարէ Դարու կայանը, որու տարիքը մօտ 1,8 միլիոն տարի է․ հարաւարեւմտեան Ասիոյ մարդու մինչեւ այժմ յայտնի հնագոյն կայանն է։ Հնագոյն ժամանակներու մասին հարուստ տեղեկութիւններ կը պարունակեն նաեւ Ազոխի քարայրը Արցախի մէջ, Արտին լերան շրջակայքը եւ քանի մը յուշարձաններ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ Միջին Հին Քարէ Դարու ժամանակաշրջանը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ աւարտած է մեզմէ մօտաւորապէս 40 հազար տարի առաջ։ Վերին Հին Քարէ Դարը կ՚ընդգրկէ Ք․Ա․ մօտ 40,000-14,000 թուականներու միջեւ ժամանակաշրջանը։ Հայաստանի տարածքին յայտնի են վերին Հին Քարէ Դարէն շուրջ 60 յուշարձան։ Անոնց հիմնական մասը կը գտնուի լեռնաշխարհի հիւսիս-արեւելեան, հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան մասերուն մէջ՝ Եփրատի աւազանին, Կորդուաց աշխարհին, Տիգրիսի աւազանին մէջ եւ այլուր։

Միջին Քարի Դարաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջին Քարի Դարուն յուշարձաններու թիւը լեռնաշխարհի սահմաններուն մէջ թերեւս չ'անցնիր 35-ը: Անոնք կը ներառնեն բացօթեայ կայաններ ու հնավայրեր եւ նաեւ՝ քարայր կացարաններ ու ժայռածածկեր։ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին այսպիսի յուշարձաններ կան Ապարանի սարահարթին մէջ։

Նոր Քարի Դարաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Զօրաց Քարեր - Քարահունջ

Նոր Քարի Դարուն ընթացքին՝ Ք․Ա․ 8-րդ հազարամեակի վերջերը, արդէն գոյութիւն ունէին կազմաւորուած երկրագործական հասարակութիւններ։ 1990-ականներու առաջին կիսուն Սասնոյ գետի արեւմտեան ափին կատարուած պեղումներուն տուեալները կը փաստեն, թէ այդտեղ կայուն բնակատեղիներ հիմնող առաջին համայնքները հանդէս կու գան արդէն Ք․Ա․ 10-րդ հազարամեակէն։ Ուսումնասիրութիւններէն ակնյայտ կը դառնայ թէ Հայկական Տաւրոսէն դէպի հիւսիս ինկած շրջաններուն մէջ Նոր Քարէ Դարու մշակոյթը տեղական արմատներ ունի։ Եդեսիոյ մօտ գտնուող Պորտաբլուր հնավայրի արեւելեան հատուածի վաղ շերտերուն մէջ բացուած է 1000 քառ. մեթր տարածք ունեցող հրապարակ մը, որու մօտերը պեղուած են այսպէս կոչուած «սալէ կոթողներու տունը» եւ «գանգերու տունը»: Այս ընկերութեան կեանքին մէջ կարեւոր տեղ ունին հաւատալիքներն ու ծէսերը, որոնք գլխաւորաբար կապուած էին նախնիներու պաշտամունքի եւ ցուլի պաշտամունքի հետ։ Պորտաբլուրին մէջ բացայայտուած են Երկիր մոլորակի վրայ մինչ օրս յայտնի ամենահին տաճարները։ Այդտեղ յայտնաբերուած են մօտ 700 քարէ արձանիկներ։

Մետաղի Դարաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․ 5-րդ հազարամեակի կէսերուն եւ 4-րդ հազարամեակի ընթացքին Հայկական լեռնաշխարհի ցեղերը թեւակոխած են Պղինձի Քարի Դար (էնեոլիթ), որուն կը յաջորդէ Մետաղի Դարը (Ք․Ա․ 3-րդ եւ 2-րդ հազարամեակներ)։ Հայկական Բարձրաւանդակը բնակող հասարակութիւնը կը ներկայանայ զարգացման նոյն մակարդակով եւ համասեռ մշակոյթով, որ շուրջ հազար տարի կը պահպանէ մշակութային միասնութիւնը։ Կը տարածուի Կուր-Արաքսեան մշակոյթը. յայտնի է Շենգաւիթեան մշակութային համալիրը Երեւանի հարաւարեւմտեան մասին մէջ։ Ք․Ա․ 3-րդ հազարամեակի վերջերուն երկու հարիւրամեակներու մէջ կ՚արմատաւորուին, այսպէս կոչուած, Թռեխք-Վանաձորեան մշակութային համալիրները։ Անոնք ներկայացուած են բացառապէս դամբարաններով, իսկ մեծաքանակ բնակատեղիներ չեն փաստագրուած։ Լեռնաշխարհի հարաւ-արեւմտեան շրջաններուն մէջ Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակի սկիզբէն հանդէս կու գայ տեղական Ծոփք-Մալաթիայի միջին Մետաղի Դարուն մշակոյթը:

Արենի քարանձաւ

Հայկական վաղեմի պետականութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․ 3-րդ հազարամեակին հայկական բարձրաւանդակին վրայ Արմէն եւ Հայասա ցեղերու միութեամբ կ՛առաջանայ Արատտա-Արարատի աստուածապետութիւնը, որ հետագային կը կոչուի՝ Արմանում․ յիշատակուած է իբրեւ «սուրբ ծէսերու կամ օրէնքներու երկիր» սումերական «Էնմերքարը եւ Արատտայի տէրը» դիւցազնավէպին մէջ։

Այս ժամանակաշրջանին օտարներու յարձակումներէն պաշտպանուելու համար, կը ստեղծուին տոհմացեղային (նախարարական) զինուած ուժեր։ Աս կը վկայեն հնավայրերէն եւ հնագիտական պեղումներէն յայտնաբերուած դամբարանները՝ Արարատեան դաշտ (Վերին Նաւեր), Արցախ, Գուգառք (Լոռէ բերդ), Թռեղք եւ Սեւանայ լիճ (Լճաշէն), Վանայ լիճի աւազան, Բարձր Հայք, Աղձնիք եւ Ծոփք, ուր գտնուած իրերը «կը պատմեն» հայ թագաւորներուն եւ զօրավարներուն կենցաղին մասին։ Ինչպէս նաեւ, օտար թագաւորներու կամ կառավարիչներու արձանագրութիւնները, ուր վերջիները կը գրեն հայկական ուժերուն դէմ անոնց տարած յաղթանակներուն մասին։

Երկաթէ դարաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ուջան․ կայան-կացարան

Հայաստանի մէջ Երկաթէ դարը կը սկսի Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակին։ Հայկական լեռնաշխարհը՝ Սիւնիք, Մուշ, Խնուս եւայլն, շնորհիւ իր հարուստ երկաթի պաշարներուն Միջին արեւելքի գլխաւոր մատակարարը կը դառնայ եւ գերիշխող դիրք կ՛ունենայ։ Հայոց ազգային միատարրութիւնը եւ նոյնանման մշակոյթը կը փաստեն գտնուած հնագիտական իրեր (զէնքեր, աշխատանքի գործիքներ, խեցեղէն, մետաղէ իրեր եւ զարդեր) Մեծամօր, Հին Շիրակաւան, Վերին Նաւեր, Ուջան, Լճաշէն, Քարաշամբ, Առաջաձոր, Վանաձոր, Թռեղք, Լոռի Բերդ, Արթիկ, Հառիճ, Հոռոմ, Բարձր Հայք, Արածանիի հովիտ, Բալահովիտ եւ ուրիշ շրջաններուն մէջ։

Հայկական լեռնաշխարհը բնիկներէն հայ կ՛անուանուի, իսկ Խաթթերը (կամ Խեթերը) կ՛աւելցնեն ասա ածանցը՝ (հայ+ասա) Հայասա․ այսինքն՝ հայերու երկիր, Հայք։

Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակին ընթացքին, կը զօրանայ Սումերներուն պետութիւնը՝ Միջագետքի առաջինը, Աքքատի թագաւորի ատեն։ Անոր յաջորդին Նարամ Սինի ձգած արձանագրութիւններուն մէջ յստակօրէն կը յիշուի Արմանում՝ Արմանի հայերու երկիրը, որ ան յարձակած ու նուաճած է։

Հայասա-Ազզի պետութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․16-րդ դարավերջէն մինչեւ Ք․Ա․ 13-րդ դարուն առաջին կէսի ժամանակաշրջանին մէջ յստակ կ՚ընդգծուի վերոյիշեալ մշակոյթներու խաչասերման եւ «ժողովրդագրական պայթումի» հետ զուգորդուող Լճաշէն-Մեծամօրեան մշակոյթի ծաւալման համապատկերը։ Այդ ժամանակաշրջանէն գտնուած հնագիտական իրերէն յատկանշական են ծիսական անօթները, սպիտակ եւ կարմիր գոյներով յարդարուած խեցեղէնը, պրոնզագոյն դաշոյնները, նետասլաքները, մեծաքանակ ուլունքները, աշխատանքի գործիքներ եւ այլ նիւթեր։

Հայասա եւ Ազզի հայկական երկու պետութիւնները իրարու կը միանան եւ Հայասա-Ազզի պետութիւնը (Հայկական բարձրաւանդակին կեդրոնը) կը հիմնուի, Ք․Ա․ 18-րդ մինչեւ Ք․Ա․ 13-րդ դար։ Այս պետութիւնը յաճախակի կռիւներ կը մղէ դրացի Խաթթի պետութեան հետ։ Պետութեան 500 տարուան պատմութեան ընթացքին կը շինուին բերդեր, պարիսպներ եւ ամրոցներ, որոնցմէ նշանաւոր են Ուրա եւ Անի-Կամախ բերդերը։ Կը զարգանան հողագործութիւնը, անասնապահութիւնն ու մետաղագործութիւնը։ Պետութիւնը կը տկարանայ երբ միակամութիւնը կը կորսնցնէ։

Պատմական ժամանակաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սալմանասար Գ․ քարակոթողը, որուն արձանագրութեան մէջ նշուած է Վանի թագաւորութեան առաջին մայրաքաղաք Արզաշկունը․ Բրիտանական Թանգարան

Հայկական առաջին պետութիւններու ձեւաւորում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․ 13-րդ դարուն ընթացքին, Ասորեստանը կը յարձակի Խաթթիի վրայ ու կը յաղթէ։ Ապա, կ՛արշաւէ տկարացած եւ բաժնուած Հայասա-Ազզի պետութեան դէմ․ երեք յարձակումներէ ետք կը յաջողի հայկական բարձրաւանդակը իրեն ենթարկել։ Ասորեստանցիներուն արձանագրութիւններուն մէջ Հայկական Բարձրաւանդակը Նայիրի կը կոչուի։ Ասորեստանցիները Նայիրին կը կողոպտեն, հազարաւոր հայեր Ասորեստան գերի կը տարուին։

Հայկական Բարձրաւանդակը կը կառավարուի հայ ցեղապետերէ մինչեւ Ք․Ա․ 9-րդ դարուն, երբ կը զօրանայ Արամէ թագաւորին պետութիւնը՝ Վանայ լիճին հիւսիս արեւելեան ափին։ Մայրաքաղաքն է Արճէշ (Արզաշկու) քաղաքը (Ք․Ա․ 860-845)։

Արամէին մահէն ետք, քաղաքական զարգացումները կ՛առաջացնեն հայկական իշխանութիւններու՝ Այրարատեան, Գուգարք, Աղձնիք եւ Սասուն (Արմէ), միաւորումը Վանի Բիայինիլի (Վանայ լիճի աւազանի շրջան․ Վասպուրականի Արծրունիներու նախնիկներուն տոհմ) իշխանութեան հովանին տակ՝ Վան-Տոսպ (Տուշպա) մայրաքաղաքով։ Հայոց Արարատեան թագաւորութիւնը ասորական սեպագիր արտասանութեամբ Ուրարտու կը կոչուի։

Մհերի Դուռին արձանագրութեան մէջ կը նշուի Արծուինի (Արծունիունի) քաղաքի (Աղբակ գաւառ) անունը, իսկ Արծիբիդինի (Արծիւ) եւ Ձիուկունի (Ձուկ) աստուածութիւնները՝ որ կը մարմնաւորեն երկնային եւ ջրային ուժերը, կը խորհրդանշեն հին հայկական Արծրունեաց տոհմի բնապաշտութիւնը։

Մհերի Դուռը

1823 ֆրանսացի պատմաբան Անթուան Ժան Սէն Մարթէն դիպուածով մը Մովսէս Խորենացիին Հայոց Պատմութեան մէջ կը կարդայ Արա Գեղեցիկի եւ Շամիրամի մասին։ Կ՛ուզէ իմանալ թէ ո՞ր երկրին թագաւորն է Արա Գեղեցիկը։ Իր միջամտումով, ֆրանսական կառավարութիւնը Հայկական Բարձրաւանդակ կը ղրկէ գերմանացի հնագէտ՝ Ֆրէտէրիք Շուլցը։ Վերջինս Վանի հայերուն օգնութեամբ առաջինը կ՛ըլլայ որ կը գտնէ Մհերի Դուռը։

Յաջորդող տասնամեակներուն զանազան հնագէտներ պեղումներ կը կատարեն (անգլիացի՝ Հէնրի Լայարտ, իտալացի՝ Փօլ Պոթան, ամերիկացի Տէյվիտ Ռէյնոլտզ եւ ասորի Հորմուզ Ռասսամ)։ Անոնք սեպագիր արձանագրութիւններ եւ հնագիտական իրեր կը գտնեն ու կը յայտնաբերեն Արարատեան Թագաւորութեան պատմութիւնը։

Վանի կամ Արարատեան թագաւորութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնական յօդուած Վանի Թագաւորութիւն

Ուրարտու․ Ք․Ա․ 743-700

Պատմական Հայաստանի տարածքին առաջացած հնագոյն պետութիւնը Վանի թագաւորութիւնն է (Ուրարտու)՝ Վան (Տուշպա․ հետագային՝ Տոսպ) մայրաքաղաքով (Ք․Ա․ 9-րդ մինչեւ 6-րդ դարեր)։ Հզօրութեան գագաթնակէտին հասած է Մենուա (Ք․Ա․ 810-786), Արգիշտի Ա. (Ք․Ա․ 786–764) եւ Սարդուրի Բ. (Ք․Ա․ 764–735) արքաներու օրով, որոնք Հայկական լեռնաշխարհի տարածքի սահմաններէն դուրս կ՛ելլեն եւ կը հասնին մինչեւ Արեւմտեան Պարսկաստանը, հարաւային Միջագետքը եւ Միջերկրական ծովի ափամերձ տարածքները։ Արարատեան դաշտի տարածքին կառուցուած են Թէյշեբայինի, Արգիշտիխինիլի եւ Էրեբունի քաղաք-ամրոցները. վերջինիս անունին հետ կապուած է Հայաստանի ներկայիս մայրաքաղաք Երեւանի անունը։

Վանի թագաւորութենէն մեզ հասած են բազմաթիւ քարէ արձանագրութիւններ, բերդերու ու տաճարներու մնացորդներ, որոնք կը վկայեն պետութեան հարուստ մշակոյթի ու զարգացած պետական համակարգի մասին։ Ք․Ա. 8-րդ դարու կէսերէն հիմնուած Վանի թագաւորութիւնը կը սկսի տկարանալ եւ անկում կ՚ապրի Ասորեստանի եւ Հիւսիսային Կովկասի ցեղերու՝ սկիւթներու ու կիմմերներու դէմ մղած պատերազմներու հետեւանքով։ Ուրարտուի վերջին թագաւոր Ռուսա Դ․ իշխած է Ք․Ա․ 609–590 (կամ 585) թուականներուն, որմէ ետք Վանի թագաւորութիւնը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։ Հայերը կը շարունակեն բնակիլ ու աճիլ Վանի թագաւորութեան տարածքին։ Արարատեան թագաւորթութեան տարիներ ետք կը յաջորդէ հայկական Երուանդունեաց թագաւորութիւնը։

Երուանդունիներու թագաւորութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնական յօդուած Երուանդունիներ

Արարատեան թագաւորութեան (կամ Ուրարտու) անկումէն ետք, հայերը յաջորդաբար կ՛ենթարկուին մարերուն եւ պարսիկներուն։

Ք․Ա․ 570-ականներուն Միջին Արեւելքիի քաղաքական բեմին վրայ կը յայտնուին Երուանդունիները։ Հայաստանի պետական սահմանները կը համընկնին ճիշդ Արարատեան իշխանութեան եւ հայ ժողովուրդի ազգային միաւորման սահմաններուն։ Ասոր մասին կը վկայեն յոյն պատմիչ Իրոտոթոսի (կամ Հերոտոդոսի), ասորի ճանապարհորդ Մար Ապաս Կատինայի եւ ուրիշ շատերուն աշխատութիւնները։ Երուանդ Ա. Հայկազեանի որդին՝ Տիգրան Ա․ (Ք․Ա․ մօտաւորապէս 560–535), պարսից Աքեմէնեան արքայ Կիւրոս Բ. Մեծի հետ Ք․Ա․ 550-ին կը մասնակցի Մարաստանի, իսկ 538-537-ին Բաբելոնի թագաւորութիւններուն դէմ արշաւանքներուն։ Հայկազեան-Երուանդունիները շարունակաբար կը թագաւորեն մինչեւ Ք․Ա․ 3-րդ դարավերջը։

Երուանդեան շրջանի դրամ

Աղեքսանտր Մակետոնացիի արշաւանքներէն եւ Ք․Ա․ 331 Աքեմէնեան տիրակալութեան անկումէն ետք, Հայաստանի մէջ Երուանդ Գ․ ինքզինք անկախ թագաւոր (Ք․Ա․ 331-300) կը հռչակէ։ Անոր աջակցութեամբ Ք․Ա․ 331 Փոքր Հայքի թագաւոր կը հռչակուի զօրավար եւ թերեւս անոր ազգական Միթրաուստեսը (Միհրուայիշտ), ինչպէս նաեւ իրենց անկախութիւնը կը պահպանեն փոքր ասիական քանի մը պետութիւններ՝ Փոքր Հայքի, Պոնտոսի եւ Կապադովկիոյ թագաւորութիւնները։

Ք․Ա․ 3-րդ դարու ընթացքին Ծոփքի եւ Կոմմագենէի թագաւորութիւնները, ուր նոյնպէս կ՚իշխէին Երուանդունիները, Մեծ Հայքէն կ՚անջատուին։ Անոնք կ՛ունենան սեփական դրամ, կը կառուցեն քաղաքներ ու բերդեր։ Հայաստանը կը կորսնցնէ միասնականութիւնը եւ կը վտանգուի իր անկախութիւնը։ Սահմանամերձ քանի մը շրջաններ կ՚անցնին դրացի պետութիւններուն ազդեցութեան եւ գերիշխանութեան տակ։

Երուանդունիները Ախուրեանի եւ Երասխի (Արաքս) գետերու միացման մօտ կը հիմնեն Երուանդաշատ նոր մայրաքաղաքը, իսկ հին մայրաքաղաքը՝ Արմաւիրը (Արգիշտիխինիլի) կը դառնայ հայկական կրօնի եւ պաշտամունքի կեդրոն։

Մեծն Աղեքսանտրի մահէն ետք անոր կայսրութիւնը կը բաժնուի քանի մը մասերու եւ անոր զօրավարներէն Սելեւկոս ստանալով մեծ բաժինը, Միջին Արեւելքի մէջ հիմը կը դնէ Սելեւկեան Կայսրութեան, որուն մայրաքաղաք կը հռչակէ Անտիոք քաղաքը։ Երուանդունիները կը պայքարին անոր բանակներուն դէմ պաշտպանելու համար Մեծ Հայքի թագաւորութեան անկախութիւնը։

Արտաշատի հնագիտական վայր․ հանրային բաղնիքներ

Ք․Ա․ 200-ին սելեւկեան բանակին երկու հայ զօրավարներ՝ Արտաշէս եւ Զարեհ, պարտութեան կը մատնեն Երուանդունիները, Հայաստանը Սելեւկեան Կայսրութեան ենթակայ կը դարձնեն, կը տապալեն Երուանդ Դ. եւ յաջորդաբար կ՛իշխեն, Արտաշէսը՝ Մեծ Հայքի եւ Զարեհը՝ Ծոփքի մէջ։

Արտաշէսեան թագաւորութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս Արտաշէս Ա․ եւ Մեծն Տիգրան

Ք․Ա․ 190-ին Սելեւկեան կայսրութեան թագաւոր Անտիոքոս Գ. Մեծի բանակը հռոմէացիներուն կողմէ կը ջախջախուի Մագնեսիոյ ճակատամարտին։ Առիթէն օգտուելով Արտաշէսը Մեծ Հայքի մէջ, իսկ Զարեհը Ծոփքի մէջ իրենք զիրենք անկախ թագաւորներ կը յայտարարեն։

Արտաշէս Ա․ (Ք․Ա․ 189-160) կ՛իրականացնէ բազմաթիւ բարեփոխումներ, որոնք կը նպաստեն պետութեան տնտեսութեան զարգացման։ Ռազմական բարեփոխումներուն շնորհիւ, ան կ՛ընդարձակէ երկրի սահմանները եւ կը միաւորէ երկրէն անջատուած սահմանամերձ գաւառները։ Արարատեան դաշտի Խոր վիրապ կոչուող վայրին մէջ կը հիմնէ Արտաշատ մայրաքաղաքը, որ ժամանակակիցներու կողմէ երբեմն կ՚անուանուէր «Հայկական Կարթագէն», քանի որ քաղաքի կառուցման վայրը ընտրած էր Հանիպալը*, իսկ յոյն պատմիչ Փլութարխոս Արտաշատը կը նկարագրէ իբրեւ՝ «շատ գեղեցիկ քաղաք»։

Արտաշէսեան հարստութեան դրօշակը
  • Հանիպալ․ Կարթագենի զօրավար, քաղաքագէտ եւ ռազմագէտ։ Հռոմէացիները զայն կ՛աքսորեն եւ ան ապաստան կը գտնէ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ, նաեւ՝ Հայաստան։

Արտաշէս իր հաստատած սահմանաքարերու արձանագրութիւններուն զինք կ՛անուանէ․- «Արտաշէս, Երուանդեան թագաւոր, Բարի, Զարեհի որդի»։

«Ծովէ ծով Հայաստան» Տիգրան Մեծի հիմնած հայկական կայսրութիւնը

Հայաստանը Արտաշէսեաններու (կամ Արտաշիսեաններու) ժամանակաշրջանին հզօրութեան գագաթնակէտին կը հասնի Արտաշէս Ա․ թոռան՝ Տիգրան Մեծի օրերուն (Ք․Ա․. 95-55)։ Ան կը գրաւէ Ծոփքը եւ կ՛ազատագրէ պարթեւներու տիրապետութեան տակ գտնուող հայկական հողերը, իսկ Ք․Ա․ 83-ին՝ Սելեւկեաններու պետութեան մայրաքաղաք Անտիոքը, որ ունէր աւելի քան կէս միլիոն բնակչութիւն։ Տիգրան Մեծի թագաւորութեան շրջանին կազմուած հայկական կայսրութիւնը աւանդաբար անուանուած է «Ծովէ ծով Հայաստան»: Ի նշան հզօրութեան եւ աշխարհակալ պետութեան՝ Ք․Ա․ 80 Հայկական Տաւրոսի շրջանը Տիգրան Մեծ կը հիմնէ նոր մայրաքաղաք՝ Տիգրանակերտը, որ կը շրջապատէ բարձր բերդապարիսպներով։ Տիգրանակերտն ու Արտաշատը իրարու հետ կապուած էին «Արքունի ճանապարհ»ով։ Ք․Ա․ 69 մայրաքաղաքը կը գրաւէ հռոմէացի Լուկուլլոս զօրավարը հայ-հռոմէական պատերազմի ընթացքին (Ք․Ա 69-66)։ Ք․Ա․ 66-ին Հայաստանը հաշտութեան ծանր պայմանագիր կը կնքէ․ Տիգրան Մեծ կը հրաժարի իր նուաճած հողերէն եւ կը պարտաւորուի տարեկան 600 տաղանդ (յուն․՝ τάλαντο, դալանտօ) ռազմատուգանք վճարել եւ հարկ եղած պարագային Հռոմէական կայսրութեան օգնել զօրքով։

Տիգրան Մեծի որդիի՝ Արտաւազդ Բ., օրերուն (Ք․Ա․ 55-34) Հայաստանը կը դառնայ հռոմա-պարթեւական պատերազմի թատերաբեմ։ Մարկոս Կրասսոսի եւ Մարքոս Անտոնիոսի արշաւանքներու հետեւանքով Հայաստան կը կորսնցէն իր հզօրութիւնը։ 1 թուականին Արտաշէսեան հարստութիւնը վերջ կը գտնէ[7]:

Արշակունիներու թագաւորութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս Արշակունիներ

Արշակունիներու զինանշան

Արտաշէսեան թագաւորութեան անկումէն ետք մինչեւ 52 թուական, Արտաշատի մէջ գահ կը բարձրանան Հռոմի եւ Պարթեւստանի արքայատոհմերու ներկայացուցիչներ։

59-ին հռոմէական զօրքերը Հայաստան կը ներխուժեն եւ յաջորդաբար Արտաշատն ու Տիգրանակերտը կը գրաւեն ու կ՛աւերեն: 62-ին Հռանդէայի (Արածանիի հովիտին մօտ) մէջ հայ-պարթեւական զօրքերը հռոմէացիներուն կը հակահարուածեն․ 63-ին Հռոմի կայսրը՝ Ներոն, կը ճանչնայ Տրդատի գահակալութիւնը։

Մեսրոպ Մաշտոց. Հայ գիրերու գիւտը, ըստ իտալացի նկարիչ Ֆրանչեսկօ Մաջոտտոյի

66-ին Տրդատը թագը Հռոմէն ստացած Հայաստան կը վերադառնայ իբրեւ հայոց թագաւոր եւ հիմը կը դնէ Արշակունիներու հարստութեան (66–428)։

Հայաստանը կը շարունակէ ունենալ համեմատաբար խաղաղ վիճակ մը։ Արտաշատէն ոչ հեռու կը հիմնադրուի նոր մայրաքաղաք Վաղարշապատը։ 3-րդ դարասկիզբին Պարսկաստանի մէջ սկսած պարթեւ Արշակունիներուն եւ պարսիկ Սասանեան տոհմերու միջեւ ընդհարումներէն յաղթական կ՛ելլեն Սասանեանները։ Սասանեանները քանիցս կը փորձեն գահընկեց ընել հայ Արշակունիներուն եւ Պարսկաստանին միացնել Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը։

4-րդ դարասկիզբին՝ 301-ին, հայոց արքայ Տրդատ Գ. Մեծը (287–330) քրիստոնէութիւնը կ՚ընդունի իբրեւ հայոց պետութեան պաշտօնական կրօն՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ։ Աւատատիրական կարգեր կը հաստատուին։ Տրդատի որդիի՝ Խոսրով Գ. Կոտակի օրերուն (331–338) կը կառուցուի Դուին մայրաքաղաքը:

Արշակ Բ. Արշակունիի օրերուն (350–368) Հռոմի եւ Պարսկաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կը սրուին, ինչպէս նաեւ հայոց թագաւորական ընտանիքին եւ հայ նախարարական տուներու միջեւ լարուածութիւնները։ Հռոմ-պարսկական պատերազմը կը վերջանայ հռոմէացիներուն պարտութեամբ։ Պարսիկներուն անյաջող փորձերը Մեծ Հայքը գրաւելու կը յանգին, երբ դաւադրաբար պարսից արքայ Շապուհ Բ. Երկարակեացը դաւադրութեամբ (309–379) հայոց թագաւորը կը բանտարկէ Անյուշ բերդ։ Արշակի որդին՝ Պապը, հռոմէացիներու օգնութեամբ գահ կը բարձրանայ։

387-ին Հայաստանը առաջին անգամ կը բաժնուի երկու մասի։ Հռոմէական (Արեւմտեան) Հայաստանի մէջ թագաւոր կը կարգուի Պապի որդի Արշակ Գ. (378–389), իսկ մնացեալ մասին՝ Խոսրով Դ. (384–389)։ Վերջինիս որդի՝ Վռամշապուհի (389–415) օրերուն, 405-ին, Մեսրոպ Մաշտոցը կը կազմէ հայերէն այբուբենը: 428-ին ներքին երկպառակութիւնները կ՛առաջացնեն հայոց պետականութեան կործանումը։

Հիմնական յօդուած՝ Բիւզանդական Հայաստան

428-ին, Հայաստանի արեւելեան մասը կը հռչակուի իբրեւ Պարսկաստանի առանձնայատուկ վարչատարածքային միաւոր՝ մարզպանութիւն։ Արեւմտեան Հայաստանի որոշ գաւառներ՝ Ծոփք, Աղձնիք, Բարձր Հայքի նահանգներն ու Փոքր Հայքը եւ Մեծ Հայքի շրջաններ կը շարունակեն մնալ Հռոմէական (395-էն՝ Բիւզանդական) կայսրութեան տարածքին մէջ։ Հայաստան այս ժամանակաշրջանին կռուախնձոր կը դառնայ երկու ուժերուն միջեւ, որոնց պատերազմները կատարուելով հայկական հողերուն վրայ, կ՛աւերեն Հայաստանը։ Նոյն վիճակը կը շարունակուի հետագային ու Հայաստան թատերաբեմ կը դառնայ Բիւզանդիոնի եւ արաբներու (ապա սելճուքներու) միջեւ պատերազմներուն։

Մարզպանական Հայաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարզպանական Հայաստանի կարգավիճակը ինքնավար պետութիւն է։ Հայ նախարարները եւ բարձրադաս հոգեւորականները կը պահեն իրենց աւանդական իրաւունքներն ու իրաւասութիւնները, պաշտօնակալութիւնները, հայկական բանակը, հարկային համակարգը եւայլն։ Հայ նախարարներու քաղաքական միասնութիւնը կ՚արտայայտուի մէկ բանակով, որ կը գլխաւորէ հայոց սպարապետը, կառավարման միասնական համակարգով, ըստ անհրաժեշտութեան Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ գումարուող համազգային ժողովով։

Հայաստանի մէջ մարզպան նշանակուած են նաեւ ազգութեամբ հայ մեծատոհմիկ նախարարներ, որոնցմէ առաջինն է Վասակ Սիւնին (443–451)։ 440-ական թուականներուն պարսից արքունիքը մարզպանական Հայաստանի պետական ինքնավարութիւնը կը ջնջէ եւ զայն պարսկական նահանգի վերածելու քաղաքականութիւն կ՛որդեգրէ։

Կը յաջորդէ 447-ին տեղի ունեցած աշխարհագիրը (մարդահամար եւ եկամուտներու հաշուառում), մեհեաններու ու ատրուշաններու կառուցումը։ Պարսիկ շահ Յազկերտ Բ. 449-ին յատուկ հրովարտակով հայոց նախարարներէն կը պահանջէ ուրանալ քրիստոնէութիւնը եւ ընդունիլ զրադաշտականութիւնը․ հետեւանքը պիտի ըլլար հայերը հեռանան դրացի բիւզանդացիներէն։ Հայերը կը մերժեն եւ 450-ին կը սկսի Վարդանանց պատերազմը, որ կ՚աւարտի Աւարայրի ճակատամարտով (26 Մայիս 451

Բիւզանդական կայսրութիւնը 600 թուականին

Հայերը կը շարունակեն պայքարիլ իրենց ազատութիւնը պահպանելու համար (Վահանանց պատերազմ, 481-484, Կարմիր Վարդանի ապստամբութիւն, 571-572)։ Այս պայքարները կ՛աւարտին Հայաստանի երկրորդ բաժանումով (591)․ Հայկական Բարձրաւանդակին մեծ մասը կ՛իյնայ Բիւզանդական կայսրութեան իշխանութեան տակ:

Բիւզանդական Հայաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի բիւզանդական հատուածին մէջ եւս կայսրերը կը վարեն ձուլման քաղաքականութիւն։ Յուստինիանոս Ա. կայսրը (527–565), որ կը ձգտի վերականգնել նախկին Հռոմէական կայսրութեան հզօրութիւնը, իրեն կ՚ենթարկէ Հիւսիսային Ափրիկէն, Սպանիան ու Իտալիոյ որոշ գաւառներ։ Ան կը ջնջէ հօրմէ աւագ որդի ժառանգութեան իրաւունքը՝ հայ նախարարական տուներու հզօրութիւնը կը վերանայ եւ անոնք կը վերածուին հասարակ բերդատէրերու։ Մեծ Հայքին մէջ կը ներառնէ Պոնտոսի արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան շրջանները։ Հայ նախարարներուն կը ստիպեն մեկնիլ կայսրութեան սահմաններ՝ պայքարելու թշնամիներու դէմ։ Յիշարժան է Սմբատ Բագրատունիի ըմբոստութիւնը Մորիկ կայսրին դէմ․ բիւզանդացի կայսրը անոր նետել կու տայ Կոստանդնուպոլիսի կրկէսին որպէսզի գազանները զայն բզքտեն։ Սակայն անզէն հայ նախարարը յաջորդաբար կը յաղթէ ցուլին, առիւծին ու արջին։ Ան ազատ կ՛արձակուի։ Բիւզանդիոնի նպատակը՝ հայկական եկեղեցին բիւզանդական եկեղեցւոյ ենթարկել էր. չի յաջողիր։

Արմինիա կուսակալութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

7-րդ դարու 30-ականներուն Արաբական թերակղզիին մէջ տեղի ունեցած քաղաքական ու կրօնական տեղաշարժերու հետեւանքով, կ՛առաջանայ Արաբական խալիֆայութիւնը։ 640–650-ականներուն արաբները երեք անգամ Հայաստան կ՛արշաւեն եւ հայ նախարարները Թէոդորոս Ռշտունիի գլխաւորութեամբ կ՛որոշեն հաշտութեան պայմանագիր կնքել անոնց հետ։

652-ին հայերը Ասորիքի արաբ կառավարիչ Մուաուիայի հետ Դամասկոսի մէջ կը կնքեն հայ-արաբական պայմանագիրը՝ Հայաստանը կէս դար ժամանակաշրջանի համար ինքնիշխան կը դառնայ։

698-700 թուականներուն արաբներու հերթական արշաւանքներուն պատճառով, Հայաստանը ինքնավարութիւնը կը կորսնցնէ եւ Վրաստանի ու Աղուանքի հետ մաս կը կազմէ վարչաքաղաքական մէկ միաւորի՝ Արմինիա կուսակալութեան։ Երկիրը արաբ Ոստիկանը կը կառավարէ, որուն նստավայրը Դուին քաղաքն է։ Հայերուն կրօնական առաջնորդը՝ հայոց կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ քաղաքական առաջնորդ՝ հայոց իշխանը, կը պահպանեն իրենց դիրքերը։ Արաբ հարկահաւաքի պաշտօնի կողքին կար հայկական համարժէքը՝ իշխանաց իշխանը։ Հայոց այրուձիի հրամանատարութիւնը կը շարունակուի գտնուիլ հայոց սպարապետին ձեռքը։ Միաժամանակ, Վասպուրականի, Սիւնիքի եւ Վրաստանի մէջ 9-րդ դարէն կը նշանակուի գահերէց իշխանի պաշտօնը։ Ան կը վերադասէ մնացեալ բերդատէր նախարարներուն։

Արաբական տիրապետութիւնը երկպառակութիւն կը մտցնէ հայ իշխանական շարքերուն մէջ. Արշակունի թագաւորներու թագադիր ասպետները՝ Սպերի տէր Բագրատունիները կը կարողանան իրենց շուրջ համախմբել բազմաթիւ նախարարական տուներ, որոնք արաբական քաղաքականութեան կողքին կը միտին սեփական ուժերով պետութիւնը վերականգնել։ Անոնց կը հակառակին Տայքի տէրերը՝ հայոց սպարապետի պաշտօնի տէր Մամիկոնեանները, որոնք ունին բիւզանդական կողմնորոշում եւ կը փորձեն կայսրութեան զօրքերով դուրս վտարել արաբները Հայաստանէն եւ վերականգնել բիւզանդական գերիշխանութիւնը։

Դուինի Եկեղեցական ժողովներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս ժամանակաշրջանին Դուինի մէջ կը գումարուին եկեղեցական ժողովներ՝ 506, 554, 609-610, 645, 648, 719-720, որոնց նպատակն է պահպանել Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ անկախութիւնը։

Պաւղիկեան շարժում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պաւղիկեան շարժման տարածումը Եւրոպա եւ անոր զարգացումը

7-րդ դարուն կէսերուն, Բարձր Հայքի Մանանաղի գաւառին մէջ կը ծագի Պաւղիկեան ժողովրդային շարժումը՝ ընկերային-կրօնական բնոյթով (հաւասարութեան, ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարներ), ու կը տարածուի բիւզանդական եւ արաբական տիրապետութեան կարգ մը շրջաններու մէջ, ընդգրկելով յոյներ, ասորիներ եւ ուրիշ ազգերէ ալ ապստամբներ։ Բիւզանդական կայսրութեան մէջ, անոնք կը հալածուին եւ իրենց ղեկավարը կը սպաննուի։

700 թուականէն ետք, արաբներու կողմէ դրուած ծանր տուրքերը, մեծ թիւով իսլամ ցեղերու բնակեցումը հայ գիւղացիներուն պատկանող հողերուն վրայ, հայկական եկեղեցւոյ եւ հայ նախարարական տուներու տկարացումը (չեն կարողանար հայ ժողովուրդին, գիւղացիին շահերը պաշտպանել), անտանելի կը դարձնեն կացութիւնը։ Չդիմանալով, կարգ մը շրջաններու մէջ հայ գիւղացիներ կ՛ապստամբին հայկական եկեղեցուոյ, հայ նախարարներուն եւ արաբներուն դէմ․ կը կողոպտեն ու կ՛այրեն քանի մը բերդեր եւ վանքեր։

720-ի Դուինի ժողովի ընթացքին, Պաւղիկեանները օրէնքէ եւ կրօնքէ դուրս կը համարուին։ 725-ին, հայ նախարարներուն եւ եկեղեցուոյ բանակը կը յարձակի անոնց դէմ։ Պաւղիկեանները երկար ժամանակ դիմադրելէ ետք, կը պարտուին։ Անոնցմէ շատեր Բիւզանդիոն եւ ապա Եւրոպա կը փախչին։

Կ՛ենթադրուի թէ անոնց ղեկավարը Պաւղոս (Պօղոս) անունով գիւղացի մըն էր։

Թոնդրակեան շարժում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դար մը ետք, Թոնդրակ գիւղին մէջ ծնունդ կ՛առնէ նոյն գաղափարներով նոր ապստամբութիւն մը՝ Թոնդրակեան շարժումը, որ կը մերժէ հայ եկեղեցւոյ եւ հայ նախարարական վիճակը։ Հայ գիւղացիներու այս շարժումն ալ կը ճզմուի։

Պայքար Հայաստանի անկախութեան վերականգման համար
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

8-րդ դարուն հայերը քանի մը անգամ կ՛ապստամբին Արաբական խալիֆայութեան դէմ, սակայն ապարդիւն, որովհետեւ հայ նախարարական տուներուն միջեւ միակամութիւն չկայ։ Մէկ դարուան պայքարը կ՛աւարտի Բագրատունիներու յաղթանակով, որոնք կը գլխաւորեն հայոց պետականութեան վերականգնման պայքարը։

Սասունցի Դաւիթի արձանը Երեւանի մէջ

8-րդ դարու վերջէն Բագրատունիները կը հովանաւորեն երկրի բոլոր կարեւոր պաշտօնները, եւ գահերէց իշխան/ներ կը նշանակեն իրենց հաւատարիմ զինակիցները՝ Արծրունիներ, Սիւնիներ ու Վրաց Բագրատունիներ։ Աշոտ Մսակեր Բագրատունին կը դառնայ հայոց իշխան եւ իր իշխանութեան տարածքին կը միացնէ Մամիկոնեաններու հայրենիք Տարօնը եւ Տայքը, Կամսարական իշխաններուն տարածքները Շիրակ եւ Արագածոտն:

9-րդ դարու կիսուն՝ 850–855-ականներուն, հայերը արաբական տիրապետութեան դէմ անգամ մը եւս ապստամբութեան դրօշ կը բարձրացնեն։ 850-ին հայերը Հայաստանէն կը հեռացնեն ոստիկան Ապուսեթին, իսկ 851-ին արաբական բանակի գլուխը կ՚անցնի անոր որդի Եուսուֆը։ Հայոց մարզպան եւ իշխանաց իշխան Բագրատ Բագրատունիի որդիները՝ Աշոտն ու Դաւիթը, կը յաջողին հակահարուածել թշնամիին զօրքերը, իսկ Եուսուֆը կը սպաննուի։ Այս դէպքերը Սասունցի Դաւիթ դիւցազնավէպին հիմքը կը հանդիսանան։

853–855 թուականներուն պայքարը կը ղեկավարէ Բագրատի եղբօր՝ Սմբատ Խոստովանողի որդին Աշոտը: Ան կը պայքարի սելճուք-թուրք զօրաւոր բանակի դէմ եւ 855-ին յաղթանակով կ՚աւարտի ապստամբութիւնը[8]: Աշոտը 855-ին կը դառնայ հայոց իշխան, ապա նաեւ՝ սպարապետ ու իշխանաց իշխան։ Շատերու վկայութեամբ՝ Աշոտին կը պակսէր միայն թագաւորական թագը։ Անոր կը նպաստէ նաեւ 876-ին հայազգի Բարսեղ Ա. Մակետոնացի կայսեր գահակալումը եւ Հայկական (Մակետոնական) հարստութեան հիմնադրումը Բիւզանդիոյ մէջ։ 885-ին կաթողիկոս Գէորգ Գառնեցին Բագարան քաղաքին մէջ Աշոտին հայոց թագաւոր կ՛օծէ։ Թագ եւ թագաւորական զգեստներ կ՚ուղարկեն Պաղտատի խալիֆն ու Բիւզանդիոյ կայսրը. հայոց պետականութիւնը կը վերականգնուի Բագրատունիներու դրօշի հովանին տակ։

Բագրատունիներու թագաւորութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս բուն արձանագրութիւն՝ Բագրատունիներու թագաւորութիւնը

Բագրատունիներու դրօշակը

Բագրատունիներու թագաւորութեան սկզբնական շրջանին, Հայաստանին կը միացուին Արշակունեանց թագաւորութեան պատկանող տարածքները։ Սակայն, Արծրունիներուն եւ Բագրատունիներուն միջեւ ընդհարումներուն պատճառաւ, արաբները հայկական լեռնաշխարհ կը մտնեն․ երկիրը կ՛աւերեն եւ հայ ժողովուրդը սովի կը մատնեն։ 9-րդ դարավերջին արաբները Հայաստանէն կը վտարուին։ Կը յաջորդեն 100 խաղաղ տարիներ։

928 Կարսը Հայաստանի մայրաքաղաք կը դառնայ։ Իսկ, Աշոտ Գ․ Ողորմած (Ողորմած կը կոչուի բարեսիրական գործունէութեան համար․ կը հիմնէ դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ ծերանոցնոր), 961 թուականին կը հիմնէ Անի մայրաքաղաքը (նախապէս Ախուրեանի գետի ափին գտնուող Անի ամրոցը)։

Բագրատունիներուն թագաւորութիւնը կը տկարանայ երբ Բագրատունիներուն ներքին վէճերը Հայաստանը չեն կրնար պաշտպանել Բիւզանդիոնի եւ արաբներու յարձակումներէն եւ արեւելքէն արշաւող սելճուք թուրքերու արշաւանքներէն։ 1045 բիւզանդացիները Անի մայրաքաղաքը կը գրաւեն։ Հայաստան Բիւզանդական կայսրութեան ենթակայ կը մնայ մինչեւ 1071 թուականը, երբ սելճուքները Ալփ Արսլանին ղեկավարութեամբ Մանազկերտի ճակատամարտին պարտութեան կը մատնեն բիւզանդկան բանակը եւ Հայաստանը իրենց կ՛ենթարկեն։

Հայաստան առեւտուրի կարեւոր կեդրոն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բագրատունիներու ժամանակաշրջանին, Հայաստանի քանի մը քաղաքներ՝ Դուին, Կարս, Անի շուկայի կարեւոր կեդրոններ կը դառնան օգտուելով Հայկական Բարձրաւանդակի դիրքէն․ Արեւելքի (յատկապէս Չինաստան), Արեւմուտքի (Բիւզանդիոն, Եւրոպա), Հարաւի (արաբական աշխարհ) եւ Հիւսիսի (Ռուսիա) խաչմերուկը։ Եւրոպական եւ Ասիական ապրանքները կարաւաններու միջոցաւ Հայաստանի շուկաները կը լեցնեն։ Իսկ, Հայաստանն ալ կ՛արտադրէ իր հանքերու հարստութիւնը եւ մանաւանդ Որդան Կարմիր ներկը։ Շնորհիւ առեւտուրին, Հայաստանի քաղաքները կը զարգանան, կը բարգաւաճին, կ՛առաջանան արհեստներու յատուկ շուկաներ։ Նոյնիսկ, նոյն արհեստին պատկանող վարպետներ համքարութիւններ (արհեստակիցներու ընկերութիւն) կը կազմեն, պաշտպանելու համար իրենց իրաւունքները։

Հայաստանի ներքին բաժանումները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բագրատունեանց Թագաւորութեան ընթացքին, Հայաստանը միակամ չէ։ Գոյութիւն ունին փոքր թագաւորութիւններ կամ իշխանութիւններ, որոնք հպատակ են կեդրոնական թագաւորութեան։ Կարգ մը նախարարական տուներ կը բաժնուին Հայաստանի կեդրոնական թագաւորութենէն եւ փոքր թագաւորութիւններ կը հիմնեն իրենց շրջաններուն մէջ․ Արծրունիներ (908 - 1021) եւ Սիւնաց։ Իսկ Բագրատունիներուն Թագաւորութիւնը, ինքնին երեք մասի կը բաժնուի․ Կարսի թագաւորութիւն (հիմնադիր Աշոտ Գ․ Ողորմածին եղբայրը՝ Մուշեղ), Լոռիի կամ Տաշիր-Չորագետի թագաւորութիւն (հիմնադիր Աշոտ Գ․ Ողորմածին զաւակը)։

Հայաստան, Սելճուք Կայսրութեան նահանգ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հայաստան 11-րդ եւ 12-րդ դարերու ընթացքին

Ալփ Արսլանի արշաւանքներուն ընթացքին հայկական քաղաքներն ու գիւղերը կը քանդուին ու կ՛ամայանան, իսկ անոր յաջորդներու օրով, սելճուքներու կայսրութիւնը կը բաժնուի սելճուք պետութիւններու։ 12-րդ դարուն վերջաւորութեան Հայաստանի մեծ մասը կ՛իյնայ սելճուքներու Շահ-Արմէն պետութեան ձեռքը։ Անոնք Հայաստանը կը բնակեցնեն թուրք վաչկատուն ցեղերով։

Հայ նախարարական եւ իշխանական տուները իրենց հետեւորդներով կը գաղթեն Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան շրջանները՝ Գուգարք, Սիւնիք, Արցախ եւ Ուտիք, ուր Վրաստանի օգնութեամբ (թագաւորը ծագումով հայ բագրատունի տոհմէն՝ Դաւիթ Բ․) հայկական անկախ իշխանութիւն կը հիմնեն։

Տե՛ս բուն արձանագրութիւն՝ Զաքարեաններ

11-րդ դարուն վերջաւորութեան, Լոռի գաւառի հայկական նախարարական տոհմէն Զաքարէ Բ․ եւ Իւանէ Ա․ եղբայրները Վրաստանի Թամար թագուհիին թագաւորութեան տարիներուն իրենց շուրջ կը հաւաքեն հայ նախարարները եւ զօրաւոր բանակ կազմելով կ՛ազատագրեն կեդրոնական եւ հարաւային Հայաստանը ու կը ստեղծեն Զաքարեան Հայաստան անկախ պետութիւնը։ Զաքարեաններու ինքնիշխան պետութիւնը գրեթէ կ'ընդգրկէ Բագրատունիներու թագաւորութեան տարածքը՝ Մեծ Հայքի Այրարատ եւ Սիւնիք նահանգները, Գուգարք, Արցախ, եւ Ուտիք նահանգներու մէկ մասը։ Սակայն, արեւելքէն մոնկոլները կ՛արշաւեն եւ տարիներ տեւող կռիւներէ ետք, մօտաւորապէա 50 տարի գոյատեւած Զաքարեաններու Հայաստանը կը քանդուի եւ մոնկոլներուն կ՛ենթարկուի։

Մոնկոլներու պետութեան՝ կայսրութեան զարգացումը
Հայաստան, Մոնկոլ տիրապետութեան տակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1220 թուականէն սկսեալ, մոնկոլները Հայաստանի շրջանները կը գրաւեն։ Անոնց տիրապետութիւնը Պատմական Հայաստանի հողերուն վրայ կը յատկանշուի ծանր տուրքերով, ներքին պատերազմներով եւ հայերուն կողմէ անյաջող ապստամբութիւններով։

14-րդ դարասկիզբին, մոնկոլներու պետութիւնը երկուքի կը բաժնուի՝ իսլամ եւ հեթանոս։ Անոնց միջեւ եւ հայկական հողերուն վրայ կը սկսի երկարատեւ պատերազմ։ Իսլամ մոնկոլներու Ոսկեայ Հորդա պետութիւնը կը յաղթէ եւ գրաւած շրջաններուն մէջ կ՛որդեգրէ մեղմ քաղաքականութիւն, զարկ տալով տնտեսութեան։ Հայաստան կ՛օգտուի եւ յաջորդող տասնամեակներուն առեւտուրի կեդրոն կը դառնայ։

Հայաստանի տնտեսութեան եւ մշակոյթի զարգացումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ոսկեայ Հորդա պետութեան գերիշխանութեան ընթացքին Հայաստան տնտեսական աճ կ՛ապրի։ Հայ առեւտրականներ կարաւաններով մինչեւ Չինաստան կը ճամբորդեն ու հայկական արտադրութիւններ կը տանին։ Անոնք իրենց ապրանքները Եւրոպա կը փոխադրեն Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան Այաս նաւահանգիստէն նախ մինչեւ Իտալիոյ Ճէնովա եւ Վենետիկ քաղաքները եւ ապա՝ Եւրոպայի մնացեալ երկիրները։

Հայկական եկեղեցին որոշ ազատութիւն կը վայելէ․ կը վերադարձուին հողերը, ուր մեծ թիւով հայ գիւղացիներ կ՛աշխատէին։

Հայկական մշակոյթը թափ կ՛առնէ։ Սանահինի, Հաղբատի եւ Գլաձորի վանքերը համալսարաններ կ՛ունենան, ուր հայ վանականներ եւ երիտասարդ ուսանողներ հայկական մատեաններ կ՛ընդօրինակեն։

Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս բուն արձանագրութիւններ՝ Կիլիկիա եւ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւն

Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը

Սելճուք թուրքերուն Մանազկերտի մէջ տարած յաղթանակին պատճառով եւ թրքական ցեղերու Հայկական Բարձրաւանդակ ներխուժելէն ետք հազարաւոր հայեր Պատմական Հայաստանէն Կիլիկիա կը տեղափոխուին։ Հայերուն Կիլիկիա հաստատուելուն մէջ, մեծ դեր կ՛ունենայ Բիւզանդական բանակին հայազգի Փիլարտոս հրամանատարը․ ան բարեցակամ կը գտնուի եւ հայ իշխաններուն հողեր կը շնորհէ։

Երեք դարերու ընթացքին (1080-1375) հայերը իրենց բնօրրան՝ հայկական բարձրաւանդակէն դուրս կը հիմնեն նախ իշխանութիւն եւ ապա՝ թագաւորութիւն։ Քաղաքները կը զարգանան, նոյնպէս հայկական մշակոյթը։ Հողագործութիւնն ու անասնապահութիւնը, արհեստները թափ կ՛առնեն։ Այաս նաւահանգիստը առեւտուրի կեդրոն կը դառնայ։

Հայկական իշխանութիւնները սերտ յարաբերութիւններ կը մշակեն իրենց սահմանակից խաչակիր իշխանութիւններուն եւ անոնց ճամբով՝ Եւրոպայի հետ։ Առաջին անգամն էր, որ հայերը այնքան մօտիկ յարաբերութիւն կ՛ունենան Եւրոպային հետ եւ կ՛ազդուին անոր մշակոյթէն ու քաղաքակրթութենէն։

1375 Կիլիկիան Եգիպտոսի մեմլուքները կը նուաճեն։

Թրքական արշաւանքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Օսմանեան կայսրութիւնը 16-րդ դարավերջին
Սեֆեւեան Կայսրութիւն 16-րդ / 17-րդ դար

14-րդ դարավերջին, Կեդրոնական Ասիայէն Թիմուրլէնկի գլխաւորութեամբ թրքական ցեղեր կ՛արշաւեն։ Անոնք Հայաստանը քարուքանդ կ՛ընեն, հազարաւոր հայեր գերի կը տարուին կամ կը ջարդուին․ հայերու թիւը կը նուազի։ Յաջորդող 4 դարերուն ընթացքին, Հայկական բարձրաւանդակը թրքական ցեղեր կ՛արշաւեն, փոխելով Պատմական Հայաստանի դիմագիծը։

Հայաստան Օսմանեան եւ Սեֆեւեան Կայսրութիւններուն միջեւ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանը 1500-էն մինչեւ 17-րդ դարու կէսերուն Օսմանեան եւ Սեֆեւեան կայսրութիւններուն միջեւ պատերազմներուն թատերաբեմ կը դառնայ։ Երկու պետութիւններն ալ կ՛ուզեն Հայկական Բարձրաւանդակին տիրապետել։ Պատերազմները կը կատարուին հայկական հողերուն վրայ․ հայ գիւղացին, հայկական գիւղերը եւ քաղաքները կը տուժեն (աջին ցուցադրուած 2 պատկերներուն, յստակօրէն կը նկատուի թէ Հայկական Բարձրաւանդակը մշտապէս երկու կայսրութիւններուն միջեւ կռուախնձոր դարձած է)։ Այս պատերազմները կ՛առաջացնեն հայերու մեծ գաղթը դէպի Խրիմ, Լեհաստան, Եւրոպայի զանազան երկիրներ, Վրաստան, Պոլիս եւ մինչեւ հեռաւոր Հնդկաստան։

Հայաստան կը բաժնուի երկուքի՝ արեւմտեան (Օսմանեան կայսրութեան ենթակայ) եւ արեւելեան (Սեֆեւեան կայսրութեան ենթակայ)։

Հայաստան Օսմանեան տիրապետութեան տակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օսմանցիները հայկական հողերուն վրայ կը բերեն ու հայկական գիւղերուն մէջ կը բնակեցնեն քրտական վաչկատուն ցեղեր։ Անոնք օսմանցիներուն կողմէ կ՛գտագործուին Սեֆեւեաններուն հետ հաստատած սահմանը պաշտպանել եւ նաեւ բնիկ հայ ժողովուրդը նեղել եւ անոր գաղթը պատճառել։

Օսմանեան կայսրութիւնը 19-րդ դար։ Արեւմտեան Հայաստանի 6 վիլայէթները․ Ձախէն աջ՝ Սվազ կամ Սեբաստիա, Խարբերդ, Տիարպէքիր, Վան եւ հիւսիսը՝ Էրզրում

1550-ական թուականներուն Կայսրութեան տարածքին, մասնաւորաբար արեւմտեան Հայաստանին մէջ, կը պայթի Ճելալեան (Ճելալիներուն) շարժումը․ բանակը անվճառ կը մնայ եւ մեծ թիւով զինուորներ կ՛ապստամբին։ Շարժումին հետեւանքն է, որ Հայաստանը մեծ վնասներ կը կրէ։ Մեծ թիւով հայեր, ուրիշ քրիստոնեաներու հետ կը գաղթեն (տե՛ս Քերքիրայի հայերը

Օսմանցիները Արեւմտեան Հայաստանը 6 վիլայէթներու (վիլայէթ=նահանգ) կը բաժնեն․ Էրզրում, Վան, Սվազ, Խարբերդ, Տիարպէքիր եւ Պիթլիս։ Այս նահանգները կը կառավարուին թուրք կառավարիչէ՝ Վալի։

Հայաստան Սեֆեւեան տիրապետութեան տակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սեֆեւեանները թէպէտեւ «Հայաստան առանց հայերու» քաղաքականութիւն չեն գործադրեր, սակայն ծանր տուրքեր կը պարտադրեն։ 17-րդ դարասկիզբին օսմանցիներու եւ սեֆեւեաններու պատերազմին հետեւանքը կ՛ըլլայ հազարաւոր հայերու բռնի գաղթը դէպի Պարսկաստան (տե՛ս Նոր Ջուղա)։ Անոնք Հայաստանը նահանգներու կը բաժնեն, ծանր տուրքեր կը պարտադրեն եւ հայութեան վրայ ճնշումներ կը բանեցնեն։ Արցախի մէջ հայ մելիքները (մելիք=իշխան) իրենց ժողովուրդով կիսանկախ վիճակ կ՛ունենան։

Սեֆեւեանները Արեւելեան Հայաստանը 4 խանութիւններու (նահանգներու) կը բաժնեն․ Երեւան, Նախիջեւան, Գանձակ եւ Արցախ (Ղարաբաղ եւ Սիւնիք

Հայաստանի ազատագրութեան համար գաղտնի ժողովներ Էջմիածնի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1547 եւ 1562 թուականներուն, Էջմիածնի մէջ Կաթողիկոսի, հայ բարձրաստիճան կղերականներու, Սիւնիքի մելիքներու եւ մեծահարուստ հայ առեւտրականներուն ներկայութեամբ, Հայաստանի անկախութեան հարցով երկու գաղտնի ժողովներ կը գումարուին։ Այդ նպատակով Եւրոպա պատուիրակութիւններ կ՛ուղարկուին։ Սակայն ձեռնունայն՝ կը վերադառնան։

1678 Էջմիածնի մէջ, Կաթողիկոսին հրաւէրով գաղտնի ժողով կը գումարուի մասնակցութեամբ հարուստ հայ առեւտրականներու եւ մելիքներու։ Կ՛որոշուի պատուիրակութիւն ղրկել Եւրոպա Հայաստանի անկախութեան հարցին օգնութեան համար։ Պատուիրակութիւնը ճամբուն կէսին կը լուծուի, սակայն Սիւնիքի իշխանին զաւակը՝ Իսրայէլ Օրի կ՛որոշէ մինակը շարունակել այդ գործը։

Իսրայէլ Օրի
Իսրայէլ Օրիի առաքելութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս բուն արձանագրութիւն՝ Իսրայէլ Օրի

Իսրայէլ Օրի, մօտաւորապէս 20 տարի (1680-1701) Եւրոպա կը շրջի․ եւրոպական երկիրներուն թագաւորներուն եւ Հռոմի Պապին կ՛այցելէ ու անոնցմէ օգնութիւն կը խնդրէ Հայաստանը ազատագրելու թուրքերուն եւ պարսիկներուն լուծէն։ Ֆրանսայի մէջ, բաւական տարիներ կը ծառայէ ֆրանսական բանակին մէջ ու կը մասնագիտանայ ռազմական արուեստին։

Սակայն, Եւրոպացիները Հայաստանի հարցով չեն հետաքրքրուիր եւ Օրի Ռուսիա կ՛ուղղուի։ Մեծն Պետրոս հետաքրքրութեամբ կը լսէ Իսրայէլ Օրիին եւ միասնաբար ծրագիր կը մշակեն ռուսական բանակի դէպի հարաւ յառաջխաղացին մէջ հայութեան ունենալիք դերին եւ հայկական հողերու ազատագրման համար։ Սակայն 1711 Պարսկաստանի Սպահան քաղաքէն դէպի Մոսկուա ճամբուն վրայ, Աստրախանի մէջ Օրի յանկարծամահ կ՛ըլլայ։

Հայաստանի շուրջը հայկական գաղութներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւելեան Հայաստանի հայերը կապ կը պահեն Ռուսիոյ տարածքները գաղթած հայերուն նամանաւանդ հայ վաճառականներուն հետ, ինչպէս նաեւ Հնդկաստան հաստատուած հայ առեւտրականներուն հետ։ Բացի Պարսկաստանէն, Ռուսիոյ եւ Հնդկաստանի քաղաքներուն մէջ՝ գլխաւորաբար Քիեւ, Քազան, Աստրախան, Մատրաս եւ Կալկաթա կազմուած հայկական գաղութներ կան։

Հայաստանի ազատագրման առաջին փորձեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հալիձորի բերդը

18-րդ դարասկիզբին Պարսկաստան կը դիմագրաւէ ներքին լուրջ խնդիրներ։ Ռուսիոյ Մեծն Պետրոս Ցարին բանակները շարունակելով դէպի հարաւ իրենց յառաջխաղացը, կը հասնին Կասպից Ծով։ Յուսալով թէ ռուսական բանակը Հայաստանի ազատագրման օգնութեան շուտով կը հասնի, Սիւնիքի իշխան Դաւիթ Բէկ, Սիւնիք-Ղարաբաղի մելիքներուն ուժերը կը հաւաքէ եւ շրջանը հաստատուած Պարսկական բանակին վրայ կը յարձակի։ 1723-ին Սիւնիք-Ղարաբաղը անկախ կը հռչակուի։ Սակայն, 1725 Մեծն Պետրոսի մահով ռուսական ուժերը ետ կը քաշուին եւ հայերը դէմ յանդիման կը գտնուին թրքական ուժերուն, որոնք Արաքս գետը անցնելով կը յարձակին հայկական ուժերուն վրայ։ Երկու տարի տեւաբար կռուելով հայերը կը յաջողին թուրքերուն դիմադրել։

Հալիձորի ճակատամարտը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մխիթար Սպարապետի տապանաքարը, Խնձորեսկ

1727 թուրքերը Հալիձորի բերդը կը պաշարեն։ Հայկական ուժերը Մխիթար Սպարապետի գլխաւորութեամբ կը յաջողին դուրս գալ բերդէն եւ թշնամին պարտութեան մատնել։ Այս կռիւէն ետք, Պարսկաստանի Շահ Թահմազը կը ճանչնայ Սիւնիք-Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ Դաւիթ Բէկին կը նկատէ իբրեւ դաշնակից թուրքերուն դէմ։ Տարի մը ետք, թուրքերը նոր բանակներով կը յարձակին հայկական ուժերուն վրայ։ Դաւիթ Բէկ կը սպաննուի եւ Մխիթար Սպարապետը կը շարունակէ անոր գործը։ Թուրքերը դաւադրութեան կը դիմեն եւ Մխիթար Սպարապետը կը սպաննեն։ Հայկական ուժերը կը լուծուին եւ կը փախչին։

Այրարատ նահանգի կռիւները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նոյն շրջանին, Գանձակի, Լոռիի եւ Երեւանի հայկական ուժերը կը կռուին Այրարատ ներխուժած թրքական ուժերուն դէմ։ Թուրքերը կը պարտուին, սակայն նոր ուժերով կը վերադառնան, Երեւանը կը գրաւեն ու քաղաքին հայերը անխնայ կը ջարդեն։

Ղարաբաղի կռիւները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սիւնիքը գրաւելէ ետք, թուրքերը Ղարաբաղի (Արցախ) վրայ կը յարձակին։ Աւան մելիքը կը ղեկավարէ Ղարաբաղը պաշտպանող ուժերը, սակայն թուրքերը կը յաջողին Ղարաբաղը գրաւել։

Ռուս-թրքական պատերազմներ եւ Հայաստան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

18-րդ դարուն ընթացքին Պալքանեան թերակղզիին եւ Խրիմի մէջ տեղի կ՛ունենան ռուս թրքական պատերազմներ։ Միաժամանակ հայկական գաղութներուն մէջ Հայաստանի անկախութեան գաղափարներ եւ ծրագրեր կը մշակուին ու աշխատանքներ կը տարուին այս ուղղութեամբ․ ինչպէս օրինակ՝ Հնդկաստան (Մատրասի խմբակ), Մոսկուա (Առջ․ Յովսէփ Արղութեան, Յովհաննէս Լազարեան)։

«Որոգայթ Փառաց», հայ իրաւունքի սահմանադրութեան առաջին տպագիր նախագիծը, հայ իրականութեան մէջ, Մատրաս 1773 թ., հեղ․՝ Շահամիր Շահամիրեան

Այս պատերազմները կը վերջանան Ռուսիոյ յաղթանակով եւ Քիւչուկ Քայնարճըի դաշինքով։ Ռուսիա Կովկասի քրիստոնեայ ժաղովուրդներուն հովանաւորողը կը դառնայ։

Մատրասի խմբակ․ Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ կը կազմուի հայկական գրական-քաղաքական Մատրասի Խմբակ կազմակերպութիւնը, որուն գլխաւոր անդամներն են՝ Յովսէփ Էմին, Մովսէս Բաղրամեան, Շահամիր Շահամիրեան։ Այս կազմակերպութիւնը հայերուն կոչ կ՛ուղղէ պայքարիլ Հայաստանի ազատագրութեան համար եւ վերակերտել անկախ հայրենիքը։

«Ազդարար»․ 1794-1796 թուականներուն Մատրաս քաղաքին մէջ լոյս կը տեսնէ «Ազդարար» ամսաթերթը։ Անոր էջերէն ազատօրէն կ՛արտայայտուին Հայաստանի ազատագրութեան գործիչներուն միտքերն ու կարծիքները։ Հրատարակիչն է Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեան։ Ամսաթերթը կը տարածուէր Մատրասի, Կալկաթայի, Կոստանտնուպոլսոյ, Պարսկաստանի հայկական գաղութներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Հայաստանի եւ Եւրոպայի հայկական շրջանակներուն մէջ։

Արցախի Ամարաս վանքը, կառուցուած 4-րդ դարուն։

Ռուս պարսկական պատերազմներ եւ Արեւելեան Հայաստանի միացումը Ռուսիոյ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

19-րդ դարասկիզբին ռուս-պարսկական պատերազմները կ՛աւարտին Ռուսիոյ յաղթանակով։ Հայ կամաւորներ կը կռուին ռուսական բանակին հետ։ Կռիւները տեղի կ՛ունենան հայկական հողերուն վրայ։

Կիւլիստանի դաշնագիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1813 Ռուսիոյ եւ Պարսկաստանի միջեւ Կիւլիստանի բերդին մէջ կը կնքուի հաշտութեան դաշնագիրը, որով Ղարաբաղը եւ Գանձակը Ռուսիոյ տիրապետութեան կ՛անցնին։

Թիւրքմէնչայի դաշնագիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նկար՝ 19-րդ դարասկիզբին․ Կարսի Սրբոց Առաքելոց եկեղեցին, կառուցուած՝ 10-րդ դարուն

1828 Թիւրքմէնչայի դաշնագրով Արեւելեան Հայաստանը՝ Երեւանի, Նախիջեւանի, Ղարաբաղի եւ Գանձակի 4 խանութիւնները, վերջնականապէս Ռուսիոյ կը միացուին եւ 1830-ին կը կազմեն «Հայկական Նահանգը» կամ՝« Հայկական Մարզ»։ Պարսկաստանի հազարաւոր հայերուն կ՛արտօնուի Հայաստան վերադառնալ, տեղափոխուիլ։

Արեւելեան Հայաստանը ռուսական գերիշխանութեան տակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռուսերուն ներկայութիւնը հայ ժողովուրդը կ՛ոգեւորէ եւ անոր մօտ կ՛առաջացնէ ինքնավարութեան եւ կամ ազգային անկախութեան հեռանկարը։

«Հայկական Մարզ»ը

Ռուսիոյ Կովկաս ներկայութիւնը կը նպաստէ հայութեան կեանքի ապահովութեան եւ հոգեբանութեան վրայ։ Գիւղատնտեսութիւնը կը զարգանայ հայ գիւղացիին հասոյթ ապահովելով, շնորհիւ շրջանը բերուած գիւղատնտեսական արտադրութեան արդիական միջոցներուն։

Հայերը ռուսական բանակին կը զինուորագրուին եւ կամ կամաւորական գունդեր կը կազմեն եւ ռուսերուն կողքին կը կռուին։ Սակայն, երկար չի տեւեր այս «մեղրալուսինը»։

«Պոլոժենիա» եւ ռուսացման քաղաքականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1836-ին ցարական կառավարութիւնը կը հռչակէ «Պոլոժենիա» կանոնագրութիւնը, ըստ որուն Ռուսիան որոշիչ դեր կ՛ունենայ Հայոց եկեղեցւոյ որոշումներուն մէջ, հետեւաբար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ընտրութեան։ Նաեւ կը սահմանափակէ հայկական վարժարաններուն դերը․ անոնք կրնան գոյութիւն ունենալ միմիայն եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ։

1840-ին «Հայկական Մարզ» անուանումը կը ջնջուի։ 1849-ին Երեւանը եւ շրջակայքը Ռուսիոյ մէկ պարզ նահանգը կը դառնան։ Իսկ մնացեալ հայկական շրջանները մաս կը կազմեն նորաստեղծ Էլիզաւէտպոլ նահանգին։

Պատերազմներ Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութեանց միջեւ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռուսերը օսմանցիներուն դէմ երկու ճակատներու վրայ կը կռուին՝ Պալքաններ եւ Կովկաս։ 1829 թուականին, ռուսական բանակը կը գրաւէ Ախալքալաքը եւ հայկական Ջաւախքը եւ կը մտնէ Արեւմտեան Հայաստան․ կը գրաւէ Կարսն ու կը հասնի Կարին (Էրզրում)։ Ատրիանուպոլսոյ (Էտիրնէ) հաշտութեան դաշնագրով, ռուսերը կը քաշուին Կարինէն եւ Կարսէն, սակայն կը պահեն Ջաւախքը։ Բնակչութեան տեղափոխում տեղի կ՛ունենայ․ թուրքերը Ջաւախքէն Օսմանեան կողմը կ՛անցնին, իսկ հազարաւոր հայեր՝ Ջաւախք կը տեղափոխուին։

Բարենորոգումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եւրոպական երկիրները Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրենց տնտեսական շահերը պահպանելու համար, սուլթանին կը պարտադրեն բարենորոգումներ (թանզիմաթ) կատարել, որպէսզի կարգաւորուի եւ պահպանուի կայսրութեան ներքին կեանքը։ 1839 եւ 1856 թուականներուն յաջորդաբար Հաթթը Շերիֆը եւ Հաթթը Հիւմայունը կը հռչակուին, որոնք կայսրութեան տարածքին մէջ բնակող հպատակներուն ազատութիւն եւ իրաւունքներու հաւասարութիւն կը խոստանային։

Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւն (կողքը)
Րաֆֆի․ Զարթօնքի ամենակարեւոր դէմքերէն

Պատմական Հայաստանի հողերէն դուրս կազմուած գաղութները՝ Պարսկաստանի, Հնդկաստանի, Վենետիկի, Վիեննայի, Թիֆլիսի, Պոլսոյ, Մոսկուայի, իրենց վանք-դպրոցներով, վարժարաններով ու հրատարակութիւններով կը լուսաւորեն, կ՛արթնցնեն հայ երիտասարդն ու ժողովուրդը։

Օսմանեան կայսրութեան մէջ կարգ մը հայկական դպրոցներ հայ մտքի զարթօնքին մեծ դեր կ՛ունենան, ինչպէս օրինակ՝ Իզմիրի (Զմիւռնիոյ) Մեսրոպեան վարժարանը հիմնուած 1775, Հռիփսիմեան Աղջկանց Դպրատունը, Պոլսոյ մէջ 1790-ական թուականներէն հիմնուած թաղային դպրոցները եւ Սկիւտարի Ճեմարանը (հիմնուած 1838-ին)։

Իսկ հայ ժողովուրդի բնօրրան Արեւմտահայաստանի մէջ 1858-էն ետք կը հիմնուին արդիական կրթական հաստատութիւններ, ինչպէս՝ Խրիմեան Հայրիկէն հիմնուած Վարագայ Ժառանգաւորաց վարժարանը (1858) , 1863-ին Մշոյ Սուրբ Կարապետի Ժառանգաւորաց ուսումնարանը։

Հայ գրական լեզուն՝ գրաբարը, տեղի կու տայ խօսակցական լեզուին։ Առաջին Խաչատուր Աբովեանն է որ իր գրութիւններուն մէջ կը գործածէ պարզ ժողովուրդին կողմէ գործածուած հայերէնը։

Արեւմտահայ մտաւորականներու ջանքերով, 1863-ին Սուլթանը կը վաւերացնէ Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը։

Հայկական Հարցը միջազգային սեղանին վրայ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռուսերը կը շարունակեն աստիճանաբար իրենց յառաջխաղացքը դէպի հարաւ՝ հարաւ-արեւմուտք (Պալքանեան թերակղզի) եւ հարաւ-արեւելք (հարաւային Կովկաս): Իրենց զօրքին մէկ մասը, հրամանատարութեամբ հայազգի զօրավարներ Լորիս Մելիքովի, Ղուկասովի եւ Լազարեւի կը գրաւէ Կարսը եւ Կարինը (Էրզրում): Այս պատերազմներէն ետք, 1878 Փետրուարին Սան Ստեֆանոյի մէջ՝ Պոլսոյ հիւսիս արեւմտեան արուարձան, կը կնքուի զինադադարի պայմանագիրը:

Սան Ստեֆանոյի պայմանագիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պերլինի վեհաժողովի մասնակից պետութիւններուն ներկայացուցիչները

Պայմանագրին 16-րդ յօդուածը (պարբերութիւնը) կ’ըսէ թէ․- «Սուլթանը կը խոստանայ պահպանել հայերու ապահովութիւնը չերքէզներու եւ քիւրտերու յարձակումներուն դէմ եւ անմիջապէս բարենորոգումներ կատարել հայկական նահանգերէն ներս»։ Նաեւ, զօրավար Լորիս Մելիքով իր զօրքով պիտի մնայ Կարին եւ Արեւմտեան Հայաստանի արեւելեան մասի կարգ մը հողեր կը միանան Ռուսիոյ: Առաջին անգամն է որ նորագոյն պատմութեան միջազգային թուղթերու մէջ հայկական հարցը կը նշուի «Հայաստան» եւ «հայեր» անուններով։

Պերլինի վեհաժողով
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սակայն Եւրոպայի «Մեծ ուժերը»՝ Անգլիա եւ Աւստրօ-Հունգարիա, մտահոգ Ռուսիոյ դէպի հարաւ յառաջխաղացքէն, Պերլինի մէջ, 1 Յունիսին, 1878-ի Սան Ստեֆանոյի պայմանագրի վերատեսման ժողովի կը հրաւիրեն։ Այս ժողովին, Հայկական Հարցը երկրորդական կը համարուի եւ 61-րդ յօդուածին մէջ «Հայաստան» բառը կը փոխարինուի «Հայկական մարզեր» եւ «Հայաբնակ վայրեր» բառակապակցութիւններով։ Այս ժողովին հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Խրիմեան Հայրիկ։

Ազատագրական Պայքար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1896- Հայ ֆետայիներու խումբ (ՀՅԴ)

Եւրոպական պետութիւնները մերթ ընդ մերթ «յիշեցնող գրութիւն»ներ կը ներկայացնեն Սուլթանին, յիշեցնելու համար չեղած հայկական բարենորոգումները․ սակայն ապարդիւն։ 19-րդ դարու կէսերէն ետք հայկական հարցին կապակցութեամբ կ՛առաջանան հայկական կազմակերպութիւններ, մտաւորական եւ զինեալ խմբակներ, որոնք կը զարգանան եւ կը կազմեն կուսակցութիւններ։ Սուլթանը կը շարունակէ իր հայկական հողերը հայերէ պարպելէ քաղաքականութիւնը` կը սաստկացնէ հալածանքները, ծանր տուրքեր կը դնէ։ Հայութիւնը կը սկսի ինքնավարութիւն, ազատութիւն պահանջել, ինքնապաշտպանութեան զինական (ֆետայական) խումբեր կը ստեղծուին․ անոնց նշանաբանն է՝ «Ազատութիւն կամ Մահ»։ 1862 եւ 1878 Զէյթունի մէջ ինքնապաշտպանական կռիւներ կը պայթին․ իբրեւ հակազդեցութիւն Սուլթանը քաղաքին մուտքին թրքական զօրանոց կը հաստատէ։

Խրիմեան Հայրիկի եւ Ներսէս Վարժապետեանի քաջալերանքով Արեւմտահայաստանի, Արեւելահայաստանի եւ Ռուսիոյ կայսրութեան տարածքին մէջ՝ «Դէպի Երկիր» նշանաբանով, կը ստեղծուին կրթադաստիարակչական խմբակներ, միութիւններ, ընկերութիւններ եւ կազմակերպութիւններ՝ նաեւ յեղափոխական գաղափարներով (կը զուգադիպին Զարթօնքի շրջանին)։ Անոնք առաջին հերթին կրթադաստիարակչական եւ հայ մտքի լուսաւորութեան տարածման նպատակը կ՛ունենան եւ ընդհանրապէս գաղտնի կը գործեն։

Ձախէն աջ` Յարութիւն, Արամ Մանուկեան, Իշխան եւ Սողօ

Պաշտպան հայրենեաց․ ընկերութիւնը կը գործէ խիստ գաղտնի, սակայն անդամները կը մատնուին ու կը ձերբակալուին։ Անոնց բանտարկութեան եւ դատավարման արձագանգը Եւրոպայի մէջ մեծ ծաւալ կ՛առնէ, իսկ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայերու առաջին քաղաքական դատավարութիւնն է։

Իսկ Արեւելահայաստանի եւ ընդհանրապէս ռուսական կայսրութեան տարածքին մէջ կը ստեղծուին հետեւալ խմբակները․ Բարենպատակ Ընկերութիւն (1869-Կիւմրի կամ Ալեքսանտրապոլ), Հայրենեաց Սիրոյ Գրասենեակ (1874-Մեծ Ղարաքիլիսէ), Ուժ կազմակերպութիւն (1880-Շուշի), «Մշակ» թերթի հոսանքը (1872-Թիֆլիս)։ Հայ մտաւորականներ կը կազմեն հայկական խմբակցութիւն մը, որ թերթեր կը հրատարակէ («Մունետիկ» եւ «Հայրենասէր Ձայներ») թռուցիկներ կը ցրուէ։ 1887-ին Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Ստեփան Զորեան (Ռոստոմ) կը փորձեն հիմնել գաղտնի տպարան մը, որպէսզի յեղափոխական միտքեր տարածեն, սակայն չեն յաջողիր եւ 1889-ին կը կազմեն Երիտասարդ Հայաստանը (Դրօշակ յեղափոխական խմբակ)։ 1882 Ներսէս Աբէլեան կը հիմնէ Հայրենասէրներու Միութիւնը։

Հայ ժողովուրդը, գլխաւորութեամբ անհատ մտաւորականներու կը կազմակերպուի։ Քաղաքական խմբաւորումներուն հետեւանքն է կուսակցութիւններու հիմնումը։ Յաջորդաբար կը հիմնուին․ Արմենական կուսակցութիւնը («Արմէնիա» թերթը (1885) նախակարապետը կը հանդիսանայ), Հնչակեան կուսակցութիւնը՝ «Հնչակ» պաշտօնաթերթով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (Հ․Յ․Դ․)՝ «Դրօշակ» պաշտօնաթերթով։ Իսկ աւելի ետք՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը (Ռ․Ա․Կ․)՝ Հայ Ժողովրդական Կուսակցութիւնը անոր նախակարապետն է։

Արմենական, Հնչակեան եւ Հ․Յ․Դ․ կուսակցութիւնները իրենց ստեղծման հետ զուգահեռ, ֆետայական խումբեր կը կազմեն եւ ինքնապաշտպանական ազատագրական զինեալ պայքար կը տանին։ Ֆետայական պայքարը հայուն կեանքին մէջ խոր արմատներ ձգած, գրականութիւն ներշնչած եւ օրինակ դարձած է ապագային սերունդներուն, ինչպէս օրինակ՝ Արցախի Ազատագրական Պայքարը։

Սուլթանի կառավարութեան կողմէն շարունակուող կոտորածներուն, ջարդերուն եւ եւրոպական պետութիւններուն անտարբերութեան եւ բարենորոգումներու ծրագիրներու չգործադրման դէմ, հայ կուսակցութիւնները կը հակազդեն խաղաղ ցոյցերով՝ Պոլսոյ Գում Գափուի Մայր եկեղեցուոյ մէջ ցոյց (1890 Յուլիս 15), Պապը Ալիի ցոյց (1895), իսկ հայկական կարգ մը շրջաններու մէջ ինքնապաշտպանական կռիւներ (քրտական հրոսախումբերու եւ թրքական Համիտէի զօրքերու դէմ) կը պայթին՝ Սասուն (1894), Վան՝ (1894-96), Զէյթուն (1895), ինչպէս նաեւ բողոքի եւ ֆետայական վրէժխնդրական արարքներ՝ Պանք Օթթոմանի գրաւում (26 Օգոստոս 1896), Խանասորի արշաւանք (1897) եւ սուլթանի անյաջող մահափորձը։

Pro Armenia- Հայաստանի ի նպաստ Փրօ Արմէնիա թերթին (1900-1914) առաջին թիւը. Փարիզ, Ֆրանսա

Մայիսեան Ծրագիր․ Սասնոյ կոտարածներէն (1894) ետք, Անգլիոյ վարչապետին եւ Ֆրանսայի դեսպանին նախաձեռնութեամբ սուլթանին հայկական վիլայէթներուն մէջ բարենորոգումներու ծրագիր մը կը ներկայացուի՝ 1895 Մայիսին, սակայն երբեք չ'իրագործուիր։

Եւրոպայի հայասէրներ․ Հայկական ջարդերուն հանդէպ եւրոպական երկիրներուն ցուցաբերած անտարբերութեան առընթեր, կը գտնուին եւրոպացիներ եւ եւրոպական կազմակերպութիւններ, որոնք կը հակազդեն, ձայն կը բարձրացնեն հայկական ջարդերուն դէմ՝ հրատարակութիւններով, հրապարակախօսութիւններով։

Սասունի կոտորածէն ետք, 1895 Սեպտեմբերէն ջարդերը Տրապիզոն, Բաբերդ, Էրզրում, Երզնկա, Պիթլիս, Տիարպէքիր, Խարբերդ, Սվազ, Մարաշ, Ուրֆա եւ Այնթապ կը տարածուին։ Մօտաւորապէս 300․000 հայեր կը կը կոտորուին, 100.000 բռնի կը տեղափոխուին, կ՛աւերուին 2․500 հայկական գիւղեր, իսկ 100.000 հայեր Պատմական Հայաստանէն կ՛արտագաղթեն։

Նորագոյն շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ատանա․ 1909 կրակի տրուած հայկական թաղամասերը

Թուրք երիտասարդ մտաւորականներ, սուլթանի բռնատիրութենէն դժգոհ, 19-րդ դարավերջերուն «Երիտասարդ Օսմաններ» անունով կը կազմակերպուին սուլթանէն պահանջելով բարենորոգումներ եւ սահմանադրական կարգերու հաստատում։ Շուտով կը լուծուին, սակայն անոնց գաղափարախօսութիւնը կը տարածուի ու խմբակներ կը ստեղծուին։ Անոնք հետզհետէ կը միանան եւ «Երիտասարդ Թուրքեր» (կամ «Երիտ-թուրքեր») շարժումը կ՛առաջանայ ու կը հիմնուի Իթթիհատ վէ Թերաքքի (Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն) կուսակցութիւնը։ Կուսակցութեան կեդրոնը նախ Սելանիկը կը դառնայ ու ապա՝ Պոլիսը։

Հայութիւնը, ինչպէս նաեւ մնացեալ քրիստոնեայ եւ կամ ոչ թուրք ժողովուրդները հաւատալով անոնց գաղափարախօսութեան՝ հաւասարութիւն եւ գործակցութիւն, խանդավառութեամբ կ՛ընդունին յեղաշրջումը (1908, Յուլիս 10)։ Սակայն հետզհետէ փան-թուրքիզմի ազգայնամոլ քաղաքականութիւնը կը յայտնաբերուի։

Ատանայի եւ Կիլիկիոյ ջարդերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1909 Ապրիլին Ատանայի հայկական թաղերուն մէջ յարձակումներ, կոտորածներ կը սկսին, որոնք կայծակի արագութեամբ Կիլիկիոյ հայաշատ շրջանները կը տարածուին եւ մինչեւ Մարաշ եւ Քեսապ կը հասնին։ Ամիս մը ետք, զոհուած հայերուն թիւը 30 000 է։ Կիլիկիան տնտեսապէս կ՛աւերուի։ Որոշ տեղեր հայերը ինքնապաշտպանութեան կը դիմեն եւ աւելի քիչ զոհեր կու տան՝ Հաճըն, Զէյթուն, Տէօրթ Եօլ։

Օսմանեան խորհրդարանի հայ երեսփոխաները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Խրիմեան Հայրիկ կը մերժէ յանձնել Ս․ Էջմիածնի գանձերը․ գործ՝ Վարդգէս Սուրենեանց

1908 Յուլիս 10-ի յեղաշրջումէն քանի մը ամիս ետք կը յաջորդեն Դեկտեմբերի ընտրութիւնները։ Օսմանեան խորհրդարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ՛ընտրուին 10 հայ երեփոխաներ (երեք գլխաւոր կուսակցութիւններու համագործակցութեամբ), հակառակ թրքական մարմիններու ջանքերուն, որպէսզի հայկական նահանգներուն մէջ հայ երեսփոխայ չընտրուի։ Հետագային` 1912 ընտրութիւններուն օսմանեան խորհրդարանի հայ պատգամաւորներուն թիւը 18-ի կը հասնի, այսպէս․ 2 Պոլսէն` Պետրոս Հալաճեան եւ Գրիգոր Զոհրապ (չէզոք), 3 Կարինէն` Գարեգին Փաստրմաճեան (Արմէն Գարօ), Յովսէփ Մատաթեան եւ Վազգէն Սերանկիւլեան, 3 Իզմիրէն` Ստեփան Սպարթալեան, Օննիկ Իհսեան եւ Վահան Պարտիզպանեան, 3 Սեբաստիայէն` Տիգրան Պարսամեան եւ բժիշկներ Նազարեթ Տաղաւարեան ու Փաշայեան, 1 Մարզվանէն` Կարապետ Թամայեան, 1 Ռոտոսթոյէն` Յակոբ Պապիկեանը, 1 Էտիրնէէն` Յակոբ Պոյաճեան, 2 Քոզանէն` Մատթէոս Նալբանդեան եւ Համբարձում Պոյաճեան, 1 Մուշէն` Գեղամ Տեր-Կարապետեանը, 1 Վանէն` Վահան Փափազեան (Կոմս):

Հայերուն վիճակը Անդրկովկասի մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անդրկովկասին մէջ, 1870 - 1890-ական թուականներուն Ռուսիան կասկածամտութեամբ կը հետեւի արեւմտահայաստանի ազատագրման համար հայ քաղաքական խմբակցութիւններուն, կուսակցութիւններուն կազմութեան։ Կը հալածէ, կը բանտարկէ ու կ՛աքսորէ Դաշնակցական եւ Հնչակեան կուսակցականներ։ Նաեւ հակահայ քաղաքականութիւն կը վարէ․ 20-րդ դարու սեմին 400 հայկական դպրոցներ փակել կու տայ, ինչպէս նաեւ՝ թերթեր, գրադարաններ, եւայլն։ 1903 Յունիս 12-ին Նիկոլայ Բ․ ցարը հայկական եկեղեցւոյ կալուածներուն եւ գոյքերուն բռնագրաւումը կը հրամայէ, այսինքն՝ հայութեան ինչքը։ Հայ ժողովուրդին ազգային հարստութիւնը պաշտպանելու համար, «Հայկական ինքնապաշտպանութեան կեդրոնական կոմիտէ»ն կը կազմուի։ Հայութիւնը արագօրէն կը կազմակերպուի ու բողոքի ցոյցեր տեղի կ՛ունենան (Երեւան, Իգտիր, Աշտարակ, Թիֆլիս, Պաքու եւ Կարս), որոնք սակայն ոստիկանութեան միջամտութեան պատճառով արիւնալի ընդհարումներու կը վերածուին։ Հ․Յ․Դ․ եւ Հնչակեանները հայ զոհերուն վրէժը լուծելու համար, կառավարական կարգ մը պաշտօնեաններ կ՛ահաբեկեն կամ մահափորձի կ՛ենթարկեն։ 83-ամեայ Կաթողիկոս՝ Խրիմեան Հայրիկ, կը մերժէ յանձնել Սուրբ Էջմիածնի գանձերը։ Հայութեան միակամ դիմադրութենէն ետք, ռուս ցարը չեղեալ կը համարէ իր հրամանագիրը։ Փակուած հայկական կառոյցները կը վերաբացուին։

Հայութեան այս միահամուռ կեցուածքը կ՛անհանգստացնէ ցարը։ Անդրկովկասի թաթարները հայերուն դէմ կը լարէ։ 1905 Փետրուարին Պաքուի մէջ թաթարները զինուած, հայկական թաղերուն վրայ կը յարձակին․ կողոպուտ, կրակ, ջարդ։ նոյնը կը պատահի Երեւան, Նախիջեւան, Գանձակ։ Դաշնակցութիւնը Պաքուի մէջ կը յաջողի կազմակերպուիլ ու ռուսական բանակին մէջ հայ զինծառայողներուն օգնութեամբ կը հակադարձէ։ Իսկ, 1905 Մայիս 11-ին Թիֆլիսի մէջ Դրօն կ՛ահաբեկէ Նակաշիձէ կառավարիչը։

Քարտէս 1900․ Օսմանեան կայսրութեան նահանգները

1906 Օգոստոս 15-ին, Էջմիածնին մէջ կը սկսի ռուսահայութեան Սահմանադիր Ժողովը (կամ՝ Կեդրոնական Ժողով)։ Այս ժողովին, Խրիմեան Հայրիկ իր պատգամը կը փոխանցէ։ Օգոստոս 29-ին ոստիկանութիւնը ժողովը կը ցրուէ։ Կը յաջորդէ հալածանքներու սաստկացում։ 1908 ցարական իշխանութեան դէմ աշխատած ըլլալու մեղադրանքով մօտ 2 000 հայեր կը ձերբակալուին։ Մեծամասնութիւնը ազատ կ՛արձակուի եւ բանտարկուած կը մնան 146 դաշնակցականներ, որոնց հրապարակային դատավարութիւնը տեղի կ՛ունենայ Փեթրոկրատի մէջ 1912-ին։ 52 հոգի երկարատեւ բանտարկութեամբ կը դատապարտուին։

Բարենորոգումներու հայկական պահանջը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1912-13 Պալքանեան պատերազմէն Թուրքիան պարտուած դուրս կ՛ելլէ ու կը կորսնցնէ գրեթէ եւրոպական իր բոլոր հողերը։ Հետեւաբար իր բոլոր ուշադրութիւնը արեւելեան նահանգներուն վրայ կը կեդրոնացնէ ու օսմանացման (թրքացման) քաղաքականութիւն կը սկսի վարել։ Հայ ղեկավարութիւնը կը սկսի հետապնդել Պերլինի պայմանագրի 61-րդ յօդուածին մէջ առաջադրուած բարենորոգումներուն հարցը։

Թիֆլիսի մէջ կը գումարուի խորհրդակցական ժողով, որուն աւարտին կ՛ընտրուի «Ազգային Բիւրօ»ն ձեւակերպելու համար հայ ժողովուրդին պահանջները։

Պոլսոյ մէջ, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը հայկական պահանջներու նախագիծ մը կը պատրաստէ։

Թիֆլիսի եւ Պոլսոյ երկու նախագիծերը կը հաշտեցուին եւ Լոնտոնի ժողովին՝ 1913 Յուլիս 3, հայկական հարցը վեց պետութիւններուն ժողովին (գլխաւորութեամբ Ռուսիոյ, Գերմանիոյ, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի) նիւթը կը դառնայ։ Գերմանիան կը մերժէ հարցը քննել։ ժողովէն ետք, Ռուսիոյ դեսպանը Բարենորոգումներու Ծրագիրը օսմանեան կառավարութեան կը ներկայացնէ։ Բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ 1914 Յունուար 26-ին կը ստորագրուի ռուս-թրքական համաձայնագիրը, որ հայկական բարենորոգումներուն կը վերաբերի, սակայն Թուրքիան Ա․ Համաշխարհային պատերազմը իբրեւ պատրուակ կը բերէ եւ եւրոպացի նահանգապետները արեւմտեան Հայաստան չմտած, անոնց երկրէն կը հեռացնէ։

Ա․ Համաշխարհային Պատերազմ եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս Հայոց Ցեղասպանութիւնը

1914 Օգոստոս 2-ին Պոլսոյ մէջ պաշտօնապէս կը ստորագրուի Գերմանիա-Թուրքիա համաձայնութիւնը․ մէկ օր առաջ Գերմանիա պատերազմ յայտարարած է Ռուսիոյ դէմ։ Նոյեմբեր 4-ին Ռուսիան պատերազմ կը յայտարարէ Թուրքիոյ դէմ։ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին կը ջնջուին եւրոպացիներուն առանձնաշնորհումները։

Օսմանեան կայսրութեան մէջ զօրաշարժ կը յայտարարուի, հայերը չեն բացառուիր՝ սակայն կը զինաթափուին ու կամ կը գնդահակարուին եւ կամ ալ տաժանակիր աշխատանքի կ՛ենթարկուին մինչեւ ոչնցացուին։ Պատերազմին պատրուակով, քաղաքացիներէն բռնութեամբ դրամ եւ պարէն կը պահանջուի, ինչպէս նաեւ ամեն տեսակի «զէնք»՝ որսի հրացան, դանակներ․․․։

Սարիղամիշի ռուս-թրքական ճակատումէն ետք (Դեկտեմբեր 1914), թրքական բանակը վերադարձի ճամբուն վրայ կը թալանէ եւ կը կոտորէ անզէն հայ բնակչութիւնը։ Թրքական բանակին պարտութիւնը կը վերագրուի հայերուն, որոնց «եղբայրները» միւս կողմն են՝ ռուսահայաստան։ Հայերը անվստահելի կը համարուին։

1914 Օգոստոսէն, Պոլսոյ մէջ Յատուկ Կազմակերպութիւնը (Թեշքիլաթը Մահսուսէ Teşkîlât-ı Mahsûsa) բանտերէն ազատ կ՛արձակէ ոճրագործներ (Չեթէ) եւ զանոնք արեւելեան նահանգները եւ ուրիշ հայահոծ շրջաններ (Պոլիս, Ռոտոսթօ, Կիլիկիա, Հալէպ) կը ղրկէ հայեր սպաննելու եւ նոյնիսկ գիւղեր բնաջնջելու՝ թրքական ոստիկանութեան հանդուրժողութեամբ։

1914 Նոյեմբեր 21-ին Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին քրիստոնիայ թշնամիներուն դէմ «Սրբազան Պատերազմ» (ճիհատ) կը յայտարարուի։ 1915 Փետրուարին հայերու բնաջնջման որոշումի պաշտօնական հրամանագրերը կը ղրկուին ըլլայ բերանացի ըլլայ ծածկագիր հեռագրերով․ տեղահանութենէն վերապրողներուն կեդրոնը Հալէպն է։ 1915 Սեպտեմբերին Պատմական Հայաստանը հայերէ գրեթէ պարպուած, վրայ կը հասնի ներքին գործոց նախարար Թալէաթի հրամանագիր-հեռագիրը, որով կը տեղեկացուի թէ կառավարութիւնը որոշած է ջնջել հայերու իրաւունքը ապրելու եւ աշխատելու օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ կը հրահանգէ մանուկներուն անգամ չխնայել։

Օսմանեան կայսրութեան մօտ Ա․Մ․Ն․ Դեսպան Հենրի Մորկընթաուի հայկական ջարդերուն մասին տեղեկագրութիւնը Ա․Մ․Ն․ Կառավարութեան։ Համատարած ջարդերը կը նկարագրէ իբրեւ՝ «Ցեղի մը բնաջնջման կազմակերպուած փորձ»

1915 Ապրիլ 23-24ի ընթացքին Պոլսոյ եւ Իզմիրի հայ մտաւորականութիւնը կը ձերբակալուի («Հայ մտաւորականներու տեղահանութիւն» եւ կամ «Կարմիր Կիրակի»)․ 600 հայեր կը բանտարկուին եւ կամ օսմանեան տարածքին ներսերը կը քշուին ու չարչարանքներով կը սպաննուին։ Այս պատճառով հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութեան յիշատակումի օրը ճշդած է Ապրիլ 24-ը։

Ցեղասպանութիւն․ Առաջին անգամ այս բառը կը գործածուի Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ 1944 թուականին հրատարակած իր մէկ ուսումնասիրութեան մէջ (Genocide յունարէն γένος (ցեղ) եւ լատիներէն cida (սպաննութիւն) բառերու միացում), եւ կը բացատրէ․- «Ցեղասպանութիւն ըսելով, ըսել կ՛ուզենք ազգի մը կամ ցեղային խմբաւորումի մը բնաջնջումը»։

Որոշ վայրերու մէջ հայերը կը դիմադրեն՝ Զէյթուն, Վան, Տարօն, Սասուն, Շապին Գարահիսար, Մուսա լեռ, Ուրֆա։ Սակայն բացառելով Վանի յաջող ինքնապաշտպանութիւնը, մնացեալ շրջաններուն մէջ թուրքերը կը յաջողին տեղահանել եւ կամ տեղն ու տեղ կոտորել։ Պարպուած հայկական գիւղերն ու քաղաքները անմիջապէս կը բնակեցուին պալքաններէն փախստական թուրքերու եւ քիւրտերու կողմէն։ Հայութեան ինչքը կ՛անցնի անոնց եւ պետութեան ձեռքը։ Թուրքերը ամէն ճիգ կը թափեն հայկական հողերէն հայու հետքը ջնջելու համար։

Ռուս Նիկոլայ Բ․ ցարը, հայերուն հանդէպ իր քաղաքականութիւնը կը փոխէ․ ռուս բանակը Թուրքիոյ վրայ ապահով եւ անվտանգ շարժելու եւ հայկական բարձրաւանդակի լեռներէն անցնելու համար հայերուն պէտքութեան ունի։ Արեւելահայաստանի հայ ղեկավարութիւնը սկիզբին կասկածամիտ է ռուսերուն հանդէպ։ Ռուսական բանակին մէջ արդէն զինուորագրուած են շուրջ 150 000 հայեր։ Արեւմտահայաստանի հայութեան ահաւոր լուրերը կը հասնին։ Թիֆլիսի մէջ կովկասահայութեան ղեկավար Ազգային Բիւրոն յանձն կ՛առնէ եւ կ՛ընդառաջէ ցարական իշխանութեան առաջարկին․ կը կազմակերպուին 7 կամաւորական գունդեր՝ Հնչակեանները առանձին խումբ մը կը կազմեն․ 6-րդ գունդը։ Ամերիկայէն Հայաստան կը հասնին հարիւրաւոր կամաւորներ։

ՀՅԴ կազմակերպած «Նեմեսիս» գործողութեան մարտիկներ

Հակառակ եղած ջանքերուն, հայկական ջարդերուն լուրերը Օսմանեան սահմաններէն դուրս կ՛ելլեն։ 1915 Մայիս 23, դաշնակից երեք մեծ ուժերը՝ Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ռուսիա թրքական կառավարութեան ղրկած հեռագրով մը կը զգուշացնեն զայն․․․։ Սակայն, հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրող եւ ձեռնարկող ոճրագործները անոնց կողմէ երբեք պիտի չպատժուին (անոնք արդէն Թուրքիայէն դուրս փախած են)։ Անպատիժ մնացած ոճրագործները, մէկ առ մէկ կը սպաննուին «Նեմեսիսի Գործողութիւն» որոշումով։

Կամաւորական գունդերուն մուտքը Արեւմտահայաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1915 Մայիս ամսուն, չորս կամաւորական գունդեր Վանի պաշարուած հայութեան օգնութեան կը հասնին, ռուսական բանակը կը հետեւի անոնց։ Վանի ազատագրումէն ետք, անոնք Անդրանիկ զօրավարին հետ կ՛առաջանան դէպի Պիթլիս, սակայն ռուսերը հայկական հողերէն ետ քաշուելու հրամանը կը ստանան։ Արդէն ուշ է, Պիթլիսի, Սասունի եւ Մուշի հայութիւնը կոտորուած է։

1915 Դեկտեմբերին ցարական կառավարութիւնը կը հրամայէ կամաւորական խումբերուն ցրւումը եւ 1916 սկիզբին մինչեւ գարնան ռուսական բանակը կրկին կ՛ուղղուի հայաթափ Արեւմտահայաստանի շրջանները, ուր ցարական կառավարութեան հրամանով զինուորական իշխանութիւն պիտի ստեղծուի։

Ռուսական յեղափոխութենէն ետք, պոլշեւիկները կը յայտնաբերեն Դաշնակիցներու միջեւ Սայքս-Փիքօ գաղտնի պահուած համաձայնագիրը (1916 Փետրուար), որով Արեւմտահայաստանը կը բաժնուէր Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ։

İkdam Օսմանեան թերթի առաջին էջը, 4-11-1918․ կը տեղեկացնէ թէ Ճեմալ, Թալէաթ եւ Էնվեր Փաշաները Թուրքիայէն փախած են։
Արեւմտահայաստանը զինադադարէն ետք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւմտահայաստանի մէջ մնացած են քիչ թիւով հայեր։ Անոնց թիւին կ՛աւելնան Եղեռնէն փրկուած փոքրաթիւ հայեր, որոնք իրենց շրջանները կը վերադառնան (Կիլիկիան ներառեալ)։ Անոնք կ՛ապրին վախի եւ ստրուկի վիճակի մէջ․ շատեր կ՛իսլամանան, որպէսզի իրենց ընտանիքը փրկեն։

1918-ին հայերը հաւատալով Դաշնակիցներուն եւ յատկապէս Ֆրանսայի տուած խոստումներուն, հայկական լեգէոններ կը կազմեն եւ կը կռուին ֆրասական բանակին կողքին․ Ֆրանսա Կիլիկիոյ հայութեան ինքնիշխանութիւն խոստացած էր։ Եւ սակայն, 1920-ին յանկարծակի՝ Կիլիկիայէն դուրս կու գայ։

Արեւելահայաստանը եւ ռուսական յեղափոխութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ա․ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին, Ռուսիոյ տնտեսութեան նախապէս ծանր վիճակը ա՛լ աւելի կը վատթարանայ։ 1917-ի Մարտ ամսուն յեղափոխութիւնը կը յաջողի եւ կ՛ոգեւորէ Կովկասի ժողովուրդներուն ալ (կայսրութեան գլխաւոր քաղաքներուն մէջ ծայր առած ցոյցերուն եւ գործադուլներուն իբրեւ հետեւանք, Մայիս 15-ին ռուս Ցարը՝ Նիկոլայ Բ․ կը ստիպուի հրաժարիլ գահէն)։

Օզակոմ եւ Պոլշեւիկեան յեղափոխութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռուս ժամանակաւոր կառավարութիւնը կը նշանակէ Կովկասեան վարչամեքենան՝ Օզակոմը։ Վերջինս, հայ կամաւորական եւ ֆետայական խումբերը կը զինաթափէ։ Սակայն, շնորհիւ հայ ղեկավարութեան (մասնաւորաբար Հ․Յ․Դ․), վիճակը կը փոխուի եւ Ցեղասպանութենէն մեծ թիւով վերապրողներ Երկիր կը վերադառնան։ Սակայն մտահոգ եղելութիւններէն՝ 1917 Հոկտեմբերին Թիֆլիսի մէջ կը գումարուի Արեւելահայոց Համագումարը, որու աւարտին կ՛ընտրուի 15 անդամներէ բաղկացած Հայոց Ազգային Խորհուրդը՝ նախագահութեամբ Աւետիս Ահարոնեանի։

1918․ հայ կամաւորներու գունդ

1917, Նոյեմբեր 7-ին Ռուսիոյ տարածքին կը պայթի պոլշեւիկեան յեղախոփութիւնը (հին տոմարով՝ 24-25 Հոկտեմբեր 1917), որ 1918 Յունուար 18-ին կը պարտադրէ իր վարչակարգը։ Այս յեղաշրջումներուն առընթեր, Կովկասեան ճակատներուն վրայ կը շարունակուի ռուս-թրքական պատերազմը։

1917 Նոյեմբեր 24-ին Թիֆլիսի մէջ կ՛առաջանայ Կովկասեան Կոմիսարիատը՝ Սոցեալ-դեմոկրատ Մենշեւիկ, Հ․Յ․Դ․, Մուսաւաթ եւ Կովկասեան ուրիշ կուսակցութիւններու մասնակցութեամբ։ Իսկ 1918 Փետրուար 10-ին Թիֆլիսի մէջ կը կազմուի Սէյմը․ Մարտ ամսուն կը հռչակուի Կովկասի անկախ հանրապետութիւնը (հայեր, ազերիներ, վրացիներ եւ Անդկովկասի ուրիշ ազգեր), սակայն ներքին տարակարծութիւնները եւ արտաքին միջամտումները ու ազգային քաղաքական շահերը անոր արագ լուծման պատճառ կ՛ըլլան։

Երզնկայի Զինադադարն ու Պրեսթ-Լիթովսկի հաշտութեան համաձայնագիրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինչ Դեկտմեբեր 5-18, Երզնկայի Զինադադարի բանակցութիւնները` Կովկասեան Կոմիսարիատի պատուիրակութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ կ՛առաջանան, ու Սէյմը Տրապիզոնի մէջ վերջնական համաձայնութեան համար կը պատրաստուի, անդին ռուսական զօրքերը կը հեռանան Կովկասեան ճակատէն եւ Լենին Կեդրոնական Պետութիւններուն հետ Մարտ 3-ին, կը ստորագրէ Պրեսթ-Լիթովսկի Պայմանագիրը, որով պոլշեւիկեան Ռուսիան Թուրքիոյ կը յանձնէ Կարսը, Արտահանը եւ Պաթումը։ Ռուսական զօրքերու հեռացումով, թուրքերը 1918-ի Փետրուարին կ՛անցնին յարձակման եւ օգտուելով Սէյմի մէջ ստեղծուած խառնակ վիճակէն, երկու ամսուան ընթացքին ետ կը գրաւեն Արեւմտեան Հայաստանի տարածքները։

1919, Մայիս 28․ Հայաստանի Անկախութեան Տօն, Երեւան
Պաթումի բանակցութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1918 Մայիս ամսուան ընթացքին, Պաթումի մէջ տեղի կ՛ունենան Կովկասեան Հանրապետութեան պատուիրակութեան եւ թուրքերու միջեւ հաշտութեան բանակցութիւնները։ Սակայն միաժամանակ, թրքական բանակը կը շարունակէ յարձակումները եւ յառաջխաղացքը դէպի Երեւանի նահանգը։ Թուրքերը Կովկասի պատուիրակութենէն կը պահանջեն Երեւանի նահանգէն հողամասեր։ Մայիս 26-ին Սէյմը կը լուծուի, հետեւաբար՝ Կովկասի Հանրապետութիւնն ալ եւ երեք ազգերը՝ հայեր, վրացիներ, ազերիներ, իրենց անջատ անկախութիւնը կը յայտարարեն։ Սակայն, իրարու միջեւ հողային հարցերը, կռիւներու կ՛առաջնորդեն։

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մօտաւորապէս ինը տարեր ետք, Պատմական Հայաստանի տարածքէն բաժին ինկած պզտիկ հողին վրայ, ջարդերէն եւ տեղահանութենէն յուսալքուած ժողովուրդով եւ տնտեսապէս քայքայուած՝ Հայաստանը կ՛անկախանայ։ Անկախութիւնը կը գոյատեւէ երկու տարի ծանր պայմաններու մէջ՝ բազմահազար գաղթականներ, պատերազմական վիճակ, սով ու համաճարակներ, քաղաքական ներքին ընդհարումներ։

Մուտրոսի համայնապատկեր․ Լիմնոս կղզի, Յունաստան

Մայիս 24-28, Սարտարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ հայութիւնը կը յաջողի ետ մղել թրքական բանակները։ Մայիս 28-ին կը հռչակուի Հայաստանի Անկախութիւնը եւ պաշտօնապէս կը յայտարարուի Ազգային Խորհուրդին կողմէ Մայիս 30-ին․ Յովհաննէս Քաջազնունին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ կը նշանակուի։ Յունիս 4-ին Պաթումի մէջ կը կնքուի խաղաղութեան եւ բարեկամութեան դաշնագիրը, Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան եւ Օսմանեան Կայսերական կառավարութեան միջեւ։ Հայաստանի պետական դրօշը՝ եռագոյնը, կը վաւերացուի Երեւանի եւ Թիֆլիսի Ազգային Խորհուրդներու խառն նիստին՝ Երեւանի մէջ։ 1918-ի Օգոստոս 1-ին Հայաստանի Խորհուրդի պաշտօնական բացման օրը, եռագոյնը կը ծածանի խորհրդարանի շէնքին վրայ։ Արագ ժամանակամիջոցի մէջ կը ստեղծուին պետական եւ վարչական կառոյցներ՝ կառավարութիւն, խորհրդարան (1919-ին կը կատարուին խորհրդարանի առաջին ազատ ընտրութիւնները)։ Կը մշակուին դիւանագիտական եւ առեւտրական յարաբերութիւններ․ Դաշնակից պետութիւնները կը ճանչնան Հայաստանի անկախութիւնը։ Հակառակ շրջանի անկայուն վիճակին, թափ կը տրուի վերաշինութեան։ Կը կանոնուորուի երկաթուղագիծի եւ ճամբաներու ցանցը։ Կը բացուի հայկական առաջին բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը՝ Ալեքսանտրուպոլի (Կիւմրի) պետական համալսարանը (1920, Յունուար 31), իսկ՝ 1919 Մայիս 16, կ՛որոշուի հիմնել Երեւանի Համալսարանը։ Հայերէնը կը ճանչցուի իբրեւ պետական լեզու, կը կազմաւորուի հայկական բանակը։ 1919, Մայիս 28-ին Հայաստանի սահմանները կը հասնին մինչեւ Կարս եւ Արտահան․ կը յայատարարուի Միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը։ 1920 Յունուար 19-ին Դաշնակից Պետութիւնները կը ճանչնան Հայաստանի defacto անկախութիւնը։

1919․ Փարիզի վեհաժողովը․ նկար՝ Ուլիամ Օրֆէն
Մուտրոսի զինադադարի համաձայնագիրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1918 Հոկտեմբեր 30-ին ստորագրուած Մուտրոսի զինադադարէն ետք, օսմանեան բանակը Կովկասէն կը նահանջէ։ Հայկական բանակը կը հետեւի եւ ձմրան կը յաջողի վերագրաւել Երեւանի նահագէն շրջաններ։ Ըստ Դաշնակիցներուն համաձայնութեան, անգլիական բանակը կը մտնէ Կովկաս, որպէսզի գերմանական եւ թրքական ուժերը վտարէ։

Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1919-ի Յունուարին, Փարիզի մէջ յաղթական Դաշնակից Պետութիւններու համաժողովը կը գումարուի։ Անպաշտօն կը մասնակցին հայերը եւ Փետրուար 12-ին Հայաստանի պատուիրակութիւնն ու արեւմտահայոց «Հայոց Ազգային Պատուիրակութիւնը» միացած եւ գլխաւորութեամբ Աւետիս Ահարոնեանի եւ Նուպար Փաշայի, հայութեան պահանջները կը ներկայացնեն։

  • Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ աւելի ետք Ամերիկայի ներկայացուցիչներ, հայերուն մեծ խոստումներ տուած էին՝ պատերազմէն ետք լուծել հայկական հարցը։
1926․ բացիկ․ Ս․ Ամենափրկիչ եկեղեցին եւ Կիւմրի քաղաքը
Սիւնիք
Պաքուի հայութեան ջարդը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1918 Սեպտեմբերին թրքական բանակը անակնկալօրէն կը յարձակի պոլշեւիկեան իշխանութեան տակ գտնուող Պաքուի վրայ։ Անգլիական փոքրաթիւ զօրքը Պաքու կը մտնէ եւ կը մասնակցի քաղաքին պաշտպանութեան․ Պաքուի Ազգային Խորհուրդն ալ յանձն կ՛առնէ հայերուն պաշտպանութիւնը։ Սակայն, պոլշեւիկներուն եւ ագլիական զօրքին յանկարծակի հեռացումով, հայերը մինակ կը մնան թուրք բնակչութեան դէմ։ Սեպտեմբեր 15-ին քաղաքին 70 000 հայերուն կէսը կը բռնէ գաղթի ճամբան։ Նոյն օրը թուրք բնակչութիւնը զօրքին օգնութեամբ կը սկսի թալանել ու ջարդել մնացեալ հայութիւնը։ Մօտաւորապէս 20 000 հայեր կը զոհուին։

Հողային հարցեր դրացիներուն հետ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անկախութեան առաջին օրէն իսկ, Վրաստանն ու Ատրպէյճանը թշնամական վերաբերմունք կ՛ունենան։

Վրաստան վիճելի հարց կը դարձնէ Ախալքալաքի եւ Լոռիի շրջանները։ 1918-ի Հոկտեմբերին, երբ օսմանեան բանակը կը քաշուի, հայկական բանակը Դրոյի գլխաւորութեամբ Լոռին կը գրաւէ։ 1919-ի վերջերուն, վրացական կառավարութիւնը կը բռնագրաւէ Թիֆլիսի հայոց զինամթերքի պահեստները եւ կ՛արգիլէ հայկական հաստատութիւններուն եւ անհատներուն զէնք կամ որեւէ օգնութիւն Հայաստան ղրկել։

Ատրպէյճանի հետ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1918-ի ամրան, Ղարաբաղի հայութիւնը կը յաջողի դիմադրել օսմանեան բանակի յարձակումներուն։ Զինադադարէն ետք, երբ վերջինները կը քաշուին, զօրավար Անդրանիկը կ՛ուղղուի դէպի Շուշի, որպէսզի Ղարաբաղը Հայաստանին միացուի։ Սակայն, անգլիացի հրամանատարը Անդրանիկին կը հրահանգէ ետ քաշուիլ, որովհետեւ Ղարաբաղի ապագան՝ ըստ հրամանատարին, պիտի որոշուէր հաշտութեան խորհրդաժողովին ընթացքին։ Նոյն հրամանատարը, հաշտութեան խորհրդաժողովէն առաջ, Պաքուէն կը յայտարարէ թէ Լեռնային Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը առ այժմ Ատրպէյճանին կը պատկանին։ Ատրպէյճան ժամանակ չի կորսնցներ եւ կը շրջափակէ Ղարաբաղը։ Հակառակ տնտեսական եւ ռազմական շրջափակումին, Ղարաբաղի հայութիւնը ամիսներ կը դիմադրէ։

  • Շարուր (կարմիրով)․ Նախիջեւան
    1919-ի ամրան Ատրպէյճանը՝ երբ Հայաստանը սահմանները կը մեծցնէ գրաւելով Կարսը, Շարուրը, Նախիջեւանն ու Սուրմալուն, Հայաստանի մահմետականները ապստամբութեան մղելով կը փորձէ Հայաստանէն հողեր խլել։ Առաւել, Դաշնակիցներուն կողմէ «Հայաստանի Ընդհանուր Կոմիսար» նշանակուած ամերիկացի գնդապետ Հասկըլ, 1919 Օգոստոսին Պաքու կը մեկնի ու Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ կը ստորագրէ համաձայնագիր մը, որով Շարուր - Դարալագիազ - Նախիջեւանը վիճելի հողատարածքներ կը համարուին եւ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը՝ Ատրպէյճանին յանձնուին։
Կարմիր Բանակի եւ թրքական զօրքերուն յառաջխաղացքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1920-ի ամրան, Պաքուի մէջ Մոսկուայի եւ Մուսթաֆա Քեմալի ներկայացուցիչները կը հանդիպին, հայ-ատրպէյճանական հողային հարցերը կարգադրելու համար։ Կարմիր բանակը եւ ատրպէյճանցիները միացած կը կռուին Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի մէջ։ Հայերը կը դիմադրեն Գարեգին Նժդեհի եւ Դրոյի գլխաւորութեամբ։ 1920, Օգոստոս 10-ին, Թիֆլիսի մէջ, Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը պարտադրուի ստորագրել համաձայնագիր մը, որով հողային զիջումներ կ՛ընէ, որպէսզի կանգ առնէ Կարմիր Բանակին յառաջխաղացքը։ Իսկ երկու շաբաթ ետք, Մոսկուայի մէջ կը կնքուի Խորհրդային Ռուսիոյ եւ քեմալական Թուրքիոյ համագործակցութեան դաշինքը։

1921, փոտրուար․ Պոլշեւիկեան ուժերու կողմէն սպաննուած Երեւանի բանտարկեալները

1920 Սեպտեմբեր 23-ին կը սկսի հայ-թրքական պատերազմը։ Միաժամանակ, 1920 Հոկտեմբեր 14-ին Խորհրդային Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը կ՛որոշէ Հայաստանը խորհրդայնացնել եւ այդ ուղղութեամբ ռազմական եւ քաղաքական ճնշումներ կը բանեցնէ։ Հոկտեմբեր 30-ին քեմալական զօրքերը Կարսը կը գրաւեն եւ կը շարժին դէպի Ալեքսանտրապոլ՝ Կիւմրի։ 1920, Նոյեմբեր 18-ին Հայաստանի կառավարութիւնը եւ Մուսթաֆա Քեմալին ներկայացուցիչը զինադադարի համաձայնագիր կը ստորագրեն․ թուրքերը մինչեւ Ալեքսանտրապոլ հասած են եւ քաղաքին հայութիւնը կոտորածի վտանգի տակ է։ Նոյեմբեր 29-ին Խորհրդային Ռուսիան Հայաստանի խորհրդային կարգեր պարտադրող վերջնագիր կը ներկայացնէ (Պորիս Լեգրանի ձեռամբ) Հայաստանի կառավարութեան, իսկ Նոյեմբեր 30-ին Մուսթաֆա Քեմալին ներկայացուցիչը Ալեքսանտրապոլի՝ Կիւմրի, մէջ վերջնագիր կը ներկայացնէ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ա․ Խատիսեանին։ Իսկ, Դեկտեմբեր 3-ին լուսաբացէն առաջ, Հայաստանի հրաժարած կառավարութիւնը կը ստորագրէ թուրքերուն առաջարկած պայմանները։

Սեւրի Դաշնագիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1920 Օգոստոս 10-ին Փարիզի արուարձան Սեւրի մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմը յաղթած երկիրներու եւ սուլթանական Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու միջեւ կը կնքուի հաշտութեան պայմանագիր՝ Սեւրի Դաշնագիրը։ Հայաստանը Թուրքիոյ կողմէն կը ճանչցուէր իբրեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ անկախ պետութիւն․ Հայաստանին յատկացուած է դաշնագիրին 6-րդ բաժինը, յօդուածներ՝ 88 - 93։ Սակայն, քեմալական Թուրքիան օգտուելով յաջորդող միջազգային նոր իրադարձութիւններէն, կը փորձէ Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը փոխարինել կամ անորմէ հրաժարիլ։

1920 Նոյեմբեր․ Կարմիր Բանակի 11-րդ զօրագունդի մուտքը Երեւան

Խորհրդային կարգերու հաստատումը Հայաստան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1920, Դեկտեմբեր 2-ին, Հայաստանի կառավարութեան եւ Մոսկուայի լիազօր՝ Պ․ Լեգրանի միջեւ ստորագրուած համաձայնութեամբ, կը կազմուի առժամեայ «յեղափոխական կառավարութիւն», Դրոյի գլխաւորութեամբ։ Հայաստանին կը մնան Կարսի շրջանի մեծ մասը, Շարուր - Նախիջեւանն ու Զանգեղուրը։ Դեկտեմբեր 5-ին Հայաստան կը մտնէ Յեղկոմը՝ Հայաստանի առաջին պոլշեւիկ իշխանութիւնը։ Ըստ համաձայնութեան, քաղաքական հալածանքներ տեղի պիտի չունենան, սակայն, անոնք կը սկսին ու կը սաստկանան, ինչպէս նաեւ հայ բնակչութեան պահեստները կը խլուին, բանտ կը նետուին եւ կամ կ՛աքսորուին բոլոր ոչ պոլշեւիկ քաղաքական անձերը, մտաւորականներ, նոյնիսկ հայ բանակին բոլոր սպաները։ Շուրջ 2-3 ամիս սարսափի մթնոլորտ կը տիրէ։ Թուրքերը կը շարունակեն մնալ Կարս ու Ալեքսանտրապոլ։ Երկրին տարածքին ապստամբութիւններ կը ծագին*։ Այս կացութեան մէջ, կը ստեղծուի «Հայաստանի փրկութեան կոմիտէ»ն։

  • Փետրուարեան ապստամբութիւն1921, Փետրուար 16-էն Հայաստանի բոլոր շրջաններէն դէպի Երեւան կը շարժին ապստամբներ։ «Հայաստանի փրկութեան կոմիտէ»ն կը պահանջէ Յեղկոմին հեռացումը։ Վերջինս, Փետրուար 17-ին գիշերը կը հրամայէ կացինահարուին բանտերուն մէջ գտնուող քաղաքական եւ մտաւորական դէմքերէն մաս մը, եւ ապա անոր անդամները Երեւանէն կը փախչին։ Փետրուար 18-ին, ժողովուրդը ապստամբներուն կը միանայ, Երեւան կը հասնին ու բանտերէն կ՛ազատեն մնացեալ քաղաքական եւ մտաւորական դէմքերը։ «Հայաստանի փրկութեան կոմիտէ»ն երկրին ղեկը կը ստանձնէ։

Մոսկուայի մէջ, 1921 Մարտ 16-ին, ռուսերն ու թուրքերը Հայաստանի հողերը իրարու մէջ կը բաժնուին․ Կարսն ու Սուրմալուն Թուրքիոյ կը յանձնուին, իսկ Շարուրն (Նորաշէն՝ անոր վարչական կեդրոնը) ու Նախիջեւանը՝ Ատրպէյճանին։

Երեւանէն սկսող եւ Նոր Խարբերդէն անցնող ճանապարհը 1930-ականներու սկզբին

Առժամեայ «ազատութիւնը» երկար չի տեւեր։ Մարտ 25-ին Կարմիր Բանակը Հայաստանի վրայ կը յարձակի եւ Ապրիլ 2-ին Երեւանի մէջ պոլշեւիկեան իշխանութիւնը կը վերահաստատէ։ «Հայաստանի փրկութեան կոմիտէ»ն եւ Երեւանի բնակչութեան մէկ մասը քաղաքը կը լքեն ու դէպի Լեռնահայաստան* կը շարժին։ Կարմիր Բանակը, Երեւանի գրաւումէն ետք, Լեռնահայաստանին վրայ կը յարձակի։

  • Լեռնահայաստան․ Հայաստանի մէջ Յեղկոմին իշխանութեան հաստատումէն անմիջապէս վերջ, 1920, Դեկտեմբեր 25-ին, Տաթեւի վանքին մէջ «Ազատ Սիւնիք» կամ հետագային Ղարալագիազին (Վայոց Ձոր) միացումով՝ «Լեռնահայաստան» անունով Զանգեզուրը ինքնիշխան կը յայտարարուի։ Կեդրոնը՝ Գորիսն է, իսկ իշխանութեան կազմը Գարեգին Նժդեհը կը գլխաւորէ։ Լեռնահայաստանի բնակչութիւնը, հակառակ շրջապատուած ըլլալուն, մինչեւ Յուլիս կը դիմադրէ Կարմիր Բանակին դէմ։ Յուլիս 2-ին Կարմիր Բանակը Գորիսը կը գրաւէ, իսկ 10 000 հայ գաղթականներ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարները Արաքս գետը անցնելով Պարսկաստան կ՛ապաստանին։

Սակայն, Լեռնահայաստանի բնակչութեան դիմադրութիւնը, պատճառ կը դառնայ որ շրջանը կցուի Խորհրդային Հայաստանին։

Խորհրդային Հայաստան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Խորհրդային Հայաստանի զինանշանը

Հայաստանը, հակառակ անցուցած բազմատեսակ դժուարութիւններուն, ինչպէս օրինակ՝ 1930 - 1938 հայ մտաւորականութեան սաստիկ հալածանքներ ու մաքրագործումներ (Յովհաննէս Քաջազնունի, Աղասի Խանջեան, Եղիշէ Չարենց, Ակսել Բակունց, Վահրամ Ալազան, Գուրգէն Մահարի, Վահան Թոթովենց, Զապէլ Եսայեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խորէն Ա․, նոյնիսկ պոլշեւիկ ղեկավարներ՝ Սարգիս Կասեան, Աւիս Նուրիջանեան, Սա­հակ Տէր Գաբ­րի­է­լե­ա­ն եւ շատ ուրիշներ), հայերէն լեզուի հեռացումը արմատներէն՝ ստեղծելով նոր ուղղագրութիւն, կը յառաջդիմէ գիտութեան, շինարարութեան, գործառարութեան, քաղաքակրթութեան, մշակոյթի, տնտեսութեան մարզերէն ներս։ Համաշխարհային համբաւի կ՛արժանանան հայ գիտնականներ, գրագէտներ, բանաստեղծներ, երաժիշտներ, նկարիչներ ․․․։

Հայաստան Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1941 Յունիսին, Գերմանիան կը յարձակի Խորհրդային Միութեան վրայ։ Հայաստանի ժողովուրդին 20%՝ 300 000 հոգի, ռազմաճակատ կը մեկնի։ 75 000 կը զոհուի պատերազմի դաշտերուն վրայ եւ մօտաւորապէս 100 000 հաշմանդամ կը մնայ։ Պատերազմի աւարտին, հայ ժողովուրդին իրաւունք կը տրուի ընտրելու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս (աթոռը թափուր մնացած էր 1938-էն ի վեր)։

ԱԶԱՏ ՕՐ, Երեքշաբթի, 24 Յուլիս 1945. Աթէնք, Յունաստան
Հողային պահանջներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սփիւռքի մէջ նորաստեղծ Հայ Դատի Յանձնախումբը, 1945, Մարտ 7-ին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան բացման առիթով (ՄԱԿ), Արեւմտահայաստանը Խորհրդային Հայաստանին կցելու յուշագիր մը կը յանձնէ։ Յուշագրին մէջ կը յիշուի աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայութեան հայրենիք վերադառնալու բաղձանքը։ Զանազան հայ կազմակերպութիւններ նոյնանման դիմումնագրեր կը յղեն մեծ պետութիւններուն եւ կամ ալ Մոսկուա։ Մոսկուա (հոս՝ Խորհրդային Միութեան վարչամեքենան) դրական կ՛ընդունի հայութեան խնդրանքը․ Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին ու վերջաուորութեան, Մոսկուան կը ձգտէր ընդլայնել Խորհրդային Միութեան սահմանները։ Կ՛արտօնուի ներգաղթը․ պատերազմի ընթացքին արտասահմանի հայերը շատ լաւ կրնային փոխարինել տասնեակ հազարներով հայ զոհերը։ Խորհրդային Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ խանդավառութիւն կը տիրէ, յոյսով թէ Հայաստանին պիտի վերադարձուին Կարսն ու Արտահանը, Ղարաբաղը, Նախիջեւանն ու Ախալքալաքը։ Այս ուղղութեամբ, Սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ ներգաղթի կազմակերպման համար կոմիտէներ կը կազմուին։

Սակայն խաբկանք մըն էր։ 1947-ին Հայաստանի Կոմկուսի առաջին քարտուղար Գրիգոր Յարութիւնեան կը յայատարարէ թէ Հայաստանը արագօրէն պիտի ընդունի մինչեւ 400 000 հայեր, բայց 1948-ին՝ 100 000 հայեր ընդունելէ ետք, ներգաղթը կանգ կ՛առնէ։ Մոսկուայի քաղաքականութիւնը փոխուած էր։

Հայաստանի ժողովուրդը կը յիշէ ու կը յարգէ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սարտարապատի յուշակոթողը

1915-ի Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակին համար կը կանգնեցնէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր՝ Ծիծեռնակաբերդը․ աշխատանքները կը տեւեն երկու տարի՝ 1965-1967։ Բացումը տեղի կ՛ունենայ Նոյեմբեր 29, 1967:

1918 Մայիս 21-29 մեծ յաղթանակին համար, կը կանգնեցնէ Սարտարապատի յուշահամալիրը։

1988-ի երկրաշարժը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1988 Դեկտեմբեր 7-ին, կէսօրուան ժամը 11։41՛ 6․9 Ռիխթըրի ուժգնութեամբ ահաւոր երկրաշարժ մը կը ցնցէ ամբողջ Հայաստանը։ Զոհերու թիւը կ՛անցնի տասնեակ հազարները։ 500 000-է աւելի անտուն կը մնան։ Ամբողջ Սփիւռքը օգնութեան կը հասնի․ հայութիւնը աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը կը շտապէ ու ամէն տեսակի օգնութիւն կը հասցնէ ու տարիներ կը շարունակէ հասցնել Հայաստանին։ Մշակոյթի տարբեր բնագաւառներէն ներս համբաւ ստացած Սփիւռքահայեր ամէն ձեւով նեցուկ կը կանգնին հայրենիքին, ինչպէս օրինակ՝ «Քեզի Համար, Հայաստա՜ն» երգը՝ կատարուած Ֆրանսայի 87 նշանաւոր երգիչներու կողմէ․ յօրինող՝ Ժորժ Կառվարենց, բառերուն հեղինակ՝ Շարլ Ազնաւուր։

Ժամանակակից շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ազատ ու Անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խորհրդային Միութեան տապալումէն ետք, Հայաստան 1991, Սեպտեմբեր 21-ին կը վերագտնէ իր անկախութիւնը, որ միջազգային ճանաչում կը ստանայ։ Հակառակ եկած դժբախտութիւններուն ու բոլոր դժուարութիւններուն, Սփիւռքի օգնութեամբ երկիրը կը զարգանայ։

1998-ին առաջին ընտրուած նախագահը՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը կը հրաժարի, նոր նախագահ կը դառնայ Ռոպերտ Քոչարեանը։ Երկրորդ թեկնածուն՝ Կարէն Տեմիրճեանը, որ խորհրդային կարգերու ժամանակ առաջին քարտուղարն էր (1974–1988), կ՛ընտրուի Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ, իսկ հրամանատար Վազգէն Սարգսեանը՝ Հայաստանի վարչապետ։ 1999, Հոկտեմբերի 27-ին Ազգային ժողովին սրահին մէջ ողբերգութիւն կը կատարուի. կը սպանուին Կարէն Տեմիրճեան, ՎազգԷն Սարգսեան եւ 6 պատգամաւորներ։ Այդ ժամանակ, Ազգային Անվտանգութեան ղեկավարն է Սերժ Սարգսեան, որ 2008-ին կը դառնայ Հայաստանի երրորդ նախագահը։

2015, Դեկտեմբերի 6-ին տեղի կ՛ունենայ սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէ, որուն արդիւնքներուն համաձայն, Հայաստան կ՛անցնի կառավարման խորհրդարանական համակարգին, այսինքն երկրի գլխաւոր դէմքը վարչապետը կը դառնայ:

Հայկական Դրամ․ Ի պատիւ Համահայկական առաջին խաղերուն

2018, Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն ընթացքին կը կատարուի «թաւշեայ յեղափոխութիւնը»։ Հետեւանքն է՝ Սերժ Սարգսեանը 2018, Ապրիլ 23-ին հրաժարի իր պաշտօնէն եւ Մայիս 8-ին Ազգային ժողովը Հայաստանի վարչապետ ընտրէ Թաւշեայ Յեղափոխութեան առաջնորդը՝ Նիկոլ Փաշինեան։

Տնտեսական գաղթողներ․ արտագաղթ, ներգաղթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի Անկախութեան վերականգնումէն ետք, առաջին տարիներու տնտեսական ճգնաժամին պատճառաւ, գաղթականութեան մեծ ալիք մը կը սկսի գլխաւորաբար դէպի Ռուսիա, Եւրոպա եւ Ամերիկա։ Սակայն վերջին տարիներուն, կը նկատուի երկչոտ քայլերով ներգաղթ մը։ Իսկ Սուրիոյ տագնապին պատճառով, Սուրիահայութեան մեծ թիւ մը Հ․Հ․ կը հաստատուի։

Հայաստանը միջազգային ճանաչում կը ստանայ։ Մշակոյթի տարբեր բնագաւառներէ ներս կը կատարուին զանազան ձեռնարկներ։ Նշենք գլխաւորները․-

Համահայկական խաղերը՝ սկսած 1999 թուականէն,

Ոսկէ Ծիրանի փառատօն՝ սկսած 2004 թուականին,

1996-ին տեղի կ՛ունենայ ճատրակի( շախմատ) միջազգային ողիմպիականը, 2011-ին՝ Մանկական Եւրոտեսիլը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ուրիշ փառատօներ, հանդէնսեր, ցուցադրութիւններ։

2018-ին կը նշուի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը եւ Երեւանի 2800-ամեակը։

Քարտէս ըստ 9 Նոյեմբեր 2020ի վիճակի․ նարնջագոյնով՝ Արցախի Հանրապետութեան ներկայ տարածքները, իսկ բաց կապոյտ երանգներով շրջանները Ազրպէյճանի հակակշիռին տակ գտնուող տարածքներն են։ Դեղինով տարածքներն ալ Ատրպէյճանի յը յանձնուին։

1991 Սեպտեմբեր 2-ին, Լեռնային Ղարաբաղը կը հռչակէ իր անկախութիւնը։ Արցախը ծանօթ է նաեւ Փոքր Սիւնիք, Խաչենի Իշխանութիւն կամ Ղարաբաղ անուններով։

Արցախեան Ազատամարտ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արցախեան ազատագրական պատերազմը կը ծագի երբ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կը յարձակին Արցախի Հանրապետութեան դէմ։ Հայերը միացեալ ուժերով կը ստեղծեն հայոց ազգային բանակ եւ կը յաջողին ետ մղել թշնամիին գրոհը եւ ազատագրել Արցախը: Զոհ կ՝ երթան հազարաւոր հայ խաղաղ բնակիչներ։ Սակայն, հայկական ուժերուն վճռական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք թշնամին զինադադար կը խնդրէ, որ կը կնքուի Մայիս 12, 1994-ին։ Զինադադարը յաճախ կը խախտուի ազերիներուն կողմէ, մինչեւ 2020, Սեպտեմբեր 27, երբ՝ Ատրպէյճան ծրագրուած յանկարծակի լայնածաւալ յարձակում կը գործէ Արցախին վրայ։

Յարձակում Արցախի վրայ, Սեպտեմբեր 27, 2020
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կիրակի Սեպտեմբեր 27-ին, վաղ առաւօտեան ժամերուն Արցախի հանրապետութիւնը թիրախ կը դառնայ Ատրպէյճանի լայնածաւալ նախայարձակման: Անդադար կը ռմբակոծուին Արցախի քաղաքներն ու գիւղերը։ Կը հրթիռակոծուին նաեւ Հ․Հ․ կարգ մը սահմանամերձ շրջաններ։ Կը մահանան ու կը վիրաւորուին անզէն բնակիչներ․ կիներ, երեխաներ եւ ծերունիներ։ Պատերազմը անհաւասար է․ Ատրպէյճանը բանակին մէջ ներառած է հարիւրաւոր օտար վարձկան զինուորներ եւ կը գործածէ իսրայէլեան անօդաչու սարքեր, ինչպէս նաեւ թրքական օդային զինուժ։ Հայկական բանակը (Արցախի բանակը եւ հայ կամաւորական ջոկատներ․ Հայաստան ընդհանուր զօրակոչ չի յայտարարեր) չունի հնարաւորութիւնները դիմադրելու Ատրպէյճանի զինական արդի սարքերուն, սակայն հայ զինուորները իրենց մօտ ունեցած պահեստով եւ անժամանակակից զինամթերքով թշնամիին յարձակումներուն կը դիմադրեն։

Նոյեմբեր 10, ժամը 01։00'ին, Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը կը հրապարակէ Հայաստանի վարչապետին, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն կողմէ ստորագրուած պատերազմի ամբողջական կրակի դադրեցման յայտարարութիւն մը։ Պատերազմի դադրեցման պայմանները շատ ծանր են Հայաստանի եւ Արցախին համար։ Արցախ կը կորսնցնէ հողատարածքներ, իսկ Հայաստան կը յանձնէ 1994-ին գրաւած տարածքները։ Նաեւ, ռուս խաղաղապահներ կը տեղակայուին նոր սահմանային գօտիներուն վրայ։ Առաւել, Հայաստանը կը պարտաւորուի Սիւնիքի հարաւը, պարսկական սահմանին զուգահեռ, ճանապարհ բանալ (Մեղրիի միջանցք), որպէսզի Ատրպէյճան միանայ իր կազմին մէջ ընդգրկուած Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան եւ հետեւաբար՝ Թուրքիոյ։

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին շէնքը

Դեկտեմբեր 2015-ի հանրաքուէին, Հայաստանի քաղաքացիները Հայաստանի վարչակարգին փոփոխութեան՝ ունենալ Ժողովրդավար Հանրապետութիւն, թեր կը քուէարկեն։

Հայաստանի բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինը Ազգային Ժողովն է։ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւնը գործադիր իշխանութեան բարձրագոյն մարմինն է: Վարչապետն է կառավարութեան ղեկավարը (ՀՀ Սահմանադրութեան 147-րդ յօդուած) եւ ըստ այնմ կը գործէ՝ կառավարութեան ծրագրի շրջանակներուն մէջ կ՛որոշէ կառավարութեան քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները, կը ղեկավարէ կառավարութեան գործունէութիւնը եւ կը համակարգէ կառավարութեան անդամներուն աշխատանքը։

Հ․Հ․ Կառավարութեան շէնքը

Քուէարկելու իրաւունք ունին 18 տարեկանէն վեր Հայաստանի քաղաքացիները։

Հ․Հ․ Վարչական Բաժանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հ․Հ․ բաժնուած է 10 մարզերու։ Երեւան, Հայաստանի մայրաքաղաքը ըլլալով, իր արուարձաններով ունի իւրայատուկ կարգավիճակ։

Մարզ Մայրաքաղաք Տարածութիւն (ք․ քմ․) բնակչութիւն
Արագածոտն Աշտարակ 2․756 132 925
Արարատ Արտաշատ 2․090 260 367
Արմաւիր Արմաւիր 1․242 265 770
Գեղարքունիքի մարզ   Գաւառ 5․349 235,075
Կոտայքի մարզ Հրազդան 2․086 254 397
Լոռի (մարզ) Վանաձոր 3․799 235 537
Շիրակի մարզ Կիւմրի 2․680 251 941
Սիւնիքի մարզ Կապան 4․506 141 771
Տաւուշի մարզ Իջեւան 2․704 128 609
Վայոց Ձոր Եղէգնաձոր   2․308 52 324
Երեւան 223 1 060 138

Ժողովրդագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի բնակչութիւնը միատարր է։

2016-ի մարդահամարի տուեալներով, Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւն է՝ 2 998 600 (2011-ի մարդահամարի տուեալներով՝ 3 018 854, որոնցմէ 98% հայեր, իսկ ազգային փոքրամասնութիւններուն թիւը մօտաւորապէս 60 000 է․ անոնցմէ մեծամասնութիւն կը կազմեն՝ եզտիները եւ ռուսերը)։ Իսկ ըստ 2005-ի մարդահամարին, Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան թիւն է՝ 137 740, որմէ հայերը՝ 137 380։

Հայկական Սփիւռք

Հայկական Սփիւռքի թիւը մօտաւորապէս 8 000 000 է։

Հայկական Սփիւռք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իրողութիւն է թէ իւրաքանչիւր ժողովուրդ կ՛ապրի իր հայրենիքին մէջ։ Սակայն կան ժողովուրդներ, ինչպէս հայերը, որոնք ստիպուած՝ իրենց բնօրրանէն հեռու կ՛ապրին․ հայութեան պարագային, 1915 թուականին սկսած եւ մինչեւ 1923 տեւած Հայկական Ցեղասպանութիւնն է։

1 500 000 հայեր կը զոհուին, իսկ հարիւր հազարներով Հայաստանէն դուրս կը դրուին։ Անոնք աշխարհի բոլոր կողմերը կը տարածուին եւ կը կազմեն հայկական Սփիւռքի գաղութները։ Սակայն, հայերը, իրենց պատմութեան ընթացքին ալ հեռացած են իրենց հայրենիքէն եւ ուրիշ տեղեր հաստատուած են զանազան պատճառներով՝ Բագրատունեանց հարստութեան անկում, սելճուքներու, արաբներու, պարսիկներու հալածանքներ, բռնի տեղահանումներ, եւայլն։

Հայկական Սփիւռքը կը կազմակերպուի գլխաւորաբար երբ 1921-ին Հայաստանէն գաղթած մտաւորականութիւնը կը ցրուի սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներուն մէջ․ տէրը կը կանգնի տասնեակ հազարներով հայ որբերու, տեղահանուած հայութեան մղիչ ուժը կը դառնայ։ Հայկական Սփիւռքին մաս կը կազմեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Արժանթինի, Պրազիլիոյ Վենեզուէլայի, Աւստրալիոյ, Պարսկաստանի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի, Ֆրանսայի, Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Պոլսոյ եւ ուրիշ երկիրներու եւ կամ մեծ քաղաքներու մէջ հայկական գաղութներ։ Անոնք կազմակերպուած են․ ունին եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ կամ միութիւններ, ծերանոցներ, տպարաններ, մամուլ։ Սերտ կապ կը պահեն Հայաստանին հետ։

Երեւանի Պետական Համալսարանը
Կիւմրի․ Արուեստներու Կաճառի շէնքը

Հայերէնը պետական լեզուն է եւ կը խօսուի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութենէն․ ստորեւ Հ․Հ․ մէջ խօսուող լեզուներուն ցուցակը։

Հ․Հ․ մէջ խօսուող լեզուներ՝ ներառեալ ազգային փոքրամասնութիւնները (2011)
Լեզու բնակչութիւն %
Հայերէն 2 956 615 97,94
Քուրմանճի (հիւսիսային քրտերէն՝ եզտիներուն լեզուն) 31 479 1,04
Ռուսերէն 23 484 0,78
Ասորերէն 2402 0,08
Քրտերէն 2030 0,07
Ուքրաներէն 1176 0,03
Վրացերէն 455 0,02
Պարսկերէն 397 0,01
Յունարէն (հին յունարէն՝ Պոնտոսի բարբառ) 332 0,01
Ուրիշ 455 0,02
Հարցումին չեն պատասխանած 29 0,00
Ընդհանուր 3 018 854 100,00

Իբրեւ երկրորդ կամ երրորդ լեզու, բնակչութեան լուրջ թիւ մը, ռուսերէնի եւ անգլերէնի կողքին, հմուտ է նաեւ ֆրանսերէնի։

Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հայ ժողովուրդին ազգային եկեղեցին է։ Կեդրոնը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինն է։ Եկեղեցւոյ գլուխը կանգնած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։

Հայկական Յաւերժութեան Նշան Արեւախաչ․ եկած է Հայ Հեթանոսութեան շրջանէն

Հ․Հ․ բնակչութեան մօտաւորապէս 94%-ը ինքզինք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդ կը համարէ․ ստորեւ Հ․Հ․ մէջ բնակչութեան փաշխումին ցուցակը ըստ կրօնական դաւանանքի։

Հ․Հ․ բնակչութեան փաշխումը ըստ կրօնական դաւանանքի (2011)
Լեզու բնակչութիւն
Հայ Առաքելական 2 797 187
Աւետարանական 29 280
Շար-ֆաթինական (հետեւորդները՝ եզտիներ) 23 374
Կաթոլիկ 13 996
Եհովայի վկայ 8 695
Ուղղափառ 7 587
Հեթանոսական 5 416
Մոլոկան (18-րդ դարու ռուսական շարժում) 2 874
Նեսթորական 1 733
Մահմետական 812
Բողոքական 773
Մորմոն 241
Ուրիշ 5 299
Անկրօն 34 373
Հարցումին չեն պատասխանած 87 214
Ընդհանուր 3 018 854

Հայաստանի գլխաւոր քաղաքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արմաւիր քաղաքը
Հայաստանի մայրաքաղաքները
Աբովեան քաղաքը
Կիւմրի․ պատմական կեդրոնը

Ստորեւ Հ․Հ․ գլխաւոր քաղաքներուն մնայուն բնակչութեան թիւը, ըստ 2015-ի մարդահամարին։

Թիւ Մարզ Քաղաք Բնակչութիւն
1 Երեւան Երեւան 1 071 800
2 Շիրակ Կիւմրի 118 600
3 Լոռի Վանաձոր 82 800
4 Արմաւիր Վաղարշապատ 46 800
5 Կոտայք Աբովեան 44 400
6 Սիւնիք Կապան 42 700
7 Կոտայք Հրազդան 41 600
8 Արմաւիր Արմաւիր 29 000
9 Տաւուշ Դիլիջան 23 700
10 Արարատ Արտաշատ 21 300
11 Տաւուշ Իջեւան 20 800
12 Գեղարքունիք Սեւան 20 600
13 Կոտայք Չարենցաւան 20 500
14 Արարատ Մասիս 20 500
15 Սիւնիք Գորիս 20 300

Ընդհանուր բնակչութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]