Jump to content

Գարեգին Նժդեհ

Գարեգին Նժդեհ
Ծննդեան անուն հայ.՝ Գարեգին Եղիշեի Տեր-Հարությունյան
Ծնած է 1 Յունուար 1886(1886-01-01)[1]
Ծննդավայր Կզնութ, Նախիջևանի գավառ, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[2][3]
Մահացած է 21 Դեկտեմբեր 1955(1955-12-21) (69 տարեկանին)
Մահուան վայր Վլատիմիր Կեդրոնական Բանտ, Վլադիմիրի մարզ, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
 Լեռնահայաստան
 Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Սան ­Փե­թերս­պուր­կի ՀամալսարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Մասնագիտութիւն զինուորական, քաղաքական գործիչ, փիլիսոփայ, ֆետայի, գրագէտ
Աշխատավայր

Սպարապետ, Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւային ուժերու հրամանատար

Լեռնահայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու հրամանատար
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն[2]
Ծնողներ մայր՝ Տիրուհի Գիւլնազարեան
Ստորագրութիւն

Գարեգին Նժդեհ (Տէր Յարութիւնեան, 1 Յունուար 1886(1886-01-01)[1], Կզնութ, Նախիջևանի գավառ, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[2][3] - 21 Դեկտեմբեր 1955(1955-12-21), Վլատիմիր Կեդրոնական Բանտ, Վլադիմիրի մարզ, Խորհրդային Միութիւն), հայ պետական, ռազմական եւ դաշնակցական գործիչ, քաղաքագէտ-իմաստասէր։

Կեանքը մինչեւ 1919

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նժդեհ (Գարեգին Տէր-Յարութիւնեան) ծնած է 1 Յունուար, 1886-ին, Նախիջեւան գաւառի Կզնուտ գիւղը: Հայրը՝ Եղիշէ Տէր-Յարութիւնեան, գիւղի քահանան էր։ Մանուկ հասակէն կորսնցուցած է հայրը եւ արժանացած մօրը՝ Տիրուհիի խնամքին: Ընտանիքին չորս երեխաներէն Նժդեհը փոքրն էր:

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Նախիջեւանի ռուսական դպրոցին մէջ, ապա՝ Թիֆլիսի ռուսական քիմիաքիտական համալսարանին մէջ, ուր 17 տարեկանին կը միանայ հայ ազատագրական պայքարի շարժումներուն: Անկէ ետք, կ'անցնի Ս. Փեթերսպուրկ եւ երկու տարի նոյն վայրի համալսարանին իրաւաբանական բաժնին մէջ ուսանելէ ետք՝ համալսարանը ձգելով ամբողջութեամբ կը նուիրուի հայ յեղափոխական գործին:

1906-ին կ'անցնի Պուլկարիա, ուր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր-անդամ Ռոստոմի աջակցութեամբ եւ մակեդոնական ազատագրական շարժման ղեկավարներու միջնորդութեամբ կ'ընդունուի Սոֆիայի սպայական դպրոցը, որու ընթացքը յաջողութեամբ աւարտելով՝ 1907-ին կը վերադառնայ Կովկաս:

1907-1908 թուականներուն կ'անցնի Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը եւ իբրեւեւ կուսակցական նշանաւոր գործիչ Սամսոն Թադէոսեանի օգնական, կը մասնակցի պարսկական յեղափոխական շարժման: Զէնք եւ ռազմամթերք տեղափոխելու համար, Նժդեհ 1909-ին կը վերադառնայ Կովկաս եւ կը ձերբակալուի ցարական իշխանութիւններու կողմէ: Բանտերուն մէջ՝ Ճուլֆայէն մինչեւ Փեթերսպուրկ, կը մնայ աւելի քան երեք տարի, այնուհետեւ կ'անցնի Պուլկարիա: Երբ 1912-ին կը սկսի Պալքանեան առաջին պատերազմը, հայերը յանուն Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ ազատագրութեան Թուրքիոյ դէմ կռուելու համար պուլկարական բանակին կողքին կը ստեղծեն կամաւորական վաշտ մը, որու ղեկավարներն էին Գ. Նժդեհն ու Անդրանիկ Օզանեանըը: Այդ պատերազմի ընթացքին Նժդեհ կը վիրաւորուի : Հայկական վաշտը աչքի կը զարնէ շարք մը յաղթական կռիւներով եւ 1913-ին կը զօրացնէ՝ հրաժարելով մասնակցիլ պալքանեան ժողովուրդներու ներքին կռիւներուն:

Պալքանեան պատերազմի տարիներուն, իրաւասութիւններու հետ կապուած, ցաւալի վէճ մը տեղի կ'ունենայ հայկական վաշտի երկու ղեկավարներու միջեւ, որու հետեւանքով, վաշտը կը բաժնուի Նժդեհի ու Անդրանիկի կողմնակիցներուն միջեւ։ Բարեբախտաբար, վաշտին զօրացրումէն շատ չանցած, Գ. Նժդեհ, Հոկտեմբեր 1913-ին , Հ.Յ.Դ. Պալքանեան Կեդրոնական Կոմիտէին նամակ մը կը յղէ, ուր փակուած կը յայտարարէ իր եւ Անդրանիկի միջեւ ամիսներ տեւած անախորժ վէճը:

Առաջին աշխարհամարտի նախօրեակին, ՙներման՚ արժանանալով ցարական կառավարութեան կողմէ, Նժդեհ կը վերադառնայ Կովկաս՝ Թուրքիոյ դէմ մղուելիք պատերազմին մասնակցելու պայմանով: Կռիւներու սկզբնական շրջանին հայկական կամաւորական երկրորդ գունդի փոխ-հրամանատարն է ան, իսկ վերջին շրջանին՝ կը ղեկավարէ հայ-եզիտիական առանձին զօրամաս մը:

1917-ին սակաւաթիւ ուժերով օգնութեան կը հասնի Կողբ եւ կոտորածէ կը փրկէ տեղի հայութիւնը :

1918-ի գարնան կը վարէ Ալաճայի (բնակավայր՝ Անիի շրջակայքը) կռիւները, որոնցմով կարելիութիւն կ'ընձեռնուի նահանջող հայկական զօրամասերուն՝ անկորուստ անցնելու Ալեքսանտրապոլ: Միաժամանակ, իր մարդոցմով կ'ապահովէ Նիկողայոս Մառի պեղումներու արդիւնքը հանդիսացող արժէքաւոր հնութիւններու փոխադրումը Անիէն:

Ալեքսանտրապոլի մէջ կռիւի բռնուելով թրքական զօրքերուն դէմ, Նժդեհ, իր խումբով, կը նահանջէ դէպի Ղարաքիլիսա: Հոս նահանջած էին խուճապի մատնուած բազմահազար հայ փախստականները: Տեղի ժողովուրդը նոյնպէս տագնապի մէջ էր։ Ահա այս օրհասական պահուն, երբ համատարած յուսալքում կը տիրէր, կը լսուի Նժդեհի ռազմաշունչ, ամենափրկիչ ձայնը: Եկեղեցւոյ բակին մէջ անոր արտասանած ճառը հոգեփոխում կը յառաջացնէ յուսալքուած հայերուն եւ զանոնք կ'առաջնորդէ դէպի սրբազան ճակատամարտ:

Ղարաքիլիսայի եռօրեայ հերոսամարտով հայութիւնը կը հաստատէ իր յարատեւելու կամքը, եւ այդ հաւաքական կամքի զօրացման գործին մէջ, անշուշտ, անուրանալի է Նժդեհի դերը: Ղարաքիլիսայի մէջ վարած կռիւներուն համար Նժդեհ կ'արժանանայ քաջութեան ամենաբարձր շքանշանին:

Նժդեհ Զանգեզուրի մէջ (1919-1921 թուականներուն)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի հանրապետութեան հռչակումէն ետք, 1918-ի վերջը, Նժդեհ ՀՀ կառավարութեան կողմէ կը նշանակուի Նախիջեւանի գաւառապետ, իսկ Օգոստոս 1919-էն՝ Կապանի, Արեւիքի եւ Գողթանի (Կապարգողթ) ընդհանուր հրամանատար:

Առանց արտաքին օժանդակութեան, ապաւինած հայրենի լեռներուն ու անձնական ոգիի զօրութեան, Սիւնիքի հայութիւնը, Նժդեհի ղեկավարութեամբ, կը վարէ իր յաղթական դիւցազնամարտը: Լեռնահայութեան դիմումներուն դիմաց՝ ՀՀ կառավարութիւնը, բացի քաջալերանքէն կամ համակրանքի խօսքերէն, ոչ մէկ ձեւով օգնութեան կը հասնի:

Իսկ Նժդեհ երբեմն կը ստիպուի չհնազանդիլ վերին իշխանութեան հրամաններուն: Մասնաւորաբար, երբ Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութեան կողմէ անոր հրամայուած էր գաղթեցնել պաշարուած Գողթանի հայութիւնը, Նժդեհ կը մերժէ եւ փոխարէնը՝ տեղահան կ'ընէ գաւառի թրքական բնակավայրերը: Աւելին, Օգոստոս 1920-ին, ՀՀ զինուորական նախարար Ռուբէն Տէր-Մինասեան, համաձայն 10 Օգոստոս 1920-ին Թիֆլիսի մէջ բոլշեւիկներու հետ կնքուած զինադադարին, որմով Հայաստան համաձայն կը գտնուէր Կարմիր բանակի մուտքին Զանգեզուր, Ղարաբաղ եւ Նախիջեւան, Դրոյի միջոցով հեռագիր մը կը ղրկէ Նժդեհին՝ ձգելու Կապանն ու Գենուազը եւ անցնելու Երեւան: Բայց Նժդեհ, չընդունելով ՀՀ զինուորական նախարարին՝ Զանգեզուրը ձգելու հրամանը եւ մերժելով Դրոյին առաջարկը՝ անցնելու Երեւան ապաքինելու (Գորիսի ձորին մէջ վիրաւորուած էր), կը նախընտրէ մնալ Սիւնիքի մէջ եւ առանձին չձգել լեռնահայութիւնը:

Այդ ծանր օրերուն է, որ Նժդեհ կը յղանայ եւ ի գործ կը դնէ Դաւիթ-բէկեան Ուխտերը: 25 Օգոստոս 1920-ին, Կապանի Կաւարտ գիւղի եկեղեցւոյ մէջ, Նժդեհի զինուորները կ'ուխտեն Դաւիթ-բէկի անունով՝ ՙհաւատարիմ մնալ հայրենի երկրի ազատութեան, իրենց հրամանատար Նժդեհին եւ կռուիլ մինչեւ վերջին շունչը՚: Այսպէս ծնունդ կ'առնեն Դաւիթ-բէկեան Ուխտերը, որոնց նշանաբանն էր. ՙՅանուն հայրենիքի՝ Դաւիթբէկաբար՚: Դաւիթբէկեան Ուխտերու օրինակով էր, որ Նժդեհ հետագային կը հիմնադրէ Ցեղակրօն Ուխտերը:

Բացայայտելով թուրք-բոլշեւիկեան միացեալ դաւադրութիւնը ու չընդունելով ՀՀ կառավարութեան կրաւորական կեցուածքը, որ Մոսկուայի ներկայացուցիչ Պորիս Լեգրանի հետ կնքած վերոյիշեալ համաձայնագիրով փաստօրէն Զանգեզուր Ազրպէյճանին յանձնելու նախաքայլ մը կ'ընէր, Սիւնիք կը շարունակէ կռիւը եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 25 Դեկտեմբեր, 1920-ին Տաթեւի վանքին մէջ կայացած համազանգեզուրեան առաջին համագումարին ինքզինք ինքնավար կը հռչակէ:

Յունուար 1921-ին, Դրօն Պաքուէն հեռագիր մը կը յղէ Նժդեհին՝ անոր առաջարկելով թոյլ տալ Զանգեզուրի խորհրդայնացումը, հաւատացնելով եւ վստահեցնելով, որ այդպիսով Մոսկուայի յառաջիկայ համագումարին, ուր պիտի լուծուէին նաեւ վիճելի հողային հարցեր, Խորհրդային Ռուսաստան բարեացակամ կը գտնուի Հայաստանի նկատմամբ եւ կը պաշտպանէ հայ աշխատաւորին շահերը: Այս անգամ եւս, Նժդեհ, իբրեւեւ հեռատես քաղաքագէտ, չի հեռանար Սիւնիքէն եւ կը շարունակէ մաքառիլ:

Նոյնիսկ Փետրուարեան ապստամբութեան պարտութիւնը եւ անոր հետեւանքով՝ 12 հազար գաղթականութեան (որմէ՝ 4 հազարը զօրք) նահանջը, որոնք զգալիօրէն կ'ազդեն լեռնահայութեան բարոյահոգեբանական վիճակին վրայ, չեն ընկճեր Սիւնիքը, եւ ան կը շարունակէ իր յաղթական կռիւները: 26 Ապրիլ 1921-ին կը հռչակուի Լեռնահայաստանի հանրապետութիւնը՝ սպարապետ Նժդեհի վարչապետութեամբ:

1 Յունիս-ին, Զանգեզուր կ'անցնի ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ, Լեռնահայաստանը կը յայտարարուի Հայաստան՝ Սիմոն Վրացեանը նշանակելով վարչապետ (Նժդեհ կը մնայ սպարապետ):

Այս պայմաններուն մէջ, մէկ կողմէ՝ Վրաստանի ու Հայաստանի բոլշեւիկացումը, Արարատեան գաղթականութեան՝ դէպի Սիւնիք նահանջը (մասնաւորապէս, նահանջող մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան վաղաժամ անցնիլը Պարսկաստան), որ բարոյալքիչ ու յոռի ազդեցութիւն կ'ունենան լեռնաշխարհի հայութեան վրայ, միւս կողմէ՝ պարէնի ու հացահատիկի չգոյութիւնը, վարչական եւ զինուորական մարմիններու միջեւ առաջ եկած անհամաձայնութիւնները, միաժամանակ՝ խուսափելու համար աւելորդ հալածանքներէ, որու կրնար ենթարկուիլ Խորհրդային Հայաստանի հայութիւնը եւ հաշուի առնելով, որ Հայաստանի բոլշեւիկեան ղեկավարութիւնը իր Յունիս 1921-ի հռչակագիրով Սիւնիքը կը համարէր Հայաստանի կցուած: Յուլիսին Լեռնահայաստան տեղի կու տայ խորհրդայնացման:Զանգեզուրէն հեռանալէ առաջ ՝ Նժդեհ կը հաւաստիացնէ լեռնահայութեան, որ ինք ընդմիշտ չի հեռանար եւ պիտի վերադառնայ, եթէ Երեւանի փոխարէն Պաքուն ըլլայ Սիւնիքի տէրը: Իսկ Խորհրդային Հայաստանի Յեղկոմին ուղղած իր դիմումը յաղթական սպարապետը կ'աւարտէր սաստող տողերով. ՙԴուք գիտէք, որ ցանկութեան պարագային ես միշտ ալ հնարաւորութիւն կ’ունենամ քանի մը տասնեակ զինուորներով վերագրաւել Լեռնահայաստանը: Որպէսզի այս երկրի աշխատաւոր գիւղացիութիւնը ստիպուած չըլլայ զիս օգնութեան կանչելու, աշխատեցէք բաւարարել հայ գիւղացիութիւնը եւ անոր մտաւորականութեան արդար պահանջը՚:

Երկու տարուան կռիւներու ընթացքին, թշնամիին 15 հազար սպանուածներուն դիմաց Սիւնիքը կու տայ 28 զոհ, իսկ շուրջ 200 գիւղեր կը մաքրագործուին թուրքերէն ու կը վերադարձուին հայերուն:

Շնորհիւ Լեռնահայաստանի հերոսամարտին՝ կարելի կ'ըլլայ՝

ա) փրկել լեռնահայութիւնը կոտորածէն, բ) Սիւնիքը կցել Մայր հայրենիքին՝ մահացու անդամահատումէն զերծ պահելով Հայաստանը, գ) ապահովել հայ մտաւորականութեան եւ մարտական ուժերու նահանջը ու անցումը Պարսկաստան:

Տարագրութեան տարիներ (1921-1939)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այսպիսով, Յուլիս 1921-ին Նժդեհ կը ձգէ Զանգեզուրը եւ կ'անցնի Թաւրիզ: Այստեղ լրջօրէն կը սրին յարաբերութիւնները իր եւ ՀՅԴ Բիւրոյի միջեւ, բան մը, որ սկիզբ առած էր Սիւնիքի կռիւներու շրջանին: Արաքսի պարսկական ափին գտնուելու միջոցին, Հ.Յ.Դ կարգ մը ղեկավար անդամներ (որոնցմէ էր՝ պարենաւորման նախարար Յակոբ Տէր-Յակոբեանը) Նժդեհի ներկայութեամբ ծեծի կ'ենթարկեն եւ կը գնդակահարեն Ասլանեան մականունով դաշնակցական սպայ մը: Այս ու շարք մը այլ պատճառներով Թաւրիզի մէջ Նժդեհ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կողմէ, կուսակցութեան Գերագոյն Դատական Ատեանին մօտ պատասխանատուութեան կը կանչուի: Թէեւ Նժդեհ դատարանին մանրամասն բացատրագիր կը ներկայացնէ Լեռնահայաստանի անկման պատճառներուն մասին, սակայն, Սեպտեմբեր 1921-ին կուսակցական դատարանը, Սիմոն Վրացեանի առաջարկով, կը վճռէ ՙհեռացնել Գ. Նժդեհը Դաշնակցութեան շարքերէն եւ անոր հարցը ներկայացնել կուսակցութեան ապագայ 10-րդ Ընդհանուր Ժողովին՚: 1925-ին, ՀՅԴ 10-րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումով Նժդեհ կը վերադառնայ կուսակցութեան շարքերը:

Թաւրիզի մէջ գտնուած միջոցին, անգլիացիները Նժդեհի կ'առաջարկեն վերադառնալ Հայաստան եւ այնտեղ ապստամբութիւն մը յառաջացնել, սակայն Նժդեհ կը մերժէ: Թաւրիզի մէջ շուրջ չորս ամիս գաղտնի ապրելէ ետք, Նժդեհ կը մեկնի Պուլկարիա եւ կը հաստատուի Սոֆիա : Այստեղ 1922-ին, ան կ'ամուսնանայ Եփիմէ անունով հայուհիի մը հետ:

1922-ին Պուխարեստի մէջ գտնուած շրջանին՝ Նժդեհ հոն գտնուող Վարդան Գէորգեանին կ'առաջարկէ իր տրամադրութեան տակ գտնուող նիւթերուն հիման վրայ գրել ՙԼեռնահայաստանի հերոսամարտը՚, որ լոյս կը տեսնէ 1923-ին:

Այդ տարիներուն Նժդեհ կ'անդրադառնայ Սիւնիքի մարտերու պատմութեան՝ 1923-1925 թուականներուն ընդարձակ յօդուածաշարքով մը հանդէս գալով Պոսթընի ՙՀայրենիք՚ ամսագիրին մէջ։ 1924-1925 թուականներուն ան հրապարակումներ կ'ունենայ Պլովդիվի (Քաղաք՝ Պուլկարիոյ մէջ) մէջ լոյս տեսնող ՙՀայաստան՚ դաշնակցական թերթին մէջ։ 1926-ին Նժդեհ կը սկսի հանդէս գալ Սոֆիայի մէջ լոյս տեսնող ՙԱրաքս՚ դաշնակցական թերթին մէջ, ուր կը տպագրուի անոր ՙԲաց նամակներ հայ մտաւորականութեան՚ շարքը:

1926-ին Պուլկարիոյ կուսակցական կազմակերպութիւնը կը բաժնուի Նժդեհի եւ Բիւրոյի կողմնակիցներու միջեւ:

1932-ին Սոֆիայի մէջ լոյս կը տեսնէ Նժդեհի հերթական գրքոյկը՝ ՙՑեղի ոգու շարժը՚ վերնագիրով, ուր կը նախանշուի հայկական ցեղային շարժումը:

1933-ին, Փարիզի մէջ կը կայանայ ՀՅԴ 12-րդ Ընդհանուր ժողովը, որու Նժդեհ կը մասնակցէր իբրեւեւ պատգամաւոր Պուլկարիայէն: Վերջինս ժողովին առջեւ կը բարձրացնէ երեք հիմնական հարցեր.

ա) ձգտիլ, որ գաղութահայութիւնը դառնայ զինական գործօն Հայաստանի ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ,

բ) կազմակերպել հայ երիտասարդ սերունդը ապակուսակցական հողին վրայ,

գ) բոլոր ուժերը կեդրոնացնել հակաթրքական ճակատին մէջ:

Բ. կէտին հիման վրայ, 1933-ի ամրան Նժդեհ կը մեկնի ԱՄՆ: Մինչեւ Նժդեհի ԱՄՆ գալը, այնտեղ կը գործէին շարք մը երիտասարդական միութիւններ՝ ՙՀայորդիք՚, ՙՈրդիք Հայաստանեայց՚ եւ այլն: Իրարմէ անջատ գործող այս միութիւնները համախմբելու եւ մէկ յայտարարի բերելու դժուարին գործը կը ստանձնէ Նժդեհը՝ ստեղծելով Ցեղակրօն Ուխտերը: Շարժման գաղափարախօսութեան վերաբերեալ, 1933-ի վերջը, Պոսթընի ՙՀայրենիք՚ օրաթերթին մէջ, ան հանդէս կու գայ՝ ամերիկահայ նորահաս սերունդին ուղղուած ՙՑեղային արթնութիւն՚ խորագիրը կրող յօդուածաշարքով:

Շնորհիւ Նժդեհի կազմակերպչական ու քարոզչական անզուգական տաղանդին՝ Ցեղակրօն շարժումը լայն թափ կը ստանայ:

1934-ի աշնան Նժդեհ կը վերադառնայ Սոֆիա: Այստեղ, 1935-ին ան լոյս կ'ընծայէ ՙԱմերիկահայութիւնը - Ցեղը եւ իր տականքը՚ աշխատութիւնը՝ միաժամանակ նպատակ ունենալով ընդլայնել Ցեղակրօն շարժումը եւ զայն դարձնել համագաղութային: Սակայն անոր յարաբերութիւնները Հ. Յ. Դ. ղեկավարութեան հետ խիստ կը լարուին եւ այդ հողին վրայ, 1936-ին Պուլկարիոյ Հ.Յ.Դ տեղական կազմակերպութիւնը կը պառակտուի:

Այդ տարիներուն, ռուսերու հակաբոլշեւիկեան Ռուսաստանեան համազօրային միութիւն կազմակերպութիւնը կը դիմէ Պուլկարիոյ, Նժդեհին տալու 2-3 ահաբեկիչներ՝ Ստալինը մահապատիժի ենթարկելու համար: Առաջարկը կը մերժուի:

1937-ին Նժդեհ կը յայտարարէ Հ. Յ. Դաշնակցութենէն իր հեռանալուն մասին: Իսկ 1938-ին, Գահիրէի մէջ գումարուած ՀՅԴ 13-րդ Ընդհանուր ժողովը Նժդեհը կուսակցութեան շարքերէն արտաքսելու վճիռ կ'արձակէ:

Կուսակցութենէն հեռանալէ ետք, Նժդեհ կը շարունակէ Ցեղակրօն կազմակերպութիւններու ընդլայնումը, իսկ 1937-ին, նոյնպէս Հ. Յ. Դաշնակցութենէն հեռացած Հայկ Ասատրեանի հետ, Սոֆիայի մէջ կը սկսին հրատարակել ՙՌազմիկ՚ ազգայնական թերթը:

Այդ տարիներուն Նժդեհի համար վերստին անհրաժեշտ եւ հրատապ հարց կը դառնայ մօտեցող պատերազմին հայութիւնը հոգեբանօրէն նախապատրաստելու եւ նոր բարոյականով սպառազինելու խնդիրը: Այդ նպատակով՝ 1937-1938 թուականներուն, Հայկ Ասատրեանի, Ներսէս Աստուածատուրեանի եւ այլոց հետ կը նախաձեռնէ Տարօնական շարժումը, որու ընդմէջէն Նժդեհ կը հետապնդէր գործնական խնդիրներ: Մասնաւորապէս, սպասուող պատերազմի պարագային Նժդեհ կը նախատեսէր կազմակերպել կամաւորական ջոկատներ, որոնք պուլկարական բանակի կողքին պիտի կռուէին Թուրքիոյ դէմ:

Պայքար Եւրոպայի հայութեան փրկութեան համար (1939-1944)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատերազմի սկիզբէն Գերմանիոյ մէջ հակահայկական ալիք կը բարձրանայ: Գերմանական շատ թերթեր կ'արդարացնէին 1915-ի հայերու կոտորածը, նացիստական մարդաբանական գիտութիւնը հայերը կը դասէր սեմական ժողովուրդներու շարքին եւ ունէր խիստ բացասական կարծիք հայերու մասին: Պերլինի մէջ պաշտօնապէս կը յայտարարէին, որ հայերը անցած են Գերմանիոյ թշնամիներու կողմը եւ այլն: Արձագանքելով անոր՝ Բ. համաշխարհային պատերազմի առաջին օրերուն Պուլկարիոյ, Ռումինիոյ ու եւրոպական այլ երկրներու մէջ կը բարձրանան հակահայկական տրամադրութիւններ: Պուլկարիոյ մէջ կային թերթեր եւ կազմակերպութիւններ, որոնք կոչ կ'ընէին հայերը արտաքսելու երկրէն, անոնց հետ վարուելու այնպէս, ինչպէս հրեաներու: Ռումինիոյ մէջ վարչապետ Անտոնեսկի յանձնարարեր էր հայերը տեղահանել հայաշատ քաղաքներէն: Այս իրավիճակին մէջ, Նժդեհ, ՙՄշակութային մերձեցման պուլկարա-հայկական կոմիտէի՚ միջոցով կը կապուի Սոֆիայի գերմանական դեսպանութեան հետ, իսկ 1942-ին կ'անցնի Պերլին՝ հարցերը հոն լուծելու համար: Պերլինի մէջ ան կը հանդիպի նացիստական կուսակցութեան ներկայացուցիչին հետ եւ իր անհանգստութիւնը կը յայտնէ գերմանացիներու կողմէ տարուող հակահայկական քարոզչութեան համար: Առաջնորդուելով ՙգերմանական գայլը կուշտ պահելու եւ հայ գառնուկը փրկելու՚ քաղաքական սկզբունքով, Նժդեհ վերջինիս հետ կը պայմանաւորուի Պուլկարիոյ մէջ հաւաքելու հայերու խումբ մը՝ Պերլինի մէջ վարժուելու եւ Գերմանիոյ՝ Թուրքիոյ դէմ հնարաւոր պատերազմին օգտագործելու համար: Ան կապի մէջ կը մտնէ Հայկ Ասատրեանի հետ, որու միջոցով Պուլկարիոյ մէջ կը հաւաքուին եւ Գերմանիա կը մեկնին 30 արեւմտահայ երիտասարդ ցեղակրօններ: Այնտեղ որոշ շրջան մը մարզուելէ ետք, հակառակ Նժդեհի հետ պայմանաւորման, 1943-ի աշնան խումբը կը ղրկուի Ղրիմ՝ Կարմիր բանակի թիկունք օգտագործուելու համար: Սակայն, գերմանական հրամանատարութեան հետ խօսելէ ետք, Նժդեհ կը կարենայ հիմնաւորել իր մարտիկներուն՝ ո’չ թէ Ղրիմի, այլ՝ Թրակիոյ մէջ գտնուելու անհրաժեշտութիւնը (այդ ատեն խիստ սրած էին գերմանա-թրքական յարաբերութիւնները), եւ անձամբ կը ժամանէ Ղրիմ, ու խումբը կը վերադառնայ Պուլկարիա:

Այսպիսով, Նժդեհի համագործակցութիւնը նացիստներու հետ եղած է գաղթաշխարհի հայութիւնը գերմանական սպառնալիքէ փրկելու մտահոգութեամբ եւ հակաթրքական հողի վրայ:

Նժդեհ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 1942-ի Դեկտեմբերին Պերլինի մէջ ստեղծուած եւ մինչեւ 1943-ի վերջը գործող Հայ Ազգային խորհուրդի աշխատանքներուն (խորհուրդի նախագահն էր Արտաշէս Աբեղեանը):

Պերլին գտնուած միջոցին, գերմանացիներու միջնորդութեամբ, Նժդեհ կը հանդիպի Դրոյին՝ նացիստներու հետ համագործակցութեան ձեւի եւ համատեղ գործելու խնդիրներու շուրջ առաջ եկած հակասութիւնները հարթելու համար: Սակայն, Նժդեհի եւ Դրոյի միջեւ հաշտեցում չի կայանար:

Սեպտեմբեր 1944-ին, խորհրդային զօրքերը կը մտնեն Պուլկարիա: ՙԳիտեմ թէ ինչ կը սպասէ ինծի, բայց եւ այնպէս որոշած եմ մնալ, հակառակ որ կարելիութիւն ունիմ օդանաւով ինձ նետելու Վիեննա: Չեմ հեռանում, որ հալածանքի չենթարկուեն մեր կազմակերպութիւնները: Մնալու աւելի լուրջ պատճառներ ունեմ... Այսօր կեանքին ես կապուած եմ այն չափով միայն, ինչ չափով որ ինձ դեռ պարտական եմ զգում ծառայելու Հայաստանին՚, - կը գրէր Նժդեհը Սեպտեմբեր 1944-ի ձերբակալութենէն քիչ մը առաջ (Գ. Նժդեհ ՙԻնքնակենսագրութիւն՚):

Ձերբակալութիւնը: Բանտարկութեան տարիներ (1944-1955 )

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1944-ի Հոկտեմբերի վերջերուն խորհրդային ՙՍմերշ՚ բանակային հակահետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան աշխատակիցներու կողմէ Նժդեհ կը ձերբակալուի: Զինք կը տեղափոխեն Պուխարեստ, հոնկէ՝ ուղղաթիռով Մոսկուա եւ կը բանտարկուի Լիւպեանկայի մէջ:

Որո՞նք էին Նժդեհի՝ Պուլկարիոյ մէջ մնալու լուրջ պատճառները:

Յանձնուելով կարմիրներուն, Նժդեհ յոյս ունէր, որ խորհրդային իշխանութիւնները զինք, որպէս հայ ազգայնականի, կ’օգտագործեն Թուրքիոյ դէմ: Անոր համար, անշուշտ, իրական հիմքեր կային: Ան կ'ենթադրէր, որ Թուրքիա կը դառնայ թիրախ Խորհրդային Միութեան համար (1945-ին խորհրդային բանակը իրօք կը պատրաստուէր մտնել Թուրքիա), եւ Կարմիր բանակի՝ Թուրքիոյ հարուածին պարագային, կարելի կ'ըլլար, ազատագրել Արեւմտեան Հայաստանը ու զայն կցել Խորհրդային Հայաստանին: Սակայն, միջազգային քաղաքական կեանքի ընթացքին իրադարձութիւններու հետագայ փոփոխութիւնները ի նպաստ Թուրքիոյ, Նժդեհի յոյսերը չեն արդարացներ: Խորհրդային բանակը չի շարժիր Թուրքիոյ վրայ:

Նոյեմբեր 1946-ին Նժդեհ Մոսկուայէն կ'ուղարկուի Երեւան, ուր դատաքննութիւնը կ'աւարտի 1948-ին եւ Նժդեհ կը դատապարտուի 25 տարուան բանտարկութեան: Նժդեհի ձերբակալութենէն ետք, ընտանիքը (կինը եւ զաւակը) Սոֆիայէն կ'աքսորուին Պուլկարիոյ Պաւլիկենի քաղաքը:

1948-1952 թուականներուն Նժդեհ կը գտնուի Վլադիմիրի մէջ, այնուհետեւ, մինչեւ 1953-ի ամառը՝ Երեւանի բանտին մէջ։ Նժդեհի երկրորդ անգամ Երեւան բերուիլը, ինչպէս կը վկայէ անոր բանտակից Յովհաննէս Տեւէճեանը պայմանաւորուած էր անով, որ Նժդեհ դիմում ներկայացուցած էր խորհրդային ղեկավարութեան՝ «առաջարկելով իր միջնորդութիւնը Դաշնակցութեան եւ խորհրդային իշխանութեան միջեւ հասկացողութիւն մը եւ գործակցութիւն մը ստեղծելու համար»: Այս խնդիրին շուրջ երկար խօսակցութիւններ տեղի կ'ունենան Հայաստանի անվտանգութեան նախարարին հետ, որու իբրեւեւ արդիւնք 1953-ին Նժդեհ եւ Տեւէճեան Երեւանի բանտէն, համատեղ, նամակ կը գրեն Սիմոն Վրացեանին, որ այդ օրերուն Դաշնակցութեան հետախուզական դպրոցի տնօրէնն էր, յորդորելով անոր մերձենալ ռուսերուն՝ հակաթրքական հողին վրայ։ Սակայն, Մոսկուայի մէջ նպատակայարմար չեն գտներ նամակը ուղարկել եւ անիկա կը մնայ որպէս միայն փաստաթուղթ:

Մահն ու անմահութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այնուհետեւ, Նժդեհը դարձեալ կը տեղափոխեն Վլադիմիրի բանտը, ուր կը մահանայ 21 Դեկտեմբեր 1955-ին:

Խորհրդային ղեկավարութիւնը Նժդեհը կը զրկէ ընդհանուր ներումէ օգտուելու իրաւունքէն:

Ստանալով բանտային վարչութեան հեռագիրը Նժդեհի մահուան մասին, եղբայրը՝ Լեւոն Տէր-Յարութիւնեան, շուտով կը մեկնի Վլադիմիր: Անոր կը յանձնեն եղբօր զգեստն ու ժամացոյցը, իսկ ձեռագիրները՝ ոչ: Չ'արտօնուիր նաեւ մարմինը տեղափոխել Հայաստան:

Ան կը կատարէ եղբօր թաղումը, գերեզմանը ցանկապատել կու տայ, ու տախտակի վրայ, ռուսերէն, կը պատուիրէ գրել՝ «Տէր-Յարութիւնեան Գարեգին Եղիշի (1886-1955)»:

Սակայն, ինչպէս իւրաքանչիւր իսկական հերոս, Նժդեհ չի մոռցուիր:

Սեպտեմբեր 1963-ին, Պոսթընի ՙՀայրենիք՚ ակումբին մէջ բացումը կը կատարուի Նժդեհի կիսանդրիին, իսկ 1968-ին, Պէյրութի մէջ կը հրատարակուի Աւոյի (Աւետիս Թումայեան) կազմած ու Նժդեհին նուիրուած ծաւալուն եւ շքեղ գիրքը:

1983-ին խումբ մը հայ մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ (Վարագ Առաքելեան, Արցախ Պունիաթեան, Գարեգին Մխիթարեան) Նժդեհի աճիւնը Վլադիմիրէն կը տեղափոխուի Երեւան: Նոյն տարին, աճիւնէն նշխար մը կ'ամփոփուիէ Խուստուփ լերան լանջին՝ Կոզնի կոչուած աղբիւրին մօտ, իսկ հիմնական աճիւնը, ցինկէ արկղի մէջ քանի մը տարի պահելէ ետք, 1987-ին կը հանգչի Գլաձորի Սպիտակաւոր վանքի բակին մէջ:

Իր մահէն տասնամեակներ ետք միայն՝ 1992-ին, անկախացած Հայաստանի հանրապետութեան դատախազութեան կողմէ Նժդեհ արդար կը կացուցուի, բան մը, որու կարիքը երբե՛ք չունէր:

Մէջբերումներ Գարեգին Նժդեհէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Իւրաքանչիւր ազգի պարտականութիւնը մարդկութեան հանդէպ նախ ու առաջ կը դրսեւորուի սեփական ազգի կենսունակութեան պահպանման եւ սեփական մշակոյթի զարգացման ձեւով։
  • Բաւական չէ իր Ազգի զաւակը լինել,պէտք է նաեւ նրա հրաշունչ զինուորը լինել:[4]։
  • Ազգային ոգի – ահա՜ գերագոյն հերոսը, միա՜կը, մեր պատմութեան անիւը դարձնող, մեր հաւաքական ճակատագիրը վարող հերոսը:
  • Հոգու հիւանդութիւն ունեն ժողովուրդները, երբ բողոքում են իրենց հայրենիքից:
  • Պիտ պարտուի, պիտ մեռնի կեղծիքը մեր կեանքում, որ ապրի մեր ժողովուրդը:
  • Փոքր ազգերը պարտադրօրէն աւելի հայրենասէր պիտ լինեն, քան մեծերը, մենք՝ աւելի, քան բոլորը։
  • Հերոսը - դա յաւիտենականի կրողն ու սպասաւորն է մեր անցաւոր կեանքում:
  • Հերոսական են մարդկային այն գործերը միայն, որոնց վրայ ժամանակն ու մահը իշխանութիւն չունին:
  • Անիծեցի ես աշխարհավար մեծերին. - Չկա’ն մեծեր, կայ մեծութիւն, հոգո’ւ մեծութիւն: Կա՞յսր ես՝ եղիր Աւրելիոս. իմաստասէ՞ր ես՝ Սոկրատ եղիր. զօրավա՞ր ես՝ Աւարայրի Վարդա’ն: Մեծ անունները առանց հոգու մեծութեան նման են կաւէ անդրիի՝ դրւած ոսկէ պատւանդանի վրայ…
  • Չեմ սիրում միջակութիւնը նպատակի, զոհաբերութեան, տառապանքի: Միջակութեամբ չես աճի, չես հսկայանա հոգեպէս: Հերոսանում է նա, ով ընթանում է գերպարտականութեան ճամբով:
  • Մէկն սպառնաց ինձ: - Մահուամբ չեն վախեցնում նրան, որից, ինչպէս գիտէք, յաճախ վախեցել է մահը, - ասացի ես:
  • - Ինչպէ՞ս կուզէիք, որ վարւենք ձեզ հետ, - հարցրին ինձ: - Որպէս ռազմիկի, որը տմարդներին, թէեւ յաղթական լինեն, իրեն արժանի թշնամի չէ համարում:
  • Ների’ր, Տէ’ր, ների’ր ինձ, եթէ մի օր հայրենիքիս օգտակար լինելու մտօք մեղանչեմ կամքիդ դէմ: Արդա’ր է հայրենիքին ծառայել ամեն ինչով, բացի ստորութիւնից:
  • Խղճմտանքէս զատ ես ճանաչում եմ երկու գերագոյն դատաւորներ եւս - Աստւած եւ Ժողովուրդ:            Առաջինի դէմ գուցէ եւ մեղանչել եմ, իսկ երկրորդի դէմ՝ երբէ’ք:
  • Հերոսական գործերից ոչ նւազ ներշնչող է մահը հերոսական: Ապա ուրեմն, մեռիր այնպէս, որ մահդ էլ ծառայի հայրենիքիդ: Ահա’ իմ դաւանած հայրենասիրութիւնը:
  • Հայ մարդու հետ հայերէն կը խօսի ցեղակրօնը, որովհետեւ կը գիտակցի, թէ լեզուի մահը յաճախ ժողովուրդների հոգեւոր մահը կ’արագացնէ:
  • Հայաստա’ն եւ ճշմարտութիւն - ահա’ իմ աստուածութիւնները:
  • Պատմութիւ’ն - դա անաւարտ վէպ չէ, այլ՝ չաւարտուած ճակատամարտ:
  • Ժողովրդից է ամէն յաղթանակ, անկարող ղեկավարից՝ ամէն պարտութիւն:
  • Սոցիալապէս որքան արդար՝ այնքան զօրաւոր է հայրենիքը:
  • Ճշմարտութիւնը հասկանալուց մինչեւ այն ընդունելը, եւ այդ վերջինից մինչեւ այն գործադրելը առնուազը եօթն օրուայ ճանապարհ է:
  • Ճշմարտօրէն ազատ է նա միայն, ով չի զգում բռնութեան առկայութիւնը: Ազատ կարող է լինել հզօրազօր ոգու տէրը միայն: Հոգով տկարների համար մարսելի սնունդ չէ ազատութիւնը:
  • Երկու բան չեմ ներում մարդուն՝ իր ստորութիւնները, որոնցով սնւում է իր բարոյական տկարութիւնը, ապա՝ իր տկարութիւնը, որից ծնունդ են առնում իր ստորութիւնները:
  • Ասում են՝ կշտացած առիւծը կորցնում է իր կատաղութիւնը: Իսկ մարդն անկշտում է. որքան խժռում, որքան հարստանում՝ այնքան կատաղում է նա: Չէ’, մարդուն բարի չես դարձնի՝ նրա կերն աւելացնելով:
  • Անէ’ծք, եօթնիցս անէ’ծք այն ճոխ սեղանին, որի շուրջը տեղ չունեն այն պատրաստողները միայն:
  • Թէեւ ամէն ժողովուրդ իր հայրենիքն ունի, մարդկութիւնը, սակայն, դեռ մնում է անհայրենիք:            Մարդկայնութի’ւնն է մարդկութեան հայրենիքը, որ դեռ գոյութիւն չունի:
  • Նուազ զբաղուիր այլոց թերութիւններով, այլապէս պիտի դադարես սեփական թերիներիդ նկատել:
  • Միայն ստոր կրքերից զերծ մարդն է ընդունակ պայծառօրէն խորհելու: Չարերը թանձրամիտ են լինում:
  • Գինովութիւններից ամենազգլխիչը իշխանութեամբ գինովնալն է: Նմանը հեշտութեամբ է կոխում-անցնում իր իշխանութեան սահմանները, եւ յաճախ ի չարը գործ դնում այն: Եւ մի օր էլ, անխուսափելիօրէն, դառնում է - լատինասութեամբ՝ malorum claras patrator - վատութեանց դիկտատոր:
  • Աշխատի’ր, որ խօսքդ լինի համակ լոյս եւ ճշմարտութիւն - կայծա’կ, որը զարկելուց առաջ լուսաւորում է առարկաները:
  • Ես իմ կեանքով հաստատեցի Հերոդոտոսի խօսքը. ՙՎտանգաւոր է չափից աւելին ցանկանալ՚: Ես ուզեցի, որ մեր ցեղի գոյութեան թշնամին հէնց իմ օրով նստի իր հայրենիքի փլատակների վրայ, եւ վայէ՝ նախանձելով եօթնիցս անիրաւուած իմ ժողովրդի ճակատագրին:
  • Մարդկութիւնը տառապանքին կը պարտի իր հոգեւոր ողջ մշակոյթը: Ով տառապանքից է փախչում՝ կատարելութիւնից է փախչում: Ով չէ տառապել՝ չի’ աճել, չի’ հզօրացել ոգով:
  • Քեզ մի’ կարծիր այն, ինչ որ չես: Մի’ չափազանցիր կարողութիւններդ, մի’ խաբիր քեզ. կեանքը մի օր պիտի փորձի դնի’ ուժերդ: Աշխատիր լինել ա’յն, ինչ որ կուզէիր կարծել քեզ:
  • Յաճախ կաշառւում են պատմաբանները, պատմութիւնը` երբե’ք:
  • Մահը տրուած է մարդուն՝ այն յաղթահարելու համար:
  • Թող կռուի չմեկնեն թուապաշտները - նրա’նք, որոնք ընդունում են, թէ ոյժը, զօրութիւնը թուի մէջ է միայն: Ոգի’ն է կռուի մղում զինուորին: Ով որ համրում է՝ չի’ խիզախում:
  • - Ի՞նչ են ասում սարերն իրենց խրոխտ լռութեան մէջ,- հարցրի իմաստունի անուն հանած մի ծեր լեռնականի:     Հայեացքը դէպի հայրենի կատարները դարձնելով, նա լռեց մի պահ՝ կարծես անոնցից պատասխան սպասէր, ապա՝ իմաստաբանեց. - Լեռներն ասում են՝ պահի’ր մեզ, լեռնակա’ն, որ մենք էլ քեզ պահենք:
  • Ով կռւում ժամանակ է կորցնում՝ յաղթանակն է կորցնում:
  • Արդար լինենք, զօրավա’ր, դու՝ եթէ հանճարեղ իսկ լինես, դու միայն նախապատրաստում ես յաղթանակը. այն շահում է զինուորը:
  • Զօրակա'ն, կռուիր այնպէ’ս, որ կարողանաս ասել զէնքի ընկերներիդ՝ ի’նձ պէս կռուեցէ’ք:
  • Պատերազմիր այնպէ’ս, որ չամաչես տարածդ յաղթանակից:
  • Արդար է յաղթանակդ, երբ այն արդար է համարում պարտուած թշնամիդ իսկ:
  • Մեր անձի վրայ տարած յաղթանակը - ահա’ հիմքը մեր այլ կարգի յաղթանակների:
  • Ստորութիւնն էլ է պարտւում, բայց երբեք չի զինաթափւում:
  • Մի’, մի’ սպանիր թշնամուդ անգամ, եթէ կարելիութիւն կայ սպանելու նրա մարտունակութիւնը - կռիւը շարունակելու նրա ցանկութիւնը: Այլ կերպ վարուողը մարդասպան է հասարակ, եւ ոչ՝ մարտիկ:
  • Փառքի կատարները բարձրանալու համար կայ մի հատիկ սանդուխք, որի առաջին աստիճանը կոչւում է քաջութիւն, իսկ վերջինը՝ դարձեա’լ քաջութիւն - մահամերժ քաջութիւն:
  • Փա՞ռք ես փնտրում՝ վտա’նգ փնտրիր: Հերոսական ոչինչ կայ այնտեղ, ուր շնագայլն ու աղուէսն են կռւում:            Վա’գրը վագրի դէմ - ահա’ կռիւը հերոսավայել:
  • Թերթեր ունենք, որոնք աւելի օգտակար պիտ լինէին հայ ժողովրդին, եթէ բնաւ լոյս չտեսնէին:
  • Կուսակցամոլը - դա թշնամին է իր ժողովրդի, բարեկամը՝ իր ժողովրդի թշնամիների:
  • Յիշէ զանոնք, որ գերեզմանին մէջ ննջելով սուրն իրենց գլխուն ներքեւը դրին: Քաջաց բարձն է սուրը:
  • - Իր ընտիր մեռելների պաշտամունքը չունեցող ժողովուրդը՝ ապերախտ ու բարբարոս, անարժան է անկախ հայրենիքի, որը միշտ էլ նահատակների սրբազան աճիւնից կը բարձրանայ:
  • Ինքն իրեն յարգող ժողովուրդը իր ինքնապաշտպանութեան յոյսը դնում է նախ ի’ր բազուկի, ի’ր զէնքի վրայ։      Իր ոյժերից զատ ամէն ինչի ապաւինող ժողովուրդն արժանի չէ անկախ հայրենիք ունենալու, ազատ ապրելու:
  • Ռազմավարի հանճարը բղխում է իր հոգու վեհութիւնից:
  • Ո՞վ է, սակայն, կատարեալ ղեկավարը: Ո’չ անշուշտ բոլոր սպաները, բոլոր ՙմեծերը՚, որոնք բանակի հետ շարժւում են դէպի կռւադաշտ: Շատերը սպաներից այլ բան չեն, քան մի զոյգ ուսադիր, մի աստիճան, մի տիտղոս: Իսկական առաջնորդը շատ անգամ չի նշանակւում, նա երեւան է գալիս, երբ նրա կարիքն է զգացւում, նա յայտնւում է վտանգի ժամանակ: Մէկը կարող է աստիճանով զօրավար լինել, բայց ոչ՝ եւ առաջնորդ: Մի ուրիշը, կրելով պարզ հարիւրապետի ուսադիրները, կարող է կատարեալ առաջնորդ լինել: Եթէ չեն ծնւում, ապա’ դառնո’ւմ են առաջնորդներ: Նա յաճախ սրտի եւ գործողութեան մարդ է, քան մտքի: Դա՝ հակառակ անոնց, որոնք յաճախ լաւագոյն բանակները վերածում են հօտերի, գիտի հօտերը վերածել լաւ բանակների: Նա՝ առիւծների խումբը ղեկավարելու նշանակւած ոչխարը չէ, այլ՝ ոչխարների հօտը կառավարող առիւծը:
  • Չկա’յ աւելի զարհուրելի բան, քան աննպատակ գոյութիւնը:
  • Ամենասրբազանը խաչերից, միաժամանակ եւ ամենածանրը - դա ճակատագիրն է հարազատ ժողովրդի:            Այն կրողին ե’ւ վայ, ե’ւ պատիւ եօթնիցս:

Երկերի մատենագիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Դաշնակցութեան պանթէոնը, Ալեքսանդրապոլ, 1917:
  • Զօրաշարժային կանոնադրութիւն, Երեւան, 1918:
  • Խուստուփեան կանչեր, Գորիս, 1921:
  • Էջեր իմ օրագրէն, Գահիրէ, 1924:
  • Որդիների պայքարը հայրերի դէմ, Սալոնիկ, 1927:
  • Բաց նամակ հայ մտաւորականութեան, Պէյրութ, 1929:
  • Ցեղի ոգու շարժը, Սօֆիա, 1932:
  • Ամերիկահայութիւնը՝ ցեղը եւ իր տականքը, Սօֆիա, 1935:
  • Իմ պատասխանը, Սօֆիա, 1937:
  • Բանտային գրառումներ, Երեւան, 1993:
  • Զորաշարժային կանոնադրութիւն: Խուստուփեան կանչեր, Երեւան, 1993, 56 էջ:
  • Էջեր իմ օրագրէն: Բաց նամակ հայ մտավորականութեան: Որդիների պայքարը հայրերի դէմ, Երեւան, 1998, 160 էջ:
  • Ցեղակրօնութեան ուխտ, Երեւան, 1998, 16 էջ:
  • Ցեղի յաւիտենական զէնքը, Երեւան, 1998, 87 էջ:
  • Ազատ Սիւնիք, Պէյրութ, 1999, 176 էջ:
  • Լեռնահայաստանի գոյամարտը, Պէյրութ, 1999, 44 էջ:
  • Ցեղի արթնութիւն, Երեւան, 1999, 36 էջ:
  • Ամերիկահայութիւնը՝ ցեղը եւ իր տականքը, Երեւան, 2000:
  • Ցեղի ոգու շարժը, Երեւան, 2000:
  • Ցեղի ոգու շարժը: Ամերիկահայութիւնը՝ ցեղը եւ իր տականքը, Երեւան, 2000, 118 էջ:
  • Ցեղակրօնութիւնն իբրեւ յաղթանակի զօրոյթ: Ցեղային արթնութիւն: Ինչ է ցեղակրօնութիւնը, Երեւան, 2001, 48 էջ:
  • Հատընտիր, Երեւան, 2001, 405 էջ:
  • Էջեր իմ օրագրէն: Բաց նամակ հայ մտավորականութեան, Երեւան, 2002, 52 էջ:
  • Երկեր, հատ. 1, Երեւան, ՀՀ ԳԱԱ հրատ., 2002, 532 էջ, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/1187/Njdeh_1.pdf
  • Երկեր, հատ. 2, Երեւան, ՀՀ ԳԱԱ հրատ., 2002, 504 էջ, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/1200/Njdeh_erker2.pdf
  • Նամականի (1920-1921), Երեւան, 2002, 48 էջ:
  • Նորայայտ մասունքներ, Երեւան, 2002, 20 էջ:
  • Մեծ գաղափար (նորայայտ մասունքներ), Երեւան, 2003, 80 էջ:
  • Որդիների պայքարը հայրերի դէմ, Պէյրութ, 2005, 127 էջ:
  • Հատընտիր /երկրորդ լրացված հրատարակութիւն/, Երեւան, 2006, 706 էջ։
  • Բաց նամակ Մայքլ Արլենին, Լոս-Անճէլըս, 2008:
  • Հայ ռազմիկին (Յաղթելու արուեստը), Երեւան, 2010, 64 էջ:
  • Աշխարհայեցողութիւն, Երեւան, 2011, 28 էջ:
  • Նորայայտ նամակներ, Երեւան, 2011:
  • Գրական երկեր, Երեւան, 2012, 216 էջ:
  • Բանտային կեանք: Նամակներ: Գրառումներ, Երեւան, 2016, 187 էջ:
  • Յիշի'ր պատերազմը: Խուստուփեան կանչեր, Երեւան, 2017, 148 էջ:
  • Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 1. Հայաստանի կենդանի սուրը, Երեւան, 2017, 408 էջ:
  • Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 2. Ազատ Սիւնիք, Երեւան, 2017, 416 էջ:
  • Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 3. Թավրիզյան դրամա, Երեւան, 2017, 408 էջ:
  • Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 4. Հայ դասական արիութիւնը, Երեւան, 2017, 400 էջ:
  • Երկերի լիակատար ժողովածու, հատ. 5. Անձնավկայութիւն կամ յաւիտենական հայը, Երեւան, 2017, 400 էջ:

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 8 — հատոր 8. — է. 269.
  3. 3,0 3,1 3,2 https://anca.org/karekin-njdeh-a-biographical-sketch/
  4. Գարեգին Նժդեհի հզօր մտքերը