Jump to content

Զուարթնոց

Զուարթնոց տաճարի տեսքը (վերակազմութիւն)

Զուարթնոց, հայկական վաղ միջնադարեան ճարտարապետական յուշարձան, կը գտնուի Վաղարշապատէն 3 ք.մ. հարաւ-արեւելք։ 1989 թուականին ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային արժէքներու ցանկին մէջ։

Զուարթնոցը կառուցուած է Ներսէս Գ. Տայեցի կաթողիկոսի օրօք՝ 643652 թթ.-ին։ Տաճարը Զուարթնոց անուանած է Սեբէոս պատմիչը, այլ աղբիւրներու մէջ կը յիշատակուի նաեւ Վաղարշապատի Սբ. Գրիգոր, Առապարի Սբ. Գրիգոր անուններով։

«Զուարթնոց» անուանումը հաւանաբար կ'առնչուի նաեւ զուարթուն՝ հրեշտակ բառին։ Կ'ենթադրուի, որ Զուարթնոցի տարածքին եղած է հեթանոսական Տիր աստուծոյ մեհեանը։ Ըստ Սեբէոսի՝ 301 թ.-ին այստեղ հանդիպած են Հայոց Տրդատ Գ. արքան եւ Գրիգոր Լուսաւորիչը։ Տաճարի աւերման մասին պատմական աղբիւրներուն մէջ տեղեկութիւն չկայ (հաւանաբար երկրաշարժէն աւերուած է). յայտնի է, որ այն կանգուն եղած է մինչեւ X դարը։ XX դարու սկիզբը աւերակ տաճարը ծածկուած էր հողով, պեղումներ կատարուած են 19011907 թթ.-ին՝ Խաչիկ վարդապետ Դադեանի նախաձեռնութեամբ, 1904-էն՝ Թորոս Թորամանեանի գիտական ղեկավարութեամբ։ Ըստ պեղուած նիւթերու՝ նախքան Զուարթնոց, այստեղ եղած են հեթանոսական եւ IV–V դարերու կառոյցներ։ Հնագոյնը 0, 63 մ. x 2, 7 մ. չափերու կոթողն է (կը գտնուի Զուարթնոցի թանգարանին մէջ)՝ Ռուսա Բ.-ի սեպագիր արձանագրութեամբ։ Պեղումներով յայտնաբերուած են տաճարը, կաթողիկոսական պալատը՝ օժանդակ շինութիւններով (բաղնիք, խուցեր եւ այլն)։ Պահպանուած են տաճարի յատակը, տեղ-տեղ՝ ստորին որմնաշարը, սիւներու խոյակներ, խարիսխներ, արեւու քանդակազարդ ժամացոյցը, խճանկարի, որմնանկարի ու այլ մնացորդներ։ Տաճարի կառուցման համար օգտագործուած են տարբեր որակներու եւ երանգներու տուֆեր, պոչաւոր քարեր, չեչաքար, պեմզա, վանակատ եւ այլն։

Ճարտարապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տաճարը կառուցուած է եօթաստիճան պատուանդանի կեդրոնը։ Արտաքուստ՝ եռաստիճան, յաջորդաբար նուազող 3 գլանաձեւ ներդաշնակ ծաւալներու միասնական շինութիւն էր, որուն յօրինուածքի միջուկը քառակոնքն է։ Վերջինիս խորանները միաւորուած են 4 զանգուածեղ մոյթերով, որոնք վերին՝ կապող 4 կամարներու եւ առագաստներու հետ կը կազմեն գմբէթակիր միաձոյլ համակարգ։ Տաճարը ունեցած է 5 շքամուտք։ Տաճարի առաջին աստիճանի ճակատային վերին մասը ընդգրկող գօտին քանդակազարդուած է խաղողի որթերով, նռնազարդ ճիւղերով. որմնակամարներու հանդիպման մասը՝ հոգեւոր եւ աշխարհիկ անձանց 32 բարձրաքանդակէն պահպանուած են 9-ը։ Տաճարի ներսը խոյակներու թեւատարած արծիւները, որմնասիւնազարդի ռիթմը, մոյթերու սլացքը, բարձրադիր գմբէթը՝ ողջ զարդարանքի հետ, կառոյցին հաղորդած են վերասլացութիւն։ Տաճարի բարձրաքանդակներէն մէկուն վրայ պահպանուած է Եոհան, հաւանաբար՝ տաճարի ճարտարապետի անունը։

Հայկական ճարտարապետութիւնը կրած է Զուարթնոցի ազդեցութիւնը. այն վաղ միջնադարեան հայկական շինարուեստի, քանդակագործութեան, տեքորաթիւ արուեստի իւրօրինակ հանրագումար է։ Մեզի հասած հայկական ճարտարապետութեան կոթողներէն զուարթնոցատիպ են Ներսէս Գ. Տայեցիի կառուցած Իշխանի եւ Բանակի (VII դար), Աղուանքի մէջ՝ Լիակիթի (VII դար), Անիի մէջ՝ Գագկաշէն Սրբ. Գրիգոր (XI դար) եկեղեցիները։

19801990 -ական թուականներուն վերականգնուած են Զուարթնոցի խորաններու սիւնաշարերը, արծուախոյակ սիւները, առաջին աստիճանի պատերու ստորին մասը։

Կ’ըսուի, թէ տաճարը պատկերուած է Փարիզի Սանթ-Շափէլի վերին մատուռի արտաքին մուտքը զարդարող երկու քանդակներու վրայ: Այս քանդակները կը ներկայացնեն Նոյեան Տապանի պատմութիւնը, ուր տաճարը յստակօրէն կ’երեւի նաւուն վերեւ բարձրացած:

Ժան-Միշել Թիերի, որ կը հերքէ հանրամատչելի գրականութեան մէջ տարածուած այս վարկածը, կը նշէ, թէ քանդակին վրայ պատկերուած շէնքին ձեւը չափազանց սովորական է: Ըստ իրեն՝ զարմանալի պիտի ըլլար, եթէ երեք դար առաջ կործանած յուշարձան մը օրինակ ծառայած ըլլար այդ պատկերին համար:

Այդուհանդերձ, ԺԱ. դարու հայ պատմիչ Ստեփանոս Տարօնեցին կը գրէ, թէ 1000 թուականին Գագիկ թագաւորը Անիի մէջ կառուցել տուաւ Գագկաշէն Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին՝ Զուարթնոցի յատակագիծով: Ասիկա կը փաստէ բացառիկ նկատուող ճարտարապետութեան մը յիշողութեան տեւականութիւնը եւ մեզ աւելի կը մօտեցնէ Սանթ-Շափէլի կառուցման թուականին:

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. (ֆրանսերեն) Zvartnots, 2025-09-12, https://fr.wikipedia.org/w/index.php?title=Zvartnots&oldid=228909061, վերցված է 2026-02-26