Մշակ (թերթ)
Մշակ Մշակ եւ Mshak | |
---|---|
![]() | |
Տեսակ | թերթ |
Լեզու | հայերէն |
Հիմնադրուած է | 4 (16) Սեպտեմբեր 1872 |
Հիմնադիր | Գրիգոր Արծրունի |
Երկիր |
![]() |
Հրատարակման վայր | Թիֆլիս |
Մշակ, հասարակական-քաղաքական, գրական թերթ։ Հրատարակուած՝ 1872-1921 թուականներուն, Թիֆլիս։
Թերթի ծնունդ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Թերթին հիմնադիրն ու առաջին խմբագիրը եղած է՝ Գրիգոր Արծրունի։ Հետագային, «Մշակ»ի խմբագիրները եղած են Ալեքսանտր Քալանթարը, Ա. Առաքելեանը եւ Լէոն (Ա. Բաբախանեան)։
Խմբագրակազմին մաս կազմած են նաեւ՝ Պօղոս Իզմայիլեան, Բարսեղ Շահվերտեան, Րաֆֆի, Պերճ Պռոշեան, Ստեփան Բալասանեան, Միհրդատ Ամերիկեան[1]:
«Մշակ»-ը եղած է «Հիւսիսափայլ» ամսագրի ժառանգորդն ու շարունակողը, որ ի տարբերութիւն «Հիւսիսափայլ»-ի, կը հրատարակուի Թիֆլիսի մէջ։ Հիմնադիրը եղած է հրապարակախօս ու քննադատ՝ Գրիգոր Արծրունին։ Արծրունի Կրթութիւն ստանալէ ետք Գերմանիոյ մէջ, կը վերադառնայ Հայաստան։ Ան կ՛երազէ անձնական լրագիր ունենալ։ Հարուստ ռազմական գործիչ մը ըլլալով՝ Երեմիա Արծրունիի որդի՝ Գրիգոր, կը բախի նիւթական մեծ դժուարութիւններու, որովհետեւ հայրը թերթի մը խմբագրութիւնը կը համարէր ոչ պատուաբեր՝ իր զաւկին համար։ Օր մը, Թիֆլիսի մէջ, «Եւրոպա» սրճարանին մէջ, Արծրունի կը հանդիպի երկու երիտասարդներու՝ Միհրդատ Ամերիկեանի եւ Գէորգ Չմշկեանի , ուր կը պարզուի, թէ անոնք կ՛երազէին հայկական թատրոն մը ստեղծել։ Այդ օրն իսկ ընդունուած է «Մշակ» թերթի հիմնադրման օրը։ Թերթը նախ սկսած է լոյս տեսնել շաբաթական մէկ անգամ, այնուհետեւ՝ երկու, երեք ու հինգ անգամ։
Հրատարակման քաղաքական ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Մշակ»-ի հրատարակման տարիները կը համընկնին Արեւելեան ճգնաժամի, ճնշուած ազգերու ազատագրական շարժման, ռուս-թրքական պատերազմի, Պերլինեան Քոնկրէսի ու Հայկական հարցը վերացնելու հետ։ Ժամանակաշրջանը հարուստ էր պատմական իրադարձութիւններով։ Թերթը հանդէս կու գար ազատական - պուրժուական դիրքերուն վրայ գտնուող հոգեւորականութեան եւ պահպանողականներու կարծրամտութեան դէմ։ Կը գրէր Թուրքիոյ հայերու ծանր կացութեան մասին, վեր կ՛առնէր ժողովուրդի լուսաւորութեան, կանանց իրաւունքներու, հայ գրականութեան ու արուեստի զարգացման հարցերը։ Գիւղացիներու եւ բանուորներու ճնշուած իրավիճակը նոյնպէս իր արտացոլումը կը գտնէր «Մշակ»-ի էջերուն մէջ։
Այլ թղթակիցներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Թերթն ունէր նաեւ օտարերկրեայ թղթակիցներ, որոնք տեղեկութիւններ կը հաղորդէին արտասահմանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին։ Գրիգոր Արծրունի եղած է բարեփոխումներու կողմնակից։ Թերթին մէջ կը տպագրուէին Րաֆֆիի, Ռաֆայէլ Պատկանեանի, Ալեքսանտր Շիրվանզադէի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները։ «Մշակ»-ի հետ նաեւ կը համագործակցէր Անդրէաս Արծրունին՝ Գրիգոր Արծրունիի եղբայրը, որ տնտեսագիտական կրթութիւն ունենալով, թերթին մէջ մեծ տեղ կը յատկացնէր տնտեսագիտական հարցերուն։
«Մշակ» թերթը 1893-1913 թուականներուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1892, 19 Դեկտեմբերին, «Մշակի» տաղանդաւոր խմբագիր՝ Գր. Արծրունիի մահէն ետք, թերթը կը դադրի լոյս տեսնելէ։ 1893 14 Հոկտեմբերէն սկսեալ, Ալ. Քալանթարի խմբագրութեամբ, թերթին առաջին թիւը կը հաւաստիացնէ իր հաւատարմութիւնը թերթին նախկին ուղղութեան եւ սկզբունքներուն։ «Մշակը» 1893-1913 թուականներուն, նոյնպէս պարբերաբար արծարծած է հայ ժողովուրդի կրթութեան ու լուսաւորութեան հետ կապուած հարցերը, քննարկած է գրականութեան եւ արուեստի օրուան հարցերը, հայ ժողովուրդին հրամցուցած է ռուս եւ համաշխարհային գրականութեան գոհարները։
Թերթին մէջ արծարծուած այլ նիւթեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Մշակ»-ը, հակառակ ցարական գրաքննութեան յարուցած դժուարութիւններուն, ընդարձակ տեղ կը յատկացնէր արեւմտահայութեան հարցին՝ հանգամանօրէն անդրադառնալով 1894 - 1896 թուականներու Սուլթան Համիտի կողմէ կազմակերպուած արեւմտահայութեան կոտորածին, 1904 թուականի Սասնոյ ապստամբութեան, եւայլն։ Թերթը կը մատնանշէր եւս Զուիցերիոյ մէջ նոր ստեղծուած երիտթուրքերու կազմակերպութեան նենգ քաղաքականութիւնը։
Հայ եկեղեցւոյ սկզբունքներու բարեկարգում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Մշակ»ը եկեղեցւոյ վերակառուցումը առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը կը համարէր,ըստ որուն, եկեղեցին հարկ էր հրաժարէր աւանդական շարք մը սկզբունքներէն։ Եկեղեցին իսկապէս ժողովուրդին ծառայեցնելու նպատակով, կ՛առաջարկէր բոլոր եկեղեցական գիրքերը թարգմանել աշխարհաբարի։
1913 թ. Հոկտեմբերի 20-ին, Րաֆֆիի մահուան տարելիցին օրը, կը մահանայ «Մշակ»ի խմբագիր՝ Ալ. Քալանթարը,որուն կը փոխարինէ՝ Համբարձում Առաքելեանը։
Խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք, Վրաստանի մէջ,1921 թուականին,թերթը լոյս տեսնելէ կը դադրի[2][3]։
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ Մշակ (թերթ, 1872-1921)
- ↑ «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՄՇԱԿ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-13
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»
Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Հայկական հարց, հանրագիտարան, Երեւան, 1996։
- «Մշակ» լրագիր. բովանդակութեան ցանկ, Ե., 197
- Հայկական համառօտ հանրագիտարան, հատոր 3, Ե., ՀԽՀԳԽ, 1999, էջ 757: