Քրիստափոր Միքայէլեան
Քրիստափոր Միքայէլեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 18 Հոկտեմբեր 1859[1] |
Ծննդավայր | Ներքին Ագուլիս, Օրտուպատի գաւառ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1 Մարտ 1905 (45 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Սոֆիա, Պուլկարիա |
Քաղաքացիութիւն | Ռուսական Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Քրիստափոր Միքայէլեան (18 Հոկտեմբեր 1859[1], Ներքին Ագուլիս, Օրտուպատի գաւառ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 1 Մարտ 1905, Սոֆիա, Պուլկարիա), հայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյնն ու կեդրոնական դէմքը, որ մեր ժողովուրդի նորագոյն շրջանի պատմութեան մէջ անկրկնելի բարձունք մը նուաճած է, իբրեւ հայու յեղափոխական կամքին ու յանդգնութեան, այլեւ մարտունակ ուժին եւ կազմակերպական տաղանդին մարդակերտ դարբինը:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քրիստափոր Միքայէլեան ծնած է 18 Հոկտեմբեր 1859-ին, Նախիջեւանի Գողթն գաւառի Վերին Ագուլիս գիւղը։ Չորս տարեկանին կորսնցուցած է մայրը, իսկ 10 տարեկան` հայրը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցը։ 1876-ին, ընդունուած է Թիֆլիսի ուսուցչական հիմնարկը, որուն ընթացքը աւարտած է 1880-ին։ 1880-1884-ին ուսուցչական պաշտօն վարած է ծննդավայրին՝ Վերին Ագուլիսի մէջ։ Ուսուցչական այդ տարիները Քրիստափորի մէջ արմատաւորած են յեղափոխական ու ընկերվարական խոր համոզումներու տէր գործիչը, մանաւանդ երբ տեսած է ցարական բռնատիրութեան գործած աւերը ընդհանրապէս գիւղական աշխարհին եւ յատկապէս հայ գիւղացիութեան մէջ: Ճիգ չէ խնայած ծառանալու այն բոլոր անարդարութեանց եւ անիրաւութեանց դէմ, որոնց հայ ժողովուրդը կ՚ենթարկուէր ցարական պաշտօնէութեան կողմէ պարզապէս այն պատճառով, որ հայ էր:
Ռուսական «Նարոտնայա Վոլեա» («Ժողովրդային կամք») յեղափոխական կազմակերպութեան վերելքի ժամանակաշրջանին, երբ կովկասահայ երիտասարդութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ փարած էր անոր ընկերվարական գաղափարներուն, Քրիստափոր եւս անմիջապէս միացած է անոնց, ռուս յեղափոխականներու հետ սերտ կապեր հաստատելով:
Ամառնային իր արձակուրդները Թիֆլիս անցընելով, Քրիստափոր մօտէն շփում հաստատած է հայ իրականութեան մէջ երեւան եկած ազգային-ազատագրական շարժման խմորումներուն հետ, յատկապէս ծանօթանալով Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ» օրաթերթին շուրջ խմբուած մտաւորականութեան: Այդ շրջանին, Քրիստափորի մէջ սկսած է ձեւաւորուիլ ազգային հողի վրայ յեղափոխական շարժում յառաջացնելու գաղափարը: 1885-ին, երբ ցարական կառավարութիւնը որոշած է փակել 400 հայ դպրոցներ, անոնց 20 հազար աշակերտութիւնը եւ 3 հազար ուսուցիչները փողոց ձգելով, Քրիստափոր իր ընկերներով ձեռնարկած է ժողովուրդին մէջ թռուցիկներ բաժնելու եւ բողոքի ալիք բարձրացնելու շարժումին: 1885-1887 թուականներուն իբրեւ ազատ ունկնդիր ուսանած է Մոսկուայի համալսարանը։ 1887-ին, իր նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է «Երիտասարդ Հայաստան» կազմակերպութիւնը։
«Հայ Յեղափոխականներու դաշնակցութիւն» կուսակցութեան հիմնում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թէեւ Արմենական եւ Հնչակեան կուսակցութիւնները արդէն կեանքի կոչուած էին, բայց Կարինէն մինչեւ Թիֆլիս եւ Մոսկուա տակաւին մեծաթիւ խմբակներ յեղափոխական բուռն խմորումներու մէջ էին, բայց ցիրուցան վիճակ մը կը պարզէին: Քրիստափոր կը ձեռնարկէ ե՛ւ նորաստեղծ զոյգ կուսակցութիւնները, ե՛ւ անջատաբար պայքարի լծուած խմբակները իրարու մօտ բերելու եւ միացնելու աշխատանքին: Թէեւ Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ Ռուբէն Խանազատ համաձայնութիւն կը յայտնէ Դաշնակցութեան մը մէջ բոլոր յեղափոխականները ի մի բերելու գաղափարին, բայց Հնչակեան կեդրոնը յետագային կը մերժէ միանալ նորակազմ հոսանքին, ապակեդրոնացման սկզբունքին վրայ։ 1890-ի ամրան, Քրիստափոր Միքայէլեան, Թիֆլիսի մէջ, Սիմոն Զաւարեանի եւ Ստեփան Զօրեանի (Ռոստոմ) հետ կը հիմնէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը («Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն» անունով) եւ կը դառնայ կեդրոնական վարչութեան անդամը եւ ղեկավարող դէմքը։ 1891-ին ձերբակալուելով կ'աքսորուի Քիշնեւ (Ռումանիա), սակայն նոյն տարին գաղտնի կ'անցնի Ռումանիա եւ կը կազմակերպէ «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի հրատարակութիւնը։ 1892-ի ամրան կը վերադառնայ Թիֆլիս եւ կը մասնակցի Հ.Յ.Դ. առաջին ընդհանուր ժողովին, ուր կը հաստատուի Հ.Յ.Դ ծրագիրը եւ կ՚ընտրուի անդրանիկ Բիւրոն։ Քրիստափոր՝ ծրագրի հեղինակներէն մէկը, Բիւրոյի անդամ ընտրուած է։ Այնուհետեւ, սկսած է նորաստեղծ կուսակցութիւնը գաղափարական եւ կազմակերպական, քաղաքական եւ մարտական ինքնահաստատման հունի մէջ մտցնելու դժուարին աշխատանքը: Զաւարեանի եւ Ռոստոմի հետ գործակցաբար, Քրիստափոր ամուր հիմերու վրայ դրած է «Դրօշակ»ը, որուն էջերուն մէջ սկսած են լոյս տեսնել Դաշնակցութեան ծրագիրն ու քաղաքական առաջադրանքները հիմնաւորող անոր առաջնորդող յօդուածները:
1895 Հոկտեմբերին ան դարձեալ ձերբակալուած եւ մինչեւ 23 Մարտ, 1896, Պաքուի բանտը մնացած։ Ազատ արձակուած է 2000 ռուբլիի երաշխաւորագինով եւ Թիֆլիսէն չհեռանալու պայմանով։ Այնուհետեւ, Քրիստափոր իր ուժերը կեդրոնացուցած է Խանասորի արշաւանքի կազմակերպման ուղղութեամբ։
1898-ին կայացած Հ.Յ.Դ. երկրորդ ընդհանուր ժողովի որոշմամբ, Քրիստափոր մեկնած է Ժընեւ, ուր զբաղած է «Դրօշակ»ի խմբագրութեամբ եւ քարոզչական գործունէութեամբ։ Այս ընթացքին ան կը գրէ իր «Ամբոխային տրամաբանութիւնը» (հրտ. 1909), «Կովկասահայ Տագնապը» (հրտ. 1903) գործերը, ուր պաշտպանած է ցոյցերու, արշաւանքներու, ահաբեկչական գործողութիւններու միջոցով Արեւմտեան Հայաստանն ազատագրելու Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծրագիրը։ Իր նախաձեռնութեամբ, Նոյեմբեր 1900-ին Փարիզի մէջ սկսած է հրատարակուիլ ֆրանսալեզու «Փրօ Արմենիա» թերթը, որուն թղթակցած են ժամանակի ֆրանսացի շատ յայտնի հայասէրներ եւ քաղաքական գործիչներ՝ Անատոլ Ֆրանս, Ժան Ժօրէս, Տընի Գոշէն, Ժորժ Քլեմանսօ եւ ուրիշներ։
Քրիստափոր կը վերադառնայ Կովկաս եւ իր նախաձեռնութեամբ կը ստեղծուի եւ գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ Հ.Յ.Դ. յայտնի «Փոթորիկ» խումբը, որ իր գործունէութիւնը սկսած է 1890-ականներու վերջերուն,1901-ին։ Յեղափոխական բուռն կռիւը զէնքի եւ զինամթերքի յարաճուն աղբիւրներու անհրաժեշտութիւնը շեշտած էր, իսկ հայ պահպանողականութիւնը՝ յեղափոխականներու անյաջողութիւնը պատրուակ գործածելով, ընդհանրապէս վարկաբեկել կը փորձէր հայոց ազգային-ազատագրական պայքարը։ Ան հայ ունեւոր խաւը կը դնէ յեղափոխական գործին նիւթապէս զօրավիգ կանգնելու պարտաւորութեան տակ, ի հարկին ծանրագոյն պատիժի ենթարկելով Ժամհարեանի օրինակով այն մեծահարուստները, որոնք ցարական իշխանութեանց հովանաւորութիւնը խնդրած էին, ընդդէմ՝ հայ յեղափոխականներուն։ Վրայ կը հասնին պատմական տարողութեամբ մեծակշիռ զարգացումներ՝ հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման ցարական հրամանագիրն ու անոր դէմ ծաւալած համաժողովրդական ըմբոստացումը, Սասնոյ երկրորդ ապստամբութիւնն ու համիտեան նոր ջարդերը։
Քրիստափոր իր տարերքին մէջ էր, բոլոր ճակատներուն վրայ յեղափոխական կռիւի վճռականութեան թափ տալով, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործը ամուր հիմերու վրայ դնելով, Եւրոպայի տարածքին ի նպաստ հայութեան ազդու շարժում առաջացնելով։ Ահա այդ մթնոլորտին մէջ, Քրիստափոր՝ Հ.Յ.Դ. Երրորդ Ընդհանուր Ժողովին կը ներկայացնէ Կարմիր Սուլթանը ահաբեկելու ծրագիրը, կը ստանայ Դաշնակցութեան կամքը ներկայացնող ժողովին համաձայնութիւնը եւ անձամբ կը լծուի ծրագիրի գործադրութեան։ Բայց ճակատագիրը ուրիշ եւ դառնագոյն վախճան վերապահած էր հայու յեղափոխական յանդգնութեան անկրկնելի ռահվիրային։ Վիտոշ լերան լանջին, Պուլկարիոյ մէջ, Վռամշապուհ Քենտիրեանի հետ այդ մահափորձի պատրաստութիւններուն ընթացքին, ռումբի փորձարկման պահուն, մեծ յեղափոխականը իր ընկերոջ հետ զոհ կ'երթայ ռումբի ապաժամ պայթումին... Քրիստափոր կը նահատակուի 5 Մարտ 1905-ին։ Իր շիրիմը կը գտնուի Պուլկարիոյ մայրաքաղաք՝ Սոֆիայի հանրային գերեզմանատան մէջ[2]:
Քրիստափոր՝ Մարդը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քրիստափոր անհունօրէն բարի եւ միեւնոյն ատեն բարկացող եղած է։ Իր ընկերներուն հանդէպ ներողամիտ, բայց անգութ՝ կեղծիքի, սուտի, անազնուութեան եւ խարդախութեան դիմաց։ Այդպիսի պարագաներուն ո՛չ մոռնալ գիտցած է եւ ոչ ներել։ Քրիստափոր ունեցած է ազնուական բնաւորութիւն։ Անոր իւրաքանչիւր խօսքէն, վերաբերումէն կամ նամակէն միշտ բխած է գաղափարական ընկերայնութեան ոգին, որ այնքան ջերմութիւն հաղորդած է դաշնակցական մթնոլորտին։ Ամէն տեսակ զրկանք կրած է իր ընկերներուն սիրոյն։ «Սիրեցէ՛ք միմեանց» ըսած է յաճախ ընկերներուն։ Քրիստափոր ապրած է ծայրայեղօրէն համեստ պայմաններու տակ։ Հակառակ տիկնոջ խելացի խնայողութեան, նիւթական եկամուտը չէ բաւած «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը վարած օրերուն։ Քրիստափորի մտերիմ ընկերներէն մէկը անոր յանձնած է շատ նեղ շրջանակի մէջ հաւաքուած գումար մը, յատկապէս Քրիստափորի անհատական ծախսերուն համար։ Քրիստափոր, ժպտալով, ստացած գումարը արձանագրած է խմբագրութեան հաշուեմատեանին մուտքերու բաժնին մէջ։ Ընկերը բացատրած է, թէ գումարը յատկապէս իրեն համար էր. ««Դրօշակ»ին աւելի պէտք է» եղած է պատասխանը։ Քրիստափոր միշտ պատրաստ եղած է զոհաբերութեան՝ ծանօթ կամ անծանօթ կարօտեալներուն համար։ Բայց մեծագոյն սէրն ու զոհը պահած է մանաւանդ իր պաշտած Հայաստանին։ Անոր հոգին նոյնացած է Հայաստանի հետ։ Հայրենիքի տառապանքը իր հոգիին ամէնօրեայ տառապանքը եղած է։ Այդպէս է, որ կ'երթայ մարդասպանին դէմ՝ արդար պատիժ տալու։ Իր յղացած ձեռնարկը ինք պէտք է իրագործէր։ Այդ սուրբ արարքով, Քրիստափոր գործի վերածած է իր գաղափարները։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Քրիստափոր Միքայէլեանի նամակները, խմբ. Հր. Տասնապետեան, Պէյրութ, 1993, 414 էջ։
- Յուշապատում Հ.Յ. Դաշնակցութեան (1890-1950), խմբ. Սիմոն Վրացեան, Պոսթըն, 1950, 636 էջ։
- Վարանդեան Միքայէլ, Հ.Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն, Երեւան, 1992, 536 էջ, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/116/Dashnak1.pdf
- Խուդինեան Գէորգ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ծնունդը, Երեւան, 2000:
- Խուդինեան Գէորգ, Հ.Յ. Դաշնակցութեան քննական պատմութիւն (ակունքներից մինչեւ 1895 թուականի վերջը), Երեւան, ՀՀ ԳԱԱ, 2006, 440 էջ, - http://www.arfd.info/hy/docs/G%20Khutinian%20-%20HHD%20Qnnakan%20Patmutyun.pdf Archived 2017-12-15 at the Wayback Machine.
- Աշոտ Ներսիսեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն, հատ. Բ. (1898-1908 թուականներ), Պէյրութ, 2008, 400 էջ։
- Գրիգորեան Հովիկ, Հայոց ազատամարտի զինման եւ ֆինանսաւորման խնդիրը (1890-1908 թթ.), Երեւան, 2004, 112 էջ։
- Ահարոնեան Աւետիս, Քրիստափոր Միքայէլեան, Պոսթըն, 1926:
- Տասնապետեան Հրաչ, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. ընդհանուր ժողովը (1890-1924 թթ.), Աթէնք, 1988:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ Քրիստափոր Միքայէլեանի Մասին Արա Գրիգորեանի Գիրքին Ներկայացումը Շաւիլի Մէջ
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
|
- 18 Հոկտեմբերի ծնունդներ
- 1859 ծնունդներ
- 1 Մարտի մահեր
- 1905 մահեր
- Անձինք այբբենական կարգով
- Յօդուածներ որոնց մէջ փճացած յղումներ կան from October 2023
- Հայ քաղաքական գործիչներ
- Հայ յեղափոխականներ
- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
- Հայ ազատագրական շարժում
- Հայ խմբագիրներ
- Հայ հասարակական գործիչներ
- Խոջիվանքի գերեզմանատան մէջ թաղուածներ