Արաբերէն

Template loop detected: Կաղապար:Տեղեկաքարտ Լեզու Արաբերէն (արաբերէն՝ العَرَبِيَّة‎, Լսել ʻարապիյեահ կամ արաբերէն՝ عَرَبِيّԼսել ʻարապի) սեմական լեզու մըն է, որ հնագոյն ժամանակներէն տարածուած էր Արաբական թերակղզիի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ, իսկ ներկայիս «լեզուական կամուրջ» (լատ.՝ lingua franca) մը կը հանդիսանայ Արաբական աշխարհին համար[1]: Անիկա իր անունն ստացած է արաբներ անունով ժողովուրդէն, որ կ'ապրէր Միջագետքէն մինչեւ լիբանանեան լեռները եւ Սինայի թերակղզին:

Արաբերէնը Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան վեց պաշտօնական լեզուներէն մեկն է, եւ Արաբական Երկիրներուն Լիկայի լեզուն:

Նշանակութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ներկայիս գրական լեզուն կ'ուսուցանուէ դպրոցներէն եւ համալսարաններէն ներս եւ տարբեր աստիճաններով կը գործածուէ աշխատավայրերուն, կառավարութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն մէջ: Անիկա պաշտօնական լեզու կը հանդիսանայ 26 երկիրներուն համար եւ իսլամի արարողական լեզուն է:

Միջին դարուն գրական արաբերէնը մշակութային լեզու մըն եղած է Եւրոպային մէջ, յատկապէս գիտութեան, թուաբանագիտութեան եւ իմաստասիրութեան մէջ: Որպէս հետեւանք, շատ եւրոպական լեզուներ նաեւ անկէ շատ բառեր փոխառած են: Արաբական ազդեցութիւնը, նամանաւանդ, բառապաշարին մէջ, կ'երեւի եւրոպական լեզուներուն, առաւելապէս, սպաներէնին վրայ, պակաս չափով՝ փորթուկալերէնին, վալենսերէնին եւ քաթալաներէնին վրայ: Սիկիլիաներէնը կը պարունակէ շուրջ 500 արաբերէն բառեր: Պալքանեան լեզուները, ներառեալ յունարէնը, պուլկարերէնը նմանապէս փոխառած ունեն բազմաթիւ արաբերէն բառեր, որոնք այդ լեզուներուն օսմանեան թրքերէնի միջոցաւ անցած են:

Խօսողներուն Թիւը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խոշորագոյն արաբախօս երկիրները, անոնց բնակչութիւնը եւ կարդալ-գրել իմացողներու տոկոսային մասը՝

Գիրերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած Արաբերէնին մէջ կը կիրառուեն արաբական գիրերը:

Բառակազմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արաբերէնին մէջ սովորական է բառերուն կազմաւորումը հիմնական արմատներէն: Բառամատները սովորաբար, կ'ունենան երեք բաղաձայններ, որոնցով կը ձեւաւորուեն զանազան բառերը: Զորօրինակ, «Ես գրած եմ» բառը կը կազմուէ համատեղելով ք-թ-պ բաղաձայններէն կազմուած «գրել» բառը ա-ա-թու կաղապարով՝

  • քաթապթու՝ Ես գրած եմ
  • քաաթապթու՝ Ես գրագրութիւն կ'ընեմ (մեկին հետ)
  • աքթապթու՝ Ես թելադրած եմ
  • իքթաթապթու՝ Ես ստորագրած եմ
  • թաքաաթապնաա՝ Մենք կը գրագրուենք միմեանց հետ
  • աքթուպու՝ Ես կը գրեմ
  • ուքաթթիպու՝ Բան մը գրած եմ
  • ուքթիպու՝ Կը թելադրեմ
  • աքթաթիպու՝ Կը ստորագրեմ
  • քոթիպա՝ Անիկա գրուած է
  • ուքթիպա՝ Անիկա թելադրուած է
  • մաքթուպ՝ Գրուած
  • մուքթապ՝ Թելադրուած
  • քիթաապ՝ գիրք
  • քոթուպ՝ գրքեր
  • քաաթիպ՝ գրագէտ
  • քութթաապ՝ գրագէտներ
  • մաքթապ՝ գրասենեակ
  • մաքթապահ՝ գրադարան
  • եւ այլն

Սովորական Արտայայտութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտայայտութիւն Հայագիր ձեւը Թարգմանութիւն
العربية ալ-արապիյեահ արաբերէն
مرحباً մարհապա: բարեւ
أهلاً وسهلاً ահլան-ուասահլան բարի եկաք
السلام عليكم աս-սալաամու 'ալայքում խաղաղութիւնը (ըլլայ) ձեր հետ
كيف حالك؟ քայֆա հալուքա/հալուքի ինչպէ՞ս էք
مع السلامة մա'ա աս-սալաամահ ցտեսութիւն
من فضلك մին ֆատլաք/ֆատլիք խնդրեմ
شكراً շուքրան շնորհակալ եմ
لا أعرف լաա աʻրիֆու չեմ գիտեր

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]