Երուանդունիներ
Երուանդունիներ | |
---|---|
| |
Տեսակ | արքայատոհմ? |
Երկիր |
Կաղապար:Դրօշաւորում/Մեծ ՀայքՓոքր Հայք, Ծոփքի թագաւորութիւն Կոմմագենի |
Ծագում | Երուանդ Սակաւակեաց |
Տիտղոսներ |
Հայաստանի թագաւոր Հայաստանի սատրապ Մեծ Հայքի Արքայ Ծոփքի արքայ Փոքր Հայքի արքայ Կոմմագենի արքայ |
Հիմնադիր | Երուանդ Սակաւակեանց |
Հիմնում | Ք.Ա.570 |
Ազգային պատկանելիութիւն | Հայ |
Կրտսեր ճյուղեր | Արծրունիներ |
Երուանդունիներ, թագաւորական հարստութիւն Հայաստանի մէջ Ք․Ա․. 570- 72 թուականներուն։ Կը կոչուի հարստութեան հիմնադիրն' Երուանդ Սակաւակեացին անունով։
Երուանդունիները իբրեւ թագաւորներ եւ սատրապներ Հայաստանի մէջ իշխած են Ք․Ա․. 570-201 թուականներուն։ Պատմահայր Մովսէս Խորենացին կը տեղեկացնէ, թէ Ք․Ա․7-րդ դարու առաջին կիսուն Հայկական լեռնաշխարհի հարաւ-արեւմուտքը վերականգնած էր Հայկազուններու տոհմին իշխանութիւնը' Սկայորդիւին գլխաւրութեամբ։
Երուանդ Ա. հայոց թագաւոր Պարոյրին ազգականներէն էր։ Հայոց նահապետ, Սկայորդիին որդի Պարոյր կը միաւորէ Վանայ լիճէն մինչեւ Եփրատ ինկած ամբողջ տարածքը եւ դաշինք մը կը կնքէ Մարաստանի ու Բաբելոնի հետ' ընդդէմ Ասորեստանի։ Ք․Ա․ 612-ին դաշնակից զօրքերը կը գրաւեն Ասորեստանի մայրաքաղաք Նինուէն, որուն մասնակցելու համար Պարոյր նահապետ Մարաստանի արքային կողմէն կը թագադրուի եւ կը ճանչցուի Հայաստանի թագաւոր։
Ք․Ա․6-րդ դարավերջին Հայաստան կը դառնայ առաջին մեծագոյն կայսրութեան' Աքեմենեան պետութեան, մէկ մասը։ Երուանդունիները կը դառնան Հայաստանի սատրապներ։ Երկու դար ետք' Ք․Ա․331-ին, Երուանդ Գ. կը վերականգնէ հայկական թագաւորութեան մեծ մասը, եւ կը թագադրուի որպէս Մեծ Հայքի թագաւոր։
Մեծ Հայքի մէջ Երուանդունիները կը շարունակեն իշխել մէկ դար եւս' մինչեւ Ք․Ա․201-ին։ Սելեւկեան թագաւոր Անտիոքոս Գ. Մեծի հայազգի զորավարներ Արտաշէսն ու Զարեհը կը գրաւեն Հայաստանը եւ կը վերացնեն Երուանդունիներու թագաւորութիւնը, հետագային հիմնադրելով հայկական նոր թագաւորութիւններ։ Երուանդունիներու իշխանութիւնը կը կործանուի նաեւ Ծոփքի թագաւորութեան մէջ, Ք․Ա․3-րդ դարուն ընթացքին։
Երուանդունիներու վերջին թագաւորութիւնը կը դառնայ Կոմմագենէն, ուր անոնք կ'իշխեն մինչեւ 72 թուականին։
Ծագում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երուանդունիներու մասին պահպանուած տեղեկութիւնները հակասական են։ Այդ պատճառով Երուանդունիներու ծագումը, Հայաստանի մէջ անոնց միասնաբար եւ անընդմէջ իշխելու հանգամանքները վիճելի են պատմագիտութեան մէջ։ Ք.Ա. 681-ին Ասորեստանի Սենեքերիմ արքային որդիները ՝Սարասար եւ Ադրամելեքը կը սպաննեն իրենց հայրը եւ կ'երթան Հայաստան։ Կ'ենթադրուի, թէ անոնք հիմնադրած են այս հարստութիւնը։
Ըստ Մովսէս Խորենացիի, Հայոց թագաւոր Երուանդ Ա. Սակաւակեաց եւ անոր գահաժառանգ որդի Տիգրան, Մարաց թագաւոր Աժդահակի ժամանակակիցներէն էին։ Այս տեղեկութիւնը կը հաստատէ նաեւ Տիգրանի եւ անոր հօր մասին Քսենոփոնի հաղորդմամբ։
Պերգամոն քաղաքէն 12 Քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուած յունարէն արձանագրութեան մը մէջ Հայաստանի սատրապ Երուանդ Բ.-ին վերագրուած է բակտրիական ծագում։ Իսկ Կոմմագենէի Անտիոքոս Ա. Երուանդունի թագաւորի նախնիներուն նուիրուած Նեմրութ լերան արձանագրութեան մէջ Երուանդունիները դասուած են Դարեհ Աքեմենեան արքային յաջորդներու ցանկին մէջ։ Քանի որ Երուանդ Բ. Աքեմենեան Արտաքսերքսես Բ. արքային փեսան էր, ուրեմն անոր սերունդը կրնար մօրենական կողմէն ճանչցուիլ Աքեմենեան։ Երուանդունիներու Աքեմենեան շառաւիղ ըլլալու հանգամանքը երբեմն ընդգծուած եւ գերագնահատուած է։ Ստրաբոն Երուանդ Դ. Վերջինը կը համարէ Դարեհ Ա.-ի զինակից Հիտարնեսի սերունդէն։
Ստրաբոնի այդ վկայութեան հիման վրայ ուսումնասիրողները կը կարծեն, որ ԴարեհԱ.-ը, վերացնելով Հայաստանի թագաւորութիւնը, որուն գահակալները կը սերէին Երուանդ Ա. Սակաւակեացէն, Հայաստանի սատրապ նշանակած է Հիտարնեսը, եւ անոր յաջորդները ժառանգաբար իշխած են մինչեւ Ք․Ա․. 3-րդ դարու վերջը։ Որովհետեեւ այդ տոհմին մէջ կը յիշատակուին Երուանդ անունով չորս թագաւոր ու սատրապ, ուստի կ' ենթադրուի, որ Հիտարնես Ա. կամ անոր յաջորդ համանուն որդին, իրենց իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ ամրապնդելու համար խնամիացած են հայոց Երուանդունիներու տոհմին հետ։
Պարոյր Սկայորդի եւ Երուանդ Սակաւակեաց
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայկական հողերու միաւորում
Առաջաւոր Ասիոյ նախկին հզօր տէրութիւնները՝ Ասորեստանն ու Վանի թագաւորութիւնը Ք․Ա․. 7-րդ դարու վերջերուն սկսած էին խիստ տկարանալ։ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ ստեղծուած առաջին պետութեան՝ Վանի թագաւորութեան փլատակներուն վրայ կը ստեղծուին կարգ մը իշխանութիւններ, որոնց մէջ աչքի կ'իյնայ Պարոյր Սկայորդիին թագաւորութիւնը։ Անոր թագաւորութիւնը կը միաւորէր պատմական Հայաստանի հարաւային եւ հարաւ-արեւելեան շրջանները։ Հետագային ան աւելի կը հզօրանայ։
Պարոյր աշխուժօրէն կը սիրաշահի Առաջաւոր Ասիոյ երկու հզօր պետութիւնները՝ Մետիան (Մարաստան) եւ Բաբելոնը՝ ընդդէմ Ասորեստանի։ Անոնք Պարոյրին թագ կը խոստանան։ Պարոյր մարական թագաւոր Կիաքսարէն թագ կը ստանայ Նինուէի վրայ մարա-բաբելոնեան զօրքերու արշաւանքին եւ Ասորեստանի կործանման մասնակցելուն համար։
Կ'ենթադրուի, թէ Պարոյրը Արմէ-Շուպրիա երկրի ցեղային միութեան առաջնորդն էր։ Ք․Ա․. 609 -ին ան Կիաքսարի զօրքերուն հետ կը գրաւէ Վանի թագաւորութեան մայրաքաղաք Տուշպան, որուն իբրեւ արդիւնքը, Ուրարտական տիրոյթները կ'անցնին հայերուն ու հայկական պետական կազմաւորումներուն, որոնցմէ ամէնէն հզօրը Երուանդունիներն էին։ Անդրադառնալով Պարոյրի թագադրութեան՝ պատմահայր Մովսէս Խորենացին, որ հոգեկան հրճուանք կը զգար Հայոց պետութեան մեծագործութիւններու մասին, կը նշէ.
« Ահա այժմ ես կ'ուրախանամ' ոչ փոքր խնդութիւն զգալով, որ կը հասնիմ այն տեղերը, ուր մեր բնիկ նախնիին սերունդները թագանորութեան աստիճանի կը հասնին»:[1]
Պարոյր նահապետին թագաւորութիւնը երկար չի տեւեր։ Մէկ թագաւորութեան ներքեւ ամբողջ երկիրը միաւորելու գործը կ'իրականացնէ անոր ազգականներէն Երուանդ Ա. Սակաւակեացը[2]։ Վերջինիս իշխանութեան կեդրոնը Այրարատն էր։
Պատմագիտութեան մէջ կայ վարկած մը, ըստ որուն' Մովսէս Խորենացի կը շփոթէ Վանի թագաւոր Արամը (Արա Գեղեցիկին հայրը) Երուանդունի Արամանիին հետ, զոր ան նոյնպէս Արամ կը կոչէ[3],։ Վերջինս պայքար կը սկսի օտար նուաճողներու դէմ, կը ջախջախէ անոնց առաջնորդ կութար Մատեսի զօրքերը, իսկ Մատեսը կը հրամայէ գամել Արմաւիրի պարիսպին աշտարակին։ Արաման, որ իր մայրաքաղաքը կը դարձնէ Արմաւիրը, մեծ քաղաքագէտի եւ զինուորական յատկանիշներով օժտուած էր։ Դաշնակցելով մարերուն հետ' կը գրաւ Ասորեստանի մեծ մասը[4]։ Մեծ բանակով կ'արշաւէ դէպի արեւմուտք' գրաւելով Մաժակ (հետագային' Կեսարիա) քաղաքը եւ հայոց պետութեան սահմանները կը հասցնէ մինչեւ Սեւ ծովու ափերը։ Ռազմական եւ քաղաքական այս յաջողութիւններուն շնորհիւ Երուանդունիներու թագաւորութիւնը կը վերածուի Առաջաւոր Ասիոյ կարեւոր պետութեան[5]։
Հայոց թագաւորութեան սահմաններ
Համահայկական թագաւորութեան ստեղծմանը կը նպաստէր կարեւոր դարակազմիկ իրադարձութիւն. Հայկական լեռնաշխարհի հայալեզու ցեղերն ու ցեղային միութիւնները սկսած էին միաւորուիլ, աւարտին կը մօտենար հայ ժողովրդի կազմաւորումը։ Ան աշխուժացած էր Ք․Ա․. 2-րդ հազարամեակի վերջերուն, բուռն ընթացած Վանի թագաւորութեան շրջանին, իսկ Երուանդունիներու թագաւորութեան օրով թեւակոխեց իր աւարտական փուլը։ Արամանի թագաւորի կողմէն արեւմուտքի մէջ գրաւուած երկրներու բնակչութիւնը, որ հնդեւրոպական էր եւ շատ մօտ հայերուն, աստիճանաբար ներառուեց հայ ժողովրդու կազմաւորման գործընթացներու մէջ[6]։
Արծաթեայ պտեակ Երզնկայէն, Ք․Ա․. 5-րդ դար
Հարեւան ժողովուրդները հայոց թագաւորի Արամանի անունը տարածեցին թագաւորութեան բոլոր բնակիչներու վրայ։ Հայերը հարեւաններու կողմէն կը դիտէին որպէս Արամանի թագաւորի ժողովուրդ, ուստի, հակառակ անոնց հայ ինքնանվանման, սկսան անուանել արամանի (որ ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ արմենի), իսկ երկիրը' Արմենիա։ Այս գործընթացներու հետեւանքով հայ ժողովուրդի կազմաւորումը թեւակոխեց աւարտական փուլ, եւ երկրի ամբողջ բնակչութիւնը դարձավ հայախօս։ Հայերուն արմէն անուանելու տեսակետներէն է նաեւ լեռնաշխարհի հարաւը Արմեէ եւ Ուրմէ ցեղերի գոյութիւնը, որոնք աշխոյժ դեր խաղցած են հայ ժողովուրդի կազմաւորման եւ անոր' այդ ժամանակուայ հանրութեանը յայտնի դարձնելու գործին մէջ[7]։
Երուանդունեաց Հայաստանի պետական սահմանները համընկած են ճիշտ հայ ժողովուրդի էթնիկական սահմաններուն' ընդգրկելով ամբողջ Հայկական լեռնաշխարհը։ յոյն պատմագիր Հերոդոտոսը, վկայակոչելով Հեկատեոս Միլեթացիի աշխարհացոյցը, Ք․Ա․. 6-5-րդ դարերու Հայաստանը ներկայացուա է միաձոյլ, հայ ժողովուրդով բնակեցուած ընդարձակ երկիր, որուն սահմանները հարաւ-արեւելքին մէջ տարաուած են մինչեւ Տիգրիսի վտակ Փոքր Զաւ գետի ակունքները եւ Մարաստան, հարաւին մէջ' մինչեւ Ադիաբենէ (նախկին Ասորեստանի կազմին մէջ), հիւսիս-արեւմուտք' մինչեւ Պոնտոս, արեւմուտք' մինչեւ Մեծ կամ Բուն Կապադովկիա, իսկ հարաւ-արեւմուտ' մինչեւ Կիլիկիա։ Պատմագիրը Հայաստանի անբաժան մասն կը համարուի Եփրատէն արեւմուտք ինկած Պակտիկեն, որ համընկած է հին պարսկական արձանագրութիւններուն մէջ յիշատակուող Կատպատուկա (հին հայկական աղբիւրներուն մէջ' Կապուտկէ, Կապուտկող, աւելի ուշ' Փոքր Հայք) երկրամասին։
Այսպիսով, Հերոդոտոսին ծանօթ Հայաստանը ամբողջովին կ' ընդգրկէր Հայկական լեռնաշխարհը։ Համահայկական նորաստեղծ պետութիւնը կ' ընդգրկէր Վասպուրականը, Աղձնիքը, Մոկքը, Կորճայքը, Տուրուբերանը, Ծոփքը, Բարձր Հայքն ու Փոքր Հայքը, իսկ աւելի ուշ' նաեւ Այրարատը, Ուտիքը, Արցախը եւ Սիւնիքը։
Բանակ
Երուանդ Առաջինի մասին աւանդախառն տեղեկութիւններ կը հաղորդուին Մովսէս Խորենացին եւ Քսենոփոնը։ Վերջինս կը նշէ, որ հայոց արքան ունեցած է ընդարձակ տիրապետութիւն, շուրջ 3 000 արծաթ տաղանդ (75 տոննա արծաթ) հարստութիւն, 40 000 հետեւակային եւ 8 000 հեծելակային զինուորական ուժ։ Երուանդը իր արքունիքը շրջապատած է հայ աւագաի ներկայացուցիչներով' «պատուաւոր հայերով»։ Երուանդի օրով հայկական թագաւորութեան մայրաքաղաքը եղած է Տուշպա-Վանը։ Ք․Ա․. 585 -ին Աժդահակ թագաւորի դէմ կը կռուի պարտուելով' Երուանդը ճանչցած է անոր գերիշխանութիւնը, վճարած տարեկան 50 տաղանդ հարկ, հայկական զորամասերով մասնակցած Մարաց արշաուանքներուն։ Սակայն, երբ Աժդահակը պատերազմի դուրս եկած է Բաբելոնի դէմ, Երուանդը հրաժարած է մասնակցիլ[8]։
Մարաստանի զօրքերու գլխաւոր հրամանատար Կիւրոս Աքեմենեանը ներխուժած է հայոց թագաւորութիւն, կալանաւորած Երուանդին եւ անոր ընտանիքին։ Երուանդի գահաժառանգ որդի Տիգրանի միջնորդութեամբ կնքուած է նոր հաշտութիւն. Երուանդը վերստին ճանչցած է Աժդահակի գերիշխանութիւնը, տարեկան վճարած 100 տաղանդ հարկ, պարտաւորուած զօրքի կէս մասով մասնակցիլ արշաւանքներուն։ Ըստ աւանդական պատմութեան' Երուանդի որդիներն էին Տիգրանը եւ Շաւարշը, իսկ դուստր Տիգրանուհուն կնութեան տուած է Աժդահակին։ Հետագային հայկական ուժերը մեծապես կ' օժանդակեն Կիւրոս Մեծին գրաւած Մարաստանը։ «Կիւրոպեդիա» աշխատութեան մէջ նշուած է, որ հայոց թագաւորը մարերու դէմ կրվին մէջ տրամադրած է 20 000 հեծելազոր եւ 4 000 հետեւակ։ Նոյն աշխատութիւններէն տեղեկութիւններ պահպանուած են նաեւ հայերու եւ անոնց հարեւան խալդաեներու փոխհարաբերութիւններու մասին։ Խալդայները Փոքր Հայքի եւ Պոնտոսի միջեւ գտնուող Խաղտիք (Խալդիկա) կոչուող լեռնային երկրին մէջ բնակուող, մշակելի հողերէն զուրկ, աղքատ, ծառերու ճիւղերէն հիւսուած կավեպատ վահաններով ու նիզակներով զինուած, խաշնարած ցեղեր էին, ովքեր կողոպուտի նպատակով մշտապէս կը յարձակէին հարթավայրերու երկրագործ հայերու վրայ։ Խալդայներու ու հայերու միջեւ մղուող մշտական կռիւներուն պատճառով Հայոց երկրի մասը մը մնացած էր անմշակ ու անմարդաբնակ։ Որոշ ժամանակ ետք կնքուած է հաշտութիւն, որով, մէկ կողմէն, խալդայները, հայոց թագաւորին սահմանուած հողային հարկը վճարելու պայմանով, իրաւունք կը ստանան տիրել ու մշակել հարթավայրի հողերը, իսկ միւս կողմէն' հայերը, խալդայներուն որոշ տուրք վճարելու պայմանով, իրաւունք կը ստանան օգտուիլ արոտավայրերէն։
Մարաստանի դէմ Երուանդի եւ անոր որդի Տիգրանի պայքարը արտացոլուած է հին հայկական բանահիւսութեան մէջ, որմէ պահպանուած են պատառիկներ։
Տիգրան Երուանդեան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յարաբերութիւնները Մարաստանի հետ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դեռ Ք․Ա․. 612 -ին մարական եւ բաբելոնական զօրքերը, որոնց հետ միասին կը կռուէին նաեւ հայկական զօրաբանակներ, գրաւեցին Ասորեստանի մայրաքաղաք Նինվեն եւ կործանեցին զայն։ Հայոց թագաւորը փորձեց իր դաշնակիցներէն' մարերէն ու բաբելոնցիներէն, աստիճանաբար հեռանալ եւ երկրի անւտանգութիւնը ապահովելու համար ամրացնել պետութեան բերդերն ու ամրոցները։ Մարական զօրքերը Ք․Ա․. 28 մայիս 585-ին ճակատամարտ տուին Լիւդիական թագաւորութեան բանակներուն Հալիս գետի մօտ։ Զայն աւարտեց արեւի խաւարման պատճառով, ինչը կողմերը համարեցին աստուածային նշան։ Պատերազմը դադրեցաւ, երկու կողմերու միջեւ սահման ճանչցուեցաւ Հալիս գետը, իսկ մինչեւ զայն ինկած հողերը հանձնուեցան Երուանդունիներու թագաւորութեանը։
Ք․Ա․. 6-րդ դարու 70-ական թուականներուն Հայոց թագաւորութիւնը, բախուելով մերձաւոր արեւելեան մարա-պարսկական տերութեանը եւ հարկադրուած ճանաչելով անոր գերիշխանութիւնը, այնուամէնէնյնիւ պահպանած է իր պետական անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, հոգեւոր-մշակութային ինքնուրոյնութիւնն ու կենսունակութիւնը, որոնք հաստատուն հիմքերու վրայ դրուած էին նախընթաց դարերուն։
Համաձայն Մար Աբաս Կատինային վերագրուող «Նախնական պատմութեան» (որու պատառիկները բանաքաղութեամբ աւանդած է պատմահայր Մովսէս Խորենացին), Ք․Ա․. 6-4-րդ դարերուն Հայաստանի մէջ շարունակած են իշխել Արամի հիմնադրած Հայկազեան արքայատան ներկայացուցիչները։ Պատմագիտութեան մէջ այդ արքայատունը յաճախ անուած են Երուանդունի կամ Երուանդական' Երուանդ Ա. Սակաւակեաց Հայկազեանի (Ք․Ա․. 570-560) անունով։
Տիգրան եւ Աժդահակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երուանդ Սակաւակեացէն ետք գահ կը բարձրանայ իր որդիներէն Տիգրանը (Ք․Ա․. 560-535)։ Հայոց թագաւորութեան սահմանները հարաւ-արեւելքի մէջ կը հասնէին մինչեւ Մարաստան, իսկ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ՝ մինչեւ Սեւ ծովու ափերը։ Ան իր մէջ կը ներարէր ոչ միայն Վանի թագաւորութեան ամբողջ տարածքը, այլեւ անդրեփրատեան շարք մը երկրամասեր։ Նշանակալից էին թագաւորութեան ռազմական ուժերը։ Երուանդունիներու թագաւորութիւնը հզոր դաշնակից ձեռք կը բերէ ի դեմս պարսից արքա Կիւրոս Մեծի, որ ապստամբեց մարական տիրապետութեան դէմ[9]։
Տիգրան Երուանդեանը պարսից զորաւար Կիւրոսի հետ Ք․Ա․. 550 -ին մասնակած է Մարաստանի, իսկ Ք․Ա․. 538 կամ 537 -ին Բաբելոնի թագաւորութիւններու կործանմանը։ Զօրաւարը կը հիմնադրէ նախադեպ չունեցող աշխարհակալ կայսրութիւն մը, որ իր սերունդներու' Աքեմենեաններու անունով կը կոչուի Աքեմենեան Իրան' արիացիներու պետութիւն։ Կիւրոս Մեծը' Երուանդ թագաւորին ու իր ընտանիքին գերած մարական զօրաւար Կիւրոսի թոռը, Աքեմենեան պետութեան սահմանները արեւմուտքի մէջ կը հասցնէ մինչեւ Եգեեան եւ Միջերկրական ծովեր, արեւմուտքի մէջ' Ինդոսի հովիտ (արեւմտեան Հնդկաստան)։ Եգիպտոսը կը նուաճուի Ք․Ա․. 525 -ին։ Հիւսիսի մէջ բնական սահմանը Մեծ Կովկաս լեռնաշղթան էր։ Հայոց թագաւորութիւնը, ըլլալով Կիւրոս Մեծի դաշնակիցը, իր արտոնեալ տեղը ունէր այդ տերութեան մէջ' շարունակելով մնալ գործնականին մէջ անկախ պետութիւն[10]։
Տիգրանին յաջորդած է Վահագն Երոպանդեանը (Ք․Ա․. 535-515)]])[11]։ Մովսէս Խորենացին նմանացուած է անոր հայոց աստուածներէն Վահագնի հետ։ Այս թագաւորներու օրով Վանը կը շարունակէր մնալ հայոց պետութեան մայրաքաղաք։ Երկրորդ կարեւոր քաղաքն էր Անի-Կամախը (Բարձր Հայքի մէջ), որը հոգեւոր ու մշակութային կեդրոն էր։ Իրանի մէջ գահ կը բարձրանայ Կիւրոսի որդի Կամբիւսես II-ը (Ք․Ա․. 529-Ք․Ա․. 522)։ Աքեմենեան կայսրութեան մէջ քաղաքական վիճակը արմատապես փոխուեցաւ, երբ իշխանութեան գլուխ եկաւ Դարեհ Ա. Վշտասպ թագաւորը (Ք․Ա․. 522-Ք․Ա․. 486)>[12]։ Աքեմենյան կայսրությունում քաղաքական վիճակն արմատապես փոխվեց, երբ իշխանության գլուխ եկավ Դարեհ Ա Վշտասպ թագավորը (Ք․Ա․. 522-Ք.Ա. 486)[6]։
Սատրապական Հայաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիդարնես սատրապ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երուանդունիներու թագաւորութեան երրորդ փուլը Սատրապական Հայաստանն է։ Շուրջ 2 դար (Ք․Ա․. 522-331) Հայաստան, բաժնուած ըլլալով երկու մասի, մտած է Աքեմենեան Պարսկաստանի կազմի մէջ։ Հայաստանի առաջին սատրապ դարձած է Հիդարնես Ա.-ը։
Սատրապութեան հիմնադրումը կապուած էր Դարեհ Ա. Վշտասպ Աքեմենեանի հետ։ Անոր գահ բարձրանալու ժամանակ պարսկահպատակ բոլոր երկիրները, այդ թիւին մէջ նաեւ Հայաստան, կ'ապստամբին անոր դէմ։ Մեծ դժուարութեամբ ճնշելով տէրութեանը համակած ապստամբութիւնները' Դարեհ Ա., ի փառաբանութիւն իր՝ ապստամբներուն դէմ տարած յաղթանակներուն, փորագրել կու տայ Բեհիսթունեան ժայռի եռալեզու արձանագրութիւնը։ Ապստամբութիւնը ճնշելէ ետք, նոր հարցերու տեղ չտալու համար, պարսից թագաւորը կը վերականգնէ Երուանդունիներու հպատակ թագաւորութիւնը, որուն թագաւորները միաժամանակ կը վերածուին պարսկական սատրապներու։ Հայկական թագաւորութիւնը վերածելով սատրապութեան-նահանգի' Աքեմենեան արքայ Դարեհ անոր ղեկավար կը նշանակէ Վահագն Երուանդեանի որդի Հիդարնես Ա.-ը։ Աւելի ուշ երկրի տարածքին մէջ կը ստեղծուին երկու սատրապութիւններ։ Արեւմտեան Հայաստանը կ' ընդգրկէր 13-րդ սատրապութիւնը։ Անոր կեդրոնն էր Տուշպան (Վան)։ Ամէն տարի պարսկական գանձարանին կը վաճարէր 400 արծաթէ տաղանդ (10 տոննա արծաթ) եւ պարսկական բանակին կը տրամադրէ 20 000 նժոյգ։
Արեւելեան Հայաստանը կ' ընդգրկէր 18-րդ սատրապութեան տարածքը եւ ամէն տարի պարսկական գանձարանին կը վաճարէր 200 արծաթէ տաղանդ։ Անոր կեդրոնն էր Էրեբունին (Երեւան)։ Նոյն ժամանակ Հին Արեւելքի զարգացած ու հարուստ երկրներէն Եգիպտոսը կը վաճարէր 700, Բաբելոնիան' 1000, իսկ Փոքր Ասիա թերակղզու երեք սատրապութիւնները' միասին 1760 տաղանդ արծաթ։
Հայաստանի այս երկու սատրապութիւնները միմեանցից անկախ ինքնուրոյն միաւորներ չէին, այլ փոխկապակցուած երկու ստորաբաժանումներ։ Ասոնք առաջացած էին հայ ժողովուրդի կազմաւորման մէջ ներգրաւուած բազմաթիւ, այդ թիւին' հիմնականին հայկական ցեղերու ու անոնց գրաւած տարածքներու հետեւանքով։ Այսպիսով' հայ ժողովուրդի բնակութեան ու հայապատկան հողերու տարածքը զգալիօրէն ընդարձակուած էր։
Դարեհ Առաջինը կը կառուցէ նաեւ «Արքայական» կոչուող մեծ ճանապարհը։ Ան, դուրս գալով Պարսկաստանի մայրաքաղաք Շոշէն կամ Սուզայէն, կը հասնէր մինչեւ Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ծովափին գտնուող Լիդիայի նախկին մայրաքաղաք Սարդես։ Մօտ 2 400 քիլոմեթր տարածութիւն ունեցող այս ճանապարհը իր ապահովութեան եւ բարեկարգութեան պատճառով կը դառնայ միջազգային կարաւանային առեւտուրի հիմնական մայրուղին։ Ապրանքափոխանակութեան եւ առեւտուրի զարգացմանը զգալի չափով կը նպաստեն նաեւ Դարեհի կողմէն' ոսկէ, արծաթէ եւ պղինձէ դրամները գործածությեն մէջ մտցնելը եւ միասնական չափ ու կշռի սահմանումը։ Արքայական ճանապարհի որոշ հատվածը, որ ունէր մօտ 330 քիլոմեթր երկարութիւն եւ 15 կայարան, կ'անցնէր սատրապական Հայաստանի հարաւային նահանգներու' Աղձնիքի եւ Ծոփքի վրայով։
Երուանդ սատրապ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստանի մէջ երբեմն գահ բարձրացած են ոչ հայազգի սատրապներ։ Իրավիճակը կը կայանանայ, երբ սատրապ կը նշանակուի Օրոնտաս-Երուանդը կամ Երուանդ Բ.-ը։ Ան կը սերէր Երուանդունիներու տոհմէն, եւ կնութեան առած էր պարսից արքայ Արտաքսերքսեսի(Ք․Ա․. 404-358) քրոջը։ Անոր հետ էապես բարելաւած էր Հայաստանի քաղաքական դրութիւնը։ Մինչդեռ արքայի եղբայր Կիւրոս Կրտսերը Ք․Ա․. 401 -ին կ' ապստամբի ամոր դէմ։ Յոյները յաղթանակի դէպքին նոր թագաւորէն զիջումներ ստանալու յոյսով, կ'ընդարաջեն Կիւրոսի խնդրանքին եւ անոր օգնելու համար կ' ուղարկեն վարձկաններէ կազմուած տասը հազարանոց զօրաբանակ մը։ Սակայն Կիւրոս Կրտսերը իր եղբոր դէմ մղած կռիւներուն մէջ կը պարտուի եւ կը սպաննուի։ Յոյն վարձկաններու 10 000-անոց (բիւր) զօրաբանակը ստիպուած կ' ըլլայ Բաբելոնի մօտէն Միջագետքի, Կորդվաց աշխարհի եւ սատրապական Հայաստանի վրայով վերադառնալ Յունաստան։
Յոյներուն Իրան կանչելը կապուած էր յոյն-պարսկական պատերազմներուն աթենացիներու ու սպարտացիներու յաղթանակներու հետ։ Անոնք հմուտ զինուորներու համբաւ ձեռք բերաղ էին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Այդ զօրաբանակի հրամանատարներէն էր յոյն գրող եւ զօրաւար Քսենոփոնը, որ «Անաբասիս» աշխատութեան մէջ բաւականին հանգամանօրէն պահպանուած է հայկական սատրապութեան նկարագրութիւնը։ Հայոց թագաւորութիւնը, որ կը շարունակէր մնալ պարսկական սատրապութիւն։
Հայաստանի սատրապ Երուանդը (Ք․Ա․. 404 – Ք․Ա․. 360), որ ամուսնացած էր Աքեմենեան արքայ Արտաքսերսքես Բ.-ի դստեր' Հռոդուգունէի հետ, կը շարունակէր միաժամանակ ներկայացնել հայոց թագաւորական իշխանութիւնը։ Անոր տեղապահներն էին սատրապութեան երկու վարչական շրջաններու հիւպարքոսները, որոնցմէ մէկը ազգութեամբ պարսիկ էր։ Նահանջող յոյները, Կորդուխներու երկրի (Կորդուք) վրայով անցնելէ ետք կը հասնին Կենտրիտես գետին (Բոհտանսու կամ Արեւելեան Տիգրիս)։ Այստեղ անոնք գետի հակադիր ափին կը տեսնեն զինուած ձիաւորներ եւ անոնցմէ վեր' բլուրներու վրայ, շարքերով կանգնած հետեւակ զօրքեր, որոնք նպատակ ունէին թոյլ չտալ յոյներուն անցնելու գետը եւ մտնելու Հայկական լեռնաշխարհ։ Մեծ վահաններով ու երկար նիզակներով զինուած այս զօրքերը Օրոնտաս-Երուանդի զօրքերն էին, որոնք կազմուած էին հայերէ եւ խալդայներ)[13]։
է։
Սակայն յոյները կրնան անցնել գետը եւ մտնել Հայաստան, իսկ Օրոնտաս-Երուանդի զօրքերը, հաշուի առնելով իրենց ուժերու փոքրաթիւ ըլլալը, կը խուսաբին ընդհարուիլ անոնց հետ։ Շարժուելով դէպի հիւսիս, յոյները կ' անցնին Հայկական Տաւրոսը եւ կ' իջնեն Մուշի դաշտը, ուր կային բազմաթիւ գիւղեր։ Այստեղէն սկսած' երկիրը կը կոչուէր Արեւմտեան Հայաստան, որու հիւպատոսը, այսինքն' փոխկառավարիչն էր պարսից թագաւորի բարեկամ Տիրիբազը։ Ան բանակցութիւններկը վարէր եւ պայման կը կապէր, որ յոյները պէտք չէ այրեն հայկական գիւղերը, իսկ կենսամթերքներ կրնան վերցնել այնքան, որքան անհրաժեշտ է իրենց։
Հայոց պետութեան անկախութեան վերականգնումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ Հայքի Երուանդունիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պալքանեան թերակղզիին մէջ կ'ուժեղանար Մակեդոնիոյ ոչ մեծ թագաւորութիւնը։ Ռազմական վերափոխութիւններու շնորհիւ, որոնց մէջ կարեւոր դեր ունէր փաղանգի (ֆալանգ) ստեղծումը, մակեդոնական բանակը դարձաւ իր ժամանակի ամէնէն մարտունակ բանակը։ Իրեն բաւարար չափով ուժեղ զգալով' Մակեդոնիոյ թագաւոր Աղեքսանտր Մակեդոնացին Ք․Ա․. 334 -ին իր բանակով անցաւ Վոսպորի ու Տարտանելի նեղուցները եւ մէկ տարուան համար կռիւներէն ետք կը գրաւէ Աքեմենեան տէրութեան արեւմտեան սատրապութիւնները։ Ք․Ա․. 331 -ին նախկին Ասորեստանի տարածքին մէջ տեղի ունեցած Գավգամեայի ճակատամարտին մէջ Աքեմենեան վերջին արքայ Դարեհ Գ. Կոդոմանի զօրքերը պարտութիւն կը կրեն։ ճակատամարտի ընթացքին Դարեհ Գ. փախուստի կը դիմէ՝ յուսալքութեան մատնելով իր զօրքերը. աւելի ուշ, կը սպաննուի իր իսկ մերձաւորներուն ձեռքով։
ճակատամարտին մասնակցած են Մեծ Հայքի եւ Փոքր Հայքի զօրաբանակները։ Մեծ Հայքի զօրքերը կը գլխաւորէր Երուանդ Գ. սատրապը։ Ալեքսանտր Մակեդոնացիի զօրքերը Հայոց երկիր չմտան եւ շարունակեցին իրենց ռազմերթը դէպի Միջին Ասիա եւ այնուհետեւ' Հնդկաստան, որոնց նուաճումը մեծ դժուարութիւններ ստեղծեց հունա-մակեդոնական զօրքերու համար։ Հատկապես մեծ փորձութիւն էր անոնց համար մարտական փիղերու դէմ պայքարիլը։ Արշաւանքը ստիպուած եղան դադրեցնել։ Սակայն անոր արդիւնքը նուաճեցաւ Աքեմենեան տերութիւնը, եւ ստսաւ նոր մը ու տարածքով անոր չզիջող պետութիւն, որ ընդունուած է կոչուիլ Ալեքսանտր Մակեդոնացիի տերութիւն։ Վերջինս իր պետութեան մայրաքաղաք դարձուց վաճառաշահ Բաբելոն քաղաքը։ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ սկսաւ հելլենիզմի կամ յունականութեան դարաշրջանը, որ տեւեց 6-7 դար։ Արեւելքի երկիրներուն մէջ, այդ թիւով' Հայաստանի մէջ, լայնօրէն տարածուեցաւ յունարէնը, որ դարձաւ իշխող խաւերու խօսակցական լեզուն։ Մեծ Հայքի մէջ իրեն թագաւոր կը հռչակէ ճակատամարտի մասնակից Երուանդը, որով դարեր առաջ հիմնադրուած Երուանդական արքայատոհմը կը վերականգնէ իր լիակատար իշխանութիւնը։ Փոքր Հայքի մէջ թագաւորական իշխանութիւնը կ' անցնի Երուանդական արքայատոհմի ներկայացուցիչ Միթրաուստեսին (Միհրվայիշտ)։
Երուանդ Գ. արքան, հակահարուած հասցնելով անոր զորաւարներ Մեմնոնի եւ Սելեւկոս Նիկատորի ոտնձգութիւններուն, յաջողութեամբ պաշտպանած է Մեծ Հայքի թագաւորութեան անկախութիւնը։ Անոր աջակցութեամբ իրենց անկախութիւնը պահպանած են նաեւ Փոքր Հայքի, Պոնտոսի եւ Կապադովկիայի թագաւորութիւնները[14]։
Կայսրին մահէն (Ք․Ա․. 323) ետք իշխանութեան համար պայքար սկսաւ անոր զորաւարներու միջեւ։ Նախկին տերութեան տարածքին մէջ ստեղծուեցան քանի մը պետութիւններ, որոնց մէջ ամէնէնխոշորը եւ, թերեւս, ամէնէնուժեղը Սելեւկեան տերութիւնն էր' Անտիոք մայրաքաղաքով։ Այս պետութիւնը հիմնած է Ալեքսանդրի զօրաւարներէն Սելեւկոս Նիկատորը Ք․Ա․. 305 -ին։ Ասորիքէն բացի' տերութիւնը կը նեռարէր Միջագետքը, Իրանը, Միջին Ասիան' ընդհուպ մինչեւ Հնդկաստան։
Մեծ Հայքի Երուանդունիները, ինչպէս նախկինին մէջ, այնպէս ալ այժմ, իրենց պետութեան կեդրոնը դարձուցին Այրարատեան դաշտը։ Անոնք իրենց աթոռանիստը հաստատեցին Արմաւիր քաղաքին մէջ, որ Վանի թագաւորութեան շրջանին մէջ ստացած էր Արգիշտիխինիլի անունը։ Մեծ զարգացում կ' ապրի քաղաքաշինութիւնը։ Ք․Ա․. 3-րդ դարու վերջին քսանամյակին Մեծ Հայքի մէջ գահակալած է Երուանդ Դ. Վերջինը (Ք․Ա․. 220-201)։
Մովսէս Խորենացին կը հաղորդէ, որ Երուանդ Դ.-ն Արաքս եւ Ախուրեան գետերու խառնարանի մօտ իր անունով կը կառուցէ նոր քաղաք մը' Երուանդաշատը եւ Արմաւիրէ այնտեղ կը տեղափոխուի արքունիքը։ Նոր մայրաքաղաքի կառուցման պատճառը Երասխի հունի փոխուելն էր, որուն պատճառով Արմաւիրը զրկուած էր բաւարար ջրէ։ Երուանդաշատի միջնաբերդը ամրացնի մէջ է բարձր պարիսպներով, պարիսպներու մէջ կը դնէ պղինձէ դռներ եւ ներքեւէն մինչեւ վեր բարձրացող երկաթէ սանդուխներ։ Բացի այդ, հայոց թագաւորը Ախուրեան գետի ձախ ափին կը կառոցէ Երուանդակերտ դաստակերտն ու Բագարան փոքր քաղաքը։ Արմաւիրէն ան Բագարան կը փոխադրէ հեթանոս աստուածներու արձանները եւ իր եղբորը' Երուազին, կը նշանակէ քրմապէտ։ Ք․Ա․. 3-րդ դարուն կ' առաջանան նաեւ Երուանդաւան, Նախճաւան, Վարդգեսաւան (հետագային Վաղարշապատ), Երազգաւորս եւ այլ քաղաքատիպ բնակավայրեր։
Զգալի թիւով քաղաքներու ու քաղաքատիպ աւաններու առաջացումն ու զարգացումը Մեծ Հայքին մէջ առաջին հերթին պայմանաւոուած էին աշխատանքի հասարակական բաժանման հետագայ խորացման, ուրարտական ժամանակաշրջանի հետ համեմատած՝ գիւղատնտեսութեան ու արհեստագործութեան աւելի բարձր զարգացման եւ անոնց հիման վրայ, առեւտուրի ու դրամական շրջանառութեան ծաւալման հետ։[15] Առեւտուրի եւ քաղաքներու զարգացման որոշ չափով կը նպաստէ նաեւ միջազգային տարանցիկ առեւտուրի ճանապարհներէն մէկը, որ Սելեւկեաններու նախկին մայրաքաղաք Սելեւկիայէն Միջագետքի, Մարաստանի ու Արարատեան դաշտի վրայով, կ'երթար Կոլխիդա եւ Սեւ Ծովու նաւահանգիստները, իսկ այնտեղէն ալ Բոսպոր (Ղրիմի թերակղզի) եւ մերձազովեան երկրները։ Այս ճանբուն շնորհիւ Մեծ Հայքը եւս կը ներգրաւէ միջազգային առեւտուրի մէջ։ Երուանդունիներու մայրաքաղաք Արմաւիրի մէջ կը գտնուին Ք․Ա․. 3-րդ դարու վերջին պատկանող յունարէն արձանագրութիւններ, որոնցմէ մէկուն մէջ Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը անուանուած է «գեղեցիկ երկիր Արմենիա»։
Ք․Ա․. 200 -ին սելեւկեան զօրքերու աջակցութեամբ հայ զօրաւար Արտաշէսը գահընկեց ըրաւ Երուանդ Դ Վերջինին եւ կարգեց երաւ Մեծ Հայքի կուսակալ։ ճակատամարտին մէջ հայոց թագաւորը սպաննուած է։ Արտաշէսը հրամայած է սպանել տալ նաեւ ամոր եղբորը' քրմապէտ Երուազին։ Սելեւկեան արքայ Անտիոքոս Գ.-ը Կոմմագենեի մէջ կուսակալ կը կարգէ յոյն զօրավար Պտղոմէոսը, իսկ Ծոփքի մէջ՝ հայազգի Զարիադրէսը (Զարեհ)[16]։
Փոքր Հայքի երուանդունիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ք․Ա․330-ին Միթրաուստեսի կողմէն հիմնադրուած Փոքր Հայքի թագաւորութիւնը իր սահմաններուն մէջ կ' ընդգրկէր Եփրատ եւ Գայլ գետերու վերին հոսանքներու միջեւ ինկած տարածքը։ Ք․Ա․. 2-րդ դարու սկիզբը Փոքր Հայքը իրեն կը հպատակացնէ նաեւ խալդայներն ու տիբարենները եւ հիւսիսէն կը տարածուի մինչեւ Սեւ ծովու ափերը։
Ք․Ա․. 322 -ին Կապադովկիոյ, Պաֆլադոնիայի եւ Սեւ ծովու մէջ մօտակայ շրջանները նուաճելու ատեն յունամակեդոնական զօրքերը կը գրաւեն նաեւ Փոքր Հայքը եւ զայն կը միացնեն Ալեքսանտր Մակեդոնացիի քարտուղար Եւմենեսի յանձնուած սատրապութեան։ Հոս կառավարիչ կը նշանակուի Նեոպտղոմէոս, որուն վարած դաժան քաղաքականութեան պատճառով Փոքր Հայքի հայերը ապստամբութիւն կը բարձրացնեն նուաճողներուն դէմ։ Միայն Եւմենեսի միջամտութեան շնորհիւ, որ կը վարէր համեմատաբար մեղմ քաղաքականութիւն, հնարաւոր կ'ըլլայ ժամանակաւորապէս հանգստացնել ու հնազանդեցնել ապստամբ հայերը։ Սակայն Իսոսի ճակատամարտէն ետք՝ Ք․Ա․. 301-300 թուականներուն Փոքր Հայք կրկին ապստամբութիւն կը բարձրացնէ եւ կը վերականգնէ իր անկախութիւնը։
Սկզբնաղբիւրներու հաղորդած կցկտուր եւ պատահական տեղեկութիւններէն կ'երեւի, որ Ք․Ա․. 4-3-րդ դարերուն Փոքր Հայքի մէջ եւս զգալի չափով կը զարգանան երկրագործութիւնը, այգեգործութիւնը, անասնապահութիւնը, մետաղամշակութիւնը եւ արհեստագործութեան միւս ճիւղերը։ Մեծ զարկ կ ը ստանան նաեւ առեւտուրն ու դրամական շրջանառութիւնը։ Ասոնց զարգացման մէջ զգալի դեր կը կատարեն Միջագետքէն ու Ասորիքէն, Մեծ Հայքի ու Ծոփքի վրայով եկող եւ Փոքր Հայքի մէջ խաչուող առեւտրական ճանապարհները, որոնք կ'երթային դէպի Պոնտոս եւ Սեւ ծովու հարաւային նաւահանգիստները։
Փոքր Հայք իր անկախութիւնը ու ինքնուրոյնութիւնը կը պահպանէ գրեթէ երկու հարիւր տարի։
Ծոփքի ու Կոմմագենէի երուանդունիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ Հայքի Երուանդունիները կ'իշխէին ընդարձակ երկրի մը, որ կը տարածուէր Կուր եւ Երասխ գետերու միջագետքէն մինչեւ Եփրատ՝ ներառելով Կոմմագենէ երկիրը։ Ծոփքը կամ Ծոփաց աշխարհը կը գտնուի Մեծ Հայքի հարաւ-արեւմտեան մասին մէջ։ Անոր թագաւորութեան տարածքը կը տարածուի Արածանի գէտի ստորին հոսանքի շատ բարեբեր հովտին մէջ, որուն Պոլիբիոսը կ' անուանէ «գեղեցիկ դաշտ»։ Կոմմագենէն եւ Ծոփքը իրենց աշխարհագրական դիրքի պատճառով դեռեւս աքեմենեան դարաշրջանէն սկսած' տնտեսական, մասամբ նաեւ մշակութային աւելի սերտ կապերու մէջ կը գտնուէին Ասորիքի, Միջագետքի ու Կապադովկիոյ, քան Մեծ Հայքի հետ։ Սելեւկեան տերութեան թագաւորներու քաղաքականութեան հետեւանքով թագաւորութեան առաւել զարգացած երկրամասերէն Ծոփքը եւ Կոմմագենէն կը բաժնուին Մեծ Հայքէն եւ կը վերածնուի առանձին թագաւորութիւն։ Այստեղ իշխանութեան գլուխ կ'անցնի Երուանդական արքայատոհմի կրտսեր ճիւղի ներկայացուցիչ, Երուանդ Գ.-ի որդի կուսակալ Սամոսը (Ք․Ա․. 260-240)։
Ծոփքը ինչպէս հին ժամանակ, նոյնպէս եւ այս դարաշրջանին միջազգային տարանցիկ առեւտուրի կարեւոր հանգոյցներէն էր։ Ծոփքի վրայով կ'անցնէր ոչ միայն հին աշխարհի տարանցիկ առեւտուրի գլխաւոր մայրուղին, անոր զարկերակը հանդիսացող «Արքայական ճանապարհը», այլեւ հարաւէն դէպի Սեւ ծովու ափերը տանող բանուկ ու կարճ ճանապարհը։ Հոս կը գտնուէր նաեւ Եփրատի կարեւոր գետանցներէն մէկը եւ անոր մօտ կառուցուած Տոմիսա ամրոցը, որու կայան էր Փոքր Ասիայէն, Սեւ ծովու ափերէն, Միջագետքէն եւ Ասորիքէն եկած կարաւաններու համար։ Ծոփքի նշանաւոր քաղաքներն էին Արշամաշատը եւ Արկաթիակերտը, որոնցմէ առաջինը կը գտնուէր Արածանի գէտի մօտ, իսկ երկրորդը' Տիգրիսի աղբիւրագետակ Արղանայի վրայ։ Արշամաշատը Ծոփքի մայրաքաղաքն էր։ Այս երկու քաղաքներն ալ ոչ միայն վարչական, այլեւ արհեստագործութեան ու առեւտուրի կարեւոր կեդրոններ էին։ Հայ թագաւորներէն Ծոփքի թագաւորները առաջինն են իրենց անունով սեփական դրամներ հատել։ Մինչեւ այժմ հայտնաբերուած են Արշամ, Աբդիսարես, Քսերքսես եւ Զարեհ թագաւորներու հատած արծաթէ եւ պղինձէ դրամները, որոնք կը պահուին եւրոպական տարբեր թանգարաններուն մէջ։
Սամոս-Շամին կը յաջորդէ անոր որդի Արշամը (Ք․Ա․. 240-220)։ Շամի եւ անոր յաջորդներու օրով թագաւորութեան բուռն զարգացում կ' ապրին քաղաքները։ Շամը Կոմմագենեիի մէջ կե կառուցէ Սամոսատ քաղաքը, իսկ Արշամը՝ Ծոփքի մէջ, Արշամաշատը, որ կը դառնայ պետութեան մայրաքաղաքը։ Արշամ Երուանդունու մահէն ետք թագաւորութիւնը կը բաժնուի երկու մասի։ Ք․Ա․. 200 -ին Ծոփք-Կոմմագենէի թագաւորութիւնը կը տրոհուի՝ ծնունդ տալով առանձին Ծոփքի եւ Կոմմագենէի թագաւորութիւններուն։
Տրոհուած եւ թուլացած Հայաստան այլեւս ի վիճակի չէր դիմադրելու Սելեւկեաններու նուաճողական քաղաքականութեան։ Սելեւկեանները որոշակի քայլերու կը ձեռնարկեն զայն գրաւելու ուղղութեամբ։ Ծոփքի Աբդիսարես թագաւորը, օգտուելով Սելեւկեաններու 217-ի Եգիպտոսի պտղոմեականներէն կրած ծանր պարտութիւնէն, կը հրաժարի ճանչնալ Անտիոքոս Գ .Մեծի (Ք․Ա․. 223-187) գերիշխանութիւնը եւ անոր հարկ վճարել։ Անտիոքոս Գ., իր ուժերը վերականգնելէ ետք, կ'որոշէ կրկին Ծոփքը ենթարկել իրեն։ Այդ նպատակով ան 212 -ին զգալի ուժերով կը ներխուժէ Ծոփք եւ բանակ կը դնէ Արշամաշատ մայրաքաղաքի մօտ։ Ծոփքի Քսերքսես թագաւորը, նկատի ունենալով թշնամիի ուժերու գերազանցութիւնը, դեսպաններ կ' ուղարկէ Անտիոքոսի մօտ եւ կը յայտնէ, որ կը ցանկայ բանակցութեան մէջ մտնել անոր հետ։ Անտիոքոս իր մօտ կը կանչէ Քսերքսեսըն, կը հաշտուի անոր հետ եւ նոյնիսկ անոր կը զիչի հարկին մեծագոյն մասը, որ մերժած էր իրեն վճարել Քսերքսեսի հայրը։ Այնուհետեւ, Անտիոքոս կը վերցնէ Քսերքսեսէ 300 տաղանդ, 100 ձի եւ նոյնքան ջորի, իրենց լծասարքերով, կը վերադարձնէ անոր ամբողջ իշխանութիւնը եւ կ'ամուսնանայ քրոջ իր հետ։ Անոնք կը յաջողին իրենց տիրապետութիւնը հաստատել հայկական բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ՝ Մեծ Հայքի մէջ կառավարիչ նշանակելով Արտաշէսը, իսկ Ծոփքի մէջ՝ Զարեհը[17]։
Կոմմագենէիի մէջ հայկական արքայատոհմը կը շարունակէ իր թագաւորութիւնը մինչեւ Ք.Ե. 72՝ իշխելով շուրջ 3 դար։
Հայ թագաւորներէն ամէնէննշանաւորն էր Անտիոքոս Ա. Կոմմագենացին (Ք․Ա․. 70-34)։ Անոր նախնիներուն նուիրուած արձանագրութեան մէջ Երուանդունիները դասուած են Դարեհ I Վշնասպ Աքեմենեանի յաջորդներու ցանկին մէջ։
Երւանդունիների արքայացանկը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստանի թագաւորներ ու սատրապներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անունը | Տարեթիւեր | Իշխած է | Նշումներ |
---|---|---|---|
Երուանդ Ա. Սակաւակեաց | Ք․Ա․?-Ք․Ա․. 560 | Ք․Ա․. 570-Ք․Ա․. 160 | Պարոյր Նահապետի ազգականներէն, հայոց թագաւոր |
Տիգրան Երուանդեան | Ք․Ա․?-Ք․Ա․. 535 | Ք․Ա․. 560-Ք․Ա․. 535 | Երուանդ Ա.-ի որդի, հայոց թագաւոր |
Վահագն Երուանդեան | ?-Ք.Ա.. 515 | Ք.Ա. 535-Ք.Ա. 515 | Տիգրան Ա.-ի որդի, հայոց թագաւոր |
Հիդարնես Ա | Ք․Ա․. 6-րդ դար | Ք․Ա․. 6-րդ դար | Հայաստանի սատրապ |
Հիդարնես Բ | Ք․Ա․. 5-րդ դար | Ք․Ա․. 5-րդ դար | Հայաստանի սատրապ |
Հիդարնես Գ | Ք․Ա․. 5-րդ դարու կէս | Ք․Ա․. 5-րդ դարու կէս | Հայաստանի սատրապ |
Արտաշիր | Ք․Ա․. 5-րդ դարու երկրորդ կես | Ք․Ա․. 5-րդ դարու երկրորդ կես | Հայաստանի սատրապ |
Երուանդ Բ | Ք․Ա․?-Ք․Ա․. 360 | Ք․Ա․. 404-Ք․Ա․. 360 | Հայաստանի սատրապ |
Մեծ Հայքի թագաւորներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անունը | Տարիթւեր | Իշխած է | Նշումներ |
---|---|---|---|
Երուանդ Գ | Ք․Ա․.?-Ք․Ա․. 300 | Ք․Ա․. 331-Ք․Ա․. 300 | Մեծ Հայքի թագաւոր |
Երուանդ Դ | Ք․Ա․.?-Ք․Ա․. 201 | Ք․Ա․. 220-Ք․Ա․. 201 | Մեծ Հայքի թագաւոր |
Ծոփքի ու Կոմմագենեի թագավորներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անունը | Տարեթիւեր | Իշխած է | Նշումներ |
---|---|---|---|
Շամուշ (Սամոս) | Ք․Ա․.?-Ք․Ա․. 240 | Ք․Ա․. 260-Ք․Ա․. 240 | Երուանդ Գ.-ի որդի, Ծոփքի ու Կոմմագենեի թագաւոր, հիմնադրուած է Սամոսատ քաղաքը |
Արշամ | Ք․Ա․?-Ք․Ա․. 220 | Ք․Ա․. 240-Ք․Ա․. 220 | Շամուշի որդի, Ծոփքի ու Կոմմագենեի թագաւոր, հիմնադրուած է Արշամաշատ քաղաքը |
Շավարշ-Քսերքսես | Արշամի որդին, Ծոփքի թագաւոր | ||
Աբդիսար | Քսերքսեսի որդին, Ծոփքի թագաւոր | ||
Պտղոմեոս Կոմմագենացի | Ք․Ա․?-Ք․Ա․. 130 | Ք․Ա․. 163 - 130 | Երուանդ Դ.-ի որդին, Արշամի թոռը, Ք․Ա․. 200 - 163 թթ-ին եղել է Կոմմագենեի սատրապ |
Սամոս Բ. Կոմմագենացի | Ք․Ա․? - 109 | Ք․Ա․. 130 - 109 | Պտղոմեոսի որդին |
Միհրդատ Ա Կալլինիկուս | Ք․Ա․? - 96 | Ք․Ա․. 96 - 70 | Սամոս Բ-ի որդին |
Անտիոքոս Ա Կոմմագենացի | Ք․Ա․? - 38 | Ք․Ա․. 70 - 38 | Միհրդատ Ա-ի որդին |
Միհրդատ Բ Կոմմագենացի | Ք․Ա․? - 20 | Ք․Ա․. 38 - 20 | Անտիոքոս Ա-ի որդին |
Անտիոքոս Բ Կոմմագենացի | ?-20 | Ք․Ա․. 20 - 20 | Անտիոքոս Ա-ի որդին |
Միհրդատ Գ Կոմմագենացի | ?-20 | Ք․Ա․. 20 - 12 | Միհրդատ Բ-ի որդին |
Անտիոքոս Գ Կոմմագենացի | ?-17 | Ք․Ա․. 12 - 17 | Միհրդատ Գ-ի որդին |
հռոմեական պրովինցիա | 17 - 38 | ||
Անտիոքոս Դ Կոմմագենացի | ?-72 | 38 - 72 | Անտիոքոս Գ-ի որդին, կառավարած է քրոջ (համատեղութեան կարգով կնոջ)' Յուլիա լոտափայի հետ (Julia Iotapa) իշխանութիւնը Անտիոքոս Գ-ի երեխաներուն վերադարձրած է Կալիգուլա կայսերը |
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հ. Մանանդեան, Քննական տեսութիւն հայ ժողովուրդի պատմութեան, հ 1-3, Երեւան.1945-52
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Պարույր թագավոր»։ Baghdasaryan Brothers։ http://www.findarmenia.com/։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-06-ին։ արտագրուած է՝ 03 դեկտեմբեր 2014
- ↑ Cyril Toumanoff, The Orontids of Armenia
- ↑ Մովսես Խորենացի, [{{{յղում}}} Պատմութիին հայոց] (խմբ. Մ. Աբեղյան, Ս. Հարությունյան, Ս. Մալխասյան,), Երեւան։
- ↑ «Արամ անունը հայ ժողովրդի երկրորդ ցեղանուն»։ Ալբերտ Մուշեղյան։ 2007։ արտագրուած է՝ 03 դեկտեմբներ 2014
- ↑ «Հայաստանի Երվանդական թագավորությունը»։ Բաղդասարյան եղբայրներ։ www.findarmenia.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 03 դեկտեմբեր 2014
- ↑ 6,0 6,1 «Հայ ժողովրդի պատմության դասագրքեր»։ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԳՐԱՐԱՅԻՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-30-ին։ արտագրուած է՝ 03 դեկտեմբեր 2014
- ↑ «Հայ ժողովրդի կազմավորման ավարտը»։ Բաղդասարյան եղբայրներ։ www.findarmenia.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 03 դեկտեմբեր 2014
- ↑ «Cyropaedia, Iranica online»։ Heleen Sancisi Weerdenburg։ iranicaonline.org։ 10.11.2011։ արտագրուած է՝ 03 դեկտեմբեր 2014 (անգլերէն)
- ↑ «Հայ-մարական հարաբերությունները»։ Բաղդասարյան եղբայրներ։ www.findarmenia.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 8 դեկտեմբերի 2014
- ↑ «Հայ-պարսկական ռազմաքաղաքական դաշինքը»։ Բաղդասարյան եղբայրներ։ www.findarmenia.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 8 դեկտեմբերի 2014
- ↑ Toumanoff, Cyrille, Dynasties from the Christian Caucasus of antiquity until the 19th century. Chronological and Genealogical Tables (Les Dynasties de la Caucasie Chrétienne de l'Antiquité jusqu'au XIXe Siècle. Tables Généalogiques et Chronologiques), Հռոմ։
- ↑ «Հայոց պատմություն (պարսկերեն)»։ Pichak.net։ արտագրուած է՝ 06 դեկտեմբեր 2014
- ↑ «Ալեքսանդր Մակեդոնացու արշավանքները, Աքեմենյան Պարսկաստանի անկումը, Մեծ Հայքի եւ Փոքր Հայքի թագավորությունների ձեւավորումը»։ Բաղդասարյան եղբայրներ։ findarmenia.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 06 դեկտեմբեր 2014
- ↑ «Early Roman Rule in Commagene»։ Michael Alexander Speidel ((անգլերէն))։ mavors.org։ արտագրուած է՝ 08 դեկտեմբեր 2014
- ↑ , [{{{յղում}}} Мовсес Хоренаци, История Армении] (խմբ. Гагик Саркисян), Երեւան։
- ↑ «Армения в III — I вв. до н. э.»։ Национальная ЭНЦИКЛОПЕДИЧЕСКАЯ служба։ interpretive.ru։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-04-30-ին։ արտագրուած է՝ 06 դեկտեմբեր 2014
- ↑ «Ծոփք-Կոմմագենեի թագավորության առաջացումը»։ Բաղդասարյան եղբայրներ։ findarmenia.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-08-ին։ արտագրուած է՝ 06 դեկտեմբեր 2014