Ամանոր, Կաղանդ
Ամանոր, Կաղանդ | |
---|---|
| |
Տեսակ | օրացույցային ամսաթիվ? |
Ենթադաս | օրացույցային ամսաթիվ? եւ պարբերական իրադարձություն? |
Ամսաթիւ | 1 Յունուար |
Նախորդ | Նոր տարվա գիշեր?, Սուրբ Սեղբեստրոսի օր? եւ Lunar New Year's Eve? |
Ամանոր, Կաղանդ, տօն, կը նշուի տարբեր ժողովուրդներու կողմէ ընդունուած օրացոյցին ընթացիկ տարուան վերջին օրուան եւ յաջորդ տարուան առաջին օրուան գիշերը։
Նոր Տարին նշելու սովորութիւնը գոյութիւն ունէր Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակին Միջագետքի մէջ։
Ամանորին կը նշուի տարուան սկիզբը։ Տարին ժամանակի սահմանն է։ Ասիկա այն ժամանակաշրջանն է, որու ընթացքին Երկիր մոլորակը ընդհանուր պտոյտ մը կը կատարէ Արեւուն շուրջ։ Երկիրին կատարած շրջապտոյտը հաւասար է 934 միլիոն Քիլոմեթրի, որ կը կատարուի մեծ արագութեամբ։
Աշխարհի երկիրներուն մեծ մասը Ամանորը կը նշէ 1 Յունուարին, որ, ըստ Գրիգորեան օրացոյցին, տարուան առաջին օրն է։ Կարգ մը երկիրներ Ամանորը կը տօնեն ըստ Լուսնային օրացոյցին։
Գրիգորեան Օրացոյց
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աստղագիտական հաշիւներու վրայ հիմնուած՝ տարիներու եւ ժամանակահատուածներու որոշման համակարգ մըն է, այլ խօսքով՝ տարեցոյց մը:
Ժամանակակից՝ Գրիգորեան կամ Նոր տոմարը յաջորդած է հին հռոմէական՝ Յուլիոսի օրացոյցին կամ Հին տոմարին, ըստ որուն տարուան միջին տեւողութիւնը կը կազմէր 365,25 օր։ Որովհետեւ յուլիական տարուան տեւողութիւնը 11 վյրկ. եւ 14 երկվյրկ. աւելի է արեւադարձայինէն, ապա 128 տարուան ընթացքին կուտակուած սխալը կը կազմէր ամբողջ օր մը, իսկ մինչեւ 1582 տարբերութիւնը հասած էր 10 օրուան։ Սխալը կը սրբագրուի ԺԶ. դարուն՝ Հռոմի Գրիգորիս ԺԳ. պապին վերատեսութեամբ, ըստ որուն 4 Հոկտեմբեր 1582-ին կը յաջորդէ 15 Հոկտեմբերը։
Հայաստանի մէջ սովետական կարգերու հաստատումէն ետք՝ 1920-ին, նոյնպէս կ'ընդունուի Նոր տոմարը։ Ի. դարու կէսէն սկսեալ գրիգորեան տոմարէն կը սկսին օգտուիլ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրները[1]:
Սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ ունեցած է երեք Նոր Տարի` Կաղանդ, Նաւասարդ եւ Ամանոր անուններով: Ժամանակին հայերը նոր Տարին նշած են 21 Մարտին` գարնանային գիշերահաւասարի օրը, որ նաեւ բնութեան զարթօնքի խորհրդանիշն էր: Բոլոր գաւառներուն մէջ Կաղանդը կը նշուէր մեծ տօնախմբութեամբ, տաճարներուն մէջ տօնական ծէսեր կը կատարուէին, ինչպէս նաեւ աստուածներուն զոհեր կը մատուցէին: Հայոց երկրորդ Նոր Տարին կը նշուէր 1 Նաւասարդին, (այսինքն` 11 Օգոստոսին)` այն օրը, երբ հայոց հիմնադիր Հայկ Նահապետ կը յաղթէ Տիտանեան Բելին: Աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ տարբեր ամիսներ Նոր Տարուան սկիզբ կը համարէին, ուստի այս բազմազանութիւնը երկիրներու տնտեսական եւ մշակութային փոխյարաբերութիւններուն մէջ կը յառաջացնէր որոշ դժուարութիւններ: ԺԸ. դարուն Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը տոմարագիտական նոր մշակում մը կ'ընէ, որուն համաձայն հայերը Ամանորը կը սկսին նշել 1 Յունուարին[2]:
Այսօր ամանորեայ սեղանը կը պատրաստուի շքեղութիւն խորհրդանշելու համար, իսկ հին Հայաստանի մէջ կ'արգիլուէր սեղանին վրայ մսեղէն դնել, որովհետեւ Նաւասարդը ոչ թէ ուտիս, այլ պաս օր էր: Աւանդական ուտեստեղէնները կը պատրաստուէին ընդեղէնէ` լուբիա (որուն պատիճը կը խորհրդանշէր ընտանիքին ամրութիւնը, իսկ հատիկը` ընտանիքին սաղմը), ոսպ, չիր, ընկոյզ եւ այլն: Սեղանին զարդը կը համարուէր Տարի հացը, որուն մէջ պատրաստելու ընթացքին կը դրուէր գուշակութեան դրամը` տովլաթը: Հացը կը բաժնուէր 12 հաւասար մասերու, եւ ընտանիքին այն անդամին, որուն բաժին կ'իյնար տովլաթը, Նոր տարուան ընթացքին յաջողութիւն կ'ունենար:
Թիւրինկիա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին ապակեայ խաղալիքները պատրաստուած են Թիւրինկիոյ (Thuringia) մէջ (Սաքսոնիա) ԺԶ. դարուն, սակայն անոնց արտադրութիւնը սկսած է ԺԹ. դարու կէսերուն։ Վարպետ-ապակեգործները խաղալիքները կը պատրաստէին, իսկ անոնց աշկերտները թուղթէ զանգակներ, սրտիկներ եւ այլ պատկերներ կը կտրատէին, զորս կը ներկէին վառ գոյներով։
Էլզաս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին վկայութիւնները տoնածառ զարդարելու աւանդոյթին մասին եղած են ԺԷ. դարու սկիզբը Էլզասի (Elzas) մէջ (նախապէս Գերմանիոյ մաս կը կազմէր, իսկ այժմ՝ Ֆրանսայի)։ Զարդարման համար օգտագործած են գունաւոր թուղթերէ պատրաստուած վարդեր, խնձորներ, բլիթներ, շաքարի հատիկներ եւ այլն[3]։
Գերմանիա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գերմանացիները Ամանորին անտառ կ'երթային եւ մոմերով ու գունաւոր լաթերով կը զարդարէին իրենց կողմէ նախապէս ընտրուած եղեւնին, որմէ ետք յատուկ ծէս կը կատարէին այդ ծառին շուրջ: Տասնամեակներ ետք գերմանացիները կը սկսին անտառէն իրենց տունը տանիլ խորհրդանշական ծառը եւ զայն տեղադրել սեղանի մը վրայ՝ զարդարելով շաքարեղէնով ու խնձորներով: Ժամանակի ընթացքին այս ծիսակարգը հետզհետէ կը տարածուի քրիստոնեաներու շրջանին[4]:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Առաջին անգամ ելեկտրական ծաղկաշղթաներ օգտագործուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ Տան մէջ 1895-ին։ Ամերիկացիները կը կազմակերպէին ջրային շքերթներ՝ ծաղկազարդ նաւակներով:
- Նիւ Եորքի Թայմզ Սքուէր հրապարակին կեդրոնը կախուած հսկայական փայլփլուն գունդը կը սկսի վար առնուիլ գիշերուան ժամը 11։59-ին, այսինքն՝ Նոր տարուան վերջին վայրկեանին, եւ ան գետին կը հասնի կէս գիշերուան տասներկու զարկերուն հետ։
- 1903-ին ամերիկեան General Electric-ը կը սկսի տօնածառի լոյսեր վաճառել, որպէսզի մարդիկ կարենային աւելի դիւրին զարդարել իրենց եղեւնիները:
Լատին Ամերիկա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լատին Ամերիկայի մէջ տակաւին կը շարունակուին սպանական հին սովորութիւնները, ինչպէս Մեքսիքոյի մէջ՝ կարմիր ներքնազգեստ հագնիլ այդ գիշեր, Նոր Տարուան ընթացքին սիրահար մը գտնելու յոյսով, կամ դեղին ներքնազգեստ՝ դրամ ստանալու յոյսով։ Իսկ թաղամասին շուրջ ճամբորդութեան պայուսակով մը դառնալը կրնայ այդ անձին ճամբորդելու երազը իրականացնել:
Քուպա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քուպայի մէջ Ամանորը կը կոչուի «Թագաւորներու օր»։ Ամանորէն առաջ բոլոր դոյլերն ու անօթները ջուրով կը լեցնեն եւ կէս գիշերին ջուրը պատուհանէն դուրս կը թափեն։ Այսպիսով անոնք անցնող տարուան կը մաղթեն ջուրի նման պարզ ճամբայ։
Ժամացոյցին 12 զանգերուն հետ պէտք է ուտել 12 խաղողի հատիկ, որպէսզի բարութիւնը, համաձայնութիւնն ու խաղաղութիւնը ամբողջ Նոր Տարուան ընթացքին ուղեկցին մարդուն։
Հին Հռոմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հին Հռոմի Ամանորը կը սկսէր Մարտին։ Ք.Ա. 46-ին Յուլիոս Կեսար տարուան սկիզբը փոխած է 1 Յունուարի։ Անկէ ետք անոր անունով կոչուող Յուլեան օրացոյցը տարածուած է ամբողջ Եւրոպայի մէջ[5]։
Ֆրանսա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ֆրանսայի մէջ, մինչեւ 755, տարեմուտը կը համարուէր 25 Դեկտեմբերը, ապա փոխարինուած է 1 Մարտով։ ԺԲ. դարուն տարուան սկիզբը համարուած է Զատիկը, իսկ 1564-ին Քարլոս Թ.-ի հրամանով տարեմուտը նշուած է 1 Յունուարին։
Յունաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յունաստանի մէջ Ամանորի գիշերը ընտանիքին մեծը նուռ կը ջարդէ տան պատերէն մէկուն վրայ։ Յոյները այդ գիշեր իրարու տուն երթալու ատեն, ճամբան մեծ քար մը կը վերցնեն եւ կը նետեն տան դրան առջեւ ըսելով. «Թող տանտիրոջ հարստութիւնը այս քարին պէս ծանր ըլլայ»: Եթէ ճամբան ծանր քար չգտնեն, անոնք շատ փոքր քար մը կը վերցնեն եւ դրան մօտ նետելու ատեն կ'ըսեն. «Թող տանտիրոջ դժուարութիւնները այս քարին նման փոքր ըլլան»:
Իտալիա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իտալիոյ Ամանորի գիշերը տունէն դուրս կը հանեն հին իրերը։ Իտալացիները կը հաւատան, որ որքան շատ հին իրեր նետեն, այնքան աւելի մեծ հարստութիւն եւ յաջողութիւն կը սպասուի գալիք տարուան ընթացքին: Իտալացիները կը նախընտրեն Նոր Տարին դիմաւորել ոչ միայն տան նոր յարդարանքներով, այլեւ նոր հագուստներով: Սակայն իտալական հին աւանդոյթը ուրիշ է. 31 Դեկտեմբերին տղամարդիկ եւ կիներ հարազատներուն կարմիր ներքնազգեստ կը նուիրէին: Իսկ փոքրիկ իտալացիները նուէրներ կ'ակնկալէին Կաղանդ Պապուկին կնոջմէն` Լա Պեֆանայէն[6]:
Անգլիա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անգլիացիները՝ շատ մեծ կարեւորութիւն կու տան, թէ այդ օրը ով առաջին անգամ իրենց տունը կը մտնէ. եթէ եկողը շիկահեր է, լաւ նշան է, եթէ թխամազ՝ ոչ այնքան: Կաղանդի ամէնէն տարածուած սովորութիւններէն մէկն է նաեւ իրարու մաղթանքի քարտեր ղրկելը: Այս սովորութիւնը սկսած է Անգլիոյ մէջ, 1843-ին, երբ պետական պաշտօնեայ մը՝ Սըր Հենրի Քոլ, իր բարեկամներէն` արուեստագէտ Ճոն Հորսլէյի գծանկար քարտերէն մէկը ուղարկած է: Անոնք միասին յղացած են այս քարտը եւ զայն ծախած` 1 շիլինկի: Այս առաջին քարտը ունէր 3 բաժին: Դուրսի երկու բաժիններուն վրայ ներկայացուած էին մարդիկ, որոնք աղքատներուն կը հոգային, իսկ կեդրոնի բաժինին վրայ գծուած էր Կաղանդի ճոխ սեղանին շուրջ հաւաքուած ընտանիք մը: Մօտաւորապէս հազար քարտ կը տպուի ու կը ծախուի: Այժմ անոնցմէ շատ քիչ օրինակներ գոյութիւն ունին, եւ անոնց գինը կրնայ հասնիլ հազարաւոր փաունտերու կամ տոլարներու[7]:
Աւստրիա եւ Ուքրանիա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւստրիացիները համոզուած են, որ երջանիկ ըլլալու համար Ամանորի կէս գիշերին պէտք է խոզի գլուխէն կտոր մը ուտել: Ուքրանացիները եւս իրենց երջանկութիւնը կը փնտռեն խոզի միս ուտելու մէջ:
Ֆինլանտա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Ամէնէն ամանորեայ» երկիրը Ֆինլանտան է, որովհետեւ իսկական Կաղանդ Պապուկը կ'ապրի ֆիննական Lapland-ի մէջ, ուրկէ ան եղջերուներով լծուած՝ կ'ուղեւորուի աշխարհի տարբեր երկիրներ: Ըստ աւանդութեան՝ Ամանորին մեծ ընթրիք մը կը կազմակերպուի եւ հրավառութիւն տեղի կ'ունենայ: Ամանորեայ գիշերը ըստ աւանդութեան՝ ֆինները գուշակութիւններ կ'ընեն հալած թիթեղի մը օգնութեամբ. այն, ինչ որ ցոյց կու տայ թիթեղը, պէտք է ակնկալել յառաջիկայ տարուան ընթացքին: Գուշակութիւնը ֆինները կը մեկնաբանեն ուշադիր նայելով թիթեղին. եթէ կրակէն հալած թիթեղին ստուերը պատին վրայ ցոյց տայ ժանեկաձեւ նախշեր, ապա տարին դրամ, սէր, ճամբորդութիւն եւ հարսանիք կը խոստանայ: Իսկ եթէ թիթեղը մասերու բաժնուի, ապա անիկա տխրութիւն կը բերէ[8]:
Չինաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Չինացիները Նոր Տարին կը տօնեն լուսնային օրացոյցին առաջին օրը, իսկ տօնակատարութիւններուն վերջին օրը կը նշեն լապտերներու տօնը: Չինացիները այդ գիշեր չեն քնանար՝ ակնկալուող յաջողութիւնը դիմաւորելու համար[9]:Չինաստանի հիւսիսը Նոր տարուան օրերուն տան մէջ կը տեղադրեն դեղձի ծառի ծաղկած ճիւղեր կամ, իբրեւ ծաղկունքի խորհրդանիշ, տունը կը զարդարեն մանտարինի ծառերով, որոնց վրայ կախուած կ'ըլլան նարնջագոյն պտուղներ։ Այդ օրերուն կը ծաղկին դեղձի եւ ծիրանի ծառերը, մանտարինն ու նուշը։ Փողոցները կը զարդարեն նոր ծաղկող ճիւղերով եւ սովորական ծաղիկներու փունջերով։ Չինաստանի հարաւը Ամանորին բնակարանը կը նախընտրեն զարդարել ծիրանի ծաղկող ճիւղերով։ Ծիրանի ծաղիկները պէտք է ունենան հինգ թերթիկներ։ Բացի ատկէ, հարաւային Չինաստանի բնակիչները սեղանին ձմերուկ կը դնեն, որուն կարմիր եւ քաղցր միջուկը յաջողութիւն կը խորհրդանշէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին։ Երեկոյեան, նախքան Նոր տարուան տօնակատարութեան սկսիլը, տեղի կ'ունենայ վիշապի պարի մասսայական ցուցադրութիւն մը։ Կը պարեն բոլորը՝ անկախ իրենց ընկերային վիճակէն, հարուստ կամ աղքատ ըլլալէ։ Ուրախ երթերն ու վառ հանդիպումները տեղի կ'ունենան գիշերը։ Մթնշաղին փողոցներուն ու այգիներուն մէջ խարոյկ կը վառեն: Տաճարներուն մէջ մոմեր կը վառեն, աստուածներէն երջանկութիւն եւ բարգաւաճում կը խնդրեն[10]:
Հրեաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հրեաները Ռոշ Հաշանա տօնը (եբրայերէն՝ ראש השנה, հայերէն՝ տարեգլուխ) կը նշեն Փասախէն 163 օր ետք (5 Սեպտեմբերէն 5 Հոկտեմբեր ինկած ժամանակահատուածուին մէջ)։ Այդ օրը կը սկսի տասնօրեայ հոգեւոր ինքնադատողութիւնն ու ապաշխարութիւնը։ Յաջորդող 10 օրերը (մինչեւ դատաստանի օրը) կ'անուանեն «տշուվայի օրեր» («վերադարձի օրեր», «Աստուծոյ վերադառնալու օրեր»)։ Այդ օրերը կ'անուանեն նաեւ «ապաշխարութեան օրեր» կամ «վախի օրեր»: Կը հաւատան, որ Ռոշ Հաշանայի օրը կ'որոշուի մարդուն յաջորդ տարուան ճակատագիրը։ Տօնին յաջորդող դատաստանի օրը հրեաները զիրար կ'ողջունեն յատուկ մաղթանքով. «Թող, որ Կեանքի գիրքին մէջ դուք գրանցուած ըլլաք յաջորդ տարուան ընթացքին»: Հաւատացեալները կը հագնին վառ գոյնի հագուստներ։ Տօնական ճաշկերոյթի ընթացքին ընդունուած է հալան կամ խնձորը թաթախել մեղրի մէջ։
Պարսկաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հին պարսիկները նոր տարին կը նշէին գարնան՝ 21 կամ 22 Մարտին։ Տօնը կը կոչուէր «վարդի եւ գինիի» օր։ Հետագային անիկա կ'ընդունուի իսլամական աշխարհին կողմէ եւ կը ստանայ Նոռուզ («Նոր օր») անուանումը, որ այսօր ալ կը նշեն մեծ շուքով Իրանի եւ այլ իսլամադաւան ժողովուրդներու կողմէ։
Նոր Զելանտա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նոր Զելանտայի Կիսպորն քաղաքը աշխարհի առաջին քաղաքն է, որ կը տեսնէ Նոր տարուան առաջին արեւուն ծագիլը։
Զուիցերիա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ այդ օրը տեղի կ'ունենայ Սփենկլըր քափ սառոյցի վրայ հոքիի մրցաշարքին վերջին մրցումը։
Ֆիլիփին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ֆիլիփինի մէջ մարդիկ կը սիրեն շատ աղմուկ հանել Նոր Տարուան գիշերը՝ չար ոգիները հեռացնելու համար, եւ՝ մետաղադրամները շարժել պզտիկ թիթեղէ տուփիկներու մէջ, դարձեալ ձայն հանելով, յուսալով, որ ասիկա իրենց դրամ պիտի բերէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին։
Ճափոն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճափոնի մէջ պուտտայական տաճարներու մէջ զանգակները կը ղօղանջեն 108 անգամ, 31 Դեկտեմբերի կէս գիշերին։ Ըստ աւանդութեան, այդ հարուածներէն իւրաքանչիւրը կ'ոչնչացնէ մարդկային թերութիւններէն մէկը։ Նոր տարուան առաջին վայրկեաններուն Ճապոնցիները կը ծիծաղին, ինչ որ իրենց համար յաջող տարուան մը գրաւականը կ'ըլլայ։ Իսկ տունը կը զարդարեն բամբուկներով, որոնք յաւերժութեան եւ հաւատարմութեան խորհրդանիշ են։
Հնդկաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կ'ըսուի, թէ Հնդկաստանի մէջ Ամանորը կը նշուի 8 տարբեր թուականներով, որովհետեւ այդ երկրին մէջ տարբեր մշակոյթներ կան: Հնդկաստանի հարաւը Ամանորը կը նշուի Մարտին, հիւսիսը` Ապրիլին, Քերալ նահանգին մէջ` Յուլիսին կամ Օգոստոսին: Որոշ նահանգներու մէջ Ամանորը ամենապայծառ եւ ուրախ տօներէն մէկը կը համարուի: Այդ նահանգներուն մէջ Ամանորը կը նշուի դիմակահանդէսի տեսքով: Բնակիչները կը հագնին պանանի չորցած տերեւներէն պատրաստուած զգեստներ եւ դիմակներ կը կրեն: Ազգային տարբեր երգեր կ'երգեն, բեմադրութիւններ կը կատարեն եւ կը պտտին տունէ տուն՝ գումար հաւաքելով: Եւ քանի որ անոնք կովերը կը պաշտեն, այդ տօնին կիները յատուկ կերակուր կը պատրաստեն եւ կը կերակրեն զանոնք, որպէսզի յաջողութիւն բերէ: Այսպիսով , Հնդկաստան կը համարուի ամէնէն ամանորեայ երկիրներէն մէկը:
Պուլկարիա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պուլկարիոյ մէջ, մտերիմները, ընկերները եւ հարազատները կը հաւաքուին ամանորեայ սեղանի մը շուրջ եւ բոլոր տուներուն մէջ երեք վայրկեան լոյսերը կ'անջատեն։ Սեղանին շուրջ հաւաքուողները զիրար կը համբուրեն։
Ռուսաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռուսերը Նոր Տարին կը նշէին 1 Սեպտեմբերին: Անոնք Ամանորը 1 Յունուարին սկսած են նշել 1699-էն, Մեծն Պետրոսի հրամանով, երբ 1918-ին Խորհրդային Ռուսաստանի «Ժողկոմխորհուրդ»ի որոշումով օրացուցային բարեփոխում կը կատարուի, եւ չեղեալ կը յայտարարուին 1-13 Փետրուար ինկած օրերը: Սակայն Ռուս ուղղափառ եկեղեցին չ'ընդունիր այդ որոշումը, ըստ որուն՝ նախկին խորհրդային ժողովուրդներուն մէջ նաեւ «Հին Նոր Տարին» նշելու ալ սովորութիւնը կայ։ Ռուսաստանի մէջ Նոր Տարուան գլխաւոր հերոսը «Տետ Մորոզ»ն է (Սառնամանիք պապը)։ Այժմ «Տետ Մորոզ»ը իր թոռնիկին՝ Ձիւնանուշիկին հետ, բարի եւ առատաձեռն պապիկ մըն է, իսկ անցեալին ան այնքան ալ բարի չէր, աւելին՝ Տետ Մորոզին նախատիպը հանդիսացող «Տրեսգուն» եւ «Սթուտենեց» պապերը ռուս բանահիւսութեան մէջ չարը մարմնաւորող կերպարներ էին, որոնք ռուսական անծայրածիր տափաստաններուն մէջ թափառելով՝ կը սառեցնէին անցորդները։ Ռուս բանահիւսութեան մէջ Կաղանդ Պապայի նախատիպերէն է նաեւ «Մորոզքա»ն, որ բարի կերպար մըն էր։
Վիեթնամ, Քամպոտիա, Քորիա, Մոնկոլիա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամանորի պարտադիր իրերէն է գեղեցիկ զարդարուած փոցխը (գիւղատնտեսական գործիք), որուն միջոցով Ամանորի գիշերը «երջանկութիւնը կը դիզեն»: Արեւելքի մէջ տարածուած են նաեւ ծննդեան տօնավաճառները, ուրկէ կարելի է ձեռք բերել ոչ միայն հագուստ, կօշիկ, ուտեստեղէն եւ այլն, այլեւ երազներ, յոյսեր եւ երջանկութիւն։ Այդ տօնավաճառին, օրինակ՝ կարելի է ձեռք բերել «տարումա»՝ փայտեայ կամ փափուկ խաղալիք մը, որ պուտտայական պանդէոնէն է։ Կարելի է ձեռք բերել նաեւ «համայումի»՝ բութ ծայրով եւ սպիտակ բմբուլներով աղեղներ, որոնք կոչուած են տունէն վտարելու չար ուժերը։ Կարելի է ձեռք բերել նաեւ «տակառա-բունէ»՝ բրնձով լի նաւակներ, ուր նստած կ'ըլլան եօթ սուրբեր։ Այդ իրը բարիք եւ յաջողութիւն կը խորհրդանշէ ։
Կաղանդ Պապուկը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կաղանդ Պապուկը Ամանորի կարեւորագոյն խորհրդանիշն է: Ան ազգային արժէքներ եւ ծիսական համակարգ պահպանող ու սերունդներուն փոխանցող կերպար մըն է։ Աշխարհի տարբեր երկիրներ ունին իրենց Կաղանդ Պապուկը: Օրինակ՝ ֆինլանտայի մէջ զայն կ'անուանեն Եոլլուպոկի, Ամերիկայի մէջ` Սանթա Քլոս, Ուքրանիոյ մէջ` Ս. Նիքոլա: Կաղանդ պապուկին կ'օգնեն իր թոռնուհին` Ձիւնանուշը եւ գաճաճ պարիկները, որոնք երեխաներուն նուէրներ կը բաժնեն:
Կաղանդ պապուկի կերպարը նմանեցուցած են բիւզանդական եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Ս. Նիկողայոսի (270-345) վարքին, որ ըստ աւանդութեան, շատ բարի էր եւ կ'օգնէր կարիքաւորներուն: Հանրածանօթ է, օրինակ խեղճ ընտանիքի մը երեք աղջիկներուն օգնելու պատմութիւնը` անոնց պատուհանէն աննկատ ոսկիի կապոցիկներ ներս ձգելով: Կաղանդ պապուկը արեւելասլաւոնական դիցաբանութեան մէջ ձմեռնային սառնամանիքներու տիրակալն է` կապոյտ կամ կարմիր վերարկուով, երկար ու սպիտակ մօրուքով եւ գաւազանով: Սկիզբը Կաղանդ պապուկէն վախցած են ու պաշտած. ձմեռնային արեւադարձի եւ գարնան գիշերահաւասարի օրերուն դուռ ու լուսամուտ լայն բացած են, որ ան անարգել տուն մտնէ, անոր նուէրներ տուած են, սիրաշահած, յատուկ ուտելիք տրամադրած, որպէսզի խնայէ ցանքը եւ չոչնցացնէ: Կաղանդ պապուկի կերպարը ժամանակի ընթացքին փոխուած է, վերածուած է նուիրատուի եւ մանուկներուն ցանկալի հիւրին:
Տօնածառը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան անբաժան խորհրդանիշն է տօնածառը:
Անցեալին, մարդիկ ծառերը կը զարդարէին` հաւատալով, որ անոնք օժտուած են բարի ուժերով, եւ անոնց մէջ կ'ապրին բարի ոգիներ:
Ծառերէն նուէրներ կախելով` մարդիկ կը ջանային գոհացնել բարի ոգիները: Ծառերը զարդարող խնձորները կը խորհրդանշէին` պտղաբերութիւն, ընկոյզը` աստուածային նախախնամութեան անիմանալիութիւն, հաւկիթները` զարգացող կեանք, ներդաշնակութիւն եւ լիակատար բարեկեցութիւն: Մշտադալար եղեւինը առանձնայատուկ տեղ գրաւած է բոլոր ծառերուն մէջ: Անիկա խորհրդանշած է կեանքը եւ կեանքի վերածնունդը` մութէն ու խաւարէն:
Շատեր կը կարծեն, որ մշտադալար եղեւինը դրախտին մէջ աճող անմահութեան ծառն է, վառող լոյսերն ու մոմերը` մարդկային հոգիները, իսկ զարդարանքները` խորհրդանշական նուիրատուութիւնները[11]:
Ոմանք կ'ըսեն, որ առաջին տօնածառը զարդարուած է Լոնտոնի մէջ՝ 1444-ին, որ այժմ կը գտնուի Leadenhall Market-ին մէջ: Այնուամենայնիւ, եղեւին զարդարելու երեւոյթը Անգլիոյ մէջ դադրած է մինչեւ ԺԹ. դար:
- Մերօրեայ տօնածառը կը կապեն գերմանացի Մարթին Լութըրի անուան հետ: Ըստ աւանդութեան, 1500-ական թուականներուն, գիշեր մը յոգնած տուն վերադառնալու ատեն, Լութըր կը նստի ճամբեզրին` քիչ մը հանգստանալու: Ճամբան զարդարուած էր եղեւիններով, որոնց ճիւղերուն արանքէն կը կայծկլտային փայլուն աստղերը: Տպաւորուած անոնց գեղեցկութեամբ` Լութըր իր տան մէջ կը զարդարէ առաջին եղեւինը: Գերմանիոյ մէջ ոմանք տօնածառը կը պատրաստէին փայտէ եւ կը զարդարէին մշտադալար բոյսերով նաեւ` մոմերով:
- Անգլիոյ Վիքթորիա թագուհիին ամուսինը` իշխան Ալպերթ տօնածառը աւելի նորաձեւ կը դարձնէ 1841-ին, անգլիական առաջին տօնածառը Ուինսորի պալատին մէջ զարդարելով մոմերով, տուրմերով, միրգերով եւ կրկնեփներով: Շուտով անգլիացի մեծահարուստներ կը հետեւին անոր օրինակին:
- Առաջին հրապարակային տօնածառը տեղադրուած է Ֆրանսայի մէջ, 1840-ին, Անգլիոյ մէջ՝ 1841-ին: Ռուսաստան՝ Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ՝ 1852-ին:
- 1916-ին Ռուսական եկեղեցւոյ Սինոտը արգիլած է Ծննդեան տօնին տօնածառ զարդարելը՝ զայն համարելով գերմանական սովորոյթ: 1926-ին տօնածառ զարդարելը ընդհանրապէս կ'արգիլուի՝ իբրեւ «կրօնական մնացուկ»: Աւանդութիւնը կը վերականգնի 1936-ի Ամանորին:
- 2008-ին Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ` Լագուա լիճին վրայ, կը տեղադրուի 85 մ. բարձրութեամբ եւ 530 թոն կշռող լողացող տօնածառ մը (տօնածառը գրանցուած է «Կինեսի» գիրքին մէջ):
- 2009-ին Մեքսիքոյի տօնածառը ունեցած է 110,35 մ.՝ 40-յարկանի շէնքի բարձրութիւն (տօնածառը գրանցուած է «Կինեսի» գիրքին մէջ):
- Հայաստանի գլխաւոր տօնածառը տեղադրուած է Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ 2010-ին, որ ունէր բրգաձեւ գեղեցիկ տեսք մը եւ 35 մ. բարձրութիւն:
- Լեհաստանի մէջ տօնածառը կը զարդարէին հրեշտակներով, սիրամարգերով եւ այլ թռչուններով:
- Շուէտի մէջ տօնածառը կը զարդարէին վառ գոյներով ներկուած փայտեայ խաղալիքներով:
- Դանիոյ մէջ տօնածառէն կը կախէին փոքրիկ դրօշակներ, զանգակներ, աստղեր, ձիւնի փաթիլներ եւ սրտիկներ:
- Լիթուանիոյ մէջ ծառէն կը կախէին ծղօտէ թռչնավանդակներ, աստղեր եւ այլն:
- Ճափոնի մէջ քրիստոնեաները փոքրիկ հովահարներ եւ թուղթէ լապտերներ կը կախէին իրենց տօնածառերէն:
- Չեխիոյ մէջ տօնածառը կը զարդարէին հաւկիթի ներկուած կեղեւէն պատրաստուած զարդերով:
- Ուքրանիոյ մէջ տօնածառը կը զարդարէին սարդերով եւ սարդոստայնով` իբրեւ յաջողութեան խորհրդանիշ:
Տօնածառը հայ իրականութեան մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հին ատեն հայերը ունեցած են ծառերու պաշտամունք եւ տօնածառը փոխարինած են ձիթենիի ճիւղերով: Անոնցմէ ամէնէն հաստը Նոր տարուան գիշերը խրած են մեծ հացի մը մէջ եւ զարդարած ընկուզեղէնով, ցորենի հասկերով, լուբիայով, զանազան միրգերով, յատկապէս՝ խնձորներով, որոնք պտղաբերութիւն կը խորհրդանշէին, նաեւ չարխափաններով ու մարդակերպ կամ կենդանակերպ թխուածքներով: Տանտէրը Կաղանդի ծառը կը տանէր եկեղեցի եւ քահանային օրհնութիւնը ստանալէ ետք տուն կը վերադարձնէր:
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Հայկական Սովետական Հանրագիտարան
- ↑ «Կաղանդ, Նաւասարդ եւ Ամանոր»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-01-02-ին։ արտագրուած է՝ 2017-12-31
- ↑ Հետաքրքական փաստեր՝ Նոր տարուան մասին
- ↑ Ամանորը Գերմանիոյ մէջ
- ↑ Նոր Տարուան արդի սովորութիւններ
- ↑ Ամանորը Իտալիոյ մէջ
- ↑ Ամանորը Անգլիոյ մէջ
- ↑ Ամանորեան աւանդութիւններ՝ Ֆինլանտայի մէջ
- ↑ Սովորութիւններ, աւանդութիւններ
- ↑ Չինական Նոր Տարին
- ↑ Եղեւինը