Jump to content

Սեւ Ծով

Սեւ ծով[1], Աթլանթեան ովկիանոսի ներքին ծով Թուրքիոյ, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Ուքրանիոյ, Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ մասամբ ճանչուած Աբխազիոյ ափերուն մօտ։ Կերչի նեղուցով կը միանայ Ազովի ծովուն, Պոսֆորի նեղուցով՝ Մարմարա ծովուն եւ այնուհետեւ Տարտանէլի նեղուցով՝ Էգէական եւ Միջերկրական ծովերուն։ Մակերեսը 422 հազար քմ² է։ Առաւելագոյն խորութիւնը՝ 2210 մեթր, ջուրի ծաւալը ծովուն մէջ՝ 555.000 քմ³ է։ Առաւել՝ մեծ ծոցերը՝ Կարկինտսկի, Կալամիտսկի, Դնեստրի եւ Եպրի-Բուգի ծովաբները՝ հիւսիս-արեւմտեան ափերուն մօտ, Սինոբ եւ Սամսունի՝ հարաւային ափերուն մօտ։ Ծով կը թափուին Տանուպ, Տնեսթր, Հարաւային Պուկ, Տնեփր, Ռիոն, Քըզըլ Ըրմաք մեծ գետերը, ինչպէս նաեւ հայկական լեռնաշխարհէն սկիզբ առնող Ճորոխ գետը։ Առաւել մեծ նաւահանգիստները՝ Օտեսա, Իլեիչովսք, Նովոռոսիյսք, Թուապսէ, Փոթի, Պաթում, Քոսթանցա, Պուրկաս, Վառնա, Տրապիզոն, Սամսոն, Զոնկուլտակ[2]։

Սեւ ծովու բնութենական իւրայատկութիւնը այն է, որ 150-200 մեթրէն աւելի խորութիւններուն մէջ կեանք գոյութիւն չունի:

Ծովը կ'ողողէ Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ, Ռումանիոյ, Թուրքիոյ մասամբ ճանչցուած Ապխազիոյ եւ Վրաստանի ափերը։

Սեւ ծովը բեռնատար փոխադրումներու համար կարեւոր շրջան է։ Ատոր հետ մէկտեղ, Սեւ ծովը կը պահպանէ իր ռազմավարական եւ ռազմական մեծ նշանակութիւնը։ Սեւասթոփոլ եւ Նովոռոսիյսք քաղաքներուն մէջ կը գտնուին Ռուսաստանի Սեւ ծովեան նաւատորմի հիմնական ռազմական խարիսխները, իսկ Սինոպի եւ Սամսոնի մէջ կեդրոնացուած են Թուրքիոյ ռազմածովային նաւատորմի սեւծովեան ստորաբաժանումները։ Վառնայի մէջ տեղակայուած են Պուլկարիոյ, Փոթիի եւ Պաթումի մէջ՝ Վրաստանի ռազմածովային ուժերու ռազմական խմբաւորումը (ներկայիս՝ Վրաստանի սահմանապահ ոստիկանութեան ծովափնեայ պահպանութեան դեպարտամենտի նաւային անձնակազմը), Քոնսթանցի եւ Մանգալի մէջ՝ Ռումանիոյ ռազմածովային ուժերը։ Բացի այդ, մինչեւ 2014, Մարտին՝ Սեւաստոպլի եւ Նովոռոսիսկի մէջ տեղակայուած էր Ուքրանիոյ ռազմածովային ուժերէն մասը մը։)

Ք.ա. 6-5-րդ դարերուն, առաջին յոյն ծովագնացները ծովը անուանած են Աքսենյոս (Աքսինեան Պոնտոս «Անհիւրընկալ Ծով») կամ Պոնտոս Մելաս («Սեւ ծով»), նկատի ունենալով անոր փոթորկոտ ալիքներու պատճառած վնասները եւ դժուարութիւնները։ Մեր թուարկութեան սկիզբներուն յոյները, արդէն ծովը իւրացնելով, անոր ափերուն գաղութներ հիմնելէն յետոյ, զայն վերանուանեցին Եւքսենյոս (Եւքսինեան Պոնտոս «Հիւրընկալ ծով»)։

Անանիա Շիրակացին (7-րդ դար) այս ծովը կը յիշատակէ «Պոնտոս» եւ «Պոնտական Ծով» անուններով։ 9-րդ դարուն, երեւան եկած է «Ռուսական ծով» անուանումը (այս անուանումը յիշատակուած է ռուսական տարեգրութիւններուն եւ նշուած է քարտէսներու վրայ, մինչեւ 8-15-րդ դարերը)։

15-16-րդ դարերուն թուրքերը, գրաւելով Մերձսեւծովեան շրջանը, ծովը անուանած են Գարա Տենիզ («Չար (սեւ) ծով»՝ ոչ միայն այն պատճառով, որ եղած է մրրկածուփ ու վտանգաւոր, այլեւ թուրք նուաճողներուն Մերձսեւծովեան շրջանի ժողովուրդներու ցոյց տուած դիմադրութեան պատճառով)։ Ծովու անուանման առաջացման մէկ այլ վարկած կապուած է աշխարհի կողմերը գոյներով նշելու հետ։ Ասիոյ ժողովուրդներու շատ լեզուներով սեւ գոյնը կը նշանակէ հիւսիս։ Այսպիսով, Սեւ ծովը «Հիւսիսային ծով» է։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սեւ ծովու ափերը քիչ կտրտուած են. մասնաւորապէս կտրտուած են՝ հիւսիսային հատուածին մէջ։ Միակ մեծ թերակղզին Ղրիմն է։ Մեծ ծոցերն են՝ Յագորլիկի, Թենդրայի, Ջարիլգաչիի ծոցերը Ուքրանիոյ, Կարկինիտայի (Ուքրանիա, Ռուսաստան), Կալամիտայի եւ Թեոտոսիոյ ծոցերը Ռուսաստանի մէջ, Վառնայի եւ Պուրկասի ծոցերը Պուլկարիոյ մէջ, Սինոպի եւ Սամսոնի ծոցերը՝ ծովու հարաւային ափերուն՝ Թուրքիոյ մէջ։ Հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւմտեան մասերուն մէջ, գետերու թափման վայրին մէջ կ'առաջանայ գետաբերան կամ ջրատարածքներ եւ աղահամ տարածքներ։ Ափի գիծի ընդհանուր երկարութիւնը՝ 3400 քմ. է։

Ծովու առափնեայ հատուածները ունին իրենց սեփական անուանումները՝ «Ղրիմի Հարաւային Ափ», «Կովկասի Սեւծովեան Ափեր» Ռուսաստանի մէջ, «Անատոլիական Ափ» եւ «Ռումելի Ափ» Թուրքիոյ մէջ։ Արեւմուտքի եւ հիւսիս-արեւմտեան ափին կան կտրուկ կտրուածքներ, Ղրիմի ցած շրջանին հիմնականին մէջ՝ անփոփոխ է: Բացառութիւն կը կազմեն հարաւային լեռնոտ ափերը եւ Թարխանկուտ թերակղզին, արեւմուտքին մէջ։ Ծովու արեւմտեան եւ արեւելեան ափերուն ընդհուպ ծովուն կը մօտենան Կովկասի եւ Պոնտոսի լեռները։

Սեւ ծովուն մէջ կղզիները քիչ են։ Ամէնամեծ կղզին Ջարիլգաչ կղզին է, որուն տարածքը կը կազմէ 62 քմ²։ Մնացած կղզիները աւելի փոքր են։ Աւելի մեծ կղզիներն են Բերեզան եւ Զմէինի կղզիները (երկու կղզիներու տարածքներն ալ փոքր են 1 քմ²-էն)։

Սեւ ծով կը թափին Տանուպ, Տնեփր, Տնեսթր գետերը, ինչպէս նաեւ աւելի փոքր գետեր՝ Մզիմտա, Փսոու, Բզիպ, Ռիոնի, Քոտոր, Ինկուրի (ծովու արեւելք բաժնին մէջ), Ճորոխ, Կիզիլիրմակ, Եշիլ Ըրմաք, Սակարյա (հարաւը), հարաւային Բուգ (հիւսիսի բաժնին մէջ), Կամչիա, Վելեկա (արեւմտեան բաժնին մէջ)։ Տարեկան Սեւ ծով կը թափի մօտաւորապէս 310 քմ³ ջուր, որուն 80%-ը կը թափի հիւսիս-արեւմտեան մաս, հիմնականը՝ Տանուպէն եւ Տնեփրէն։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 55։ ISBN 99941-56-03-9 
  2. Հ. Ղ. Գրգեարյան, Ն. Մ. Հարությունյան, Աշխարհագրական անունների բառարան (Հ-Ֆ), Երեւան, «Լույս», էջ 290