Ոսկի
Ոսկի (լատ.՝ Aurum), քիմիական տարր է, որուն նշանն է Au, տարրերու պարբերական համակարգի 6-րդ պարբերութեան, առաջին խումբի տարր։ Ազնիւ մետաղ է, կը պատկանի անցումային տարրերու շարքին։ Կարգահամարը՝ 79, ատոմական զանգուածը՝ 196,9665։ d տարր է, ատոմի ելեկտրոնային թաղանթներու կառուցուածքն է 5s25p65d106s1, К, L, M, N թաղանթները լրացուած են:
Ոսկին համեմատաբար փափուկ, ծանր (p=19,32 գ/սմ3), դեղին մետաղ է, tհալ=1064°С,tեռ=2947°С։ ամէնալաւ կռելի եւ ձգելի մետաղն է։ Ան դեղնափայլ, գեղեցիկ տեսքով, ազնիւ մետաղ է։ Ան հինէն մարդկութեան յայտնի մետաղներէն է։ 1 կր. ոսկիէն կարելի է ձգել մինչեւ 3 քմ. երկարութեամբ լար։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ոսկին մարդկութեան ամէնահին յայտնի մետաղն է։ Հայաստանի եւ Անատոլիոյ մէջ, ան յայտնի էր Ք.ա․ 6-րդ հազարամեակին։ Եգիպտոսի, Միջագետքի, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ ոսկեայ իրերու պատրաստման արուեստը յայտնի էր Ք.ա․ 3-2-րդ հազարամեակներուն։
Ոսկին կը յիշատակուի Աստուածաշունչին, «Իլիական»ի եւ «Ոդիսական»ի մէջ։ Ալքիմիկոսները կ'անուանէին «մետաղներու արքայ», որ կը ստանային հասարակ մետաղներէն եւ կը համարէին իրենց հիմնական նպատակը։
Անուան Ծագում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պրոտօ-սլաւոնական լեզուով «*zolto» («ոսկի»), համանունլիթ.՝ geltonas «դեղին», լաթիշ․՝ zelts «ոսկի»[1], այլ լեզուներուն մէջ. գոթ.՝ gulþ, գերմաներէն՝ gold, անգլերէն՝ gold, յետագային՝ սանսկր.՝ हिरण्य (Կաղապար:IAST), ավեստերէն՝ zaranya, ովսերէն՝ zærījnæ «ոսկի», ինչպէս նաեւ սանսկր.՝ हरि (Կաղապար:IAST) «դեղին, ոսկեգոյն, կանաչաւուն», հնդեւրոպական նախալեզուին մէջ արմատը՝ ǵʰel - «դեղին, կանաչ, փայլուն»։ լատ.՝ aurum կը նշանակէ «դեղին» եւ կապուած է՝ Auror - լուսաբաց բառի հետ։
Բնութեան Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկրակեղեւին մէջ ոսկիի պարունակութիւնը 4,3•10−7 զանգուած %[2][3]) է, տարածութեամբ 74-րդ տարրն է։ Կը հանդիպի մեծ մասամբ բնածին վիճակին մէջ, հազուադէպ՝ միացութիւններու ձեւով տելուրի, սելենի, ծարիրի, պիսմութի հետ։
Յայտնի են ոսկիի կարեւորագոյն (հիտրոթերմալ) եւ ցրոնային հանքավայրերը։ Արդիւնաբերական կարեւոր նշանակութիւն ունին հիտրոթերմալ ոսկեբեր քուարցային երակները։ Բնածին ոսկին կը հանդիպի նաեւ երկաթի, պղինձի, արսենի եւ այլ սուլֆիտներու մէջ, որոնք երբեմն կը պարունակեն նաեւ ոսկիի միացութիւններ։
Հազուադէպ հանդիպող միներալները՝
- կալաուերիտ (AuTe2),
- սիլուանիտ (AgAuTe4) եւ այլն, սովորաբար կ'ուղեկցուին նրբափոշի բնածին ոսկիով։ Բնածին ոսկին արծաթ (մինչեւ 43%), երբեմն նաեւ պիսմութ, սնդիկ, պլատին, մանգան (մինչեւ 0,9%), պարունակող պինդ լուծոյթ է։ Ան, կախուած խառնուրդներու պարունակութենէն, դեղին է, կարմիր կամ կանաչ։
-
Բնածին ոսկիի ձուլակտոր
-
Բիւրեղային ոսկի, 3.7×1.1×0.4 սմ.
Հանքավայրեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բնածին ոսկիի մեծ կտորները կը հանդիպին հազուադէպ, գտնուած (Աւստրալիոյ մէջ) ամէնամեծերը՝ «Հոլտերմանի սալը» (մօտ 285 քկ.) եւ «Ցանկալի անծանօթը» (71 քկ.) չեն պահպանուած։
Բնածին ոսկիի ամէնամեծ կտորը (36,2 քկ.) ԽՍՀՄ-ի մէջ, գտնուած է Ուրալի մէջ։ Ոսկիի հիմնական պաշարները գտնուած են ԽՍՀՄ-ի, Հարաւ-Ափրիկեան Հանրապետութեան եւ Գանատայի մէջ։
Ոսկի կ'արդիւնահանուի նաեւ 38 այլ երկիրներու եւ գետաջուրերու մէջ։ Ծովու եւ գետի ջուրերուն մէջ անոր պարունակութիւնը 4․109 կ/լ է, ոսկեբեր շրջաններու ստորերկրեայ ջուրերուն մէջ՝ 10−6 կ/լ։ Որոշ բոյսեր (ձիաձետ, եգիպտացորեն) կը կուտակեն ոսկի։
Հայաստանի մէջ եւ ԼՂՀ-ի մէջ, նոյնպէս կան ոսկիի հանքեր եւ կը գործեն հանքանիւթի հարստացման գործարաններ։ Յայտնի են Սոթքի (Գեղարքունիքի մարզ), Լիճքուազ-Թէյի (Սիւնիքի մարզ), Մեղրաձորի (Կոտայքի մարզ), Ղարաբաղի՝ Դրմբոնի (Մարտակերտի շրջան) ոսկիի հանքավայրերը։
Ֆիզիքական Յատկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ոսկին դեղնափայլ մետաղ է, հալման ջերմաստիճանը՝ 1064,43°C, եռմանը՝ 2947°C, խտութիւնը՝ 19320 կգ/մ3 (20°C-ի)։ Ջերմութեան եւ ելեկտրականութեան լաւ հաղորդիչ է (կը զիջի արծաթին)։ Մաքուր ոսկին փափուկ է եւ չափազանց բլաստիկ։ Անոնցմէ կարելի է գլանել մինչեւ 8•10−6 մմ. հաստութեան նրբաթիթեղ եւ ձգել 5•10−3 մմ. հաստութեամբ լար։
Քիմիապէս բասիւ է, օդին մէջ՝ անգամ խոնաւութեան առկայութեամբ չի օքսիտանար։ Չի լուծուիր ջուրին, ալկալիներու եւ թթուներու մէջ։ Կը լուծուի ցիանաջրածնական թթուին մէջ, արքայաջուրին եւ օքսիտացնող թթուներու խառնուրդներուն մէջ։ Անոր բնորոշ է կոմպլեքսային միացութիւններու առաջացումը։
Մաքուր ոսկին չափազանց փափուկ է օգտագործման համար եւ պէտք է օգտագործուի այլ համաձուլուածքներու հետ, ինչպիսի են՝ արծաթը, պղինձը եւայլն։ Ոսկին եւ անոր բազմաթիւ համաձուլուածքները առաւել յաճախ կ'օգտագործուին զարդերու եւ ոսկեդրամներու արտադրութեան մէջ։
Իր բարձր ելեկտրահաղորդունակութեան եւ կոռոզիայի նկատմամբ լաւ դիմադրողականութեան ու քիմիական յատկութիւններու, ոսկին 20-րդ դարուն լայնօրէն կ'օգտագործուի արդիւնաբերութեան բազմաթիւ ոլորտներուն մէջ։
Քիմիական Յատկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Միացութիւններուն մէջ, եռարժէք է կամ միարժէք, կոմպլեքսային միացութիւններուն մէջ՝ հազուադէպ երկարժէք։ Մետաղներու լարուածութեան շարքին մէջ, ոսկին կը գտնուի ջրածինէն, պղինձէն եւ արծաթէն առաջ։ Անմիջականօրէն կը միանայ միայն հալոկեններու եւ որոշ մետաղներու հետ։
Թթուածնական միացութիւնները կը ստանան անուղղակի ճանապարհով։ АuО-ի գոյութիւնը կասկածելի է։ Ոսկիի (III) օքսիտը (Au2O3) կը ստացուի հիտրօքսիտէն եւ անկայուն է՝ 220°C-էն բարձր տաքութենէն կը քայքայուի, ջուրին մէջ՝ չի լուծուիր։
Au(OH)3 ջուրին մէջ, վատ լուծուող, դեղնաշագանակագոյն ամֆոտեր հիտրօքսիտ է։ Գերակշռող թթուային յատկութիւններու պատճառով կը կոչուի ոսկեթթու, ալկալիներու հետ կ'առաջացնէ աուրատներ։ Ոսկին ջրածնի հոսանքին մէջ տաքնալէն (~1400 °C) աննշան քանակներով կ'առաջանայ հեշտ ցնդող եւ անկայուն հիտրիտը՝ AuH։
Անկայուն են նաեւ ոսկիի (I) հալոկենիտները՝ AuCl, AuBr եւայլն։ Ոսկիի փոշին քլորիւ մթնոլորտին մէջ, (200°C) կ'առաջացնէ AuCl3, որ դիւրին ցնդող, կարմիր բիւրեղական նիւթ է։ Կը լուծուի ջուրին մէջ, առաջացնելով կարմրաշագանակագոյն բարդ թթու՝ H2[AuOCl3]։ Աղաթթու աւելցնելով կ'ունենանք ոսկիքլորաջրածնական թթու (բաց դեղին), որ կը բիւրեղանայ H[AuC14]•2H2O բաղադրութեամբ։
Ոսկիի (III) քլորիտը դիւրաւ կը վերականգնուի, անագի (II) քլորիտով. վերականգնելէն կ'ունենանք չափազանց կայուն ոսկիի ծիրանագոյն կոլոիտային լուծոյթը։
Այդ հակազդեցութիւնը կ'օգտագործեն ոսկիի վերլուծական յայտնաբերման համար։ Քանակական որոշման նպատակով, ոսկին կը նստեցնեն ջրային լուծոյթներէն այլ վերականգնիչներով (FeSO4, H2SO3, Н2С2O4 եւայլն) կամ կը կիրառեն մետաղափորձական վերլուծութեան եղանակը։
Ոսկիի (III) թթուածնաւոր թթուներու աղերը կայուն են միայն համապատասխան թթուի խիտ լուծոյթներուն մէջ։ Թթուածինի առկայութեամբ ոսկին կը լուծուի նատրիումի (կալիում) ցիանիդի լուծոյթին մէջ եւ կ'առաջանայ ցիանաուրատ (I)՝
Արծաթի, բալատիումի եւ պղնձի հետ ոսկին կ'առաջանայ պինդ լուծոյթներ, այլ մետաղներու հետ՝ ներմետաղական միացութիւններ (Na2Au)[4], KAu2, Be5Au, Mg3Au, Ba3Au2 եւայլն)։
Քիմիապէս շատ իներտ է. թթուածինի, ջրածինի եւ ածխածինի հետ ընդհանրապէս չի փոխազդուիր։ Մինչեւ 150°С տաքնալէն քլորի հետ կ'առաջանայ AuCl3, որ 190°С-ի մէջ կը քայքայուի AuCl-ի.
Կը լուծուի «արքայաջուրին մէջ».
Ոսկիի միացութիւնները անկայուն են եւ դիւրաւ կը վերականգուին.
Այս արդիւնքով, կը ստացուի ոսկիի կարմիր կամ վարդագոյն կոլոիտ լուծոյթ։ Կ'առաջացնէ ցիանային բաղադրութիւններ՝ ցիանաուրատներ.
Այս գործողութեամբ կ'ունենանք հանքերէն ոսկիի արդիւնաբերական կորզման գործառնութիւնը։
Ստացում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շատ հին ժամանակներէն սկսած ոսկին պարապ ապարէն կը բաժնէին նստուածքազտման եղանակով՝ օգտուելով անոնց խտութիւններու մեծ տարբերութենէն։ 19-րդ դարու վերջերէն սկսան լայնօրէն կիրառել ամալկամացման (յայտնի է Ք․ա Ա. դարէն) եւ ցիանացման եղանակները։
Մանրացուած եւ հարստացած հանքանիւթէն ոսկին, կը կորզեն կալիումի կամ նատրիումի ցիանիդներու լուծոյթներով։ Ոսկիի կորզումը սնդիկով (ամալկամացում) աստիճանաբար աւելի հազուադէպ կ'իրականանայ։ Ոսկիի նշանակալի քանակներ կը ստացուին պղինձի եւ բազմամետաղական հանքանիւթերու վերամշակման թափոններէն։
Ցրոնային ոսկիի զգալի մասը, կը կորզեն լողացող հունափոր մեքենաներու (դրագներու) միջոցով․ փխրեցուած ապարը կը լուան երկաթէ ծակոտկէն թիթեղներով, նախշազարդ փայտով կամ կանեփաթելի գորգով պատուած թեք ջրհորդաններուն մէջ։ Դատարկ ապարը կը լուացուի ջուրի շիթով, իսկ ոսկիի հատիկները կը մնան ջրհորդանի յատակը։
Խառնուրդներ պարունակող ոսկին կը մաքրեն (աֆինաժ) ելեկտրոլիզով։ Անոդը կը ձուլեն մաքրուող ոսկիէն: Քաթոթը մաքուր ոսկիի թերթ է։ Որպէս էլեկտրոլիտ կ'օգտագործեն AuCl3֊ի աղաթթուային լուծոյթը։ Քաթոթի վրայ կը նստի 99,99% մաքրուած ոսկի։ Խառնուրդները կ'անջատուին որպէս անոդային տիղմ։
Զուգաթիւեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բնական ոսկին բաղկացած է միայն 197Au կայուն զուգաթիւէն։ Արհեստականօրէն ստացած են 177-204 զանգուածի թիւերով ռատիօակտիւ զուգաթիւերը (27 իզոթոփ)։ 195Au (T1/2 = 185 օր), 198Au (2,7 օր) եւ 199Au (3,15 օր) զուգաթիւերը կ'օգտագործուին արդիւնաբերութեան, բժշկութեան մէջ եւ գիտահետազօտական աշխատանքներուն մէջ, որպէս ռատիօակտիւ ինտիքաթորներ։
Կիրառութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մաքուր ոսկին կ'օգտագործուի ելեկտրական ճարտարագիտութեան եւ արուեստին մէջ։ Գեղեցիկ տեսքի, քիմիական կայունութեան, փափկութեան եւ գլանուելու ունակութեան շնորհիւ ան կ'ենթարկուի նուրբ գեղագիտական մշակման։
Կ'օգտագործուի կիրառական եւ զարդարուեստին մէջ։ Ոսկիի նրբաթերթերը օգտագործուած են հին հայկական մանրանկարչութեան մէջ։ Ոսկին կ'օգտագործուի նաեւ ժամացոյցները, զարդարանքի եւ սպասքի առարկաները ոսկեզօծելու համար։
Տեխնիկայի մէջ, դրամի հատման, մետալներ եւ ատամնաբրոթեզային սկաւառակներ պատրաստելու համար կ'օգտագործեն ոսկիի համաձուլուածքները։ Ոսկիի միացութիւնները կ'օգտագործուին լուսանկարչութեան մէջ։
Բժշկութեան Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անոնց կախոյթները՝ բժշկութեան մէջ, ռեւմատիկ յօդաբորբոքումները եւ գայլախտը բուժելու համար։ Ոսկի պարունակող դեղամիջոցներու կիրառումը հակացուցուած է թոքախտի, շաքարախտի, սիրտ-անօթային, լեարդի, երիկամներու եւ արեան հիւանդութիւններու դէպքերու պարագային։ Ռատիօակտիւ ոսկին (սովորաբար 198Au) կ'օգտագործուի ուռուցքներու բուժման, լեարդի, փայծաղի եւ այլ օրկաններու հիւանդութիւններու ախտորոշման համար։
Տնտեսական Նշանակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ապրանքային արտադրութեան պայմաններուն մէջ, ոսկին կը կատարէ համընդհանուր համարժէքի դեր, որով ձեռք կը բերէ յատուկ սպառողական արժէք ու կը վերածուի դրամի․
«Ոսկին ու արծաթը,- գրած է Կ․ Մարքսը,- իրենց բնոյթով փող չեն, բայց փողը իր բնոյթով ոսկի ու արծաթ է» |
Որպէս դրամ ոսկիի առանձնացման պատճառը ատոր ֆիզիքական եւ քիմիական յատկութիւններն են։ Ոսկիի զգալի մասը կ'օգտագործուի ստակներ պատրաստելու համար կամ ձուլակտորներով կը պահուի կեդրոնական դրամատուներու մէջ, որպէս պետութեան ոսկիի պաշար։ Ան լայնօրէն կ'օգտագործուէր արդիւնաբերական սպառման համար (ռատիօէլեկտրոնիկայի եւ գործիքներու շինութեան մէջ, եւայլն) եւ ոսկերչութեան մէջ։
Սկիզբը, ոսկին կ'օգտագործուի բացառապէս զարդեր պատրաստելու համար, յետագային ան ծառայած է որպէս խնայողութեան ու հարստութեան կուտակման, նաեւ փոխանակութեան (սկիզբը ձուլակտորներու ձեւով) միջոց։ Որպէս փող, ոսկին Չինաստանի, Հնդկաստանի, Եգիպտոսի եւ Միջագետքի պետութիւններուն մէջ, օգտագործուած է թերեւս Ք.ա 1500 տարի առաջ, իսկ Հին Յունաստանի մէջ՝ Ք.ա 8-7-րդ դարերուն։
Առաջին անգամ ոսկիէն ստակներ հատուած են Լիտիայի մէջ, Ք.ա 7-րդ դարուն, ԽՍՀՄ տարածքի՝ Հայաստանի մէջ, Ք.ա Ա. դար։ Սակայն հին ատեն ու միջին դարերուն ոսկին թանկարժէք հիմնական մետաղ չէր, որովհետեւ փողի դերը կը կատարէին նաեւ պղինձն ու արծաթը։
Յայտնագործութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ոսկին ձեռք բերելու ձգտումը եւ հարստանալու տենչը եղած են գաղութային ու առեւտրական բազմաթիւ պատերազմներու պատճառ: Աշխարհագրական մեծ յայտնագործութիւններու շրջանին մէջ մղած է նոր հողերու որոնումներ։
Ամերիկայի յայտնագործումէն ետք, ազնիւ մետաղներու հոսքը՝ Եւրոպա, դարձաւ դրամագլուխի նախասկզբնական կուտակման աղբիւր։ Քաբիթալիզմի զարգացումը, միջմայրցամաքային առեւտուրի ընդլայնումը զօրացուցին դրամամետաղներու պահանջը եւ մինչ այդ ոսկիի արդիւնահանումը կ'աճէր, սակայն բոլոր երկիրներուն մէջ, որպէս փող թերեւս լայնօրէն օգտագործուած էր նաեւ արծաթը։
Արդիւնաբերութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]19-րդ դարու վերջը, արծաթի արժէքը կտրուկ ինկաւ եւ երկիրներու մեծ մասին մէջ, պայմաններ ստեղծուեցան մոնոմենտալիզմի (ոսկիի) անցնելու համար։ Առաջինը այդ, կատարուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, 18-րդ դարու վերջը, իսկ 20-րդ դարու սկիզբը ոսկիի արժէքը հաստատուեցաւ աշխարհի երկիրներու մեծ մասին մէջ։
Տարերային ապրանքային արտադրութեան պայմաններուն մէջ, արտացոլելով մարդոց յարաբերութիւնները, երեւոյթներու մակերեսին՝ ոսկիի իշխանութիւնը հանդէս կու գայ, որպէս իրերու յարաբերութիւն։ Ան կը թուի ոսկիի բնական ներքին յատկութիւն ու կը ծնի ոսկիի ու դրամի կռապաշտութիւնը։ Ոսկիով հարստութիւն դիզելու տենչը այնչափ կ'աճի, որ կիրքը կը մղէ հրեշաւոր յանցագործութիւններ գործելու։
Ոսկիի իշխանութինը յատկապէս կը զօրանայ դրամատիրական յարաբերութիւններու պայմաններուն մէջ, երբ ապրանք կը դառնայ նաեւ աշխատուժը։ Դրամատիրութեան ժամանակ համաշխարհային շուկայի կազմաւորումը կ'ընդլայնէ ոսկիի շրջանառութեան ոլորտը, ան կը դառնայ համաշխարհային դրամ։ Դրամատիրութեան ընդհանուր ճգնաժամի պայմաններուն մէջ ոսկիի միօրինականացումը կը խախտի։
Դրամատիրական երկիրներու ներքին շրջանառութեան մէջ տիրապետող կը դառնան թղթադրամներն ու ոսկիով չփոխանակուող դրամատան տոմսերը։ Կը սահմանափակուին կամ ընդհանրապէս կ'արգիլուին ոսկիի արտահանումն ու առուծախը։ Ատոր հետ կապուած, ոսկին կը դադրի շրջանառութեան ու վճարման միջոցի դերեր կատարել, բայց իտէալապէս հանդէս գալով որպէս արժեչափ, ինչպէս նաեւ պահպանելով գանձակուտակման միջոցի ու համաշխարհային դրամի իր նշանակութիւնը, ան կը մնայ որպէս դրամատիրական երկիրներու դրամական համակարգի հիմք ու փոխադարձ դրամական պահանջներու եւ պարտաւորութիւններու վերջնական կարգաւորման գլխաւոր միջոց։
Ոսկիի պաշարներու չափը դրամատիրական վասուտաներու կայունութեան եւ առանձին երկիրներու տնտեսական ներուժի կարեւոր ցուցանիշ է։ Արդիւնաբերական սպառման, ինչպէս եւ մասնաւոր գանձակուտակման համար ոսկիի առուծախը կը կատարուի ոսկիի շուկաներուն մէջ։ Ընկերային տնտեսական պայմաններուն մէջ, ոսկին նոյնպէս համընդհանուր համարժէք է եւ հանդէս կու գայ որպէս արժէչափ ու գիներու զանգուած։
1 Յունուար 1961-ին խորհրդային ռուբլին կը պարունակէ 0,987412 կր. զուտ ոսկի։ Այդ նոյն քանակութիւնը դրուած է փոխանակային ռուբլիի՝ ՏՓԽ-ի անդամ-երկիրներու միջազգային ընկերային արժոյթի հիմքին մէջ։ Համաշխարհային ընկերային շուկային մէջ ոսկին կը կատարէ համաշխարհային դրամի դերը։
Գիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ոսկիի գինը, հաշուի առնելով իր յատուկ գործառոյթը, սկիզբէն գոյութիւն ունէր ոսկիի չափանիշ եւ մինչեւ 1970-ական թուականները ստեղծուած է դրամավարկային կարգաւորման մարմիններու պետութիւն, որ որպէս կանոն, կեդրոնական դրամատան խնդիրն էր[5][6]։
Ոսկիի համաշխարհային գինը հիմնականին մէջ, կ'որոշուի Լոնտոնի ոսկիի սակարանին մէջ։ 2000-ականներու 2-րդ կէսէն, ոսկիի գինը շարունակաբար աւելցած է։ Հիմնական պատճառներէն են ոսկեգործական արտադրանքի համաշխարհային վաճառքի ծաւալի աճը, ԱՄՆ տոլարի դիրքերու թուլացումը եւ ոսկիի գնումը որպէս յուսալի խնայողութիւն՝ համաշխարհային վերջին տնտեսա-ֆինանսական ճգնաժամի հետեւանքներու համատեքստին մէջ։
2012 թուականի վերջին տարիներուն, առաջին անգամ ոսկիի համաշխարհային գինը կայունացման նշաններ կը դրսեւորէ։ Ըստ կանխատեսումներու՝ յառաջիկայ տասնամեակներուն, ոսկիի պահանջարկը կ'աճի՝ յանգեցնելով ոսկիի գինի աճի միտման պահպանմանը։
Պաշարներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ոսկիի պաշարներ, ոսկիի ձուլածոներու ու ստակներու կեդրոնացած պաշարներու ֆոնտ, որ կը պատկանի երկրի կեդրոնական էմիսիոն դրամատուներուն կամ գանձատան։ Ոսկիի ազատ շրջանառութեան ժամանակաշրջանին կը կատարէին միջազգային վճարումներու (համաշխարհային փողի), ներքին մետաղադրամային շրջանառութեան, աւանդներու վճարումներու ու դրամատնային տոմսերու փոխանակման պաշարներու ֆոնտերու դեր։
2000-ի Յունուարէն մինչեւ 2009 Մարտ, կեդրոնական դրամատուները իրենց պահեստային ոսկին կրճատած են 114 միլիոն տրոյական ունցիայով։ Այնուհետեւ, հաւանաբար նաեւ ոսկիի գիներու աճով եւ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամով պայմանաւորուած, կեդրոնական դրամատուները սկսած են աւելցնել իրենց ոսկիի պաշարները։
Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը իր կայքին մէջ, ամէն ամիս կը հրապարակէ կեդրոնական դրամատուներու ոսկիի պահեստային պաշարներու վերջին ամսուան տուեալները։ Այսպիսով 2015 Փետրուարի դրութեամբ, ոսկիի ամէնամեծ պահեստային պաշարները ունին Միացեալ Նահանգները՝ 261.5 միլիոն տրոյական ունցիա ծաւալով։ Իսկ առաջին 4 հորիզոնականները զբաղեցնող երկիրները ընդհանրապէս կը տիրապետեն համաշխարհային պաշարներու կէսէն աւելիին։
Միայն Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Հնդկաստանի ոսկիի պաշարներու աճը կը պայմանաւորուին համաշխարհային շուկայի փոփոխութիւններու 60 տոկոսով։ 2009 թուականէն ետք, Ղազախստանը իր պաշարները աւելցուցած է 4 միլիոն ունցիայով, փաստացի եռապատկելով եղած պաշարները։
Ամբողջ աշխարհին ոսկիի մեծ պաշարները (Յունուար 2013).
№ | Երկիր/ Կազմակերպութիւն | Ոսկի (թոն) |
Ոսկու ընդհանուր կշիռը պետական արժութային պահուստներ (%) |
---|---|---|---|
1 | Կաղապար:Country data USA ԱՄՆ | 8 133,5 | 76,3 % |
2 | Գերմանիա | 3 391,3 | 73,5 % |
3 | Արժոյթի միջազգային հիմնադրամ | 2 814,0 | - |
4 | Իտալիա | 2 451,8 | 72,8 % |
5 | Չինաստան | 1 054,1 | 11,7 % |
6 | Կաղապար:Country data Ճապոնիա Ճապոնիա | 765,2 | 3,3 % |
7 | Կաղապար:Country data Նիդեռլանդներ Նիդեռլանդներ | 612,5 | 60,6 % |
Հետքարքիր Փաստեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Իրականութեան մէջ, ոսկին շատ դժուար յայտնաբերած են, որովհետեւ անիկա հազուագիւտ մետաղ է։ Աշխարհի մէջ մէկ ժամուան ընթացքին, աւելի շատ պողպատ կը ձուլեն, քան մարդկութեան պատմութեան ամբողջ ընթացքին ձուլուած ոսկին է։
- 2011 թուականին, ոսկիի համաշխարհային արդիւնաբերութիւնը կազմած է 2.8 հազար թոն։ Ոսկիի ամէնաշատ պաշարը յայտնաբերուած է Չինաստանի, Աւստրալիոյ եւ ԱՄՆ-ի մէջ։
- Մարդկութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին արդիւնաբերուած է 150-200 հազար թոն ոսկի։ Ոսկիի ամէնամեծ պաշարները կը գտնուին մոլորակի միջուկին մէջ։ Ըստ գիտնականներու՝ այնտեղ 5 անգամ աւելի ոսկի կայ, քան բոլոր յայտնի եւ մարդկութեան հասանելի հանքերուն մէջ։ Եթէ այդ ոսկիով հնարաւոր ըլլար ծածկել երկրի մակերեսը, ապա շերտի հաստութիւնը կը կազմէր 0.5 մեթր։
- Ոսկին էլաստիկ, բայց ծանր մետաղ է։ 1 կրամ կշռող ոսկիի կտորէն, հնարաւոր է 3 քմ. երկարութեամբ լար հատել, սակայն 37 սմ. կողմ ունեցող ոսկիի մէկ խորանարդը կը կշռէ 1 թոն։
- Ոսկիի ամէնամեծ բնակտորը յայտնաբերուած է Աւստրալիոյ մէջ, 1872 թուականին, 25х63 սմ. չափերով ամբողջական գունդ, որ կը կշռէր 70 քկ.։
- Ոսկիի ամէնափոքր մասնիկներ կան իւրաքանչիւր մարդու օրկանիզմին մէջ, որ կ'աշխատի ոսկիի հետ կամ կը պահէ զայն։ Եթէ այրեն այն կտորը, որուն մէջ կը պահուի ոսկին, ապա մոխիրի մէջ կարելի է թանկարժէք մետաղի փոքրիկ մասնիկներ յայտնաբերել։
- Ոսկին չ'ենթարկուիր քիմիական փոխազդեցութեան։ Զայն ձուլել կարելի է միայն կոնցենտրացուած թթուներու, աղաթթուի եւ ազոտաթթուի խառնուրդին մէջ։
- Մաքուր ոսկին ունի 999 յարգ։ Որովհետեւ ոսկին շատ փափուկ է, ատոր վրայ կարելի է փորագրել եղունգով, աւելցնել պղինձ կամ արծաթ։ Մաքուր ոսկիի քանակը խառնուրդին մէջ՝ կ'որոշէ յարգը։ 585 յարգի խառնուրդի 1 կրամին կը հասնի 0.585 մկ. ոսկի։
- Այսօր համաշխարհային դրամատնային պահեստները կը գնահատուին 32 հազար թոն ոսկիով։ Եթէ այդ ամբողջ ոսկին ձուլեն, ապա կը ստացուի 12 սմ. կողմով խորանարդ ոսկի։ Ոսկիի ամէնամեծ հանքատէրերն են ԱՄՆ (8,1 հազար թոն), Գերմանիան (3.4 հազար թոն), Միջազգային արժութային հիմնադրամը (2.8 հազար թոն)։
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրկանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Борисов С․ М․, Золото в экономике современного капитализма, М-, 1968․
- Брук Лармер, Цена Золота։ National Geographic Россия, Февраль 2009, с. 85-105.
- Определение в компонентах водных экосистем золота и других элементов методом нейтронноактивационного анализа // Вода։ технология и экология. 2009. № 2. с. 62 — 68.
Արտաքին Յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ոսկին Քիմիական տարրերու յայտնի գրադարանին մէջ Archived 2007-05-12 at the Wayback Machine. (ռուս.)
- Ոսկի (ռուս.)
- «Ոսկի» յօդուածը ֆինանսական հանրագիտարանին մէջ 1927 թ. (ռուս.)
- Из доклада невозвращенца П. Янишевского об операциях Госбанка СССР с золотом (Газета «Возрождение» от 9.01.1933 г.) (ռուս.)
- Экономика золота и золотодобывающая промышленность СССР в материалах аналитики ЦРУ США (ռուս.)
- Динамика цена на золото в рублях за грамм (ռուս.)
- Chemistry in its element podcast (MP3) from the Royal Society of Chemistry's Chemistry World։ Gold www.rsc.org
- Gold at The Periodic Table of Videos (University of Nottingham)
- Getting Gold 1898 book, www.lateralscience.co.uk
- Picture in the Element collection from Heinrich Pniok Archived 2012-10-29 at the Wayback Machine., www.pniok.de
- The Art of Precolumbian Gold: The Jan Mitchell Collection, an exhibition catalog from The Metropolitan Museum of Art (fully available online as PDF)
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ լաթիշ․՝ Latviešu literārās valodas vārdnīca. [1]
- ↑ Некрасов Б. В. Основы общей химии. — 3-е изд., испр. и доп. — М.: Химия, 1973. — 688 с.
- ↑ Справочник химика. — 2-е изд., пер. и доп. — М. Л.: Химия, 1966. — Т. 1. — 1072 с.
- ↑ Неорганическая химия: в 3 т./Под ред. Ю. Д. Третьякова. Т. 3: Химия переходных металлов. Кн. 2. М.: Изд. центр «Академия», 2007, 400 с.
- ↑ Алмазова О. Л., Дубоносов Л. А. Золото и валюта: прошлое и настоящее. — М.: Финансы и статистика, 1988, с. 50.
- ↑ Вернее, объявлялась стоимость банкнот в граммах золота, так как золото и было международной валютой