Jump to content

Պրազիլի Հայերը

Պրազիլի Հայերը (փորթուկալերէն՝ Armênio-brasileiro), մեծ հայկական համայնք Պրազիլի մէջ։

Պրազիլիոյ հայերը հաստատուած են Ժթ. դարու Բ. կիսուն։ 1895-ին, Պրազիլիոյ մէջ բնակած է շուրջ 100 հայ։ 1920-ական թուականներուն, Պրազիլ գաղթած են հայերու աւելի ստուար խումբեր, որոնք բնակութիւն հասատատած են գլխաւորաբար Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ։

Ստեղծուած են հասարակական-քաղաքական եւ մշակութային կազմակերպութիւններ, եկեղեցական եւ կրթական հաստատութիւններ, հայրենակցական, երիտասարդական եւ տիկնանց միութիւններ։ 1927-ին, հիմնուած է համայնքին ազգային կեանքը կազմակերպող մարմինը՝ Հայ գաղութային միութիւնը, 1928-ին՝ առաջին դպրոցը, 1935-ին՝ հայկական առաջին եկեղեցին։

Համայնքին պատմութեան երկրորդ փուլը կ'ընդգրկէ 1950-1960-ական թուականները, երբ հայերը Պրազիլ կը տեղափոխուին Թուրքիայէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն, Եգիպտոսէն, Ֆրանսայէն եւ այլ երկիրներէ։

Երրորդ փուլը, որ կ'ընդգրկէ 1960-ական թուականներէն մինչեւ մեր օրերը ինկած ժամանակահատուածը։ Երկրի բնակչութեան աճին եւ տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառով, պետութիւնը սահմանափակած է արտասահմանցի քաղաքացիներուն ներգաղթը։

2009-ի տուեալներով՝ Պրազիլիոյ մէջ կը բնակի շուրջ 40 հազար հայ, որոնք հիմնականին մէջ (շուրջ 20 հազար) կեդրոնացած են Սան Փաուլոյի եւ շրջակայ քաղաքներուն մէջ (Օզասկու, Պրեզիտենթէ ԱլտինօՌիօ Տը Ժաներոյի մէջ, կ'ապրի շուրջ 2000 հայ, իսկ Պրազիլիոյ հիւսիս արեւելեան Սեարա նահանգին մայրաքաղաք՝ Ֆորտալեզայի մէջ՝ շուրջ 500 հայ։ Փոքրաթիւ հայեր կ'ապրին նաեւ Սան Փաուլօ նահանգի Սան Ժոզէ տը Ռիօ Փրետօ, Քամպինաս, Մարիլիա, Լինս, Ժաու, Սանտոս գաւառներուն եւ քաղաքներուն մէջ, Մատօ Կրոսօ նահանգին մէջ, Պարանայի մայրաքաղաք Կուրիտիբայի մէջ, Սանթա Քաթարինա նահանգին եւ Փորթօ Ալեկրէյի մէջ։ Պրազիլահայ համայնքը կը ղեկավարուի իր կանոնադրութեամբ, համայնքին ազգային-հոգեւոր կեանքը՝ կը կազմակերպեն եկեղեցական, կուսակցական, հայրենակցական, բարեգործական, մշակութային, կրթական եւ մարզական կազմակերպութիւնները։

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ թեմը կը գործէ 1983-էն ի վեր, առաջնորդանիստը՝ Սան Փաուլոյի Ս. Գէորգ եկեղեցին է։ Կը գործեն Հայ Աւետարանական եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներ, Օզասկուի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին, «Դուրեան» ազգային ամէնօրեայ վարժարանը, հայկական ծերանոց, «Արարատ» հիւանդանոցը եւ «Վահագն Մինասեանի» անուան երգչախումբը։ Կը հրատարակուին հայկական «Սիփան» եռամսեայ պարբերականը եւ համայնքային կազմակերպութիւններու տեղեկատուները։ Կը գործէ «Արմենիա Վիվա» հայկական ռատիօժամը։

1964-ին Սան Փաուլոյի համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքին մէջ, հիմնուած է հայկական ուսումնասիրութիւններու ամպիոն (հիմնադիր՝ փրոֆեսոր Եսայի Գռուզեան)։

Սան Փաուլօ նահանգի պատգամաւորներուն պալատը աւելի քան 15 տարի առաջ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ 24 Ապրիլը հռչակած՝ իբրեւ «Յարգանքի օր 1915-ի Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին»։ 2003-ին, Սան Փաուլոյի մէջ, նահանգային պատգամաւորներու պալատի մուտքին յարակից տարածքին մէջ, կանգնած է հայ-պրազիլական բարեկամութիւնը խորհրդանշող խաչքար մը։ 2007-ին, Օզասքօ քաղաքի գլխաւոր հրապարակներէն մէկուն մէջ, կանգնած է Օզասքօ եւ Գիւմրի քոյր քաղաքները խորհրդանշող խաչքար մը։

Ռիօ Տը Ժաներօ քաղաքի Աւագանիի անդամ (2004), այնուհետեւ փոխնախագահ (2008) Ստեփան Ներսիսեանի նախաձեռնութեամբ Ռիօ Տը Ժաներոյի մէջ՝ 24 Ապրիլը հռչակուած է իբրեւ «Եղեռնի յիշատակին հայ ժողովուրդին յարգանքի տուրքի եւ զօրակցութեան օր»։

Համայնքը իր մասնակցութիւնը բերած է համազգային ձեռնարկներու, օգնած՝ գաղթականներուն ու որբերուն, օժանդակած՝ 1946-1947 թուականներու հայրենադարձութեան եւ 1988Սպիտակի երկրաշարժէն ետք, զգալի օգնութիւն տրամադրած՝ աղէտի գօտիին։

Սան Փաուլոյի քաղաքային հրապարակներէն մէկը կը կրէ «Արմենիա» անունը։ 1966-ին, «Արմենիա» հրապարակին մէջ, տեղի հայ համայնքի հովանաւորութեամբ տեղադրուած է Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող մը։ 1995-էն «Արմենիա» անունը կը կրէ նաեւ՝ Սան Փաուլոյի մեթրոյի կայարաններէն մէկը, որուն գլխաւոր երկու մուտքերուն մօտ տեղադրուած են խաչքար-յուշարձաններ՝ հետեւեալ արձանագրութեամբ. «Այս կայարանը կը վերակոչուի «Արմենիա»` ի պատիւ ժողովուրդի մը, որ այս երկիրը եկաւ` վերապրելով դարուս առաջին Ցեղասպանութիւնը, իր ջանասիրութեամբ, տաղանդով ու ապրելու կամքով եղաւ Պրազիլիոյ գիտակից քաղաքացին եւ նպաստեց այս երկրի մշակոյթին, ճարտարարուեստին ու բարօրութեան»։ Սան Փաուլոյի մէջ, կայ նաեւ՝ «Արմենիա» անունով կամուրջ մը, պարտէզ մը, տեղացի մեծահարուստ Լէոն Աբովեանի, «Քսաճիքեան» եւ «Հայ նահատակներու» անուններով փողոցներ։

Յայտնի Պրազիլահայեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պրազիլիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Պրազիլիոյ Դաշնային Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 17 Փետրուար 1992-ին։ Մարտ 1998-էն Սան Փաուլոյի մէջ, կը գործէ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը։ Պրազիլիոյ դեսպանութիւնը Հայաստանի մէջ, կը գործէ Օգոստոս 2006-էն։ 2011-ին, ԲԴՀ մայրաքաղաք Պրազիլիոյ մէջ, հիմնուած է ՀՀ դեսպանութիւնը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։