Որոտնավանք
Որոտնավանք, Աղուանքի փառաբանուած իշխան Սեւադայի դուստրը՝ Սիւնեաց թագաւոր Սմբատին կինը՝ Շահանդուխտ թագուհին 1000 թուականին կը կառուցէ Վաղատին գիւղին մէջ գտնուող Որոտնավանքը։
Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ըստ պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեանի՝ Որոտնավանքին հնագոյն՝ Ս.Գրիգոր միանաւ եկեղեցին (աւերուած է սելճուքներու յարձակումներէն ու երկրաշարժներէն), հիմնադրած է Գրիգոր Լուսաւորիչը, վերակառուցած՝ հայր Ստեփանոս ճգնաւորը։ Եկեղեցին միջնադարուն յայտնի եղած է օձի խայթոցը բուժելու իր զօրութեամբ եւ դարձած նշանաւոր ուխտատեղի։
Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մօտ՝ անոր հիւսիս-արեւելեան կողմը, 1000 թուականին կառուցուած է թաղածածկ, հիւսիսային պատին կից երկու աւանդատունով, հարաւէն սիւնէ սրահով Ս. Ստեփանոս Նախավկայ եկեղեցին, անոր գաւիթը, տնտեսական շինութիւնները եւ հիմնուած է մեծաթիւ միաբանութեամբ վանք մը։ Շահանդուխտին կրտսեր որդին, Սիւնեաց Վասակ թագաւորին եղբայր՝ իշխան Սեւադան, Որոտնավանքին արեւելեան կողմը 1006 թուականին կառուցած է Ս. Կարապետ եկեղեցին եւ անոր կցուած (արեւմուտքէն) կամարակապ գաւիթ-սրահը։
Որոտնավանքը մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը գործօն էր։ Այժմ վանքը կը նորոգուի։