Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Թանգարան Հիմնադրամ

Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Թանգարան Հիմնադրամ
Տեսակ Թանգարան
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Երեւան
Վայր Երեւան
Հասցէ via Mher Mkrtchyan, 12/1
Հիմնադրուած է 1946
40°10′33″N 44°30′52″E / 40.17583°N 44.51439°E / 40.17583; 44.51439
Կայքէջ arfd.info/hy/?p=569
Քարտէս
Քարտէս

Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան թանգարան հիմնադրամ, կազմակերպման առաջին քայլերը կատարուած են 1915Օգոստոսին Ժընեւի մէջ` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի որոշմամբ (հիմնադիր տնօրէն` Արտաշէս Վանարեան (Հացագործեան) 1890-1930)։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1930-ականներու սկիզբը թանգարանը Ժընեւէն տեղափոխուած է Փարիզ, ուր գործած է մինչեւ 2006, այնուհետեւ փոխադրուած է Երեւան, եւ 7 Յուլիս 2007-ին բացուած է թանգարանի առաջին ցուցասրահը, որու ցուցադրութիւնը նուիրուած էր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պատմութեան։

Ցուցադրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՀՅԴ պատմութեան թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին կուսակցութեան գործունէութեան վերաբերեալ փաստաթուղթեր, իւրօրինակ ազգային ու պատմական արժէքներ։ Թանգարանի ցուցադրութիւնը բաղկացած է երկու սրահներէ, ուր ներկայացուած են Հայաստանի առաջին հանրապետութեան պատմութիւնը լուսաբանող վաւերագրեր։ Ցուցանմուշներու շարքին են Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ականաւոր գործիչներ Ալեքսանդր Խատիսեանի, Համազասպ Օհանջանեանի, Սիմոն Վրացեանի, Արամ Մանուկեանի, Յովհաննէս Քաջազնունիի, Անդրանիկ Օզանեանի եւ այլոց անձնական իրերը, փաստաթուղթերը, լուսանկարները։

Հասցէ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնի՝ Մհեր Մկրտչեան փողոցի 12/1 հասցէով։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]