Jump to content

Գուրգէն Մահարի

Գուրգէն Մահարի
Ծննդեան անուն հայ.՝ Գուրգէն Աճէմեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Գուրգէն Մահարի
Ծնած է 1 Օգոստոս 1903(1903-08-01)
Ծննդավայր Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 17 Յունիս 1969(1969-06-17) (65 տարեկանին)
Մահուան վայր Պալանգա, Լիտվական ԽՍՀ, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան Բաժանմունք
Երկեր/Գլխաւոր գործ Ծաղկած փշալարեր?
Տեսակ վէպ եւ պատմուածք
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, գրագէտ, գրականագէտ, արձակագիր, հրապարակախօս, վիպասան
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն
Ամուսին Անտոնինա Մահարի

Գուրգէն Մահարի (աւազանի անունով՝ Գուրգէն Աճէմեան․ 1 Օգոստոս 1903(1903-08-01), Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 17 Յունիս 1969(1969-06-17), Պալանգա, Լիտվական ԽՍՀ, Խորհրդային Միութիւն), բանաստեղծ եւ արձակագիր։[1]

Ծնած է Վան։ Մանկութեան եւ պատանութեան տարիները կ՛անցընէ ծննդավայրը, ուր կը ստանայ նախնական կրթութիւնը Երամեան վարժարանին մէջ եւ հազիւ աւարտած՝ կը ճաշակէ Ա․ Համաշխարհային պատերազմի դառնութիւնները։ Կանուխէն հայրը կը կորսնցնէ։ Ցեղասպանութեան ժամանակ, «կ՛ապրի» Վանի ինքնապաշտպանական կռիւները ու ռուսական բանակին նահանջով կը հետեւի գաղթին՝ դէպի Երեւան։ Գաղթի ճամբուն, մեծ մայրը կը մահանայ եւ կը կորսնցնէ մայրն ու հարազատները։ Կը պատսպարուի Թիֆլիսի, Ալեքսանդրուպոլսոյ (այժմ՝ Կիւմրի) եւ Երեւանի որբանոցներուն մէջ։

Կը վերագտնէ մայրն ու հարազատները։

1918 թուականին, առաջին բանաստեղծութիւնները լոյս կը տեսնեն Երեւանի «Վան-Տոսպ»[2][3] եւ «Աշխատանք» թերթերուն մէջ։

Կ՛աւարտէ Երեւանի համալսարանի լեզուագրական բաժինը։

1922 թուականին կը հրատարակուի իր բանաստեղծութիւններուն առաջին հատորը՝ «Արտամետեան գիշերներ» խորագրով, իսկ 1932-ին, «Մրգա­հաս» խո­րագ­րով բա­նաս­տեղ­ծու­թիւններուն երկ­րորդ հա­տո­րը կը ձօնէ Եղիշէ Չարենցին։

Կ՛անդամակցի Հայաստանի Պրոլետարական Գրողներու Ընկերակցութեան մէջ։

1936 թուականին Մահարին ալ կ՛ենթարկուի Խորհրդային կարգերու հա­մա­տա­րած հա­լա­ծան­քին ու բռնա­դա­տու­թեանց։ Մա­հա­պա­տիժ չ'ստա­նար, բայց Սիպիր աք­սո­րի կը դա­տա­պար­տուի մին­չեւ Սթա­լի­նի մա­հը։ Աք­սո­րի ընթացքին կ՛ա­մուս­նանայ լիթ­վա­ցի Ան­տո­նի­նա­յի հետ[1]։

1953-ին աք­սո­րէն Երեւան կը վե­րա­դառնայ․ առողջութիւնը քայքայուած է։ Մայրը արդէն մահացած է։ Սակայն կը վերսկսկի ստեղծագործել։ Կը հրատարակէ «­Ծաղ­կած փշա­լա­րեր» վի­պա­կը, որ կը թարգմանուի ռու­սե­րէնի, ֆրան­սե­րէնի եւ անգ­լե­րէնի․ կը վերաբերի աքսորի տարիներուն։

Կը մահանայ 1969 թուականի Յունիս 17-ին, Լիթուա կամ Լիթուանիա ու կը թաղուի Երեւան։

Բանաստեղծական ժողովածուներ

  • «Մրգահաս»
  • «Ծովի երգեր»
  • «Հնձաններ»[4]
  • «Ան­դունդն ի վեր»
  • «Ա­նանձ­նա­կան»
  • «­Պոեմ­ներ»

Արձակագրութիւններ (ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան գոր­ծե­ր)

  • «Մանկութիւն»
  • «Պատանեկութիւն»
  • «Երիտասարդութեան Սեմին»
  • «Այրուող Այգեստաններ»

Վիպակ

«­Ծաղ­կած փշա­լա­րեր»

Հայ Հանրագիտակ (Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան,Պիւքրէշ, 1938)

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 https://azator.gr/?p=10834 Ազատ Օր օրաթերթ, թիւ 10834, 1 Օգոստոս 2018, Ն․
  2. Վան-Տոսպ 1918 թիւ 3, էջ 6
  3. Վան-Տոսպ, 1918, թիւ 10 էջ 8,
  4. «Արդի հայ գրականութիւն Գ․ հատոր»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-10-22-ին։ արտագրուած է՝ 2019-10-11 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]