Jump to content

Հառիճի վանք

Հառիճավանքը 1872 թուականին, լուսանկարի հեղինակ՝ Պերճ Պռօշեան

Հառիճավանք (նախապէս նաեւ՝ Ղփչաղավանք), միջնադարեան եկեղեցական համալիր Հայաստանի մէջ։ Այն հնագոյն միջնադարեան հայկական վանքերէն է։ Ամենահին շինութիւնը՝ 7-րդ դարուն կառուցուած Ս. Գրիգոր եկեղեցին է։ Անոր կից կան 13-րդ դարուն կառուցուած երկյարկանի աղօթարաններ։ Վանքի գլխաւոր եկեղեցին կառուցուած է Զաքարէ եւ Իւանէ եղբայրներու հրամանով 1201-ին, այն խաչաձեւ գմբէթաւոր մեծաչափ կառոյց է։

Այս յուշարձանը միջնադարեան ճարտարապետութեան գոհարներէն է՝ պարուրուած նուրբ զարդաքանդակներով։ Շինութիւնը վեհաշուք է իր պարզութեամբ, կառուցման կատարելութեամբ։ Վանքը եղած է նաեւ գիտութեան կեդրոն։ Այնտեղ գործող յայտնի դպրոցին մէջ 1887-1889-ներուն սորված է Աւետիք Իսահակեանը։

Հառիճի վանքէն ներս կը դաստիարակուին եւ կը կրթուին ապագայ հոգեւորականներ։ Ներկայիս բացի Հառիճէն հոգեւորականներու դպրոց կան Վաղարշապատի եւ Սեւանավանքի մէջ։

Հառիճի վանք

Աւանդապատումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սելճուկներու արշաւանքի ժամանակ եկեղեցին բազմաթիւ մարդիկ մտած եւ անհետ կորած են։ Սելճուկները այդ հրաշքը կը բացատրէին, որ մարդիկ հոգու զօրութեամբ եկեղեցիէն ներս վերածուած են աղաւնիներու եւ թռած գացած։ Սակայն եկեղեցւոյ մէջ կար գաղտնարան մը, որով հայ փախստականները կրցածլ են իջնել ձորի յատակ։

Եկեղեցի մտնելով սելճուկները մարդ չգտնելով կատղած են եւ որոշած են եկեղեցին հողին հաւասարեցնել։ Անոնք ձիերու օգնութեամբ քաշեր պոկած են զանգակատունը իր վրայ պահող 4 սիւները, սակայն եկեղեցին չի փլած։ Նման հրաշքէն վախնալով սելճուկները այլեւս չեն փորձած քանդել կառոյցը։

Աւանդութիւններէա մէկու համաձայն իշխանական օրիորդներէն մէկը սելճուկներէն փախչելով պատսպարուած է ժայռի վրայ կառուցած մատրան մէջ եւ երբ սելճուկները փորձած են տիրանալ օրիորդին, ժայռը երկու մասի բաժանուած է եւ նման հրաշքէն վախցած սելճուկները մէկ կողմ քաշուած են եւ օրիորդը փրկուած է։

Ճարտարապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Երկրորդ յարկ տանող աստիճաններ

Հնագոյն շինութիւնը 7-րդ դարուն կառուցուած Ս. Գրիգոր մաստարայատիպ եկեղեցին է, որուն հարաւէն կից են 13-րդ դարու երկյարկ աղօթարաններ։

Վանքի գլխաւոր եկեղեցին, որ կառուցուած է 1201-ին Զաքարէ եւ Իւանէ Երկայնաբազուկներու հրամանով, խաչաձեւ–գմբէթաւոր մեծաչափ կառոյց է՝ 12–13-րդ դարերու հայկական ճարտարապետութեան բնորոշ վերձիգ համամասնութիւններով։ Տաճարի անկիւնները կը զբաղեցնեն երկյարկանի նեղ խորաններ։ Հիւսիս–արեւմուտքի եւ հարաւ–արեւմուտքի երկրորդ յարկի խորանները, դէպի ուր կը տանին քարէ բարձակային աստիճանները, աղօթասրահին կը նային սիւնակամարակազմ բացուածքներով, որոնք կու տան պալատային տեսք։

Հառիճավանքի յատակագիծը

Յետաքրքիր է լուծուած յատկապէս արեւելեան ճակատը, բարդ բեկուածքաւոր գօտիով կազմուած խոշոր պատկեր մը՝ վերի մասը խաչ. դէպի ցած գօտին կրկնակուելով կը կազմէ ուղղանկիւն շրջանակ, որու մէջ տեղաւորուած է Զաքարէ եւ Իւանէ Երկայնաբազուկներու տպաւորիչ բարձրաքանդակը։ Այնուհետեւ, գօտիները, պսակելով «հայկական խորշերը» ու կողային խորաններու նեղ լուսամուտները, կ՛անցնին հարաւային եւ հիւսիսային ճակատները, ուր վերի մասին մէջ դարձեալ կը կազմեն խաչ, իսկ աւելի ցած՝ կը պսակեն նեղ լուսամուտները։ Այս մեծ ելուստով, լայն գօտին շարժուն, ցայտուն ու խստականոն կերպով կը մասնատի ճակատներու հարթութիւնը՝ ստեղծելով խոր լուսաստուեր եւ այլ քանդակազարդերու հետ անոնց հաղորդում ճկունութիւն։

Ամբողջ կառոյցին կ՛իշխէ գմբէթի բարձրադիր, բազմանիստ թմբուկը, որ մասնատուած է փունջ կազմող նուրբ որմնասիւներով եւ երիզուած զիգզագաձեւ քիվով։ Թմբուկի նիստերը զարդարուած են մէկը միւսին չկրկնող գոգաւոր, սկուտեղանման զարդաքանդակ–վարդեակներով։ Կառոյցի խաչմերուկը ուշագրաւ է իր նրբագեղ փորագրութեամբ բեմեզերքով։

Եկեղեցին արեւմուտքէն, որոշ չափով ասիմէտրիկ, տեղադրուած է 13-րդ դարու քառասիւն գաւիթը, որ եկեղեցին մասշտաբով չհակադրելու համար կառուցուած է համեմատաբար աւելի ցած համամասնութիւններով։ Գաւիթի կեդրոնական մասը ծածկուած է շթաքարէ երթիքաւոր վրանանման գմբէթով։ Մնացած մասերը ծածկուած են հայելային թաղերով, որոնք շարուած են աստղաձեւ եւ այլ տիպի քարերով։ Հարուստ է շքամուտքի յարդարանքը, խոր ներառնուած սլաքային կամարի մէջ, շարուած է աստղաձեւ քարերէ եւ կատարելապէս կատարուած երկրաչափական ու բուսական ձեւերու փորագրութեամբ մանր վեցանկիւնիներէ։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]