Jump to content

Դրօշակ (թերթ)

Դրօշակ
Դրօշակ եւ Droschak
Տեսակ թերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է Մայիս 1891[1]
Հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեան
Հրատարակիչ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Երկիր  Հայաստան
Կայք droshak.am

«Դրօշակ» պաշտօնաթերթն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Սկսած է հրատարակուիլ 1890-ին, Թիֆլիսի մէջ, նոյնինքն կուսակցութեան հիմնադիր Քրիստափորի խմբագրութեամբ: Ցարական իշխանութեանց կողմէ հալածանքի պայմաններուն մէջ, Թիֆլիսի մէջ պարբերաբար քանի մը համարներու անկանոն հրատարակութենէն ետք, Քրիստափոր թերթը տեղափոխած է նախ Պալքաններ, ապա՝ վերջնականապէս Ժընեւ, ուր անխափան եւ կանոնաւոր պարբերականութեամբ (երկամսեայ, նաեւ՝ ամսական, երկշաբաթեայ) հրատարակուած է 1892-էն մինչեւ 1914:

Սկզբնական տարիներուն «Դրօշակ»ի խմբագրական պատասխանատուութիւնը ստանձնած են յաջորդաբար Քրիստափոր, Ռոստոմ, Յոնան Դաւթեան եւ հիմնադիր սերունդի այլ ծանօթ դէմքեր: Արեւմտահայաստանի տարբեր շրջաններէն եւ Կովկասէն ստացուած ու Հ.Յ.Դ. յեղափոխական գործունէութեան վերաբերեալ թղթակցութեանց կողքին, «Դրօշակ» կեդրոնական բեմը դարձած է Դաշնակցութեան աշխարհայեացքն ու ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը զարգացնող նիւթերու:

1897-էն սկսեալ Միքայէլ Վարանդեան վարած է թերթին խմբագրութիւնը մինչեւ «Դրօշակ»ի հրատարակութեան առաջին այս հանգրուանին աւարտը 1914-ին, երբ Ա. Համաշխարհային պատերազմին հետեւանքով դադրած է թերթին հրատարակութիւնը:

«Դրօշակ»ի վերահրատարակութիւնը սկսած է 1925-ին, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ պատմական տարողութեամբ մեծ իրադարձութիւններէ՝ Եղեռնէն, Հայաստանի անկախացումէն ու խորհրդայնացումէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան տարագրութենէն ետք: Հրատարակուած է Փարիզի մէջ, խմբագրութեամբ Սիմոն Վրացեանի եւ խմբագրական օժանդակութեամբ Շաւարշ Միսաքեանի ու Վազգէն Շուշանեանի:

Մինչեւ 1933 շարունակուած, ապա ընդհատուած իր կանոնաւոր պարբերականութեամբ հրատարակութեան այս երկրորդ շրջանին, «Դրօշակ» կեդրոնական բեմը եղած է Հանրապետութեան տարագիր սերունդին եւ լոյս ընծայած է Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին տասնամեակին վերաբերեալ քաղաքական, գաղափարախօսական եւ ազգային-վերլուծական յօդուածներ, Երկիրէն թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ ընկերվարութեան եւ համայնավարութեան միջեւ ծաւալած գաղափարական պայքարին առընչուող նիւթեր:

Այնուհետեւ, աւելի քան 35 տարուան ընդհատումէ մը ետք, Դեկտեմբեր 1969-ին վերսկսած է «Դրօշակ»ի հրատարկութիւնը Լիբանանի մէջ՝ այս անգամ արդէն իբրեւ շաբաթաթերթ: Տոքթ. Բաբգէն Փափազեան եղած է վարիչ խմբագիրը, իսկ Սարգիս Զէյթլեան՝ խմբագիրը:

1978-էն մինչեւ 1985-ի Մարտի իր առեւանգումը, խմբագրութեան պատասխանատուութիւնը վարած է Սարգիս Զէյթլեան: Այս շրջանին Հ.Յ.Դ. Պաշտօնաթերթը ունեցած է զուտ ազգային-քաղաքական եւ գաղափարախօսական-տեսական շաբաթաթերթի նկարագիր:

1986-էն մինչեւ 1996, «Դրօշակ»ի հրատարակութիւնը տեղափոխուած է Աթէնք, Յունաստան՝ վերածուելով երկշաբաթաթերթի:

Յուլիս 1996-ին, թերթի խմբագրութիւնը վերադարձած է Լիբանան, բայց տպագրութիւնը շարունակուած է Աթէնքի մէջ։

1999-ին, պաշտօնական գրանցում ստանալով, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնն ու հրատարակութիւնը փոխադրուած են Երեւան: 25 Փետրուար 1999-ին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պաշտօնաթերթը՝ «Դրօշակ» ունեցաւ իր հայրենական ծնունդը: Երկշաբաթեայ պարբերականութեամբ Աթէնք հրատարակուող «Դրօշակ»ը, իր 1999-ի 3-րդ թիւէն (12-25 փետրուար 1999-ի թուակիր) սկսեալ, լոյս կը տեսնէ Երեւանի մէջ («Այբ Գրաֆիկ» տպարանէն, Տէրեան 72): Այսպիսով իր հրատարակութեան 109-ամեայ պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, «Դրօշակ» լոյս կը տեսնէ հայրենիքի մէջ:

Ներկայիս «Դրօշակ» ընթերցողին կը ներկայանայ տպագիր եւ ելեկտրոնային տարբերակներով: Տպագիր` եռամսեայ պարբերականութեամբ, իբրեւ տեսական-գաղափարական հանդէս: Ելեկտրոնային` շաբաթական հրապարակումներով, հայ իրականութիւնը յուզող հարցերու վերաբերեալ առաջնորդող յօդուածներով: Խմբագիրն է Նազարէթ Պէրպէրեան, իսկ օգնական խմբագիրը՝ Սամուէլ Էվոյեան:

Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթը կը հրատարակուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պաշտօնապէս գրանցուած թերթի կարգավիճակով՝ թէ՛ շարունակելով դէպի տարբեր գաղութներ իր առաքումները, թէ՛ հասանելի դառնալով հայրենի ընթերցողներու լայն բազմութեան:

Իր հրատարակութեան տարբեր շրջաններուն «Դրօշակ» ունեցած է նաեւ օտարալեզու (ֆրանսերէն, անգլերէն եւ այլ լեզուներով) յաւելուածներ, ինչպէս նաեւ՝ իր անունով մատենաշար[2][3][4]:

ժամանակի ընթացքին Հ. Յ. Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան, նպատակներուն եւ իրագործումներուն բեմը կը դառնայ «Դրօշակ»ը՝ դրսեւորելու դաշնակցական նկարագիրը: Բարոյական ըմբռնումներուն, յեղափոխական արարքներուն, քաղաքական մտածողութեան հայելին՝ «Դրօշակ» տասնամեակներ շարունակ իրերայաջորդ սերունդներու դաստիարակութեան աղբիւր կը հանդիսանայ[5]: Հոն ներառուած են՝ գաղափարական, քաղաքական, յեղափոխական, մարտական, ռազմական, կուսակցական, ընկերային եւ այլ նիւթեր, որոնք կը հետաքրքրեն իւրաքանչիւր դաշնակցական համեստ շարքայինէն սկսած մինչեւ պատասխանատու մարմիններ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]