Վանայ Իշխան
Վանայ Իշխան Նիկոլ Միքայէլեան | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | Նիկողայոս Պօղոսեան |
Ծնած է | 1883 կամ 1879 |
Ծննդավայր | Շուշի, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 17 Ապրիլ 1915 կամ 1915 |
Մահուան վայր |
Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն Հիրճ, Ոստան, Վան, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Կրօնք | Հայ Առաքելական Եկեղեցի |
Մասնագիտութիւն | Յեղափոխական, հանրային գործիչ, ֆետայի |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Իշխան (Նիկողայոս, Նիկոլ Պօղոսեան) (1883 կամ 1879, Շուշի, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 17 Ապրիլ 1915 կամ 1915, Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Հիրճ, Ոստան, Վան, Թուրքիա): Հայ յեղափոխական գործիչ, քաղաքական ժողովի անդամ:
Կեանքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Արցախի միջնաբերդ Շուշիի մէջ 1883-ին՝ Նիկոլ Միքայէլեան աւազանի անունով։ Յաճախած է Շուշիի թեմական դպրոցը։ Պատանի տարիքէն դրսեւորած էր քաջ, անվեհեր եւ ըմբոստ իր նկարագիրը։ Իր ըմբոստութեան հետեւանքով՝ վտարուած էր Շուշիի Թեմականէն, բայց ուսումնատենչ եւ ընդունակ ըլլալով՝ Իշխան իր ուսումը շարունակած էր Երեւանի Թեմական վարժարանին մէջ[2]։ Աշակերտական տարիներուն, Շուշիի մէջ, ծանօթացած է Արամ Մանուկեանի՝ մասնակցելով Արամի կազմած աշակերտական ինքնազարգացման ու յեղափոխական խումբերուն։ Այդ ճամբով նաեւ կանուխ տարիքէն անդամագրուած է Դաշնակցութեան։ Շուտով նուիրուած է յեղափոխական գործունէութեան. նախ աշխատակցած է Քրիստափոր Միքայէլեանի հիմնած Շուշիի Դաշնակցական կոմիտէին մէջ։ Ապա, 1905-ին անցած՝ Վան, ուր գործած է իբրեւ զինուորական ղեկավար Վանի՝ Թիմար, Հայոց Ձոր, Գաւաշ, Շատախ կեդրոններուն մէջ, ուր զինած է երիտասարդներ եւ կռուած՝ գիւղացիներուն պաշտամունքին առարկան դառնալով։
Անուս գեղջուկ պատանիները դաստիարակելու եռանդէն տարուած, ընկերներու աջակցութեամբ բոլոր այդ շրջաններուն մէջ բանալ կու տայ բազմաթիւ դպրոցներ, ուր կը դասախօսեն Վանի Կեդրոնականէն շրջանաւարտ երիտասարդներ։ Այդ դպրոցներէն յիշատակելի է մանաւանդ Աղթամարի դպրոցը, ուր ընդյատակեայ թերթ կը տպուէր՝ «Արեան Ձայնը»[3]։ Սահմանադրութենէն ետք Իշխան կը գործէ կրկին լեզուով եւ գործով. կ'աշխատի «Աշխատանք» թերթին եւ կը բանախօսէ զանազան հաւաքներու։ Կ'ըլլայ քաղաքական ժողովի անդամ եւ զարկ կու տայ կրթական գործին։
Հազիւ 20 տարեկան, 1903-ին միացած է ռուս-թրքական սահմանը հատող Նեւրուզի զինատար խումբին՝ Սասուն զէնք եւ կռուող ուժ հասցնելու առաքելութեամբ։ Արշաւախումբը իր ճամբուն վրայ ընդհարումներ ունեցած է եւ Իշխան եղած է այն քիչերէն, որ կրցած է փրկուիլ։
1904-ին մուտք գործած է Վասպուրական աշխարհ եւ շատ արագ ընտելացած թէ՛ երկրին, թէ՛ ժողովուրդին։ Մտաւորական ու գաղափարական հիմնաւոր իր պատրաստութեամբ, մարտական ղեկավարի իր ընդունակութեամբ, կազմակերպական իր տաղանդով եւ, մանաւա՛նդ, ժողովրդային լայն խաւերուն հետ հաղորդակցելու՝ ինքնավստահութիւն եւ ապահովութիւն ներշնչելու իր բնատուր շնորհքով, ան արժանաւորապէս դարձաւ Վանայ Իշխանը։
1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումով շեփորուած ազատութեան եւ եղբայրութեան խոստումներուն նկատմամբ Իշխանի վերապահութիւնը, Վանի կուսակալն ու թուրք պաշտօնատարները մղած են Իշխանի «չէզոքացման» դաւադիր ծրագիրներ մշակելու։
1915-ին Շատախ ենթակայ կ'ըլլայ քիւրտ յարձակումի մը, դէ՛պք մը, որ ծանր համեմատութիւններ կ'առնէ։ Կառավարութիւնը հարկ կը տեսնէ քննութիւն մը կատարել. Դաշնակցութեան տեղական մարմինն ալ քննիչ կը նշանակէ, Իշխանէն կը խնդրուի, որ իր հեղինակութիւնն ու վարկը գործածելով՝ երթայ ու տեղւոյն վրայ հաշտեցնէ կողմերը։ Իշխան երեք զինակիցներով, 3 Ապրիլին, կը հասնի Հիրճ գիւղը եւ կ'իջեւանի վաղեմի իր քիւրտ ծանօթին՝ Քեարիմ Օղլի Ռաշիտի տունը։ Դաւադրութիւնը մանրամասնօրէն սադրուած էր. Իշխանն ու իր երեք զինակիցները, տանտիրոջ եւ ոստիկանապետին հետ հազիւ հացի նստած՝ ներս կը խուժեն կուսակալ Ճեւտէթ Պէյի ուղարկած 12 ձիաւոր չէթէները, անմիջապէս կրակ կը բանան եւ տեղն ու տեղը կը սպաննեն հաշտութեան համար եկած Իշխանն ու ընկերները։
Իշխանի նահատակութեան մանրամասնութիւնները եւ Վռամեանի ձերբակալումի լուրը կը ցնցեն Վասպուրականի հայութիւնը: Վանի երիտասարդ գործիչներէն Հմայեակ Մանուկեան, որ մասնակցած էր հերոսամարտին, կը գրէ հետեւեալը.
Անմիջապէս կը ձեռնարկուի ինքնապաշտպանութեան: Ճեւտէթ պէյի բերած կանոնաւոր բանակը, թնդանօթները, քիւրտ աշիրէթները անզօր կը դառնան խորտակելու վասպուրականցիներու դիմադրական կորովը: Ապարդիւն չէր անցած Իշխանի եւ իր ընկերներուն տարիներով տարած աշխատանքը, իսկ վերջին պահուն Իշխանի արիւնը՝ խորհրդանշանը կը դառնայ կռիւի եւ յաղթանակի:
Վանի վերապրող երիտասարդութիւնը, Հայաստանի եւ գաղութներու մէջ, հետագային ցոյց կու տայ իր կրած խոր ազդեցութիւնը մտաւորական ու հայդուկ Իշխանէն:
Յեղափոխական գործիչը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վանայ Իշխան Հայկական Յեղափոխութեան անընկճելիութիւնը խորհրդանշող՝ անպարտելի՛ մարտիկ էր նաեւ թրքական իշխանութեանց աչքին։ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն առաջ թէ ետք, 1904-էն սկսեալ եւ ամբողջ 11 տարի, Արցախի ծնունդ այս դիւցազնը գործած է Վանի մէջ, յատկապէս Վասպուրական աշխարհի գաւառին ու գիւղերուն վրայ կեդրոնացնելով իր յեղափոխական ծաւալուն գործունէութիւնը՝ եկող-գացող թուրք կուսակալներու, ոստիկանապետներու եւ անոնց հետ գործակցող քիւրտ հրոսակներու «աչքի փուշ»ը դառնալով[4]
Վանայ Իշխանին ուղղակի անձնական ձեռակերտը հանդիսացած է Վասպուրականի Հ.Յ.Դ. Լեռնապարի կազմակերպութիւնը, որ իր ղեկավարութեամբ ոչ միայն կրցած է դիմադրել Օսմանեան Սահմանադրութենէն առաջ թէ ետք շրջանի հայութեան սպառնացող վտանգներուն, այլեւ առանցքը դարձած է 1915-ի Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութեան։
Հետեւողական եւ անդուլ անձնուէր աշխատանքի գնով շրջած է բոլոր գիւղերուն մէջ, ինքնազարգացման խումբեր կազմած, զինավարժութիւն սորվեցուցած, «Աշխատանք» թերթը հրատարակած եւ խմբագրած է, բայց մանաւանդ յղացած, ծրագրած ու իրագործած է դէպի Տարօնի աշխարհ «Ծծման եղանակով» զէնք ու կռուող ուժ հասցնելու աշխատանքը։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յուշարձան Ապրիլ տասնմէկ, Թէոդիկ, Կ. Պոլիս, 1919 «Արզուման» հրատարակչութիւն: Archived 2020-07-04 at the Wayback Machine.
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'hui — Maisons-Alfort: 2021. — P. 274. — ISBN 978-2-905686-93-0
- ↑ «Վանայ Իշխան (Նիկոլ Պօղոսեան, Միքայէլեան. 1883-1915). Անվեհեր Դաշնակցական Ազատամարտիկը, անպարտելի Հայ Յեղափոխականը»։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (en-US)։ 2018-04-04։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-08-31-ին։ արտագրուած է՝ 2018-08-31
- ↑ «ԴԷՄՔԵՐ ԵՒ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-18-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-25
- ↑ Վանայ իշխանը
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1883 ծնունդներ
- 1879 ծնունդներ
- Շուշի ծնածներ
- 17 Ապրիլի մահեր
- 1915 մահեր
- Վան մահացածներ
- Թուրքիա մահացածներ
- Անձինք այբբենական կարգով
- Յօդուածներ որոնց մէջ փճացած յղումներ կան from October 2023
- Հայոց Ցեղասպանութեան զոհեր
- Արեւմտահայերէն յօդուածներ այբբենական կարգով
- Հայ ֆետայիներ
- Հայ հասարակական գործիչներ
- 1993 ծնունդներ
- 1881 ծնունդներ