Jump to content

Ջերմուկ

(Վերայղուած է Ջերմուկի Ջրվէժ-էն)


Ջերմուկ, քաղաք Հայաստանի Վայոց ձորի մարզին մէջ, մարզկեդրոնէն 50 քմ հիւսիս-արեւելք, Արփա գետի ակունքի շրջանը։ Հայաստանի երեք առողջարանային քաղաքներէն մէկն է։ Կը գտնուի Երեւանէն 173 քմ հեռաւորութեան վրայ[1]։

Ջերմուկի տեղը նախապէս եղած է հայկական Ջերմուկ գիւղը: Յետագային այն օտարեկրացիներու կողմէ աւերուած է եւ անոր փոխարէն նոր գիւղ կառուցած են, որ թարգմանաբար կոչած են Իստիսու: Ջերմուկ վերանուանուած է 1924-ին։ Քաղաքին կը պատկանի նաեւ 3 քմ հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Կեչուտ գիւղը[1]։ 2016-ին «Վարչատարածքային բաժանման մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքով Ջերմուկ քաղաքային համայնքին կը միաւորուին նաեւ Գնդեւազ, Հերհեր եւ Կարմրաշէն գիւղերը[2]:

Աւանդապատումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ աւանդութեան մը, որու համաձայն, շատ հին ժամանականերէ, երբ մարդու ապրուստի հիմնական միջոցը որսորդութիւնն էր, այս կուսական անտառները լեցուն էին ամենատարբեր որսատեսակներով։ Եւ ահա, անգամ մը, փորձառու որսորդը կը նետահարէ երուտասարդ եղնիկին: Վիրաւոր եղնիկը մեծ ճիգերով, վերջին ուժերը հաւաքած, կը սկսի փախչիլ։ Որսորդը կրնկակոխ կը յետապնդէ անոր։ Ոտքերը հազիւ քարշ տալով, եղնիկը կը հասնի Ջերմուկի հանքային աղբիւրներուն, կը նետի ջուրը եւ... ահա քեզ հրաշք, ջուրէն դուրս կու գայ բոլորովին առողջ ու ապաքինուած եւ անմիջապէս կ՛անյետանայ անտառի խորքը։ Կեանքին մէջ ամէն ինչ տեսած փորձառու որսորդը կ՛ապշի հասարակ ջուրի կատարած հրաշքէն, եւ այդ օրէն կը տարածուի «Ջերմուկ» ջուրի համբաւը աշխարհէ-աշխարհ, իսկ հրաշք ջուրի գաղտնիքը մարդոց հասցուցաթ եղնիկը կը դառնայ ժողովուրդի սիրելին ու Ջերմուկի խորհրդանիշը[3][4]։

Ջուրահարսի վարսերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ջերմուկի ջուրվէժը

Շուրջ 70 մեթր բարձրութենէն Արփայի կիրճը գահավիժող բնութեան այս հրաշքը, որ թափուած վարսերու կը յիշեցնէ, ժողովուրդը անուանած է «ջուրահարսի վարսեր» եւ հիւսած իր միւս աւանդոյթը։

Շատ հինէն այսօրուան ջուրովէժի տեղը, անդնդախոր ժայռերու ծերպին կը գտնուէր իշխանի ամրոցը, որու գեղեցկուհի դուստրը կուսական բնութեան մէկ մասը կը կազմէր։ Իշխանուհի ձեռքը խնդրելու կու գային աշխարհի տարբեր ծայրերէն, սակայն ան կը մերժէր բոլորին, քանզի անոր սիրտը կը պատկանէր հովի երիտասարդ, քաջարի ու գեղեցիկ որդիին։ Ամէն օր, կէսգիշերէն ետք, ամրոցի իր ննջարանի լուսամուտէն դեռատի իշխանուհին ձորը կը նետէր երկար պարանի ծայրը, որմով հովի որդին խոր կիրճէն կը բարձրանար սիրեցեալի մօտ։

Իշխանը շուտով կ՛իմանայ այդ մասին՝ կը գազազէ, կը փրփրայ եւ կ՛անիծէ դստերը. եթէ անգամն ալ հանդիպի հովի որդիին, թող ջուրահարս դառնայ ու ջուրէն երբեք դուրս չգայ։ Սակայն դեռատի սիրահարներուն ոչինչ կը պահէր հանդիպման գայթակղութենէն, եւ հերթական անգամ, որպէսզի սիրեցեալին օգնի բարձրանալ իր դղեակը, գեղեցկուհին պարանի փոխարէն ժայռի բարձունքէն կը կախէ իր երկար ու գեղեցիկ վարսերը։ Սակայն նոյն ակնթարթին կը կատարուի հօր դաժան անէծքը. գեղեցկուհին կը դառնայ ջուրահարս, իսկ կիրճ թափուող անոր գեղեցիկ վարսերը կը դառնան հրաշագեղ ջրվէժ մը, որուն ժողովուրդը կ՛անուանէ «ջուրահարսի վարսեր»[5]։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ջերմուկի բնաշխարհը

Քաղաքը շրջափակուած է 2500-3000 մեթր բարձրութեան հասնող լեռնաշղթաներով, իսկ հարաւ-արեւմուտքը Արփայի գեղատեսիլ կիրճն է։

Արփայի մէջ թափուող վտակի գետաբերանի մօտ առաջացած է քանի մը տասնեակ մեթր բարձրութեան հանքային ջուրվէժ: Յայտնի է յատկապէս Արփայի աջ եւ ձախ ափերուն գտնուող՝ թիւով 36 բուժիչ տաք աղբիւրներով՝ ջերմուկներով, որոնք ունին hydrocarbonate ծծմբատ բաղադրութիւն։ Շրջակայքին մէջ կան նաեւ “Նարզան” տեսակի ջուր, բուժիչ ցեխ, ապակիի հումք (անէծքներ)[6]։

Ջերմուկի շրջապատն անտառապատ է։ Անտառի մի մասը տնկել են 1980-1990-ական թուականներուն։

Ունի լեռնային կլիմա։ Ամառը զով է, ձմեռը՝ երկարատեւ եւ ձիւնառատ։ Արեւափայլի տեւողութեան կը կազմէ տարեկան 2300 ժամ։ Օդի օրական միջին ջերմաստիճանը կը կազմէ՝ գարնան՝ +0.4 °C, ամրան՝ +15.3 °C, աշնան՝ + 4.9 °C, ձմրան՝ -9 °C: Յունուարի միջին ջերմաստիճանը –9 °C է, նուազագոյնը՝ –35 °C, Յուլիսինը՝ 18 °C, առաւելագոյնը՝ 32 °C, տարեկան տեղումները՝ մօտ 800 մմ, յարաբերական խոնաւութիւնը՝ 45–48%, արեւափայլքի տեւողութիւնը՝ 2340 ժ[7]։

Ըմպելասրահը
Ջերմուկի կիլիմայական տուեալները
Ամիս Յուն. Փետր. Մարտ Ապրիլ Մայիս Յուն Յուլ. Օգստ. Սեպտ. Հոկտ. Նյմբր. Դկտմբր. Տարի
Միջին օրական °C (°F) −7.2

(19)

−7.7

(18.1)

−4.3

(24.3)

−1.4

(29.5)

8.3

(46.9)

13.4

(56.1)

18.9

(66)

16.7

(62.1)

11.7

(53.1)

4.3

(39.7)

−0.5

(31.1)

−5.3

(22.5)

3.6

(38.5)

Աղբիւր[8]

Ջերմուկը կը գտնուի ծովի մակերեւոյթէն 2080 մ բարձրութեան վրայ գտնուող ոչ մեծ սարահարթի մէջ, որ երկու մասի կը բաժնոււի Արփա գետի գեղատեսիլ կիրճով։ Քաղաքը կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւարեւելեան մասը, Վայոց ձորի մարզին մէջ (պատմական Սիւնիք նահանգի Վայոց ձոր գաւառի տարածքը)։ Բնակավայրը կը յիշատակուի սկսած 13-րդ դարէն՝ պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեանի «Պատմութիւն Նահանգին Սիսական» աշխատութեան մէջ։ Սակայն քաղաքի տարածքին գտնուող հին կիկլոպեան ամրոցի եւ 8-րդ դարու եկեղեցիի աւերակներն ու մնացորդները կը խօսին այն մասին, որ հանքային ջուրերու ակունքներու մօտ գտնուող Ջերմուկ բնակավայրը գոյութիւն ունեցած է շատ հին ժամանականներէ[1]։

Ջերմուկի կազդուրիչ հանքային ջուրերը դեռ շատ հինէն օգտագործուած են ինչպէս հասարակ ժողովուրդի, այնպէս ալ Սիւնաց Իշխաններու կողմէն՝ ամենատարբեր հիւանդութիւններու բուժման նպատակով։ Այդ մասին կը վկայեն միջնադարուն կառուցուած լողաւազանի մնացորդները, որոնք վերակառուցուած եւ վերականգնուած են 1860-ականներուն ցարական պրիստաւ Գէորգ Խանագեանի կողմէ, եւ այժմ ալ ժողովրդի կողմէ լողաւազանը կը կոչուի «Պրիստաւի գէօլ»: Չնայած պատմական հարուստ անցեալին, այսօրուանյ նոր քաղաքի հիմքը դրուած է միայն 1940-ին՝ առաջին առողջարանի կառուցման աւարտով։

Յետագայ տարիներուն Ջերմուկը կառուցուած ու կառուցապատուած է, ստեղծուած են բոլոր հնարաւորութիւնները ինչպէս բնակչութեան, այնպէս ալ հանգստացողներու աշխոյժ հանգիստի, առողջութեան վերականգնման եւ զբօսաշրջութեան համար։ 1967-ին քաղաքը ձեռք կը բերէ հանրապետական նշանակութեան քաղաքի, իսկ 1970-ին՝ համամիութենական նշանակութեան առողջարանի կարգավիճակ։ 1980-ականներուն քաղաքը ունէր շուրջ 10 000 բնակիչ, շուրջ 2 000 մահճակալով առողջարաններու ու հիւրատուներու ցանց՝ աշխոյժ հանգստի եւ բուժման համար նախատեսուած բոլոր ենթակառուցուածքներով ու ծառայութիւններով։ Առարկայական պատճառներով առողջարանային քաղաքի եռուն կեանքը 1990-ականներէն մեծ տեղատուութիւն ապրեցաւ, որ սկսաւ աշխուժանալ 1990-ականներու վերջերը։

Գայիանէ եկեղեցին

Վարչական տարածքը՝ շուրջ 5,5 հազար հեքթար։ Երեւանի հետ կը կապուի երկու մայրուղիներով, որոնցմէ «Ջերմուկ-Երասխ-Երեւան» մայրուղին աւելի կարճ է եւ կը կազմէ շուրջ 170 քմ։ Քաղաքը «Երեւան-Գորիս-Ստեփանակերտ» մայրուղինն կը գտնուի 24 քմ հեռաւորութեան վրայ։

Ջերմուկը ոչ միայն բազմաթիւ աւանդութիւններու բնաշխարհ է, այլ նաեւ քաղաքին մէջ ու մերձակայքը սփռուած բազմաթիւ պատմամշակութային յուշարձաններով ու տեսարժան կառոյցներով, արկածային զբօսաշրջութեան սիրահարներուն ձգող բազմաթիւ անդնդախոր ձորերով ու բարձր ժայռերով, քարանձաւներով ու որսատեղիներով (Արփա-Սեւան թունել, Կեչուտի ջրամբար, Գնդեվանք, Վարդանի քար, Գլաձորի միջնադարեան համալսարան, Նորավանքի համալիր եւ այլն) հարուստ բացօդեայ թանգարան մը։ Յ-ատկապէս գեղեցիկ է ջերմուկեան ձնառատ, փափուկ եւ արեւոտ ձմեռը։ Հարկ է նշել, որ արեւոտ ու պայծառ օրերու քանակով քաղաքը նախկին միութենական առողջարաններու մէջ կը զբաղեցնէր առաջին տեղերէն մէկը։ Ձմեռնային հանգիստի, բուժման, մարզաձեւերու համար բարենպաստ կլիմայական ու բնական պայմաններու առկայութիւնը միշտ դէպի առողջարանային քաղաք ձգած է ձմեռային հանգիստի սիրահարներուն։

1967-էն հանրապետական ենթակայութեան եւ 1970-էն միութենական նշանակութեան առողջարաններու կարգը դասուած քաղաք առողջարանը այսօր հանգստացողներուն ու զբօսաշրջիկներուն կ՛առաջարկէ շուրջ 2 000 մահճակալով առողջարաններու, հիւրանոցներու, հիւատուներու, համաբուժարաններու, ըմպելասրահի, լողաւազաններու, մարզահրապարակներու, շարժապատկերու սրահի, հասարակական սնունդի նպատակով, ըմպելարաններու սրճարաններու ծառայութիւնները[6]։

1988-1989-ականներուն ազրպէյճանցիները արտագաղթած են Ազրպէյճան՝ Ազրպէյճանի մէջ սկսած հայկական կոտորածներու պատճառով։ 1988-ին այստեղ բնակած են Պաքուէն, Սումկայիթէն, Մինգեչաուրէն, Բարդայից եւ Նախիջեւանէն բռնագաղթուած շուրջ 1154 հայեր[1]։

Տարի 1959 1968 1980 1989 2001 2004 2015
Բնակիչ 2063 3700 5492 9014 5394 6400 4400

Քաղաքին մէջ կան արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ, որոնցմէ ամենախոշորը “Ջերմուկ” հանքային ջուրերու գործարանն է (1949), քարհանքեր, ՀԷԿ, պանիրի գործարան, կը գործէ բազմահարկ հիւրանոց։

Ջերմուկի գործարանը տարեկան կ՛արտադրէ քանի մը տասնեակ միլիոն շիշ Ջերմուկ։ Գործարանի հանքային ջուրը նաեւ կ՛արտահանուի[1]։

Առողջարանի շէնք

Ջերմուկին մէջ յայտնաբերուած հին աւազանի մնացորդները կը վկայեն, որ միջին դարերուն բուժման նպատակներով մարդիկ օգտուած են ջերմուկներուց։

Հին աւազանը կարգաւորուած է 19-րդ դարու երկրորդ կէսերուն, երբ Ջերմուկը մտաւ Երեւանի նահանգի Շարուր-Դարալագեազի գաւառի մէջ։ Ժամանակակից ժողովուրդը այն կոչած է Պրիստաւի լիճ:

Հանքային ջուրերու ուսումնասիրութիւններ կատարուած են 1925, 1938-1939-ականներուն։ Առողջարանի, հանքային աղբիւրներու եւ առողջարանային բուժման գիտական հիմնաւորման գործին մէջ մեծ դեր խաղցած են Լ․ Յովհաննիսեանը, Ա․ Մելիք–Ադամեանը, Ա․ Յակոբեանը, Գ․ Աղաջանեանը եւ ուրիշներ։ Ջերմուկի բուժական հիմնական գործօններն են՝ կլիման եւ հանքային ջուրերը։ Վերջիններուս հետազօտութեամբ առաջինը զբաղուած է Գ․ Վոսկոբոյնիկովը (1830), համակարգուած հետազօտութիւնները սկսած են 1925-էն (Կ․ Ն․ Պաֆենհոլց), իսկ հորատման եւ շահագործման աշխատանքները՝ 1938-էն (Ա․ Պ․ Դեմեօխին)։ Լոգանքի առաջին շէնքը կառուցուած է 1940-ին։ Այն ունէր 12 մահճակալ: 1982-ի տուեալներով կը գործէ 7 հանքաղբիւր՝ 3-ը աջափնեայ սարահարթին մէջ, 4-ը՝ Արփայի ձորին մէջ, 17 մ/վրկ մշտական ջուրապաշարներով։

Հանքային ջուրերը ածխաթթուային, hydrocarbonate-sulphate–chloride, sodium–յ, magnesiumջուրերու շարքին կը դասուին՝ հետեւեալ քիմիական բաղադրութեամբ[7]

°C

Ջերմուկի ջուրերը քիմիական կազմով նման են Ժելեզնովոդսկի եւ Կառլովի Վարիի հանքային ջուրերուն։ Առողջարանային բուժման համալիրը կ՛ընդգրկէ հանքային տաք ջուրի ներքին եւ արտաքին օգտագործումը, բուժական սնունդը, մարմնամարզութիւնը, քայլաբուժութիւնը, կլիմայական եւ բնաբուժական միջոցառումները, դեղորայքային բուժումը եւ առողջարանային ռեժիմը։

Ջերմուկի մէջ կը բուժուինն ստամոքսաղիքային համակարգի (ստամոքսաբորբեր, ստամոքսի եւ 12-մատնեայ աղիքի խոցեր), լեարդի, լեղուղիներու, ենթաստամոքսային գեղձի, հենաշարժական ապարատի, ծայրամասային ջղային համակարգի, Gynecological հիւանդութիւններով եւ նիւթափոխանակութեան խանգարումներով (շաքարախտ, միզաթթուային ախտակրութիւն) տառապողները[7]։

1950-ականներուն մեծ թափ ստացաւ առողջարանային շինարարութիւնը։ 1967-ին առողջարանային ֆոնտը հասաւ 1100 մահճակալի, 1970-ին՝ 1500, իսկ 1980-ին 5000 մահճակալէն աւելի։ Սկսան գործել գիշերօթիկներ, լոգանքի ընդարձակ եւ յարմարաւէտ շէնքեր, խմելու ջուրի շքեղ եւ սիւնազարդ տաղաւար, բազմայարկ հիւրանոցներ, հիւանդանոց եւ մանկական հիմնարկներ[1]։

Խմելու ջուրի սիւնազարդ տաղաւար

Քաղաք առողջարանը այսօր հանգստացողներուն ու զբօսաշրջիկներուն կ՛առաջարկէ առողջարաններու, հիւրանոցներու, ըմպելասրահի, լողաւազաններու, մարզահրապարակներու, հասարակական սնունդի նպատակներով, ըմպելարաններու ու սրճարաններու ծառայութիւնները։

Այժմ Ջերմուկի մէջ կը գործեն հետեւեալ առողջարաններն ու հիւրանոցները՝

  • «Արմէնիա» առողջարան
  • «Օլիմպիա» առողջարան
  • «Ջերմուկ աշխարհ» առողջարան
  • «Թուրիս» առողջարան
  • «Գլաձոր» առողջարան
  • «Արարատ» (մօր եւ մանկան առողջարան)
  • «Հայաթ Փլէյս Ջերմուկ» հիւրանոց
  • «Նաիրի» հիւրանոց
  • «Վերոնա» հիւրանոց
  • «Անուշ» հիւրանոց
  • «Լայֆ» հիւրանոց
  • «Եւմարի» հիւրանոց
  • «Կասկադ» հիւրանոց
  • «Անի» հիւրանոց

Ջերմուկի մէջ կը գործէ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի Ջերմուկի մասնաճիւղը, որ հիմնադրուած է 1972-ին։ Կը ցուցադրուին կերպարուեստի հայ վարպետներու՝ Մարտիրոս Սարեանի, Արա Սարգսեանի, Սարգիս Մուրատեանի, Արա Յարութիւնեանի, Կալենց ամուսիններու, Յակոբ Յակոբեանի, Ռուտոլֆ Խաչատրեանի եւ այլոց գեղանկարչական, գծանկարչական եւ քանդակագործական աշխատանքները։ Պարբերաբար կը փոփոխուին ցուցանմուշները եւ կը կազմակերպուին անհատական ցուցահանդէսներ[6]։

Քաղաքաշինութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Hyatt place

Ջերմուկի առաջին գլխաւոր յատակագիծը կազմուած է 1945 -ին (ճարտարապետ՝ Պ․ Մսրեան), 1952-ին՝ երկրորդը (ճարտ․ Փ․ Մանուկեան), վերամշակուած Է՝ 1960–1962-ին, որմով եւ սկսած է Ջերմուկի կառուցապատման նոր փուլը։

Արփայի կիրճի վրայ կառուցուած մեծ կամուրջը (1975) հնարաւորութիւն տուած է բնակելի շինարարութիւնը կեդրոնացնել ձորի ձախափնեակին մէջ (երկու միկրոշրջաններ 6000 եւ 9000 բնակիչի համար, Կեչուտ գիւղի նոր թաղամասը)։

Առողջավայրի կառուցապատման մէջ ակտիւ դեր են կատարում № 1 առողջարանը (1962, ճարտարապետ՝ Է․ Տիգրանեան), № 2 առողջարանը (1963), ըմպելասրահը (1966) եւ լողարաններու շէնքը (1969, երեքն ալ ճարտարապետ՝ Գ․ Թամանեան), առողջապահութեան նախարարութեան ընդունարանը (1952, ճարտարապետ Մ․ Գրիգորեան) եւ անոր 4-րդ վարչութեան առողջարանը, հիւրանոցները (առաջինը՝ ճարտարապետ Յ․ Յակոբեան, նորը՝ Զ․ Բախշինեան), 1980-ականներուն կառոյցներէն՝ Հայկական ատոմակայանի առողջարանը (ճարտարապետ Մ․ Միքայելեան եւ Ս․ Ումեդեան), ՀԱՄԽ–ի առողջարանը (ճարտարապետ Մ․ Միքայելեան) եւ Ջերմուկի հասարակական–մարգական համալիրը (ճարտարապետ Մ․ Միքայելեան), Արփա–Սեւան համալիրի գլխաւոր ջրամբարը՝ ափին տեղադրուած հանգրուանային շէնքերով[7]։

Պատմամշակութային կառոյցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արփայի վերին հոսանքի կիրճին մէջ կը գտնուի քարայրներու համալիրը (պրոնզէ դարու ժամանակից), Ս. Յովհաննէս եկեղեցին, «Թուխ Մանուկ» եւ Ս.. Գէորգ մատուռները։

Ջերմուկի անտառային կածանին մէջ կը գտնուի ֆիտայիներուն նուիրուած արձանաշարը, որու հեղինակն է քանդակագործ Յովհաննէս Մուրատեանը:

Ջերմուկը իր աշխոյժ մասնակցութիւնը ունի ճատրատի բազմաթիւ առաջնութիւններու ու յուշամրցաշարերու մասնակցութեան գործին մէջ, որոնցմէ մէկ քանին դարձած են բարի աւանդոյթ։ 2006-էն սկսած Ջերմուկի մէջ տեղի կ՛ունենան ճատրակի միջազգային պատանեկան մրցաշարերը։ 2007-էն սկսած Ջերմուկի մէջ տեղի կ՛ունենան շարք մը միջազգային մրցաշարեր եւ առաջնութիւններ, որոնցմէ նաեւ՝ Կարէն Ասրեանի անուան միջազգային յուշամրցաշարը[6]։

Ջերմուկի ճոպանուղին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ջերմուկի ճոպանուղին

Ջերմուկի ճոպանուղին կը գտնի քաղաքի սկզբնամասը, կառուցուած է 2007-ի աշնան աւստրիական "Leitner" կազմակերպութեան կողմէ։

Ճոպանուղիի երկարութիւնը 1000 մ է։ Ներքեւի եւ վերեւի հենասիւներու միջեւ եղած բարձրութեան տարբերութիւնը 400 մ է։ Ամենաբարձր կէտը կը գտնուի 2480 մ բարձրութեան վրայ, ուր կը գործէ ռեստորան-սրճարան։ Ունի 2 սահուղի։ Առաջինի երկարութիւնը 1450 մ է, երկրորդինը՝1550 մ։ Տեղերու թիւը՝ 200: Ներքեւի մասը կը գործէ սահատախտակներու եւ դահուկներու վարձոյթի կէտ, սրճարան եւ ինքնաշրժներու կայանատեղի[6]։

  • Սանտ Ռաֆայէլ, Ֆրանսա 277 Սեպտեմբեր1997-ին կնքուած պայմանագիրի համաձայն Ջերմուկը եւ ֆրանսական Սան-Ռաֆայէլ քաղաքները կը համարուին քոյր-քաղաքներ։
  • 2013-ին Ջերմուկ եւ Չեխիոյ Քարլովի Վարի քաղաքներու միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր։
  • 2013-ին Ջերմուկ եւ Ղազախստանի Շուչինսկ քաղաքները ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր։
  • Յակոբեան Թ․ Խ․, Սովետական Հայաստանի քաղաքները, Ե․, 1977
  • Աղաջանեան Գ․ Ի․, Թոփչեան ժ․ Ս․, Հայաստանի առողջարանները եւ առողջավայրերը, Ե․, 1968
  • Агаджанян Г․ И․, Всесоюзный больнеопитьевой курорт Джермук, Е․, 1966

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 «Հայաստանի եւ հարակից շրջանների տեղանունների բառարան», 4-րդ հատոր, էջ 402
  2. «2 Հոկտեմբերին տեղի կ՛ունենան Ջերմուկ համայնքի ղեկավարի եւ աւագանիի ընտրություններ.»։ www.jermuk.am 
  3. Համբարձում Մուսայելեան (1979 թ.)։ «Հայաստանի հանքային ջրերը Ջերմուկ»։ Սուէտական Հայաստան։ Թիւ 3: էջ 37, 38
  4. «Եղջնիկի առասպելը»։ vayotsdzor.agro.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին 
  5. «Ջրահարսի վարսեր»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-06-06-ին։ արտագրուած է՝ 2019-07-25 
  6. 6,0 6,1 6,2 6,3 6,4 Ջերմուկ[permanent dead link]
  7. 7,0 7,1 7,2 7,3 «Էջ:Հայկական Սովետական Հանրագիտարան (Soviet Armenian Encyclopedia) 9.djvu/509 — Ուիքիդարան»։ hy.wikisource.org 
  8. «Ջերմուկի կլիման»։ www.kurortjermuk.ru։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-02-26-ին։ արտագրուած է՝ 2019-07-25