Վարազդատ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ միապետ

Վարազդատ (ծն. եւ մահուան թթ. անյայտ), Հայոց Արշակունի թագաւոր 374-378–ին։ Յաջորրած է հօրեղբորը՝ Պապ թագաւորին։ Մանուկ հասակին Վարազդատին խնամած եւ դաստիարակած է Բաթ Սահառունին։ Պատանեկութեան տարիներուն ապրած է Հռոմի մէջ ուր ստացած է իր կրթութիւնը։ Գահակալած է Հռոմի Վաղես կայսեր աջակցութեամբ։ Վարազդատի օրով սպարապետութիւնը շարունակած է վարել Մուշեղ Մամիկոնեանը, որ պարսկական տիրապետութեան սպառնալիքէն փրկուելու ելքը որոնած է Հռոմէական կայսրութեան օգնութեամբ եւ Հայաստանի մէջ անոր զօրքերու աւելացման մէջ։ Մինչդեռ Վարազդատը, լարելով թշնամի տերութիւններու միջեւ խուսանաւելու եւ սեփական ուժերով Արշակունեաց թագաւորութեան հզօրութիւնը վերականգնելու քաղաքականութիւն, սպարապետի ծրագիրը դիտած է հայկական պետականութեան ինքնուրոյնութեան զոհաբերում։ Տարաձայնութիւնները այնքան խորացած են, որ Վարազդատը, Մուշեղ Մամիկոնեանին դիտելով Պապի դաւադրական սպանութեան հանցակից եւ Մեծ Հայքը հռոմէական նահանգ դարձնելու կողմնակից, 376–ին անոր սպաննել կու տայ խնճոյքի ընթացքին։ Մամիկոնեաններու թշնամութիւնը վաստակած Վարազդատը, խախտելով աւանդական կարգը, սպարապետութեան գործակալութիւնը հանձնած է իր դայակ Բաթ Սահառունին։ 377–ին Վարազդատը հարկադրուած եղած է ընդունելու Սասանեան Պարսկաստանի գերիշխանութիւնը։ Շուտով պարսկական գերիշխանութենէն ազատած Մանուէլ Մամիկոնեանը Կարինի դաշտին մէջ պարտութեան կը մատնէ Վարազդատի զօրաբանակը՝ ձերբակալելով եւ սպաննելով Բաթ Սահառունին։ Վարազդատը հարկադրաբար ապաստանած է Հռոմի մէջ։ Մանուէլ Մամիկոնեանի խնամատարութեամբ Հայոց թագաւոր օծուած է Պապի անչափահաս որդի Արշակ Գ–ը։ Վարազդատը աղբիւրներու մէջ յայտնի է նաեւ որպէս բազմակողմանի զարգացած մարզիկ։ Անոր անունը դրոշմուած է մարմարեայ սալիկին՝ որպէս վերջին 393 օլիմբիական մրցանակակիր։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։