Jump to content

Շիրակի մարզ

Շիրակի մարզային քարտէս
Գիւմրի
Արթիկ
Մարալիկ

Շիրակի մարզ, մարզի կարգավիճակ ունեցող վարչատարածքային միաւոր Հայաստանի մէջ: Վարչական կեդրոնը Գիւմրի քաղաքն է։ Պետականօրէն արեւմուտքէն սահմանակից է Թուրքիոյ, հիւսիսէն՝ Վրաստանին, արեւելքէն՝ Հայաստանի Լոռի մարզին եւ հարաւէն՝ Հայաստանի Արագածոտնի մարզին։ Կը գտնուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմին հովուապետութեան հովանիին տակ (առաջնորդարանը՝ քաղաք Գիւմրիի մէջ), սակայն մարզին տարածքին կան զգալի թիւով կաթոլիկ հայեր, ինչպէս նաեւ կաթոլիկ գիւղեր։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարզին տարածքին կը գտնուի Արփի լիճ-ջրամբարը, Ախուրեան ջրամբարին հայկական հատուածը եւ Մանթաշի ջրամբարը։ Շիրակի մարզին կեդրոնական եւ հարաւային հատուածին մէջ կը տարածուի Շիրակի դաշտը, իսկ հիւսիսային շրջանին մէջ՝ Աշոցքի սարահարթը, միաժամանակ Շիրակի մարզին մէջ կը տարածուին Փամպակի եւ Բազումի լեռնաշղթաներուն, Եղնախաղի, Ջաւախքի լեռներուն եւ Արագածի լեռնազանգուածներուն մէկ մասը։ Տարածքը ընդհանուր առմամբ ունի համեմատաբար միատարր հրաբխային կազմութիւն մը: Հայկական լեռնաշխարհին հետ միասին մարզին տարածքը անցած է երկրաբանական զարգացման բարդ ուղի մը: [1]: Քանի մը հանգրուանով հանդէս եկած սառցապատումներու ներգործութեամբ Արագածի, Ջաւախքի, Եղնախաղի լեռներուն բարձր մասերուն մէջ յառաջացած են կրկէսանման գոգաւորութիւններ եւ լայն հովիտներ[1]:

Շիրակի մարզին մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Արագած լեռը: Մարզին սահմանին մէջ կը գտնուի Արագածի հիւսիսային, հիւսիս արեւմտեան եւ մասամբ արեւմտեան լանջերը, մինչեւ գագաթը: Շիրակի մարզին տարածքին եւ շրջակայքը երկրաշարժի գօտի կը համարուին Գիւմրին, Սպիտակը, Անին, Կարսը եւ Ախալքալաքը: Մարզին տարածքին յատկապէս մեծ վնաս պատճառած երկրաշարժներէն յայտնի են՝ 1319-ին Անիի, 1899-ին Կարսի, 1868-ին Գիւմրիի, 1926-ին Լենինականի, 1988-ին Սպիտակի եւ այլ երկրաշարժներ:

Օգտակար հանածոներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շիրակի մարզին տարածքին բազմազան են ընդերքի հարստութիւնները: Մարզին մէջ լայն տարածում ունին տուֆը, պեմզան, պազալթը, կրաքարը, պեռլիտը, հրաբխային խարամն ու մոխիրը, զանազան կաւերը եւ շատ ուրիշ շինանիւթեր: Շինանիւթերուն մէջ առաջնահերթ նշանակութիւն ունի տուֆը:

Կլիման ցուրտ լեռնային է։ Յունուարին միջին ջերմաստիճանը հիւսիսի մէջ -12 °C է, հարաւը՝ -6 °C, Յուլիսինը համապատասխանաբար՝ 12 °C եւ 20 °C (առաւելագոյնը՝ 36 °C)։ Աշոցքի սարահարթին մէջ կը գտնուի Հայաստանի ամենացուրտ վայրը՝ Պաղակի գագաթը (նուազագոյն ջերմաստիճանը՝ -42 °C)։ Ձմրան բնորոշ են կայուն ձիւնածածկոյթը, ձիւնաբուքերը եւ մառախուղը, ամրան՝ ամպրոպները։ Տարեկան տեղումները 450-900 մմ են։ Տարուան ընթացքին ամպամած օրերուն մեծ քանակութեամբ տեղումներ կը նկատուին Դեկտեմբեր եւ Յունուար ամիսներուն: Գիւմրիի մէջ տարուան ընթացքին ընդհանրապէս 35/ 52 օր ամպամած է [2]:

Մարզին մէջ սկիզբ կ'առնէ Ախուրեան գետը՝ Կարախան, Գիւմրի, Կարկաչուն Աշոցք վտակներով։ Արագածի լանջերուն գտնուող բազմաթիւ աղբիւրներէն բխող Ախուրեանի վտակներուն կը միախառնուին Մանթաշ, Գեղաձոր եւ այլ գետակներ։ Ախուրեան գետը կը համարուի Շիրակի մարզին ջրային հիմնական զարկերակը: Գետին ընդհանուր երկայնքը 186 քմ է, որմէ Շիրակի մարզին մէջ` շուրջ 105 քմ։ Ախուրեան գետը կը համարուի Արաքսի ձախակողմեան վտակը, անիկա սկիզբ կ'առնէ Արփի լիճէն, շուրջ 70 քմ երկարութեամբ, գետը ամբողջութեամբ կը հոսի մարզին տարածքով, որմէ ետք միջին եւ ստորին հոսանքները սահմանային գետ է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ։ Մարմարաշէն գիւղին մօտ կը միանայ Կարս գետին։ Անիկա ունի 139 քմ երկայնք։ Ախուրեանի համակարգը կազմուած է 227 գետակներէ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Հայկական ՍՍՀ գեոմորֆոլոգիան (խմբագիր Ս.Պ. Բալյեան), ՀՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, Երեւան, 1986թ.
  2. Մնացականեան Բ., Աջամօղլեան Ա.,- Շիրակի կլիման եւ ջրերը, Երեւան, 2005: