Եղիշէ Չարենց

Եղիշէ Չարենց
Ծննդեան անուն հայ.՝ Եղիշե Աբգարի Սողոմոնյան
Ծնած է 13 (25) Մարտ 1897
Ծննդավայր Կարս (Արեւելեան Հայաստան)
Մահացած է 27 Նոյեմբեր 1937(1937-11-27)[1][2] (40 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Երկիր Նաիրի?
Տեսակ բանաստեղծութիւն եւ narrative poetry?
Մասնագիտութիւն թարգմանիչ, բանաստեղծ, արձակագիր, գրագէտ
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն
Ամուսին Արփենիկ Չարենց?
Երեխաներ Արփենիկ Չարենց? եւ Անահիտ?

Եղիշէ Չարենց (Սողոմոնեան, 13 (25) Մարտ 1897, Կարս - 27 Նոյեմբեր 1937, Երեւան), 20-րդ դարու հանճարեղ բանաստեղծ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Մակու ( Պարսկաստան)։ Շատ փոքր տարիքին՝ ընտանիքը կը գաղթէ Կովկաս։ Մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը կ'անցնէ Կարսի մէջ, ուր կը ստանայ ուսումը։

1914–ին, կը մտնէ կռուելու կամաւորական գունդերուն մէջ։ Տարի մը ետք, երթալով Մոսկուա՝ բարձրագոյն կրթութեան համար, կը դառնայ համայնավար ու կը մտնէ Կարմիր Բանակ։

Կը հրատարակէ քնարական քերթուածներ, ապա՝ «Տանթէական Առասպել»ը՝ պատերազմի փորձառութենէն։ 1918–էն կը սկսի հրատարակել գործերը՝ «Ամբոխները խելագարուած», զոր կը ցոլացնէ միջազգայնական նոր հաւատքը, յետագային, զինք դարձնելով համայնավար յեղափոխութեան գլխաւոր երգիչներէն մին։

Բայց 1919–ին, նորանկախ Հայաստան դարձին՝ Չարենց դեռ անծանօթ, գիւտարար-քննադատ Ն․ Աղբալեան՝ կրթութեան նախարար, զինք «կը գտնէ» ու կը քաջալերէ։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Չարենց ուսանողութեան երկրորդ շրջան մը կ'անցնէ Մոսկուա (1922-1923), ապա՝ Երեւան դարձած, կը լծուի գրական գործունէութեան։

Աւելի քան տասնամեակ մը, կ'ունենայ բեղուն գործունէութիւն։ Բայց միջազգայնական խանդավառութիւնը քիչ-քիչ կը մարի, տեղի տալով ազգայինին։ «Գիրք Ճանապարհի» երկը 1933–ին, յայտնի ու ծածուկ պատգանմերով, հայութեան «հաւաքկան ուժի» հրամայականը կը շեշտէ։ Արդէն խորհրդային միութիւնը նահանջած է սկիզբի իր միջազգայնական դիրքերէն։

Ստալինի մենատիրական ու հակահայ ելոյթներուն զոհ կը դառնայ Հայաստանի խորհրդային ղեկավարութեան եւ մտաւորականութեան մէկ կարեւոր մասը։ «Մաքրագործման» յաջորդական ալիքներուն մէջ, Չարենց եւս կ'ենթարկուի հալածանքի՝ որոշ գրչեղբայրներու մատնութեան հետեւանքով։ Ի վերջոյ բանտարկուած՝ կը մեռնի բանտին մէջ։

Գործերէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եղիշէ Չարենցի Տուն Թանգարանը
  • «Երեք Երգ Տխլադալուկ Աղջկան»
  • «Տանթէական Առասպել»
  • «Երկիր Նայիրի»
  • «Ամբոխները Խելագարուած»
  • «Էպիքական Լուսաբաց»
  • «Գիրք ճանապարհի»

Դրուագներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չարենց եղած է շատ ընթերցասէր։ Իր ընկերներէն մէկը յիշած է դրուագ մը Չարենցի մասին. «...Հայրը` Աբգար աղան փող տուած է որ Եղիշէն կօշիկ մը գնէ, իսկ որդին առանց երկար-բարակ մտածելու այդ գումարով գիրքեր գնած եկած է տուն։

- Տօ՛, դուն խելքդ հացին հետ կերա՞ծ ես,-զայրացած է հայրը։-Բոպի՞կ պիտի ման գաս։ Եղիշէն ձայն չէ հանած, բայց յետոյ, երբ դուրս եկած է ընկերոջ հետ, ըսած է.-

Լաւ է մարդ ոտքից բոպիկ լինի, քան թէ` խելքից»։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 140:

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. https://charents.am/մեր-մասին/
  2. SNAC — 2010.