Ագաթանգեղոս
Ագաթանգեղոս | |
---|---|
| |
Ծնած է | 5-րդ դար |
Մահացած է | 6-րդ դար |
Քաղաքացիութիւն | Մեծ Հայք |
Ազգութիւն | Հայ[1][2] |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | History of the Armenians? |
Մասնագիտութիւն | պատմաբան, գրագէտ |
Ագաթանգեղոս (Ե. - Զ. դար) հայ գրականութեան Ոսկեդարի պատմիչ, «Պատմութիւն Հայոց» երկի (յայտնի է նաեւ «Գիրք Ս. Գրիգորիսի» կամ «Պատմութիւն Եւ Վարք Ս. Գրիգորի» անուններով) հեղինակ: Ագաթանգեղոս անունը յունական ծագում ունի, կը նշանակէ «բարի հրեշտակ», «բարի լրաբեր», տիրոջ կողմէ ուղարկուած աւետաբեր (յունարէն՝ αvγαϑοvς՝ բարի, ανγγελος հրեշտակ, լրաբեր):
Պատմութիւն Հայոց
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ագաթանգեղոսը հեղինակ է հայ պատմագրութեան հնագոյն յուշարձանի՝ «Պատմութիւն Հայոց» երկի, որ յայտնի է նաեւ «Գիրք Ս. Գրիգորիսի» կամ «Պատմութիւն եւ Վարք Ս. Գրիգորի» անուններով: Գիրքին մէջ գրուած տեղեկութիւններուն համաձայն Ագաթանգեղոս համարուած է ծագումով հռոմէացի. Տրդատ Գ. Մեծի օրով եկած է Հայաստան եւ եղած է անոր քարտուղարը: Որպէս Տրդատի եւ Գրիգորի աշխարհիկ եւ հոգեւոր սխրագործութիւններու ժամանակակից եւ ականատես, Տրդատի յանձնարարութեամբ գրած է Խոսրով Մեծի եւ իր դարաշրջանի Հայոց պատմութիւնը:
«Պատմութիւն Հայոց»ի նիւթը չորրորդ դարու դէպքերն են, յատկապէս քրիստոնէութեան մուտքը Հայաստան, Գրիգոր Լուսաւորիչի եւՀռիփսիմեանց կոյսերու հաւատքն ու չարչարանքները, Տրդատ Գ.ի պայքարը անոնց դէմ, ապա նոյնինքն Տրդատին կողմէ՝ քրիստոնէութիւնը 301 թուականին պետական կրօնք հաստատելը:Գիրքը հարուստ է դիցաբանական,առասպելական պատմութիւններով, որոնք գրուած են պատմական փաստերու հիման վրայ: Այդ գիրքը որպէս սկզբնաղբիւր օգտագործած են Մովսէս Խորենացի եւ ուրիշներ: Առաջին անգամ անոր մասին յիշատակած է Ղազար Փարպեցին: Մեծ է անոր ինչպէս պատմական, նոյնպէս ալ գրական- գեղարուեստական արժէքը:
Գիրքը միջնադարուն թարգմանուած է յունարէն, արաբերէն, լատիներէն, վրացերէն եւ այլ լեզուներով, իսկ վերջերս թարգմանուած եւ հրատարակուած է իտալերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ արեւելահայերէն:
«Պատմութիւն Հայոց»-ի Ստեղծման Թուականը եւ Հեղինակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Պատմութիւն Հայոց»-ի ստեղծման թուականը եւ հեղինակի հարցը գիտական լուրջ վէճերու առարկայ է: Ագաթանգեղոս իր գիրքի յառաջաբանին մէջ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս լատիներէնի եւ յունարէնի գիտակ հռոմէացի, որ արքունի քարտուղարի պաշտօնով եկած է Հայաստան եւ Տրդատ Գ.-ի հրամանով գրած է իր Պատմութիւնը:
Մովսէս Խորենացիի, Ղազար Փարպեցիի եւ միւս հայ մատենագիրներու մօտ Ագաթանգեղոսի մասին յիշատակութիւնները միայն հաստատած են այդ աւանդական տեսակէտը: Այստեղէն կը հետեւցնենք, որ Ագաթանգեղոս Դ. դարու պատմիչ է, անոր գիրքի բնագիրը եղած է յունարէն եւ թարգմանուած է հայերէնի Ե. դարուն, հայ գիրերու գիւտէն ետք: Այս տեսակէտը ընդունուած է մինչեւ ԺԸ. դարու երկրորդ կէսը:
1709-ին Պոլսոյ մէջ Գրիգոր Մարզուանեցիի ջանքերով առաջին անգամ տպագրուեցաւ Ագաթանգեղոսի «Պատմութիւն Հայոց»-ի բնագիրը: 1762-ին Յովհաննէս Սթիլթինկը հրատարակեց յունարէն օրինակը եւ լատիներէն խմբագրութիւնը: Ան եւս առաջին անգամ կասկածեցաւ Ագաթանգեղոսի հաղորդած պատմական շատ փաստերու վաւերականութեան: Սթիլթինկի յունարէն օրինակը յետագային բազմիցս վերահրատարակուեցաւ, իսկ Փոլ Տը Լակարտը կատարեց անոր քննական հրատարակութիւնը: Հայերէն բնագիրի գիտական արժէք ներկայացնող առաջին հրատարակութիւնը լոյս տեսաւ 1835-ին, Վենետիկի մէջ։ Անոր քննական հրատարակութիւնը տպագրուեցաւ Թիֆլիսի մէջ, 1909-ին, իսկ 1911-ին Վիեննայի մէջ լոյս տեսաւ Վիեննայի կրկնագիր ձեռագիրի բնագիրը:
Հայկական բնագիրի եւ անոր տարալեզու խմբագրութիւններու հրատարակումը հնարաւորութիւն տուաւ համեմատական վերլուծութեան միջոցով մանրակրկիտ ուսումնասիրել Ագաթանգեղոսի երկասիրութիւնը: Օտարազգի եւ հայ բանասէրներ փորձեցին լուծել Ագաթանգեղոսի առեղծուածը: Նորայր Բիւզանդացին «Պատմութիւն Հայոց»-ի լեզուա-ոճական առանձնայատկութիւններէն հասաւ այն եզրակացութեան, թէ Ագաթանգեղոս եղած է յոյն, եւ Կորիւն, այլ երկերու կողքին, Ագաթանգեղոսի երկը եւս թարգմանած է հայերէնի:
Նորայր Բիւզանդացին այդ երկերը անուանեց առանձին «դաս»: Հայագէտ Թոռնեան Ագաթանգեղոսի կը վերագրէ այդ «դաս»ի բոլոր գրական յուշարձանները: Ագաթանգեղոսի ֆրանսերէն թարգմանիչ Վ. Լանկլուան յանգեցաւ այն կարծիքին, որ կարելի չէ ան ապրած ըլլայ Դ. դարուն եւ ըլլալ աշխարհիկ գործիչ (քարտուղար), սակայն չփորձեց ժխտել Ագաթանգեղոսի բնագիրը յունարէն գրուած ըլլալու վարկածը:
Բանասէրներու այլ խումբ մը (Հերման Ալֆրետ Կուտշմիթ եւ ուրիշներ) կասկածի ենթարկեց Ագաթանգեղոսի անունը, որ գոյութիւն ունի միայն հայկական խմբագրութեան մէջ։ Այդ խումբը «Ագաթանգեղոս» անունը կը համարէ ո՛չ թէ յատուկ անուն, այլ՝ բառ մը, որուն ստուգաբանական իմաստը պէտք է համապատասխաներ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած պատմա-քաղաքական իրադարձութեան իմաստին, այսինքն՝ Agatangelos-բարի հրեշտակ, ինչպէս՝ evangelia աւետարան եւայլն: Բայց Կուտշմիթը տարբեր խմբագրութիւններու համեմատական ուսումնասիրութեամբ հաստատեց, որ Ագաթանգեղոսի բնագիրը հայերէն է, իսկ յունարէնը՝ անոր թարգմանութիւնը:
Ըստ Նիկողայոս Մառի, Գրիգորի լուսաւորչական գործունէութեան մասին Դ․ դարուն եղած են զանազան զրոյցներ, որոնք վերապատմած եւ վերամշակած է Մեսրոպ Մաշտոց, երկը կոչելով Ագաթանգեղոս՝ Αγαθάγγελος, որ կը նշանակէ լաւ, բարի լուր տուող, լրատու կամ լրաբեր կամ բարի հրեշտակութիւն բերող: Ագաթանգեղոսի ուսումնասիրութեամբ զբաղած են նաեւ Յ. Տաշեանը, Գ. Զարբհանալեանը, Գր. Խալաթեանցը, Բ. Սարգիսեանը, Գ. Տէր–Մկրտչեանը, Մ. Աբեղեանը, Ն. Ադոնցը, Կ. Մելիք–Օհանջանեանը, Ժ. Կարիթը, Ա. Տէր–Ղեւոնդեանը, Պ. Մուրատեանը: Այժմ կ'իշխէ այն տեսակէտը, որ Ա. հայ պատմագիր է, որ անոր երկը գրուած է Ե․ դարու առաջին կիսու հիւթեղ ու կենդանի հայերէնով:
«Պատմութիւն Հայոց»-ի Բովանդակութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ագաթանգեղոսի պատմութիւնը կ'ընդգրկէ Գ․ եւ Դ․ դարու սկիզբի իրադարձութիւնները՝ սկսած Սասանեաններու իշխանութեան սկիզբէն (226) մինչեւ հայոց Տրդատ Գ․ թագաւորի գահակալութեան վերջին տարիները: Բաղկացած է յառաջաբանէ ու երեք մասերէ: Յառաջաբանին մէջ Ագաթանգեղոս տուեալներ կը հաղորդէ իր մասին եւ կը նշէ Պատմութիւնը գրելու շարժառիթները:
- Առաջին մասը՝ «Վարք եւ Պատմութիւն Ս. Գրիգորի», նուիրուած է հայ-պարսկական պատերազմներուն, Տրդատ Գ․-ի գահակալութեան, Գրիգոր Լուսաւորիչի «չարչարանքներուն» եւ Հռիփսիմեան կոյսերու հետ կապուած հրաշապատում անցուդարձերուն:
- Երկրորդ բաժինը՝ «Վարդապետութիւն Ս. Գրիգորի», քրիստոնէութեան հիմունքները պարունակող քարոզ է, ծաւալով աւելի ընդարձակ, քան պատմութեան մնացած բոլոր մասերը միասին: Այս բաժինը կը բացակայի յունական, արաբական թարգմանութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ հայերէն խմբագրութեան քանի մը ձեռագրերու մէջ:
- Երրորդ մասին մէջ՝ «Դարձ փրկութեան Աշխարհիս Հայաստան», կը նկարագրուի քրիստոնէութեան տարածումը Հայաստանի մէջ:
Ագաթանգեղոսի սկզբնաղբիւրները գրաւոր են ու բանաւոր: Գրաւորներէն են՝ Աստուածաշունչը, վարքաբանական-վկայաբանական, աստուածաբանական եւ պատմագրական երկեր: Բնաւոր աղբիւրներ են բանահիւսական նիւթերը՝ ժողովրդական զրոյցներն ու վէպերը. «Արտաւան եւ Արտաշիր» վէպը, Խոսրովի ու Անակի վիպական զրոյցը, հայրենական գահին տիրանալու համար Խոսրով թագաւորի ժառանգ Տրդատի տենչերն ու սխրանքները, «Տրդատ Եւ Հռիփսիմէ» վիպական դրուագը եւ ժողովրդական զրոյցներու մէջ պահպանուած «Լուսաւորչի Վէպը»:
Ագաթանգեղոսի երկին մէջ իրադարձութիւններու եւ դէպքերու պատճառականութիւնն ու վերլուծութիւնը անտեսուած են: Պատմութեան առաջ մղիչ ուժը հրաշքն ու հրաշագործութիւնն են: Ամէն ինչ կը բացատրուի Աստուծոյ միջամտութեամբ եւ գերբնական ուժերու մասնակցութեամբ: Կեանքը պայքար է լոյսի ու խաւարի, Աստուծոյ եւ սատանայի, հաւատացեալի եւ անհաւատի միջեւ: Այսպէս, մեհեանները կը քանդուին խաչի զօրութեամբ, մարդակերպ հրէշներն ու դեւերը կը ցրուին լուսաւորիչի միջոցով՝ խաչի ազդեցութեամբ, խոզ-խոզակերպ Տրդատն ու անհաւատ հայ իշխանները կ'ընկճուին եւ փրկութիւն կը գտնեն լուսաւոր Աստուծոյ միջնորդութեամբ եւ այլն: Գործող անձերն այդ հակամարտ գերբնական ուժերու մարմնացումներն ու կրողներն են միայն: Ագաթանգեղոսը նաեւ կը ձգտի հիմնաւորել հայ եկեղեցւոյ ազգային ինքնուրոյնութիւնը «առաքելական ծագումը» եւ «գերապատիւ արժանիքը»: Ագաթանգեղոսի Պատմութիւնը ունի նաեւ գեղարուեստական արժէք:
Ագաթանգեղոսի երկը, որպէս Հայաստանի պատմութեան աղբիւր, իր տեսակի մէջ թերեւս միակն է, որ կու տայ Հայաստանի դարձը, նիւթեր հայ հեթանոսական կրօնքի եւ ժողովրդական հաւատալիքներու մասին, կ՝արտացոլէ հին ու նոր կրօնքներու՝ քրիստոնէութեան ու հեթանոսութեան պայքարի աստիճանական զարգացումը, առաջինի վերջնական յաղթանակը: Վերջապէս, Ագաթանգեղոս կը հաղորդէ բաւական հարուստ տեղեկութիւններ Հայաստանի նախարարական կազմի, ներքին կեանքի, աշխարհագրութեան եւ տնտեսութեան մասին:
«Պատմութիւն Հայոց»-ը բաղկացած է.
Յառաջաբան[3]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թարգմանութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ագաթանգեղոսի «Պատմութիւն»ը միջնադարուն թարգմանուած է յունարէն, արաբերէն, վրացերէն, հապեշերէն, լատիներէն եւ ունեցած է քանի մը խմբագրութիւն: Առաջին եւ ամէնակարեւոր թարգմանութիւնը յունականն է, որ ամբողջութեամբ յայտնի է միայն մէկ ձեռագիրի մէջ եւ կը գտնուի Ֆլորենսի Լարենդիանոս մատենադարանին մէջ (Լareոtianus, VII, 25): Ագաթանգեղոսի պատմութեան յունարէն թարգմանութեան ժամանակը բանասէրները կը համարեն Զ․ դարը: Սիմէոն Մեթափրասթեսը Ժ․ դարուն ամփոփեց յունարէն թարգմանութիւնը եւ տուաւ համառօտ խմբագրութիւն մը, որ ԺԱ. դարուն թարգմանուեցաւ վրացերէնի: Յունարէնէ անփոփուած է նաեւ ԺԲ. դարուն լատիներէն համառօտ խմբագրութիւնը:
Ագաթանգեղոսի պատմութեան յունարէն թարգմանութեան երեք նոր գրչագիրներ 1943–1946 թուականներուն հրապարակեց պելճիքացի հայագէտ Ժ. Կարիթը: Ագաթանգեղոսի երկի արաբերէն խմբագրութիւնը յայտնաբերած է Նիկողայոս Մառը 1902 թուականին, Եգիպտոսի Սինայի անապատի Ս. Կատարինէի վանքին մէջ։ Անիկա բոլորովին ինքնուրոյն, ըստ Մառի, մեզի չհասած հայերէն նախօրինակէն թարգմանուած, յունարէն կորսուած խմբագրութեան մը թարգմանութիւնն է:
1946 թուականին ժ. Կարիթը հրատարակեց Մատրիտի յունարէն գրչագիրներէն մէկուն մէջ (1107) գտնուող Ագաթանգեղոսի Պատմութեան նոր խմբագրութիւն մը, որ կոչեց «Վարք» (Գրիգոր Լուսաւորչի) եւ ցոյց տուաւ, որ վերոյիշեալ արաբ խմբագրութիւնը կը ծագի յունական այս «Վարք»էն: Այսպիսով Ժ. Կարիթը հաստատեց Մառի այն ենթադրութիւնը, թէ բացի մեզի յայտնի հայերէն ընդարձակ խմբագրութենէն, գոյութիւն ունեցած է նաեւ հայերէն այլ խմբագրութիւն: 1950 թուականին Ժ. Կարիթը հրատարակեց Ս. Կատարինէի վանքին մէջ յայտնաբերած արժէքաւոր արաբերէն ձեռագիր մը եւս, որ, անկախ Մառի յայտնաբերածէն, թարգմանուած է Ագաթանգեղոսի Պատմութեան յունարէն օրինակէն:
Երկեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայերէն հրտ. Գիրք վիպասանութեան, որ կոչի հոմանունակի Ագաթանգեղոս..., ԿՊ, 1709: Այլ հրտ., Կ.Պոլիս, 1822, Վնտ., 1835, 1862, 1930, Թ., 1882, 1914 Թրգմ.
- Ագաթանգեղայ Պատմութիւն Հայոց, աշխատ. Գ. Տէր–Մկրտչեան եւ Ս. Կանայանց, Տփղիս, 1909 (քննական հրտ.):
- Storia di Agatangelo. Versione italiana, Illustrata dai monaci armeni Mechitaristi, riveduta quato allo stile da N. Tomaseo, Venezia, 1843
- Agatange. Historie du regne de Tiridate et de la predication de Saint Gregoire I Jlluminateurl traduite..., V. Langloism, նրա Collection des bistoriends anciens et modernes de I'Armenie. t. 1, P., 1867
- Марр Н., Крещение Армян, Грузии, Абхазов и Аланов Святым Григорием (Арабская версия), СПБ, 1905 (հայերէն հրտ., Վաղ–պատ, 1911)
- Acta auctore Agathangelo; ex Bibliotheca Medicaea Florent. S. Laurentii, interprete J. Stiltingo, «Acta Sanctorum», Septemberis, 1762, t. 8;
- Vida de S. Gregorio, patriarca da Armenia. Conversao dos Armenios ao cristianisimo. Versao etiopica, publ. por Francisco Maria Esteves Pareira, Liboa, 1903.
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սարգիսեան Բ., Ագաթանգեղոս եւ իր բազմադարեան գաղտնիքը, Վենետիկ, 1890:
- Յակովբոս Տաշեան, Ագաթանգեղոս առ Գէորգայ Ասորի եպիսկոպոսին եւ ուսումնասիրութիւն Ագաթանգեղեայ գրոց, Վիեննա, 1891:
- Նորայր Բիւզանդացի, Կորիւն վարդապետ եւ նորին թարգմանութիւնք, Տփղիս, 1900:
- Անասեան Հ.Մ.,հայկական մատենագիտութիւն, հտ. Ա, Երեւան, 1959, էջ 161–213:
- Մելիք Օհանջանեան Կ., Ագաթանգեղոսի պատմութիւնն ու անոր ժողովրդական բանաւոր սկզբնաղբիւրները,«Մառը Եւ հայագիտութեան հարցերը»,[ժողովածու],Ե.,1968:
- Տէր–Ղեւոնդեան Ա., Ագաթանգեղոսի արաբական նոր խմբագրութիւնը (արաբերէն, բնագիր եւ ուսումնասիրութիւն), Ե., 1968:
- Адонц Н., Армения в эпоху Юстиниана, СПБ, 1908.
- Gutshmid A., Agathangelos, Lpz., 1877.
- Thoumaian G., Agathangelos et la doctrine de l'Église Arménienne au V siècle Lauzanne, 1879.
- Ryssel V., Ein Brief Georgs, Bischofs der Araber, an den Presbyter Jesus, aus dem Syrischen ubersetzt und erlautert..., «Erweiterter Separatabdruck aus den Theologischen Studien und Kritik», Gotha, 1883
- Lagarde P., Agathangelus und die Akten Gregors von Armenien, Gottingen, 1887.
- Carriere A., Les huit sanctuaires de I'Armenie payanne d'apres Agathange et Moise de Khoren, P., 1899.
- Weber S., Die Katholische Kirche in Armenian..., Freiburg in Breisgau, 1903.
- Garitte G., Documents pour I'Agathange R., 1946; Garitte G., Une version arabe de l'Agathange grec dans ie Sin. ar. 395; Louvain, 1950.
- Թոփճեան Արամ, Ագաթանգեղոսի «Պատմութեան» Վիեննայի կրկնագիր ձեռագիրը.- «Պատմա-բանասիրական հանդէս», 2005, № 2, էջ 144-153:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ագաթանգեղոսը «Հայկական Հանրագիտարանում» Archived 2016-03-04 at the Wayback Machine.:
|