Jump to content

Չինաստան

Չինաստան
Չինաստանի Դրօշակ Զինանշանը


Կը ներառնէ Փեքին, Թիանճին, Հըպէյ, Շանքսի, Ներքին Մոնկոլիա, Լիաոնինկ, Ճիլին, Հէյլօնկճիանկ, Շանկհայ, Չիանկսու, Զհեճիանկ, Անհոյի, Ֆուճիան, Ճիանգքսի, Շանտոնկ, Հենան, Հուպէյ, Յունան, Կուանկտոնկ, Կուանքսի Ժուանկ Ինքնավար շրջան, Հայինան, Չոնկքինկ, Սիչուան, Կոյժհու, Եունան, Հոնկ Քոնկ, Թիպեթ (ինքնավար շրջան), Շաանքսի, Կանսու, Քինկհայ, Նինկսիա (Ինքնավար շրջան), Սինկճիանք եւ Մաքաո
Պետական լեզու Դասական չինարէն, Չինարէն եւ languages of China?
Մայրաքաղաք Փեքին
Օրէնսդիր մարմին Չինաստանի Ժողովրդավար Հանրապետութեան Ազգային Համաժողով
Երկրի ղեկավար Քսի Ճինփինկ
Կառավարութեան ղեկավար Լի Քեքիանկ
Ազգաբնակչութիւն 1 442 965 000 մարդ (2021)[1]
Օրհներգ Չինաստանի օրհներգ
Հիմնադրուած է 1 Հոկտեմբեր 1949[2] թ.
Արժոյթ Ռենմինպի (եուան)
Ազգային տօն Ազգային Օր 1949, Հոկտեմբեր 1
Ժամային համակարգ Չինաստանի չափանիշ
Հեռաձայնային համակարգ +86
Համացանցի յղում .cn?, .中国?, .中國? եւ .公司?
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,768[3]
gov.cn
english.www.gov.cn
gov.cn

Չինաստան, ամբողջական անունը՝ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն (չինարէնի մանտարինեան բարբառով՝ =中华人民共和国|t=中華人民共和國 - [ճոնխուա րընմին կոն խէ կուոօ] Արտասանութիւն ), պետութիւն Ասիոյ Արեւելքը։ 1949 թուականէն կը ղեկավարուի համայնավար կուսակցութեան կողմէն։ Տարածքով ամենամեծ երկիրն է արեւելեան Ասիոյ մէջ եւ չորրորդը աշխարհի մէջ՝ Ռուսիայէն, Գանատայէն եւ ԱՄՆ-էն ետք։ Մայրաքաղաքը Փեքինն է․ մայրաքաղաք հռչակուած 1215 թուականին՝ մոնկոլներուն տիրապետութեան օրերուն[4]։

Չինաստանի անուանումը՝ Աւանդական եւ Ժամանակակից լեզուով

Չինաստանի պատմութեան ընթացքին, չինացիները շատ անուններով կ'անուանեն իրենց երկիրը։ Այսօր կը գործածուին՝ 中国 / 中國 - zhōngguó (zhōng=կեդրոն եւ guó=պետութիւն եւ կը հնչուի/ծոնկուօ-tʂʊŋ˥kwɔ˧˥/)։ Այդպէս կ'անուանէին Արեւմուտքի մեծ երկիրները, իսկ ճափոնցիները՝ 支那 Shina, ուրկէ կու գայ նաեւ Հնդկաչին անուանումը՝ 印度支那, Yìndù zhīnà։

1894 թուականին Սուն Եադ-Սեն Sun Yat-sen (Չինաստանի Հանրապետութեան հայրը կը համարուի) ճառի մը ընթացքին երկիրը zhōnghuá կ'անուանէ․ zhōng (中) եւ huá=Չին (華)։ Այս անուանումը այժմ կը գործածէ Չինաստանի Հանրապետութիւնը (Թայուան - Taïwan) Zhōnghuá Mínguó 中華民國 / 中华民国։ Իսկ Չինաստանի Ժողովրդավար Հանրապետութիւնը՝ Zhōnghuá Rénmín Gònghéguó 中華人民共和國 / 中华人民共和国, ուրկէ համառօտ՝ կը յառաջանայ Չինաստան zhōngguó անունը[5][6]։

Չինաստան բնակուած է վաղեմի ժամանակներէն։ Հոն զարգացած է աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն մէկը։ Հնագիտական պեղումներէն կը յայտնուի, թէ Չինաստանի տարածքը բնակուած է 2․24 միլիոն 250 հազար տարիներ առաջ[7]։

Փեքինի համալսարան, հաւկթաման Ք.Ա. 5000, Լոնկշան շրջան․
Մինկ Հարստութեան շրջան

Ամենահին արձանագրութիւնը կը թուագրէ Ք.Ա. 7000 թուականը։ Նոր Քարէ դար ժամանակաշրջանին, չինական մշակոյթը կը զարգանայ երկու հիմնական կեդրոններու մէջ․ Հիւսիս, Դեղին Գետի շուրջը եւ Հարաւ՝ Եանկծէ Yangtze (կը նշանակէ երկար գետ) գետին շուրջ։ Այս երկու շրջաններուն աշխարհագրական դիրքը՝ դժուար հասանելի, կը թոյլատրէ խաղաղ պայմաններու մէջ տեղական մշակոյթներու զարգացման։ Ք.Ա. 5000-3000 թուականներուն, կը զարգանայ կաւագործութիւնն ու յախճապակիի արուեստը[6][8][9]:

Նախապատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չինաստանի պատմութեան քաղաքակրթութեան զարգացումը չորս շրջաններու կը բաժնուի.

Առաջին Թագաւորութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սիայ թագաւորութիւն (夏朝) Չինաստանի Պատմութեան մէջ յայտնի առաջին թագաւորութիւնն է (Ք.Ա. 2205-1766)։ Ուղղակի գրաւոր աղբիւրներ չեն պահպանուած․ աւելի ուշ ժամանակներու մէջ յիշատակուած թագաւորութիւն է եւ երկար ժամանակ պատմաբաններու կասկածի տակ կը դրուէր։ Սակայն հնագիտական պեղումները կը հաստատեն անոր գոյութիւնը[6][8]։

Շանկ Թագաւորութիւնը

Անոր կը յաջորդէ Շանյի կամ՝ Շանկ թագաւորութիւնը (商朝) (Ք.Ա. մօտ 1600-1046 կ'անուանուէր նաեւ Յին)։ Ասոր գոյատեւման դարաշրջանէն յայտնաբերուած են առաջին գրաւոր վկայութիւնները՝ արձանագրութիւններ, ձեռագիրեր եւ խեցեգրութիւններ (Խեցիներու պատեաններ), որոնք ձայնասփիւռի ձեւով հնարաւոր դարձած են թուագրել[10]։ Այդ օրերուն արդէն պրոնզը կը տարածուի, կը տպագրուին դրամներ, կը կառուցուին հսկայ պատեր, ինչպէս նաեւ ձիակառքեր։ Շանյի հարստութեան ընթացքին զարգացած է վարչարարութիւնը։ Իր ամենահզօր շրջանին մէջ, կը տիրէ Դեղին գետի միջին եւ ստորին հոսքերու շրջաններէն մինչեւ ներկայ Լիաոնինյ շրջանը եւ Լանյցզեկեանկ գետի միջին շրջանները։ Ներկայիս Չենտու քաղաքի տարածքին հնագիտական պեղումները կը վկայեն, որ այդ ժամանակաշրջանին մէջ զուգահեռաբար գոյութիւն ունեցած են նաեւ այլ ինքնուրոյն մշակոյթներ (գտնուած են ոսկեայ, պրոնզէ եւ նեֆրիթէն պատրաստուած առարկաներ)[6][8]։

Ժոու թագաւորութիւն (周朝, Ք.Ա. 1045-221) ժամանակային առումով բաժնուած է երկու մասերու՝ Արեւմտեան Ժոու թագաւորութիւն, որ գոյութիւն ունեցած է Ք.Ա. 1045-771, եւ Արեւելեան Ժոու թագաւորութիւն (Ք.Ա. 770-256)։ Վերջինն ալ իր հերթին բաժնուած է Գարնանային եւ Աշնանային ժամանակաշրջանի եւ Մարտնչող թագաւորութիւններու ժամանակաշրջանի (戰國時代 Zhànguó Shídài)։ Առաջին՝ Արեւմտեան Ժոու հարստութեան ժամանակաշրջանէն մեզի հասած են միայն աւանդութիւններ, իսկ Արեւելեան Ժոու հարստութեան մասին պահպանուած են այդ ժամանակուան բազմաթիւ փաստաթուղթեր։ Ժոու թագաւորութիւնը, հաւանաբար բազմազան փոքր ցեղերու միաւորումն էր, որոնք փոքր պետութիւններ կը կազմէին։ Արեւմտեան Ժոու ժամանակաշրջանին կայսրութեան ղեկավարները կ'անուանուին արքայ (Վանգ 王), իսկ կառավարիչները՝ Գոնգ (公 սովորաբար կը թարգմանուի «հերցոգ»)։ Միայն Գարնանային եւ Աշնանային ժամանակաշրջանին մէջ կը սկսին միւս տիրակալները իրենք զիրենք արքայ անուանել։

Չինասատանի տարածքները պատմութեան ընթացքին

Ժոու ժամանակաշրջանէն սկսեալ պատմական իրադարձութիւնները հնարաւոր կը դարձնեն՝ թուագրել եւ դասակարգել։ Ժոու տիրակալներու իշխանութեան տկարութեամբ, կեդրոնացած իշխանութեան ուժը կը թուլնայ։

Սկիզբը՝ կան շուրջ 170 փոքր թագաւորութիւններ։ Անոնց միջեւ կապերը տկար են, սակայն իրար կը համարեն միեւնոյն ժողովուրդի մաս, եւ կը պայքարին դրացի բարբարոսներուն՝ քոչուոր ցեղերու դէմ։ Այս թագաւորութիւններուն մէջ կը կայանան խառն ամուսնութիւններ։ Անոնք պատերազմի ատեն հանդէս կու գան մէկ ճակատով։ Մարտնչող թագաւորութիւններու ժամանակաշրջանին մէջ Warring States period գոյութիւն ունին ընդամէնը 7 թագաւորութիւններ։ Այդ օրերուն, գիւղատնտեսական յառաջընթացին զուգընթաց, երկիրին բնակչութիւնը սրընթաց կ'աճի։ Կը ստեղծուին պողպատեայ զէնքեր։ Ժոու ժամանակաշրջանը Չինական մեծ փիլիսոփայութեան ծաղկման դարաշրջանն է[5][6][8]։

Կայսրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չինական կայսրութիւններուն աւելի քան 2000-ամեայ պատմութեան ժամանակաշրջանը միշտ կայուն եւ խաղաղ չէ եղած։ Քոչուոր ցեղերու յարձակումները (ընդհանրապէս՝ Հիւսիսային շրջաններէն) եւ արքայական տուներու միջեւ բախումները, կը յառաջացնեն երկարամեայ պառակտումներ։
Չինական աւանդական պատմագրութիւնը, մեծ տեղ կը յատկացնէ հիմնական (կարեւոր) թագաւորութիւններուն պատմութեան նկարագրութեան, իսկ՝ պառակտման ժամանակները ստորադասուած են։ Ստորեւ նկարագրուած է բոլոր ժամանակաշրջաններու արքայական տուներու համառօտ պատմութիւնը։

Չին Հարստութիւն (Ք.Ա. 221 - 207)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Չինաստանի Մեծ Պարիսպը
Չինաստանի Մեծ Պարիսպը, Պատալինկ

Ժոու հարստութեան կը յաջորդէ Չին հարստութիւնը․ անոր կազմին 7 թագաւորութիւններէն մէկն էր։ Այս թագաւորութիւնը կ'ունենայ արդիւնաւէտ կառավարման համակարգ եւ գիւղացիներու կեանքը կը սահմանուի խիստ օրէնսդրութեամբ։ Քաղաքական գործիչ, փիլիսոփայ եւ գործարար Լիւի Բուվէյը սադրանքներու միջոցով կը յաջողի եւ Ժուանյսիանյ արքայազնը կը ժառանգէ իշխանական գահը եւ զինք դիւանապետ կը նշանակէ։ Արքայազնին մահէն ետք, թագաւոր կը դառնայ անոր որդին՝ Չժաո Չժենգը, դաժան անձնաւորութիւն մը։ Անոր դէմ, տեղի կ'ունենան քանի մը անյաջող մահափորձեր։ Չժենգը կ'արշաւէ դրացի թագաւորութիւններուն դէմ եւ 221 թուականին կը հասնի թագաւորութիւններու միաւորման։ Ան կը թագադրուի, իբրեւ առաջին կայսր եւ ինքզինք կը կոչէ Քին Շիհուանդի («Քինի առաջին աստուածային կայսր»)։ Այնուհետեւ միաւորուած կայսրութեան մէջ, կ'իրականացուին շարք մը բարեփոխումներ։ Ամբողջ Չինաստանը կը կառավարուի Քինի կայսրութեան արդիւնաբեր վարչաձեւով։ Բացի ատկէ՝ կը կանոնաւորուին չափի, կշիռի միաւորները, իսկ Լի Սի նախարարը՝ կը միաւորէ գիրը։

Քոչուոր ցեղերէն պաշտպանուելու համար երկիրին Հիւսիս-արեւմտեան լայնքին, կը կառուցուի Չինական Մեծ Պարիսպը (իբրեւ կապ՝ արդէն գոյութիւն ունեցող եօթ թագաւորութիւններու կառուցած պատին)։ Կը կառուցուին առաջին փոխադրութեան ջրանցքները։ Ք.Ա. 210 թուականին, Քին Շիհուանդին կը վախճանի եւ կը թաղուի մեծ պուրակին մէջ[6]։

Հան Հարստութիւն (Ք.Ա. 206 - 220)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Թրծակաւ Բանակը, կը գտնուի Չին կայսրին դամբանին մօտ
Հան-ժամանակաշրջանի ձիու քանդակ

206 թուականի ապասպամբութեան ընթացքին կը հրկիզուի մշակութային կեդրոն Xianyang (Chinese: 咸阳; pinyin: Xiányáng) քաղաքին թագաւորական գրադարանը։ Ապստամբութեան հետեւանքն է, Հան հարստութեան իշխանութեան տիրանալը։ Անոնց հեզ կառավարութեամբ երկիրը այդ դարաշրջանին կը դառնայ տնտեսապէս ամենազօրաւոր պետութիւնը, նաեւ սահմանները կը տարածուին Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Հնդկաչին։ Այս սահմաններուն տարածման իբրեւ հետեւանք, Մետաքսի Ճամբան[11][12] կը հաստատուի․ կամուրջ մը Արեւելքին եւ Արեւմուտքին միջեւ [13]։ Հան կայսրութեան ռազմական եւ տնտեսական կարողութիւնները այնքան կը հզօրանան, որ այսուհետեւ չինացի ժողովուրդը կը նոյնանայՀան չինացիներու հետ։ Կը սկսի տարածուիլ Քոնֆուգիանիզմ Confucianism վարդապետութիւնը։

Այդ ժամանակ, ներկայիս Հարաւային Չինաստանի ժողովուրդները կը միանան Չինաստանին (Քանտոնի (Գուանգչժու) նուաճումը Ք.Ա. 111 թուական)[6]։

Երեք Կայսրութիւններ (265 - 581)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Երեք կայսրութիւնները

Վերջին Հան կայսրի տապալումէն առաջ կեդրոնացած իշխանութիւն այլեւս գոյութիւն չունէր, ու առանձին տարածքներուն մէջ կ'իշխէին տարածաշրջանային իշխանները, որոնք սկիզբը կը գործէին դաշինքի մը հովանիին տակ, սակայն շատ չանցած կը սկսին պատերազմիլ իրարու դէմ։ Ի վերջոյ իրար յաջորդող վարչակարգերը, ծանօթ իբրեւ Հիւսիսային եւ Հարաւային Կայսրութիւններ, իրարու կը միանան 581 թուականին[14]։

Սուի Հարստութիւն (581 - 618)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը յաջողի վերականգնել Հան Կայսրութեան շրջանին փայլքը, սակայն արագ կը տկարանայ, Հարաւէն դրացիներուն հետ պատերազմներուն ընթացքին։ Անոր տիրութեան ժամանակաշրջանին է, որ կը կառուցուի Մեծ Ջրանցքը եւ Պուտհիզմը կը տարածուի պետութեան մէջ[15]։

Դանկ եւ Սոնկ Հարստութիւններ (Է. դար - ԺԲ. դարասկիզբ)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իրար յաջորդող Դանկ եւ Սոնկ հարստութիւններու ընթացքին, Չինաստանը կը ճանչնայ տնտեսութեան, արհեստագիտութեան եւ մշակութային մարզերէն ներս մեծ աճ մը[6]։

Դանկ Հարստութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դանկ Հարստութիւնը կը վերատիրանայ Արեւմտեան Շրջաններուն եւ Մետաքսի ճամբուն։ Մայրաքաղաք Չանկա'նը Chang'an կը դառնայ համաշխարհային քաղաք մը, սակայն կը քանդուի Ան Շի ապստամբութեան An Shi Rebellion ժամանակ՝ Ը. դար։ Կայսրութիւնը բոլորովին կը քայքայուի, երբ բանակի ղեկավարները կեդրոնին չեն հնազանդիր։

Սոնկ հարստութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սոնկ հարստութիւնը վերջ կը դնէ անջատողական շարժումներուն 960 թուականին։ Կը յաջողի իշխանութեան տիրանալ եւ երկիրին մէջ խաղաղութիւնը պահել․ կը տանի մեղմ քաղաքականութիւն դրացի Khitan Liao թագաւորութեան հետ (արեւելեան Ասիա)։ Այս կայսրութեան շրջանին է, որ աշխարհի մէջ առաջին անգամ կը գործածուի թղթադրամը։ Նաեւ կը հիմնուի Չինաստանի առաջին մնայուն նաւատորմը, զուգահեռ աճող նաւաշինութեան եւ ծովային առեւտուրին։

Պուտիզմը, երկիրին գլխաւոր կրօններէն մէկը կը դառնայ։

Ժ. եւ ԺԱ. դարերու ընթացքին, Չինաստանի բնակչութեան թիւը կը կրկնապատկուի՝ շուրջ 100 միլիոն։ Հետեւանքն է բրինձի մշակումի տարածման եւ բերքի արտադրութեան։ Նաեւ կը զարգանան փիլիսոփայութիւնը՝ Գոնֆուքիզմ Confucianism, արուեստը, բնավայրի եւ յախճապակի արուեստը բարձր մակարդակի կը հասնի։ Սակայն պետութեան ռազմային ուժի տկարութենէն կ'օգտուին Մոնկոլները ու կ'արշաւեն[16]։

Չինաստանի Պատմութեան Գիծը

Մոնկոլներու գերիշխանութեան ժամանակաշրջան (1271 - 1368)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1271 թուականի, Մոնկոլները Չինաստանը կը գրաւեն եւ Եուան Հարստութեան իշխանութիւնը կը հաստատեն։ նախքան Մոնկոլներու ներխուժման, երկիրին բնակչութեան թիւը մօտաւորապէս 120 միլիոն կը հաշուէր, սակայն 1300 թուականներուն՝ 60 միլիոն։

1274 եւ 1281 թուականներուն, Մոնկոլներուն ղեկավարը՝ Քուպլայ Խան Kublai Khan երկուստեք կը փորձէ արշաւել Ճափոնի վրայ, սակայն չի յաջողիր, մրրիկներու պատճառաւ չինական նաւատորմը կը քայքայուի։

Մոնկոլները նկատելի բարեկարգումներ կ'ընեն։

Մինչեւ ԺԳ. դարու վերջաւորութեան, Եւրոպա շատ քիչ բան գիտէր Չինաստանի մասին։ Այս շրջանի Չինաստանի կեանքին մասին տեղեկութիւնները, մեզի հասած են շնորհիւ մեծ ճամբորդ Մարքօ Փոլոյի յուշագրութիւններուն[17][6]։

Մինկ Հարստութիւն (1368 - 1644)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հան ազգութեամբ Զհու Եուանզհանկ Zhu Yuanzhang գիւղացի մը, կը տապալէ Եուան հարստութիւնը եւ Մինկ Հարստութիւնը կը հիմնէ։ Մայրաքաղաքը Նանճինկէն՝ Փեքին կը տեղափոխուի։ Այս հարստութեան ընթացքին Չինաստան Ոսկեդար մը եւս կ'ապրի։ Կը կառուցուի այդ ժամանակաշրջանի աշխարհի ամենահզօր նաւատորմը, զոր ծովակալ Զհենկ Հէ եօթը արկածախնդրական առաքումներու կ'առաջնորդէ՝ Հնդկական Ովկիանոսի կղզիներէն մինչեւ Ափրիկէի արեւելեան ափերը։ Պետութեան սահմանները կ'ընդարձակին։ Կը զարգանան փիլիսոփայութիւնը, արուեստը եւ արհեստագիտութիւնը։

Սակայն կայսրութիւնը ենթակայ կ'ըլլայ երկարատեւ խառնաշփոթ վիճակի, որ տնտեսապէս եւ բարոյապէս երկիրը կը տկարացնէ․ երկրին պետական խաւը տուրքերու գանձումը արգելքի տակ առնելու շարժման զօրավիգ կը կանգնի, Ճափոնի ներխուժումը Քորէա (1592–1598) եւ Մանջուներու ներխուժումը։

1644 թուականին, զանազան ապստամբ խումբերու միացեալ դաշնակցութիւն մը Փեքին մայրաքաղաքը կը գրաւէ․ ապստամբութիւնը գիւղացի Լի Զիչեն կը ղեկավարէ։ Վերջին Մինկ կայսրը անձնասպան կ'ըլլայ[6]։

Չինկ կամ Ճինկ Հարստութիւն (1644 - 1912)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չինկ կամ Ճինկ Հարստութիւնը, Չինաստանի կայսերական վերջին հարստութիւնն է։

Չինաստանի պատմութեան եռալեզու ձեռագիր․ գրուած Չինարէն (中國), Մանջու, Մոնկոլ լեզուներով։ Հրատարակուած Չինկ Հարստութեան իշխանութեան ընթացքին։ Այս բաժինը կ'ըսէ՝ «Մեր երկիրը Չինաստանը կը գտնուի Ասիոյ Արեւելքը ... Հոն, 5000 տարիներ մշակոյթը զարգացաւ» ...

1618 - 1683 տարիները ներքին աղէտալի կռիւներու շրջան մը կը բոլորեն, մինչեւ Չինկ հարստութեան իշխանութեան տիրանալը։ Այս երկարատեւ արիւնահեղ կռիւները պատճառ կ'ըլլան, որ 25 միլիոն մարդ զոհուի եւ Չինաստանի տնտեսութիւնը քայքայուի։

Չինկ հարստութեան իշխանութեան ընթացքին, Չինաստան ալ աւելի կ'ընդարձակէ իր սահմանները։ Այս հարստութեան կայսրերէն, մէկ քանին կը հովանաւորեն ու կը պաշտպանեն գրականութիւնն ու արուեստը։ Սակայն, այս արքայական ընտանիքին վարած քաղաքականութիւնը երկիրը կը մեկուսացնէ, ուրոյն մշակոյթը աղաւաղումէ փրկելու միտումով։

Կը յաջորդեն ներքին անկայունութեան եւ միջ-քաղաքացիական կռիւներ, որոնց ընթացքին 10 միլիոնէ աւելի մարդ կը զոհուի․ Ճերմակ Ներգիւնի Ապստամբութիւն White Lotus Rebellion (1796-1804) [18], Թայփինկի Ապստամբութիւնը Taiping Rebellion [19], որ կը քանդէ Հարաւային Չինաստանը 1850-1860 թուականներուն եւ Տունգանի Ապստամբութիւնը Dungan Revolt (1862-77) [20]։

ԺԹ. դարու կէսերուն, կայսրութիւնը Արեւմտեան կայսերապշտութեան հետ դէմ յանդիման կու գայ Աֆիոնի Կռիւներուն Opium Wars ընթացքին: Անգլիոյ (1839-1842) եւ Անգլիա-Ֆրանսական (1856-1860) ճակատին դէմ պատերազմներուն[21] կը պարտուի եւ կը ստիպուի շարք մը զիջողական դաշինքներ կնքելու․ Հոնկ Քոնկ Hong Kong Անգլիոյ կը յանձնուի 1842-ին, օտար քաղաքացիներ իրաւունք կ'ունենան Չինաստան հաստատուելու։ Իսկ Չին-Ճափոնական առաջին պատերազմին ընթացքին, Չինաստան Քորէայի թերակղզին կը կորսնցնէ եւ Թայուանը Ճափոնին կը փոխանցէ։

ԺԹ. դարու սկիզբներուն կայսրութեան տնտեսութիւնը, քաղաքական եւ ընկերային կեանքը մեծ նահանջ կ'արձանագրեն։ Կը յառաջանայ արտագաղթի մեծ ալիք մը։ 1876-79 տարիներուն Հիւսիսային Չինաստանը համաճարակ սովի կը յանձնուի․ կ'ենթադրուի թէ 9-13 միլիոն մարդ կը մահանայ [22]։

Կուանկքսու կայսրը կը փորձէ կացութիւնը փրկել ներկայացնելով 1898-ին բարեկարգումներու ծրագիր մը՝ Սահմանադրական Թագաւորութիւն հաստատել, սակայն կը նուաղի կայսրուհիի դեր կատարող Cixi հարսքոյրին հակառակութեան պատճառով[23]։ 1899-1901 թուականներուն Պոքսերներուն Ապստամբութիւնը Boxer Rebellion [24] ալ աւելի կը տկարացնէ պետութիւնը։

Կուանկքսու Guangxu կայսրը անզաւակ ըլլալով, Cixi կայսրուհին իր մահուան անկողինէն, հրամանագիրով կ'ապահովէ Չինկ Հարստութեան գահին շարունակութիւնը, նշանակելով գահաժառանգ Մանջու արքայական տան պատկանող Փու-յի Puyi մանուկը։ Նշանակումին յաջորդ օրը Կուանկքսու կայսրը կը մեռնի, 14 Նոյեմբեր 1908։ Երկու (2) տարեկան եւ տասը ամսու Փու-յին* կայսր կը դառնայ, Դեկտեմբեր 1908-ին եւ անոր հայրը կը վարէ փոխարքայութիւնը։ Պատմութեան մէջ կը յիշատակուի իբրեւ Չինաստանի վերջին Կայսրը։

Ի վերջոյ 1911-12 թուականներուն պայթած ապստամբութեամբ կը վերջանայ 2000 տարուան Կայսրութեան երկար ժամանակաշրջանը [25][6]։

*Փու-յի վերջին կայսրը կը մահանայ աղքատութեան մէջ, 1967 թուականին Փեքին։

Հանրապետութիւն (1912 - 1949)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1939, Մաօ Ցեթունկ, ճառախօսի մը ընթացքին

1 Յունուար 1912 թուականին կը հիմնուի Չինաստանի Հանրապետութիւնը․ Ազգայնական Կուսակցութենէն Kuomintang Սուն Եադ-Սէն նախագահ կը յայտարարուի։ Աւելի ետք, նախագահութիւնը կը յանձնուի Եուան Շիգայի, նախկին զօրավար․ ան 1915 թուականին ինքզինք կայսր կը յայտարարէ։ Սակայն, գալով դէմ յանդիման ժողովուրդի դատապարտութեան եւ իր հովանաւորած Պէյեանկ Բանակին Beiyang Army հետ, կը ստիպուի հրաժարիլ եւ Հանրապետութիւնը վերահաստատել։

Միաժամանակ, զանազան շրջաններու կառավարիչները, ժողովուրդին ծանր տուրքեր կը պարտադրեն իրենց հաշւոյն․ անոնք ունին անձնական բանակ եւ իւրաքանչիւրը կը փորձէ ընդարձակել իր շրջանը, տեղական բախումներ յյառաջացնելով։ Այս անկարգ վիճակին վերջ կը դնէ 1927 թուականին Ազգայնական Կուսակցութիւնը Չեանկ Քայ-Շէկի Chiang Kai-shek ղեկավարութեամբ։ Երկիրը կը միացնէ, մայրաքաղաքը Նանճինկ կը փոխադրէ։ Կը փորձէ ծրագիրի մը նախագիծով ստեղծել արդի ժողովրդավարական պետութիւն մը, բայց երկիրի քաղաքական պառակտումը չի ներեր այս զարգացման․ նաեւ կը շարունակուին Ազգայնականներու եւ Համայնավարներու միջեւ կռիւները, որոնք քաղաքացիական պատերազմի կը մղեն երկիրը։

1945․ Մաօ Ցեթունկ եւ Չեանկ Քայ-Շէկ Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին կը բաժակաճառեն

Համայնավարական ուժերը, 1934-1935 թուականներուն խոյս տալու համար ազգայնական ուժերէն, կը քալեն (Long March) երկիրին տարածքին Հարաւ Արեւելքէն դէպի Հիւսիս տալով տասնեակ հազարներով զոհեր։ Մաօ Ցեթունկ համայնավար կուսակցութեան ղեկավարը կը դառնայ։

Ազգայնականներուն Ելքը, նահանջը դէպի Թայուան

Չին-Ճափոնական երկրորդ պատերազմին ընթացքին (1937-1945), այս երկու կուսակցութիւնները ժամանակաւոր կը գործակցին։ Ճափոնական ուժերը վայրագութիւններ կը գործեն անզէն չին ժողովուրդին վրայ․ միայն մայրաքաղաք Նանճինկին մէջ 40,000 - 300,000 չինացիներ ջարդի կ'ենթարկեն։ Ընդհանուրին մօտաւորապէս 20 միլիոն անզէն մարդ կը մահանայ։

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք, Չինաստանի Հանրապետութիւնը (Թայուան) Միացեալ Թագաւորութեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Խորհրդային Միութեան հետ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հիմնադրութեան արձանագրութիւններուն մէջ կը վերագրուին իբրեւ Դաշնակից «Մեծ Չորս»ը։

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք, Չինաստանը կրնայ ըլլալ յաղթողներէն, սակայն երկիրը աւերուած է, տնտեսութիւնը՝ քայքայուած։ Քաղաքացիկան կռիւը համայնավարներուն եւ ազգայնականներուն միջեւ կը վերսկսի[5][6][26]։

Ժողովրդավար Հանրապետութիւն (1949 - այսօր)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1949 թուականին, Քաղաքացիական կռիւը կը վերջանայ։ Համայնավարները կը տիրեն երկիրին մեծ մասին։ Ազգայնականները կը նահանջեն եւ կը կեդրոնանան Թայուան* եւ շուրջի կղզիներուն։ Հոն կը հաստատեն Չինաստանի Հանրապետութիւնը։

  • Թիպեթի լեռնադաշտը, Yarmothang
    Թայուան․ կղզի Չինաստանի Հարաւ-Արեւելքը

Միաժամանակ, 21 Սեպտեմբեր 1949-ին, Համայնավար կուսակցութեան նախագահ Մաօ Ցեթունկ, կը յայտարարէ Չինաստանի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան ստեղծումը։ Կը յաջորդէ փառաշուք տօնակատարութիւն Tiananmen հրապարակին վրայ 1 Հոկտեմբերին։ Այդ օրը կը յայտարարուի երկիրին Առաջին Ազգային Օրը։ 1950 թուականին, իսկ Թիպեթը բռնի ուժով Չինաստանին կը միացուի[27]։

Թայուան կամ՝ Չինաստանի Հանրապետութիւն

Չինաստանի Հանրապետութիւն, յաճախ կ'օգտագործուի Թայուան անուանումը, որովհետեւ կը գտնուի համանուն կղզիին վրայ։ Մասամբ ճանչցուած պետութիւն է՝ Չինաստանի Հարաւ Արեւելքը, Արեւելեան Ասիոյ մէջ։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան անդամ կը մնայ մինչեւ 1971։

Չինաստանի ցամաքամասին մէջ, Համայնավար իշխանութիւնը հողային բարեկարգումներով գիւղացիներուն եւ շինականներուն մօտ կ'ամրացնէ իր ժողովրդականութիւնը (1-2 միլիոն հողատէրեր մահապատիժի կ'ենթարկուին)։ 1950 թուականին բնակչութեան թիւը 550 միլիոն էր՝ 1974 թուականին 900 միլիոնի կը հասնի։

Չինաստան կը զարգացնէ ճարտարարուեստական ազատ ուրոյն դրութիւն մը եւ իր կորիզային զէնքերը։ Սակայն, 1958-1961 թուականներու «Մեծ ոստում մը դէպի յառաջ» Great Leap Forward նշանաբանով տեսլապաշտական բարեկարգումներու հսկայ ծրագիրին հետեւանքը կ'ըլլայ՝ 15-35 միլիոն զոհերու, մեծամասնութիւնը սովի պատճառով[28] [29]։ Մաօ Ցեթունկը կը կորսնցնէ ղեկավարութիւնն ու իր հեղինակութիւնը։

1966 թուականին, Մաօ յենելով երկիրին երիտասարդութեան վրայ, իշխանութեան կը վերադառնայ եւ կ'արձակէ Մշակութային Յեղափոխութիւնը․ կը յաջորդէ տասը տարիներու քաոսային, քաղաքական հակաապստամբութեան եւ ընկերային յեղաշրջման շրջան մը։ Վերջ կը գտնէ անոր մահով[30]։

1971 թուականին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ, Չինաստանի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւնը կը փոխարնէ Չինաստանի Հանրապետութեան (ծանօթ նաեւ իբրեւ Թայուան)։ Այնուհետեւ, կազմակերպութեան Ապահովութեան Խորհուրդին մէջ Մնայուն Անդամ է։

Մաոյի մահէն ետք, պետութեան ղեկավար կը դառնայ Տենկ Քսիաոփինկ Deng Xiaoping․ ան համայնավար կուսակցութեան բարեկարգողներու հոսանքին կը պատկանի։ Անոր օրով, իշխանութեան հակակշիռը անձերու անհատական կեանքին վրայ կը նուազի եւ տնտեսական կարեւոր բարեկարգումներ կը հաստատուին․ երկիրը կ'անցնի խառն տնտեսութեան[31]։

1989, Tiananmen հրապարակին վրայ ուսանողներու հաւաք-բողոքը

Կը ձերբակալուին բազմաթիւ պատասխանատուներ Մշակութային Յեղափոխութեան շրջանէն, որոնց մէջ նաեւ Մաօ Ցեթունի այրին եւ անոր ընկերակիցները, ծանօթ իբրեւ՝ Չորսերու Վոհմակը։

4 Դեկտեմբեր 1982-ին, Չինաստան կ'իւրացնէ ներկայ Սահմանադրութիւնը։ 1989, Tiananmen հրապարակին վրայ ուսանողներու հաւաք-բողոքը բռնիօրէն կը կասեցուի․ Արեւմուտքի երկիրներէն բողոքներու եւ պատժամիջոցներու ալիք մը կը յառաջանայ։

Այնուհետեւ, իրարայաջորդ ղեկավարներն ու կառավարութիւնները, յաջորդաբար մեղմ եւ ապակեդրոն քաղաքականութիւն մը կը վարեն։ Չինաստան կը զարգանայ, կը բացուի դուրսի աշխարհին, ներքին հասարակական եւ ընկերային կեանքը կը բարեկարգուի, հազարներով օտար ընկերութիւններ երկիրին մէջ կը հաստատուին ու պետութիւնը կը դառնայ աշխարհի ամենարդիւնաբեր երկիրներէն մէկը[31]։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բուն արձանագրութիւն՝ [1]

Չինաստան եւ իր դրացիները
Լի գետ․ Չինաստանը Արեւմուտքէն Արեւելք կը ճեղքէ

Չինաստան ամենաընդարձակ երկիրներէն է։ Եթէ հաշուի առնենք միայն ցամաքի բաժինը (առանց գետերու եւ լիճերու), մեծութեամբ աշխարհի երկրորդ երկիրն է, Ռուսիայէն ետք։ Տարածութիւնն է 9.596.960 քմ. քառակուսի։

Սահմանակից երկիրներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թիւով 14 սահմանակից երկիրներն են․

  • Հարաւէն՝ Վիէթնամ եւ Լաոս,
  • Հարաւ-Արեւմուտքէն՝ Պուրմա (Միանմար/Myanmar),
  • Արեւմուտք եւ Հարաւ-Արեւմուտքէն՝ Նեփալ, Հնդկաստան, Պութան եւ Arunachal Pradesh (Հնդկաստանի վարչական հովանաւորութեան տակ),
  • Արեւմուտքէն (կարգով դէպի Հիւսիս)՝ Ազատ Քաշմիր եւ Ժամու (Հնդկաստանի վարչական հովանաւորութեան տակ) ու Կիլկիդ-Պալտիստան Gilgit-Baltistan ( Փաքիստան վարչական հովանաւորութեան տակ), Աֆղանիստան, եւ Տաճիկիստան,
  • Հիւսիս-Արեւմուտքէն՝ Խըրխըզիստան եւ Ղազախստան,
  • Հիւսիսէն՝ Ռուսիա եւ Մոնկոլիա,
  • Հիւսիս-Արեւելքէն՝ Ռուսիա,
  • Հիւսիս եւ Հիւսիս-Արեւելքէն՝ Հիւսիսային Քորէա
  • Ծովային սահմաններ․ Հարաւային Քորէա, Ճափոն, Թայուան եւ Ֆիլիփին.
Köppen-Geiger կլիմայական դասաւորում․ Չինաստան

Չինաստանի Կլիման կը յատկանշուի իրարայաջորդ չոր եղանակներով եւ խոնաւ մուսոններով (monsoons Հնդկական ովկիանոսէն եկող վեցամսեայ հովեր) ինչ որ կը յառաջացնէ ջերմաստիճանի մեծ վերիվայրումներ ամառուան եւ ձմեռուան միջեւ։ երկիրին մեծ տարածքին եւ բարդոյթ տեղագրութեան պատճառով, կլիման շրջանէ շրջան կը տարբերի[32]։

Չինաստանի տեղագրութիւն

Չինաստանի ընդարձակ հողատարածքը կը յատկանշուի բնանկարի այլազանութեամբ։ Հոն կը գտնուին աշխարհի ամենաբարձր լեռնաշղթաներն (Հիմալայեան) եւ լեռները (Էվերեսթը, 8․848 մեթր)։ Անոնք երկրին տարածքին 70% կը գրաւեն։

  • Արեւելքը կը գտնուին խիտ բնակչութեամբ մեծ դաշտագետինները․
  • Հիւսիսը՝ Ներքին Մոնկոլիա, կլիման կիսանապատային է․ Կոպի անապատ։
  • Հարաւը կը գերիշխեն ձորակներով տարածքներ․ բլուրներ եւ ցած լեռնաշղթաներ․ կլիման արեւադարձային է․
  • Արեւմուտքը՝ անջրդի Դաքլամաքան անապատը եւ Ալաշան սարահարթը․
  • Հարաւը՝ աշխարհի ամենաբարձ լեռնադաշտը, Թիպէթի բարձրաւանդակը, բարձր բլրաւոր սարահարթերով (4000-5000 մ․) եւ լեռնաշղթաներով (6000-7000 մ․)։
եանկծէ Գետ․ Չինաստանի եւ Ասիոյ ամենաերկար գետը․ Yangtze River․ կը հոսի Արեւմուտքէն՝ Արեւելք
Դեղին Գետը Չինաստանի գլխաւոր գետն է

Ամենամեծ լիճը Քինկհայն է։ Գլխաւոր գետերը կը հոսին Արեւմուտքէն դէպի Արեւելք ուղղութեամբ. Եանկծի Ճիանկ (=երկար գետը, Yangzi Jiang կամ Chang Jiang), Ասիոյ ամենամեծ/երկար գետը, Դեղին Գետը՝ կեդր․ Չինաստանէն դէպի Արեւելք, Ամուռ գետը (կը փխի Ռուսիոյ Հարաւ Արեւելքէն)։ Արեւելքին մէջ, գետային ցանցը խիտ է եւ ճիւղաւորուած։ Կան նաեւ գետեր, որոնք կը հոսին դէպի Հարաւ, ինչպէս՝ Մեքոնկ Mékong, Պրահմափուդրա Brahmapoutre։ Գետերուն մեծամասնութիւնը կը թափի Չինաստանի Հարաւի եւ արեւելեան ծովերը։ Անոնցմէ շատերուն ափին կը կառուցուին ջրելեկտրական կայաններ, գոհացնելու համար բնակչութեան, երկրին ճարտարարուեստին եւ հողագործութեան պահանջները։ Չինաստանի բերրի հողերուն մեծ մասը կը գտնուի Եանկծի Ճիանկ եւ Դեղին Գետին շուրջը․ հոն, ուր զարգացած են գլխաւոր քաղաքակրթութիւնները։

Չինաստան հարուստ է հանքերով, ինչպէս՝ հանքածուխ, պղինձ, երկաթ, նաւթ, անագ, պոքսիթ, սնդիկ, քարաղ եւ այլն։ Վերջին շրջանին, սկսած են խորապէս ուսումնասիրուիլ եւ օգտագործուիլ երկրին հարստութիւնները, տնտեսութեան բուռն զարգացման պահանջին տակ։

Անտառները երկիրին տարածքին 8% կը կազմեն։ Մեծ մասը կը գտնուի Հիւսիս-Արեւելքը։ Առատ եւ բազմատեսակ է արեւադարձային շրջաններու կենդանական աշխարհը[4]։

Կենսաբազմազանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Չինաստանի ամենածանօթ տեղայատուկ սակայն անհետացումի վտանգուած կենդանին՝ փանտա - նկարին՝ հսկայ Փանտա, Giant Panda

Չինաստան իր կենսաբազմազանութեամբ աշխարհի 17 երկիրներէն մէկն է եւ բնապահպանման գլխաւոր տարածքներէն երկուքը իր սահմաններուն մէջն են՝ Փալէարդիք Palearctic եւ Indomalaya։ Իր կենսաբազմազանութեամբ՝ 34 687 անասուններու եւ բոյսերու տեսակներ, կը հանդիսանայ աշխարհի երրորդ երկիրը․ Պրազիլէն եւ Քոլոմպիայէն ետք։

Չինաստանի մէջ կ'ապրին հետեւեալ տեսակներէն առնուազն՝ 551 ստնաւոր անասուններ, 1․221 թռչուն, 424 սողուն եւ 333 երկակենցաղ։ Նաեւ հարուստ է վայրի կեանքը։ Սակայն 840 անասուններ անհետացումի վտանգի տակ են։ Այժմ վայրի կեանքը 2005 թուականի օրէնքով կը պահպանուի․ 2․349 բնապահպանուած շրջանները երկիրին տարածքին 15% կը գրաւեն։

11 Յունիս 1992-ին կը ստորագրէ Ռիօ տէ Ժանէյրոյի Կենսաբազմազանութեան Պայմանագիրը եւ մաս կը կազմէ անոր 5 Յունուար 1993-էն[33]։

Չինաստան կը դիմագրաւէ կենսոլորտի վատթարացում եւ ապականում, ճարտարարուեստի արագ ու անկանոն զարգացման, նաեւ ջուրի անսարձակ գործածման պատճառով․ ճարտարարուեստի եւ հողագործութեան հետեւանքներէն՝ գետերուն ջուրերուն 40% ապականած է[34]։

Շանկհայի․ համաշխարհային տստեսական կեդրոն
1402, Զհենկ Հէ ծովակալին ճամբորդութիւններուն Պատմական քարտէս, կը կոչուի՝ Kangnido․ կազմուած է հետեւելով 1330 եւ 1370 թուականներու չինական քարտէսներուն եւ պարսկական աղբիւրներուն

Չինաստան աշխարհի ամենածաւալուն տնետեսութիւնը ունեցած է վերջին երկու հազարամեակներուն ընթացքին, իր վերիվայրումներով։ Մինչեւ ԺԸ. դար (ճարտարարուեստի յեղափոխութիւն), Չինաստանի կեանքին մակարդակը աշխարհին ամենաբարձրն է[35]։

Տնտեսական Պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չինաստան, առաջին երկիրն է որ թղթադրամ գործածած է։ Վաղ ժամանակներէն ունեցած է միջազգային տնտեսական կապեր։

Համառօտ՝

  • Եուան Հարստութիւնը կ'արդիականացնէ Չինաստանի տնտեսութիւնը․ կը կառուցէ ու կը կազմակերպէ ճամբաներու եւ գործօն հանգրուան-կայաններու ցանց մը։
  • Մինկ Հարստութեան ժամանակաշրջանին, Զհենկ Հէ ծովակալին առաջնորդած նաւատորմը կը զօրացնէ արդէն գոյութիւն ունեցող «համեմներու ճամբուն» կապերը, Հնդկաստանի, Ափրիկէի արեւելեան ափերուն, Հնդկաչինի եւ նոյնիսկ (կ'ենթադրուի) Աւստրալիոյ եւ Ամերիկայի ցամաքամասին հետ։
  • Չինկ կամ Ճինկ Հարստութեան շրջանին, արեւմտեան գաղթաբնակներուն գալով, տնտեսութիւնը աճ կ'արձանագրէ։ ԺԹ. դարուն, Չինաստանի տնտեսութիւնը կը յենի (կը շահագործուի) գաղթաբնակներու աֆիոնի առեւտուրին․ հետեւանքը կ'ըլլայ տնտեսական եւ քաղաքական խառնակութիւն։
  • Մաօ Ցեթունկի ղեկավարման տարիները համանուն են կիսաինքնաբաւ տնտեսութեան․ բացառութիւն են յարաբերութիւնները քանի մը համայնավար վարչակառքի երկիրներուն հետ[6][17][21][28]։

Տնտեսութեան ազատականացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տնտեսական բարեկարգումներու նախասկիզբէն, 1978, Չինաստան բազմապիսի տնտեսութիւնը որդեգրելով, աշխարհի առեւտուրի գլխաւոր դերակատարներէն կը դառնայ․ մրցակցական ճարտարարուեստ, առեւտուր, արհեստագիտութիւն, հանքագործութիւն, պողպատ, հիւսուածոյ, փոխադրակառք, «կանաչ» կենսուժ, ելեկտրոնաբանութիւն, անթել հաղորդակցութիւն, անշարժ կալուածք, ել-առեւտուր, զբօսաշրջիկութիւն, դրամավարութիւն[36]։

Հանկծհու Ծոցին երկար կամուրջը

Հակառակ անոր, թէ կը կառավարուի համայնավար կուսակցութեան կողմէ, ժամանակակից Չինաստան գլխաւոր օրինակն է պետական դրամատիրութեան․ կը յատկանշուի որդեգրած անձնական գոյքի սեփականութեամբ։

Շանկհայի Եանկշան կղզիին վրայ գտնուող հսկայ ու ծաւալաուն արդիւնաբերական նաւահանգիստը, Հանկծհու Ծոցին մէջ։

Վերջին 40 տարիներուն ընթացքին տնտեսական բոլոր ոլորտներուն սրընթաց զարգացումը, կը յառաջացնէ եւ այժմ զգալի է, եկամուտի անհաւասարութիւնը։ Չինաստանի միջին դասակարգը թիւով, աշխարհի առաջին դիրքը կը գրաւէ (մօտաւորապէս 400 միլիոն, 2018-ին)[37][31]։

Գիւղատնտեսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Բրինձի աճեցման արտեր

Տնտեսութեան ազատականացման սկզբնական տարիներէն, գիւղատնտեսութեան հաւաքականացումի դրութիւնը անգործածելի կը դառնայ եւ մշակելի տարածքներ կը սեփականացուին ու կը հիմնուին Յատուկ Տնտեսական Գօտիներ (SEZs)։ Կառավարական անատակ գործատուներ կը վերարժեւորուին եւ անշահաբերները կը փակուին, զանգուածային անգործութիւն յառաջացնելով։ Սակայն, ըստ Համագործակցութեան եւ Զարգացման Կազմակերպութեան, գիւղատնտեսութիւնը Չինաստանի ներքին արտադրանքի 15% կը կազմէ եւ կ'ապահովէ գործերուն 40%։

Գիւղատնտեսութեան գլխաւոր ճիւղը երկրագործութիւնն է։ Չինացիները վաղեմի ժամանակներէն յայտնի են իբրեւ հմուտ երկրագործներ։ Կը մշակեն բրինձ, թէյ, ցորեն, եգիպտացորեն, բամպակ, գետնախնձոր, գետնանուշ, կորեկ, գարի, ձիթապտուղ, սոյա, ծխախոտ, մշակաբոյսերու սերմ։ Նաեւ կարեւոր դեր կը խաղայ անասնաբուծութիւնը։

Չինաստանը թէյի հայրենիքն է. անիկա կը տարածուի Դանկ Հարստութեան ժամանակաշրջանին եւ Հիւսիսային շրջաններու բարբառով կը կոչուի չայ, իսկ Հարաւի բարբառով՝ թէյ[4]։

Ժողովրդագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Չինաստանի մէջ գործածուած լեզուներ․ քարտէս 1967 թ․

Թէեւ Չինաստանի մէջ կ'ապրին ըստ պաշտօնական աղբիւրներու 56 ազգութիւններու փոքրամասնութիւններ, ՉԺՀ պետական լեզուն չինարէնն է։ Չին (汉语/漢語, 华语/華語, կամ 中文, Փինյին, Hànyǔ, Huáyǔ, կամ Zhōngwén) լեզուն կը պատկանի Չին-թիպեթական լեզուական ընտանիքին։ Չինարէն կը խօսին աշխարհին մէջ 1.5 երկիլիոն մարդ։ Չինարէնը պետական լեզու է՝ Սինկափուրի, Հնդկաչինի, Մալեզիոյ մէջ։ Ըստ աշխարհի լեզուներու դասակարգման՝ չինարէնը իբրեւ գործածուող/խօսուող լեզու առաջին դիրքը կը գրաւէ[4]։

Նաեւ կը խօսուին չինարէնէն տարբերող 7 հիմնական բարբառներ, որոնք կը գրուին մեհենագիրերով (հերոգլիֆային գիր)։ Անոնք փոքրիկ պատկերներ են, որոնցմով կը նշանակուին վանկերն ու բառերը։ Մեհենագիրերու թիւը 50 հազարի կը հասնի, սակայն կ'օգտագործուի 7 հազարը[38]։

Չինաստան բազմակրօն երկիր մըն է։ Բացի հիմնական երեք կրօններէն՝ պուտիզմ, իսլամ եւ քրիստոնէութիւն, Չինաստանի մէջ տարածուած է նաեւ իւրայատուկ աւանդական կրօնական վարդապետութիւն մը՝ Դաոիզմը taoïsme։ Նաեւ, քանի մը ազգային փոքրամասնութիւններու մօտ, կ'ենթադրուի, թէ կը պահպանուին նախնադարեան պարզ պաշտամունքի տարրեր, ինչպէս նաեւ բազմաստուածութիւնը։

Աւանդական չինական կրօնին եւ փիլիսոփայութեան մէջ կը միահիւսուին Քոնֆուքիսմը, Դաոիզմն ու Պուտիզմը։ «Մշակութային յեղափոխութեան» (1965-1976 ) տարիներուն կրօնը արգիլուած էր։ Արգելքը մասնակի վերցուած է 90-ական թուականներուն։

Իսլամներու թիւը Չինաստանի մէջ ոչ պաշտօնական տուեալներով 18-23 միլիոն է, քրիստոնեաներունը՝ շուրջ 10-15 միլիոն[39][38]։

Չինաստան բազմազգ պետութիւն է՝ 1 435 965 165 երկիլիոն բնակչութեամբ (Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Նոյեմբեր 2019-ի տուեալներ)[40]։ Չինաստան պաշտօնապէս կը ճանչնայ 56 յայտնի ազգային փոքրամասնութիւններ․ անոնց ամբողջութիւնը Չինաստանը Zhonghua Minzu կը կազմեն (չին ժողովուրդը կազմաւորուած/միաւորուած է Հան կայսրութեան ժամանակաշրջանին մէջ)։ Հան չինացիները բնակչութեան 91.51% կը կազմեն (աշխարհի ամենամեծ ազգութիւնը)։ Մնացեալ փոքրամասնութիւնները բնակչութեան 8.49% կը կազմեն․ ույղուրներ, մանջուրներ, մոնկոլներ, թիպեթցիներ եւ այլ, (2010-ի մարդահամար)։ Նաեւ շուրջ 600 000 արտերկրացիներ կը բնակին․ անոնց մէջ մեծամասնութիւն են՝ Հարաւային քորէացիները, ամերիկացիները (Ա․Մ․Ն․) եւ ճափոնցիները։

Չինաստանի բնակչութեան խտութեան քարտէս․ արեւելեան մասին կը գտնուին մեծ ճարտարարուետական կեդրոն քաղաքները։ Կապոյտով՝ շրջաններ, որոնց վարչական վիճակը վիճելի Է սահմանակից երկիրներուն հետ եւ կամ՝ ինքնիշխան են

Բնակչութեան թիւով մեծագոյն քաղաքներն են Շանկհայը, Փեքինը, Տիանցզինը, Շենիանը, Եուհանը, Քուանչժոուն (Քանտոն), Չունցինը եւ այլն[39][41]։

Քաղաքայնացնում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վերջին տասնամեակներուն Չինաստան նշանակալից կերպով կը քաղաքայնացուի։ 1980 թուականէն մինչեւ 2016 թուական, երկիրին քաղաքային բնակչութեան թիւը 20% աճ մը կ'արձանագրէ։ Կը գնահատուի, թէ մինչեւ 2030 թուական Չինաստանի քաղաքային բնակչութիւնը երկիրին 1/8-ը կը կազմէ։ Ըստ 2012 թուականի տուեալներուն, Չինաստանի մէջ կ'աշխատին 262 միլիոնէ աւելի գաղթած գործաւորներ․ մեծամասնութիւնը ռամիկ գաղթականներ, որոնք քաղաքներուն մէջ գործ կը փնտռեն։

Չինաստանի 160 քաղաքներ 1 միլիոնէ աւելի բնակչութիւն ունին, անոնց մէջ են 7 գերքաղաքները՝ իւրաքանչիւրը 10 միլիոնէ աւելի բնակչութեամբ․ (Չոնկքինկ Chongqing, Շանկհայ Shanghai, Փեքին Beijing, Կուանկծհու Guangzhou, Դիանճին Tianjin, Շենզհեն Shenzhen եւ Եուհան Wuhan։ Մինչեւ 2025 թուական, կը գնահատուի, թէ 1 միլիոնէ աւելի բնակիչ ունեցող քաղաքներու թիւը 221 պիտի հասնի[42][43]։

Կրթութիւնը վերջին 30 տարիներուն սրընթաց զարգացում արձանագրած է։ 2006 Փետրուարէն, կառավարութիւնը 9 տարուան նախնական կրթութիւնը (Նախակրթարան եւ Միջնակարգ) պարտաւորիչ եւ ձրի հռչակած է։

2010 թուականին, բնակչութեան 94% (15 տարեկանէն վեր) արդէն գրագէտ է։ 1949 թուականին՝ միայն 20% գրագէտ էր[44]։

Հայերը Չինաստանի Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չինաստանի մէջ վաճառական հայերը կը յիշատակուին Ք.Ա. Առաջին դարէն. անոնք մետաքսի, գինիի եւ այլ ապրանքներու վաճառականներ էին։ Հայկական փոքր գաղութներ հիմնուած են մոնկոլական առաջին արշաւանքներէն (ԺԳ. դարու սկիզբ) ետք, երբ Հայաստանէն գերի բռնուած հայերուն մէկ մասը բնակեցուած է Չինաստանի Հիւսիսային շրջաններուն մէջ։ Այնուհետեւ հայերը կը թափանցեն երկիրին խորերը, կը բնակին ծովափնեայ քաղաքներուն մէջ, յատկապէս՝ Քանտոնի մէջ (այժմ՝ Քուանչժոու), ԺԸ-րդ դարուն հայկական առեւտրական տուներ եղած են Շանկհայի մէջ։ Ամենահայաշատ քաղաքը Խարբինն էր, ուր համայնքը ունէր եկեղեցի մը։ Չինարէնի ուսուցիչ քանտոնաբնակ Յովհաննէս Ղազարեան անգլերէնէն չինարէնի թարգմանած է Աստուածաշունչը։ Ներկայիս՝ Չինաստանի մէջ կը բնակի ընդամէնը 160 հայ[45][46][47]։

Վաղեմի ժամանակներէն, Չինական Մշակոյթը ազդուած է Քոնֆուքիզմէն Confucianism։

Փեքինի Ծաղիկ Օփերա Թատրոնը, Պոզհու

Կայսրութեան դարաշրջանները կը յատկանշուին հեղինակաւոր կայսերական քննութիւններէն (հասարակ անձեր առիթը կ'ունենային պետական պաշտօններու արժանանալ յատուկ քննութիւներ տալով․ ծագումը՝ Հան Հարստութեան շրջան)։ Այս քննութիւններուն ընթացքին գրականութեան վրայ տրուած կարեւորութիւնը կ'արտայայտէ ընդհանուրին բաղձանքը՝ Չինաստանի մշակոյթի նրբութեան, կատարելութեան գաղափարին, այսինքն հաւատքին, թէ գեղագրութիւնը, բանաստեղծութիւնը եւ նկարչութիւնը արուեստի բարձր յատկանիշներն են, աւելի կարեւոր քան՝ պարը կամ թատերախաղը։ Չինաստանի մշակոյթը մշտական դեր կը խաղայ երկիրին պատմութեան եւ ներքին ազգային բարոյական կազմաւորման հեռանկարին մէջ[48]։

Չինաստանի մէջ է, ուր կատարուած են շարք մը գիւտեր ու յայտնագործութիւններ՝ բնական մետաքսը, վառօդը, կողմնացոյցը, մեքենական ժամացոյցը, թուղթը, ակնոցը, հրավառութիւնը (զբօսնելու, զուարճանալու համար), գունաւոր տպագրութիւնը եւ այլն։ Հոս ստեղծուած են համաշխարհային նշանակութեան փիլիսոփայական ուղղութիւններ ինչպէս՝ Քոնֆուքիզմը, Դաոիզմը։

Չինաստանի ազգայնականութեան ծագման եւ Մշակութային Յեղափոխութեան վերջաւորութեան, չինական աւանդական տարբեր կերպեր վերազարթնում կ'ապրին՝ արուեստ, գրականութիւն, երաժշտութիւն, շարժանկար, կերպարուեստ եւ ճարտարապետութիւն, նոյնպէս՝ ժողովրդային եւ այլազան արեւստը ազգային եւ համաշխարհային կայծի կը վերածուին։

Արգիլուած քաղաքը, Քոլ Բլուրէն Coal Hill դիտուած
Երկինքի տաճարը

Հոգեւոր մշակոյթի աւանդութիւնները՝ ինքնատիպ չինական թատրոնը, գեղանկարչութիւնը, երաժշտութիւնը, ուշուի մարմնամարզութիւնը, լուսնային օրացոյցը եւ այլն, կը պահպանուին մինչեւ մեր օրերը։

Ամառնային Պալատը, դիտուած Լոնկեվիդի Բլուրէն Longevity Hill
Ամառուան Պալատը - Summer Palace. Աւանդական Չինական Օփերայի շէնք

Չինական Ցին Շի Հուանդի կայսրի հրամանով կայսրութեան Հիւսիս արեւմտեան սահմանները յարձակումներէն պաշտպանելու համար կը կառուցուի հոծ պատ՝ Չինական մեծ պարիսպը (երկայնքը՝ 6250 քմ., բարձրութիւնը՝ 6,6-10 մ., լայնքը՝ հիմքին մէջ 6,5 մ., վեր՝ 5,5 մ.), որ միակ ձեռակերտ կառոյցն է, որ կարելի է պարզ աչքով տիեզերքէն տեսնել։ 2007 թուականին Չինական մեծ պարիսպը կը ներառնուի աշխարհի նոր 7 հրաշալիքներու ցանկին մէջ։

Մինկ Հարստութեան ժամանակաշրջանին, 1406-1420 թուականներուն, կայսր Եոնք Լէ երկու հսկայ շինութիւններ կառուցել կու տայ, որոնք այժմ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին մաս կը կազմեն․-

  • Երկինքի եւ երկիրին Տաճարը Temple of Heaven, որ ԺԶ-րդ դարուն կ'ընդարձակուի եւ Երկինքի Տաճար կ'անուանուի։
  • Արգիլուած Քաղաքը The Forbidden City․ պալատական շինութիւններու հսկայ համալիր մը․ կը ներառնէ 980 շէնքեր 180 արտավար հողատարածքին մէջ։ 1420 թուականէն մինչեւ 1912 թուական՝ կայսրերուն արքունիքը, կայսրութեան վարչական կեդրոնը։
  • 1998 թուականի Դեկտեմբերէն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին մաս կը կազմէ նաեւ՝ Ամառնային Պալատը Summer Palace․ առաջին շինութիւնը՝ 1150 թուականին, երբ մայրաքաղաքը Փեքինկ կը փոխադրուի: Լիճերու, պարտէզներու եւ արքունիքներու համալիր մը, կառուցուած 2․9 ք․քլմ․ տարածքի մը մէջ․ 3/4 ջուր է։

Չինաստան նաեւ փիլիսոփայական միտքի զարգացման, արեւելեան բժշկութեան հայրենիքն է։ Ինքնատիպ ու գեղեցիկ են չինական քաղաքները։ Յատկանշական են ու աչքի կը զարնեն իրենց կոկիկութեամբ ու մաքրութեամբ՝ ուղիղ փողոցները, ազգային ճարտարապետութեան հին ու նոր կոթողներով ներդաշնակութիւնը, ընդարձակ կանաչ պուրակներն ու ծաղկանոցները։ Մայրաքաղաք Փեքինը (բառացի՝ Հիւսիսային մայրաքաղաք) աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն է. կը յիշատակուի Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակէն։ Փեքինի կեդրոնին մէջ կը գտնուի «Ներսին քաղաքը»՝ բազմաթիւ պալատներով, պուրակներով, լիճերով, իսկ միջնադարեան պարիսպներով շրջափակուած արուարձանները կը կազմեն «Դուրսին քաղաքը»։ Մեծ քաղաքները չինական զարգացման շրջանի ազատ տնտեսական գօտիներու անբաժան մասեր են[49][50]։

Չինական Գրականութիւնը յենուած է Ք.Ա. Ժոու թագաւորութեան ընթացքին զարգացած գրականութեան վրայ։ Չինական դասական գրականութեան բնագիրներուն մէջի մտապատկերները, նիւթերու եւ մտածումներու երկար շարք մը կը ներկայացնեն․ օրացոյց, ռազմական, աստղագիտութիւն, բուսաբանութիւն, աշխարհագրութիւն եւ շատ ուրիշ։ Օրինակ՝ Չինաստանի Քոնֆուքիզմի հեղինակաւոր Չորս Գիրքերը եւ Հինգ Դասականները գրուած են Ք.Ա. 300 թուականին[51]։

Մարմնակրթութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չինաստանը աշխարհի մարմնակրթութեան ամենահին մշակոյթներէն է։ Փաստուած իրողութիւն է թէ աղեղնաձգութիւնը archery (shèjiàn) կը կիրարկուէր Ժոու Հարստութեան ժամանակաշրջանէն։ Նոյնպէս Սուսերամարտութիւնը եւ Քուճուն (ներկայ ոտնագնդակին մօտեցող խաղ)։

Zhájiàng Miàn-լապշայով լուբիա, Հիւսիսային Չինաստանի աւանդական ճաշատեսակներէն

Չինաստանը վերջին տարիներուն աշխարհի մարմնակրթանքի գլխաւոր վայրերէն է։ Հոն կատարուած են եւ կամ պիտի կատարուին մարմնակրթութեան համաշխարհային խաղեր, օրինակ՝ 2008 թուականին ամառուան Ողիմպիական Խաղերը, 2015-ին Մարմնակրթութեան Համաշխարհային Ախոյեանութեան խաղերը, 2019-ին Կողովագնդակի Համաշխարհային Ախոյեանութեան վերջին փուլի խաղերը եւ 2022 թուականին կայանալիք Ձմեռուան Ողիմպիական Խաղերը։ Կօ ռազմական վերացական խաղը (սեղանի խաղ որ կը խաղցուի 2 հոգիով), հնարուած է մեզմէ 2,500 տարի առաջ։

Տարածուած է նաեւ Մարմնական կարողութեան մարմնամարզումը․ Քիկոնկ qigong եւ Դայի ջի ջուան t'ai chi ch'uan։ Նաեւ՝ ուշուի մարմնամարզութիւնը[52]։

Արծաթեայ սպասներ (10-րդ-13-րդ դարաշրջանէն)
Xīnnián hǎo, բառացի թարգմանութեամբ՝ «Լաւ Նոր Տարի», Նոր Տարին շնորհաւորելու ձեւերէն մէկը, mandarin բարբառով

Չինական խոհանոցը իւրայատուկ է իր պատրաստութեամբ, եփելու ձեւերով, համեմներով գործածուած նիւթերով։ Անիկա ազդուած է երկիրին ութը գլխաւոր խոհանոցներէն․ Սիչուան Sichuan, Քնադոնի Cantonese, Ճիանկսու Jiangsu, Շանտոնկ Shandong, Ֆուճիյան Fujian, Յունան Hunan, Անհուի Anhui եւ Զհեճիանկ Zhejiang ։ Բրինձը անպակաս է սեղանէն[39]։


Làzǐ Jī, Տապակած հաւ․ Sichuan շրջանի ճաշատեսակներէն
  • Նոր Տարի (1 Յունուար)
  • Չինական Նոր Տարի (շարժական տօն․ Յունուար ամսուն կէսերէն - Փետրուարի կէսերուն, որովհետեւ կապուած է Յունուարին առաջին լուսնկային օրուան հետ)[53]
  • Գարնան Տօն (Նոր Տարի՝ ըստ լուսնային օրացոյցի)[53]
  • Կանանց Միջազգային Օր (8 Մարտ)
  • Աշխատաւորներու Միջազգային Համերաշխութեան Օր (1 Մայիս )
  • Չինաստանի Երիտասարդութեան Օր (4 Մայիս)
  • Երեխաներու Պաշտպանութեան Միջազգային Օր (1 Յունիս)
  • Չինաստանի Ազգային-Ազատագրական Բանակի Ստեղծման Օր (1 Օգոստոս)
  • Ուսուցիչի Օր (10 Սեպտեմբեր)
  • ՉԺՀ Ազգային Տօն (1 Հոկտեմբեր)[39]։
  • Չինական Խոհանոցին Իմաստութիւնը․ The Wisdom of the Chinese Kitchen: Classic Family Recipes for Celebration and Healing - Grace Young (1999, Hardcover)

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://www.worldometers.info/world-population/china-population/
  2. Immanuel C.Y. Hsü The Rise of Modern China — 6 — USA: OUP, 2000. — P. 833. — 1136 p. — ISBN 978-0-19-512504-7
  3. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 «www.dasaran.am Չինաստան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-11-08-ին։ արտագրուած է՝ 2017-07-27 
  5. 5,0 5,1 5,2 Չինաստանի Պատմութիւնը (China a History), pdf, հեղինակ՝ Harold M. Tanner ISBN 978-0-87220-915-2. (անգլերէն)
  6. 6,00 6,01 6,02 6,03 6,04 6,05 6,06 6,07 6,08 6,09 6,10 6,11 6,12 6,13 ibiblio, ելեկ․ գիրք, 1998-2017 Richard R. Wertz, Խուզարկելով Չինաստանի պատմութիւնը (Exploring china's history ) (անգլերէն)
  7. Ելեկ․ թերթ Հնագիտական Արխիւ Archaelogy archives - Չինաստանի առաջին բնակիչներուն կարասիները Early Homo erectus Tools in China, հատոր թիւ 1, Յունուար - Փերուար 2000, Russell Ciochon and Roy Larick, (անգլերէն)
  8. 8,0 8,1 8,2 8,3 Քամպրիճի Պատմութիւնը՝ Հին Չինաստանի պատմութիւն (The Cambridge History of Ancient China: From the Origins of Civilization to ...) հեղինակներ՝ Michael Loewe, Edward L. Shaughnessy
  9. , http://news.bbc.co.uk/2/hi/science/nature/2956925.stm Ելեկ․ լրատուողական կայան BBC news, 17-4-2003, Չինաստանի ամենահին արձանագրութիւնները 'Earliest writing' found in China,Paul Rincon (անգլերէն)
  10. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-06-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28 
  11. Abaka news 21-1-2019, Հայ Վաճառականներու Դերը Մետաքսի Ճամբուն Վրայ. Պատմական Ակնարկ ,
  12. Առցանց Բրիդանիքա Հանրագիտարան - Encyclopaedia Britannica / The Silk Road Մետաքսի ճամբան WRITTEN BY: The Editors of Encyclopaedia Britannica (անգլերէն)
  13. why armenia, Armenia, One of the Oldest Countries on the Silk Road (անգլերէն)
  14. Բրիտանական հանրագիտարան, Երեք թագաւորութիւնները (Three Kingdoms ANCIENT KINGDOMS, CHINA) WRITTEN BY: The Editors of Encyclopaedia Britannica
  15. The Ancient History, Սուի Հարստութիւնը,(անգլերէն)
  16. Coreknowkedge, CK_4_TH_HG_P087_242.QXD (անգլերէն)
  17. 17,0 17,1 Բրիտանական Հանրագիտարան, Mongol empire HISTORICAL EMPIRE, ASIA, (The Yuan Dynasty In China (1279–1368)Չինաստանի մէջ Մոնկոլներու գերիշխանութիւնը (անգլերէն)
  18. Ելեկ․ թերթ, Global security org. «White Lotus Rebellion 1796-1804» Ճերմակ Ներգիւնի Ապստամբութիւնը, (անգլերէն)
  19. ելեկ․ էջ՝ History (Պատմութիւն) The Taiping Rebellion (անգլերէն)
  20. Highbrow, Տունկանի Ապստամբութիւնը (Dungan Revolt)
  21. 21,0 21,1 Schaffer library - Աֆիոնի Կռիւներուն կարճ պատմութիւն (A Short History of the Opium Wars), Author: Wallbank;Taylor;Bailkey;Jewsbury;Lewis;Hackett Date: 1992 ,(անգլերէն)
  22. Disaster history, «North China famine, 1876-79» Հիւսիսային Չինաստանի սովը, 1876-79 (անգլերէն)
  23. Բրիտանական հանրագիտարան - «Kang Youwei, չինացի մտաւորականը» (անգլերէն)
  24. վերարտատպուած 7-6-2019, բնութագիր՝ 9-11-2009 (Boxer Rebellion)(անգլերէն)
  25. Պրիտանական հանրագիտարան - 1911-12ի Չինական ԱպստաբմութիւնChinese Revolution 1911-1912 WRITTEN BY: The Editors of Encyclopaedia Britannica Վերջին արտատպում, Հոկտ․ 3, 2019
  26. PDF Չինաստան Պատերազմի եւ Յեղափոխութեան ընթացքին China in War and Revolution, 1895–1949, Peter Zarrow (անգլերէն)
  27. ԱՄՆ Գաղտնի Սպասարկութիւններու Գործակալութիւն, Չին-Աներիկեան Դաշնակցութիւն․․․․ C.I.A  Ma bufang The Sino-American Alliance: Nationalist China and American Cold War Strategy ... John W. Garver, Emeritus Professor of International Affairs John W Garver (անգլերէն)
  28. 28,0 28,1 Բրիտանական Հանրագիտարան-Մեծ ոստում մը դէպի յառաջ Great Leap Forward CHINESE HISTORY WRITTEN BY:The Editors of Encyclopaedia Britannica (անգլերէն)
  29. Ազդակ օրաթերթ, Պատմութեան Հետքերով. Չինաստանի Մոռցուած Սովը 23-7-2012, (անգլերէն)
  30. Չինական մարտահրաւէրը, Le défi chinois - De Serge Bésanger (անգլերէն)
  31. 31,0 31,1 31,2 NBR Ասիական հետազօտութիւններու Ազգային Բիւրօ - Թիանանմենի անդրադարձը Չինաստանի արտաքին քաղաքականութեան վրայ The Impact of Tiananmen on China's Foreign Policy, Harry Harding (անգլերէն)
  32. Չինաստանի շրջաններու կլիմայի ուսումնասիրութիւն, Regional Climate Studies of China - edited by Congbin Fu, Zhihong Jiang, Zhaoyong Guan, Jinghai He, Zhong-feng Xu(անգլերէն)
  33. MONGABAY - Կենսաբազմազանութեամբ գլխաւոր երկիրները, Countries with the highest biodiversity Rhett A. Butler, Յուլիս 1, 2019
  34. Չինաստանի Միջավայրի Օրէնսդրութիւն Environmental Regulation in China: Institutions, Enforcement, and Compliance, Xiaoying Ma, Leonard Ortolano (անգլերէն)
  35. The Culture Mandala, Volume 6 No 2, Copyright © Rosita Dellios 2004-2005 - չինաստանի վերելքը The Rise of China as a Global Power © Rosita Dellios 2004-2005 - (անգլերէն)
  36. CENTRE STUDIES Զարգացման ուսումնասիրութեան Կեդրոն - CHINESE ECONOMIC PERFORMANCE IN THE LONG RUN, Չինաստանի տնտեսութիւնը, բարեկարկումները․․․․ANGUS MADDISON (անգլերէն)
  37. statista - վիճակագրութիւն, Չինաստանի բնակչութեան եկամուտի անհաւասարութիւնը 2001-2017թ․ (անգլերէն)
  38. 38,0 38,1 Guide de Chine, Չինաստանի ուղեցոյց (ֆր.)
  39. 39,0 39,1 39,2 39,3 «www.travelnews.am Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-08-19-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28 
  40. The current population of China - Չինաստանի ներկայ բնակչութեան թիւը (անգլերէն)
  41. Չինաստանի Ազգային Վիճակագրութիւն (անգլերէն)
  42. Թայմզ օրաթերթ, International Business Times, «Չինաստանը ունի 260 միլիոնէ աւելի գաղթական գործաւորներ China Now Has More Than 260 Million Migrant Workers Whose Average Monthly Salary Is 2,290 Yuan ($374.09)» Sophie Song,05/28/13 (անգլերէն)
  43. CNN լրատուողական կայքէջ, China's urban explosion: A 21st century challenge «Չինաստանի քաղաքային պայթումը» Jaime A. FlorCruz, CNN 20-1-2012 (անգլերէն)
  44. CN Լուրեր․ Չինաստանը կը յայտարարէ նախաձեռնութիւներ կրթական համակարգին շուրջ (անգլերէն)
  45. «Չինաստանի մասին encyclopedia.am կայքում»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-05-10-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28 
  46. Հայաստանի Զբօսաշրջիկութեան Գրասենեակ, Հայաստանը Մետաքսի ճամբուն վրայ,
  47. Լուսաւոր Աւետիս, «Հայ վաճառականներուն դերը Մետաքսի ճամբուն վրայ․․․» եղիա Թաշճեան 18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019– ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ
  48. BBC լուրեր․ «Չինաստանը ինչպիսի՞ մեծ ուժ պիտի դառնայ» A Point Of View: What kind of superpower could China be? 19-10-2012 (անգլերէն)
  49. Chinaprojekt.de Չինաստանի պատմութիւն (գերմ.)[permanent dead link]
  50. Չինաստանի Ազգային Զբօսաշրջիկութեան Տեսչութիւն China's National Tourism Administration (անգլերէն)
  51. [http://pages.ucsd.edu/~dkjordan/chin/hbcanonru-u.html կրթական էջեր․ The Canonical Books of Confucianism (Canon of the Literati) (անգլերէն)]
  52. «Չինական Աշխարհ, Համառօտ տեղեկագրութիւն Հին Չինաստանի մարմնակրթութեան շուրջ Sport in Ancient China A brief look at the rules, regulations and the role of sports in ancient China 08·31·2013 Liu Jue (刘珏) (անգլերէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-11-28-ին։ արտագրուած է՝ 2019-11-28 
  53. 53,0 53,1 BBC լրտ/կան կայքէջ․ Փետ․ 1, 2003 - Ասիան կ՛ընդունի Լուսնային Նոր Տարին Asia welcomes lunar New Year (անգլերէն)

Արտաքին Յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։