Jump to content

Ողիմպիական Խաղեր

Ողիմպիականի օղակները ողիմպիական շարժման նշաններն են
Ողիմպիականի դրօշը

Ողիմպիական խաղեր (յունարէն՝ Ολυμπιακοί Αγώνες, անգլերէն՝ Olympic Games, Olympics, ֆրանսերէն՝ Jeux olympiques[1]), աշխարհի ամենամեծ միջազգային մարզական իրադարձութիւններէն մէկն է՝ իր ամառնային եւ ձմեռնային մարզաձեւերու մրցաշարքերով, որոնց ընթացքին աշխարհի տարբեր երկիրներ ներկայացնող հազարաւոր մարզիկներ կը մասնակցին բազմատեսակ մրցումներու։ Ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցի աւելի քան 200 երկիր[2]։ Խաղերը տեղի կ'ունենան չորս տարին մէկ անգամ: Ամառնային եւ ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը տեղի կ'ունենան հերթականութեամբ՝ իրարմէ երկու տարի տարբերութեամբ։

Ժամանակակից Ողիմպիական Խաղերու ստեղծումը ոգեշնչուած է հին Ողիմպիական խաղերէն, որոնք տեղի կ'ունենային Հին Յունաստանի Ողիմպիա բնակավայրին մէջ՝ Ք.Ա. 8-րդ դարէն սկսեալ: Սակայն Դ․ դարուն այդ խաղերը կ'արգիլուին։

1894-ին, Փիեռ տը Քուպերթենի ջանքերով կը հիմնադրուի Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն (ՄՈԿ), որու գլխաւորութեամբ 1896-ին, Աթէնքի մէջ տեղի կ'ունենան ժամանակակից առաջին Ողիմպիական խաղերը։

ՄՈԿ-ը Ողիմպիական շարժման ղեկավար մարմինն է։

Ի․ եւ ԻԱ․ դարերու ընթացքին Ողիմպիական շարժումը զարգացում կ'ապրի։ Կը ստեղծուին Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը, Բարալիմպիկ խաղերը՝ հաշմանդամութիւն ունեցող մարզիկներուն համար, ինչպէս նաեւ Պատանեկան Ողիմպիական խաղերը՝ պատանի մարզիկներուն համար։ Տեֆլիմպիկ՝ լսողութեան հարցեր ունեցողներու յատուկ ողիմպիական խաղերը նոյնպէս կը հաստատուին ՄՈԿ-ի կողմէ։ Վերջինս ժամանակի ընթացքին կը ստիպուի յարմարիլ կատարուող տնտեսական, քաղաքական ու արհեստագիտական փոփոխութիւններուն հետ։

Արեւելեան երկիրներու մէջ պետութեան կողմէն նիւթական օժանդակութիւն ստացող եւ ամսաթոշակով «մարզիկ աշխատող սիրողականներու» ի յայտ գալը կը վնասէ զուտ սիրողականի գաղափարախօսութեան, քանի որ ոչ նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ արեւմտեան երկիրներու մէջ իրենց նիւթական ծախսերը անձնապէս հոգացող մարզիկներուն համար։

Խորհրդային Միութիւնը կը ներկայացնէր մարզիկներու խումբ մը, որոնք պաշտօնապէս ուսանողներ, զինուորներ կամ բանուորներ էին, բայց իրականութեան մէջ անոնցմէ շատերուն նիւթական ծախսերը պետութիւնը կը հոգար, որովհետեւ իրենց ամբողջ ժամանակը մարզումներու կը տրամադրէին[3][4]։ Այսպիսով, Ողիմպիական խաղերուն զուտ սիրողական մակարդակի մարզիկներուն փոխարէն, ինչպէս նախատեսած էր Քուպերթէն, մասնագիտացած մարզիկներ կը սկսին մասնակցիլ։

Զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ խաղերուն նկատմամբ աճող ուշադրութիւնը կը ստեղծէ Ողիմպիական խաղերու հովանաւորութեան ու առեւտրայնացման խնդիր մը։

Համաշխարհային պատերազմներուն պատճառով կը չեղարկուին 1916, 1940 եւ 1944 թուականներու Ողիմպիական խաղերը։ Պաղ պատերազմի տարիներուն լայնածաւալ բողոքներու արդիւնքով, կը սահմանափակուի որոշ երկիրներու մասնակցութիւնը 1980 եւ 1984 թուականներու Ողիմպիական խաղերուն, սակայն վերջինին կը մասնակցին 140 Ողիմպիական ազգային կոմիտէներ, որ մրցանիշ մըն էր այդ օրերուն համար[5]։

Ողիմպիական շարժումը իր մէջ կը ներառէ Միջազգային մարզական միաւորները, Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէները (ԱՕՄ) եւ կը կազմակերպէ յատուկ կոմիտէներ բոլոր Ողիմպիական խաղերուն համար։ Իբրեւ որոշումներ տուող մարմին՝ ՄՈԿ-ը պատասխանատու է Ողիմպիական խաղերու կայացման մայրաքաղաքի ընտրութեան, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպէ եւ նիւթապէս կը հովանաւորէ Ողիմպիական խաղերը։ ՄՈԿ-ը նաեւ կ'որոշէ Ողիմպիական ծրագիրը, որ կազմուած է այն մրցոյթներէն, որոնք պէտք է ըլլան Խաղերու ընթացքին։

Կան Ողիմպիական շարք մը արարողութիւններ ու խորհրդանիշներ, որոնցմէ են՝ Ողիմպիական դրօշն ու ջահը, ինչպէս նաեւ Ողիմպիական խաղերու բացման ու փակման արարողութիւնները։ Աւելի քան 13 000 մարզիկ կը մասնակցի Ամառնային եւ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն 33 տարբեր մարզաձեւերէն շուրջ 400 մրցումի։ Ամէն մէկ մրցոյթի արդիւնքով առաջին, երկրորդ եւ երրորդ տեղերը գրաւած մարզիկները կ'արժանանան համապատասխան ոսկեայ, արծաթեայ եւ պրոնզէ մետալներու։

Ժամանակի ընթացքին Ողիմպիական խաղերուն կը սկսին մասնակցիլ բոլոր երկիրները։ Մասնագէտներու թիւին աճը կը յառաջացնէ շարք մը խնդիրներ ու վէճեր, ներառեալ բողոքները, խթանիչ դեղերու օգտագործումը, կաշառակերութիւնը եւ 1972-ին ահաբեկչական յարձակումը։ Երկու տարին անգամ մը տեղի ունեցող Ողիմպիական խաղերը, մեծապէս լուսարձակի տակ առնուելով զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ, անյայտ մարզիկներուն հնարաւորութիւն կու տան ձեռք բերելու ազգային, երբեմն ալ՝ միջազգային ճանաչում։ Ողիմպիական խաղերը ընդունող երկիրին ու քաղաքին նաեւ հնարաւորութիւն կու տան ներկայանալ աշխարհին։

Հին Ողիմպիական խաղեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ողիմպիական մարզադաշտ, Յունաստան

Հին Ողիմպիական խաղերը կրօնական ու մարմնամարզական փառատօններ էին, որոնք տեղի կ'ունենային ամէն չորս տարին մէկ անգամ Հին Յունաստանի Ողիմպիա բնակավայրին մէջ՝ Զեւսի նուիրուած սրբավայրին տարածքին։ Մրցումները տեղի կ'ունենային Հին Յունաստանի տարբեր քաղաք-պետութիւններու ու թագաւորութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Այդ խաղերուն ընթացքին տեղի կ'ունենային մարզական մրցումներ, սակայն կային նաեւ մարտական մարզաձեւեր, ինչպիսին էին՝ ըմբշամարտը, պանկրատիոնը, ձիավարութեան ու կառք վարելու մրցումները։ Ողիմպիական խաղերու ընթացքին մասնակից քաղաք-պետութիւններու միջեւ եղած բոլոր հարցերն ու բախումները առկախ կը կացուցուէին մինչեւ խաղերուն աւարտը։ Ռազմական գործողութիւններու այս դադարները ծանօթ էին իբրեւ Ողիմպիական խաղաղութիւն։ Զինադադարը Ողիմպիա գացող կրօնական ուխտագնացներուն թոյլ կու տար անվնաս անցնիլ պատերազմող տարածքներով, քանի որ անոնք կը գտնուէին Զեւսի պաշտպանութեան տակ[6]։

Ողիմպիական խաղերու ստեղծման պատմութիւնը պարուրուած է խորհրդաւորութեամբ ու առասպելներով։ Ամենատարածուած առասպելներէն մէկուն համաձայն, Ողիմպիական խաղերու ստեղծումը կը վերագրուի Հերակլէսին ու անոր հօրը՝ Զեւսին։ Ըստ առասպելին, առաջինը Հերակլէսն է, որ խաղերը կոչած է Ողիմպիական եւ սկիզբ դրած անոնց իւրաքանչիւր չորս տարին մէկ ըլլալու աւանդոյթին։ Ըստ առասպելին, իր տասներկու սխրագործութիւնները աւարտելէ ետք, Հերակլէս կառուցած է Ողիմպիական մարզաւանը՝ ի պատիւ Զեւսի։ Կառուցման աւարտէն ետք ան ուղիղ գծով անցած է 200 քայլ եւ այդ տարածութիւնը կոչած «ասպարէզ» (յուն․՝ στάδιον - ստադիոն, լատիներէն՝ stadium, «փուլ, ընթացաշրջան»), որ հետագային դարձած է չափման միաւոր։

Առաջին Ողիմպիական խաղերուն ընդունուած թուականը Ք․Ա․776 թուականն է, ըստ Ողիմպիային մէջ գտնուած արձանագրութիւններուն, որոնց մէջ նշուած են նաեւ վազքի մրցումներուն յաղթողներուն անունները[7]։ Հին Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին կազմակերպուած են վազքի, հնգամարտի (ներառեալ ցատկել, սկաւառակի եւ նիզակի արձակում, վազք եւ ըմբշամարտ), բռնցքամարտի, ըմբշամարտի, պանկրատիոնի եւ ձիավարութեան մրցումներ[8]։ Ըստ աւանդութեան, առաջին Ողիմպիական ախոյեանը եղած է Քորոյվոս Իլիացին, որ «խոհարար» (սուրբ մսեղիք զոհող) էր ՝ Իլիդա (Իլիա, Պելոպոնես) քաղաքէն։

Ողիմպիական խաղերը ունեցած են կրօնական կարեւորութիւն եւ մարզական միջոցառումներէն բացի կատարուած են զոհաբերութեան ծիսակարգեր ի պատիւ Զեւսի (որուն նշանաւոր արձանը՝ ստեղծուած Ֆիտիասի կողմէ, տեղադրուած էր Ողիմպիա քաղաքին մէջ գտնուող իր տաճարին մէջ) եւ Բելոբաս Ողիմպիայի առասպելական թագաւորին։ Բելոբաս յայտնի էր Բիսայի թագաւոր Ինոմաոս հետ կառք վարելու մրցման շնորհիւ։ Մրցումներուն յաղթողները փառաբանուած են, անոնց պատուին ստեղծուած են բանաստեղծութիւններ ու կանգնեցուած արձաններ։ Խաղերը տեղի ունեցած են իւրաքանչիւր չորս տարին մէկ անգամ, եւ այդ ժամանակաշրջանը, որ ծանօթ է իբրեւ Ողիմպիատա, յոյները օգտագործած են իբրեւ ժամանակի չափման միաւոր։ Ողիմպիական խաղերը եղած են Համահելլենական խաղերուն մէկ մասը, որոնց շարքին ներառուած են Բիթոնեան խաղերը, Նեմէական խաղերը եւ Իշտմիական խաղերը[9]։

Ողիմպիական խաղերը իրենց գագաթնակէտին հասած են Ք.Ա. 6րդ, 5րդ դարերուն, սակայն հետագային անոնց նշանակութիւնը աստիճանաբար նուազած է Յունաստանի մէջ Հռոմէական իշխանութեան ու ազդեցութեան տարածման զուգահեռ։ Թէեւ գիտական որեւէ յստակ եզրահանգում չկայ այն մասին, թէ երբ եղած է պաշտօնական դադրեցումը Հին Ողիմպիական խաղերուն, ամենատարածուած թուականը 393-ն է, երբ Թէոդոսիոս Ա. կայսրը կը հրամայէ, որ հեթանոսական բոլոր պաշտամունքներն ու ծէսերը վերցուին[10]։ Կը նշուի նաեւ 426 թուականը, երբ Թէոդոսիոս Բ. կը հրամայէ ոչնչացնել յունական բոլոր տաճարները։

Ժամանակակից Ողիմպիական խաղեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պրն Փիեռ տը Քուպերթեն

ժամանակակից մարզական միջոցառումներու ընթացքին «Ողիմպիական» բառին կիրառման վերաբերեալ բազմաթիւ փաստաթուղթերու մէջ կը հանդիպինք ԺԸ․ դարէն սկսեալ։ Առաջին դէպքը պատահած է «Քոթսուոլտի խաղերը» կամ «Քոթսուոլֆի Ողիմպիական խաղերը»(cotswold olympics), որոնք ամէն տարի տեղի ունեցած են Անգլիոյ Չիփինկ Քեմփտըն քաղաքին մօտ եւ ներառած են մրցումներ տարբեր մարզաձեւերէ։ Անոնք առաջին անգամ կազմակերպուած են փաստաբան Ռոպըրթ Տովըրի կողմէ եւ տեղի ունեցած են 1612-1642 թուականներուն։ Անկէ ետք քանի մը անգամ եւս տեղի ունեցած են այդ խաղերը մինչեւ մեր օրերը։ 2012-ին Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերու կայքին մէջ Բրիտանական Ողիմպիական դաշնութիւնը այդ խաղերը յիշատակած է իբրեւ Բրիտանիոյ Ողիմպիական շարժման առաջին հանգրուանը[11]։

  • Յեղափոխական Ֆրանսայի մէջ 1796-1796-ականներուն տեղի ունեցած L'Olympiade de la République ամէնամեայ ազգային Ողիմպիական փառատօներուն ընթացքին նոյնպէս փորձեր եղած են պահպանելու Հին Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերու աւանդոյթները։ Մրցաշարքերուն մէջ ներառուած են քանի մը մարզաձեւեր հին յունական Ողիմպիական խաղերէն։ 1796-ի խաղերը կարեւոր են անով, որ այդ օրերուն որդեգրուած է մեթր-ի համակարգը։
  • 1850-ին Ուիլիամ Փեննի Պրուքսի կողմէ հիմնադրուած է Ողիմպիական դասարան (անգլերէն՝ Olympian Class) Միւխ Ուէնլոքու (Շրոփշայր, Անգլիա)։ 1859-ին Պրուքս զայն վերանուանած է Ուէնլոքի Ողիմպիական խաղեր (անգլերէն՝ Wenlock Olympian Games)։ Ամէնամեայ մարզական այդ փառատօնը տեղի կ'ունենայ մինչ օրս։ Ուէնլոքի Ողիմպիական Կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է Պրուքի կողմէ, 15 Նոյեմբեր 1860-ին։
  • 1862-էն մինչեւ 1867-ը Լիվըրփուլի մէջ տեղի ունեցած է Մեծ Ողիմպիական փառատօնը (անգլերէն՝ Grand Olympic Festival)։ Ճոն Հալիի եւ Չարլզ Մելիի կողմէ հիմնադրուած այդ խաղերը եղած են ամբողջութեամբ սիրողական մակարդակի, թէեւ միայն «ճենթլմէն ոչ փրոֆեսիոնալները» կրնային մասնակցիլ մրցումներուն։
  • 1865-ին Հալին, Պրուքսը եւ Ե. Գ. Ռավենշթէյնը հիմնադրած են Ազգային Ողիպիական Դաշնութիւնը Լիվըրփուլի մէջ, որ դարձած է Մեծն Բրիտանիոյ Ողիմպիական դաշնութեան նախատիպը։ Անոր հիմնադիր փաստաթուղթին կէտերը հետագային հիմք դարձած են Միջազգային Ողիմպիականին։
  • 1866-ին Մեծ Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած են ազգային Ողիմպիական խաղերը, որոնք կազմակերպուած են Բիւրեղապակեայ պալատին մէջ[12]։
  • 1896-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած առաջին ժամանակակից Ողիմպիական խաղերուն ծրագիրը գրեթէ կրկնութիւնն է Լիվըրփուլի Ողիմպիականի ծրագիրին։
Փոստային դրոշմաթուղթ՝ Յունական առաջին Ողիմպիական խաղերուն նուիրուած հաւաքածոյէն

Ողիմպիական խաղերուն վերստեղծման գաղափարին մասին Յունաստան կը սկսի հետաքրքրուիլ 1821-ին Օսմանեան կայսրութեան դէմ մղուած անկախութեան պատերազմին ընթացքին։ Այս միտքը առաջին անգամ կ'առաջարկէ բանաստեղծ եւ խմբագիր Բանայոթիս Սուցոս 1833-ին հրատարակուած իր «Մեռածներու երկխօսութիւն» բանաստեղծութեան մէջ։ Յունահռոմէական հարուստ բարեգործ Էւանկելիս Զապաս նախ 1856-ին կը գրէ Յունաստանի թագաւոր Օթոն Ա.-ին՝ առաջարկելով հովանաւորել Ողիմպիական խաղերուն վերստեղծումը։ Զապաս կը հովանաւորէ 1859-ին Աթէնքի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած առաջին Ողիմպիական խաղերը։ Կը մասնակցին մարզիկներ Յունաստանէն եւ Օսմանեան կայսրութենէն։ Զապաս նիւթապէս կը հովանաւորէ նաեւ հնագոյն Բանաթինայիքօ (կամ Քալիմարմարօ) մարզադաշտին նորոգութիւնները, որպէսզի անիկա կարենայ հիւրընկալել ապագային տեղի ունենալիք բոլոր Ողիմպիական խաղերը։

Տիմիթրիուս Վիքելաս

Մարզադաշտը կը հիւրընկալէ Ողիմպիական խաղերը 1870 եւ 1875 թուականներուն։ 1870-ին խաղերու հանդիսատեսներուն թիւը կը հասնի երեսուն հազարի, իսկ 1875-ին խաղերու հանդիսատեսներուն թիւին մասին պաշտօնական տուեալներ չկան։ 1890-ին, Ուենլոքի Ողիմպիական կազմակերպութեան կազմակերպած Ողիմիպիական խաղերուն ներկայ գտնուելէն ետք, Փիեռ տը Քուպերթեն կ'որոշէ ստեղծել Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն (ՄՈԿ)։ Քուպերթենը, հիմնուելով Պրուքսի եւ Զապասի գաղափարներուն ու աշխատանքներուն վրայ, կը մտադրէ հիմնադրել միջազգային մակարդակի Ողիմպիական խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենային իւրաքանչիւր չորս տարին մէկ անգամ։ Ան այդ գաղափարները կը ներկայացնէ նորաստեղծ Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէի Առաջին Համագումարին, որ տեղի կ'ունենայ 16-23 Յունիս, 1894-ին Փարիզի համալսարանին մէջ։ Համագումարին վերջին օրը կ'որոշուի, որ Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէին հովանաւորութիւնը վայելող Ողիմպիական խաղերը տեղի ունենան Աթէնքի մէջ, 1896-ին։ ՄՈԿ-ի առաջին նախագահ կ'ընտրուի յոյն բանաստեղծ Տիմիթրիուս Վիքէլաս։

1896-ի Ողիմպիական խաղեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1896-ի Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութիւնը Բանաթինայիքօ մարզադաշտին մէջ, Յունաստան

Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէին հովանիին տակ կազմակերպուած Առաջին Ողիմպիական խաղերը տեղի կ՛ունենան 1896-ին, Աթէնքի Բանաթինայիքօ (Քալիմարմարօ) մարզադաշտին մէջ։ Խաղերուն կը մասնակցի 14 երկիր եւ 241 մարզիկ՝ մրցելով 43 մարզաձեւերու մէջ[13]։ Զապասն ու իր զարմիկ Քոնսթանթինոս Զապասը դիմած էին Յունաստանի կառավարութեան Ողիմպիական խաղերը հովանաւորելու համար, եւ այդ դիմումին հիման վրայ անոնց կը վստահուի 1896-ի խաղերը հովանաւորելու պատասխանատուութիւնը։[14][15]։ Եորղոս Աւերոֆ մեծ ներդրում ունեցած է մարզադաշտի վերակառուցման աշխատանքներուն մէջ։ Յունաստանի կառավարութիւնը նոյնպէս յատկացուցած է որոշ նիւթական օժանդակութիւն ՝ յոյս ունենալով, որ ծախսերը կը փոխհատուցուին տոմսերու վաճառքէն գոյացած հասոյթով եւ առաջին Ողիմպիական խաղերուն նուիրուած դրոշմաթուղթերու հաւաքածոյի վաճառքին շնորհիւ։

Յունաստանի պաշտօնատար անձնաւորութիւններ եւ հասարակութիւնը կը հիանան Ողիմպիական խաղերու բարձր մակարդակով։ Նոյն կարծիքին եղած են նաեւ շատ մարզիկներ, որոնք նոյնիսկ պահանջած են, որ Ողիմպիական խաղերը մշտապէս տեղի ունենան Աթէնքի մէջ։ Սակայն Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն ծրագրած էր, որ հետագային խաղերը տեղի ունենան աշխարհի տարբեր քաղաքներուն մէջ։ Երկրորդ Ողիմպիական խաղերը տեղի ունեցած են Փարիզի մէջ։[16]։

Փոփոխութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1896-ին ունեցած յաջողութենէն ետք Ողիմպիական խաղերը կը յայտնուին լճացման մէջ։ 1900-ին Ողիմպիական խաղերը տեղի կ'ունենան Փարիզի մէջ եւ մաս կը կազմեն Համաշխարհային ցուցահանդէսին։ 1904-ին Սենթ Լուիսի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերը նոյնպէս կը կազմակերպուին Համաշխարհային ցուցահանդէսին շրջանակներուն մէջ, եւ երկուքն ալ ցուցադրական խաղերու բնոյթ կ'ունենան։ Փարիզի Ողիմպիական խաղերը մարզադաշտ չունէին, սակայն անոնք յատկանշական կը դառնան անով, որ խաղերուն առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէին նաեւ կիներ ու աղջիկներ։ Սենթ Լուիսի Ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցի շուրջ 650 մարզիկ, որոնցմէ 580-ը՝ Միացեալ Նահանգներէն։ Այդ խաղերը եղած են Ողիմպիական շարժման ամենացած մակարդակ ունեցող խաղերը[17]։

Ողիմպիական խաղերուն համբաւը կրկին կը վերականգնի 1906-ին, երբ Աթէնքի մէջ տեղի կ'ունենան արտակարգ Ողիմպիական խաղեր (անգլերէն՝ Intercalated Games), որոնք երրորդ Ողիմպիականի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցող երկրորդ խաղերը կը հանդիսանային։ Այդ խաղերը ճանաչում չեն գտած ՄՈԿ-ի կողմէն, եւ հետագային նման խաղեր այլեւս չեն կազմակերպուած։ Արտակարգ Ողիմպիական խաղերը, որոնց մասնակցած են աշխարհի տարբեր երկիրներէ բազմաթիւ մարզիկներ, արժանացած են միջազգային ուշադրութեան։ Անոնք նպաստած են Ողիմպիական խաղերուն ժողովրդականութեան ուռճացման[18]։

Ձմեռնային Ողիմպիական խաղեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տափօղակով հոքիի խաղ 1928-ին Սանկտ Մորէնու տեղի ունեցած Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն

Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը կը ստեղծուին սառոյցի եւ ձիւնի վրայ տեղի ունեցող մարզաձեւերու համար, որոնց մրցումները տրամաբանական տեսնակիւնէն անհնար էր, որ Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ընթացքին տեղի ունենային։ Սակայն, գեղասահքը (1908 եւ 1920) եւ տափօղակով հոգէյ (1920) ներառուած են Ամառնային Ողիմպիական Խաղերուն մարզաձեւերուն շարքին։ ՄՈԿ-ի ցանկութիւնն էր ընդլայնել անոնց ցանկը՝ ներառելով ձմեռնային այլ մարզաձեւեր։ 1921-ին Լոզանի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական համագումարին կ'որոշուի Ողիմպիական Խաղերու ձմեռնային տարբերակը։ 1924-ին Ֆրանսայի Շամոնիքս քաղաքին մէջ տեղի կ'ունենայ ձմեռնային մարզաձեւերու շաբաթը (11 օր), որոնք առնչութիւն ունէին երեք ամիս ետք տեղի ունեցած Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն հետ։ Այդ իրադարձութիւնը ծանօթ է իբրեւ Առաջին Ձմեռնային Ողիմպիական խաղեր։ Թէեւ սկիզբը նախատեսուած էր, որ Ամառնային եւ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը պիտի հիւրընկալէր նոյն երկիրը մէկ տարուան ընթացքին, սակայն շուտով այդ տարբերակը փոփոխութեան կ'ենթարկուի։ ՄՈԿ-ը կ'որոշէ, որ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը պէտք է կազմակերպուին իւրաքանչիւր չորս տարին մէկ անգամ՝ նոյն տարին, որուն ընթացքին կը կազմակերպուին Ամառնային Ողիմպիական խաղերը[19]։ Այդ աւանդոյթը կը պահպանուի մինչեւ 1992, երբ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը տեղի կ'ունենան Ֆրանսայի Ալպերվիլ քաղաքին մէջ։ Անկէ ետք, 1994-էն սկսեալ, Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը տեղի կ'ունենան իւրաքանչիւր չորս տարին մէկ անգամ, Ամառնային Ողիմպիական խաղերէն երկու տարի ետք։

Փարալիմփիկ խաղեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1964-ի Ամառնային փարալիմփիկ խաղերը Թոքիօ
Սըր Լութուիկ Կուտմըն

1948-ին Սըր Լութուիկ Կուտմըն (Sir Ludwig Guttmann), որոշելով նպաստել Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք զինուորներուն վերականգման, կազմակերպած է տարբեր մարզաձեւերու մրցումներ քանի մը հիւանդանոցներու միջեւ, որոնք պէտք է համապատասխանէին նոյն թուականին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերուն։ Կուտմընի կազմակերպած միջոցառումը, որ այդ օրերուն ծանօթ էր իբրեւ «Սթօք Մանտեւիլեան խաղեր», վերածուած է ամէնամեայ մարզական փառատօնի։ Հետագայ տասներկու տարիներուն ընթացքին, Կուտմըն եւ ուրիշներ շարունակած են նպաստել մարզանքը՝ իբրեւ ապաքինման միջոց օգտագործելու նպատակին։ 1960-ին, Հռոմի մէջ տեղի ունեցող Ողիմպիական խաղերուն ժամանակ, Կուտմըն տարած է 400 մարզիկ՝ մասնակցելու «Զուգահեռ Ողիմպիական խաղերուն» (անգլերէն՝ Parallel Olympics), որոնք յայտնի դարձած են որպէս առաջին Բարալիմպիք խաղեր։ Այդ ժամանակէն ի վեր Բարալիմպիք խաղերը տեղի կ'ունենան իւրաքանչիւր Ողիմպիականի տարին։ 1988-ին Սէուլի (Հարաւային Քորէա) տեղի ունեցած Ամառնային Ողիմպիական խաղերէն ի վեր, խաղերը հիւրընկալող քաղաքին մէջ տեղի կ'ունենան նաեւ Բարալիմպիկ խաղերը[20]։ 2001-ին Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն եւ Միջազգային Բարալիմպիկ Կոմիտէն ստորագրած են համաձայնութիւն մը, որ կ'երաշխաւորէ հիւրընկալող քաղաքին հետ պայմանագիր մը կնքել թէ՛ Ողիմպիական, թէ՛ Բարալիմպիկ խաղերը ընդունելու վերաբերեալ[21]։ Այդ համաձայնութիւնը ի զօրու կը դառնայ 2008-ին Փեքինի մէջ տեղի ունեցած Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն եւ 2010-ին Վանքուվըրի մէջ տեղի ունեցած Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին։ Լոնտոնի կազմակերպչական յանձնաժողովի Լորտ Քոուն 2012-ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող Ամառնային Բարալիմպիկ խաղերու եւ Ամառնային Ողիմպիական խաղերու մասին ըսած է.

Մենք կ'ուզենք փոխել հասարակութեան վերաբերումը հաշմանդամութեան նկատմամբ, ընդգծել Բարալիմպիկ մարզանքի գերազանցութիւնը եւ ճիշդ սկիզբէն հաւատացնել, որ այդ երկու խաղերը մէկ միասնական ամբողջութիւն են։


Պատանեկան խաղեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2010-ին Ողիմպիական խաղերուն աւելցած են Պատանեկան խաղերը, որոնք 14-18 տարեկան մարզիկներուն հնարաւորութիւն կու տային մրցելուլ ուրիշներու հետ։ Պատանեկան Ողիմպիական խաղերուն ստեղծման գաղափարը կ'առաջարկէ ՄՈԿ նախագահ Ժագ Ռոկէ 2001-ին եւ կը հաստատուի ՄՈԿ 118րդ համագումարին։ Առաջին Ամառնային Պատանեկան Ողիմպիական խաղերը տեղի կ'ունենան Սինկափուրի մէջ, 14-26 Օգոստոս 2010-ին, իսկ անկէ երկու տարի ետք Աւստրիոյ Ինսպրուք քաղաքին մէջ տեղի կ'ունենան առաջին Ձմեռնային Պատանեկան Ողիմպիական խաղերը[22]։ Այս խաղերը աւելի կարճատեւ են, քան՝ Ողիմպիական խաղերը. ամառնային խաղերը կը տեւեն տասներկու, ձմեռնայինը՝ ինը օր։ ՄՈԿ-ը Ամառնային Պատանեկան խաղերուն թոյլ կու տայ 3 500 մարզիկի մասնակցութեան եւ 875 պաշտօնական անձերու, իսկ Ձմեռնային խաղերուն՝ 970 մարզիկի եւ 580 պաշտօնական անձերու[23][24]։ Մարզաձեւերը կը համապատասխանեն չափահասակներու համար նախատեսուած Ողիմպիական խաղերուն, բայց կան որոշակի տարբերութիւններ։ Մասնաւորապէս, մրցումներուն կրնան մասնակցիլ տարբեր ազգերու եւ տարբեր սեռերու ներկայացուցիչներէ կազմուած խումբեր, իսկ մարզաձեւերուն ու մրցոյթներուն թիւը աւելի քիչ է[25]։

ԻԱ․ դարու Ողիմպիական խաղեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1896-ին 14 երկիրներ ներկայացնող 241 մասնակիցներու փոխարէն 2012-ին Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն մասնակցած է արդէն շուրջ 10,500 մարզիկ աշխարհի 204 երկիրներէ[26]։ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու մասնակիցներուն թիւը աւելի քիչ է։ Օրինակ, 2014-ի Սոչիի Ողիմպիական խաղերուն մասնակցած է 2873 մարզիկ 88 երկիրներէ, 98 տարբեր խաղերու համար։ Ողիմպիական խաղերու ընթացքին մարզիկներու եւ պաշտօնական անձերու մեծ մասը կը բնակի Ողիմիպիական գիւղին մէջ։ Վերջինս նախատեսուած է Ողիմպիական խաղերու բոլոր մասնակիցներու առանին բնակութեան համար եւ ապահովուած է սրճարաններով, հիւանդանոցներով եւ կրօնական ծէսերու կատարման համար անհրաժեշտ վայրերով[27]։

ՄՈԿ-ը թոյլ կու տայ Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէներ ստեղծել նաեւ այն ազգերուն, որոնք չեն համապատասխաներ քաղաքական ինքնիշխանութեան խիստ դրոյթներուն, ինչպէս կը պահանջեն այլ կազմակերպութիւններ։ Իբրեւ արդիւնք՝ գաղութներն ու կախեալ տարածքները նոյնպէս իրաւունք կը ստանան մասնակցիլ Ողիմպիական խաղերուն։ Այդպիսի տարածքներ են Բուերթօ Ռիքօ, Վերմուտեան կղզիները եւ Հոնկ Քոնկ, որոնք բոլորն ալ մրցումներուն կը մասնակցին որպէս առանձին երկիրներ, հակառակ անոր որ իրաւաբանական տեսանկիւնէ կը գտնուին այլ պետութեան կազմի մէջ[28]։ Ողիմպիական փաստաթուղթերու ներկայտարբերակը թոյլ կու տայ ստեղծել նոր Ազգային Ողիմպիական կոմիտէներ այն ազգերու ներկայացման համար, որոնք կը դասակարգուին որպէս «միջազգային հանրութեան կողմէ ճանչցուած անկախ պետութիւն»[29]։ Այնուամենայնիւ, թոյլ չի տրուիր ստեղծել Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէներ Սենթ Մաարտենի եւ Քիւրասաոյի համար, երբ անոնք հասած են նոյն սահմանադրական կարգավիճակին, որ Արուպան 2010-ին հասած էր, թէեւ ՄՈԿ-ը Արուպայի Ողիմպիական Կոմիտէն ճանչցած է 1986-ին[30][31]։ 2012-էն ետք Հոլանտայի Անտիլեան կղզիներու մարզիկներուն իրաւասութիւն կը տրուի իրենց ցանկութեամբ ներկայացնելու կա՛մ Հոլանտան, կա՛մ Արուպան[32]։

Խաղերուն արժէքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ 2016-ի Օքսֆորտի ուսումնասիրութիւններուն, 1960-էն սկսեալ Ամառնային Ողիմպիական Խաղերուն մարզական ծախսերը կը կազմեն շուրջ 5,2 միլիար տոլար, իսկ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերունը՝ 3,1 միլիար։ Այդ թիւերը չեն ներառեր աւելի լայն ենթակառոյցները, ինչպիսիք են ճամբաները, քաղաքային երկաթուղին եւ օդակայանները, որոնք կրնան նոյնքան կամ աւելի ծախսալից ըլլալ։

Յաճախ Ողիմպիական խաղերու ընթացքին ծախսերը կը գերազանցեն նախատեսուած պիւտճէն։ 1960-էն ետք կազմակերպուած խաղերու համար միջին գերածախսը կը կազմէ 156% , այսինքն՝ ծախսերուն միջինը 2,56 անգամ կը գերազանցէ Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու դիմումին ներկայացման ատեն նախատեսուած պիւտճէն։ 1976-ին Մոնրէալի Ողիմպիական խաղերուն կատարուած է ամենաշատ գերածախսը (720%)։ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն գերածախսը կատարուած է 1980-ին Նիւ Եորքի գիւղերէն՝ Լէյք Փլէսիտի (Lake Placid) Ողիմպիական խաղերուն եւ կազմած է 324%։ 2012-ին Լոնտոնի խաղերուն գերածախսը կազմած է 76%, 2014-ի Սոչիի խաղերուն՝ 289%[33]։

Ամենածախսալից Ամառնային Ողիմպիական խաղերը եղած են 2008-ի Փեքինի խաղերը, որոնք արժած են 40-44 միլիար ամերիկեան տոլար[34], իսկ ամենածախսալից Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերը եղած են 2014-ի Սոչիի խաղերը, որոնք արժած են 51 միլիար ամերիկեան տոլար[35][36]։

Ամառնային Ողիմպիական Խաղերու ընթացքին, մէկ մարզիկի համար միջին հաշուով կը ծախսուի 0,6 միլիոն ամերիկեան տոլար, իսկ 1,3 միլիոն՝ Ձմեռնային խաղերուն։ 2012-ին, Լոնտոնի Ողիմպիական Խաղերու ընթացքին մէկ մարզիկի համար ծախսուած է 1,4 միլիոն, իսկ 2014-ի Սոչիի Ողիմպիական խաղերու ընթացքին՝ 7,9 միլիոն տոլար։

1976-ին Մոնրէալի եւ 1980-ին Մոսկուայի Ողիմպիական խաղերու ժամանակ հիւրընկալող երկիրը, ձգտելով կարելի եղածին չափ լաւ ներկայանալ, կատարած է այնպիսի ծախսեր, որոնք մեծապէս գերազանցած են եկամուտը։ Այդ պատճառով ալ 1984-ի Լոս Անճըլեսի Ողիմպիական խաղերուն նախապատրաստուելու ատեն հիւրընկալող կողմը որոշած է վերահսկել կատարուող ծախսերը՝ օգտագործելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող մարզադաշտեր ու այլ կառոյցներ, բացառութեամբ լողի մրցահրապարակին ու հեծանիւահրապարակին, որոնց համար վճարած են գործարար ոլորտի հովանաւորներ։ Ողիմպիական Կոմիտէն, Փիթըր Եուպէրոթի (Peter Ueberroth) գլխաւորութեամբ, եկամուտին մէկ մասը օգտագործած է LA84 Հիմնադրամին, որպէսզի նպաստէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ պատանեկան մարզաձեւերու զարգացման, օժանդակէ մարզիչներու ուսման եւ օգնէ մարզական գրադարանին։ 1984-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերը ժամանակակից Ողիմպիական խաղերուն մէջ կը նկատուին նիւթական տեսնակիւնէ ամենայաջողը [37]։

Տնտեսական եւ ընկերային ազդեցութիւն՝ հիւրընկալող քաղաքին եւ երկիրին վրայ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ թիւով տնտեսագէտներ ժխտական վերաբերմունք կը ցուցաբերեն Ողիմպիական խաղերուն հիւրընկալման տնտեսական օգուտին՝ նշելով, որ նմանօրինակ իրադարձութիւնները կը պահանջեն մեծ ծախսեր եւ կու տան համեմատաբար քիչ եկամուտ[38]։ Ընդհակառակը, հիւրընկալումը (կամ միայն դիմումի ներկայացումը) կ'աւելցնէ այդ երկիրի արտահանման ծաւալը, քանի որ հիւրընկալող կամ դիմում ներկայացուցած երկիրը իր դիմումով իսկ ցոյց կու տայ, որ պատրաստ է բաց առեւտուրի[39]։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն հիւրընկալումը դրական ազդեցութիւն կ'ունենայ այն մարդասիրական կազմակերպութիւններուն վրայ, որոնք գրասենեակներ ունին տուեալ քաղաքին մէջ, որոնք կը նպաստեն տեղի ոչ առեւտրային մասին զարգացման։ Այս դրական ազդեցութիւնը կը սկսի խաղէն տարիներ առաջ եւ կրնայ շարունակուիլ եւս քանի մը տարի[40]։

Խաղերը ժխտական ազդեցութիւն կրնան ունենալ հիւրընկալող երկիրին բնակիչներուն վրայ, այսպէս՝ Բնակարանի Ապահովման Իրաւունքի եւ Վտարման Կեդրոնի ներկայացուցած տուեալներուն համաձայն, երկու տասնամեակի ընթացքին, Ողիմպիական խաղերուն պատճառով, իրենց տուներէն տեղափոխուած են աւելի քան երկու միլիոն հոգի[41]։

2014-ին Սոչիի Ողիմպիական խաղերը եղած են ամենածախսալիցը պատմութեան մէջ. անոնք արժած են աւելի քան 50 միլիար ԱՄՆ տոլար։ Վերակառուցման եւ Զարգացման Եւրոպական Դրամատան հաշուետուութեան համաձայն, այդ ծախսերը չեն նպաստեր Ռուսաստանի ազգային տնտեսութեան զարգացման, սակայն կրնան ապագային գործարարներուն հայեացքները ուղղել դէպի Սոչի եւ Կրասնոտարի երկրամաս[42]։ Սակայն Դեկտեմբեր 2014-ին The Guardian պարբերականը գրած է, թէ Սոչին կը նմանի «քաղաք-ուրուականի» բնութեան գիրկը տարածուած մարզադաշտերով ու արենաներով, ինչպէս նաեւ անաւարտ կառոյցներով[43]։ 2022-ի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու իրենց դիմումները ետ վերցուցած են նուազագոյնը չորս քաղաք՝ մեծ ծախսերն ու աջակցութեան բացակայութիւնը պատճառաբանելով[44]։ Այսպիսով, խաղերը հիւրընկալելու համար մրցակցած են երկու քաղաք՝ Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր-Սուլթանը եւ Չինաստանի մայրաքաղաք՝ Փեքինը։ Յուլիս 2016-ին The Guardian պարբերականը նշած է, որ Ողիմպիական խաղերու ապագային սպառնացող մեծագոյն վտանգը այն է, որ շատ քիչ քաղաքներ ցանկութիւն պիտի յայտնեն զանոնք հիւրընկալելու[45]։

Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէի գրասենեակը Լոզանի մէջ

Ողիմպիական շարժման մաս կը կազմեն մեծ թիւով ազգային եւ միջազգային մարզական կազմակերպութիւններ եւ դաշնութիւններ, նշանաւոր մետիա գործընկերներ, ինչպէս նաեւ մարզիկներ, պաշտօնատար անձնաւորութիւններ, դատաւորներ եւ ցանկացած այլ անձինք ու հիմնարկութիւններ, որոնք կը համաձայնին ենթարկուիլ Ողիմպիական խարտիայի կանոններուն։ Իբրեւ Ողիմպիական շարժումը հովանաւորող կազմակերպութիւն՝ Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն (ՄՈԿ) պատասխանատու է Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալող քաղաքի ընտրութեան, Ողիմպիական խաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն վերահսկման, մարզական ծրագիրի թարմացման ու հաստատման, հովանաւորման ու հեռարձակման իրաւունքներու մասին բանակցութիւններու վարման համար։

Ողիմպիական շարժումը կազմուած է երեք հիմնական կառավարող օղակներէ.

  • Միջազգային միաւորումները ղեկավար մարմիններ են, որոնք կը վերահսկեն մարզանքը միջազգային մակարդակի վրայ։ Օրինակ՝ Ֆութպոլի Միջազգային Ընկերակցութիւններու դաշնութիւնը (ՖԻՖԱ) ֆութպոլի միջազգային միաւորում է, իսկ Վոլիպոլի միջազգային դաշնութիւնը (ֆրանսերէն՝ Fédération Internationale de Volleyball)՝ վոլիպոլի համար։ Ողիմպիական շարժումը ներկայիս կը ներառէ 35 միջազգային դաշնութիւն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ Ողիմպիական մարզաձեւերէն մէկը[46]։
  • Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէները (ԱՈԿ) կը ներկայացնեն եւ կը վերահսկեն Ողիմպիական շարժումը տուեալ երկրի սահմաններուն մէջ։ Օրինակ՝ Միացեալ Նահանգներու Ողիմպիական Կոմիտէն Միացեալ Նահանգներու Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէն է։ Ներկայիս գոյութիւն ունին 205 Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէներ, որոնք ճանչցուած են ՄՈԿ-ի կողմէ։
  • Ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ կոմիտէները ժամանակաւոր կոմիտէներ են, որոնք պատասխանատու են տուեալ Ողիմպիական խաղերու կազմակերպման։ Անոնք կը կազմալուծուին Ողիմպիական խաղերու աւարտէն եւ ամփոփիչ հաշուետուութիւնը ՄՈԿ-ին ներկայացնելէ ետք։

Ողիմպիականի պաշտօնական լեզուներն են անգլերէնն ու ֆրանսերէնը։ Ողիմպիական խաղերու ընթացքին կ'օգտագործուի նաեւ հիւրընկալող երկրին լեզուն (կամ լեզուները, եթէ տուեալ երկիրը ունի մէկէ աւելի պաշտօնական լեզու, բացի անգլերէնէն ու ֆրանսերէնէն)։ Իւրաքանչիւր յայտարարութիւն (օրինակ՝ բացման արարողութեան ընթացքին մասնակցող երկիրները) կ'ըլլայ երեք (կամ աւելի) կամ երկու հիմնական լեզուներով, եթէ հիւրընկալող երկիրին պաշտօնական լեզուն անգլերէնը կամ ֆրանսերէնն է։

Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն յաճախ քննադատութիւններու կ'արժանանայ դժուար վերահսկուող կազմակերպութիւն մը ըլլալուն համար, որուն շարք մը անդամները կոմիտէի կազմին մէջ կը մնան իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Էյվերու Պրենտէժի եւ Խուան Անթոնիօ Սամարանչիի նախագահութեան տարիները յատկապէս արժանացած են հակասական գնահատականներու։ Պրենտէժ նախագահած է աւելի քան 20 տարի, եւ այդ ընթացքին Ողիմպիական խաղերը զերծ պահած է քաղաքական միջամտութիւններէ ու գովազդի ազդեցութենէ։ Ան մեղադրուած է ցեղապաշտութեան (Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան ցեղական մեկուսացումին վերացման դիմադրելուն համար) եւ հակասեմականութեան համար։ Սամարանչիի նախագահութեան ընթացքին գրասենեակը մեղադրուած է ընտանեվարութեան ու կաշառակերութեան մէջ[47]։ Սամարանչիի կապերը Սպանիոյ մէջ տիրող Ֆրանքոյի ռեժիմի հետ նոյնպէս քննադատութեան տեղ տուած են[48]։

1998-ին յայտնի դարձած է, որ ՄՈԿ-ի քանի մը անդամներ կաշառուած են 2002-ի Ողիմպիական խաղերու դիմում ներկայացուցած Սոլթ Լէյք Սիթի Կոմիտէէն։ ՄՈԿ-ը դիմած է հետաքննութեան, որուն հետեւանքով չորս հոգի հրաժարական տուած է, իսկ վեցը՝ հեռացուած են։ Այս դէպքէն ետք կատարուած են որոշակի փոփոխութիւններ հիւրընկալող քաղաքի ընտրութեան կարգին մէջ, որպէսզի կանխարգիլուի ապագային նմանատիպ իրավիճակներու ստեղծումը[49]։

1999-ին յայտնի դարձած է, որ 1998-ին Նականոյի (Ճափոն) մէջ Ողիմպիական խաղերը ընդունելու համար յայտ ներկայացուցած ողիմպիական կոմիտէն ծախսած է շուրջ 14 միլիոն տոլար ՄՈԿ-ի 62 անդամներու ու անոնց բազմաթիւ գործընկերներուն իրենց կողմը գրաւելու համար։

Էմ- Ուէյվը՝ (Ճափոն) ներսէն, կառուցուած է 1998-ի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն համար

Ստոյգ թիւերը յայտնի չեն, որովհետեւ ծախսերուն վերաբերող փաստաթուղթերը ոչնչացուած են երբ ՄՈԿ-ը խնդրած է չհրապարակել միջոցառման կազմակերպման համար ծախսած գումարները[50][51]։

Նականոյի (Ճափոն) Զէնքոճիի գլխաւոր սրահը

BBC հեռատեսիլի կայանի Panorama: Buying the Games վաւերագրական ֆիլմին մէջ, որ հեռարձակուած է Օգոստոս 2004-ին, կը հետաքննուի 2012-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերու մայրաքաղաքի ընտրութեան ընթացքին կաշառք տալու հարցը։ Ֆիլմը կը պնդէ, որ հնարաւոր է կաշառել ՄՈԿ-ի անդամը, որպէսզի ան քուէարկէ յօգուտ որոշ քաղաքի մը։ Լոնտոնի՝ 2012-ի Ողիմպիական խաղերու մայրաքաղաք ընտրուելէ ետք[52] Փարիզի քաղաքապետ Պերտրան Տելանոյէն Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թոնի Պլէրին եւ Լոնտոնի համար դիմում ներկայացուցած կոմիտէին (որուն նախագահն էր Ողիմպիական նախկին ախոյեան Սեպաստիան Քոն) մեղադրած է դիմումներու ներկայացման կանոնները խախտելու մէջ։ Ան Ֆրանսայի նախագահ Ժագ Շիրաքը ներկայացուցած է իբրեւ վկայ։ Վերջինս զգուշաւոր հարցազրոյցներ տուած է իր մասնակցութեան վերաբերեալ[53]։ Այդ յայտարարութեան վերաբերեալ լիարժէք հետաքննութիւն չէ եղած։ 2006-ի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու համար Թուրինի դիմումը նոյնպէս վէճերու առիթ տուած է։ ՄՈԿ-ի ականաւոր անդամ Մարք Հոտլեր, որ խիստ կողմնակից էր խաղերը Զուիցերիոյ Սիոն քաղաքին մէջ կազմակերպելու, պնդած է, թէ Թորինոյի կազմակերպիչ կոմիտէն կաշառած է ՄՈԿ-ի անդամները։ Այդ մեղադրանքներուն պատճառով տեղի ունեցած է խոր հետաքննութիւն։

Առեւտրականացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ազգային կազմակերպչական կոմիտէներու ներքոյ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ողիմպիական խաղերը տարբեր չափերով սկսած են առեւտրականացուիլ 1896-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած առաջին Ողիմպիական խաղերուն, երբ գովազդի համար վճարած են շարք մը ընկերութիւններ[54], որոնց կարգին էր Kodak[55][56]։ 1908-ին Oxo, Odol mouthwash եւ Indian Foot Powder ընկերութիւնները եղած են Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն պաշտօնական հովանաւորները[57][58][59]։ Coca-Cola ընկերութիւնը հովանաւորած է 1928-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերը եւ ցարդ կը շարունակէ հանդէս գալ իբրեւ հովանաւոր[54]։ Նախքան ՄՈԿ-ի կողմէ հովանաւորութեան վերահսկողութիւն ստանձնելը ազգային կազմակերպչական կոմիտէները իրենք պատասխանատու էին հովանաւորութեան վերաբերեալ պայմանագիրներու կնքման եւ Ողիմպիական խորհրդանիշներու օգտագործման։

ՄՈԿ-ի վերահսկողութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սկիզբը ՄՈԿ-ը դէմ էր հովանաւորներու կողմէ նիւթական հովանաւորութեան ընդունման։ 1972-ին ՄՈԿ-ի նախագահ Էյվերու Պրենտէժի՝ պաշտօնէն հեռանալէն ետք ՄՈԿ-ը սկսած է ուսումնասիրել հեռուստատեսութեան եւ գովազդային շուկայի ընձեռած առիթները։ Խուան Անթոնիօ Սամարանքիի նախագահութեան ընթացքին սկսած են համագործակցիլ միջազգային հովանաւորներու հետ, որոնք կը ձգտէին իրենց վաճառանիշերը կապել Ողիմպիական վաճառանիշերու հետ։

Ի․ դարու առաջին կիսուն ՄՈԿ-ը գործած է փոքր պիւտճէով։ 1952-1972-ականներուն ՄՈԿ-ի նախագահ Էյվերու Պրենտէժ մերժած է Ողիմպիական խաղերը առեւտրային հետաքրքրութիւններու հետ կապելու բոլոր փորձերը։ Պրենտէժ կը հաւատար, որ հետաքրքրութիւնները բացասաբար կ'անդրադառնան ՄՈԿ-ի կողմէ որոշումներու կայացման վրայ։ Սակայն ՄՈԿ-ը կազմակերպչական կոմիտէներուն թոյլ կու տար հովանաւորութեան պայմանագիրեր կնքել եւ օգտագործել Ողիմպիական խորհրդանիշները։ Երբ Պրենտէժ պաշտօնէն կը հեռանար, ՄՈԿ-ի աշխուժ դրամագլուխը կը կազմէր 2 մլն տոլար, իսկ ութ տարի ետք ՄՈԿ-ը արդէն ունէր 45 մլն տոլար։ Այս մէկը տեղի ունեցած է գլխաւորաբար Ողիմպիական խաղերու հովանաւորութեան եւ հեռուստատեսութեամբ հեռարձակման իրաւունքներու վաճառքի առումով։ 1980-ին, երբ ՄՈԿ-ի նախագահ ընտրուած է Խուան Անթոնիօ Սամարանչը, անոր փափաքը եղած է ՄՈԿ-ը դարձնել նիւթապէս անկախ։

1984-ի Ողիմպիական խաղերը պատմական են նիւթական առումով։ Լոս Անճելըսի կազմակերպչական կոմիտէն, զոր կը գլխաւորէր Փիթըր Եուպըրոթ,

Փիթըր Եուպըրոթ

կրցած է խնայել 225 մլն տոլար, որ աննախադէպ գումար էր այդ ժամանակի համար[60]։ Այդ կարելի դարձած է նաեւ ընկերութիւններու ընտրութեան յատուկ հովանաւորական իրաւունքներու վաճառքին շնորհիւ։ ՄՈԿ-ը փորձած է վերահսկել այդ հովանաւորական իրաւունքները։ 1985-ին Սամարանչ օգնած է մշակելու Ողիմպիական ծրագիր մը , որպէսզի Ողիմպիական վաճառանիշ ստեղծուի։ Ողիմպիական ծրագիրի անդամակցութիւնը եղած է եւ կը շարունակուի մնալ թանկարժէք։ Չորս տարուան անդամակցութեան գումարը կը կազմէ 50 միլիոն տոլար։ Ողիմպիական ծրագիրի անդամները կը ստանան համաշխարհային բացառիկ գովազդային իրաւունք իրենց ապրանքներուն համար եւ կ'օգտագործեն Ողիմպիական խորհրդանիշ հանդիսացող միահիւսուած օղակները իրենց գովազդներուն մէջ։

Հեռուստատեսութեան ազդեցութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծաղրանկար 1936-ի Ողիմպիական խաղերուն, որ պատկերուած է 2000-ին, երբ հանդիսատեսին պէտք է փոխարինէին հեռատեսիլն ու ձայնասփիւռը, անոնց բացագանչութիւնները կը լսուին բարձրախօսներէն։

1936-ին Պերլինի Ամառնային Ողիմպիական խաղերը հեռատեսիլով ցուցադրուած առաջին խաղերը եղած են, բայց միայն Պերլինի բնակչութեան համար[61]։ 1956-ին Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը եղած են միջազգային ցուցադրութիւն ունեցած առաջին Ողիմպիական խաղերը[62], իսկ 1960-ի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը եղած են առաջինը, որոնց հեռարձակման իրաւունքը վաճառուած է. CBS հեռուստառատիոցանցը վճարած է 394,000 տոլար խաղերը Ամերիկայի մէջ ցուցադրելու համար[63], իսկ Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը յատկացուցած է 660,000 տոլար։ Հետագայ տարիներու Ողիմպիական խաղերը դարձած են Պաղ Պատերազմի գաղափարական ռազմաճակատներէն մէկը։ Գերտէրութիւնները պայքարած են իրենց քաղաքական գերազանցութիւնը ցուցադրելու համար, եւ ՄՈԿ-ը փորձած է օգտուիլ զանգուածային լրատուամիջոցներու չափազանց հետաքրքրութենէն։ Հեռարձակման իրաւունքներու վաճառքը ՄՈԿ-ին թոյլ տուած է բարձրացնել Ողիմպիական Խաղերու մակարդակը, որ իր հերթին գրաւած է աւելի մեծ հետաքրքրութիւն եւ աւելի շատ գովազդատուներ։ Իբրեւ արդիւնք՝ ՄՈԿ-ը աւելի մեծ եկամուտ կը ստանայ հեռարձակման իրաւունքներու վաճառքէն[63]։ Օրինակ՝ CBS-ը վճարած է 375 մլն. տոլար 1998-ին Նականոյի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերը Ամերիկայի մէջ ցուցադրելու համար, իսկ NBC-ը ծախսած է 3,5 մլն. տոլար 2000-2012-ականներուն կայացած բոլոր Ողիմպիական խաղերը Ամերիկայի մէջ ցուցադրելու իրաւունքի ձեռքբերման համար։

Հանդիսատեսի քանակը նոյնպէս մեծացած է 1960-ականներէն մինչեւ 20-րդ դարու վերջը։ Ատիկա տեղի ունեցած է 1964-ին ուղիղ հեռարձակման եւ 1968-ին գունաւոր հեռատեսիլի ստեղծման շնորհիւ[64]։ 1968-ին Մեքսիքոյի մէջ տեղի ունեցած Ամառնային Ողիմպիական խաղերու հանդիսատեսներու քանակը ամբողջ աշխարհի տարածքին կազմած է 600 մլն. 1984-ին Լոս Անճելըսի մէջ կայացած Ողիմպիական խաղերուն՝ 900 մլն., իսկ 1992-ին Պարսելոնայի խաղերուն՝ 3,5 միլիար[64]։ Սակայն 2000-ին Սիտնէյ Ողիմպիական խաղերուն ցուցադրումը NBC-ով ունեցած է ամենացած վարկանիշը Ամառնային եւ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու շարքին 1968-էն սկսեալ[65]։ Անոր պատճառ դարձած են երկու գործօններ. մէկը եղած է արբանեակային հեռուստաալիքներու հետ աճող մրցակցութիւնը, երկրորդը՝ համացանցը, որ թոյլ կու տայ տեսնել արդիւնքներն ու տեսանիւթերը ճիշդ ժամանակին։ Հեռուստաընկերութիւնները կը գործէին ժապաւէնային եղանակով՝ ետ մնալով զարգացող արհեստագիտութենէն[66]։ Վարկանիշներու անկումը ազդած է նաեւ գովազդներուն վրայ։ Ողիմպիական խաղերուն հեռարձակման համար կատարուող մեծ ծախսերու, համացանցի կողմէն ճնշման ու հեռուստատեսութեան հետ մրցակցութեան պայմաններուն հեռուստաընկերութիւնները պահանջած են ՄՈԿ-էն միջոցներ ձեռնարկել վարկանիշի բարձրացման ուղղուած։ Անոր ի պատասխան՝ ՄՈԿ-ը կատարած է շարք մը փոփոխութիւններ Ողոմպիական ծրագիրին մէջ։ Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ժամանակ մարմնամարզիկներու մրցումները եօթի փոխարէն սկսած են երկարիլ ինը գիշեր, ինչպէս նաեւ կազմակերպուած է ախոյեաններու կալա աւելի մեծ հետաքրքրութիւն գրաւելու համար։ ՄՈԿ-ը ընդլայնած է նաեւ լողի ու ջրացատկի մրցումներուն ծրագիրները, որոնք երկուքն ալ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն եւ ունին մեծաքանակ հեռուստադիտողներ։ Եւ ի վերջոյ ամերիկեան հեռուստատեսային լոպպին եւ մասնաւորապէս NBC-ը կրցած են պարտադրել, թէ երբ պէտք է տեղի ունենան որոշ մրցումներ, որպէսզի իրենք կարենան զանոնք ուղիղ հեռարձակմամբ ցուցադրել Միացեալ Նահանգներու տարածքին։ Արդիւնքները եղած են հակասական. 2006-ին Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու վարկանիշը եղած է շատ աւելի ցած, քան 2002-ին, սակայն հեռուստադիտողներու թուաքանակի մեծ աճ նկատուած է 2008-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ժամանակ, իսկ 2012-ի Ամառնային Ողիմպիական Խաղերը դարձած են ամենամեծ դիտումները ունեցած իրադարձութիւնը ԱՄՆ հեռուստատեսութեան ողջ պատմութեան ընթացքին «London Olympics 2012 Ratings: Most Watched Event In TV History»։ The Huffington Post։ 13 August 2012։ արտագրուած է՝ 12 July 2013 ։ Ողիմպիական վաճառանիշի վաճառքը եղած է խնդրայարոյց։ Փաստարկումը այն է, որ Ողիմպիական խաղերը այլեւս չեն տարբերիր այլ առեւտրային մարզական ներկայացումներէն[67]։ Յատկապէս քննադատուած է ՄՈԿ-ի կողմէն շուկայի յագեցումը 1996-ին Աթլանթայի եւ 2000-ին Սիտնիի Ողիմպիական խաղերուն ատեն, երբ քաղաքները լի էին Ողիմպիական խաղերուն վերաբերող իրեր առաջարկող ընկերութիւններով։ ՄՈԿ-ը նշած է, որ իրենք հաշուի կ'առնեն այդ՝ նման երեւոյթներու թոյլ չտալու նպատակով։ Քննադատութեան մէկ այլ պատճառ դարձած է այն հանգամանքը, որ Ողիմպիական խաղերու կազմակերպումը նիւթապէս կը հովանաւորուի հիւրընկալող քաղաքի ու երկրի կառավարութեան կողմէն, սակայն ՄՈԿ-ը կը վերահսկէ Ողիմպիական խորհրդանիշներու օգտագործման իրաւունքներն ու անկէ ստացուած շահոյթները։ ՄՈԿ-ը որոշակի տոկոսներ կը ստանայ նաեւ հովանաւորներու տրամադրած եւ հեռարձակման համար վճարուած գումարներէն։ Քաղաքները կը շարունակեն պայքարիլ Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու համար, թէեւ ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ իրենք կրնան վերադարձնել իրենց ներդրումները։

Ողիմպիականի դրօշակը

Ողիմպիական շարժումը կ'օգտագործէ խորհրդանիշեր՝ Ողիմպիական խարտիային մէջ ամրագրուած գաղափարները ներկայացնելու համար։ Ողիմպիական խորհրդանիշը, որ ծանօթ է իբրեւ Ողիմպիական օղակներ, բաղկացած է հինգ միահիւսուած օղակներէ եւ կը խորհրդանշէ հինգ ցամաքամասերը (Ափրիկէ, Ամերիկա, Ասիա, Աւստրալիա եւ Եւրոպա)։ Սպիտակ յետամասի վրայ նկարուած Ողիմպիական գունաւոր օղակները (կապոյտ, դեղին, սեւ, կանաչ եւ կարմիր) կը կազմեն Ողիմպիական դրօշը։ Այդ գոյները ընտրուած են այն պատճառով, որ ամէն մէկ ազգ իր ազգային դրօշին վրայ ունի անոնցմէ առնուազն մէկը։ Ողիմպիական դրօշը հաստատուած է 1914-ին, սակայն առաջին անգամ օգտագործուած է 1920-ին Անտուերպենի (Պելճիքա) Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ատեն։ Անկէ ետք անիկա կը բարձրացուի բոլոր Ողիմպիական խաղերու ատեն Lennartz Karl (2002)։ «The Story of the Rings»։ Journal of Olympic History 10: 29–61։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-01-07-ին։ արտագրուած է՝ 2019-02-08 ։

Ողիմպիական նշանաբանը՝ Citius, Altius, Fortius, որ լատիներէնէն թարգմանաբար կը նշանակէ «Արագ, բարձր, ուժեղ», առաջարկուած է Փիեռ Տը Քուպերթենի կողմէ 1894-ին եւ պաշտօնապէս ընդունուած է 1924-ին։ Նշանաբանը յօրինած է Քուպերթենի ընկերը՝ տոմինիկեան վանական Հենրի Տիտոնը 1891-ին Փարիզի երիտասարդական ժողովին համար[68]։

Քուպերթենի ողիմպիական գաղափարները արտայայտուած են Ողիմպիական Հանգանակին մէջ.

Ողիմպիական Խաղերուն ամենակարեւորը ոչ թէ յաղթանակն է, այլ՝ մասնակցութիւնը, ինչպէս որ ամենակարեւորը կեանքի մէջ ոչ թէ յաղթատօնն է, այլ՝ պայքարը։ Ամենաէականը ոչ թէ նուաճելն է, այլ՝ լաւ պայքարիլը։


Ողիմպիական խաղերու մեկնարկէն ամիսներ առաջ յատուկ արարողութեամբ մը Ողիմպիական ջահը կը վառի Ողիմպիոյ մէջ, որ կը յիշեցէ հին յունական ծիսակարգերը։ Կրակը վառողը, որ կը մարմնաւորէ քրմուհին, ջահը կը դնէ արեւու ճառագայթները կեդրոնացնող բարապոլային հայելիին մէջ։ Ապա քրմուհին կը վառէ առաջին ջահակիրին ջահը, որմէ ետք ջահակիրները, մէկը միւսին փոխանցելով, կրակը կը հասցնեն մարզադաշտ, ուր պէտք է տեղի ունենան Ողիմպիական խաղերը։ Ողիմպիական կրակը կարեւոր դեր կը կատարէ Ողիմպիական խաղերուն բացման արարողութեան ատեն։ Թէեւ կրակը Ողիմպիական խաղերու խորհրդանիշ եղած է 1928-էն սկսեալ, սակայն ջահերով փոխանցելու աւանդոյթը ներդրուած է 1936-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերու։

Ողիմպիական յուռութքները, որոնք հիւրընկալող երկիրի մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող անասունի կամ մարդու կերպարներ են, օգտագործուած են 1968-էն սկեալ։ Սակայն անոնք Ողիմպիական խաղերու կարեւոր մաս դարձած են 1980-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերէն ետք, երբ միջազգային ժողովրդականութիւն ստացած է Մոսկուայի Ողիմպիական խաղերուն Միշա արջուկը։ Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերու յուռութքը կոչուած է Վենլօք ի պատիւ Շրոպշայրի Մաչ Վենլօք քաղաքի, որ կը շարունակէ հիւրընկալել Վենլօքի Ողիմպիական խաղերը, որոնք Փիեռ Տը Քուպերթենին ոգեշնչած են ստեղծել արդի Ողիմպիական խաղերը[69]։

Արարողութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
2012-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութիւնը Լոնտոնի մէջ

Ողիմպիական խարտիայի համաձայն՝ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութիւնը պէտք է ներառէ շարք մը տարրեր։ Բացումը տեղի կ'ունենայ նախքան մրցումներուն սկսիլը։ Այդ արարողութիւններու մեծ մասը սկիզբ առած է 1920-ի Անվէրի Ողիմպիական խաղերէն։ Սովորաբար բացման արարողութիւնը կը սկսի հիւրընկալող երկիրին դրօշակի բարձրացմամբ ու քայլերգի հնչեցմամբ։ Ապա կը ներկայացուին հիւրընկալող երկիրը ներկայացնող երաժշտական, պարային ու թատերական բեմադրութիւններ։ Բացման արարողութեան գեղարուեստական մասը ժամանակի ընթացքին դարձած է աւելի բարդ, քանի որ իւրաքանչիւր երկիր կը ձգտի կազմակերպել նախորդէն աւելի յիշարժան միջոցառում մը։

Փեքինի Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութիւն (2008)

Փեքինի Ողիմպիական խաղերուն բացման արարողութեան համար ծախսուած է 100 միլիոն տոլար, ընդ որուն՝ այդ գումարին մեծ մասը յատկացուած է գեղարուեստական մասին[70]։ Գեղարուեստական մասէն ետք տեղի կ'ունենայ մարզիկներու շքերթ ըստ երկիրներու։ Ըստ աւանդութեան՝ առաջինը մարզադաշտ կը մտնէ Յունաստանի Ողիմպիական խումբը, որով յարգանքի տուրք կը մատուցուի Ողիմպիական խաղերու ստեղծման համար։ Ապա մարզադաշտ կը մտնեն միւս երկիրներու ներկայացուցիչները՝ ըստ այբբենական կարգի (լեզուն կ'ընտրէ հիւրընկալող երկիրը), իսկ հիւրընկալող երկիրին խումբը կը ներկայանայ վերջինը։ 2004-ի Աթէնքի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն, Յունաստանի դրօշակը մարզադաշտ բերուած է առաջինը, սակայն երկրին Ողիմպիական խումբը մտած է վերջինը։ Անոր կը հետեւին ելոյթները, որոնցմով պաշտօնապէս կը բացուին խաղերը։ Ամէնէն վերջը մարզադաշտ կը բերուի ջահով կրակը եւ կը փոխանցուի անոր (սովորաբար կ'ըլլայ տուեալ երկիրին ամենայաջողակ մարզիկը), որ պէտք է վառէ մարզադաշտին մէջի Ողիմպիական կրակը։

2008-ի Փեքինի Ամառնային Ողիմպիական խաղերու փակման հանդիսութիւն. մարզիկները հաւաքուած են մարզադաշտին մէջ։

Ողիմպիական խաղերու փակման արարողութիւնը տեղի ունեցած է մարզական բոլոր մրցումներու աւարտէն ետք։ Մարզադաշտ կը մտնեն դրօշակակիրները, որոնց կը հետեւին բոլոր երկիրները ներկայացնող մարզիկները մէկ խումբով՝ առանց բաժանուած ըլլալու ըստ երկրի[71]։ Համապատասխան օրհներգի հնչեցման զուգահեռ կը բարձրացուին երեք երկիրներու դրօշներ՝ տուեալ Ողիմպիական խաղերը ընդունած երկիրին, Յունաստանի, ինչպէս նաեւ այն երկիրին դրօշակը, ուր տեղի պիտի ունենան յաջորդ Ամառնային կամ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը[71]։ Կազմակերպչական յանձնաժողովին ու ՄՈԿ-ի նախագահները հանդէս կու գան եզրափակիչ ելոյթներով, Ողիմպիական խաղերը պաշտօնապէս կը փակուին եւ կը հանգեցուի Ողիմպիական կրակը[72]։ Ապա տեղի կ'ունենայ, այսպէս կոչուած, «Անտուերպենի արարողութիւնը». տուեալ Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալած քաղաքի քաղաքապետը յատուկ Ողիմպիական դրօշը կը փոխանցէ ՄՈԿ նախագահին, որ զայն յանձնէ այն քաղաքի քաղաքապետին, որ պիտի ընդունի յաջորդ Ողիմպիական խաղերը[73]։ Անկէ ետք յաջորդ Ողիմպիական խաղերը ընդունող երկիրը սովորաբար կը ներկայացուի իր մշակոյթը արտացոլող պարային ու թատերական կարճատեւ ներկայացումով մը[71]։

Ըստ աւանդութեան, տղամարդոց մարաթոնեան վազքի (Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ատեն) եւ տղամարդոց մեծաթիւ մեկնարկով 50 քմ. դահուկավազքի (Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու ատեն) մետալներու յանձնումը կը կատարուի փակման արարողութեան ատեն եւ կը դառնայ տուեալ Ողիմպիական խաղերու մետալներու յանձնման վերջին արարողութիւնը։

Մետալներու յանձնում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մետալներու յանձնման արարողութիւն 2008-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ժամանակ. բարձրացուած են Դանիայի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Նոր Զելանտայի դրօշակները (ձախէն աջ)

Մետալներու յանձնման արարողութիւնը կը կատարուի Ողիմպիական իւրաքանչիւր մարզաձեւի մրցումներու աւարտէն ետք։ Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ տեղը գրաւած մարզիկները կամ խումբերը կը կանգնին երեք աստիճաններէ կազմուած պատուոյ հարթակի մը վրայ, որպէսզի ստանան իրենց մետալները[74]։ Մետալները կը յանձնէ ՄՈԿ-ի անդամներէն մէկը, որմէ ետք կը բարձրացուին մետալակիրներու ներկայացուցած երեք երկիրներու դրօշակները, եւ կը հնչէ ոսկեայ մետալի արժանացած մարզիկի երկրին քայլերգը։ Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալող երկրին քաղաքացիները՝ իբրեւ կամաւոր, նոյնպէս կը մասնակցին մետալներու յանձնման արարողութեան. անոնք կ'օգնեն մետալները ներկայացնող ՄՈԿ-ի անդամին եւ հանդէս կու գան իբրեւ դրօշակակիր[75]։

Ողիմպիական խաղերու ծրագիրը կը ներառէ 35 մարզաձեւ, դասակարգ եւ 408 մրցոյթ։ Օրինակ՝ Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ժամանակ ըմբշամարտի մրցումները տեղի կ'ունենան երկու դասակարգով՝ յունահռոմէական եւ ազատ ոճի։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրին պարագային տեղի կ'ունենայ տղաներու տասնչորս մրցումներ եւ աղջիկներու չորս մրցումներ, որոնք բաժնուած են ըստ մարզիկներու կշիռքին[76]։

Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ծրագիրը կ'ընդգրկէ 26 մարզաձեւ, Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերունը՝ 15 մարզաձեւ։ 1924-էն սկսեալ աթլէթի, լողի, սուսերամարտի ու գեղարուեստական մարմնամարզութեան մրցումները միշտ կ'ընդգրկուին Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ծրագիրներուն մէջ։ Դահուկավազքը, գեղասահքը, տափօղակով հոգիյը, դահուկային երկամարտը, դահուկացատկը եւ չմշկավազքը միշտ կ'ընդգրկուին Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու ծրագիրին մէջ։ Ներկայիս Ողիմպիական խաղերու ծրագիրին մէջ ընդգրկուող որոշ մարզաձեւեր, ինչպիսիք են պատմինթոնը, պասքէթպոլը, վոլիպոլը, նախապէս Ողիմպիական խաղերուն ներառուած են իբրեւ ցուցադրական մարզաձեւեր, ապա ընդգրկուած հիմնական ծրագիրին մէջ։ Որոշ մարզաձեւեր, ընդհակառակը, ժամանակի ընթացքին դուրս մնացած են Ողիմպիական ծրագիրէն[77]։

Ողիմպիական մարզաձեւերը կը վերահսկեն միջազգային մարզական դաշնութիւնները, որոնք ճանչցուած են ՄՈԿ-ի կողմէ։ ՄՈԿ-ը կը ներկայացնէ 35 դաշնութիւն։ Կան մարզաձեւեր, որոնք ճանչցուած են ՄՈԿ-ի կողմէ, սակայն ներառուած չեն Ողիմպիական ծրագիրին մէջ։ Սակայն, անոնք կրնան ստանալ Ողիմպիական մարզաձեւի կարգավիճակ ծրագիրին վերանայման ատեն, որ տեղի կ'ունենայ վերջին Ողիմպիական խաղերուն յաջորդող ՄՈԿ-ի առաջին նիստին[78]։ Այդ վերանայումներու ատեն մարզաձեւերը կրնան ընդգրկուիլ Ողիմպիական ծրագիրին մէջ կամ դուրս գալ անկէ ՄՈԿ-ի անդամներու երկու երրորդին կողմ քուէարկելու պարագային[79]։ Կան ՄՈԿ-ի կողմէն ճանչցուած մարզաձեւեր, որոնք երբեք չեն ընդգրկուած Ողիմպիական ծրագրին մէջ. անոնց կարգին են շախմատն ու սըրֆինկը։

Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր 2004-ին ՄՈԿ-ը ստեղծած է Ողիմպիական ծրագիրի յանձնաժողով մը, որ պէտք է վերանայէր Ողիմպիական ծրագիրին մէջ ընդգրկուած մարզաձեւերը ու ոչ Ողիմպիական ճանչցուած բոլոր մարզաձեւերը։ Անոր նպատակն էր ստեղծել համակարգուած մօտեցում Ողիմպիական խաղերու ծրագիրի կազմութեան մէջ։ Յանձնաժողովը ձեւակերպած է եօթը չափանիշ, որոնց հիման վրայ պէտք է որոշուէր տուեալ մարզաձեւին ընդգրկումը Ողիմպիական ծրագրին մէջ։ Այդ չափանիշներն են մարզաձեւի պատմութիւնն ու աւանդոյթները, համաշխարհային բնոյթը, ժողովրդականութիւնը, ձեւը, մարզիկներուն առողջութիւնը, այդ մարզաձեւը վերահսկող միջազգային դաշնութեան զարգացումը եւ այդ մրցոյթին համար պահանջուող ծախսերը։ Այդ ուսումնասիրութեան արդիւնքով հինգ ծանօթ մարզաձեւեր առաջարկուած են 2012-ի Ողիմպիական խաղերու ծրագրին մէջ ընդգրկուելու համար. այդ մարզաձեւերն են կոլֆը, քարաթէն, ռեկպի 15-ը, անուաչմշկասահքը եւ սքուոշը։ Այդ մարզաձեւերը քննարկուած են ՄՈԿ-ի Գործադիր Խորհուրդին կողմէ եւ ներկայացուած՝ Յուլիս 2005-ին Սինկափուրի մէջ տեղի ունեցած ընդհանուր նիստին։ Հինգ մարզաձեւերէն եզրափակիչ փուլ անցած են միայն երկուքը՝ քարաթէն եւ սքուոշը։ Սակայն անոնցմէ ոչ մէկը ստացած է ՄՈԿ-ի անդամներու ձայնին երկու երրորդը եւ չէ ընդգրկուած Ողիմպիական ծրագիրին մէջ։ Հոկտեմբեր 2009-ին ՄՈԿ-ը քուէարկած է ի նպաստ կոլֆին ու ռեկպիին 2016 եւ 2020 թուականներու Ողիմպիական խաղերու ծրագիրերուն ընդգրկման։

ՄՈԿ-ի 114-րդ նիստը, որ կայացած է 2002-ին, Ամառնային Ողիմպիական Խաղերու ծրագիրը սահմանափակած է առաւելագոյնը 28 մարզաձեւով, 301 մրցոյթով ու 10, 500 մարզիկով։ Երեք տարի ետք՝ ՄՈԿ-ի 117-րդ նիստին, Ողիմպիական ծրագիրին մէջ տեղի ունեցած է առաջին մեծ փոփոխութիւնը, որու հետեւանքով 2012-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն պաշտօնական ծրագիրէն դուրս եկած են պէյսպոլն ու սոֆթպոլը։ Քանի որ այդ ժամանակ նոր մարզաձեւեր չեն ներառուած ծրագիրին մէջ, 2012-ի Ողիմպիական ծրագիրին մէջ եղած է 26 մարզաձեւ։ 2016 եւ 2020 թուականներու Ողիմպիական խաղերու ծրագիրերուն մէջ կրկին ընդգրկուած են առաւելագոյն թիւով մարզաձեւեր, քանի որ աւելցուած են ռեկպին ու կոլֆը։

Սիրողական եւ մասնագիտական մակարդակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
հոգէյի ազգային լիկայի մասնագէտ խաղացողներուն արտօնուած է մասնակցիլ տափօղակով հոքիի մրցումներուն 1998-էն (նկարին մէջ՝ Ոսկեայ մետալի համար Ռուսիոյ ու Չեխիոյ հաւաքականներու խաղը 1998-ին)

Ազնուական բարքերը, որոնք կը տիրէին Անգլիոյ սեփական դպրոցներուն մէջ, մեծապէս ազդած են Փիեռ տը Քուպերթենի վրայ։ Անձնական դպրոցներուն մէջ տարածուած էր այն համոզումը, որ մարզանքը կրթութեան անբաժանելի մասն է։ Այդ վերաբերումը կը ձեւակերպուէր «mens sana in corpore sano» (առողջ հոգի՝ առողջ մարմինի մէջ) արտայայտութեամբ։ Ըստ այդ համոզումներուն, տղամարդը պէտք է ըլլար բազմակողմանի օժտուած մարդ, եւ ոչ թէ միայն մէկ ոլորտի մէջ լաւագոյնը։ Գոյութիւն ունէր նաեւ գերակշռող համոզում մը, ըստ որուն՝ արհեստավարժ մարզուիլը կը նկատուէր խաբէութիւն։ Մասնագիտական մակարդակով որեւէ մարզաձեւով զբաղողներուն գերազանցութիւնը անոնց նկատմամբ, որոնք մարզանքով կը զբաղէին միայն իբրեւ նախասիրութիւն, կը նկատուէր անարդար։

Մասնագէտ մարզիկներու մասնակցութեան բացառումը խաղերէն վէճերու առիթ տուած է ժամանակակից Ողիմպիական խաղերու ամբողջ ընթացքին։ 1912-ին հնգամարտի եւ տասնամարտի Ողիմպիական ախոյեան Ճիմ Թորփ զրկուած է իր մետալներէն, երբ պարզուած է, որ Ողիմպիական խաղերէն առաջ ան մասնագիտական մակարդակով պէյսպոլ խաղացած է ։ Անոր մետալները 1983-ին, յետմահու վերականգնուած են ՄՈԿ-ի կողմէ[80]։ Զուիցերիացի եւ աւստրիացի դահուկորդները բողոքած են 1936-ի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն՝ իբրեւ զօրակցութիւն դահուկավազքի իրենց ուսուցիչներուն, որոնց թոյլ չէր տրուած մասնակցիլ Ողիմպիական խաղերուն, քանի որ անոնք իրենց ապրուստը կը շահէին մարզանքի միջոցով, որու պատճառով նկատուած են մասնագէտներ[81]։

Ի․րդ դարուն սիրողական մարզիկի բնորոշումը իբրեւ ազնուական տղամարդ արդէն ժամանակավրէպ էր։ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ պետութիւնը կը սկսի նիւթապէս հովանաւորել մարզիկներուն, որպէսզի անոնք միայն մարզանքով զբաղին։ Ասիկա ժխտական անդրադարձ կ'ունենայ սիրողական մարզանքի գաղափարախօսութեան վրայ, քանի որ անհաւասար պայմաններու մէջ կը դնէր Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրները ներկայացնող սիրողական մակարդակի մարզիկները[82]։ 1970-ականներէն սկսեալ, մասնակիցներու՝ ոչ մասնագէտ ըլլալու պահանջները աստիճանաբար դուրս եկած են Ողիմպիական խարտիայէն։ 1988-ի Ողիմպիական խաղերէն ետք ՄՈԿ կ'որոշէ արտօնել բոլոր մասնագէտ մարզիկներու մասնակցութիւնը խաղերուն՝ միջազգային մարզական միաւորումներու համաձայնութեամբ։

Քանատայի խումբ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1960-ականներու աւարտին, Քանատայի Սիրողական Հոքէյի Ընկերակցութիւնը հասկցած է, որ իրենց ոչ մասնագիտական խաղացողներն այլեւս չեն կրնար մրցակցիլ Խորհրդային Միութեան խումբին՝ ամբողջ ժամանակը մարզուող խաղացողներու եւ մշտապէս կատարելագործուող եւրոպական միւս խումբերուն դէմ։ Անոնք պնդած են, որ առիթ տրուի խումբին մէջ ներառել մասնագիտական լիկաներու խաղացողներ, սակայն անոր դէմ հանդէս եկած են Տափօղակով Հոքէյի Միջազգային Դաշնութիւնը ու ՄՈԿ-ը։ Էյվերու Պրենտէժ, որ 1952-1972-ականներուն եղած է ՄՈԿ-ի նախագահը, դէմ եղած է սիրողական ու մասնագիտական մակարդակներու մարզիկներու՝ ուրիշներուն հետ մրցելուն։ 1969-ին կայացած Տափօղակով Հոքէյ Միջազգային Դաշնութեան համագումարին որոշուած է Քանատային թոյլ տալ իր խումբը ընդգրկել ինն մասնագիտական մարզիկներ, բայց ոչ Հոքէյի ազգային։ 1970-ին Մոնրէալի ու Վինիբեկու (Մանիթոպա, Քանատա) տեղի ունեցող աշխարհի առաջնութիւններուն։ Այդ որոշումը չեղարկուած է Յունուար 1970-ին, երբ Պրենտէժը ըսած է, թէ այդ փոփոխութիւնը կատարելու պարագային վտանգի տակ կը դրուի հոքիի կարգավիճակը որպէս Ողիմպիական մարզաձեւ։ Անոր ի պատասխան՝ Քանատան դուրս եկած է տափօղակով հոքիի միջազգային մրցոյթէն, եւ պաշտօնական անձեր յայտարարած են, որ երկիրը չի վերադառնար, մինչեւ չհաստատուի «բաց մրցակցութիւն» «Summit Series '72 Summary»։ Hockey Hall of Fame։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 7 August 2008-ին։ արտագրուած է՝ 2 March 2009  արտօն։ Կիւնթէր Սապեթցկի 1975-ին դարձած է Տափօղակով Հոքիի Միջազգային Դաշնութեան նախագահ եւ օգնած հարթել վէճը Քանատայի Սիրողական Հոքէյի Ընկերակցութեան հետ։ 1976-ին Տափօղակով Հոքէյի Միջազգային Դաշնութիւնը համաձայնած է թոյլ տալ «բաց մրցակցութիւն» բոլոր խաղացողներուն միջեւ աշխարհի առաջնութիւններուն մէջ։ Սակայն, Հոքիի ազգային լիկայի խաղացողները դեռ իրաւունք չեն ստացած մասնակցիլ Ողիմպիական Խաղերուն մինչեւ 1988-ը, քանի որ, ըստ ՄՈԿ-ի քաղաքականութեան, միայն սիրողական մակարդակի մարզիկները կրնային մասնակցիլ Ողիմպիական խաղերուն[83]։

1956-ի Ողիմպիական խաղերուն բողոքած երկիրները նշուած են կապոյտով
Կարմիրով նշուած են 1964-ի Ողիմպիական խաղերուն բողոքած երկիրները
Կապոյտով նշուած են 1976-ի Ողիմպիական խաղերուն բողոքած երկիրները
Կապոյտով նշուած են 1980-ի Ողիմպիական Խաղերուն բողոքած երկիրները
Կապոյտով նշուած են 1984-ի Ողիմպիական Խաղերուն բողոքած երկիրները
Կապոյտով նշուած են 1988-ի Ողիմպիական խաղերուն բողոքած երկիրները

Յունաստան, Աւստրալիա, Ֆրանսա եւ Մեծն Բրիտանիա այն միակ երկիրներն են, որոնք մասնակցած են ժամանակակից բոլոր Ողիմպիական խաղերուն՝ 1896-էն ի վեր։ Երբեմն երկիրները բաց ձգած են Ողիմպիական խաղերը որակաւորուած մարզիկներ չունենալնուն պատճառով, իսկ որոշ երկիրներ նախընտրած են բողոքել Ողիմպիական խաղերուն տարբեր պատճառներով։ Իրլանտայի Ողիմպիական Կոմիտէն բողոքած է 1936-ի Պերլինի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն, որովհետեւ ՄՈԿ-ը պահանջած է, որ անոր խումբը ներկայացնէ Իրլանտայի Ազատ Պետութիւնը, ոչ թէ ամբողջ Իրլանտական կղզին։

Երեք բողոք յայտարարուած է 1956-ին Մելպուռնի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն. Հոլանտա, Սպանիա եւ Զուիցերիա հրաժարած են մասնակցիլ՝ բողոքելով Խորհրդային Միութեան կողմէն Հունգարական յեղափոխութեան ճնշման դէմ, սակայն այդ երկիրներու ձիավարութեան խումբերը մասնակցած են Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած մրցումներուն։ Քամպոճիա, Եգիպտոս, Իրաք եւ Լիբանան բողոքած են Ողիմպիական խաղերուն Սուէզի ճգնաժամին պատճառով, իսկ Չինաստան (Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն) բողոքած է այն պատճառով, որ Թայուանին թոյլ տրուած է մասնակցիլ իբրեւ Չինաստանի Հանրապետութիւն։

1972 եւ 1976-ականներուն ափրիկեան բազմաթիւ երկիրներ ՄՈԿ-ին սպառնացած են բողոքել եթէ չարգիլուի Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան եւ Ռոտէզիոյ մասնակցութիւնը այնտեղ տիրող խտրականութեան քաղաքականութեան պատճառով։ Ափրիկեան երկիրները պահանջած են հանել նաեւ Նոր Զիլանտայի մասնակցութիւնը, որովհետեւ վերջինիս ռեկպիի ազգային խումբը մեկնած էր Հարաւափրիկեան Հանրապետութիւն։ ՄՈԿ-ը կատարած է առաջին երկու պահանջները, սակայն մերժած է վերջինը՝ պատճառաբանելով, որ ռեկպին Ողիմպիական մարզաձեւ չէ։ Հետագային ափրիկեան 20 երկիրներուն միացած են Գայանան ու Իրաքը՝ ձգելով Մոնրէալի Ողիմպիական խաղերը , իրենց քանի մը ներկայացուցիչներուն մրցումներուն մասնակցութենէն ետք «Africa and the XXIst Olympiad» (PDF)։ Olympic Review (International Olympic Committee) (109–110): 584–585։ November–December 1976։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 8 April 2008-ին։ արտագրուած է՝ 6 February 2009 </ref>։

Թայուան հեռացուած է 1976-ի Ողիմպիական խաղերէն Քանատայի վարչապետ Փիեռ Էլիոթ Տրիւտոյի հրամանով։ Տրիւտոյի արարքը լայնօրէն քննադատուած է, եւ Քանատան մեղադրած են քաղաքական ճնշում գործադրելու մէջ[84]։ Քանատային կղզի ճանչցուած չըլլալուն պատճառով որոշուած է արգիլել խումբին մասնակցութիւնը, սակայն մարզիկներուն առաջարկուած է սահմանափակուիլ պետական խորհրդանիշներու մասնաւոր օգտագործմամբ[85]։ Սակայն, Թայուան որոշած է բողոքել Ողիմպիական խաղերուն եւ չէ մասնակցած մինչեւ 1984, երբ վերադարձած է Չինական Թայփէ անունով եւ յատուկ դրօշով ու օրհներգով։

1980 եւ 1984-ականներուն Պաղ Պատերազմի մասնակիցները բողոքած են ուրիշ երկիրներու մէջ տեղի ունեցող Ողիմպիական խաղերուն։ Միացեալ Նահանգներն ու վաթսունհինգ այլ երկիրներ բողոքած են 1980-ի Մոսկուայի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն Խորհրդային Միութեան կողմէ Աֆղանիստան ներխուժման պատճառով։ Այդ բողոքին պատճառով 1980-ի Ողիմպիականին մասնակցած է 80 երկիր, որ մասնակից երկիրներու ամենափոքր թիւն է 1956-էն ի վեր[86]։ Խորհրդային Միութիւնը եւ 15 երկիրներ բողոքած են 1984-ին Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերուն՝ պատճառաբանելով, թէ անոնք չեն կրնար երաշխաւորել իրենց քաղաքացիներու անվտանգութիւնը։ Հակառակ անոր՝ այդ Ողիմպիականին մասնակցած է 140 Ազգային կոմիտէ, որ մրցանշային թիւ էր այդ ատենուան համար[5]։ Վարշաւայի պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ Ռումանիոյ խումբը, հակառակ ԽՍՀՄ պահանջին, որոշած է մասնակցիլ եւ արժանացած է ջերմ ընդունելութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան ատեն Ռումանիոյ խումբը արժանացած է բուռն ծափահարութիւններու հանդիսատեսին կողմէն, որ հիմնականին ԱՄՆ քաղաքացիներ էին։ Արեւելեան միաւորումի՝ Ողիմպիական խաղերը բողոքած երկիրները Յուլիսին եւ Օգոստոսին ունեցած են իրենց այլընտրանքային մրցութիւնը, որ կոչուած է Բարեկամութեան խաղեր։

Կոչեր եղած են բողոքելու չինական արտադրութիւններուն ու 2008-ին Չինաստանի մէջ կայանալիք Ողիմպիական խաղերը իբրեւ բողոք Չինաստանի մէջ մարդու իրաւունքները խախտելու դէմ եւ ի պատասխան Թիպէթեան անկարգութիւններուն։ Սակայն վերջնական արդիւնքով ոչ մէկ երկիր միացած է բողոքին[87]։ Օգոստոս 2008-ին Վրաստանի կառավարութիւնը կոչ ուղղած է բողոքելու 2014-ին Սոչիի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն Հարաւային Օսիայի պատերազմին Ռուսաստանի միջամտութեան պատճառով[88][89]։

Քաղաքականութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ճէսսի Օվէնս պատուոյ հարթակին՝ 1936-ի Ողիմպիական խաղերու ատեն:

Ժամանակակից Ողիմպիական խաղերը սկզբնական ժամանակաշրջանին օգտագործուած են իբրեւ քաղաքական գաղափարախօսութիւններու տարածման հարթակ։ 1936-ի Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալող Նացիստական Գերմանիան փափաքած է ազգային-ընկերային կուսակցութիւնը ներկայացնել իբրեւ բարեացակամ ու խաղաղասէր, սակայն միաժամանակ խաղերը օգտագործած է արիական ցեղի գերազանցութիւնը ցուցադրելու նպատակով։ Գերմանիա եղած է այդ խաղերու ամենայաջողակ մասնակից երկիրը, սակայն անոր յաջողութիւնը «մթագնած են» չորս ոսկեայ մետալ նուաճած Ափրոամերիկուհի Ճէսի Օուենսի եւ ոսկեայ մետալի արժանացած հունգարացի հրեայ Իպոյա Չաքիի յաղթանակները։ Մինչեւ 1952, Խորհրդային Միութիւնը չէ մասնակցած Ողիմպիական խաղերուն։ Սակայն, անոր փոխարէն 1928-էն սկսեալ Խորհրդային Միութիւնը կազմակերպած է միջազգային մրցոյթներ, որոնք կոչուած են «Սպարտակիատաներ»։ Համաշխարհային երկու պատերազմներու միջեւ ինկած ժամանակաշրջանին՝ 1920-ական եւ 1930-ականներուն, տարբեր երկիրներու, ինչպէս նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներու համայնավարներն ու ընկերվարականները փորձած են իրենց կողմէն «պուրժուական» կոչուած Ողիմպիական խաղերուն հակադրել Բանուորներու Ողիմպիական խաղերը։ 1956-ի Ողիմպիական խաղերուն Խորհրդային Միութիւնը հասած է մեծ յաջողութեան՝ նուաճելով ամենաշատ թիւով մետալները, որ նպաստած է երկիրի միջազգային հեղինակութեան բարձրացման[90]։

Առանձին անհատներ նոյնպէս օգտագործած են Ողիմպիական խաղերը իրենց քաղաքական գաղափարները քարոզելու համար։ 1968-ի Մեքսիքոյի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն ամերիկացի վազողներ Թոմի Սմիթ եւ Ճոն Քարլոս, որ 200 մեթր մրցատարածութիւնով գրաւած էին համապատասխանաբար առաջին եւ երրորդ տեղերը, մետալներու յանձնումէն ետք, երբ հնչած է ամերիկեան քայլերգը, խոնարհած են գլուխներն ու վեր բարձրացուցած բռունցքները (սեւ ձեռնոցներով)՝ ցուցադրելով «Black Power» (սեւերու հզօրութիւն) յայտնի նշանը՝ անով արտայայտելով իրենց բողոքը Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրող ցեղապաշտութեան դէմ։ Արծաթէ մետալակիրը՝ աւստրալացի Փիթր Նորման, կը կրէր «Ողիմպիական նախագիծ մը՝ յանուն մարդու իրաւունքներու» (անգլերէն՝ Olympic Project for Human Rights, OPHR) նշանը՝ ցոյց տալով իր աջակցութիւնը Սմիթին ու Քարլոսին։ Անոր ի պատասխան՝ ՄՈԿ-ի նախագահ Էյվերու Պրենտեժ Միացեալ Նահանգներու Ողիմպիական Կոմիտէէն պահանջած է կա՛մ տուն ուղարկել այդ երկու մարզիկները, կա՛մ պայքարէն հանել թեթեւ աթլէթի ամբողջ խումբը։ Միացեալ Նահանգներու Ողիմպիական Կոմիտէն ընտրած է առաջինը։ Նոյն Ողիմպիական խաղերուն Չեխոսլովաքիան ներկայացնող մարմնամարզուհի Վերա Չասլաւսքան արտայայտած է իր բողոքը ընդդէմ Խորհրդային Միութեան կողմէն իր հայրենիքին կատարուած ներխուժման. մարզագերանի վրայ վարժութիւններու համար արծաթեայ եւ ազատ վարժութիւններու համար ոսկեայ (ԽՍՀՄ ներկայացուցիչ Լարիսա Փեթրիքի հետ միասին) մետալներու արժանանալէ ետք, Չասլաւսքան ԽՍՀՄ օրհներգի հնչեցման ատեն գլուխը թեքած է աջ եւ քիչ մը խոնարհած։ Հայրենիք վերադառնալէն ետք Վերա Չասլաւսքային Չեխոսլովաքիայի համայնավար ղեկավարութիւնը արգիլած է դուրս գալ երկիրէն։

Ներկայիս Իրանի կառավարութիւնը քայլեր կը ձեռնարկէ իր մարզիկներուն թոյլ չտալու մասնակցիլ որեւէ մրցոյթի ընդդէմ Իսրայէլի մարզիկներուն։ 2004-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերու ժամանակ պարսիկ ճիւտոիստ Արաշ Միրեսմաեիլի չէր մասնակցած Իսրայէլը ներկայացնող մարզիկին դէմ մարտին։ Թէեւ Արաշ Միրեսմաեիլին պաշտօնապէս որակազրկուած է աւելորդ կշիռքի պատճառով, սակայն ան Իրանի կառավարութեան կողմէ ստացած է 125,000 տոլար դրամական պարգեւ, որ կը տրուէր Ողիմպիական խաղերուն ոսկի մետալներ նուաճած բոլոր իրանցիներուն։ Միջազգային մակարդակով կը համարուի, որ ան դիտմամբ չէ, որ խուսափած է մարտէն, սակայն այդ գումարին ընդունումը կասկածի պատճառ դարձած է[91]։

Արդիւնաւէտութիւնը խթանող դեղամիջոցներու (խթանիչներու) օգտագործում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ի․րդ դարու սկիզբը Ողիմպիական խաղերուն մասնակցող բազմաթիւ մարզիկներ սկսած են օգտագործել դեղանիւթեր՝ բարելաւելու համար իրենց մարզական ունակութիւնները։ Օրինակ՝ 1904-ին մարաթոնեան վազքին ոսկեայ մետալ ստացած Թոմաս Հիքսին մարզիչը մեղադրուած է ստրիխնինի (strychnine) գործածութեան համար[92]։ Ողիմպիական խաղերու ատեն խթանիչներու օգտագործման պատճառով մահացու միակ դէպքը պատահած է 1960-ին Հռոմի մէջ։ Դանիացի հեծանիւորդ Քնուտ Ենսէն ինկած է իր հեծանիւէն եւ աւելի ուշ՝ մահացած։ Դատաքննչական քննութիւնը ցոյց տուած է, որ ան եղած է amphetamineններու ազդեցութեան տակ։ 1960-ականներու կէսերուն մարզանքի դաշնութիւնները սկսած են արգիլել արդիւնաւէտութիւնը խթանող դեղամիջոցներու օգտագործումը։ 1967-ին ՄՈԿ-ը հետեւած է անոնց[93]։

Ըստ բրիտանացի լրագրող Էնտրու Ժենինկսի՝ Պետական Անվտանգութեան Կոմիտէի գնդապետը յայտարարած է, թէ գործակալութեան սպաներ նշանակուած են ՄՈԿ-ի մարմիններուն մէջ, որպէսզի չկեղծեն խթանիչի քննութիւնները, եւ այդ հսկայական ջանքերուն շնորհիւ «փրկուած են» խորհրդային մարզիկները[94]։ 1980-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերուն նուիրուած աւստրալական ուսումնասիրութեան մէջ, որ կատարուած է 1989-ին, ըսուած է. «Հազիւ թէ Մոսկուայի խաղերուն գտնուի մետալակիր մը, աւելի ստոյգ՝ ոսկեայ մետալակիր մը, բացի քանի մը հոգիիէ՝ խթանիչի ազդեցութեան տակ։ Մոսկուայի խաղերը կրնան կոչուիլ Դեղագործներու խաղեր»[94]։

Ողիմպիական խաղերու մասնակից առաջին մարզիկը, որու քննութիւնը դրական արդիւնք տուած է, եղած է շուէտ հնգամարտիկ Հանս Գունար Լիլենվալը, որ կորսնցուցած է 1968-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն ստացած պրոնզէ մետալը ալքոլ օգտագործելուն պատճառով։ Խթանիչներու օգտագործման պատճառով տեղի ունեցած ամենայայտնի որակազրկումներէն մէկը տեղի ունեցած է 1988-ի Ողիմպիական խաղերէն ետք, երբ քանատացի ցատկող Պէն Ճոնսընի (որ յաղթած էր 100 մեթր մրցատարածութեան մէջ) քննութեան արդիւնքով պարզուած է, որ ան օգտագործած է ստանոզոլոլ։ Անոր ոսկեայ մետալը փոխանցուած է ամերիկացի Քարլ Լուիսին, որու արգիլուած նիւթերու օգտագործման վերաբերեալ քննութեան արդիւնքները նոյնպէս դրական եղած էին Ողիմպիական խաղերէն առաջ[95]։

1999-ին ՄՈԿ-ի կողմէ ստեղծուած է Համաշխարհային հակատոպինկային գործակալութիւնը, որուն նպատակն էր համակարգել խթանիչներու օգտագործման ստուգումն ու յայտնաբերումը։ Խթանիչներու օգտագործման քննութիւններու դրական արդիւնքներու քանակի կտրուկ աճ գրանցուած է 2000-ի Ամառնային եւ 2002-ի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն։ Ծանր մարզախաղերուն ու դահուկավազքին մետալներու արժանացած շարք մը մարզիկներ որակազրկուած են խթանիչներու օգտագործման պատճառով։ 2006-ի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու ժամանակ միայն մէկ մարզիկ զրկուած է մետալէ խթանիչի օգտագործման պատճառով։ ՄՈԿ-ի կողմէն ստեղծուած խթանիչներու քննութեան համակարգը (ներկայիս յայտնի է որպէս Ողիմպիական համաչափ) սահմանած է համաշխարհային չափանիշներ, որոնք կը փորձեն ընդօրինակել մարզանքի դաշնութիւնները[96]։ Փեքինի Ողիմպիական խաղերու ժամանակ 3667 մարզիկներ ստուգուած են ՄՈԿ-ի կողմէ Համաշխարհային հակատոպինկային գործակալութեան հովանիին ներքոյ։ Ստուգուած է մէզի եւ արեան մէջ արգիլուած նիւթերու առկայութիւնը։ Բազմաթիւ մարզիկներու չէին թոյլատրած խաղերուն մասնակցիլ իրենց Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէները, եւ միայն երեք մարզիկներ տապալած են խթանիչի օգտագործման քննութիւնը Փեքինի մէջ «Doping: 3667 athletes tested, IOC seeks action against Halkia's coach»։ Express India Newspapers։ 19 August 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 1 December 2008-ին։ արտագրուած է՝ 28 August 2008 ։ Լոնտոնի մէջ քննութենէ անցած են Ողիմպիական ու Փարալիմփիկ խաղերու աւելի քան 6000 մարզիկներ։ Մրցոյթներէն առաջ արգիլուած նիւթերու օգտագործման քննութեան արդիւնքը դրական եղած է 107 մարզիկներու մօտ, որոնց թոյլ չէ տրուած մասնակցիլ մրցոյթներուն[97][98]։ Խաղերու ընթացքին եւ անոնցմէ ետք եւս ութ մարզիկներու քննութիւնները ցոյց տուած են դրական արդիւնք. անոնց կարգին էր Նատժէա Օսթափչուկ, որ զրկուած է ոսկեայ մետալէ[99]։

Ռուսաստանի թմրեցուցիչի հարցը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խթանիչներու օգտագործման ծրագիրին՝ պետութեան կողմէ հովանաւորուելուն պատճառով 2016-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն մասամբ, իսկ 2018-ի Ձմեռնային խաղերուն բոլորովին արգիլուած է Ռուսիոյ Ողիմպիական կոմիտէի մասնակցութիւնը։

Սեռական խտրականութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Բրիտանացի թենիսուհի Շառլոթա Քուպերը, որ դարձած է առաջին կին Ողիմպիական ախոյեանը 1900-ին

Ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու արտօնութիւն առաջին անգամ կիները ստացած են 1900-ին Փարիզի մէջ, բայց մասնակից 35 երկիրներ ուղարկած են միայն տղամարդոցմէ կազմուած հաւաքականներ: Հետագային այդ թիւը նուազած է: 2000-ին Պահրէյն առաջին անգամ ուղարկած է երկու մարզուհիներ՝ Ֆաթիմա Համիտ Գերաշին ու Մարիամ Մուհամէտ Հատի Ալ Հիլին[100]: 2004-ին Ռոպինա Մուկիմեարը եւ Ֆարիտա Ռեզային դարձած են առաջին մարզուհիները, որոնք ներկայացուցած են Աֆղանիստանը ողիմպիական խաղերուն[101]: 2008-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները առաջին անգամ Ողիմպիական խաղերուն ուղարկած է երկու մարզուհիներ (Մաիտա Ալ Մաքթումը մասնակցած է թեքուանտոյի, Լաթիֆա Ալ Մաքթումը՝ ձիավարութեան մրցումներուն): Երկու մարզուհիներն ալ եղած են Տուպայի շէյխերու ընտանիքներէ[102]:

Մինչ 2010-ը միայն երեք երկիրներ ոչ մէկ մարզուհի չեն ուղարկած մասնակցելու Ողիմպիական Խաղերուն. այդ երկիրներն են Պրունէյը, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը: Պրունէյ մասնակցած է միայն երեք Ողիմպիական խաղերու՝ ամէն անգամ ուղարկելով մէկական մարզիկ, իսկ Սէուտական Արաբիա ու Քաթար կը մասնակցին պարբերաբար, սակայն կ'ուղարկեն միայն տղամարդ մարզիկներ: 2010-ին Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն յայտարարած է, որ պէտք է այդ երկիրներուն ստիպել, թոյլ տալ եւ խրախուսել կանանց մասնակցութիւնը 2012-ի ողիմպիական խաղերուն: Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէի՝ Կանանց եւ մարզանքի հարցերով Կոմիտէի ղեկավար Անիթա Տեֆրանցը առաջարկած է երկիրներուն թոյլ չտալ մասնակցիլ Ողիմպիական խաղերուն, եթէ անոնք չեն ուղարկեր կիներ եւ աղջիկներ: Կարճ ժամանակ ետք Քաթարի Ողիմպիական Կոմիտէն յայտարարած է, որ իրենք «յոյս ունին ուղարկել մինչեւ չորս կին մարզիկներ»՝ մասնակցելու հրաձգութեան եւ սուսերամարտի մրցումներուն 2012-ին Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն:

2012-ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերուն պատմութեան մէջ առաջին անգամ մասնակից բոլոր երկիրներու հաւաքականներուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ կանայք[103]: Սէուտական Արաբիան իր Ողիմպիական հաւաքականին ընդգրկած էր երկու, Քաթարը՝ չորս, Պրունէյը՝ մէկ մարզուհի: Քաթարի ներկայացուցչուհիներէն մէկը՝ Պահիյա ալ Համատ, դարձած է Ողիմպիական ախոյեան (հրաձգութիւն) եւ եղած է անոնց դրօշակակիրը 2012-ի Ողիմպիական խաղերուն[104], իսկ Պահրէյն ներկայացնող վազքի մրցումին մասնակից Մարիամ Եուսուֆ Ճամալը արժանացած է պրոնզէ մետալի 1500 մեթր մրցատարածութեան մէջ[105]:

Ողիմպիական ծրագիրին մէջ ընդգրկուած միակ մրցումը, որուն կը մասնակցին կանայք ու տղամարդիկ միասին, ձիավարութիւնն է: 2008-ի տուեալներով՝ աւելի շատ մետալներու հաւաքածոներ խաղարկուած են տղամարդոց, քան թէ կանանց համար: 2012-ի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն ծրագրին մէջ կանանց բռնցքամարտի աւելացումէն ետք կանայք կրնան մասնակցիլ այն նոյն մրցոյթներուն, ինչպէս տղամարդիկ[106]: Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու ժամանակ կանայք չեն կրնար մասնակցիլ մէկ մարզաձեւի՝ դահուկային երկամարտի մրցոյթներուն: Տղամարդիկ չեն մասնակցիր երկու մարզաձեւերու՝ գեղալողի ու գեղարուեստական մարմնամարզութեան մրցոյթներուն:

Ողիմպիական խաղերը քննադատուած են հիւրընկալող երկիրներու ու քաղաքներու գաղութային քաղաքականութեան սատարելուն (իսկ որոշ պարագաներու նաեւ ուժեղացնելու) համար, որ տեղի կ'ունենայ Ողիմպիական խաղերու հետ կապուած կազմակերպութիւններու կամ ուղղակիօրէն Ողիմպիական խաղերու պաշտօնական մարմիններուն կողմէ, ինչպիսիք են Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն, հիւրընկալող կազմակերպչական կոմիտէները եւ պաշտօնական հովանաւորները։ Քննադատները նշած են, որ Ողիմպիական խաղերուն կը ներկայացուին ժողովրդագրական ու գաղութային սխալ տեղեկութիւններ[107], ինչպէս նաեւ կ'օգտագործուին բնիկ ժողովուրդին մշակութային արժէքները, որոնց հողերը գրաւուած են, եւ որոնց համար ստեղծուած են ապրելու վատ պայմաններ։ Նման դէպքեր եղած են 1904-ի Սենթ Լուիսի (Միսսուրի, ԱՄՆ) ու 1976-ի Մոնրէալի Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն եւ 1988-ին Քալկարիի (Ալպերթա, Քանատա) ու 2010-ին Վենքուվըրի (Բրիտանական Քոլոմպիա, Քանատա) Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու ընթացքին։

Քաղաքացիութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՄՈԿ-ի կանոնները քաղաքացիութեան մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ողիմպիական խարտիան կը պահանջէ, որ մարզիկը ըլլայ այն երկիրի քաղաքացին, որ կը ներկայացնէ։ Երկքաղաքացիութիւն ունեցող անձեր կրնան ներկայացնել այն երկիրը, որ կը ցանկան, եթէ նախորդ երկիրը ներկայացնելէ ետք անցած է երեք տարի։ Սակայն ՄՈԿ-ի եւ Միջազգային մարզական միաւորման համաձայնութեամբ այդ ժամկէտը կրնայ կրճատուիլ կամ չեղարկուիլ[108]։ Այդ ժամկէտը պահպանելը պարտադիր է այն մարզիկներուն համար, որոնք նախապէս ներկայացուցած են երկիր մը եւ կը ցանկան հանդէս գալ այլ երկիրի դրօշակով։ Եթէ մարզիկը ստանայ նոր կամ երկրորդ քաղաքացիութիւն, ապա ան պարտաւոր չէ սպասել որոշակի ժամանակ մը եւ կրնայ հանդէս գալ յօգուտ նոր կամ երկրորդ երկիրին։ ՄՈԿ-ը սկսած է հետաքրքրուիլ քաղաքացիութեան հարցերով, երբ որոշ երկիրներ սկսած են մարզիկներուն քաղաքացիութիւն տալ։

Քաղաքացիութիւնը փոխելու պատճառներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարզիկները երբեմն ձեռք կը բերեն այլ երկրի քաղաքացիութիւն, որպէսզի կարենան մասնակցիլ Ողիմպիական խաղերուն այդ երկիրի դրօշակով։ Ասիկա յաճախ տեղի կ'ունենայ այն պատճառով, որ մարզիկները կը գրաւեն աւելի լաւ հովանաւորներ կամ մարզուելու աւելի լաւ պայմաններ ունենալու հնարաւորութիւնները այնպիսի երկիրներու մէջ, ինչպիսին է ԱՄՆ-ը։ Անոր պատճառ կրնայ ըլլալ նաեւ այն, որ մարզիկը չի յաջողիր իր հայրենի երկիրը որակաւոր ձեւով ներկայացնելու, մանաւանդ երբ իր երկիրին մէջ արդէն որակաւորուած են ուրիշ մարզիկներ։ 1992-էն մինչեւ 2008-ը նախապէս այլ երկիրի դրօշակով Ողիմպիական խաղերուն մասնակցած շուրջ 50 մարզիկներ տեղափոխուած են Միացեալ Նահանգներ՝ նպատակ ունենալով հանդէս գալ ԱՄՆ Ողիմպիական խումբի կազմին մէջ։

Քաղաքացիութեան փոփոխութիւններ եւ վէճեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու համար քաղաքացիութիւնը փոխելու ամենայայտնի դէպքերէն մէկը հարաւափրիկեցի վազող Զոլա Պատի դէպքն է, որ տեղափոխուած է Մեծն Բրիտանիա, քանի որ Հարաւափրիկեան Հանրապետութիւնը չէր կրնար մասնակցիլ Ողիմպիական խաղերուն։ Ան իրաւունք ունէր ստանալ բրիտանական քաղաքացիութիւն, քանի որ իր մեծ հայրը ծնած էր Բրիտանիոյ մէջ, սակայն երկրին քաղաքացիները կառավարութիւնը մեղադրած են անոր քաղաքացիութիւն շնորհելու գործընթացը արագացնելուն համար[109]։

Այլ յայտնի օրինակ է քենիացի վազող Պերնարտ Լակատի դէպքը, որ դարձած է Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Մայիս 2004-ին։ Քենիայի Սահմանադրութիւնը կը պահանջէ, որ անձը հրաժարի իր երկրի քաղաքացիութենէն՝ այլ երկիրի քաղաքացիութիւն ստանալու պարագային։ Լակատ Քենիայի դրօշակով հանդէս եկած է Աթէնքի մէջ կայացած 2004-ի Ողիմպիական խաղերուն, թէեւ արդէն Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի էր։ Ըստ քենիական կողմին՝ Լակատ արդէն Քենիայի քաղաքացի չէր, որ վտանգի տակ կը դնէր անոր նուաճած արծաթեայ մետալը։ Լակատ ըսած է, թէ ինքը Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը սկսած է 2003-ի վերջը եւ չէր ակնկալեր, որ քաղաքացիութիւն ստանար նախքան Աթէնքի Ողիմպիական խաղերը[110]։

Կողովագնդակի մարզուհի Պեքի Համոն (անգլերէն՝ Becky Hammon) չէ ընդգրկուած Միացեալ Նահանգներու Ողիմպիական խումբին մէջ, սակայն փափաքած է մասնակցիլ Ողիմպիական խաղերուն, այդ պատճառով ալ տեղափոխուած է Ռուսիա, ուր ան արդէն խաղացած էր տեղի լիկային մէջ WNBA միջմրցաշրջանի ընթացքին։ Համօն քննադատութիւններու արժանացած է շարք մը ամերիկացիներէ, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ ազգային խումբի մարզիչին կողմէ եւ նոյնիսկ համարուած՝ ոչ հայրենասէր[111]։

Ախոյեաններ եւ մետալակիրներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իւրաքանչիւր մրցումի առաջին, երկրորդ եւ երրորդ տեղը գրաւած մարզիկները կը ստանան մետալներ։ Յաղթողները կ'արժանանան ոսկեայ մետալներու, որոնք մինչեւ 1912 ամբողջովին եղած են ոսկի, յետոյ ոսկեզօծ արծաթ, իսկ աւելի ուշ՝ ոսկիի բարակ շերտով պատուած արծաթեայ։ Ամէն մէկ ոսկեայ մետալ պէտք է պարունակէ առնուազն վեց կրամ մաքուր ոսկի։ Երկրորդ տեղը գրաւողները կը ստանան արծաթեայ, իսկ երրորդ տեղը գրաւողները՝ պրոնզէ մետալներ։ Այն մարզաձեւերուն մէջ, որոնց մէջ կը գործէ փլէյ օֆֆ համակարգը (առաւելապէս բռնցքամարտին մէջ), երրորդ տեղը որոշելու անհնարինութեան պատճառով կիսաեզրափակիչ պարտուած երկու մարզիկներն ալ կ'արժանանան պրոնզէ մետալներու։ 1896-ի Ողիմպիական խաղերուն մետալներ ստացած են միայն առաջին երկու տեղերը գրաւողները. առաջինները ստացած են արծաթեայ, երկրորդները՝ պրոնզէ մետալներ։ Երեք մետալ ներառող ներկայի համակարգը կը գործէ 1904-ի Ողիմպիական խաղերէն սկսեալ[112]։ 1948-էն սկսեալ չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ տեղերը գրաւող մարզիկները կը ստանան հաւաստագիրներ, որոնք պաշտօնապէս ծանօթ են իբրեւ յաղթանակի վկայականներ։ 1984-էն ի վեր նման վկայականներ կը տրուին նաեւ եօթներորդ եւ ութերորդ տեղերը գրաւողներուն։ 2004-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերուն ոսկեայ, արծաթեայ եւ պրոնզէ մետալներու արժանացած մարզիկներուն տրուած են նաեւ դափնեպսակներ[113]։ ՄՈԿ-ը չի պահպաներ մետալակիրներու վիճակագրութիւնը, սակայն Ազգային Ողիմպիական կոմիտէներու ու լրատուամիջոցներու կողմէ Ողիմպիական մրցանակները կը դիտարկուին իբրեւ յաջողութեան չափանիշ[114]։

Մասնակից երկիրներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամառնային Ողիմպիական խաղերու մասնակիցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2012-ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերուն մասնակցած են ներկայիս գոյութիւն ունեցող բոլոր 204 Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէները, որոնք մասնակցած են Ամառնային Ողիմպիական խաղերու առնուազն մէկ մրցոյթի, իսկ Աւստրալիա, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա, Յունաստան եւ Զուիցերիա մասնակցած են բոլոր Ամառնային Ողիմպիական խաղերուն։ Միացեալ Նահանգները բաց թողած են 1980-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերը երկիրի նախագահ Ճիմի Քարթըրի բողոքին պատճառով։

Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու մասնակիցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

119 Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէներ (ներկայիս 204 Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէներէն 110-ը եւ նախապէս գործած 9 Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէներ) առնուազն մէկ անգամ մասնակցած են Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու, իսկ 12 պետութիւններ (Աւստրիա, Իտալիա, Լեհաստան, Քանատա, Հունգարիա, Մեծն Բրիտանիա, Միացեալ Նահանգներ, Նորվեկիա, Շուէտ, Զուիցերիա, Ֆինլանտա, Ֆրանսա) մասնակցած են ցարդ տեղի ունեցած բոլոր Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն։ Հաշուի առնելով Չեխոսլովաքիայի մասնակցութիւնը՝ Չեխիան եւ Սլովաքիան նոյնպէս մասնակցած են տեղի ունեցած բոլոր Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն։

Հիւրընկալող երկիրներ եւ քաղաքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ամառնային Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալած երկիրներու ցանկ. խաղերը մէկ անգամ հիւրընկալած երկիրները նշուած են կանաչով, երկու կամ աւելի անգամ հիւրընկալածները՝ կապոյտով
Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալած երկիրներու ցանկ. խաղերը մէկ անգամ հիւրընկալած երկիրները նշուած են կանաչով, երկու կամ աւելի անգամ հիւրընկալածները՝ կապոյտով

Ողիմպիական խաղերու մայրաքաղաքը սովորաբար կ'ընտրուի միջոցառման տեղի ունենալէն եօթը կամ ութ տարի առաջ։ Ընտրութիւնը կազմուած է երկու փուլէ, որ կը տեւէ երկու տարի։ Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալել փափաքող քաղաքները դիմում կը ներկայացնեն իրենց երկիրին Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէին. եթէ երկիրի մը մէկէ աւելի քաղաք դիմում ներկայացուցած է, ապա Ազգային Կոմիտէն կը կատարէ ներքին ընտրութիւնը, քանի որ իւրաքանչիւր երկիր կրնայ միայն մէկ քաղաքի համար դիմում ներկայացնել Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէին։ Դիմումներու ներկայացման համար նախատեսուած ժամկէտին աւարտէն ետք կը սկսի առաջին փուլը, որուն ընթացքին դիմում ներկայացուցած քաղաքները կը լրացնեն որոշակի հարցաթերթիկ մը՝ պատասխանելով Ողիմպիական խաղերու կազմակերպման վերաբերող հարցումերու: Դիմում ներկայացուցած քաղաքները պէտք է վստահեցնեն, որ իրենք կը հետեւին Ողիմպիական կանոններուն, որոնք սահմանուած են ՄՈԿ-ի Գործադիր Կոմիտէին կողմէ։ Ամբողջացած հարցաթերթիկները կը գնահատուին մասնագէտներու յատուկ խումբի մը կողմէ, որուն հիման վրայ պատկերացում կը կազմուի երկիրներու ներկայացուցած առաջարկներուն ու խաղերը հիւրընկալելու անոնց կարողութեան մասին։ Այդ գնահատման հիման վրայ ՄՈԿ-ի Գործադիր Կոմիտէն կ'ընտրէ այն թեկնածուները, որոնք կ'անցնին յաջորդ փուլ։

Թեկնածու ընտրուած քաղաքները պէտք է աւելի ծաւալուն ու մանրամասն ներկայացնեն իրենց նախագիծը ՄՈԿ-ին։ Իւրաքանչիւր նախագիծ կը քննարկուի գնահատող յանձնաժողովի մը կողմէ։ Վերջինս կ'այցելէ թեկնածու քաղաքներ, հարցազրոյցներ կ'ունենայ տեղի պետական պաշտօնեաներուն հետ, կը ստուգէ այն վայրերը, ուր կը նախատեսուի կատարել միջոցառումները։ Ապա, յանձնաժողովը կը ներկայացնէ իր հաշուետուութիւնը ՄՈԿ-ի վերջնական որոշումէն մէկ ամիս առաջ։ Հարցազրոյցներու հանգրուանին թեկնածու քաղաքը պէտք է նաեւ երաշխաւորէ, որ կրնայ նիւթապէս հովանաւորել Ողիմպիական խաղերուն կազմակերպումը։ Գնահատող յանձնաժողովի աշխատանքին աւարտէն ետք թեկնածուներու ցանկը կը ներկայացուի ՄՈԿ-ի ընդհանուր նիստին, որ տեղի կ'ունենայ այն երկիրին մէջ, որմէ քաղաք չկայ թեկնածուներու ցանկին մէջ։ ՄՈԿ-ի անդամներու քուէարկութեամբ կ'որոշուի այն քաղաքը, որ պէտք է հիւրընկալէ Ողիմպիական խաղերը։ Ընտրուելէն ետք հիւրընկալ քաղաքին դիմումը ներկայացուցած կոմիտէն (համապատասխան երկիրի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէի հետ միասին) կը ստորագրէ հիւրընկալող քաղաքի պայմանագիր մը ՄՈԿ-ի հետ՝ պաշտօնապէս դառնալով Ողիմպիական խաղերը ընդունող քաղաք։

Մինչ 2016, Ողիմպիական խաղերը տեղի ունեցած են 23 երկիրներու 44 քաղաքներու մէջ, որոնցմէ միայն ութն կը գտնուի Եւրոպայէն ու Հիւսիսային Ամերիկայէն դուրս։ 1988-ին Սէուլի մէջ (Հարաւային Քորէա) տեղի ունեցած Ամառնային Ողիմպիական խաղերէն սկսեալ՝ Ողիմպիական խաղերը չորս անգամ տեղի ունեցած են Ասիոյ եւ Օքիանիայի մէջ, որ մեծ առաջընթաց է ժամանակակից Ողիմպիական խաղերու պատմութեան մէջ։ 2006-ի Ռիօ տէ Ժենէրոյի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերը եղած են առաջինը Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Ափրիկէի երկիրներուն մէջ Ողիմպիական խաղեր դեռ տեղի չեն ունեցած։

Միացեալ Նահանգներ Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալած են ութ անգամ (չորս անգամ Ամառնային Ողիմպիական խաղերը, չորս անգամ՝ Ձմեռնային), որ ամենաշատն է բոլոր երկիրներու ցանկին մէջ։ Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոն Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալած է երեք անգամ (բոլորն ալ Ամառնային), որ աւելի շատ է, քան որեւէ այլ քաղաք։ Երկու անգամ Ամառնային Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալած երկիրներն են Գերմանիա, Աւստրալիա, Ֆրանսա եւ Յունաստան։ Երկու անգամ Ամառնային Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալած քաղաքներն են Լոս Անճելըս, Փարիզ եւ Աթէնք։ 2020-ին տեղի ունենալիք Ամառնային Ողիմպիական խաղերէն ետք Ճափոնն ու Թոքիօն պիտի համալրեն այդ ցանկը։

Միացեալ Նահանգներէն բացի Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը երեք անգամ հիւրընկալած է նաեւ Ֆրանսան։ Երկու անգամ այդ խաղերը հիւրընկալած են Զուիցերիա, Աւստրիա, Նորվեկիա, Ճափոն, Քանատա եւ Իտալիա։ Քաղաքներու շարքին Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը երկուքական անգամ հիւրընկալած են Լէյք Փլեսիտը, Ինսպրուքը եւ Սան Մորիսը։

Ողիմպիական խաղերու կազմակերպման տարեթիւեր եւ վայրեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ամառնային Ողիմպիական խաղեր Ձմեռնային Ողոմպիական Խաղեր
Տարեթիւ Վայր Մասնակիցներ Տարեթիւ Վայր Մասնակիցներ
երկիր մարզաձեւ երկիր մարզաձեւ
1 1896 Աթէնք, Յունաստան 14 9
2 1900 Փարիզ, Ֆրանսա 24 20
3 1904 Շիքակօ, ԱՄՆ
Սենթ Լուիս, ԱՄՆ
12 18
-- 1906 Աթէնք, Յունաստան 21
4 1908 Հռոմ, Իտալիա
Լոնտոն, Մեծն Բրիտանիա
22 22
5 1912 Սթոքհոլմ, Շուէտ 28
6 1916 Պերլին, Գերմանիա -- --
7 1920 Անթվերբէն, Պելճիքա 29 26
8 1924 Փարիզ, Ֆրանսա 44 17 1 1924 Շամոնի, Ֆրանսա 16 4
9 1928 Ամսթերտամ, Հոլանտա 46 14 2 1928 Սան Մորէն, Զուիցերիա 25 4
10 1932 Լոս Անճելըս, ԱՄՆ 37 14 3 1932 Լէյք Պլեսիդտ, ԱՄՆ 17 4
11 1936 Պերլին, Գերմանիա 51 19 4 1936 Գարմիշ-Փարթենքիրխէն, Գերմանիա 28 4
12 1940 Թոքիօ, Ճափոն
Հելսինքի, Ֆինլանտա
-- -- -- 1940 Սապորօ, Ճափոն
Սան Մորէն, Զուէներուա
Գարմիշ-Փարթենքիրխէն, Գերմանիա .
-- --
13 1944 Լոնտոն, Մեծն Բրիտանիա . -- -- -- 1944 Քորթինա տ'Ամպեցօ, Իտալիա -- --
14 1948 Լոնտոն, Մեծն Բրիտանիա . 59 19 5 1948 Սան Մորէն, Զուիցերիա 28 4
15 1952 Հելսինքի, Ֆինլանտա 69 17 6 1952 Օսլօ, Նորուէկիա 30 4
16 1956 Մելպուռն, Աւստրալիա
Սթոքհոլմ, Շուէտ
67 17
1
7 1956 Քորթինա տ'Ամպեցօ, Իտալիա 32 4
17 1960 Հռոմ, Իտալիա 83 17 8 1960 Սքվօ Վելի, ԱՄՆ 30 4
18 1964 Թոքիօ, Ճափոն 93 19 9 1964 Ինսպրուք, Աւստրիա 36 6
19 1968 Մեքսիքօ, Մեքսիքօ 112 20 10 1968 Կրէնոպլ, Ֆրանսա 37 6
20 1972 Միւնիխ, Գերմանիա 121 23 11 1972 Սապորօ, Ճափոն 35 6
21 1976 Մոնրէալ, Քանատա 92 21 12 1976 Տէնվըր, ԱՄՆ
Ինսպրուք, Աւստրիա
37 6
22 1980 Մոսկուա, ԽՍՀՄ 80 21 13 1980 Լէյք Փլէսիտ, ԱՄՆ 37 6
23 1984 Լոս Անճելոս, ԱՄՆ 140 23 14 1984 Սարայեվօ, Եուկոսլաւիա 49 6
24 1988 Սէուլ, Հարաւային Քորէա 159 27 15 1988 Քալկարի, Քանատա 57 6
25 1992 Պարսելոնա, Սպանիա 169 32 16 1992 Ալպերվիլ, Ֆրանսա 64 6
17 1994 Լիլեհամեր, Նորվեկիա 67 6
26 1996 Աթլանթա, ԱՄՆ 197 26
18 1998 Նաքանօ, Ճափոն 72 7
27 2000 Սիտնի, Աւստրալիա 199 28
19 2002 Սոլթ Լէյք Սիթի, ԱՄՆ 77 7
28 2004 Աթէնք, Յունաստան 201 28
20 2006 Թուրին, Իտալիա 80 7
29 2008 Փեքին, Չինաստան 204 28
21 2010 Վանքուվեր, Քանատա 82 7
30 2012 Լոնտոն, Մեծն Բրիտանիա 204 36[115]
22 2014 Սոչի, Ռուսիա 88 7
31 2016 Ռիօ տէ Ժանէրօ, Պրազիլ 207 28
2018 Փհենչհան, Հարաւային Քորէա 92 7
32 2020 Թոքիօ, Ճափոն

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Jeux Olympiques - Sports, Athlètes, Médailles, Rio 2016»։ International Olympic Committee 
  2. «Olympic Games | History, Locations, & Winners»։ Encyclopedia Britannica 
  3. Benjamin, Daniel (27 July 1992)։ Traditions Pro Vs. Amateur
  4. Schantz Otto։ «The Olympic Ideal and the Winter Games Attitudes Towards the Olympic Winter Games in Olympic Discourses—from Coubertin to Samaranch» (PDF)։ Comité International Pierre De Coubertin
  5. 5,0 5,1 «NO BOYCOTT BLUES»։ olympic.org 
  6. «The Olympic Truce – Myth and Reality by Harvey Abrams»։ Classics Technology Center, AbleMedia.com 
  7. CITEREF Young 2004, էջ 12
  8. «Ancient Olympic Events»։ Perseus Project of Tufts University 
  9. Olympic Museum, "The Olympic Games in Antiquity", p. 2
  10. However, Theodosius' decree contains no specific reference to Olympia (Crowther 2007, էջ 54).
  11. 400 Years of Olimpick Passion, Robert Dover's Games Society, արխիվացված օրիգինալից 2013-05-02-ին, https://web.archive.org/web/20130502154936/http://www.olimpickgames.co.uk/contentok.php?id=853, վերցված է 2019-02-08 
  12. «Much Wenlock & the Olympian Connection»։ Wenlock Olympian Society։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ -ին 
  13. «Athens 1896»։ The International Olympic Committee 
  14. de Martens Frédéric (1893)։ Mémoire sur le conflit entre la Grèce et la Roumanie concernant l'affaire Zappa (French)։ Athens: [printer Anestis Constantinides] 
  15. Streit Geōrgios S. (1894)։ L'affaire Zappa; Conflit Gréco-Roumain (French)։ Paris: L. Larose 
  16. «1896 Athina Summer Games»։ Sports Reference 
  17. «St. Louis 1904 – Overview»։ ESPN։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-01-04-ին։ արտագրուած է՝ 2019-02-08 
  18. «1906 Olympics mark 10th anniversary of the Olympic revival»։ Canadian Broadcasting Centre։ 28 May 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ -ին 
  19. «Winter Olympics History»։ Utah Athletic Foundation։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ -ին 
  20. «History of the Paralympics»։ BBC Sport 
  21. «IPC-IOC Cooperation»։ International Paralympic Committee։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ -ին։ արտագրուած է՝ 3 May 2010 
  22. «Innsbruck is the host city for the first Winter Youth Olympic Games»։ The Vancouver Organizing Committee for the 2010 Olympic and Paralympic Winter Games։ 12 December 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 10 June 2009-ին։ արտագրուած է՝ 8 February 2019 
  23. Օլիմպիական խաղեր#CITEREFYoung1996|Young, 1996, էջ 1
  24. CITEREF Young1996|Young, 1996, էջ 14
  25. Michaelis Vicky (5 July 2007)։ «IOC votes to start Youth Olympics in 2010»։ USA Today 
  26. «London 2012»։ International Olympic Committee 
  27. «Beijing to build convenient Olympic village»։ The Beijing Organizing Committee for the Games of the XXIX Olympiad։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ -ին։ արտագրուած է՝ 4 May 2009 
  28. «Olympic Charter» (PDF)։ International Olympic Committee։ էջ 61։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 23 July 2011-ին 
  29. «The Olympic Charter»։ International Olympic Committee։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ -ին։ արտագրուած է՝ 17 July 2012 
  30. «Executive Board concludes first meeting of the new year»։ olympic.org ("Official website of the Olympic movement")։ 13 January 2011։ արտագրուած է՝ 13 January 2011 
  31. «Curtain comes down on 123rd IOC Session»։ International Olympic Committee 
  32. «Working meeting between the IOC and the NOCs of the Netherlands Antilles, Aruba and the Netherlands»։ olympic.org ("Official website of the Olympic movement") 
  33. Flyvbjerg Bent, Stewart Allison, Budzier Alexander (2016)։ The Oxford Olympics Study 2016: Cost and Cost Overrun at the Games։ Saïd Business School, University of Oxford։ SSRN 2804554 
  34. «Beijing Olympics to cost China 44,000,000,000 dollars - 2008-06-08 - Pravda News» 
  35. «Sochi 2014: the costliest Olympics yet but where has all the money gone?»։ The Guardian։ արտագրուած է՝ 2014-02-12 
  36. Flyvbjerg Bent, Stewart Allison, Budzier Alexander (2016)։ The Oxford Olympics Study 2016: Cost and Cost Overrun at the Games։ Saïd Business School, University of Oxford։ SSRN 2804554 
  37. Abrahamson Alan (25 July 2004)։ «LA the Best Site, Bid Group Insists; Olympics: Despite USOC rejection»։ Los Angeles Times։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 5 November 2012-ին։ արտագրուած է՝ 8 February 2019 
  38. «Olympics Everywhere»։ Argument։ WIRED (Paper)։ August 2016։ էջ 19։ «...hosting the Olympics is almost always a financial disaster for cities in the long term.... Indeed, economists are uncommonly unanimous that hosting the Olympics is a bad bet.» 
  39. «The Olympic Effect»։ The Economic Journal 121 (553): 652–77։ 19 January 2011։ doi:10.1111/j.1468-0297.2010.02407.x։ (subscription required (help)) 
  40. «Punctuated Generosity: How Mega-events and Natural Disasters Affect Corporate Philanthropy in U.S. Communities»։ Administrative Science Quarterly 58 (1): 111–48։ 1 February 2013։ SSRN 2028982։ doi:10.1177/0001839213475800 – via Social Science Research Network 
  41. Glynn, M. A. (2008). "Configuring the field of play: how hosting the Olympic Games impacts civic community." Journal of Management Studies, 45(6), 1117–1146.
  42. «The Economic Impact Of The Winter Olympics: Not Great For Russia But Sochi Stands To Gain»։ International Business Times։ 8 February 2014։ արտագրուած է՝ 10 February 2014 
  43. «The Economic Impact Of The Winter Olympics: Not Great For Russia But Sochi Stands To Gain»։ The Guardian։ 17 December 2014 
  44. Abend Lisa (3 October 2014)։ «Why Nobody Wants to Host the 2022 Winter Olympics»։ Time 
  45. «Revealed: the biggest threat to the future of the Olympic Games»։ The Guardian։ 27 July 2016 
  46. «For the Good of the Athletes»։ The Beijing Organizing Committee for the Games of the XXIX Olympiad։ 31 October 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 23 January 2009-ին։ արտագրուած է՝ 4 February 2009 
  47. «Samaranch Defends Nominating Son for IOC Post»։ CBC Sports։ 18 May 2001։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 5 December 2008-ին։ արտագրուած է՝ 4 February 2009 
  48. Riding Alan (30 June 1992)։ «Olympics:Barcelona Profile; Samaranch, Under the Gun Shoots Back»։ The New York Times։ արտագրուած է՝ 30 January 2009 
  49. Abrahamson Alan (6 December 2003)։ «Judge Drops Olympic Bid Case»։ Los Angeles Times։ արտագրուած է՝ 21 March 2009 
  50. Jordan, Mary; Sullivan, Kevin (21 January 1999), «Nagano Burned Documents Tracing '98 Olympics Bid», Washington Post: A1, https://www.washingtonpost.com/wp-srv/digest/daily/jan99/nagano21.htm, վերցված է 20 August 2016 
  51. Macintyre Donald (1 February 1999)։ «Japan's Sullied Bid»։ Time Magazine։ արտագրուած է՝ 20 August 2016 
  52. Zinser Lynn (7 July 2005)։ «London Wins 2012 Olympics New York Lags»։ The New York Times։ արտագրուած է՝ 4 February 2009 
  53. «Paris Mayor Slams London Tactics»։ Sporting Life (UK)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ -ին 
  54. 54,0 54,1 «Marketing Fact File, International Olympic Committee, 2011 edition, page 18, accessed 2015-12-22» 
  55. «Kodak to end Olympics sponsorship after 2008 games»։ Reuters։ 12 October 2007 
  56. «No more Kodak moments in the Olympics» 
  57. «Wildly interesting facts about London you never knew, until now»։ ITV News 
  58. «OXO - About Us»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-03-20-ին։ արտագրուած է՝ 2019-02-08 
  59. Alex։ «FORM AND SURFACE: Odol» 
  60. Findling, Pelle, էջ 209
  61. «Berlin 1936»։ International Olympic Committee։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 22 August 2008-ին։ արտագրուած է՝ 31 March 2009 
  62. «Cortina d'Ampezzo»։ International Olympic Committee։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 22 August 2008-ին։ արտագրուած է՝ 31 March 2009 
  63. 63,0 63,1 Slack, 2004, էջ 192
  64. 64,0 64,1 Whannel, G. (1984) The television spectacular in A. Tomlinson & G. Whannel (Eds.), Five-ring circus (pp. 30–43). London: Pluto Press
  65. «World Series TV ratings slump»։ CBS News։ Associated Press։ 27 October 2000։ արտագրուած է՝ 4 May 2009 
  66. Walters Walters (2 October 2000)։ «All fall down»։ Sports Illustrated։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 29 April 2011-ին։ արտագրուած է՝ 2 April 2009 
  67. Slack, 2004, էջ 194
  68. "Sport athlétique", 14 mars 1891: "... dans une éloquente allocution il a souhaité que ce drapeau les conduise 'souvent à la victoire, à la lutte toujours'. Il a dit qu'il leur donnait pour devise ces trois mots qui sont le fondement et la raison d'être des sports athlétiques: citius, altius, fortius, 'plus vite, plus haut, plus fort'.", cited in Hoffmane, Simone La carrière du père Didon, Dominicain. 1840–1900, Doctoral thesis, Université de Paris IV – Sorbonne, 1985, p. 926; cf. Michaela Lochmann, Les fondements pédagogiques de la devise olympique "citius, altius, fortius"
  69. «Olympic Summer Games Mascots from Munich 1972 to London 2012» (PDF)։ International Olympic Committee։ 1 January 2013։ արտագրուած է՝ 13 July 2013 
  70. «Beijing Dazzles: Chinese History, on Parade as Olympics Begin»։ Canadian Broadcasting Centre։ 8 August 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 6 September 2008-ին։ արտագրուած է՝ 9 September 2008 
  71. 71,0 71,1 71,2 «Closing Ceremony Factsheet»։ The International Olympic Committee։ 5 June 2012։ արտագրուած է՝ 12 August 2012 
  72. «Closing Ceremony» (PDF)։ International Olympic Committee։ 31 January 2002։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 26 April 2009-ին։ արտագրուած է՝ 27 August 2008 
  73. «The Olympic Flags and Emblem»։ The Vancouver Organizing Committee for the 2010 Olympic and Paralympic Winter Games։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 20 September 2008-ին։ արտագրուած է՝ 10 February 2009 
  74. «Olympic Games – the Medal Ceremonies»։ Encyclopædia Britannica։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2 April 2017-ին։ արտագրուած է՝ 29 August 2008։ (registration required (help)) (subscription required)
  75. «Medal Ceremony Hostess Outfits Revealed»։ China Daily։ 18 July 2008։ արտագրուած է՝ 29 August 2008 
  76. «Wrestling»։ The Beijing Organizing Committee for the Games of the XXIX Olympiad։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 26 February 2009-ին։ արտագրուած է՝ 25 March 2009 
  77. «Olympic Sports of the Past»։ International Olympic Committee։ արտագրուած է՝ 10 February 2009 
  78. «International Sports Federations»։ International Olympic Committee։ արտագրուած է՝ 8 February 2009 
  79. «Factsheet: The sessions» (PDF)։ International Olympic Committee։ էջ 1։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 29 April 2011-ին։ արտագրուած է՝ 8 February 2009 
  80. «Jim Thorpe Biography»։ Biography.com։ արտագրուած է՝ 9 February 2009 
  81. «Garmisch-Partenkirchen 1936»։ International Olympic Committee։ արտագրուած է՝ 25 July 2011 
  82. Schantz Otto։ «The Olympic Ideal and the Winter Games Attitudes Towards the Olympic Winter Games in Olympic Discourses – from Coubertin to Samaranch» (PDF)։ Comité International Pierre De Coubertin։ արխիւացուած բնօրինակէն 19 September 2016-ին։ արտագրուած է՝ 19 September 2016 
  83. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found., Story #6–First Canada Cup opens up the hockey world.
  84. http://www.tandfonline.com/doi/abs/10.1080/02722019109481098?journalCode=rarc20
  85. «Game playing in Montreal» (PDF)։ Olympic Review (International Olympic Committee) (107–108): 461–462։ October 1976։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 25 March 2009-ին։ արտագրուած է՝ 7 February 2009 
  86. «Moscow 1980»։ International Olympic Committee։ արտագրուած է՝ 25 July 2011 
  87. «Australia: Calls to Boycott Beijing Olympics»։ Inter Press Service։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 12 September 2008-ին։ արտագրուած է՝ 10 September 2008 
  88. «Putin Faces Green Olympic Challenge: The Sochi 2014 Winter Games are threatened by a looming international boycott, environmental concerns, and public protests against local development»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 22 August 2009-ին։ արտագրուած է՝ 18 August 2008 , The Christian Science Monitor. Retrieved 18 August 2008.
  89. Bernas Frederick (5 December 2009)։ «Olympic challenge for Sochi Games»։ The Guardian (London)։ արտագրուած է՝ 31 May 2011 
  90. «The USSR and Olympism» (PDF)։ Olympic Review (International Olympic Committee) (84): 530–557։ October 1974։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 16 January 2013-ին։ արտագրուած է՝ 4 May 2009 
  91. «Iranian Judoka rewarded after snubbing Israeli»։ NBC Sports։ Associated Press։ 8 September 2004։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 25 March 2009-ին։ արտագրուած է՝ 7 February 2009 
  92. «Tom Hicks»։ Sports-reference.com։ արտագրուած է՝ 30 January 2009 
  93. Begley Sharon (7 January 2008)։ «The Drug Charade»։ Newsweek։ արտագրուած է՝ 27 August 2008 
  94. 94,0 94,1 Hunt Thomas M. (2011)։ Drug Games: The International Olympic Committee and the Politics of Doping։ University of Texas Press։ էջ 66։ ISBN 0292739575 
  95. Magnay Jacquelin (18 April 2003)։ «Carl Lewis's positive test covered up»։ The Sydney Morning Herald։ արտագրուած է՝ 28 August 2008 
  96. Coile Zachary (27 April 2005)։ «Bill Seeks to Toughen Drug Testing in Pro Sports»։ The San Francisco Chronicle։ արտագրուած է՝ 3 September 2008 
  97. «Play True» (PDF)։ World Anti-Doping Agency։ 2012։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 25 January 2013-ին։ արտագրուած է՝ 13 July 2013 
  98. «Anti-Doping Results Announced»։ The New York Times։ 25 July 2012։ արտագրուած է՝ 13 July 2013 
  99. «IOC Orders Belarus to Return Gold»։ ESPN։ 13 August 2012։ արտագրուած է՝ 13 July 2013 
  100. "Arab women make breakthrough at Games" Archived 2012-10-22 at the Wayback Machine., CNN, 23 September 2000
  101. "Afghan women's Olympic dream", BBC, 22 June 2004
  102. Wallechinsky David (29 July 2008)։ «Should Saudi Arabia be Banned from the Olympics?»։ The Huffington Post 
  103. «Saudis to send 2 women to London, make history»։ Sports Illustrated։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 15 July 2012-ին։ արտագրուած է՝ 13 July 2012 
  104. "London 2012 Olympics: Saudi Arabian women to compete", BBC, 12 July 2012
  105. «Female Gulf athletes make their mark in London Olympics»։ Agence France-Presse։ 13 August 2012 
  106. "Women's boxing gains Olympic spot", BBC, 13 August 2009
  107. Definition: "…the process of transforming an object, idea, activity, or service into a commodity by capitalist economies." Beaster-Jones 2013, par. 1.
  108. "Olympic Charter" (PDF). Lausanne, Switzerland: International Olympic Committee. July 2011. Retrieved 27 July 2012.
  109. Rory Carroll (24 February 2003)։ «What Zola Budd did next»։ The Guardian (London)։ արտագրուած է՝ 27 November 2011 
  110. «Lagat a runner without a country»։ Cool Running։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 19 May 2012-ին։ արտագրուած է՝ 27 November 2011 
  111. «Olympics opportunity too much for Hammon to pass up – Olympics»։ ESPN։ 5 June 2008։ արտագրուած է՝ 27 November 2011 
  112. «St Louis 1904»։ Olympic Games։ արտագրուած է՝ 3 July 2012 
  113. «The Modern Olympic Games» (PDF)։ The Olympic Museum։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 6 September 2008-ին։ արտագրուած է՝ 29 August 2008 
  114. Munro James (25 August 2008)։ «Britain may aim for third in 2012»։ BBC Sport։ արտագրուած է՝ 25 August 2008 
  115. 30-րդ Ամառնային ողոմպիական խաղերու պաշտոնական կայքի մարզաձեւերու էջը
  • Boykoff Jules (2016)։ Power Games: A Political History of the Olympics։ New York and London: Verso։ ISBN 978-1-784-78072-2 
  • Buchanan Ian (2001)։ Historical dictionary of the Olympic movement։ Lanham: Scarecrow Presz։ ISBN 978-0-8108-4054-6 
  • Kamper Erich, Mallon, Bill (1992)։ The Golden Book of the Olympic Games։ Milan: Vallardi & Associati։ ISBN 978-88-85202-35-1 
  • Preuss Holger, Marcia Semitiel García (2005)։ The Economics of Staging the Olympics: A Comparison of the Games 1972–2008։ Edward Elgar Publishing։ ISBN 978-1-84376-893-7 
  • Simson Vyv, Jennings, Andrew (1992)։ Dishonored Games: Corruption, Money, and Greed at the Olympics։ New York: S.P.I. Books։ ISBN 978-1-56171-199-4 
  • Wallechinsky David (2004)։ The Complete Book of the Summer Olympics, Athens 2004 Edition։ SportClassic Books։ ISBN 978-1-894963-32-9 
  • Wallechinsky David (2005)։ The Complete Book of the Winter Olympics, Turin 2006 Edition։ SportClassic Books։ ISBN 978-1-894963-45-9 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]