Գաֆէսճեան Արուեստի Կեդրոն

Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոն

Գաֆեսճեան արուեստի կեդրոն, բացուած է 17 նոյեմբեր 2009-ին՝ ժամանակակից արուեստի առաջատար միտումները Հայաստանի մէջ ցուցադրելու եւ աշխարհին հայկական մշակոյթի լաւագոյնը ներկայացնելու առաքելութեամբ։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս ճարտարապետական կասկատ ոճով կառուուցուած շինութիւնը, ուր այսօր կը գտնուի Գաֆեսճեան արուեստի կեդրոնը, յայտնի է որպէս Կասկադ համալիր։ Կասկադ համալիրի գաղափարի նախահեղինակը ճարտարապետ Ալեքսանտր Թամանեանն է (1878-1936)։ Ան կը ցանկար իրար կապել քաղաքի հիւսիսային եւ կենդրոնական հատուածները՝ քաղաքի պատմականօրէն բնակելի եւ մշակութային կեդրոնները ջրվեժներու ու պարտէզներու հսկայական կանաչ տարածքով, որ պետք է «գահավիժեր» քաղաքի ամենաբարձր բլուրներէն մէկէն։ Դժբախտաբար, այս նախագիծը խոր մոռացութեան մատուեցաւ մինչեւ 1970-ականներու վերջը, երբ ան կրկին կեանքի կոչուեցաւ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապէտ Ջիմ Թորոսեանի կողմէն։ Կասկադ ոճի թորոսյանական ընկալումը իր մէջ կը ներառէր Թամանեանի նախնական նախագիծը, բայց նաեւ լի էր նոր գաղափարներով՝ մոնումենտալ արտաքին աստիճանները, ներսի երկար շարժասանդուղքներով թունելը, բակերու եւ բացօթեա պարտէզներու բարդ ցանցը՝ զարդարուած հայոց հարուստ պատմութեան եւ մշակութային ժառանգութեան մոթիվները կրող բազմաթիւ զարդաքանդակներով։

Կասկադ համալիրի թորոսեանական նախագիծի շինարարութիւնը մեկնարկեց 1980-ականներու խորհրդային իշխանութեան օրով, սակայն դադարեցաւ 1988 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի եւ 1991 թուականին Խորհրդային Միութեան փլուզման հետեւանքով։ Անկախութեան եւ ժողովրդավարական համակարգի անցմանը զուգահեռ՝ Հայաստան թեւակոխեց նաեւ տնտեսական ծայրահեղ դժուարութիւններու ժամանակաշրջան, եւ Կասկադ համալիրը աւելի քան մէկ տասնամեակ մնաց խորհրդային ժամանակաշրջանէն ժառանգուած անտեսուած մասունք։ Ջերարդ Լ. Գաֆեսճեանը, համագործակցելով Երեւանի քաղաքապետարանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ, 2002 թուականին նախաձեռնեց Կասկադ համալիրի վերականգնումը։ Հաջորդած 7 տարիներու ընթացքին յուշահամալիրը հիմնովին վերանորոգուեցաւ, իսկ անոր մեծ մասը լիովին վերափոխուեցաւ՝ վերածուելով արուեստի կենդրոն, որ կը կրէ իր հիմնական բարերար Ջերարդ Լ. Գաֆեսճեանի անունը։

«Հայաստան առաջին Քրիստոնիա Պետութիւնն է», յուշակոթող 2001 թ.

Կասկադ համալիրի վիճակագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Աստիճաններու թիւը՝ 572
  • Կասկադի հիմքէն մինչեւ գագաթ՝ 302 մեդր
  • Հիմքէն մինչեւ վերի հարթակ՝ 450 մեդր
  • Լայնութիւնը՝ 50 մեդր
  • Չաւարտուած հատուածի բարձրութիւնը՝ 78 մեդր
  • Վերի հարթակի բարձրութիւնը՝ 118 մեդր

Հավաքածու[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գաֆեսճեան արուեստի կենդրոնի ցուցահանդեսները հիմնականին կը ներկայացնէ կեդրոնի հիմնադիր Ջերարդ Գաֆեսճեանի հարուստ հավաքածոն։ Աւելի քան հինգ հազար արուեստանմուշ պարունակող այս հաւաքածոն հատկապէս հարուստ է ժամանակակից գեղարուեստական ապակեգործութեան նմուշներով, որոնց մեջ կ՝ առանձնանան հանրահայտ չեխ քանդակագործներ Ստանիսլավ Լիբենսկու եւ Յարոսլաւա Բրիխտովայի ստեղծագործութիւնները։ Ամոմց գործունէութիւնը հեղափոխեց ապակու կիրառութիւնը՝ վերածելով այն գեղարուեստական նոր արտահայտչամիջոցի։

Հաւաքածուին մէջ ներկայացուած են նաեւ անուանի արուեստագետներ Դեյլ Չիհուլիի, Բոհումիլ Էլիասի, Պավել Հլավայի, Յարոմիր Ռիբակի, Իվանա Շռամկովայի, Բերտիլ Վալիենի, Լինո Թալիապիետրայի, Մարկ Պեյզերի եւ Հիրոշի Յամանոյի աշխատանքները։ Հաւաքածոն կը ներառէ նաեւ գծանկարչութեան, գեղանկարչութեան եւ քանդակագործութեան ոլորտի անուանի արուեստագէտներու՝ Ֆերնանդո Բոտերոյի, Արշիլ Կորգիի, Ջենիֆեր Բարթլեթի, Լին Չեդուիքի, Բարրի Ֆլանագանի, Ժաումե Պլենզայի եւ Ֆրանսուա Քսավիե Լալանի հանրահայտ ստեղծագործութիւնները։

Սրահներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Խանջեան» սրահ, 250 ք.մ. մակերեսով ընդարձակ սրահին մէջ կը գտնուի մեծանուն հայ նկարիչ Գրիգոր Խանջեանի մոնումենտալ որմնանկարը, որուն պատկերին մէջ է հայոց պատմութեան կարեւորագոյն էջերը։
  • «Պարտէզի հարթակներ», շատրուաններով, ցայտաղբիւրներով եւ հրաշալի ծաղկաթմբերով ձեւաւորուած հարթակներ՝ Երեւանի եւ Արարատ լերան համայնապատկերով։
  • «Հատուկ միջոցառումներու սրահ», կը գտնուի Գաֆեսճեան արուեստի կեդրոնի ամենավերի հարթակին, ուր հիասքանչ տեսարան կը բացուի դեպի Երեւան՝ Արարատ լերան գեղատեսիլ համայնապատկերով։ Հատուկ միջացառումներու սրահը կը համապատասխանէ դասախօսութիւններու, կինոփառատոններու, համերգներու կազմակերպման համար։ Սրահին մէջ կը գործէ նաեւ կոկտեյլ-բար։
  • «Երեք սուզորդներու հարթակ», Գաֆեսճեան արուեստի կեդրոնի ամենավերին հարթակն է, ուրկէ կը բացուի Երեւանի գեղատեսիլ համայնապատկերը։ Հարթակին մէջ տեղակայուած է արտացոլող ջրաւազանը, որուն կեդրոնին մէջ վեր կը խոյանայ Դեյվիս Մարտինի «Երեք սուզորդներու» տպաւորիչ քանդակը։ Հարթակի ինքնատիպ լուսաւորութիւնը յատուկ գեղեցկութիւն կը հաղորդէ տարածքին մայրամուտէն յետոյ։
  • «Աստղերու հարթակ», «Հատուկ միջոցառումներու սրահի» նախասրահն է, ուր տեղակայուած է «Սվարովսկի Բյուրեղյա պալատ» ցուցադրութիւնը, իր ժամանակակից արուեստի հրաշալի ստեղծագործութիւններով եւ գունեղ լուսաւորութեամբ։

Քանդակներու պարտէզ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գաֆեսճեան քանդակներու պարտէզը կ՝ ընդգրկէ Կասկատի դիմաց գտնուող պուրակի տարածքը, ուէ ներկայացուած է աշխարհի մոնումենտալ քանդակներու լաւագոյն հաւաքածուներէն մէկը։ Պարտէզի յատուկ նախագծուած ընդարձակ ծառուղիները, ծաղկային ձեւաւորումները կը ստեղծեն ժամանակակից միջավայր մեծածաւալ քանդակներու տեղակայման համար։ Այստեղ կարելի է տեսնել հեղինակաւոր արուեստագէտներ Ֆերնանտո Բոտերոյի, Լին Չեդուիքի, Ժաումե Պլենզայի եւ Բարրի Ֆլանագանի ստեղծագործութիւնները։

«Կատու» (հեղինակ՝ Ֆ.Բոտերո)

Միջոցառումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գաֆեսճեան արուեստի կենդրոնի (ԳԱԿ) առաքելութիւնն է ժամանակակից արուեստի լաւագոյն նմուշները ցուցադրել Հայաստանի մէջ եւ աշխարհին ներկայացնել հայկական մշակոյթի լաւագոյնը։ Ոգեշնչուելով իր հիմնադրի՝ Ջերարդ Լ. Գաֆեսճեանի տեսլականով, Կենդրոնը կ՝ առաջարկէ բազմազան ցուցահանդեսներ, որոնք կը պատկանին Ջերարդ Գաֆեսճեանի ժամանակակից արուեստի մեծածաւալ հաւաքածուին։[1]։ 2009 թուականի նոյեմբերին տեղի ունեցած բացումէն առ այսօր Գաֆեսճեան արուեստի կեդրոնը, հաւատարիմ իր առաքելութեանը, կը ցուցադրէ ժամանակակից արուեստի յուրօրինակ գործեր, կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ, ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, համերգաշարեր եւ կրթական ծրագիրներ։ Տարեկան աւելի քան մէկ միլիոն մարդ կ՝ այցելէ կեդրոն։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հասցէ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ Թամանեան 3 հասցէին։