Արմենական Կուսակցութիւն
Արմենական Կուսակցութիւն | |
---|---|
Ղեկավար | Մկրտիչ Փորթուգալեան |
Հիմնադրուած | Կաղապար:Wikidata/p571 |
Գաղափարախօսութիւն | Ազատականութիւն |
Թերթ | «Արմենիա» |
Պոլսոյ մէջ գործող «Միութիւն Ի Փրկութիւն» ընկերութիւնը զարգացած երիտասարդներ կը ղրկէր հայկական գաւառները դպրոցներ բանալու համար։ Այս երիտասարդներէն էր Մկրտիչ Փորթուգալեան, որ Վան հասնելով վարժապետանոց մը կը բանայ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շատ կարճ ժամանակի ընթացքին Օսմանեան կառավարութիւնը փակել կու տայ վարժապետանոցը, որովհետեւ հոն կը տիրէր ազատաշունչ գաղափարներու մթնոլորտ մը, ինչպէս նաեւ երբեմն ալ զինավարժութիւն տեղի կ'ունենար։ 1885-ին Մկրտիչ Փորթուգալեան կ'անցնի Ֆրանսա եւ հոն Մարսէյ քաղաքին մէջ կը սկսի հրատարակել «Արմենիա» թերթը։ Սկզբնական շրջանին «Արմենիա» բարենորոգումներու հարցը կ'արծարծէ, սակայն անոր տեսակէտերը հետզհետէ կը զարգանան զինեալ պայքարի եւ յեղափոխութեան ուղղութեամբ։ Թերթը գաղտնի ճամբով կը հասնի Վան՝ Մկրտիչ Աւետիսեանի (իր աշակերտներէն մէկը) ճամբով եւ անոր նախաձեռնութեամբ Վանի մէջ կը հիմնէ Արմենական Կուսակցութիւնը (1885): Անոնք առաւելաբար կը զբաղին զէնքի ամբարումով եւ ժողովուրդի տրամադրութեանց պատրաստութեամբ։ Արմենական կուսակցութեան հիմնական նպատակն էր յեղափոխութեան ճամբով ապահովել հայ ժողովուրդի ինքնիշխանութիւնը։
Փորթուգալեան Վասպուրականի Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պոլսոյ յառաջադէմ ու գործունեայ մտաւորականներէն Մկրտիչ Փորթուգալեան Արարատեան Ընկերութեան Կողմէ 1876-ին Վասպուրական կ'ուղարկուի՝ կրթական օճախներ հիմնելու համար։ Այդ թուականէն սկսեալ, ան Վանի մէջ կրթական եւ քաղաքական աշխատանք կը տանի։
Փորթուգալեան կը հիմնէ Վարժապետարանը, երիտասարդներէ կը կազմէ Յառաջդիմական Միութիւնը։ Կովկասէն կամ Ռուսիայէն Վան անցած երիտասարդ գործիչներու հետ գործակցաբար, կը ստեղծէ Քաղաքական Ակումբը։ Ան առանց «յեղափոխութիւն» բառը գործածելու, յեղափոխական գաղափարներ կը տարածէ եւ յեղափոխական սերունդ կը պատրաստէ։ Վանի մէջ Փորթուգալեանի գործունէութիւնը օսմանեան կառավարութեան կասկածը կը շարժէ։ Հետապնդումներ եւ ձերբակալութիւններ տեղի կ'ունենան։ 1885-ին Փորթուգալեան կ'արտաքսուի Թուրքիայէն եւ Մարսէյ կը հաստատուի, ուր 1 Օգոստոս 1885-ին կը սկսի հրատարակել «Արմենիա» թերթը։
«Արմենիա» Թերթին Նպատակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թերթին նպատակն էր՝
- Օտարներուն ուշադրութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի կացութեան եւ հայ ժողովուրդի կեանքի տխուր պայմաններուն վրայ հրաւիրել,
- Հայրենիքին նկատմամբ արտերկրի հայութեան հետաքրքրութիւնը շարժել եւ օժանդակութիւն ապահովել,
- Փորթուգալեան «Արմենիա»ի էջերով Ազատական գաղափարներու եւ բարենորոգումներու մասին կը խօսէր։ Աւելի ուշ, երբ բարենորոգումներէն յոյսը կը կտրէ, ան յստակօրէն կը յայտարարէ, թէ առանց արիւնահեղութեան կարելի չէ ազատութիւն շահիլ։
Համախմբումի Փորձ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փորթուգալեան կը զգայ, թէ գործող մանր խմբակցութիւնները չեն կրնար ծաւալուն աշխատանք տանիլ։ Յունիս 1886-ին, լոնտոնաբնակ Կարապետ Յակոբեանի օժանդակութեամբ, ան փորձ մը կ'ընէ Եւրոպայի մէջ ստեղծուած խմբակցութիւնները միաւորելու։ Փորձը չի յաջողիր, մինչ այդ, Փորթուգալեանի հետեւորդները Վանի մէջ «Արմենիա»ի քարոզած գաղափարներուն ազդեցութեան տակ Արմենական կուսակցութեան հիմնադրման կը ձեռնարկեն։
Կուսակցութեան Ծնունդը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1885-ի աշնան, գաղտնի ժողովի մը ընթացքին կը հիմնուի Արմենական Կուսակցութիւնը, որ իր անունը «Արմենիա» թերթէն առած էր։ Այս կուսակցութեան անդամները իրենք զիրենք արմենականներ կը կոչեն։ Կուսակցութեան հիմնադիրներն էին՝ Փորթուգալեանի հիմնած վարժարանի շրջանաւարտներէն՝ Մկրտիչ Թերլեմէզեան (Աւետիսեան), Գրիգորիս Թերլեմէզեան, Ռուբէն Շատուորեան, Գրիգոր Պոզիկեան (Շիկահեր), բժիշկ Գալուստ Ապանեան եւ ուրիշներ։
Կուսակցութեան Ծրագիրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արմենականները կը նպատակադրէին «Յեղափոխութեան ճամբով ապահովել Հայ ժողովուրդին ինքնիշխանութիւնը»։ Այդ նպատակին հասնելու համար, անոնք կ'առաջարկէին՝
- Համախմբել նոյն նպատակը իւրացնող բոլոր հայերը,
- Կեդրոնական Մարմինի մը միջոցաւ նոյնացնել բոլորին հետապնդած ուղղութիւնները,
- Հայութիւնը կազմակերպել եւ ապահովել անոր օգնութիւնը՝ կուսակցութեան,
- Գրաւոր եւ բերանացի քարոզչութեամբ եւ դաստիարակչական աշխատանքով յեղափոխական գաղափարներ տարածել,
- Ժողովուրդին ինքնապաշտպանութեան ոգի ներշնչել եւ զինք զէնքի վարժեցնել,
- Խուսափիլ ցոյցերէ, ահաբեկչութիւններէ եւ մահապատիժներէ:
Արմենականներու այս ծրագիրէն, մանաւանդ առաջադրանքներէն ի յայտ կու գայ, որ կուսակցութիւնը աւելի ինքնապաշտպանութեան եւ յեղափոխութեան նախապատրաստութեան կը ծառայէր։
Գործունէութեան Դաշտ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բացի Պարսկաստանի (Ատրպատականի) քանի մը մասնաճիւղերէն (Թաւրիզ, Սալմաստ) եւ որոշ կարեւոր կեդրոններու մէջ շահած համակիրներու շրջանակներէն, արմենական զործունէութիւնը առաւելաբար սահմանափակուած էր Վասպուրականի մէջ։ Վանը կուսակցութեան աշխոյժ կեդրոնն էր։ Արմենականները Վանի մէջ գործօն կուսակցութիւն մը կը դառնան։ Անոնք կը հաւատային, որ Վանի մէջ կեդրոնանալով ու հոն լաւ կազմակերպուելով, պիտի կարենային մօտիկ ապագային ժողովուրդը կառավարութեան դէմ ապստամբութեան մղել։ Անոնք համոզուած էին, որ Սասունը, Մուշը եւ այլ կեդրոններ եւս պիտի հետեւէին նոյն օրինակին։ Այս կեդրոնացումը, սակայն պատճառ կը դառնայ, որ կուսակցութիւնը դիւրին թիրախ դառնայ կառավարութեան համար եւ չէզոքանայ։
Առաջին Նահատակները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մայիս 1889-ին երեք արմենականներ, ամբողջովին զինուած, Սալմաստի Հաֆթուան գիւղէն ճամբայ կ'ելլեն դէպի Վան։ 9 օր քալելով ճամբայ կտրելէ ետք, կ'անցնին Թուրքիոյ Սահմանը։ Թուրք ոստիկանները կը կեցնեն զանոնք եւ կը հրամայեն, որ զինաթափ ըլլան։ Կարճատեւ բախումէ մը ետք, արմենականներէն մէկը կը սպաննուի, միւսը կը վիրաւորուի ու չարչարանքով կը մեռնի։ Երրորդը կը յաջողի փախչիլ։ Ոստիկանները զոհուածներուն քով թուղթեր եւ նամակներ կը գտնեն, որոնցմէ մէկը Մկրտիչ Փորթուգալեանէն էր։ Դէպքը մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ։ Կառավարութիւնը կը կարծէ, թէ անոնք անդամներ էին յեղափոխական հսկայ կազմակերպութեան մը։ Լուրը արձագանգ կը գտնէ հայկական եւ թրքական թերթերուն մէջ։ Զոհուածներն էին Գոլոշեան եւ Ագրիպասեան։
Պատմութեան Էջերէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Կուսակցական հիմնադիրներէն՝ Աւետիսեան (Մկրտիչ Թերլեմէզեան) եւ իր ընկերները կը ծրագրեն յարձակիլ քրտական հաւաքի մը վրայ՝ քիւրտ ցեղապետը սպաննելու նպատակով։
- Երկու քրտախօս արմենականներ (Չաթօ եւ Շերօ) յաջողութիւններ կ'արձանագրեն կուսակցութեան համար իրենց սխրագործութիւններով։ Ժողովուրդը իրենց մասին կը պատմէ տարբեր առասպելներ։ Անոնք կը պատմեն, թէ Դերեկի կռիւներուն ընթացքին օր մը հրացանները մաքրելու ատեն, սխալմամբ հրացան մը կը կրակուի եւ կը սպաննէ Չաթօն։ Ատիկա անտանելի հարուած մը կ'ըլլայ Շերոյին համար։ Տարի մը ետք, Նիկոլ Դումանի խմբապետութեամբ կռիւ տեղի կ'ունենայ Տուշմանայ ձորին մէջ, ուր թաղուած էր Չաթօն։ Բուռն ու արիւնալի կռիւներէն մէկն էր քիւրտերուն դէմ։ Շերօ կատաղութեամբ կը կռուի ու կը վիրաւորուի։ Նահանջելով ու կռուելով, ինքզինք Չաթոյի գերեզմանին կը հասցնէ, եւ կը մեռնի ընկերոջ հողաթումբին վրայ։
- 1892-ին չորս յեղափոխականներ, որոնց շարքին նաեւ արմենականներ, կ'ահաբեկեն Վանի ոստիկանապետ Նուրի Էֆենտին։
- Վանի Ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն (1894-1896), արմենականները կը գործակցին Հ.Յ.Դաշնակցութեան հետ։ Աւետիսեանի առաջնորդութեամբ, շուրջ 1000 արմենական երիտասարդներ որոնցմէ միայն 200-ը զինուած, պարտադրուած ընդհարում կ'ունենան թուրքերուն հետ։ Կը նահատակուին հարիւրաւոր երիտասարդներ, կը զոհուի նաեւ ինք՝ Աւետիսեան։
Վերջին Տարիները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տարիներու ընթացքին արմենականները կը սկսին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն միանալ։ Աւելի պահպանողական տարրը 1908-էն ետք աստիճանաբար կը ձուլուի Պոլսոյ մէջ կազմուած Սահմանադիր Ռամկավար պահպանողական կուսակցութեան։ Արմենական Կուսակցութիւնը միայն 10-15 տարի կեանք կ'ունենայ։
Տեն Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայոց Պատմութիւն, Դ. Տպագրութիւն (Խտացուած եւ Նկարազարդուած), Հրանդ Փաստրմաճեան։