Jump to content

Արմէն Գարօ

Արմէն Գարօ
Ծննդեան անուն Գարեգին Փաստրմաճեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Արմեն Գարո
Ծնած է 9 Փետրուար 1872(1872-02-09)
Ծննդավայր Կարին, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 23 Մարտ 1923(1923-03-23) (51 տարեկանին)
Մահուան վայր Ժընեւ, Զուիցերիա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Սանասարեան Վարժարան
Նանսի համալսարան?
Ժընեւի համալսարան
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, դիւանագէտ, զինուորական
Աշխատավայր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Վարած պաշտօններ ԱՄՆ Հայոց Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչ եւ Օսմանեան կայսրութեան պատգամաւորներու պալատի անդամ.[2]
Անդամութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւն եւ Հայ Ազգային պատուիրակութիւն
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Երեխաներ Հրանտ Փաստրմաճեան[3]

Արմէն Գարօ (բուն անունով Գարեգին Փաստրմաճեան, 9 Փետրուար 1872(1872-02-09), Կարին, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 23 Մարտ 1923(1923-03-23), Ժընեւ, Զուիցերիա[4][5]), ՀՅԴ ականաւոր առաջնորդներէն մէկը, դեսպան, «Նեմեսիս» գործողութեան կազմակերպիչներէն մէկը։

Գարօ եղած է Կարնոյ մէջ ամենահարուստ ընտանիքներէն մէկուն զաւակը: Անոր հայրը հայերուն եւ թուրքերուն կողմէ յարգուած Յարութիւն Փաստրմաճեանն էր, իսկ մեծ հայրը՝ Խաչատուր Էֆենտին, որ նոյնպէս եղած էր յայտնի դէմք մը Կարնոյ մէջ, սակայն Օսմանեան կայսրութեան տեղի կառավարիչներուն հրահանգով սպաննուած էր 1872-ին ոստիկաններու կողմէ օր ցերեկով, Կարնոյ յայտնի շուկային մէջ, առանց որեւէ ոստիկանական-կառավարական յանցանքի կամ մեղադրանքի:

Վաղ տարիները, 1891-1903 թուականներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գարօ 1891-ին կ'աւարտէ Կարնոյ Սանասարեան վարժարանը, իսկ 1894-ին, 22 տարեկան հասակին, կը մեկնի Ֆրանսա, Նանսիի համալսարան ընդունուելու եւ գիւղատնտեսութիւն ուսանելու նպատակով: Գարոյի նպատակը համալսարանը աւարտելէ ետք, ծննդավայր վերադառնալով, Կարնոյ դաշտերուն մէջ, եւրոպական մակարդակի գիւղատնտեսութիւն սկսիլն էր։ Այս ծրագիրին մասին ան խօսած էր նաեւ իր հօր՝ Յարութիւնին հետ, որ շատ լաւ տրամադրուած, խոստացած էր իր ամբողջ նիւթական կարողութիւնը տրամադրել, ծրագիրը իրականացնելու համար:

1895-ի Համիտեան ջարդերուն լուրը կը հասնի Գարոյին, ու երեք ամիս շարունակ տունէն ոչ մէկ լուր ստանալով, Դեկտեմբերին, Կարնոյ ֆրանսական հիւպատոսին միջոցով նամակ մը կը ստանայ, որուն մէջ կը յայտնէին, թէ իր ընտանիքը ողջ - առողջ է: Գարոյին համար իր ընտանիքէն անկախ, կար նաեւ իր հարազատ ժողովուրդը, իր ազգը, որ սուրէ անցած էր։ Զէյթունի մէջ սկսած ապստամբութիւնը կը փոթորկէ Գարոյին սիրտը: Ան իր յուշերուն մէջ կը գրէ․

Եկան 1895-ի Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր սեւ ամիսները, երբ Հայաստանի բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը ներկուեցան անմեղ հայերու արիւնով: Լրագիրներու պատմածին նայելով՝ 300,000 հայեր կոտորուեցան այդ երկու ամիսներուն ընթացքին, եւ ի փոխարէն այդ բոլորին, ո՛չ մէկ թուրքի կամ քիւրտի քիթը արիւնած էր, բացի Զէյթունէն, որ զէնքը ձեռքին կը դիմադրէր թրքական բանակներուն: Ես ամօթէս գետինը մտայ իմ ֆրանսացի ընկերներուս առջեւ, իսկ կատարուած ոճիրը ցնցեց իմ ամբողջ էութիւնս:

Գարօ իր յուշերուն մէջ կը գրէ նաեւ, ինչպէս խրախուսուած է այդ ապստամբութեան մասնակցելու․

Նանսիի հայ ուսանողներս՝ թիւով 26 հոգի՝ ժողով - ժողովի վրայ կը գումարէինք, որոշելու համար մեր ընելիքը, այս ահռելի ոճրագործութեան հանդէպ: Կը յիշեմ ժողովի մը ժամանակ, երբ գարեջուրի բաժակները շարուած էին մեր սեղանին վրայ եւ ինքզինք Հնչակեան կոչող բնիկ Տրապիզոնցի Երուանդ Մինասեանը երկար խօսելէ ետք, առաջարկեց բոլորիս ուսումը ձգել եւ երթալ մեր ժողովուրդին վրէժը լուծելու, բոլորս միաձայն որոշեցինք անոր ըսածն ընել:


26 ուսանողներէն կը մնայ 4 ուսանող՝ Գարօն, Հրաչը (Հայկ Թիրեաքեան), Սարգիս Սրենց ու Լեւոն Նեվրուզ (երկուքն ալ Ռոտոստոցի): Անոնք չորսով, նամակ մը կը գրեն Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան պաշտօնական օրգան «Հնչակ»-ի խմբագրութեան գրասենեակին, Լոնտոն, Անգլիա եւ հատ մըն ալ կ'ուղարկեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնական օրգան «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան գրասենեակին, Ժընեւ, Շուէտ: Անոնք կ'առաջարկեն իրենց պատրաստակամութիւնը Զէյթուն երթալու եւ կամ մասնակցելու որեւէ վրէժխնդիր ձեռնարկի մը:

Լոնտոնէն պատասխան կը ստանան, թէ ամէն տեսակի յարաբերութիւն կտրուած է Զէյթունի հետ, բայց անոնք պատրաստ էին, Գարոյին ու իր ընկերներուն նիւթական օգնութիւնը տեղ հասցնելու: Գարօ կը գրէ․ «Մեր վրայ կը խնդային Լոնտոնի մեր փոլիթիկոսները – ուսանող եւ դրամական օգնութիւ՞ն: Եւ յետոյ, քանի որ «ամէն յարաբերութիւն կտրուած էր», եւ մարդ ու զէնք չէին կրնար հասցնել, դրամը ինչպէ՞ս պիտի հասցնէին»: Ժընեւէն՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Դրօշակ»-ի խմբագրութենէն կը ստանան մօտաւորապէս հետեւեալ նամակը. «Զէյթունի հետ հաղորդակցութիւն չունինք, բայց պիտի փորձենք զինուած խումբ մը ուղարկել օգնութեան: Իսկ վրէժխնդրութեան ձեռնարկը որոշած ենք Պոլսոյ մէջ կազմակերպել- աւելի մանրամասն տեղեկութեանց համար լաւ կ'ըլլայ, որ գաք Ժընեւ միասին խօսելու»:

Անոնք ճամբայ կ'ելլեն դէպի Ժընեւ, ուր ճամբու ընթացքին Հրաչ քանի մը անգամ կը փորձէ զինք Դաշնակցական մկրտել, սակայն չի յաջողիր, իսկ Գարօ կը պատասխանէ՝ «Երթանք տեսնենք ի՞նչ մարդիկ են, կրնա՞նք հետերնին գործակցիլ»:

Գարօ եւ ընկերները կը հասնին Ժընեւ Դեկտեմեբեր 1895-ին, ուր ՀՅ Դաշնակցութիւնը անոնց կը ներկայացնէ իր 3 ծրագիրները: Առաջին, որքան կարելի է շուտ զինուած խումբ մը կազմակերպել Եգիպտոս եւ Կիպրոս՝ Զէյթունի օգնութեան հասնելու համար. Երկրորդ՝ Պոլսոյ մէջ վրէժխնդրական գործ մը կատարել ուժանակի եւ ռումբերու գործակցութեան եւ երրորդ՝ զինուած խումբեր կազմակերպել Պարսկաստանի մէջ, վրէժ լուծելու համար քրտական այն ցեղերէն, որոնք յայտնի դարձած էին իրենց վայրագութիւններով:

Հրաչ կը մեկնի Պոլիս, իսկ Գարօ կ'որոշէ Զէյթունի օգնութեան հասնիլ ու կ'անցնի Նանսի, Ֆրանսա, կը կարգաւորէ ուսման հարցերը, որմէ ետք հասնելով Եգիպտոս, ապա Կիպրոս, քանի մը կամաւորներով կը սկսի զէնք ու զինամթերք հայթայթել, հասցնելու համար Զէյթունի ապստամբութիւններուն: Այս աշխատանքը կիսատ կը մնայ, երբ Փետրուար 1896-ին, Զէյթուն կը ստիպուի անձնատուր ըլլալ, եւ Եւրոպական միջամտութիւններուվ, Սուրիոյ, Հալէպ քաղաքին մէջ համաձայնագիր մը կը կնքուի այս հարցով:

Ան Ժընեւէն հրահանգ կը ստանայ անցնելու Պոլիս, մասնակցելու միւս աշխատանքին, որուն կը համաձայնի այն պայմանով, որ Պոլսոյ մէջ նախապատրաստական աշխատանքներուն համար շատ չմնայ, նկատի առնելով, որ շատ ծանօթներ ու հայրենակիցներ ունէր հոն: Պոլսոյ Դաշնակցական Կեդրոնական Կոմիտէին հետ կը համաձայնի սպասել Յունաստանի մէջ, յաջորդ նամակին:

Ան Մայիսի վերջը կը մեկնի Փիրէ, իբրեւ պարսիկ, իսկ անունը՝ Արիս Արզումանով: Գարօ Փիրէայի մէջ շատ վատ օրեր կը տեսնէ, իր մեծահարուստ ընտանիքը լքած իբրեւ ուսանող երիտասարդ, արդէն նետուած յեղափոխական գործին, իր օրապահիկը ճարելու համար, կը ստիպուի դիմել հիւրանոցներու տնօրէնութիւններուն, բեռնակիր-ծառայ աշխատելու, սակայն չի յաջողիր: Կիպրոսի մէջ, ան իր բարեկամներուն ձեռքով պատրաստուող կերպնկալէ փոքր թռչուններ սարքելու աշխատանքը դիտած էր ժամերով, քանի մը առիթներով, այն մտածումով, որ «օր մը պէտք կ'ըլլայ յեղափոխական կեանքին մէջ»: Այդպէս ալ կ'ընէ մինչեւ Պոլիսէն հասնի սպասուած նամակը:

Գարօ Յունաստանի մէջ պատահմամբ կը հանդիպի Կարապետ Աղա անունով մարդու մը, որ իր հօր մօտիկ բարեկամն էր, ու զինք կը ճանչնայ, հակառակ որ Գարօ կը փորձէ օձիքը ազատել անոր ձեռքէն: Կարապետ Աղա Գարոյին իր զաւակին պէս կը հոգայ: Պատրաստակամութիւն կը յայտնէ, ընտանեկան խռովութիւններ ունեցած ըլլալու պարագային հաշտեցնել Գարօն իր հօր հետ, նոյնիսկ հոգալ իր ուսանողական ծախսերը մինչեւ աւարտէ, միայն Գարօ դառնար Ֆրանսա, ու իր բառերով՝ «յեղափոխութեան մէջ մտնելով խենթութիւն չ'ընէր»: Գարօ վճռած էր մասնակցիլ վրէժխնդրական գործին, երբ Յուլիսին, Բաբգէն Սիւնիի (Պետրոս Բարեան) նամակը կը հասնի Փիրէ: Թէեւ Կարապետ աղան օրեր շարունակ շատ հայրական խրատներ տուած էր իրեն, սակայն ան իր հնարամտութեամբ, զինք Ֆրանսա ճամբելու պահուն, նաւահանգիստը, իր հօր ընկերը՝ Կարապետ աղան, շփոթի մատնելով, կը բարձրանայ Իզմիր գացող Իտալական նաւը: Գարօ Պոլիս կը հասնի 7 Օգոստոս-ին, ու կը սկսի Պանք Օթոմանի գրաւման նախապատրաստական աշխատանքները[6], որուն ընթացքին կը ստանձնէ ղեկավարի պաշտօն, Հրաչի ու Բաբգէն Սիւնիի կողքին: Պանք Օթոմանի գրաւման ատեն, Գարոյին վիճակուած էր պանքի աշխատակիցները պահել դրամատան ներսը, եւ հսկել անոնց ապահովութեան: Սակայն երբ գործողութեան ղեկավար Բաբգէն Սիւնի իր վրայ կրած ռումբերու պայթիւնէն կը նահատակուի, ան կը ստանձնէ գործողութեան պատասխանատուի պարտականութիւնը: Պանք Օթոմանի գործողութեան աւարտին, Գարօ իր ընկերներուն հետ, Եւրոպական պետութիւններու ներկայացուցիչ Մաքսիմովի երաշխիքը ստանալով, կը տարուի Մարսէյ քաղաք, ուր կը բանտարկուի: 17 օր անարդար բանտարկութենէ ետք կ'անցնի Ժընեւ, ուր կ'աւարտէ Բնագիտութեան եւ Քիմիագիտութեան ճիւղը, բարձրագոյն աստիճանով, ու մեկնելով Թիֆլիս, Վրաստան, 1901-ին կը հիմնէ տարրալուծարան մը (Laboratory):

1903-ին կարեւոր դեր կ'ունենայ եկեղեցական կալուածներու դէմ համաժողովրդական ըմբոստութեան կազմակերպումին մէջ։

1905 - 1908 թուականներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1905-ին, Պաքուի, Երեւանի ու Նախիջեւանի հայութեան կոտորածները արդէն սկսած էին, յայտնի՝ իբրեւ Հայ-Թաթարական կռիւներ, իսկ գաւառներուն մէջ, ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպուած էր։ Գարոյին կը յանձնուի Թիֆլիսի հայութեան պաշտպանութիւնը, ու 500 երիտասարդներով եւ 200 զէնքով, կը պաշտպանէ հայկական թաղամասերը: Երիտասարդութիւնը ոգեւորուած շրջանին մէջ տիրող Ռուսական յեղափոխութեան յաղթանակի մթնոլորտէն, կ'առաջարկեն գործակցիլ Վրացիներուն հետ, ներխուժել Մետեխի բանտը եւ ազատել քաղաքական բանտարկեալները: Գարօ շատ խիստ կը մերժէ այդ առաջարկը, որ հիասթափութիւն կը ստեղծէ անոնց մէջ։ Գարոյին խօսքերն ու որոշումները հետագային ցոյց կու տան անոր հեռատես դիւանագիտական ու քաղաքական վերիվայրումներուն լրջօրէն հետեւող ու անոնց հիմնման վրայ ճիշդ որոշումներ տուող գործիչ ըլլալու իրականութիւնը: Անոնք՝ Թիֆլիսի հայութեան պաշտպանները, կը սկսին նոյնիսկ Ռուս սպաները խուզարկել, թրքաց կողմ զէնք ու զինամթերք անցընելու կասկածներով:

Օր մը վրացի բանագնացներ կու գան հայոց կեդրոնը եւ կը փորձեն համոզել զանոնք անձնատուր ըլլալու եւ հաշտուելու թուրքերուն հետ, յայտարարելով, թէ թուրքերը 14,000 կանոնաւոր զինեալ ուժերով պաշարած են քաղաքը, թէ հայերը իրենց 500 կռուողներով անկարող են պաշտպանելու քաղաքը պատճառ դառնալով անմեղ վրացիներու եւ հայերու անտեղի ջարդին: Այս յայտարարութիւնները կը յուսահատեցնեն ներկայ եղող կարգ մը ղեկավարները, որոնք ամէն կողմէ ճնշում կը բանեցնեն Գարոյին վրայ՝ ենթարկուելու եւ ընդունելու թուրքերու նուաստացուցիչ պայմանները։ Սակայն Արմէն Գարօ կտրուկ կերպով մերժելով կը յանդիմանէ իր ընկերները, որոնք հաւատալով վրացիներու սուտերուն, կ'ուզեն անձնատուր ըլլալ 5000 քոսոտ թուրքերու, եւ երդում կ'ընէ թէ հաշտութիւն կնքելու պարագային ինք անձամբ պիտի յարձակի թուրքերուն վրայ կռիւը վերսկսելու համար։ Այս յախուռն ու խիստ կեցուածքը իր ազդեցութիւնը կը գործէ եւ ներկաները կ'որոշեն մերժել անձնատուութեան եւ հաշտութեան առաջարկները, եւ ետ կ'ուղարկեն վրացի բանագնացները։ Եւ իսկապէս յաջորդ օրերուն երեւան կու գայ անոնց սուտը, եւ քանի մը օրուան յուսահատ կռիւէ ետք, թուրքերը իրենք հաշտութիւն կ'առաջարկեն։

1908-ին, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Դաշնակցութիւնը խորհրդարանական իր ցուցակին վրայ, Կարնոյ շրջանէն, կ'առաջադրէ Արմէն Գարոյի թեկնածութիւնը եւ երէկի ահաբեկիչը կ'ընտրուի Օսմանեան Խորհրդարանի պատգամաւոր։ Արմէն Գարօ շատ լաւ կը ճանչնար թրքական մոլեռանդութիւնը, որպէսզի հաւատք չ'ընծայէր իթթիհատական ազատախոհական նշանաբաններուն։ Ռուբէնի հետ միասին՝ հայութիւնը զինելու եւ, սեւ ու մութ օրուան նախատեսութեամբ, ինքնապաշտպանութեան մեր կռուանները ամրապնդելու ուղեգիծին դրօշակիրներէն կը դառնայ։

Երիտ-Թուրքերու յեղափոխութենէն ետք, Արմէն Գարօ կ'ընտրուի երեսփոխան, Էրզրումի նահանգէն, ու 4 տարի, կը մնայ Կոստանդնուպոլիս:

Այս մասին, Գարօ կը վկայէ, որ «ՀՅԴ երեսփոխանները խիստ ընդդիմութիւն ցոյց չէին տար, որովհետեւ ընդդիմադիրները Սուլթան Համիտի քաղաքականութեան կողմնակիցներն էին»:

1908-ին ընտրուած է թուրքական խորհրդարանի անդամ[7]:

Ա. համաշխարհային պատերազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1914-ին, Գարօ կը միանայ Թիֆլիսի մէջ ստեղծուած Հայոց Ազգային Խորհուրդին, որուն հիմնական աշխատանքն էր Կամաւորական խումբերու ստեղծումը: Նոյն տարին, թուրքերը կը մերժեն Գարոյին թեկնածութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որուն մասին Գարօ կը գրէ, թէ եթէ ընտրուէր, ինքն ալ պիտի դառնար մէկը այն բոլոր գործիչներէն ու յայտնի դէմքերէն, որոնք կը ձերբակալուին ու աքսորի ճամբուն կը սպաննուին, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին: Մեծ էր Գարոյին դերը Կամաւորական երկրորդ խումբի ստեղծման աշխատանքներուն, որուն հրամանատարը կը դառնայ, երբ Նոյեմբեր 1914-ին, ճակատամարտի ընթացքին կը վիրաւորուի Հայկական Կամաւորական Երկրորդ Գունդի Հրամանատար Դրօն (Դրաստամատ Կանայեան), մինչեւ Մարտ 1915:

1915-ին, Գարօ Վանի ազատագրման մարտերուն մասնակցած հայկական ուժերու հրամանատարներէն մէկն էր, ու առաջիններէն մէկը, որ Ռուսական զօրքերուն հետ առաջինը կը մտնէ Վան քաղաքը:

Գարօ, 1917-ի Գարնան, կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, իբրեւ ներկայացուցիչ Հայոց Ազգային Խորհուրդին ու Հայոց Կաթողիկոսին:

1918-ի անկախութենէն ետք ան պաշտօնապէս կը նշանակուի Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան եւ իր ջանքերով Ամերիկա պաշտօնապէս կը ճանչնայ անկախ Հայաստանի հանրապետութիւնը։ Սակայն Հայաստանի խորհրդայնացումը կը խորտակէ իր բոլոր երազներն ու յոյսերը եւ ան կը դառնայ Սփիւռքի մէջ Մասիսի կարօտով տառապող հայորդի մը։ Հետզհետէ առողջութիւնը քայքայուելով ան կը տկարանայ եւ ի վերջոյ յաւիտենապէս աչքերը կը փակէ 23 Մարտ 1923-ին, Ժընեւի մէջ, իբրեւ վերջին փափաք ունենալով թաղուիլ իր սիրելի Հայաստանի հողին վրայ, որուն համար ան նուիրած էր իր ամբողջ կեանքը:

Արմէն Գարօ Մարդը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արմէն Գարոյի ազնուութիւնն ու ընկերասիրութիւնը երեւան կու գան կանուխ հասակէն։ Արդարեւ, երբ տակաւին Սանասարեան վարժարանի աշակերտ էր, օր մը ինք եւ իր ընկերը ատրճանակով մը խաղացած ատեն կը տեսնուին ուսուցիչի մը կողմէ։ Գարօն կը ստիպէ ընկերոջ փախչիլ եւ ինք առանձին կը ստանձնէ պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ իր չքաւոր ընկերը խելացի աշակերտ մըն էր եւ այդ դէպքը կրնար պատճառ դառնալ անոր դպրոցէն աքսորումին։ Այսպէս, հակառակ խիստ պատիժներուն եւ դպրոցէն վտարուելու սպառնալիքին, Գարօ տեղի չի տար եւ չի մատներ իր ընկերը։ Ի վերջոյ, իր բոլոր ընկերներուն օժանդակութեան եւ իր յամառութեան շնորհիւ կը յաջողի ազատիլ պատիժներէն եւ փրկել իր ընկերը մինչեւ իսկ վտարում աչք առնելով։

Արմէն Գարոյի բարոյական վեհութեան եւ հայրենասիրութեան ցայտուն օրինակը կը հանդիսանայ նաեւ հետեւեալ դէպքը։ 1895-ին, երբ ան Նանսիի մէջ ուսանող էր, տեղի կ'ունենան 1895-1896 հայկական ջարդերը եւ Զէյթունի հերոսական ապստամբութիւնը՝ թուրք բռնատիրութեան դէմ։ Երբ այս լուրերը կը հասնին Նանսի, Արմէն Գարօ եւ իրեն նման ուրիշ հայ ուսանողներ յուզուած կը դիմեն Լոնտոն եւ Ժընեւ, հնչակեան եւ դաշնակցական կեդրոնները, որպէսզի զիրենք եւս ղրկեն Զէյթուն, կռուելու հայ ժողովուրդի կողքին։ Այս առթիւ, ան ընտանիքին կը գրէ յուզիչ նամակ մը, ուր կ'ըսէ թէ իրեն համար այլեւս անկարելի էր անտարբեր հանդիսատեսի դիրքին մէջ մնալ, երբ իր ազգին գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ էր, ուստի ուսումը կը ձգէր վրէժխնդրութեան համար, եւ ներողութիւն կը խնդրէր այն ցաւին համար, որ իրենց պիտի պատճառէր։

Կենսուրախ այս մեծ հայուն սիրտը անբուժելիօրէն կը հիւանդանայ 1915-ին, երբ թրքական կառավարութիւնը ի գործ կը դնէ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու ցեղասպանական իր ահաւոր ծրագիրը։ Մեծ Եղեռնի օրերուն Արմէն Գարօ կը գտնուէր Թիֆլիս եւ, իր անզօրութեան մէջ կատաղած՝ վիրաւոր առիւծի նման, հիւանդագին կը տանի սահմանի միւս կողմէն հասնող թրքական ոճրագործութեան արիւնալի լուրերը: Իր յուշերուն մէջ արձանագրուած է, որ Սասնոյ վերապրող հայութեան գաղթական բազմութիւնները դէպի Արարատեան Դաշտ առաջնորդող Ռուբէնը դիմաւորելով՝ Արմէն Գարօ ջղագար դիտողութիւն կատարած է, թէ «ինչո՞ւ դուն ողջ մնացիր»…

Հայաստանն ու հայութիւնը զգետնած ազգային աղէտին ծանրագոյն տարողութեամբ եւ նշանակութեամբ միայն կրնայ իր բացատրութիւնը գտնել Արմէն Գարոյի սիրտին հիւանդացումը, որմէ չի կրնար բուժուիլ Հայկական Յեղափոխութեան Յանդուգն Ասպետը. մինչեւ իսկ Հայասպանութեան պատասխանատուներու արդարահատոյց մահապատիժի ենթարկած Նեմեսիսի գործողութեան ղեկավարման մէջ իր ունեցած վճռական դերակատարութիւնը բաւարար բալասան չեն ըլլար Գարոյին մեծ Ցաւը մեղմացնելու համար։

Օրերով սենեակէս դուրս չէի գար. կը ծխէի անվերջ եւ կը քալէի անդադար սենեակիս մէջ, եւ երբ յոգնած կը փորձէի քիչ մը քնանալ, սոսկալի երազներէս վեր կը ցատկէի անկողինէս։ Դիակներու անվերջ կոյտեր կ'երեւային աչքերուս, եւ այդ կոյտերուն մէջէն կը նշմարէի իմ պաշտելի մայրիկիս գեղեցիկ աչքերը, քոյրերս ու եղբայրներս իրենց սիրունիկ փոքրիկներով, եւ բոլոր աչքերն ալ դէպի ինձ դարձած։ Արցունքներէն խեղդուելով վեր կ'ելնէի ու կը փորձէի կարդալով լուսցնել գիշերը:


հոգուս խորքին մէջ համոզուած էի, որ այսքան անարդարութիւն անպատիժ չէր մնալու, որ թափուած արիւնը ի զուր պիտի չանցնի եւ որ պատմութիւնը օր մը իր վրէժը պիտի լուծէ ռուսական եւ թրքական կայսրութիւններէն:


Այդպէս ալ, մինչեւ 27 Մարտ 1923-ի գիշերը իր վերջին ու մահացու սրտի կաթուածը, Արմէն Գարօ երբեք չի կրնար հաշտուիլ իր ժողովուրդին ցեղասպանութեան եւ հայրենի բնօրրանին հայաթափման դառն եւ դաժանագոյն իրականութեան հետ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 465. — ISBN 978-2-905686-93-0
  2. Kévorkian R. Le Génocide des Arméniens, The Armenian genocide : a complete history, Геноцид армян : полная историяParis: Éditions Odile Jacob, 2006.
  3. https://webaram.com/hy/auteur-biblio/basdermadjian-hrant
  4. Baghdassarian Serouj։ «ԱՐՄԷՆ ԳԱՐՕ - (ԳԱՐԵԳԻՆ ՓԱՍՏՐՄԱՃԵԱՆ, 1872-1923)»։ www.badanegan.com (en-gb)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-06-03-ին։ արտագրուած է՝ 2018-02-16 
  5. «Armen Garo [1872–1923] | Hairenik»։ hairenik.com (en-US) 
  6. «Գարեգին Փաստրմաճեան «Արմէն Գարօ» - Radio YAN - Armenian Radio Station»։ Radio YAN - Armenian Radio Station (en-US)։ 2012-03-28 
  7. «Դէմքեր Եւ Իրադարձութիւններ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-22-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-14