Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ | |
---|---|
| |
Ծնած է | 252 կամ 239[1] |
Ծննդավայր | Հայաստան |
Մահացած է | 329[2][3] կամ ոչ ուշ քան 326 |
Կրօնք | Հայ Առաքելական Եկեղեցի |
Մասնագիտութիւն | քահանայ |
Վարած պաշտօններ | Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս[1] |
Ծնողներ | հայր՝ Անակ Պարթև?[4][2] |
Երեխաներ | Վրդանէս Ա․[2][3] եւ Արիստակէս Ա․[2][3] |

Գրիգոր Լուսաւորիչ (մօտ 257 - 331), եկեղեցա-քաղաքական գործիչ, Հայոց եպիսկոպոսապետ՝ 302-էն,
Վաղ Տարիներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Գրիգոր հայոց արքայ Խոսրով Ա.ը սպաննած ազգութեամբ պարթեւ Անակի որդին էր։ Արշակունիներու վրէժխնդրութենէն հեռացնելու նպատակով ստնտու Սոփրիան եւ ոմն Եւթաղ փոքրիկն Սուրէնը կը փախցնեն Կապադովկիոյ Կեսարիա քաղաքը, ուր զինք կը մկրտեն եւ կը վերակոչեն Գրիգոր: Գրիգոր Կեսարիոյ մէջ քրիստոնէական դաստիարակութեամբ կը մեծնայ Փիրմիլիանոս եպիսկոպոսին մօտ։ Ան ձեռք կը բերէ բազմակողմանի հմտութիւն եւ կը տիրանայ հայ եւ հելլեն լեզուներուն: Ան իր ուսումնասիրութեան գլխաւոր առարկան կը դարձնէ Աստուածաշունչը, միաժամանակ տեղեկանալով արտաքին գիտութիւններուն: Իր մէջ հետզհետէ երեւան կու գայ հզօր կամքի մը եւ անհատականութեան հետ` ծառայելու կոչումը: Իր պատկառելի հասակին հետ կ'աճին նաեւ հոգեկան շնորհները:
Կեսարիոյ մէջ Գրիգոր կ'ամուսնանայ Դաւիթ անունով իշխանի մը դստեր՝ Մարիամին հետ, եւ անոնք կ'ունենան երկու որդի` Վրթանէս եւ Արիստակէս: Որոշ ժամանակ անց Գրիգոր իր մէջ անձնազոհութեան զօրաւոր կոչում մը կը զգայ եւ իր կնոջ հետ համաձայնաբար հրաժեշտ կու տայ ընտանեկան կենցաղին եւ գործով կը հեռանայ Կեսարիայէն: Մարիամ իր Արիստակէս որդիին հետ մենարան մը կը քաշուի, իսկ Վրթանէս դայեակի մը հոգատարութեան եւ խնամքին կը յանձնուի: 287-ին քարոզչական առաքելութեամբ կը վերադառնայ Մեծ Հայք։
Գրիգոր կը յաջողի Տրդատ Գ. թագաւորին արքունիքին մէջ դառնալ պալատական պաշտօնեայ եւ քրիստոնէական ուսմունքի համար հող նախապատրաստել Վաղարշապատ մայրաքաղաքին մէջ։
Գրիգոր Լուսաւորիչին Մուտն Ի Վիրապ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հռոմի Դիոկղետիանոս կայսեր օգնութեամբ՝ 287-ին նորապսակ Տրդատ Գ. թագաւորը երբ մուտք կը գործէր Հայաստան, մայրաքաղաք չհասած, Երիզայի մօտերը, ուր կը գտնուէր ոսկիածին Անահիտ դիցուհիին տաճարը, կ'ուզէ գոհաբանական տօնախմբութիւն կատարել եւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, ծաղկեայ պսակներով ու թաւ ոստերով պատուել դիցուհին: Կրօնական պաշտամունքէն առաջ կը պատրաստուի խնճոյքի սեղանը, եւ ծայր կ'առնէ գինարբուքը: Տրդատ սեղանին գլուխը նստած` կ'առաջարկէ, որ Գրիգորը մասնակցի այդ պաշտամունքին եւ ինքն ալ ծաղկեայ պսակներ ընծայէ դիցուհիին: Բայց վերջինս կը մերժէ`յիշեցնելով, որ ինք քրիստոնեայ է եւ ձեռակերտ կուռքերու պաշտամունք չի մատուցեր, այլ միայն ճշմարիտ Աստուածը, արարածներուն Արարիչը կը պաշտէ եւ անոր կ'երկրպագէ:
Վէճն ու խօսակցութիւնը կը թէժանան, Գրիգոր անդրդուելի կը մնայ, իսկ Տրդատը` պահանջկոտ: Ի վերջոյ թագաւորին սպառնալիքը կը փոխուի գործի: Գրիգոր խնճոյքէն դուրս հանուելով` զարհուրելի չարչարանքներու կ'ենթարկուի, զորս համբերութեամբ եւ հաստատակամութեամբ կը տանի:
Ըստ Ագաթանգեղոսի, Ս. Գրիգորի կրած չարչարանքները կետեւեալներն են.
- Ձեռքերը կապուած, բերանը սանձ, կռնակը աղի բեռ, կուրծքը քերուած` բարձր տեղէ մը կախել,
- Մէկ ոտքէն կախելով` վարէն աղբ ծխել եւ դալար ճիպոտներով ծեծել,
- Ոտքերը կոճղերու մէջ ճզմել,
- Ոտքին երկաթ բեւեռներ գամելով` քալեցնել ու վազեցնել,
- Գլուխը կռփահար ծեծել,
- Գլուխը մամուլի դնելով` քիթէն քացախ եւ բորակ փչել,
- Գլուխը մոխրալից պարկի մէջ գոցել,
- Գլխիվայր կախել եւ նստելիք տեղը ձագար անցընելով` փորը ջուր լեցնել,
- Կողերը երկաթէ ճանկերով քերել,
- Գետինը երկաթէ տատասկներ սփռելով` վրայէն քաշկռտել,
- Ծունկերը երկաթէ կապիճներու մէջ պնդել եւ բազուկներէն կախել,
- Հալած կապարով մարմինը այրել[5]:
Ընթացքին, նախարարներէն մէկը` Աշոցի իշխան Տաճատը թագաւորին կը յայտնէ, որ Գրիգոր որդին էր իր հայրը սպաննող Անակին: Ասոր վրայ Տրդատ աւելի բորբոքելով կը հրամայէ կապել Գրիգորին ոտքերը, ձեռքերն ու վիզը եւ զայն նետել Արտաշատի Խոր Վիրապին մէջ, որ յատուկ էր մահապարտներու: Եւ հրամանը կը կատարուի: Գրիգոր հոն կը մնայ 13 երկար տարիներ, եւ ըստ աւանդութեան, բարեպաշտ կին մը անոր ամէնօրեայ հացն ու սնունդը կը հայթայթէ: Ոմանք կ'ըսեն, որ անիկա Տրդատին քոյրը` Խոսրովիդուխտն էր:
Մեծ սուրբը այս բոլորը քրիստոնէական հաւատքով, սիրով ու համբերութեամբ կը կրէ, որովհետեւ ան տեսիլք մը ունէր եւ յոյսով կը սպասէր անոր իրականացումին: Իր կեանքին նպատակն էր տեսնել Հայաստանը` ազատագրուած հեթանոսութեան խաւարէն եւ փոխարէնը` աստուածայինով սրբուած ու օծուած եւ ճշմարտութեան ժայռին վրայ հաստատուած: Ան իր Տիրոջ օրինակին հետեւելով` նախ կ'ըմպէ չարչարանքի բաժակը ցմրուր եւ կը բարձրանայ Արտաշատի Գողգոթան ու հոն կը պատարագուի:
Քրիստոնէութեան Ընդունումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
301-ին քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ ճանչցուեցաւ որպէս պետական կրօն։ Նոր կրօնը բռնութեամբ տարածուեցաւ ժողովուրդին մէջ։
Գրիգորի առաջարկութեամբ թագաւորն ու իշխանները խորհուրդ կ'ընէին ի սպառ վերցնելու հեթանոսութիւնը, կործանելու հին կրօնքի կրօնական կեդրոնները։ Տրդատը հրաման կու տայ այդ գործի իրականացումը յանձնարարել Գրիգորին։ Թագաւորը ինքն անձամբ ամբողջ զօրքով Գրիգորի հետ միասին, Վաղարշապատէն կը շարժուի, կ'երթայ Արտաշատ։ Անոնք նախ Արտաշատի ճանապարհին՝ Երազամոյն կոչուած տեղը, ուր կը բարձրանային Որմիզդի գրիչի Դիւան անունով Տէր աստուծոյ մեհեանը, կ'աւերեն եւ կը կործանեն։ Տեղի քուրմերը իրենց պահապան գունդերով չկարողանալով դիմադրել արքունի զօրքին, կը նահանջեն Արտաշատ գտնուող Անահիտ դիցուհիի մեհեանը։
Երբ Տրդատը զօրքով կը մտնէ Արտաշատ եւ շրջապատով մեհեանը ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց կու տան, պարիսպներու վրայէն յարձակողներուն վրայ նետերու ու քարերու տարափ կը տեղան, որոշ չափով կը կասեցնեն յարձակումը։ Բայց մեհեանը յարձակողներու ճնշումին տակ կը կործանուի, կրակի կը մատնուի, կ'աւերուի։ Այնուհետեւ Գրիգորը Տրդատի հետ միասին զօրքով կ'երթան Դարանաղեաց գաւառը։ Այստեղ Թորդան գիւղը կը գտնուէր սպիտակափառ Բարշամինա աստծոյ մեհեանը։ Նախ կը կործանեն մեհեանը, կը փշրեն կուռքի արձանը, կուտակուած գանձերը, ոսկին ու արծաթը աւարի կը մատնեն։ Իսկ գիւղը իր բոլոր դաստակերտներով ու կալուածքներով կը նուիրեն եկեղեցւոյ, գաւառի բնակիչներուն կը քարոզէ նոր կրօնքի վարդապետութիւնը։ Թագաւորն ու Գրիգորը Թորդանից կ'անցնին Անի ամրոց, ուր ամփոփուած էին հայոց թագաւորներու գերեզմաններն ու գանձերը։ Այստեղ կը գտնուէր նաեւ աստուածներու հայր Արամազդի արձանը։ Անոնք կ'աւերեն եւ տեղը խաչ կը կանգնեցնեն, իսկ աւանը իր ամրութիւններով հանդերձ կը նուիրէ եկեղեցւոյ։ Այստեղէն Տրդատն ու Գրիգորը կ'անցնեն սահմանակից Եկեղեաց գաւառ, ուր կը գտնվուէին հայոց թագաւորներու բուն պաշտամունքի վայրերը։ Անոնցմէ գլխաւորը Երիզա աւանին մէջ գտնուող Անահիտ դիցուհիի մեհեանն էր, որ վահանաւոր զինուորներով կը պահպանէին քուրմերը՝ ընդդէմ արքունի զօրքի։ Սակայն, անոնց դիմադրութիւնը շուտով կը կոտրուի, տաճարի բարձրաբերձ պարիսպները կը կործանուին։ Գրիգորը թագաւորով հանդերձ եւ զօրքի օժանդակութեամբ կը փշրեն Անահիտ դիցուհիի ոսկեայ արձանը, կը քանդեն տաճարը, ոսկին ու արծաթր աւարի կը մատնեն։ Ապա այնտեղէն Գայլ գետի վրայով կ'անցնին Թիլ աւանը, ուր կը գտնուէր Արամազդի դուստր Նանէի մեհեանը։ Զոյգ մեհեաններու գանձերը աւարի ենթարկելով՝ կալուածքները ամբողջութեամբ կը նուիրեն եկեղեցւոյ։ Այնուհետեւ նոր կրօնքը տարածելու նպատակով Գրիգորն ու Տրդատը զօրքով կ'անցնին Դերջան գաւառը։ Բագահառիջ գիւղը գտնուող Արամազդի որդի Միհրի մեհեանը հիմքէն կը քանդեն, կուտակուած գանձերը աւարի կը մատնեն, իսկ կալուածքները կը նուիրեն եկեղեցւոյ։ Հեթանոսական մեհեանները քանդելէն ետք, անոնց տեղերը խաչեր տեղադրելէն ետք, թագաւորն ու Գրիգորը կը վերադառնան Վաղարշապատ։ Տրդատը այստեղ իր կին Աշխէն տիկնոջ եւ քրոջ՝ Խոսրովիդուխտի համաձայնութեամբ հրաման կու տայ իր բոլոր զօրքերուն, իրենց զօրահրամանատարներով միատեղ ժողովի հաւաքուած են։ Երբ բոլոր զօրքերը իրենց իշխաններու, զօրապետներու եւ բոլոր նշանաւոր մարդոց հետ կը ներկայացնեն թագաւորին, վերջինս բոլորին հետ խորհրդակցելով, կ'առաջարկէ Գրիգորին դարձնել հոգեւոր հովիւ, այսինքն՝ կրօնական առաջնորդ, որպէսզի ժողովրդին քրիստոնեայ դարձնէ եւ մկրտէ։ Այնուհետեւ Տրդատը կը հաւաքէ Հայոց աշխարհի 16 գլխաւոր նախարարներուն ու կուսակալներուն եւ յատուկ հրովարտակով Գրիգորի հետ կ'ուղարկէ Կեսարիա քաղաք, Գրիգորին Հայոց աշխարհի քահանայապետ օծելու համար։ Իշխաններն ու կուսակալները կազմ ու պատրաստ, իրենց հետ կը վերցնեն տարբեր ընծաներ՝ ոսկի ու արծաթ, ձիեր ու ջորիներ, զանազան շքեղ հանդերձներ, Գրիգորին կը նստեցնեն սպիտակ ջորիներ լծած արքունական ոսկեպատ կառքը, իրենք ալ կը նստին կառքերու կամ երիվարներու վրայ, իւրաքանչիւրը իր զօրագունդով, զինանշաններով Վաղարշապատէն կը մեկնին Յունաց կողմերը։ Հասնելով Կեսարիա՝ անոնք կը ներկայանան Ղեւոնդիոս կաթողիկոսին, կը յանձնեն Տրդատի հրովարտակն ու ընծաները։
Ղեւոնդիոսն ու միւս քահանայապետները կ'ընդունին հայոց պատուիրակութիւնը՝ պատշաճ պատիւներու արժանացնելով։ Ապա Ղեւոնդիոսը եպիսկոպոսական մեծ ժողով կը գումարէ եւ Գրիգորին կը ձեռնադրեն Հայոց աշխարհի քահանայապետ՝ անոր շնորհելով եպիսկոպոսի աստիճան։ Այնուհետեւ Կեսարիոյ կաթողիկոսն ու եպիսկոպոսները մեծ պատիւով, յատուկ նամակով ու ընծաներով հայոց պատուիրակութեան կ'առաջնորդեն դէպի Հայաստան։ Պատուիրակութիւնը կու գայ եւ կը հասնի Սեբաստիա քաղաք, ուր Գրիգորը կը հանդիպի բազմաթիւ քրիստոնեայ կրօնաւորներու, կը համոզէ անոնց իր հետ գալ քահանայութեան կարգի արժանացնելու, քրիստոնէութիւնը տարածելու եւ ամրապնդելու համար։ Կրօնաւորներու մեծ խումբեր հաւաքելով՝ Գրիգոր թագաւորի պատուիրակութեան հետ մեծ շուքով կը վերադառնայ Հայաստան։ Երբ կու գայ եւ կը հասնի Հայաստանի սահմանները, Գրիգորը կ'իմանայ, որ տակաւին կանգուն կը մնայ Տարօն գաւառի Վահեվանեան հռչակաւոր ու մեծագանձ մեհեանը՝ լի ոսկիով ու արծաթով եւ մեծամեծ թագաւորներու կողմէն նուիրաբերուած հարուստ ու բազմազան ընծաներով։ Վահեվանեան մեհեանը հայոց ութերորդ հռչակաւոր պաշտամունքատեղն էր՝ ձոնուած Վիշապաքաղ Վահագնին, որ կը գտնուէր Եփրատ գետի ափին, Քարքէ լերան վրայ՝ Տաւրոս մեծ լերան դիմաց։ Վահագնի այս մեհեանը Մեծ Հայքի թագաւորներու զոհատեղին էր, որ յաճախ կը կոչուէր Աշտիշատ։ Այստեղ Վահագնի Վահեվանեան մեհեանի կողքին տակաւին շէն ու կանգուն կը մնային նաեւ Անահիտին կամ Ոսկեմայր դիցուհիին ձօնուած բագինը, ինչպէս նաեւ Աստղիկ դիցուհիի մեհեանը, որ կը կոչուէր Սենեակ Վահագնի։ Գրիգորը կու գայ Աշտիշատ, որպէսզի քանդէ ու կործանէ այս երեք մեհեանները, ուր մարդիկ կը հետեւէին հին կրօնքին։ Գրիգորը Կեսարիայէն իր հետ բերած էր նաեւ Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Աթանագինէսի նշխարները։ Երբ պատուիրակութիւնը կու գայ եւ կը հասնի Եփրատ գետի ափին, մեհեաններու դիմաց եւ կը կամենայ վեր բարձրանալ դէպի այն բարձրաւանդակը, ուր կառուցուած էին մեհեանները, սպիտակ ջորիներ լծած կառքը, որու վրայ դրուած էին սուրբերու նշխարները, կանգ կ'առնէ եւ այլեւս չի կարողանար ձորակ անցնիլ։ Այդ պահին Գրիգորին տեսիլ կ'երեւայ եւ անոր ցոյց կը տրուի նոյն այդ տեղը կառուցել մատուռ եւ քրիստոնէական սուրբերու ոսկորները այնտեղ թաղել։ Գրիգորի կարգադրութեամբ զօրքը իսկոյն գործի կ'անցնի, արագ կը կառուցէ մատուռը, գերեզման կը փորէ եւ քրիստոնէական սուրբերու ոսկորները կ'ամփոփէ այնտեղ։ Գրիգորը զօրքին հրաման կու տայ՝ բարձրանալ վեր եւ մուրճերով կործանել հեթանոս աստուածներու մեհեանները։ Սկիզբը այդ զօրքը չի յաջողիր, բայց Գրիգորի քաջալերանքով ու օգնութեամբ հիմնովին կ'աւերէ մեհեանները, քուրմերուն ու անոնց մօտ ծառայութեան եղած մարդոց կոտորումով։ Գրիգորը կը հաւաքէ տեղի բնակիչները, քրիստոնէութիւն կը քարոզէ, ապա մեհեաններուն տեղը եկեղեցւոյ հիմքեր կը շինէ եւ պաշտամունքի սեղան ու մկրտութեան աւազան կը կառուցէ։ Եւ քանի որ ինք օծուած եպիսկոպոս էր, այստեղ Տարօնի մէջն ալ ան հիմք կը դնէ եկեղեցիներու շինարարութեան։ Գրիգորը Տարօնի մէջ կը մնայ քսան օր եւ տեղացի բնակիչներուն մօտ 190000 մարդու կը մկրտէ, կը դարձնէ քրիստոնեայ։ Այնուհետեւ այս նոյն օրինակով ան Տարոնի տարբեր վայրերուն մէջ եկեղեցիներ կը կառուցէ եւ քահանաներ կը կարգէ։ Տրդատը, երբ կը լսէ Գրիգորի գալուստը, կը վերցնէ տիկնոջը՝ Աշխէնին եւ քրոջը՝ Խոսրովիդուխտին, ու մեծ զօրքով Վաղարշապատէն կ'ելլէ կու գայ Գրիգորին դիմաւորելու։ Ան կու գայ եւ կը հասնի Բագաւան գիւղաքաղաք, ու կը սպասէին Գրիգորին։
Գրիգորը այդ ընթացքին տարբեր գաւառներու, գիւղերու ու աւաններու մէջ եկեղեցիներ կը կառուցէ, մկրտութիւն կը կատարէ, քահանաներ կը կարգէ։ Ապա կու գայ կը հասնի Բագավան։ Թագաւորը ամբողջ զօրքով դուրս կու գայ անոր ընդառաջ եւ Եփրատ գետի ափին կը դիմաւորէ զինք։ Տրդատին կը յանձնեն Ղեւոնդիոս կաթողիկոսի օրհնութեան նամակը, որ կ'ընդունուի մեծ ցնծութեամբ ու ուրախութեամբ։ Գրիգորը այնուհետեւ կը կարգադրէ արքայական բանակին պասով ու աղօթքով անցկացնել, իսկ ինքը Բագավանում եւ կից գաւառներուն մէջ կը շարունակէ նոր կրօնքը քարոզը, եկեղեցիներու կառուցումը, քահանաներու կարգումը։ Երբ պասի ու աղօթքի ժամկէտը կը լրանայ, Գրիգորը կը վերցնէ ամբողջ զօրքը, թագաւորին, թագուհիին, Խոսրովիդուխտին, բոլոր մեծամեծներուն ու իշխաններուն, վաղ առաւօտեան կ'իջնէ Եփրատի ափը եւ բոլորին կը մկրտէ։ Այնուհետեւ ան եօթը օր կը շարունակէ այդ արարողութիւնը եւ կը մկրտէ շուրջ չորս միլիոն մարդ՝ կին, տղամարդ ու մանուկ։ Քրիստոնէութեան ուսմունքի նահատակներու՝ Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Աթանագինեսի յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով, Գրիգորը կը կարգադրէ Բագավանի մէջ պաշտող Ամանոր եւ Վանատուր հեթանոս աստուածներու տօնը՝ Նավասարդի օրը, վերածել այդ քրիստոնէական սուրբերու տօնի։ Ան Տրդատէն կը խնդրէ երկիրի տարբեր տեղերէն աշակերտներ հաւաքել, տալ ուսման, գիտութիւն եւ քրիստոնէական վարդապետութիւն ուսուցանելու համար։ Տրդատ թագաւորը Հայոց երկրի տարբեր կողմերէն կը հաւաքէ ու կը բերէ ուշիմ, ուսման համար պատրաստ մանուկներու բազմաթիւ խումբեր եւ անոնց վրայ կը կարգէ հմուտ ուսուցիչներ։ Ան յատկապէս հաւաքած է քուրմերու կամ անոնց ցեղին պատկանող մանուկներուն, ապրուստի թոշակ նշանակում, խումբերու բաժանում, մասի մը կուտան յունական, միւս մասին՝ ասորական կրթութիւն։ Անոնց մեծ մասը հետագային կը դառնան քրիստոնեայ եկեղեցական նշանաւոր գործիչներ։ Այդպէս, Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Տրդատ Մեծ թագաւորի ջանքերով Հայոց աշխարհին մէջ կը տարածուին քրիստոնէութիւնն ու օտար լեզուներով դպրութիւնն ու լուսաւորութիւնը, կը կազմակերպուին կրօնական աշխատանքները, հայրապետանոցը, եկեղեցին, քրիստոնէական ուսուցումն ու կրօնական կեանքը:
Վերջին Տարիներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
325-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, յոգնած ու ծանրաբեռնուած, իր կեանքի վերջին տարիները կ'անցընէ առանձնութեան մէջ, սակայն` առանց լքելու իր առաքելական սուրբ ու նուիրական պաշտօնը: Կը քաշուի Սեպուհ լերան Մանեայ այրը, որ կը գտնուէր Սեպուհ լերան վրայ, Երիզայի մօտ: Մովսէս Խորենացի այսպէս կը նկարագրէ.
Այս խաղաղ ու լուռ քարայրին մէջ, որուն շուրջ կը դեգերէին պարզամիտ ու համեստ հովիւներ իրենց հօտերով, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ իր մահկանացուն կը կնքէ: Ամբողջ ժողովուրդի մը պատմութիւնը յեղաշրջող անձ մը կը մահանայ թաքուն պայմաններու մէջ: Հհովիւները, պատահմամբ մտնելով իր քարայրը`զայն կը գտնեն իր յաւիտենական հանգիստին մէջ: Կը ծածկեն անշնչացած մարմինը քարակոյտի մը տակ ու կը հեռանան: Երկա՜ր ու երկա՜ր լռութենէ մը ետք, իր աշակերտներէն Բասենցի Գառնիկ կը հարցուփորձեցէ հովիւները եւ ի վերջոյ կը տեղեկանայ տխուր իրողութիւնը: Ան սուրբին նշխարներն ու աճիւնները կը փոխադրէ Թորդան գիւղ` շատ յուզիչ անշուքութեամբ ու լռութեամբ, Յովհան Մանդակունի հայրապետին ձեռամբ:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին Նշխարները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նշխարներու մասին մեզի հասած տեղեկութիւնները կը հասնին մինչեւ 876 թուական` ըստ երկու ձեռագիրներու, առաջին` 696 թուական, իսկ երկրորդ` 750 թուական[6]:
Հայոց հայրապետին նշխարները գտնուելէն ետք, անոնցմէ մէկ մասը, իբրեւ սրբազան մասունք, տարուած են` Սիս, Վաղարշապատ, Բիւզանդիա եւ Իտալիա:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարներու գիւտի տօնը կը նշուի Հոգեգալուստին երրորդ շաբաթ օրը, ու նաեւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին, տօնին առիթով սահմանած է շաբաթապահք:
Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Դպրոցական Հանրագիտարան, հատոր 3, էջ 212.
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ 1,0 1,1 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — 1974. — հատոր 3. — է. 212.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Toumanoff C. Les dynasties de la Caucasie chrétienne de l'Antiquité jusqu'au xixe siècle: Tables généalogiques et chronologiques — Rome: 1990. — P. 242.
- ↑ 3,0 3,1 3,2 (unspecified title) — է. 66.
- ↑ 4,0 4,1 (unspecified title) — է. 53–66.
- ↑ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ Մուտն ի վիրապ
- ↑ Գրիգոր Լուսաւորիչին Նշխարները
|