Jump to content

Գեղարդի վանք

Գեղարդի Վանք

Գեղարդի վանք (Գեղարդավանք, նաեւ Այրիվանք), միջնադարեան վանական համալիր Հայաստանի մէջ։ Կը գտնուի Կոտայքի մարզի Գողթն գիւղին մօտ՝ Ազատ գետի վերի հոսանքին աջ ափին։ Հոս պահուած է յայտնի գեղարդը, որմով հռոմէացի զինուորը ծակած է Քրիստոսի կողը։ Զայն Հայաստան բերած էր քրիստոնէութեան առաջին քարոզիչներէն Թադէոս առաքեալը։ Այժմ անիկա կը գտնուի Վաղարշապատի պատմութեան թանգարանին մէջ։

Վանական համալիրը կառուցուած է վաղ միջնադարուն՝ այնպիսի վայրի մը մէջ, որ նախաքրիստոնէական շրջանին ծառայած է որպէս սրբատեղի։ Այդ աղբիւրներէն մէկը այսօր ալ կը պահպանուի վանքին գլխաւոր գաւիթին ներսը։ Ըստ աւանդութեան, առաջին եկեղեցին հիմնուած է Դ. դարու սկիզբը, երբ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը հռչակուած է պետական կրօն[1]։ Անիկա յայտնի էր որպէս «Այրի վանք» կամ «Քարայրներու վանք»։ Վանքին հիմնադրումը աւանդաբար կը վերագրուի հայոց առաջին կաթողիկոս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին (301-325), իսկ հետագայ բարգաւաճումը՝ Սահակ Պարթեւին (387-439)։ Աւելի ուշ վանքը նշանաւոր եղած է իբրեւ գրչութեան կեդրոն, դպրանոց, երաժշտանոց եւ ուխտատեղի։ Դէպի Գեղարդ ուխտագնացութեան օրերը Վարդավառի եւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօներուն կը զուգադիպին։

Զարգացած միջնադարուն՝ պետականութեան վերականգնումէն ետք (Բագրատունիներու թագաւորութիւն, 885-1045), Հայաստան ներխուժած արաբական զօրքերը զօրավար Նասրի հրամանով կը կողոպտեն ու կը թալանեն վանքը։ 920-ական թուականներու աւերէն ետք վանքը կը վերակառուցուի ու կը շրջափակուի պարիսպէ պատով։ Վանական համալիրին տարածքին պահպանուած արձանագրութիւնները կը վերաբերին 1160-ական թուականներուն, անիկա կը համարուի Ժգ. դարու կոթողներէն։ Գեղարդի վանքը զարգացման գագաթնակէտին կը հասնի Վրաց թագաւորութեան կողմէ Արեւելեան Հայաստանի տարածքները ազատագրելէ ետք, երբ կը հիմնադրուի Զաքարեան իշխանապետութիւնը (1200-1261)։

Գեղարդի վանական համալիրը կը հանդիսանայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան մէկ մասը եւ Հայաստանի տեսարժան վայրերէն մէկը[2]։ Ժգ. դարուն ստեղծուած հիմնական յուշարձանախումբին մաս կը կազմեն գլխաւոր Կաթողիկէ եկեղեցին, գաւիթը, ժայռափոր եկեղեցին եւ ժամատուն-դամբարանը։

Վանական համալիրին «Այրիվանք» անուանումը տրուած է կառոյցին 140-ի հասնող քարայր-խուցերուն պատճառով։ Անոնք բազմաթիւ ճգնարաններու մէկ մասը կը կազմեն միայն, իսկ մեծ մասը աւերուած են երկրաշարժներու ընթացքին։ Բացի ատկէ՝ հիմնական Կաթողիկէ եկեղեցիէն զատ համալիրը ունի չորս մեծ ձեռակերտ քարայր-սրահներ, որոնք կապուած են գաւիթին։

Ս. Գեղարդը մասնատուփի մէջ, 1617, Էջմիածինի թանգարան

«Գեղարդ» անուանումը կը վերագրուի նաեւ այն իրողութեան, որ Ս. Գեղարդը՝ այն նուիրական նիզակը, որմով Գողգոթայի մէջ հռոմէացի հարիւրապետը խոցած է խաչեալ Քրիստոսի կողը, հոն կը պահուի 500 տարի։ Գեղարդը զէնքի տեսակ մըն է, բաղկացած փայտեայ կոթէ, իսկ գլխուն ամրացած է տափակ եռանիստ սրածայր երկաթեայ տէգ մը։ Անիկա մինչեւ Ժդ. դար կը պահուէր Էջմիածինի մէջ։

Մոնկոլ-թաթարական արշաւանքներու հետեւանքով հարկ կ'ըլլայ Գեղարդը Էջմիածինէն տեղափոխել աւելի ապահով, թշնամիէն հեռու տեղ մը, ուր կը պահուի մինչեւ Ժթ. դար։ Մարդիկ «Այրիվանք» ուխտի երթալով ուղղակի կ'ըսէին. «Կ'երթանք Ս. Գեղարդ՝ ուխտի» կամ «Կ'երթանք Գեղարդավանք»։ Ժամանակի ընթացքին կը նուիրագործուի վերջին անունը։

Գեղարդ անունը կը ստանայ ոչ միայն վանքը, այլ Գեղամայ լեռներու այն ճիւղը, որ կ'երկարի դէպի հարաւ եւ կը կոչուի «Գեղարդասար»։ Անիկա կը յառաջացնէ այն կիրճը, որմով կը հոսի Ազատ գետի վերի հոսանքը։ Ձորը նոյնպէս կը կոչուի «Գեղարդաձոր»[3]։

Աւանդութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Գեղարդի վանքը՝ վերէն դիտուած

Վանական համալիրին կառուցման պաշտօնական տարբերակէն զատ՝ գոյութիւն ունի աւանդական տեսակէտ մը, որու համաձայն, ազնուատոհմիկ ընտանիքէ քոյր մը եւ եղբայր մը կ'որոշեն ձգել աշխարհիկ կեանքը եւ ձորին մէջ տաճար մը կառուցել։ Անոնք Աստուծմէ կը խնդրեն, որ օգնէ իրենց։ Առտու արթննալով՝ կը տեսնեն իրենց բրիչը` խրուած լերան կատարին, եւ քրտնաջան աշխատանքով աստիճանաբար ժայռին մէջ կը փորեն տաճար մը, ուր ալ կը մահանան։

Աշխարհակալին Լենկթիմուրայ լուեալ զանուանելի հրաշագործութեանց սրբազան վանիցս, անձամբ անձին դիմէ ի փորձ լինել պատմաբանութեանս։ Անթիւ զօրօք յարձակի ի ձորն ամայի, հրամայէ յոխորտանօք ծաղրաբանելով բերել նմա զսուրբ նշանն Գեղարդայ։ Բայց այնինչ ձեռք բարձրացուցանեն զնիզակն առ հարկանել զսուրբ նշանն, յական թօթափել գունդք բիւրաւոր զօրաց անմարմնոց, զրահաւորեալ եւ ի զգեստս երփներանգս, յարձակին ի վերա ամենուստեք։ Թշնամին սուրբ հաւատոյ ոչ կարացեալ տանել անգամ եւ զտեսիլ զայս ահաւոր, տեսանելով մանաւանդ զշփոթ եւ զհարուած իւրայնոցն, յորոց բազմաց դէմի թիկունս դառնայ, այլոց ձեոք գօսանան, բազմաց կուրութիւն յաւիտենական փակէ զլոյսն տունջեան, այլք իբրեւ արկան անկենդան անդ մնան կարկառեալ, դառնայ առ իւրսն ողբագին եւ գոչէ. «Ադամ, գեօր գեջ» (Տե՛ր իմ, տե՛ս, անց)։ Ապա մեծաւ հառաչանօք մաղթէ զթողութիւն, ընծայէ զպարգեւս մեծամեծս եւ դառնայ յետս։
Վանքին մուտքը

Ժդ. դարու վերջը Հայաստան կ'ենթարկուի միջինասիական զօրավար Լենկթիմուրի արշաւանքներուն։ Լսելով Գեղարդի վանքին հրաշագործութիւններուն համբաւը՝ Լենկթիմուր (1336-1405) կ'որոշէ անձամբ փորձել զայն։ Անթիւ զօրքով կը յարձակի ամայի ձորին վրայ եւ հոխորտանքով ու ծաղրաբանութեամբ կը հրամայէ իր քով բերել Գեղարդի Ս. նշանը։ Հազիւ նիզակները կը բարձրացնեն, որպէսզի հարուածեն Ս. նշանը, բիւրաւոր աներեւոյթ զրահաւորուած զինուորներ՝ գոյնզգոյն համազգեստներով, ամէն կողմէ կը յարձակին թշնամիին վրայ։ Իրարանցում մը կը ստեղծուի Թիմուրի զօրքին մէջ. ոմանք փախուստի կը դիմեն, ուրիշներու ձեռքերը կը գօսանան, շատեր կը կուրնան։ Այս բոլորին ականատես՝ սարսափահար Լենկթիմուր թողութիւն կը խնդրէ Ս. նշանէն եւ մեծամեծ պարգեւներ խոստանալով՝ ետ կը դառնայ:

Գեղարդի համալիրին հիւսիսային պատին մէջ գտնուող քարայրային վանքին մէջ, աւանդութեան համաձայն, թանկարժէք գանձ մը պահուած էր։ Իրականութեան մէջ ժամանակի ճարտարապետները, օգտագործելով երդիքէն եկեղեցի մտնող լուսնային ազդեցութիւնները, կրցած են լոյսին տալ կլորաւուն ադամանդի տեսք մը։ Լենկթիմուր, այդ մասին լսելով, փափաքած է վերցնել գանձը, սակայն մօտենալով անոր՝ փակած է լոյսի ճամբան իր իսկ ստուերով, որու իբրեւ արդիւնք գանձը «անհետացած է»։ Հեռանալով՝ կրկին տեսած է գանձը, նոյնը փորձած է երեք անգամ։ Այնուհետեւ Լենկթիմուր որոշած է չաւերել վանքը եւ հեռացած է։

1679-ի Գառնիի երկրաշարժէն ետք գանձ-ադամանդը անհետացած է։

Ժայռափոր եկեղեցի՝ հնագոյն պահպանուած կառոյցը:

Աւանդութեան համաձայն՝ Այրիվանքին մենաստանը հիմնադրուած է քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին նախաձեռնութեամբ։ Վանական համալիրին արեւելեան կողմը՝ աստիճաններէն վեր գտնուող քարայրին ճակատային մասին մէջ, փորագրուած է՝ «Ս. Գրիգոր Հայոց Լուսաւորիչ»։ Հոս ճգնաւորական կեանք վարած ու ապաստանած են Մեծն Ներսէս (353-373), Սահակ Պարթեւ (387-439) եւ Յովհաննէս Դ. Օվայեցի (833-855)։ Է. դարու առաջին կէսին Գրիգոր Գուռզիկ դարձած է միաբան եւ ծաւալած երաժշտա-ստեղծագործական բեղնաւոր աշխատանք մը։ Վանքը աւերուած է արաբներու (920-ական թուականներ) եւ սելճուքներու (1060-ականներ) կողմէ։

Ժ. դարու սկիզբը արաբները կը գլխատեն Սմբատ Ա. Նահատակ (890-914) թագաւորը։ 926-ին արաբական գունդ մը, հետապնդելով հայոց կաթողիկոս Յովհաննէս Ե. Դրասխտանակերտցին (898-929), կը յարձակի Այրիվանքին վրայ, կը կոտորէ միաբանները, կ'աւերէ վանքին կառոյցները եւ կը կողոպտէ հարստութիւնը։ Կաթողիկոսը կը փախչի Սեւանավանք։

Զարգացած միջնադար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժա. դարու առաջին կէսին՝ 1045-ին, Բագրատունիներու թագաւորութիւնը, որ Հայկական լեռնաշխարհի տարածքին վերջին պետականութիւնն էր։

Գեղարդի Կաթողիկէ եկեղեցին

Որոշ ժամանակ մը ետք կը զօրանայ Վրաց թագաւորութիւնը (1008-1490), որ կը ղեկավարուէր հայկական ծագում ունեցող վրաց Բագրատունիներուն կողմէ։ Դաւիթ Շինարար (1089-1125) թագաւորին զօրքերը կ'ազատագրեն Թիֆլիսը ու վերջնականապէս կը կործանեն Տփղիսի արաբական ամիրայութիւնը: Անկէ ետք վրաց պետութիւնը աւելի կը հզօրանայ, իր իշխանութիւնը հաստատելով Կովկասեան լեռներէն հիւսիս ինկած տարածքներուն վրայ։

Համալիրէն ներս

Դաւիթ Շինարար երկու անգամ կ'արշաւէ Անի մայրաքաղաք զայն ազատագրելու սելճուքեան գերիշխանութենէն, սակայն ի զուր։ Թագաւորին կիսատ գործը կը շարունակէ Թամար թագուհին (1184-1213), որու հրամանով զօրահրամանատար Սարգիս Զաքարեանի որդիները՝ Զաքարէ ամիրսպասալարը եւ Իվանէ աթաբեկը, վրաց բանակին ու հայկական ջոկատներուն գլուխը անցած՝ կ'ազատագրեն Արեւելեան Հայաստանը։ Կը ստեղծուի Զաքարեան իշխանապետութիւնը, որու տարածքին կը յառաջանան նոր իշխանութիւններ։ Անոնք ձեռնամուխ կ'ըլլան շինարարական լայն աշխատանքներու՝ ամրոցներու եւ եկեղեցիներու, բերդերու եւ վանքերու նորոգման ու կառուցման։

Գեղարդի վանական համալիրին ամենահին պահպանուած կառոյցը եռայարկ, կիսավիմափոր Ս. Աստուածածին եկեղեցին է, որ կառուցուած է Զաքարեաններու նախաձեռնութեամբ։ Կը գտնուի վանքին կեդրոնական մուտքին չհասած՝ արեւմտեան կողմը։ Հոն կայ արձանագրութիւն մը՝ Աղուաններու կաթողիկոս Ստեփանոսի կողմէ Ս. Անդրէասի մասունքները վանքին նուիրելուն մասին։ 1190-ին Այրիվանքին մէջ կ'ընդօրինակուի «Տօնապատճառ» ժողովածուն։ Աւելի ուշ՝ 1240-ական թուականներուն, 1257-1258 թուականներուն եկեղեցին նորոգուած է Պռոշեաններիու կողմէ։ Խորանին կեդրոնը Աստուածածինին պատկերն է՝ մանուկ Յիսուսը գիրկը, երկու կողմերը՝ հրեշտակներ, իսկ առաստաղին Պռոշ իշխանին եւ անոր ընտանիքին խմբանկարն է, որոնք, սակայն, վնասուած են մուրի եւ խազերու պատճառով։ 1213-ին Տիմոթ եւ Մխիթար կազմողները վանքին մէջ խաչքար կանգնեցուցած են։ 1215-ին Բարսեղ վարդապետի օրով կը սկսի գլխաւոր՝ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ շինարարութիւնը, որու մասին եկեղեցւոյ արեւմտեան դրան ճակատին արձանագրութիւն մը կայ.

Ի ժամանակս Զաքարիայի եւ Իւանէի նորին հարազատի եւ որդոց նոցին Շահնշահի եւ Աւագին եւ յառաջնորդութեան:

1219-ին Այրիվանք կ'այցելէ Իվանէ Զաքարեանը։ Կաթողիկէ եկեղեցիէն ետք՝ 1260-ին, կը կառուցուին եկեղեցւոյ երկու ժայռափոր խուցերը, աւելի ուշ՝ վերին եւ ներքին ժամատուները։

Խաչքարեր՝ Գեղարդի վանական համալիրին տարածքը
Գեղարդի վանքին պարիսպին կլոր աշտարակը

Ժե.- Ժէ. դարերուն Հայաստան կը դառնայ Քարա - Քոյունլուներու պետութիւն, ապա՝ Օսմանեան կայսրութեան ու Սեֆեան Իրանի միջեւ մղուող պատերազմներու թատերաբեմ։ Հայաստանէն մեծ թիւով ժողովուրդ կ'արտագաղթէ, կը վերանան բոլոր իշխանութիւնները։ Պետականութենէն զուրկ հայ ժողովուրդին պայքարը կը գլխաւորէ հայ առաքելական եկեղեցին, որ ձեռնամուխ կ'ըլլայ վանական համալիրներու ամրացման ու բարեկարգման՝ բնակչութիւնը պաշտպանելու նպատակով։ Գեղարդի վանքին շուրջ կը կառուցուին պարիսպներ, որոնց ներսը կային տնտեսական եւ այլ բնոյթի սենեակներ։ Ժէ. դարուն կը կառուցուին բնակելի շինութիւններ։

Գեղարդի վանքը մասնակիօրէն աւերուած է 1127, 1679, 1840 - երկրաշարժներէն, ապա վերակառուցուած ու վերականգնած հետագայ դարերու ընթացքին` ծառայելով իբրեւ ամենայն հայոց կաթողիկոսներու ամառնային ոստան (նստավայր)։ Ժե. դարուն Գեղարդավանքին մէջ բազմաթիւ ձեռագիրներ գրուած են։ Ժե. դարուն Կաթողիկէին հարաւային պատին տակ զոյգ խաչքարեր կանգնած են։ 1603-ին Գեղարդի Աստուածատուր եւ Հաւուց թառի Մանուէլ եպիսկոպոսները Սֆահանի մէջ բանակցած են պարսից Շահ Աբբաս Ա.ին հետ, իսկ անոր կատարած արեւելահայութեան բռնագաղթին ատեն ապաստանած են Գեղարդավանքին մօտակայ քարայրներէն մէկուն մէջ, սակայն 1605-ն սպաննուած են Ամիրգունա խանին զինուորներուն ձեռքով։ Դաւիթ վարդապետ Պռոշեանի օրով (1635-1675) թիֆլիսցի Սուլէ Չիթախեան նորոգած է Կաթողիկէն եւ վանքին նուիրած արծաթէ կանթեղ մը։ 4 Յունիս 1679-ին Գառնիի երկրաշարժէն Գեղարդավանքը աւերուած է, ժայռերէն բեկորներ թափած են եւ ծածկած շէնքերը։ 1684-ին Գեղարդավանքը մաքրած են նորոգած վնասուած շէնքերը, կառուցած բուրգերով պարիսպը եւ անոր կից բնակելի ու տնտեսական շինութիւնները։

1687-ն պատրաստուած է Ս. Գեղարդի նոր՝ արծաթէ պահարանը՝ կրկնելով հինին արձանագրութիւնը։ Պահարանին դռնակներուն վերը «աւետման» տեսարանն է, դիմացը՝ հրեշտակը, վարը՝ «Խաչելութիւնը», դիմացի փեղկին՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը։ Ոսկերիչ-քանդակագործներ Գրիգոր եւ Սարգիս կերպարներուն տուած են բնական շարժումներ ու կեցուածք։ 1698-ին քանաքեռցի ոսկերիչ աւետ անունով մէկը պատրաստած է Գեղարդի մէջ պահուող Նոյեան տապանի փայտէն պահարան մը։ Դռնակներուն Յակոբ Օձնեցիի եւ անոր դիմաց՝ հրեշտակի քանդակներն են։ Դանիէլ վարդապետ Պռոշեան 1708-ին կառուցած է վանքին արեւմտեան կողմի կամարակապ դարպասը՝ մուտքը դէպի համալիր։ 1715-ին հայ վաճառականները Գեղարդավանքին նուիրած են եպիսկոպոսական մարգարտաշար թագ մը։ Վանահայր Պետրոս Ջահկեցին 1733-1739-ին նոր հողեր ձեռք բերած է վանքին համար։

Նոր ժամանակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժը.- Ժթ. դարերուն Գեղարդավանքը ունեցած է այգիներ, ջրաղացներ, ձիթահաններ, ընդարձակ կալուածներ Նորագաւիթ, Նորք, Տաճարաբակ գիւղերուն մէջ եւ ստացած Գողթն գիւղի տարեկան բերքին կէսը։ Վանական համալիրը նորոգած է ամենայն հայոց կաթողիկոս Յովհաննէս Ը. Կարբեցին։ 2 Յուլիս 1840-ին տեղի ունեցած երկրաշարժէն վնասուած են Կաթողիկէն եւ խուցերը։ Միքայէլ Ձամոյեան վարդապետ 1868-ին Գողթն եւ շրջակայ միւս գիւղերէն նոր կալուածներ գնած եւ շինած է վանքին ճամբան։

Ներքին ժամատունը՝ առիւծներու, եզան քանդակներով ու զինանշանով։ Ձախ մասին մէջ կ'երեւի վերին ժամատան հետ կապող օդային անցքը:

Գեղարդի վանքը ոչ միայն հոգեւոր, այլեւ կրթամշակութային կեդրոն էր, ուր կային դպրոց, գրադարան, գրչատուն եւ այլն։ 1217-ին վանքին միաբաններուն ջանքերով (Սարգիս նկարիչ, Աբել գրիչ եւ Ստեփանոս կազմող) գրուած է մանրանկարներով հարուստ եւ մեծադիր աւետարան մը։ Հոս ապրած ու ստեղծագործած են պատմիչներ Մխիթար Այրիվանեցի եւ Սիմէոն Այրիվանեցի, որոնք մեծ աշխատանք ծաւալած են գրչութեան արուեստի զարգացման բնագաւառին մէջ։ Մխիթար պատմիչին ու Յովհաննէս Գառնեցի վարդապետին օրով Այրիվանքի դպրոցին մէջ ծաղկած է գրչութեան արուեստը։ Կաթողիկոս Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի (Քերեստէճեան)ի հրամանով վանահայր Ռաֆայէլ Շիրակացի 1870-ականներուն կառուցած է Գեղարդի դպրոցը։

1932-ին ճարտարապետ Թորոս Թորամանեանի ղեկաւարած արշաւախումբը Գեղարդի վանքին արեւմտեան կողմը՝ ժայռին թեք լանջին պեղումներով բացած եւ ուսումնասիրած է վիմափոր մեծ դահլիճ մը՝ ուղղանկիւն յատակագիծով, քանդակազարդ որմնասիւներով, 5 մ. բարձրութեամբ եւ շուրջ 140 մ. մակերեսով, որ Պռոշ իշխանի օրով Ժգ. դարուն կառուցած է Մկրտիչ անունով մէկը (1967-ին դահլիճը փլածէ)։ Գեղարդավանքը նորոգուած եւ վերականգնած է 1958-1987 թուականներուն՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի նախաձեռնութեամբ (1955-1995)[4]։

Երեւանի Մաշտոցի անուան Մատենադարանին, ինչպէս նաեւ Փարիզի Ազգային գրադարանին եւ Պերլինի Արքայական գրադարանին մէջ կը պահուին ձեռագիրներ, ինքնագիրներ, ընդ որում՝ աւետարաններ, Սաղմոսարաններ, Ճառընտիրներ, Մաշտոցներ, Շարակնոցներ եւ Յայսմաւուրքներ, որոնք կազմուած, ծաղկած, գրուած ու ընդօրինակուած են Գեղարդավանքին մէջ։ Ժբ. դարուն թուագրուած Այրիվանքի Փիլիպոս քահանային կազմած Տօնապատճառին կազմը Մատենադարանին մէջ պահուող հնագոյն կազմերէն մէկն է։

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գմբէթը։ Թմբուկին վրայ կ'երեւի զինանշանը՝ արծիւ, որ ճանկերուն մէջ գառնուկ մը բռնած է:

1215-ին կառուցուած է համալիրին գլխաւոր՝ Կաթողիկէ եկեղեցին, որ իր յօրինուածքով Հայաստանի խաչաձեւ գմբեթակիր կառոյցներու՝ Ժբ.- Ժգ. դարերուն հանրահայտ օրինակներէն է։ Արեւելեան եւ հարաւային պատերը ակօսուած են զոյգ հայկական խորշերով։ Կաթողիկէն հարուստ է յարդարանքով, յատկապէս թմբուկն ու հարաւային շքամուտքը, որու ճակատային մասին մէջ բարձրաքանդակ կայ, որ կը պատկերացնէ առիւծի մը յարձակումը ցուլի վրայ։

Կաթողիկէին յատակագիծը ուղղանկիւն է՝ ներգծուած խաչով մը, որու կեդրոնը ստեղծուած քառակուսիէն կը սկզբնաւորուի սլացիկ թմբուկի մը վրայ խարսխուած գմբէթը։ Խաչին արեւելեան թեւը պսակուած է կիսաշրջանաձեւ աւագ խորանով, իսկ միւս թեւերը ընդարձակուելով ստացած են ուղղանկիւն տեսք մը՝ ծածկուած գլանաձեւ թաղերով։ Գմբէթակիր քառակուսիէն թմբուկին կորին անցումը իրականացուած է առագաստներու միջոցով։

Եկեղեցւոյ արտաքին ծաւալները յստակօրէն կը դրսեւորեն անոր ներքին կառուցուածքը:Իր յատակագծային եւ տարածական-ծաւալային յօրինուածքով կաթողիկէն Հայաստանի Ժբ.-Ժգ. դարերու գմբէթակիր կառուցուածքներուն բնորոշ օրինակներէն է։

1215-1225 թուականներուն Կաթողիկէին արեւմտեան կողմին կից կը կառուցուի կեդրոնակազմ, քառասիւն, շթաքարային մշակումով գմբէթաւոր գաւիթը։ Անիկա իր արտաքին տեսքով կը յիշեցնէ լեռնային գիւղական տուները։ Հիւսիս արեւելեան եւ հարաւ արեւելեան անկիւններուն մէջ ունի երկյարկ աւանդատուներ, որոնցմէ ձախակողմեանը` երկրորդ յարկինը, նուիրուած է Թադէոս առաքեալին։ Արձանագրութիւններէն կ'իմանանք ոչ միայն կառուցողներուն, այլեւ բարերարներուն ու շինարարութեան մասնակցած միաբաններուն անունները։ Եկեղեցւոյ գմբէթակիր քառակուսիին վրայ փորագրուած է ճարտարապետին անունը՝ Գալձագ։

Կեդրոնը՝ հաւասար հեռաւորութեան վրայ, ազատ կանգնած են չորս զանգուածեղ սիւներ, որոնցմէ մինչեւ դիմացի պատերուն որմնասիւները տարածուող կամարները ներքին տարածութիւնը կը բաժնեն մէկ մեծ (կեդրոնական) եւ ութ առաւել փոքր հատուածներու։ Շինութեան գլխաւոր առանցքը կը կազմէ կեդրոնական հատուածը` ծածկուած շթաքարէ նրբաքանդակ թաղով։

Աւազան ու ժամատուներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժայռը, որ վանական համալիրին համար իբրեւ հիւսիսային պատ կը ծառայէ, հարուստ է ներքին քանդակներով։ Անոր խուցերէն մէկուն մէջ, որ յայտնի է իբրեւ «աւազան», կը բխի սառնորակ աղբիւր մը, որու արեւելեան կողմը խուց մը փորուած է, իսկ արեւմտեան կողմը՝ աւազան մը մկրտութիւններու համար։

Ժամատուն

Խորանէն հիւսիս-արեւմուտք նայող հատուածին մէջ՝ լեռնային աղբիւրներով լեցուն աւազանին կից, դրուած է Ս.Պատարագներուն օգտագործուող սկիհը՝ այն գաւաթը, որու մէջ օրհնուած են հացն ու գինին։ Ատիկա Գեղարդավանքին գաւիթէն մուտք ունեցող, երկու զոյգ խաչուող կամարներով եւ շթաքարային յարդարանքով, գմբէթով ու երդիքէն լուսաւորուող ժայռափոր առաջին եկեղեցին էր, զոր կառուցած էր Պռոշ իշխանը 1230-1250 թուականներուն (ճարտարապետ` Գալձագ)։ Աւազանին պատերը զարդարուած են քանդակներով ու խաչերով։

Ս. Աստուածածին՝ վանական համալիրին հարաւային մուտքը, որ զարդարուած է նռան, խաղողի եւ այլ նախշերով, իսկ երկու կողմերը գծուած են թռչուններ:

Պաշտամունքային համալիրը (եռայարկ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հետ միասին) ժողովուրդին կողմէ կոչուած է «Եօթ եկեղեցիներու վանք», որ ունի նաեւ քառասուն մատուռ եւ պատարագի համար նախատեսուած խորան։ Ժամատուներուն մէջ հիմնական ուշադրութիւն կը դարձնէին կառոյցին ներքին տարածութեան կազմակերպման վրայ։

1283-ին փորուած է ժայռակոփ երկրորդ եկեղեցին եւ անոր գաւիթը, վերջինը, հաւանաբար, եղած է Պռոշեաններու տոհմական դամբարանը։ Գաւիթին մուտքի առանցքին ուղղութեամբ ստեղծուած կամարներուն մէջ քանդակուած է եզան գլուխ մը, որ կը պահէ շղթայակապ երկու առիւծներ, անոնցմէ քիչ մը վար գծուած է թեւերը պարզած արծիւ մը՝ ճիրաններուն մէջ գառնուկ մը։ Կ'ենթադրուի, որ ատիկա Պռոշեաններու տոհմական զինանշանն է։ Զինանշանին հաւանական բացատրութիւնը հետեւեալն է․ «Քանի դեռ շղթայուած ենք, ինչպէս առիւծներ, կը մնանք այնքան հզօր, որքան եզը, եւ կը պահպանենք մարդիկը այնպէս, ինչպէս արծիւը կը պահէ գառնուկը»։

Ժամատունէն դէպի արեւելք կը գտնուի ուրիշ սրահ-եկեղեցի մը, որ յայտնի է իբրեւ «Աստուածածին»։ Դէպի այդ եկեղեցւոյ մուտքը կամարակապ է, որու վերը կը գտնուին Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալներուն քանդակները։ Այդ եկեղեցին կը պատկանի գմբէթաւոր դահլիճներու տիպին։ Պատերէն դուրս ելլող կիսաշրջանաձեւ կամարներուն վրայէն կը բարձրանայ թմբուկը՝ գմբէթին քանդակազարդ կիսագունդով պսակուած։ Գմբէթակիր քառակուսիէն թմբուկին կորին անցումը իրականացուած է առագաստներու միջոցով։ Ինչպէս եկեղեցւոյ, այնպէս ալ գաւիթին պատերը ծածկուած են քանդակներով (մարդկային պատկերաքանդակներ, թռչուններ, երկրաչափական եւ բուսական տարբեր բնոյթի հիւսուածքներ եւ այլն)։

Ժայռին վերի մասին մէջ 1288 -ին կառուցուած է Պռոշ իշխանին որդւոյն՝ Պապաքի եւ անոր կնոջ Ռուզուքանի ժամատուն-դամբարանը, որ չորս անջատ սիւներով կեդրոնակազմ յօրինուածք մըն է։ Վանքին շրջապատը կան գեղաքանդակ բազմաթիւ խաչեր եւ ժայռափոր խուցեր։

Ջուղայի խաչքարերուն կրկնօրինակները

Դէպի վանական համալիր տանող ճամբան կ'անցնի պարիսպին զուգահեռ կառուցուած ճամբով մը։ Պատին վրայ կը գտնուին Ժզ.-Ժէ. դարերուն վերագրուող խաչքարերու կրկնօրինակներ։ Անոնք տեղադրուած են Իա. դարուն, երբ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան տարածքին գտնուող Ջուղա գիւղին գերեզմանադաշտը ամբողջութեամբ վերցուած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հրամանով՝ փոխարէնը ռազմական կեդրոն մը կառուցելու նպատակով։

10․000-ի հասնող խաչքարերու ջարդը սկսած էր Ի. դարու սկիզբը, երբ Երեւանի նահանգին մէջ երկաթուղային շինարարութիւն կ'իրականացուէր: Երեւանէն երկաթուղին կը հասնէր Ջուղա, հոնկէ՝ Իրան։ Երկրորդ փուլը եղած էր խորհրդային իշխանութեան տարիներուն, իսկ երրորդ փուլը՝ 2000-ական թուականներուն, դամբարանադաշտը վերջնականապէս ոչնչացած էր։

Խաչքարերը, բացի եռամաս աւանդական կառուցուածք ունենալէ, որոնք կը խորհրդանշեն երկրային կեանքը, խաչ-ճանապարհը եւ երկնային արքայութիւնը, ունին նաեւ յաւելեալ քանդակներ՝ իշխաններու եւ հրեշտակներու կերպարանքներով եւ նախշերով։

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Monastery of Geghard and the Upper Azat Valley» (անգլերեն)։ UNESCO World Heritage Site 
  2. «Գեղարդավանք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-10-13-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-17 
  3. Կամսար Աւետիսեան։ Ինչ կը պատմեն հայրենի տեսարժան վայրերու անունները 
  4. «Հայկական հանրագիտարան, Գեղարդավանք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-06-19-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-18 
  • Ղարիբեան Ի., Հրաշագործ Ս. Գեղարդ, Երեւան 2003

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]