Jump to content

Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարան (Դսեղ)

Յովհաննէս Թումանեանին տուն-թանգարանը Դսեղ գիւղին մէջ:

Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանը, Ամէնայն հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի հայրական տունը կը գտնուի Լոռի մարզին, Դսեղ գիւղին մէջ։ Անոր ծննդեան 70-րդ ամեակին առթիւ (1939 թուականին) այդ վերածուեցաւ տուն-թանգարանի:

19 Փետրուար, 1869 թուականին այս տան մէջ ծնած է Ամէնայն հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանը։ Ան այստեղ ապրած է իր մանկութեան ու պատանեկութեան շրջանին։ 1879 թուականէն մինչեւ 1883 թուական, ան սորված է Ջալալ-օղլի (ներկայիս՝ Ստեփանաւան) երկսեռ դպրոցին մէջ, ապա ճամբորդած է Թիֆլիս՝ ուսանելու Ներսիսեան դպրոցին մէջ (1883 թուականէն մինչեւ 1886 թուական)։ Անոր տունը կառուցուած է 19-րդ դարու 60-ական թուականներուն, բանաստեղծի հօր եւ միաժամանակ գիւղի քահանայ՝ Տէր Թադեւոսին կողմէ։

Տուն-թանգարանի շէնքը վերանորոգուած է սփիւռքահայ Գունտագճեան եւ Պուճիկեան ամուսիններուն նիւթական օժանդակութեամբ, «Հայաստան» հիմնադրամին միջոցով, 2002 թուականին։ Նորոգուած եւ բարելաւուած է նաեւ ցուցադրութեան սրահը[1]։

Յովհաննէս Թումանեանի կեսանդրին: Քանդակագործ` Այծեմնիկ Ուրարտու, 1953 թուականին:

Թանգարանին մէջ կը պահպանուին մեծ գրողին կեանքն ու գործը ներկայացնող մօտ 300 մեծարժէք ցուցանմուշներ։ Բակին մէջ տեղադրուած է Թուամնեանին կիսանդրին (հեղինակ՝ Այծեմնիկ Ուրարտու, 1953) եւ կառուցուած է մատուռ մը (1994 թուականին), որտեղ ամփոփուած է բանաստեղծին սիրտը։ Թանգարանը ունի երկու յարկեր եւ կը բաղկանայ վեց սենեակներէ։

Առաջին յարկին վրայ կը գտնուի մեծ հացատունը եւ երկու ցուցասրահները։ Ներկայացուած ցուցանմուշները կը պատմեն Յովհաննէս Թումանեանի տոհմաբանութեան, ծնողներուն, Թիֆլիսի եւ Ջալալ-օղլիի ուսումնական տարիներուն եւ գրողին գրական-հասարակական գործունէութեան մասին։

Երկրորդ յարկին վրայ գտնուող երկու սրահներներուն մէջ ցուցադրուած են բանաստեղծին անկողինը, գրասեղանը, հագուստները եւ անձնական իրերը։

Մատուռը, որուն մէջ ամփոփուած է բանաստեղծին սիրտը:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որուն քահանան է Տէր Թադեւոսը` բանաստեղծին հայրը:

Յովհաննէս Թումանեանի յիշատակին վերաբերող թուականներուն եւ զանազան այլ առիթներուն ընթացքին թանգարանին մէջ կը կազմակերպուին հսկայ հանդիսութիւններ եւ «Թումանեանական օրեր»։

Տուն-թանգարանը կը գտնուի բարձրադիր գիւղական բնակավայրը՝ Լոռիի մարզը, Դսեղ գիւղին մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]