Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըՅովհաննէս Թումանեան (19 Փետրուար 1869, Դսեղ - 23 Մարտ 1923, Մոսկուա): Ամենայն Հայոց բանաստեղծ, արձակագիր, գրական, ազգային եւ հասարակական գործիչ, ։ Գրած է բանաստեղծութիւններ, պոէմներ, քառեակներ, վիպերգներ, պատմուածքներ ու հեքիաթներ, ակնարկներ, քննադատական ու հրապարակախօսական յօդուածներ, կատարած է թարգմանութիւններ, մշակած է «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութիւնը։ Յովհաննէս Թումանեանի հայրը՝ Տէր-Թադէոս, (աւազանի անունով՝ Ասլան), (1839-1898), գիւղի քահանան էր։ Ան ազնուական Թումանեան տոհմէն էր, որ սերած էր Ժ.- ԺԱ. դարերուն Տարօնէն Լոռի գաղթած Մամիկոնեաններէն։ Մայրը՝ Սօնան (1842-1936), Քոչարեաններու տոհմէն, նոյնպէս դսեղցի էր։ Զրուցասէր եւ լաւ պատմող կին մը ըլլալով՝ իր երեխաներուն առասպելներ, առակներ եւ հեքիաթներ կը պատմէր, համեմած ժողովրդական ոճով եւ դարձուածքներով։ Յովհաննէս Թումանեան՝ ընտանիքի ութ զաւակներուն անդրանիկն էր: Եղբայրներն ու քոյրերն էին՝ Ռոստոմ (1871 -1915), Օսան (1874-1926), Իսկուհի (1878-1943), Վահան (1881-1937), Աստղիկ (1885-1953), Արշաւիր (1888-1921) եւ Արտաշէս (1892-1916)․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն էնսիքլոփետիա (հանրագիտարան) բառին «փետիա» մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 7500-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։ Կատեգորիա:Ուիքիփետիա:ԿաղապարներԱմսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 7474 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝