Մխիթար Սպարապետ
Մխիթար Սպարապետ | |
---|---|
| |
Ծնած է | ոչ վաղ քան 1680 |
Ծննդավայր | Գանձակ |
Մահացած է | 1727[1] |
Մահուան վայր | Խնձորեսկ, Հայաստան[1] |
Մասնագիտութիւն | զինուորական |
Մխիթար Սպարապետ (17-րդ դարու վերջըոչ վաղ քան 1680, Գանձակ[1] - 1727[1], Խնձորեսկ, Հայաստան[1]), Սիւնիքի ազատագրական պայքարի ղեկավար, ծնած է ԺԷ. դարու վերջին, Գանձակ։ Մահացած է 1730-ին, Խնձորեսկ գիւղին մէջ (Հայաստանի Սիւնիքի մարզ)։
Մխիթար Սպարապետ Դաւիթ Բէկի մահէն (1728) ետք ստանձնած էր Կապանի զինուորական հրամանատարութիւնը: Բայց շուտով ներքին գժտութիւններ կը սկսին եւ Տէր Աւետիս ինք կ'ուզէ տէր դառնալ Դաւիթ Բէկի ժառանգութեան: Գժտութիւններու պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ Մխիթար Սպարապետ տեղացի չէր, այլ գանձակեցի:
Հայ զօրականներու միջեւ գժտութիւններէն կ'օգտուին թուրքերը: Օսմանեան բանակը լայնածաւալ յարձակման կ'անցնի եւ կը պաշարէ Հալիձորը:
Տէր Աւետիս կը նախընտրէ բանակցիլ: Թուրքերը կ'ըսեն, որ անձնատուր ըլլալու պարագային ոեւէ մէկուն վտանգ չի սպառնար: Տէր Աւետիս եւ համախոհները համաձայն կը գտնուին:
Մխիթար Սպարապետ, ի տես Տէր Աւետիսի դաւաճանական քայլին, իր ընտանիքին հետ գիշերով կը հեռանայ բերդէն:
Առաւօտուն թուրքեր կը մտնեն բերդէն ներս, կը կոտորեն բոլոր տղամարդիկը, իսկ կիներն ու երեխաները գերի կը վերցնեն: Թշնամին կը մտնէ նաեւ կուսանոց եւ գերի կը տանի բոլոր կոյսերը:
Մխիթար Սպարապետ կրկին կը սկսի զօրք հաւաքել եւ տարբեր վայրերու մէջ յարձակումներ գործելով կը կոտորէ թշնամին եւ վրէժ կը լուծէ: Ան կը հասնի մինչեւ Օրդուբադ եւ հոնկէ կը վերադառնայ մեծ աւարով` աւելի քան 160 ուղտաբեռ:
Այնուհետեւ ան կը մեկնի Խնձորեսկ, ուր դաւադրաբար կը սպաննուի 1730-ին, մելիք Բարխուդարի ապարանքին մէջ: Դաւաճաններ սպարապետին դիակը կը գլխատեն եւ գլուխը կը տանին Թաւրիզ` Ապտուլլահ փաշային:
Փաշան, սաստիկ զայրացած, կ'ըսէ. «Ո՛վ անօրէններ ու ամբարիշտներ, ինչպէ՞ս համարձակեցանք սպաննել ձեր տէրը, այսպիսի քաջ տղամարդը»:
Դաւաճաններուն ետեւէն Թաւրիզ կը հասնի մելիք Բարխուդարի աղջիկը` Գոհարը եւ օսմանցի փաշայէն կը խնդրէ Մխիթարին գլուխը: Փաշան մեծ գլխագին նշանակած էր Մխիթարին գլխուն համար, բայց յարգելով Գոհարին զգացումները եւ քաջութիւնը, անոր կը յանձնէ գլուխը եւ դաւաճանները: Վերադարձին Գոհար Արաքսի Խուդափերին կամուրջին վրայ ծանր քար մը կը կապէ եղբօր եւ միւս դաւաճաններուն վիզերէն եւ գետը կը նետէ: Այլ աւանդութիւն մը կ'ըսէ, որ Ապտուլլահ փաշայի հրամանով կը գլխատուին բոլոր անոնք, որոնք տարած էին Մխիթարին գլուխը: Մխիթար Սպարապետին մարմինը թաղուած է Խնձորեսկի Անապատ եկեղեցւոյ բակին մէջ. անկէ քիչ մը հեռու Գոհարին գերեզմանն է:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ստեփանոս Շահումեան «Ընտիր պատմութեան Դաւիթ Բէկին․․․»:
- «Հայ ժողովրդի պատմութիւն», ՀԳԱ ակադեմիայի հրատ., հատ. Դ., Եր.,1972
- Կնիազեան Հ., Ազատագրական պայքարը Դաւիթ Բէկի գլխաւորութեամբ, Եր.,1963
- Դաւիթ Բէկ կամ պատմութիւն Ղափանցոց», թարգմ.՝ Ա. Մադոեան, Եր., 1992
- Կնիազեան Հ., նշվ. աշխ., էջ 120-125
- «Հայ ժողովրդի պատմութիւն», հատոր Դ., էջ 170
- Չամչեանց Մ., Հայոց պատմութիւն, հ. Գ, Եր., 1984, Էջ 797
- Թելունց Մ., Հայ իրաւաքաղաքական. պետաիրաւական միտքը Հայաստանի ազատագրական ծրագրերում։ Արցախի եւ Սիւնիքի ազատագրական պայքարը 1722-1730 եւ հայկական պետականութեան վերականգման ջանքերը, Եր., 2003, էջ 17։