Jump to content

Արտաշատ

Քաղաք
Արտաշատ
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Հայաստան
Հիմնադրուած է՝ 1828
Տարածութիւն 18,3 քմ²
ԲԾՄ 830 մեթր
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Բնակչութիւն 21 300 մարդ (2015)[1]
Կը գտնուի ափին Արաքս
Ժամային գօտի UTC+4։00
Փոստային ցուցանիշ 0701–0706
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 25
Հիմնադիր Արտաշէս Ա.
Պաշտօնական կայքէջ artashat.am

Արտաշատ, քաղաք Հայաստանի Արարատի մարզի տարածքին։ Կը գտնուի Արաքս գետի ափին, Արարատեան դաշտին մէջ՝ Երեւանէն 30 ք.մ. հարաւ-արեւելք։ Կառուցուած է հայոց Արտաշէս Ա. արքային կողմէ Ք.Ա. 176-ին եւ ծառայած է[2], որպէս՝ Մեծ Հայքի մայրաքաղաք Ք.Ա. 185 - Ք.Ե. 120։

Քաղաքի եւ Արտաշէսեան Թագաւորութեան (Ք.Ա. 189- Ք.Ե. 1) հիմնադիրն է Արտաշէս Ա. (Ք.Ա. 189-160)։ Արտաշատ կը հիմնուի Ոստան գաւառին մէջ, Երասխ (Արաքս, Արազ) եւ Մեծամօր գետերուն հին հուներուն իրարու խառնուած տեղը, Խոր Վիրապի բլուրներուն վրայ։ Այս տարածքին վրայ այժմ կ'երեւին հին քաղաքի պարիսպներն ու շէնքերուն հետքերը։ Դարերու ընթացքին Երասխ քանի մը անգամ հուն կը փոխէ։ Այդ թուականներուն Երասխը եւ Մեծամօրը շատ աւելի ջրառատ գետեր էին։ Մեծամօրին կը խառնուէին Քասախը, Հրազդանը եւ Ազատը։

Ըստ յոյն փիլիսոփայ եւ պատմագիր Պլուտարքոսի (Plutarch), (46 - 127), քաղաքի վայրը ճշդած ու յատակագիծի նախագիծը պատրաստած է հռոմայեցիներէն փախչելով Արտաշէսի մօտ ապաստան գտած գարթակենցի նշանաւոր զօրավար Աննիպալը (Հաննիպալ) (Carthaginian Hannibal)։ Մեր պատմահայր Մովսէս Խորենացին այս մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ արձանագրած։

Քաղաքին երեք կողմը շրջապատուած է գետի ջուրով, իսկ չորրորդ կողմը՝ ջուրով լեցուող արուեստական խրամով։ Քաղաքը շրջապատուած է նաեւ հսկայածաւալ պարիսպներով։ Քաղաքի միջնաբերդը ունի երկու շարք պարիսպ։ Ասոնք այնպէս մը շինուած են, որ վտանգի պահուն կարելի է զանոնք առանձին բերդերու վերածել։ Կը շինուին նաեւ պալատներ եւ մեհեան։

Միջնաբերդին մէջ կը գտնուի արքունի դղեակը ու մահապարտներու համար 6 մեթր խորութեամբ ու 4,4 մեթր տրամագիծով հսկայական քարապատ փոս մը։ Այդ փոսը յառաջիկային կը կոչուի Խոր Վիրապ։ Կը դառնայ նշանաւոր, շնորհիւ հոն նետուած մահապարտի մը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչին։

Հայ եւ օտար պատմիչներ շեշտած են քաղաքի մեծութիւնը եւ գեղեցկութիւնը։ Օտարներ քաղաքը կը կոչեն նաեւ «Հայոց Կարթագէն»ը։

Ք.Ա. 2-1 դարու յոյն պատմագիր՝ Ստրաբոն (Strabon) (Ք.Ա. 64 / 63- Ք.Ե. 23 / 24) քաղաքի մասին հետեւեալը կը գրէ. «.... գեղեցկօրէն շինուած է եւ երկրի թագաւորանիստ քաղաքն է։ Ան կը գտնուի գետածոցին, որ նման է թերակղզիի եւ անոր շուրջը, բացի պարանոցի մասէն, պարսպապատ է, իսկ պարանոցը փակուած է խրամով եւ պատուարով»։

Ըստ Մովսէս Խորենացիի Բագարանէն Արտաշատ կը փոխադրուին Անահիտ-Արտեմիսի արձանը եւ բոլոր հայրենական կուռքերը։ Տիր-Աբոլոնի արձանը կը կանգնեցնեն քաղաքէն դուրս՝ ճամբուն վրայ[3]։ Երուանդաշատի ամբողջ վայելչութիւնները, ինչ որ Երուանդ Արմաւիրէն փոխադրած էր եւ ինքն ալ աւելցուցած, կը բերուի Արտաշատ։ Արտաշէս ինքն ալ գեղեցիկ շինութիւններով քաղաքը կը սարքաւորէ, որպէս արքայանիստ քաղաք։

Հայերու այդ շրջանի ամէնասիրելի չաստուածուհին՝ Անահիտը, որ հին պարսկերէնով կը նշանակէ անբիծ, անարատ, հայոց աշխարհի պահապանը կը համարուի։ Ան միակ չաստուածուհին է, որ ունի ոսկեձոյլ արձան, այդ պատճառով ալ նաեւ կը կոչուի «Ոսկեմայր», «Ոսկեծին» եւ «Ոսկեհատ»։ Անահիտի ամէնանշանաւոր մեհեանը կը գտնուի Երիզա (Երզնկա՝ Էրզինճան), իսկ միւս նշանաւոր մեհեաններէն մին ալ՝ Արտաշատ։ Անահիտի տօնը կը կատարուի Նաւասարդ ամսուան 15-ին (Օգոստոս 25)։

Նաւասարդը, հին հայկական տոմարով, տարուան առաջին ամիսն է։ Մեր այսօրուան տոմարով Նաւասարդի 1-ը կը համապատասխանէ Օգոստոս 11-ին։

Քաղաքի աւերակներէն սիւներու կրաքարէ խարիսխները՝ Արտաշէս բերրի ու ոռոգելի հողերով շրջապատուած Արտաշատը արագօրէն զարգացնելու նպատակով Երուանդաշատէն, Արմաւիրէն եւ այլ տեղերէ մեծ թիւով բնակչութիւն կը տեղափոխէ։ Կը զարգանան արհեստները։ Պեղումներու ընթացքին կը յայտնաբերուին մեծ քանակութեամբ խեցեղէն, ապակեղէն եւ մետաղէ իրեր, ոսկիէ ու արծաթէ սպասք ու զարդեղէն։ Քաղաքը, գտնուելով «Մետաքսի Ճամբուն» վրայ, կը դառնայ միջազգային առեւտուրի գլխաւոր կեդրոններէն մին։ Ըստ Ք.Ա. 4-րդ դարու 60-ական թուականներուն գծագրուած հռոմէական «Պեւտինգերեան քարտէս»-ին, Արտաշատի տեղը, որ ուրարտական շրջանին (Ք.Ա. 860 - 580) ալ բնակելի վայր եղած է, այդ շրջանէն իսկ առեւտրական ուղիներով կապուած է Պարսկաստանի, Վրաստանի, Միջագետքի եւ այլ երկիրներու առեւտրական կեդրոններուն։

Արտաշատի միջազգային նշանակութիւնը ճանչցուած է նաեւ յետագային՝ Հուստինիանոս կայսերական հրովարտակով։ Արտաշատի մէջ կայ գանձատուն, մաքսատուն եւ փողերանոց, ուր կը կտրուի հայկական դրամ։ Գտնուած են պղինձէ դրամներ, որոնց վրայ յունարէնով գրուած է Արտաքսատա՝ Արտաշատ[4]։ Այս փողերանոցին մէջ Տիգրան Բ. Մեծի (Ք.Ա. 95 - 56) համար ալ դրամ կը կտրուի։

Տուները հողէ շինուած են՝ հարթ տանիքով կամ կղմինտրածածկ, սենեակները՝ սալայատակուած։ Բաղնիքները կեդրոնական ջեռուցումով են։ Կրակարանի ծուխը եւ տաքութիւնը կաւէ խողովակներով կ'անցնի բաղնիքի յատակէն ու պատերուն մէջէն՝ տաքցնելով շէնքը։

Քաղաքին մէջ կան քանի մը կամուրջներ, որոնցմէ ամէնահինն ու հռչակաւորը Երասխի վրայի «Տափերական» կամ «Արտաշատի կամուրջ» կոչուածն է։

Որոշ թաղամասի մը մէջ կը մշակուի որդան կարմիր միջատները, որոնց էգերէն կը ստացուի նշանաւոր «որդան կարմիր» ներկը, որուն համար մեծ պահանջք կայ։

Արտաւազդ Բ.-ի (Ք.Ա. 55 - 34) օրով կը կառուցուի քաղաքին ամֆիթատրոնը եւ թատերական արուեստը բաւական կը յառաջանայ։ Պարսիկներ Խառան քաղաքի մօտ, Ք.Ա. 53 թուականին, հռոմէական բանակը պարտութեան կը մատնեն։ Այս յաղթանակի առթիւ, Արտաւազդ, ի ներկայութեան Պարսկաստանի թագաւոր Որոտէսի, Արտաշատի մէջ անձամբ կը բեմադրէ յոյն թատերագիր Եւրիպիդէսի «Բաքոսուհիներ» տրաման։ Այս ներկայացման թուականը կը նկատուի որպէս հայոց թատրոնի ծագման թուական։ Պլուտարքոս իր «Թագաւորներու Եւ Զօրավարներու Ասոյթներ» գիրքին մէջ կը տեղեկացնէ, թէ Արտաւազդ յունարէնով գրած է ճառեր, պատմութիւններ եւ ողբերգութիւններ։ Մատնանշուած այս գրութիւնները մեր օրերուն չեն հասած։

Հողաբաժան սահմանաքարեր Արամերէն արձանագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաշէս Ա. Մեծ Հայքի ամբողջութիւնը հայոց թագաւորութեան դրօշակին տակ կը հաւաքէ։ Իր պետութեան սահմանները կը ճշդէ հայոց լեզուի տարածման շրջաններուն համաձայն, Կասպից ծովի արեւմտեան ափերէն մինչեւ Եփրատ գետը, Վիրահայոց լեռներէն մինչեւ Տաւրոսեան լեռնաշղթան։ Այսպիսով իր աւարտին կը հասցնէ շատոնց սկսած հայ ժողովուրդի կազմաւորման ընթացքը եւ այս կազմաւորումը քաղաքական իշխանութեամբ կ'ամրապնդէ։

Ստրաբոն, որ Ամասիա ծնած է, կը վկայէ, թէ իր շրջագայութեան ընթացքին Հայաստանի մէջ խօսուած միակ լեզուն հայերէնն է։

Արտաշէս երկիրը կառավարելու համար Հայաստանը կը բաժնէ չորս զինուորական շրջաններու։ Անդրանիկ որդւոյն՝ Արտաւազդին կը յանձնէ արեւելեան նահանգներու կառավարչութիւնը եւ հայոց բանակի սպարապետութիւնը։ Երկրորդ որդին՝ Վրոյրը կը նշանակէ տուրքերու, շինարարական ու արքունի գործերու կառավարիչ, երրորդ որդին՝ Տիրանը, արեւմտեան ու հինգերորդ որդին՝ Զարեհը, հիւսիսային շրջանի կառավարիչ։ Քրմապետութիւնը, որ կարեւոր պաշտօններէն մէկն է, կը վստահի չորրորդ զաւկին՝ Մաժանին։

Արտաւազդ Բ. Արտաշէսի հրամանով գիւղերու սահմանները կը ճշդուին եւ կը դրուին հողաբաժան սահմանաքարեր։ 1957-ին Սեւանի հարաւ-արեւմտեան եւ 1971-ին ալ՝ Իջեւան շրջանի Թեղուտ գիւղի մօտ, գտնուած այս սահմանաքարերու վրայի արձանագրութիւնները արամերէնով են։

Գորպուլոն (Corbulo)՝ Հռոմի Կապադովկիայի կուսակալը, (54 - 63), 58 թուականին, հռոմէական զօրքով Հայաստան կը ներխուժէ, կը գրաւէ Արտաշատը եւ 59-ի գարնան, քաղաքէն հեռանալէ առաջ, հակահռոմէական շարժումներու, պայքարի ու Հայաստանի անկախութեան ձգտող ուժերու կեդրոն այս քաղաքը հիմնայատակ կը կործանէ։ Ներոն՝ Հռոմի կայսրը (54 - 68.), 66-ին, Տրդատ Ա.-ի (52 - 75) Հռոմի կողմէ ալ ճանչցուելուն եւ հոն թագադրուելուն առթիւ, կը տրամադրէ 50 միլիոն տինար եւ հմուտ վարպետներ, որպէսզի այրած քաղաքը վերաշինուի։ 67-ին քաղաքը կը կոչուի Ներոնիա։ Այս անունը կարճ ժամանակէ մը վերջ գործածութենէ կը դադրի ու կը մոռցուի։

Արծաթէ դրամ՝ Արտաւազդ Բ., յունարէն գրութեամբ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վաղարշակ Ա.-ի (117 - 140) մահէն վերջ հռոմայեցիները Հայաստանի թագաւոր կը նշանակեն իրենց Ծերակոյտի անդամ, Եդեսիայի իշխանական տունէն Սոհեմոսը (140 - 161), որուն Խորենացին կը կոչէ Տիգրան։ Ան կը թագաւորէ Արտաշատի մէջ։ Հայկական ու պարսկական բանակները միասնաբար զինքը երկրէն կը հեռացնեն։ Հռոմայեցիները 162 թուին Արտաշատը կը գրաւեն եւ կ'աւերեն։

Երբ Պարսից Շապուհ Բ. (309 - 379) արքան 368-369-ին Հայաստանի վրայ կը յարձակի, կը քանդէ Արտաշատի պարիսպը եւ քարաշէն շէնքերը, կ'այրէ փայտաշէնները, քաղաքը աւերակի կը վերածէ։

Վարդանանց պատերազմէն (451) առաջ կաթողիկոսը, եպիսկոպոսները, իշխանները Արտաշատի մէջ ժողով կը գումարեն (449) եւ պարսից արքային կրօնափոխութիւն պահանջող նամակին պատասխան կը գրեն։

Մայրաքաղաքին Դուին փոխադրուիլն ու Մեծամօրին իր հունը փոխելը պատճառ կ'ըլլան, որ քաղաքը իր կենսունակութիւնը կորսնցնէ։

Արտաշատի տեղը կը ճշդուի 20-րդ դարու 20-30-ական թուականերուն։ Քաղաքը յայտնաբերելու համար պեղումները կը սկսին 1970 թուականին։

Այսօր, Երեւանէն 30 ք.մ. հարաւ-արեւելք կը գտնուի Արտաշատ քաղաքը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://www.armstat.am/file/article/bnakch_01.07.2015.pdf
  2. «ARTAXATA – Encyclopaedia Iranica»։ www.iranicaonline.org։ արտագրուած է՝ 2020-05-11 
  3. «Պատմական Արտաշատ: "Արտաշէսի ուրախութիւնը" - Արտաշատ/Խոր Վիրապ - Հայկական ժառանգութիւնը»։ www.armenianheritage.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-08-06-ին։ արտագրուած է՝ 2020-05-11 
  4. Արմենիա Ռուբեն Շուխյան Sputnik։ «Արտաշատ մայրաքաղաքը՝ «Հայկական Կարթագէն»»։ Sputnik Armenian (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-05-11