Աբովեանի տուն-թանգարան
Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարան, կը գործէ Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն համայնքին մէջ։ 25 Ապրիլ 1938-ին ՀԽՍՀ ժողովրդական կոմիսարներու խորհուրդին որոշումով Խաչատուր Աբովեանի տունը Քանաքեռի մէջ կը վերակառուցուի եւ կը վերածուի տուն-թանգարանի։ Թանգարանը կը սկսի գործել 1939 թուականի Նոյեմբերին։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանը կը գտնուի Քանաքեռի մէջ։ Քանաքեռը Հայաստանի ամենահին բնակավայրերէն մէկն է, կը գտնուի մայրաքաղաք Երեւանին կից եւ միեւնոյն ատեն ունի Երեւանէն 300 մեթր բարձրութիւն։ Քանաքեռը այն վայրերէն մէկն է, որ պէտք է անպայման այցելել Երեւան այցելելու ժամանակ։ Մարդիկ, սակայն, Քանաքեռ կը բարձրանան ո՛չ միայն քաղաքի այդ մասով հիանալու, այլ նաեւ տեսնելու այն տնակը, ուր իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է Խաչատուր Աբովեանը։ Աբովեանի նախնիները այս տան մէջ բնակութիւն հաստատած են Կովկասի լեռնականներու հետապնդումներէն փախուստի իրենց ճամփին։ Աբովեաններու տոհմը ի վիճակի եղած է այս տան մէջ հաստատուելու Խաչատուր Աբովեանի հօր՝ Պարոն Աբովի շնորհիւ։ Պարոն Աբովը եղած է այն մարդը, որ շուրջ 200 տարի առաջ, քարը քարին դնելով, իր ընտանիքին համար տանիք մը ապահոված է եւ կառուցած՝ հարթ տանիքով միայարկ այս տունը։ Տան պատերուն խորքը տարբեր մեծութեան խորշեր բացուած են եւ ծառայած են լոյսի ճրագներ ու կենցաղային տարբեր իրեր տեղադրելու։ Վերակառուցումի ընթացքին ամրացուած են պատերը, վերանորոգուած՝ պատշգամի փայտէ ճաղերն ու պազրիքները, պատուհաններուն փեղկերը, դռներն ու թոնիրը։ Տունը կահաւորած է Աբովենց հետնորդներուն մօտ պահպանուած եւ այն ժամանակները բնորոշող կենցաղային իրերով։ Պարոն Աբովի աւագ որդի Յարութիւնի ընտանիքը երկար ատեն հաստատուած մնաց Քանաքեռի մէջ, մինչդեռ կրտսեր որդիին՝ Աւետիսին ընտանիքէն միայն Խաչատուրը ողջ մնացած է ու հասած չափահասութիւն։
Տունը իր հիւրընկալ յարկին տակ բազմաթիւ հոգեւորականներ եւ մտաւորականներ ընդունած է։ Այցելուներու թիւը աճած է Խաչատուր Աբովեանի հռչակի տարածումէն յետոյ։ Նշուած այցելուներու կարգին եղած են Ֆրետերիք Պարրոտը, Ֆրետերիք Բոդենշտեդը, Գառլ Կոխը, Հերման Արիխը, Աւգուստ Հաքստհաուզէնը եւ ուրիշներ։ Հայ մեծանուն գործիչներէն այցելուներու կարգին եղած են Միքայէլ Նալպանտեան, Ստեփանոս Նազարեան, Պատկանեան եղբայրներ, Կոմիտաս, Մառ, Լէօ, Յովհաննէս Թումանեան, Ասքանազ Մռաւեան, Աղասի Խանճեան եւ ուրիշներ։
Հայ ժողովուրդը իր մեծագոյն գործիչին տունը դարձուցած է ուխտատեղի։ Այս աւանդոյթին հաւատարիմ մնալով Աբովեանի թանգարանը կը բացուի քանաքեռցի Աբովեաններու տոհմական տան մէջ, ուր ծնած էր Խաչատուր Աւետիսի Աբովեանը (1809-1848)։
Ուշագրաւ է նշել, որ Խաչատուր Աբովեանի հօրեղբօր թոռը՝ Արտեմ Աբովեանը, որուն ընտանիքը երկար ժամանակ ապրած է այս տան մէջ, ծանրաբեռնուած ընտանիքի հոգերով, ստիպուած է կ'ըլլայ տան պատշգամը պատով փակել եւ զայն դարձնել սենեակ։ Հայ հասարակութիւնը, սակայն, ուրախութեամբ չ'ընդունիր այս քայլը եւ Արտեմ Աբովեանը ստիպուած կ'ըլլայ քանդել պատը եւ տունը ձգել այնպէս, ինչպէս որ էր այն նախապէս՝ կշտամբանքները դադրեցնելու համար։ Արտեմ Աբովեանը եւս իր ներդրումը ունեցաւ տունը թանգարանի վերածելու աշխատանքներուն մէջ։ Հայաստանի լուսաւորութեան ժողկոմ Ասքանազ Մռաւեանը 1927 թուականին կ'այրելէ Քանաքեռ եւ կը խնդրէ Արտեմ Աբովեանին վաճառել Աբովեաններու հայրական տունը՝ զայն թանգարան դարձնելու նպատակով։ Տանտէրը, տրուած առաջարկէն խորապէս վիրաւորուելած, կը պատասխանէ, որ տունը ազատ է այցելուներուն համար։ Այս որոշումէն ետք ամբոխներու անվերջանալի հոսք կը սկսի դէպի Աբովեաններուն տունը։ Շրջանառուող պատմութեան համաձայն, մարդիկ իրենց սրտին մէջ կուտակուած բառերն ու սրտէն բխած խօսքերը կը ձգէին տան պատերուն եւ վերադարձի ճանապարհին իրենց հետ անպայման բուռ մը հող կը վերցնէին։ Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի քարտուղար Աղասի Խանճեանը 1934 թուականին կ'այրելէ Քանաքեռ՝ բերքահաւաքի ընթացքին հետեւելու նպատակով։ Ան նաեւ կ'այցելէ Աբովենց տունը եւ տան մէջ ոչ ոք գտնելով, 5֊10 րոպէ կը նստի մուտքին մօտ, ապա կը հեռանայ։
25 Ապրիլ 1938 թուականին, ՀԽՍՀ ժողովրդական կոմիսարներու խորհուրդը, հետեւեալ որոշումները կու տայ Խաչատուր Աբովեանի մահուան 90-ամեակին առիթով․
1․ Քանաքեռի մէջ Աբովեանի տունը վերակառուցել եւ դարձնել անոր կեանքն ու գործունէութիւնը ցուցադրող թանգարան։ Երեւանի մէջ, գրականութեան թանգարանին կից ստեղծել ցուցահանդէս՝ նուիրուած գրողի կեանքին ու ստեղծագործութեան։
2․ Ժողկոմխորհի ֆոնտէն այդ նպատակին համար յատկացնել 19000 ռուբլի։
Աբովենց տան մէջ այդ ժամանակ արդէն 10 տարի էր, որ ոչ ոք չէր ապրեր։ Անմիջապէս կը սկսին թանգարանի ձեւաւորման աշխատանքները՝ պատերէն կախելով փրոֆեսոր Ֆրետերիք Պարրոտի, Ստեփան Նազարեանի դիմանկարները, ինչպէս նաեւ Աբովեանի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերող այլ տարեթիւեր։ Քանաքեռի դպրոցի ուսուցիչ Էտուարդ Յովհաննիսեան կը նշանակուի նոր ձեւաւորուող թանգարանի կամաւոր վարիչը։ Անոր պարտականութիւնն էր ազատ ժամանակ ունենալու պարագային թանգարանը բանալ ու այցելուներուն գրողի կեանքին մասին պատմել։ Հետագային, թանգարանը ղեկավարած են Վիկթոր Զաքարեանը, Նաթալիա Սարգսեանը, Նինել Գէորգեանը, Անիկ Շահպազեանը, Սիրուշ Աբովեանը, Օնիկ Տայեանը, Ռաֆֆիկ Դալլաքեանը, Լ․ Երիցեանը եւ ուրիշներ։
Տարածքին մօտ 1979 թուականին կառուցուեցաւ նաեւ թանգարանի նոր մասնաշէնքը (ճարտարապետ` Լիպարիտ Սադոյեան), որուն ծաւալը ամբողջութեամբ բարձրացած է գետնի մակերեսէն` Խաչատուր Աբովեանի տոհմական բնակարանին վրայ։ Թանգարանի շէնքի հիւսիսային երկյարկանի մասին մէջ տեղադրուած են ցուցասրահները, դահլիճն ու աշխատասենեակները։
2005 թուականին թանգարանը հիմնովին կը վերանորոգուի։
Ցուցադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թանգարանի ստեղծուած օրէն, այնտեղ ցուցադրուած են Աբովեանի ձեռագիրները, որոնք թանգարանին յանձնած են գրողին ժառանգները։ Ձեռագիրները, սակայն ժառանգներուն միակ ներդրումը չեն ցուցահանդէսի նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ։ Անոնք թանգարանին յանձնած են նաեւ Խաչատուր Աբովեանի միակ դիմանկարը, որ նկարած էր մերձպալթեան նկարիչ Մայդէլը։ Այս նիւթերը թանգարանին յանձնելու պարտաւորութիւնը իրենց վրայ վերցուցած էին Աբովեանի թոռներ Լէոն, Վիկթորիան, Շուշանիկ Աբովեանները եւ անոնց աւագ եղբայրը՝ Կոստանթինի զաւակ Վարդան Աբովեանը։
Աբովենց թանգարան դարձած տան դռները վերջնականապէս կը բացուին 1939 թուականին։ Առկայ ցուցանմուշներուն կու գայ ամբողջացնելու գրականութեան թանգարանի կազմակերպած ցուցահանդէսը։
Թանգարանը իր գոյութեան ընթացքին հանդիսացած է մեծն գրողին յիշելու եւ պատուելու լաւագոյն վայրը։ Թանգարանը բազմիցս վերանորոգելու նպատակն է Աբովենց տան նախկին տեսքը հաղորդել եւ ցուցահանդէսի ընդմէջէն Աբովեանին լաւագոյն ձեւով ներկայացնել։
Հիմնական նորոգութենէն ետք ցուցադրութիւնը համալրուեցաւ մեծ հետաքրքրութիւն ներկայացնող վաւերագրերով, որ բաղկացած է 12 բաժիններէ՝ սկսած ծննդավայր Քանաքեռէն, Էջմիածինի Ճեմարանի, Ներսիսեան դպրոցի եւ Դորպատի համալսարանին մէջ ուսումնառութեան տարիներէն, 1826-1828 թուականներուն ռուս-պարսկական պատերազմի պատմութենէն, Արարատ լեռը բարձրանալու ուղեւորութենէն, գրական ու բանահաւաքական գործունէութենէն մինչեւ «Անյայտ բացակայութիւնը»։
Հիմնական ֆոնտին հաշուառուած է աւելի քան 650 առարկայ՝ գրողին գրական, մանկավարժական, գիտական եւ հասարակական գործունէութեան մասին պատմող ցուցանմուշներ, անոր երկերու անդրանիկ եւ հետագայ տարիներու հրատարակութիւնները, թարգմանութիւնները, ձեռագիրները, գրողին նվուիրուած արուեստի գործեր եւ այլն։ Ներկայացուած են գեղանկարչութեան առարկաներ, գծանկարներ, քանդակներ, կիրառական արուեստի առարկաներ, հնագիտական, կենցաղի եւ ազգագրական առարկաներ, լուսանկարներ եւ փաստաթուղթեր։ Յիշատակութեան արժանի են գրողի որդիին՝ Վարդանի ջութակը, հայ անուանի նկարիչներ Գէորգ Բաշինջաղեանի, Երուանդ Քոչարի, Էտուարդ Իսաբեկեանի եւ ուրիշներու կտաւները, հնատիպ եւ հազուագիւտ հրատարակութիւններ[1]։
Ցուցադրուած են «Վէրք Հայաստանի» վէպի առաջին եւ հետագայ հրատարակութիւնները, նմուշներ գրողի ձեռագիրներէն, թարգմանութիւններ, նամակներ, խնդրագիրներ, յօդուածներ եւ Խաչատուր Աբովեանի կեանքը արտացոլող հայ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններ[2]։
Նախաձեռնութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թանգարանը սերտօրէն կը համագործակցի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին հետ։ Այստեղ կը կազմակերպուին ապագայ մանկավարժներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւնները եւ թանգարանագիտութեան բաժինի ուսանողներուն գործնական վարժութիւնները։ Դպրոցականներու եւ ուսանողներու համար տեղի կ'ունենան նաեւ կրթական ու ժամանցային ծրագիրներ։
Հասցէ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն համայնքին մէջ, Քանաքեռի 2-րդ փողոցի 5 հասցէով։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարան» ՊՈԱԿ[permanent dead link]
- ↑ «Եղեգնեայ գրչով. գրական Երեւան | Խաչատուր Աբովեան»։ Журнал ЖАМ։ արտագրուած է՝ 2018-01-27
Ուիքիպահեստ նախագիծի Աբովեանի տուն-թանգարան ստորոգութեան մէջ կրնաք գտնել յաւելեալ պատկերազարդում այս նիւթի վերաբերեալ։ |