Jump to content

Երկաթ Եւ Պողպատ

Երկաթ եւ Պողպատ, երկաթը տոկուն եւ ճկուն մետաղ մըն է: Ամէնէն կարեւոր եւ ամէնէն շատ գործածուած մետաղն է: Զուտ չէ իր բնական վիճակին մէջ, այլ խառնուած՝ ուրիշ նիւթերու, թթուածնատներու հետ:

Պահածոներու տուփեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պահածոներու տուփերը կը պատրաստուին թիթեղէ՝ ծածկուած անագով, որ արգելք կ'ըլլայ ժանգին: Թիթեղի թերթերուն կը տրուի գլանի ձեւ՝ ծայրերը կիզազօդելով: Յատակը եւ գագաթը կը կտրուին: Յատակի եզրը կը կցուի, որմէ ետք տուփերը կը լեցուին եւ կափարիչը կը դրուի: Խմիչքի շիշերը, ընդհանրապէս, կը շինուին ալիւմինիւմէ՝ թեթեւ մետաղէ մը, որ չի ժանգոտիր:

Երկաթը կը հանեն երկրին ընդերքէն, ուր կը գտնուի հանածոյ վիճակի մէջ։ Անզուտ երկաթը, խառնուած գետնածխակին եւ կիրին, կը դրուի մեծ հնոցի մը մէջ (կրակի դիմացող աղիւսներէ պատրաստուած փուռ): Տաք օդ կը փչեն մէջը, եւ տաքութեան ազդեցութեան տակ անզուտ երկաթը եւ գետնածխակը հեղուկ երկաթի կը վերածուին: Կիրի յաւելումով կարելի կը դառնայ աղտոտութիւններու վերացումը:

Պողպատ ունենալու համար բաւարար է հեղուկ երկաթէն իր պարունակած բնածուխին մէկ մասը հանել: Որմէ ետք երկաթը կ'անցնի ճնշուած օդի մը հոսանքէն, որուն պարունակած թթուածինը կ'այրէ աւելորդ բնածուխը: Հեղուկ պողպատը կը լեցուի կաղապարներու մէջ։ Ինքնաշարժներու բազմաթիւ մասերը պողպատէ կը շինուին, ինչպէս շարժիչը: Երկաթուղին, որուն վրայ շոգեկառքը կը սուրայ, պողպատէ կը շինուի:

  • ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՄ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱԿՍ, 2001-2002, ԻՆՉՊԷ՞Ս ՇԻՆՈՒԱԾ Է, ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ CCM: