Միջերկրական Ծով
Միջերկրական Ծով[1] (Յունարէն՝ Μεσόγειος Θάλασσα, Լատիներէն՝ Mare Mediterranea), գոց ծով է։ Կը գտնուի երեք ցամաքամասերուն մէջտեղը․ հիւսիսէն Եւրոպա, հարաւէն Ափրիկէ եւ արեւելքէն՝ Ասիա։ Արեւմուտքէն, Ատլանտեան Ովկիանոսին կը միանայ Ճիպրալթարի Նեղուցով, հարաւէն Կարմիր Ծովուն՝ Սուէզի ջրանցքով։
Միջերկրական Ծովը կը շրջապատեն հետեւեալ ջրափնեայ երկիրները․ կը նշենք ժամացոյցի սլաքի կարգով, արեւմուտքէն՝ արեւելք։ Սպանիա, Ֆրանսա, Մոնաքօ, Իտալիա, Սլովէնիա, Քրոաթիա, Պոսնիա-Հերցեգովինա, Մոնթէնեկրօ, Ալպանիա, Յունաստան, Թուրքիա, Սուրիա, Լիբանան, Իսրայէլ, Եգիպտոս, Լիպիա, Թիւնիզ, Ալճերիա եւ Մարոք։ Մալթա եւ Կիպրոս կղզի-պետութիւնները կը գտնուին ծովուն մէջ։ Առաւել Կազան եւ Բրիտանական Անդրածովեան Տարածքները՝ Ճիպրալթար ու Աքրոդիրի եւ Տեքելիա (Կիպրոսին հարաւը)։Spanish autonomous cities of Ceuta and Melilla and nearby islands, the Sovereign Base Areas on Cyprus, and the Palestinian Gaza Strip.
Միջերկրականը մեծ դեր խաղցած է արեւմտեան քաղաքակրթութեան զարգացման եւ տարածման։
Միջերկրական Ծովը հին ժամանակներէն փոխադրութեան կարեւոր ճամբաներէն է․ առեւտուրի եւ անոր աւազանին շուրջը ապրող ժողովուրդներուն քաղաքակրթութիւններուն (միջագետքի, եգիպտական, պարսկական, փիւնիկեան, կարթակենի, վերվերներուն, յունական, էթրուսքեան, հռոմէական, բիւզանդական, արաբական-իսլամական նուաճում- եւ օսմանեան) փոխանակման կեդրոններէն։
Միջերկրական ծովուն տարածքն է մօտաւորապէս 2,5 միլիոն քառակուսի քիլոմեթր, ջուրի ծաւալը՝ 3,829,000 խորանարդ քմ։ Առաւելագոյն խորութիւնը Յոնիական ծովուն մէջ գտնուող Քալիփսօ խորամասն[2] է 5,267 մեթր խորութեամբ, Պեղոպոնեզի արեւմուտքը գտնուող Փիլոս ծովեզերիայ քաղաքէն հարաւ արեւմուտքը։
Անունը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հակառակ անոր թէ, հնագոյն ժամանակներէն անոր եզերային շրջագիծին զարգացան շատ եւ տարբեր քաղաքակրթութիւններ, սկիզբէն յստակ անուանում չունեցաւ։
Հիրոտոդոն, օրինակ, կը գործածէ Միջերկրական Ծովուն մէջ գտնուող ծովերուն եւ ծոցերուն անունները։ Այլ հին յոյներ, ինչպէս Սդրապոն Στράβων , զայն կ'անուանէ․- «η εντός και καθ΄ ημάς λεγομένη θάλασσα» (= մեր ներքին եւ մեր շուրջի ծովը ) ․ յիշատակում, զոր հռոմէացիները կը հետեւին եւ կ՛իւրացնեն թարգմանելով՝ «Μare Νostrum»։ Ուրիշ հռոմէացիներ «mare internum» կամ «mare insentinum» (= ներքին ծով) նաեւ «Μare magnum» (=Մեծ ծով) եզրերը կը գործածեն։[3]
Հին ժամանակ հռոմէացիներն այս ծովը կ'անուանեն Mare Nostrum (լատիներէն՝ Մեր ծովը), քանի Հռոմէական կայսրութեան մէջ կ՛ընդգրկուի։ Աստուածաշունչին մէջ յայտնի է «Մեծ ծով» անունով։
3-րդ դարուն, Լատինները կը սկսին գործածել Միջերկրական Ծով անունը․ առաջին Սոլինօն զայն կ՛ անուանէ «Mare Mediterraneum», որպէսզի նշէ ցամաքամասերու միջեւ գտնուող ծովը։ Այս անուանումը յունական μεσόγειος -mesógeios (″inland միջերկրեայ″) անունին պատճեցումն է․ mésos - մէջտեղը ("in the middle ") եւ γήινος - երկրի (gḗinos)՝ γῆ - հողատարածք, երկիր (gê, ″land, earth") ։[4]
Պատմական անուններ տրուած են Միջերկրականի ուրոյն շրջաններու համար․ Սարտինեան ծով, Իբերիական ծով, ֆրանսական ծով, Դիրինեան ծով, Յոնիական ծով, Էգէական ծով, Ատրիադիք ծով, Ռոտոսիան ծով, Կիպրիական ծով, Կիլիկիան, եւայլն։
16-րդ եւ 17-րդ դարերուն, Միջերկրական Ծովը նաեւ կ՛անուանեն՝ Սպիտակ Ծով Λευκή θάλασσα կամ Յոյներուն Ծով։ Թուրքերը՝ Akdeniz (Ճերմակ Ծով)։[5]
Իտալերէն՝ Mare Mediterraneo Սպաներէն՝ Mar Mediterráneo Ֆրանսերէն՝ Mer Méditerranée Անգլերէն՝ Mediterranean Sea Գերմաներէն՝ Mittelmeer Եբրայերէն՝ הַיָּם הַתִּיכוֹן Հա-յամ հա-թիխոն («Միջին ծով») Յունարէն՝ Μεσόγειος Θάλασσα Մեսոկէյոս թալասա Թրքերէն՝ Akdeniz Աքտենիզ («Սպիտակ ծով») Վրացերէն՝ ხმელთაშუა ზღვა Խմելթաշուա զղվա Խորվաթերէն՝ Sredozemno more Սրետոզեմնօ մորէ Արաբերէն՝ البحر الأبيض المتوسط Ալ Պահըր Ըլ Ապիատ Ալ Մութաուասըդ
Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Միջերկրական Ծովուն աւազանին գաղթօճախներու հիմնում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Միջերկրական Ծովը եղած է դասական աշխարհին բնօրրանը[6]։ Հնագոյն եւ Ք․ա․ Դասական շրջանին անոր աւազանին շուրջ զարգացան եւ տարածուեցան միջերկրածովեան նշանաւոր երկու քաղաքակրթութիւնները՝ Փիւնիկեան եւ յունական։
Ք․ա․ 1500 թուականէն մինչեւ Ք․ա․300 թուական, Փիւնիկեցիները գաղթօճախներ կը հիմնեն Միջերկրականի աւազանին գլխաւորաբար արեւելեան ափերուն։
«Յունական Մութ դարերու»ն որ «երկրաչաբական շրջան» ալ կը կոչուի (Ք․ա․ 1100 - 700) եւ 6-րդ դարուն, յունական ցեղեր կը գաղթեն Միջերկրական Ծովուն արեւելեան մասին Էգէական ծովուն յունական կղզիներն ու Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ափերը եւ յաջորդաբար Միջերկրականի աւազանի ջրափնեայ շրջանները։
Այս գաղթօճախները կը հասնին բարեկեցութեան բարձր մակարդակի,
Հռոմէական Կայսրութեան շրջանէն մինչեւ Բիւզանդական Կայսրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հռոմէացիները Միջերկրական Ծովը կ'անուանեն Mare Nostrum (բառացի՝ «Մեր ծովը»)։ Հռոմի կայսրութեան փլուզումէն ետք միջերկրածովեան տարածաշրջանը կը դադրի քաղաքական մէկ միաւոր ըլլալէ։[7] 476 թուականին Հռոմի անկումէն ետք արեւելեան ծայրամասին մօտ 1000 տարի իր գերիշխանութիւնը կը հաստատածէ Բիւզանդական Կայսրութիւնը։
Միջերկրական Ծովուն աւազանին արեւելեան մասին իսլամական պետութիւններու հաստատումէն ետք, տարածքաշրջանը կը դառնայ մշտական քաղաքական ընդհարումներու առարկայ։[6] Իր առաւելագոյն ընդարձակութեան ատենը Արաբական կայսրութիւնը կը վերահսկէ միջերկրական տարածաշրջանին 75%-ը։ Միջնադարի ժամանակաշրջանի վերջաւորութեան եւ Վերածնունդի դարաշրջանին կը կազմաւորուին եւրոպական նոր փոքր իշխանութիւն-պետութիւններ։ Սակայն, անոնք, ինչպէս օրինակ՝ Վենետիկը, ի վիճակի չեն տարածաշրջանը միաւորել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն։
Բիւզանդական Կայսրութիւնը կը տապալի 1453-ին՝ Կոստանդնուպոլիսի գրաւումով։ Սուրիայէն մինչեւ Մարոքօ գտնուած տարածքներուն մէջ եւրոպացիները կը հիմնեն իրենց գաղութները։ Սակայն, իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող մրցակցութեան պատճառաւ, անոնք չեն կրնար կասեցնել օր ըստ օրէ զօրացող Օսմանեան կայսրութիւնը։
Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Միջերկրական ծովուն հարաւ արեւելեան ափերուն ստեղծուեցաւ ու զարգացաւ 12-րդ դարուն կէսէն մինչեւ 14-րդ դար, Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւնը։
Օսմանեան Կայսրութեան շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
16-րդ դարուն օսմանցիներն արդէն կը վերահսկեն Ծովուն մեծ մասը եւ ունին ծովային խարիսխներ Ալճերիոյ եւ Թիւնիզին ափերուն։
Օսմանցի նաւապետ Հայրետտին Պարպարոսա Barbarossa եւրոպական նաւային ուժերուն դէմ տարած՝ 1538 թուականին Փրեվեզային (Յունաստան, Յոնիական Ծովուն ափին) Battle of Preveza եւ 1560 թուականին Ճերպայի (կղզի, Թիւնիզ) Battle of Djerba ծովամարտերուն յաղթանակներով, Միջերկրական Ծովուն կը տիրէ։ Օսմանեան ծովուժին բացարձակ տիրապետութիւնը Միջերկրական Ծովուն վրայ, վերջ կը գտնէ Հոկտեմբեր 1571 թուականին, Լեբանդոյի (Նավփաքթօ, Կորնթոսի Ծոց, Յունաստան) ծովամարտով ․ ցռկանաւերու գործածութեամբ վերջին ծովամարտն է։
Ցռկանները galleys կը գործածուէին հնագոյն ժամանակներէն, Ք․ա․ 2-րդ հազարամեակէն մինչեւ իսկ 19-րդ դարուն սկիզբները, Միջերկրական Ծովու աւազանին շուրջ ապրող ժողովուրդներէն առեւտուրի, ծովամարտի եւ նաեւ ծովահէնութեան (Պարպարեան ծովահէնները կամ Օսմանցի ծովանէնները Միջերկրական Ծովուն կը գերիշխեն 16-րդ մինչեւ 18-րդ դարերուն․ անոնց մեկնակէտն է Ծովուն աւազանին Ափրիկէին հիւսիս-արեւմտեան ափերը․ այս երեք դարերուն ընթացքին մէկ միլիոնէ աւելի եւրոպացիներ իբրեւ ստրուկ կը գերեն, կ՛առեւանգեն)։
Յատկանշական են Յոյներուն, Փիւնիկեցիներուն եւ Հռոմէացիներուն նաւային զօրուժի ցռկանները։
Նորագոյն շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Առեւտուրի եւ քաղաքակրթութիւններու փոխանակման եւ զարգացման կարեւոր ներդրումէն զատ, Միջերկրական Ծովը ռազմական կարեւորութիւն ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ։ Ծովի հսկողութիւնը կռուախնձոր կը դառնայ 20-րդ դարուն երկու Համաշխարհային պատերազմներուն ընթացքին։
21-րդ դար եւ գաղթականներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ասիոյ եւ Ափրիկէի կարգ մը երկիրներու եւ Միջին Արեւելքի (յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի) պատերազմները, քաղաքական խառնաշփոթ կացութիւնները յառաջացուցած են գաղթականութեան մեծ ալիքներ․ հազարներով մարդկային զոհեր տալով։ Միջերկրական ծովը թատերաբեմ է մարդկային ողբերգրութեան։
Յունաստանը եւ Իտալիան այդ երկիրներն են, որոնք ուղղակի կ՛ազդուին գաղթականութեան տակնապէն։ 2013 թուականէն, 700․000-է աւելի ափրիկեցի մանաւանդ Սահարայի շրջաններէն գաղթականներ Ծովու ճամբով անցած են ու կը շարունակեն անցնիլ Իտալիա, յոյսով՝ ընդունուիլ հիւսիսային եւրոպայի երկիրներէն․ հազարներով խեղդամահ կ՛ըլլան․․․ Եւրոպայի Խորհրդարանին Նախագահ, Մարդին Շուլց, 2014-ին յը յայտարարէ թէ «Եւրոպայի գաղթականութեան դիմագրաւումի քաղաքականութիւնը, Միջերկրական Ծովը գերեզմանի վերածեց»․ խօսքը կը վերաբերէր հազարաւոր խեղդամահ գաղթականներուն՝ հետեւանք քաղաքականութիւններու․․։[8]
Իսկ 2015 թուականէն, նոյնպէս Յունաստան կ՛ընդունի հարիւր հազարներով գաղթականներ (Ասիոյ եւ Ափրիկէի տնտեսական եւ քաղաքական անապահով կացութեամբ երկիրներէ). կը գործածեն Յունաստանը իբրեւ Եւրոպայի մուտք։ Միայն 2015-ին Յունաստան կ՛ընդունի 856,723 գաղթականներ (կէսը փախստականներ Սուրիոյ պատերազմէն․) իսկ մինչեւ Սեպտ․ 15, 2019-ին Էգէական ծովէն Յունաստան անցած են 29,709 եւ ցամաքէն՝ 8,889 հոգի։[9]
Նախորդ տարիներու Յունաստան ժամանած գաղթականներու պաշտօնական թիւ (դժբախտաբար բուն թիւը աւելի բարձր է)․-
Տարի | Ծովի ճամբով | Ցամաքի ճամբով | Անցնելու ընթացքին (մանաւանդ ծովէն) մեռած կամ անյայտ |
2018 | 32,494 | 18,014 | 174 |
2017 | 29,718 | 6,592 | 59 |
2016 | 173,450 | 3,784 | 441 |
2015 | 856,723 | 4,907 | 799 |
2014 | 41,038 | 2,280 | 405 |
Տնտեսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աւազանին շուրջի երկիրները մեծապէս կ՛օգտուին Ծովուն ընձեռած բարիքներէն։ Զբօսաշրջիկութիւնը եւ նաւային ճարտարարուեստը գլխաւոր ազդակներէն են․ քաղաք-նաւահանգիստները կը բարգաւաճին, համաշխարհային տնտեսական գլխաւոր կեդրոններ կը դառնան [10]։ Ըստ BTS-ի (Փոխադրութեան Վիճակագրական Գրասենեակ), յունական նաւատորմիղը որ առաջին քայլերը Միջերկրական Ծովուն մէջ ըրաւ, այժմ աշխարհի ամենամեծն է․ 3․079 նաւերով համաշխարհային նաւատորմիղի 18% կը կազմէ ։
Միջերկրականի աւազանին բնակչութեան թիւը 150 միլիոնէ աւելի կը հաշուէ։ Աւազանը ամէն տարի կ՛ընդունի 200 միլիոնէ աւելի զբօսաշրջիկներ։ Աշխարհի նաւային քարիւղի բեռնատար նաւերէն 20% եւ առեւտուրի՝ 30%, 120․000 նաւեր, Միջերկրականը կ՛երթեւեկեն։ Օրական հերթականութեամբ, 250-300 քարիւղատար նաւեր կ՛անցնին Ծովէն։
250․000-է աւելի ձկնորսներ կ՛աշխատին ձկնորսանաւերուն մէջ։ Արհեստական ձկնորսութիւնը գործի մատակարարութեան 60% կը կազմէ եւ իր 67․000 նաւերով ձկնորսութեան նաւերուն ընդհանուր թիւին 80% կը կազմէ։[11]
Ապականում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նաւային արկածները որ կը պատահին, քարիւղի վատնում եւ անկանոն ձկնորսութիւնը, ինչպէս նաեւ նաւային խիտ երթեւեկութիւնը (առեւտուր, զբօսանաւեր), գլխաւոր պատճառներէն են աւազանին ջուրի ապականման եւ կենսահարստութեան նահանջին։ [11][12]
Զբօսաշրջիկութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Առաջին զբօսաշրջիկութեան իմաստով պտոյտ-այցելութիւնները տեղի կ՛ունենան զուտ մշակութային բնոյթով․ 18-րդ դարուն, հիւսիսային Եւրոպայի ազնուական դասակարգին պատկանող երիտասարդներ, Իտալիա, Յունաստան եւ Օսմանեան Միջին Արեւելքը կ՛այցելեն։
19-րդ դարուն, անգլիացի ազնուականներ կամ հարուստներ, ձմեռները կ՛այցելեն Միջերկրական Ծովուն ափերուն եւ բազմաթիւ արքունիք-բնակարաններ կը կառուցեն, մանաւանդ հարաւային Ֆրանսայի Նիս Nice քաղաքը․ կը յիշատակուի la promenade des Anglais ծովեզրիայ պողոտայով։
Զբօսաշրջիկութիւնը Միջերկրական Ծովու աւազանին շուրջը ներկայ իմաստով՝ ծովու լոգանքներ, արեւուն երկննալ․․ կը սկսի 1902 թուականին, Անտրէ Կիտին André Gide «Բարոյազանց» L'Immoraliste գիրքով։ 1905-ին, գրագէտ Թէօ Վաղլէ Théo Varlet կը ստեղծէ մերկապաշտութիւնը։ Իսկ 1927-ին, Գօգօ Շանել Coco Chanel կը գայթակղէ հանրութիւնը՝ ծովու եւ արեւու լոգանք առնելով հարաւային Ֆրանսայի Côte d'Azur շրջանը։
1936 թուականին, Ֆրանսայի մէջ կը սկսի վճարուած արձակուրդի դրութիւնը․ (ներկայ արձակուրդի հասկացումով)։ Բ․ Համաշխարհային պատերազմէն ետք, Միջերկրականի աւազանին եւրոպական մասի եւ յետագային հարաւային մասին մէջ կը սկսի զբօսաշրջիկութիւնը, նախ դանդաղ քայլերով, հասնելու համար ներկայ զարգացման եւ տարածման։
1950 թուականին, պելճիքացի գործարար Ժերար Պլից Gérard Blitz կը հիմնէ Club Méditerranée․ արձակուրդի ճամբարներ։ Նախ Սպանիոյ Մայորքա կղզիին մէջ l'île de Majorque , ապա՝ Իտալիա, Յունաստան, Թուրքիա եւայլն․․։
Այժմ, Միջերկրականի աւազանը զբօսաշրջիկութեան համաշխարհային գլխաւոր կեդրոնն է․ մանաւանդ հարաւային Եւրոպայի երկիրները իրենց հնագոյն պատմութեամբ ու մշակոյթով, հնագիտական վայրերով, ծովեզերիայ շրջաններով եւ կղզիներով։ Նաեւ հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներէն՝ Եգիպտոսը, եւ մասամբ Թիւնիզը, Մարոքոն։
Համաշխարհային հրապոյր կը պատճառեն Սպանիոյ Մայորքա եւ Իպիզա կղզիները, հարաւային ֆրանսայի ծովափնիայ շրջանը՝ Côte d'Azur, Մոնաքօն, Մալթան, Իտալիոյ տարածքը , Յունաստանը եւ իր կղզիները՝ Միքոնօ, Սանդորինի, Քորֆու․․․․
Աշխարհագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջերկրական Ծովը արեւմուտքէն Ատլանտեան ովկիանոսին կը միանայ Ճիպրալթարի Նեղուցով (Հոմերոսին գրութիւններուն մէջ կը հանդիպինք ″Հէրքիւլեսին Սիւները″ Ηράκλειες στήλες անուանման), արեւելքէն Մարմարայի եւ Սեւ Ծովերուն՝ յաջորդաբար Տարտանելի եւ Վոսպորի նեղուցներէն․ Տարտանելը (Մարմարայի ծովը) յաճախ կը սեպուի Միջերկրական Ծովուն շարունակութիւնը։ Հարաւէն արուեստական Սուէզի ջրանցքով, Կարմիր Ծովուն կը կապուի։
[13] Ծովի տարածութիւնն է 2.500.000ք․քլմ․։ Աշխարհի ամենամեծ գոց ծովն է։ Անոր աւազանի երկիրներէն, Յունաստանը իր կղզիներով Միջերկրականի ամենէն երկար եզերային շրջագիծը ունի։
Ծովուն առաւելագոյն խորութիւնը Յոնիական ծովուն մէջ գտնուող Քալիփսօ խորամասն է 5,267 մեթր խորութեամբ։
Կլիմայ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Միջերկրական Ծովուն կլիման բարեխառն է։ Անոր ծովեզրերուն կլիման կը յատկանշուի տաք ու չոր ամառներով եւ քաղցր, մեղմ ձմեռներով։ Սակայն, հարաւ արեւելեան աւազանը ունի տաք, անապատի կլիմայի յատկանիշներ։ Նաեւ, եղանակներու փոփոխութեան միջեւ, կը հանդիպինք տեղական մրրիկներու։
Ծովը ունենալով բաց անցքներ, ենթակայ է մնայուն ջուրի հոսանքներու․ Միջերկրականի աւազանի կլիմայական փոփոխութիւններուն գլխաւոր ազդակներէն։ Սուէզի ջրանցքին բացումէն ետք, Կարմիր Ծովուն ջուրի յատկութիւնները՝ աղոտ, տաք, ձուկերուն բազմազանութիւն, տարիներու ընթացքին կամաց կամաց թափանցեցին ու կը շարունակեն Միջերկրականի աւազանին։ 1959 թուականէն մինչեւ 1989, կը նկատուի Ծովուն ջուրի ջերմութեան բարձրացում՝ 0.12 °C եւ պիտի շարունակուի։ Իսկ, Ծովի ջուրին գահավիժումը, կ՛առաջացնէ աղիութեան աճ։[12]
Ջրափնեայ Երկիրները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցանկը կը սկսուի Սպանիայէն եւ կը շարունակուէ ժամացոյցի սլաքի շարժման ուղղութեամբ.-
Երկիր | Ծովեզերքի երկարութիւնը քմ [14][15] |
200 հազարէն աւելի բնակչութիւն ունեցող ծովեզերիայ քաղաքները |
---|---|---|
![]() |
Ալիքանթէ, Պատալոնա, Պարսելոն, Քարթախենա, Մալակա, Փալմա, Վալենսիա | |
![]() |
Մարսէյ, Մոնփելիէ, Նիս | |
![]() |
7600 | Պարի, Քաթանիա, Ճենովա, Մեսինա, Նափոլի, Փալերմօ, Հռոմ, Դրիեստէ, Վենետիկ |
![]() |
46.6 | |
![]() |
5 835 | Սփլիթ, Տուպրովնիք |
![]() |
20 | |
![]() |
293.5 | |
![]() |
362 | Տուրեշ |
![]() |
13 676 | Աթէնք, Փիրէա, Փաթրա, Թեսաղոնիկէ |
![]() |
Ատանա, Անթալիա, Իսքենտերուն (Ալեքսանտրէդ), Իզմիր, Մերսին | |
![]() |
193 | Լաթաքիա |
![]() |
225 | Պէյրութ, Թրիփոլի |
![]() |
273 | Աշտոտ, Հայֆա, Թել Ավիւ |
![]() |
Գահիրէ, Աղեքսանտրիա, Տամիեթա, Փորթ Սայիտ | |
![]() |
1 770 | Պենկազի, Հոմս, Մըսրաթա, Թրիպոլի, Ազ-Զաուիա |
![]() |
1 148 | Սֆաքս, Թիւնիզ |
![]() |
998 | Աննապա, Օրան |
![]() |
Թեթուան, Թանժեր |
Տասը ամենամեծ կղզիները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անուն | Տեսք | Պատկանելութիւն | Տարածք (քմ²) |
Բնակչութիւն | |
---|---|---|---|---|---|
1 | Սիքելիա | ![]() |
25 460 | 5 010 000 | |
2 | Սարտինիա | ![]() |
![]() |
23 813 | 1 656 000 |
3 | Կիպրոս | ![]() |
![]() |
9 251 | 1 048 000 |
4 | Քորսիքա | ![]() |
![]() |
8 681 | 275 000 |
5 | Կրետէ | ![]() |
![]() |
8 261 | 624 000 |
6 | Էվիա | ![]() |
![]() |
3 655 | 218 000 |
7 | Մայորքա | ![]() |
![]() |
3 640 | 778 000 |
8 | Լեզվոս | ![]() |
![]() |
1 630 | 90 000 |
9 | Ռոտոս | ![]() |
![]() |
1 398 | 117 000 |
10 | Խիոս | ![]() |
![]() |
842 | 52 000 |
Ստորաբաժանումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ջրագրական Միջազգային Կազմակերպութիւնը International Hydrographic Organization (IHO), Միջերկրական Ծովը կը բաժնէ փոքր ծովերու․ իւրաքանչիւրը իր տեղական, պատմական անուանումով։ Արեւելքէն արեւմուտք՝
- Ճիպրալթարի Նեղուց - Strait of Gibraltar
- Ալպահրան Ծով, Alboran Sea - Սպանիայի եւ Մարոքին միջեւ
- Պալէարեան Ծով, Balearic Sea - Սպանիոյ ցամաքամասին եւ Պալէարեան կղզիներուն միջեւ
- Լիկուրեան Ծով, Ligurian Sea - Քորս կղզիին եւ Լիկուրիոյ (Իտալիա) միջեւ
- Դիռինեան ծով, Tyrrhenian Sea - Իտալիոյ ցամաքամասին եւ Սարտինիոյ ու Սիքելիոյ կղզիներուն միջեւ
- Յոնիական ծով, Ionian Sea - Իտալիոյ, Յունաստանի միջեւ
- Ատրիադիք ծով, Adriatic Sea - Իտալիոյ, Սլովէնիոյ, Քրուաթիոյ, Պոզնիոյ-Հերցեկովինայի, Մոնթենեկրոյի եւ Ալպանիոյ միջեւ
- Էգէական ծով, Aegean Sea - Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ

Երկրորդական ծովեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծովեր իրենց տեղական կամ պատմական անուններով։ Արեւելքէն արեւմուտք՝
- Սարտինիոյ Ծով, Sea of Sardinia - Սարտինիոյ եւ Պալէարեան կղզիներուն միջեւ․ Պալէարեան Ծովուն մէկ մասը
- Սիքելիոյ Ծով, Sea of Sicily - Սիքելիոյ եւ Թիւնիզին միջեւ
- Լիպիոյ Ծով, Libyan Sea - Լիպիոյ եւ Կրետէին միջեւ
- Էգէական Ծովուն մէջի ծովեր
- Թրակեան Ծով, Thracian Sea - Էգէական Ծովուն հիւսիսը
- Միրդոյան Ծով, Myrtoan Sea - Պեղոպոնեզի եւ Քիքլատես կղզիներուն միջեւ
- Կրետական Ծով, Sea of Crete - համանուն կղզիին հիւսիսը
- Իքարիոյ Ծով, Icarian Sea - համանուն կղզիին շուրջը, Քոս եւ Խիոս կղզիներուն միջեւ
- Կիլիկիան Ծով, Cilician Sea - Թուրքիոյ եւ Կիպրոսին միջեւ
- Լեվանդին Ծով, Levantine Sea - Միջերկրական Ծովու արեւելեան ծայրամասը

Գլխաւոր Ծոցեր, ջրանցքներ, նեղուցներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արումուտքէն՝ արեւելք
- Ճիպրալթարի Նեղուց, Strait of Gibraltar կը կապէ Ադլանտեան Ովկիանոսը Միջերկրական Ծովուն հետ, Սպանիոյ եւ Մարոքի միջեւ
- Ճիպրալթարի խորշ, Bay of Gibraltar - Իպէրիոյ թերակղզիին հարաւաին մասը
- Վալենսիայի Ծոցը, Gulf of Valencia - Սպանիոյ արեւելքը
- Առիւծին Ծոցը, Gulf of Lion - հարաւային Ֆրանսա
- Քորսիքայի Ջրանցքը, Corsica Channel - Քորսիքայի եւ Իտալիոյ միջեւ
- Պոնիֆացիոյին Նեղուցը, Strait of Bonifacio - Սարտինիոյ եւ Քորսիքային միջեւ
- Կօզոյի Ջրանցք, Gozo Channel - Մալթայի եւ Կօզոյի միջեւ
- Ճենոայի Ծոցը, Gulf of Genoa - Իտալիոյ հիւսիս արեւմուտք
- Մեսինային Նեղուցը, Strait of Messina - Սիքելիոյ եւ Քալավրիա թերաղկզիին միջեւ, Իտալիա
- Սալեռնոյի Ծոցը, Gulf of Salerno - Իտալիոյ հարաւ արեւմուտք
- Կաէդայի Ծոցը, Gulf of Gaeta - Իտալիոյ հարաւ արեւմուտք
- Սիքելիոյ Նեղուցը, Strait of Sicily - Սիքելիոյ եւ Թիւնիզին միջեւ
- Մալթայի Ջրանցքը, Malta Channel - Սիքելիոյ եւ Մալթայի միջեւ
- Սիտրայի Ծոցը, Gulf of Sidra - Թրիփոլիդիանայի (արեւմտեան Լիպիա) եւ Քիրինայքայի միջեւ (արեւելիան Լիպիա )
- Վենետիկի Ծոցը, Gulf of Venice - Իտալիոյ հիւսիս արեւելքը
- Թրիեսդէին Ծոցը, Gulf of Trieste - Իտալիոյ հիւսիս արեւելքը
- Թարանդոյի Ծոցը, Gulf of Taranto - հարաւային Իտալիա
- Սուրբ Էֆեմիային Ծոցը, Gulf of Saint Euphemia - հարաւային Իտալիա
- Սքիլաքի ծոցը, Gulf of Squillace - Քալավրիային եւ Յոնիական Ծովուն միջեւ, հարաւային Իտալիա
- Քվարնըր Ծոցը, Kvarner Gulf - Քրուաթիա
- Քոդոր Խորշ, Bay of Kotor - Մոնթենեկրօ
- Օդրանդոյին Նեղուցը, Strait of Otranto - Իտալիոյ եւ Ալպանիոյ միջեւ
- Կորնթոսին Ծոցը, Gulf of Corinth - համանուն Ջրանցքին եւ Յոնիական Ծովուն միջեւ, Յունաստան
- Կորնթոսի Ջրանցքը, Corinth Canal - Կորնթոս եւ Սարոնիքոս ծոցերը կը միացնէ, Յունաստան
- Փաղասիդիքօ Ծոցը, Pagasetic Gulf - Վօլոս քաղաքին գիրկը, Յունաստան
- Թերմայիքոս Ծոցը, Thermaic Gulf - Սելանիկին ծոցը, հիւսիսային Յունաստան
- Սարոնիքոս Ծոցը, Saronic Gulf - Աթէնքին ծոցը, Կորնթոսի Ջրանցքին եւ Միրդոյան Ծովուն միջեւ, Յունաստան
- Անթալիոյ Շոցը, Gulf of Antalya - Անթալիոյ արեւմտեան եւ արեւելեան ծովեզրերուն միջեւ, Թուրքիա
- Ինքենտերունի (Ալեքսատրեդա) Ծոցը, Gulf of İskenderun - Իսկենտերունի եւ Ատանայի միջեւ, Թուրքիա
- Սուրբ Գէորք խորշ, Saint George Bay - Պէյրութ, Լիբանան
- Ռաս Իպն Հանի հրուանդան, Ras Ibn Hani cape - հնագիտական վայր, Լաթաքիա, Սուրիա
- Ռաս ալ-Պասիդ հրուանդան, Ras al-Bassit cape - Սուրիոյ հիւսիսը
- Մինեդ էլ-Պէյտա խորշ, Minet el-Beida ("White Harbour") bay - Սուրիա, Ուկարիդ հնագիտական վայրին մօտ
- Խայֆային Ծոցը, Gulf of Haifa - հիւսիսային Իսրայէլ
Երկրաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Միջերկրական Ծովը եւ Կարմիր Ծովը, ժամանակի Ովկիանոսի մը տարածքին մնացորդն են․ այժմ անոր տրուած է Դեթիս անունը՝ Téthys, Τηθύς (յունական դիցաբանութեան մէջ, ովկիանոսներուն աստուածուհին) [16] ։ Մօտաւորապէս (≃) 145,0 à 66,0 միլիոն տարի առաջ (Ma), բարձումի հետեւանքով, երկու ցամաքամասերու՝ ափրիկեան եւ եւրասիոյ իրարու մօտեցումով, Դեթիսը յառաջադիմաբար սկսաւ «գոցուիլ»։ Այս եղելութիւնը, լեռնաշղթաներ յառաջացուց, օրինակ՝ Ալպեան les Alpes, եւ Փիրենեան les Pyrénées։ Մօտ 30 միլիոս տարիներ առաջ, Միջերկրականի արեւմտեան մասի տարածումի փուլի շրջանին, Քորսիքան եւ Սարտինիան եւրապական ցամաքամասէն կը բաժնուին։
Հրաբխային աւազան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]


Հինգ միլիոն տարի առաջ, իրարու յաջորդող երկրաշաժներու հետեւանքով, Ճիպլարթարի նեղուցը կը գոցուի, եւ Ծովը աղոտ «լիճ» մը կը դառնայ․ այս իրադարձութիւնը Մեսինեան Աղիութեան Տակնապ Messinian Salinity Crisis (MSC) կը կոչուի։ Մէկ միլիոն տարիներու ընթացքին Ծովուն յատակը առաջացած աղի պահեստը այս երեւոյթը կը փաստէ։ Մօտաւորապէս, 300․000 տարիներ ետք, իրարայաջորդ երկրաշարժները կրկին «կը բանան» նեղուցին բնական անբարտակը։ Այս երեւոյթը քանի մը տարիներուն ընթացքին կ՛առաջացնէ հսկայ քարավազ մը ու Միջերկրականի աւազանը, որուն ջուրը քանի մը հարիւր տարիներու ընթացքին շոգիացած էր, ջուրով կը լեցուի։ [17]
Մինչեւ այսօր, Միջերկրականի ծովային յատակը կը փոփոխուի, որովհետեւ եւրասեան եւ ափրիկեան ցամաքամասերու շարժումը յաճախակի երկրաշարժներ կ՛առաջացնէ՝ Իտալիոյ, Յունաստանի (յատկանշական օրինակ է Սանդորինի կղզիին քալտերան,[18] առաջացած 3․600 տարի առաջ, Ք․ա․ 1613 թուականին, զօրաւոր երկրաշարժէ ետք․ պատճառ եղաւ Մինոասեան քաղաքակրթութեան քանդումին), Թուրքիոյ ու մասամբ Իսրայէլի եւ Ալճերիոյ երկիրներուն զանազան շրջաններուն մէջ, նաեւ պահելով հրաբխային վառ աշխուժութիւն Իտալիոյ մէջ՝ Էդնա Etna, Վեզուվիօ Vesuvio եւ Սդրոպոլի Stromboli։
Մարզական[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Չորս տարին անգամ մը (Ողիմպիական ամառուան խաղերուն յաջորդող տարին) տեղի կ՛ունենան Միջերկրածովեան Խաղերը։ Իսկ 2015 թուականէն, ամէն երկու տարի տեղի կ՛ունենան Միջերկրականի Ծովեզերեան Խաղերը։ [19]
Ծովուն կենսահարստութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Երկրագունդի ջերմաստիճանի բարձրաձումը առաջացուցած է Ծովուն ջուրի ջերմաստիճանի թեթեւ, սակայն կենսական, բարձրացում․ այսպէս Կարմիր Ծովուն տաք ջուրերէն, ձուկերու տեսակներ տարիներուն ընթացքին դանդաղօրէն Սուէզի ջրանքէն Միջերկրական կը թափանցեն։ [20]
Ծովը աշխարհի ովկիանոսներուն 0,8% կը ներկայացնէ, սակայն ծովային կենսահարստութեան՝ 8-9% (10-էն - 12․000 տեսակներ)։
Կարմիր Ծովէն Միջերկրական ծով թափանցած խայթող ձուկ՝ reticulate whipray or honeycomb stingray (Himantura uarnak)
Միջերկրականի աւազանի շրջակայքի բուսաշխարհէն նկարներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պատկերաշար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լուսինը կը ծագի Միջերկրականին վրայ․ Լուսընկան այդքան մօտիկ կ՛երեւի Յուլիսի վերջերուն կամ Օգոստոս ամսուան լիալուսնի ժամանակ։
Սարտինիա կղզի, Իտալիա
Փիրան, Սլովէնիա
Փաֆոս,Կիպրոս
Աղեքսանտրիա, ծոցը համանուն Գրադարանէն դիտուած, Եգիպտոս
Իպիզա կղզի, Սպանիա
Les Aiguades, Ալճերիա
Սանդորինի, Ֆիրա Յունաստան
Յունաստան, Քորֆու, Անկելոքաստրօ
Յունաստան, Միքոնոս կղզին
Antipaxoi Անտի Փաքսի, Յունաստան
Aegina, The Temple of Aphaia Աֆէային տաճարը, Էղինա կղզին, Սարոնիքոս Ծոցի կղզիներէն, Յունաստան
Σύμη Սիմի, էգէական Ծովի հարաւ արեւելք, Յունաստան
Capri Քափրի, Իտալիա
Քոմօ լիճ, Իտալիա
Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Guillaume de Dieuleveult, « Et la Méditerranée découvrit l'été… », Le Figaro Magazine, semaine du 9 mai 2014, p. 40-41. Կիյոմ տը Տիոլովօ, Միջերկրականը կը ճանչնայ․․․ Ֆիկարօ պարբերաթերթ, 9 Մայիս 2014, էջ 40-41
- «Աշխարհը եւ Հայաստանը» աշխարհագրական ատլաս, Լ. Վալեսյան եւ այլք, Երեւան 2003 թ.։
Տես Նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 53։ ISBN 99941-56-03-9
- ↑ Քալիփսոյի Խորքը https://en.wikipedia.org/wiki/Calypso_Deep
- ↑ Ճէոֆրէյ Ռիքման, Մեր Ծովուն ստուգաբանութիւնը, Geoffrey Rickman, "The creation of Mare Nostrum: 300 BC – 500 AD", in David Abulafia, ed., The Mediterranean in History, ISBN 1-60606-057-0, 2011, p. 133.
- ↑ Օքսֆորտ բառարան, Oxford English Dictionary, 3rd ed, 2001,
- ↑ Թրքերէն-ֆրանսերէն բառարան- Diran Kélékian, Dictionnaire Turc-Français, Constantinople, 1911
- ↑ 6,0 6,1 Norman Davies, EUROPE A History, 1996
- ↑ Նորման Տէյվիս, Եւրոպա.Պատմութիւն [1] էջ 77 Կաղապար:Ref-lt Վերցուած է 2016 Յունիս 01-ին
- ↑ Schulz: EU migrant policy 'turned Mediterranean into graveyard' Մ․Շուլց, Եւրոպայի գաղթականական քաղաքականութիւնը, Միջերկրական Ծովը գերեզմանի վերածեց https://euobserver.com/tickers/121894
- ↑ [2] Միջերկրականի գաղթականներ
- ↑ Միջերկրական Ծովուն նաւահանգիստներու ցանկ https://fr.wikipedia.org/wiki/Liste_des_ports_de_la_M%C3%A9diterran%C3%A9e
- ↑ 11,0 11,1 Greenpeace, Other threats in the Mediterranean Միջերկրական Ծովը վտանգի տակ https://web.archive.org/web/20100416071023/http://www.greenpeace.org/international/campaigns/oceans/marine-reserves/the-mediterranean/mediterranean-other-threats
- ↑ 12,0 12,1 ec.europa, ելեկտ․ կայքէջ, NATURA 2000 ցանցը Միջերկրականի շրջանը․ https://ec.europa.eu/environment/nature/info/pubs/docs/biogeos/Mediterranean/KH7809610ELC_002.pdf
- ↑ Միջերկրական Ծով, Պրիդանիքա հանրագիտարան https://www.britannica.com/place/Mediterranean-Sea
- ↑ ԱՄՆ Գաղտնի Սպասարկութիւն, Իտալիա, աշխարհի երկրաբանութիւն https://www.cia.gov/library/publications/the-world-factbook/geos/it.html
- ↑ ԱՄՆ գաղտնի սպասարկութիւն, աշխարհի երկրաբանութիւն Սլովէնիա https://www.cia.gov/library/publications/the-world-factbook/geos/si.html
- ↑ Ադլանտեան Ովկիանոսի հնաքաշողականութիւն, Դիթիս ծովը եւ իափետուս Ովկիանոս, Քամպրիճ համալսարան, Van der Voo, Rob (1993). Paleomagnetism of the Atlantic, Tethys and Iapetus Oceans. Cambridge University Press. doi:10.2277/0521612098. ISBN 978-0-521-61209-8.
- ↑ Միջերկրական Ծովուն աղիտական ողողումը, հետեւանք Մեսինեան աղութեան տակնապին, Garcia-Castellanos, D. et al. (2009) 'Catastrophic flood of the Mediterranean after the Messinian salinity crisis' [archive], Nature, 462, 10 décembre 2009, p. 778.
- ↑ Սանդորինիին քալտերան, the caldera of Santorini https://greece.terrabook.com/santorini/page/caldera/
- ↑ CIJM պաշտօնական կայքէջ՝ Միջերկրականի խաղերու Միջազգային Կոմիտէի, https://cijm.org.gr/
- ↑ Ելեկտ․ թերթ, plos.org, Յօդուած՝ Միջերկրականի կենսահարստութիւնը, թիւ 10․1371 https://journals.plos.org/plosone/article?id=10.1371/journal.pone.0011842
- ↑ Fao կազմակերպութիւն, Միջերկր․ Ծովուն կենսահարստութեան վիճակը, յօդ․ էջ 49-65 http://www.fao.org/tempref/docrep/fao/007/y5852e/Y5852E05.pdf
Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Փրեվեզային մարտը(անգլերէն)
- Ճերպայի ծովամարտ(անգլերէն)
- Լեբանդոյի ծովամարտը (անգլերէն)
- Պարպարեան ծովահէններ (անգլերէն)
- Նաւային լուրեր, Յունաստանի ծովուժը աշխարհի առաջինը (յուն.)
- Միջերկրականեան ճամբար, Club Med(ֆր.)
- Հերքիւլեսի սիւները, Pillars_of_Hercules(անգլերէն)
- Մեսիեան աղոտիութեան տակնապ, Messinian salinity crisis(անգլերէն)
- Միջերկրեան մարզական խաղեր(ֆր.)