Շաքիի Ջրվէժ
«Շաքի»ն ջրվէժէ, ջրագրական բնութեան յուշարձան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ Այս բնութեան յուշարձանը կը գտնուի Սիւնիքի մարզին մէջ, Որոտան գետի ձախակողմեան Շաքի վտակին վրայ։ Ան արձանագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Բնապահպանութեան նախարարութեան բնութեան պետական յուշարձաններու ցանկին մէջ։ Բնութեան պետական յուշարձաններու ցանկին մէջ ներառուած է 2008 թուականի Օգոստոս 14-ին ընդունուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան բնութեան յուշարձաններու ցանկը հաստատելու մասին» ՀՀ Կառավարութեան որոշումին համաձայն[1][2]։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջրվէժը կը գտնուի խոր, ժայռերով ու քարայրներով հարուստ կիրճի մը մէջ, ուր յայտնաբերուած են մարդու գործունէութեան հետքեր, ինչպէս նաև մոխիր, որ կը պատկանի պալեոլիթի ժամանակաշրջանին։ Շաքիի ջրվէժը կը գտնուի Որոտան կիրճին մէջ, Սիսիանէն 3քլմ. հեռաւորութեան վրայ դէպի հիւսիս-արեւմուտք, Որոտանի վտակ՝ Շաքի գետին վրայ։ Բարձրութիւնը 18մ. է։
Աւանդոյթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թշնամիները Գեղարքունիք գաւառէն 93 կոյս աղջիկներ կ’ուղարկեն Մուղանի մէջ բանակ դրած իրենց առաջնորդին։ Երբ գերի աղջիկներու քարաւանը կը հասնի եւ կը դիմէ իրենց առեւանգիչներուն կ’ըսեն. «Մեր երկար ճամբորդութեան ընթացքին շատ փոշոտած ու աղտոտած ենք, թոյլ տուէք գետին մէջ լոգանք առնենք, ապա ներկայանանք ձեր մեծին»։ Առեւանգիչները կը համաձայնին։ Աղջիկները մերկանալով կը նետուին Որոտանի ալիքներուն մէջ եւ սուզուելով կ’անհետանան։ Միայն Շաքէ անունով կապուտաչեայ աղջիկ մը Որոտանին մէջ թափող գետակի մը մէջէն փախչելով, կը փորձէ ազատիլ։ Թշնամիները կը հասնին անոր ետեւէն, սակայն նոյն վայրկեանին գետակին մէջ հրաշքով ժայռ մը կը խոյանայ եւ ջուրը անոր վրայէն գահավիժելով, իր ճերմակ փրփուրներուն տակ կը թաքցնէ Շաքէին։ Անկէ ետք այդ ջրվէժն ու անոր մօտ գտնուող գիւղը կը կոչուին Շաքէի անունով։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Շաքիի ջրվէժ եւ ստեղծուած վտակը
-
28-7-2019 Շաքիի ջրվէժ
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Հայաստանի Հանրապետութեան բնութեան յուշարձաններու ցանկը հաստատելու մասին»։ www.arlis.am։ 14 Օգոստոս, 2008 թուականին։ արտագրուած է՝ 2015-11-30
- ↑ «Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարութիւն, Բնութեան յուշարձաններու ցանկ»։ www.mnp.am։ արտագրուած է՝ 2015-11-30
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայաստանի բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքներ
- Բնութեան պետական յուշարձաններից ցանկը Վիքին սիրում է Երկիրը յուշարձանների ցանկում
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Շաքիի ջրվէժ Archived 2011-09-03 at the Wayback Machine.