Նազարէթ Տաղաւարեան

Նազարէթ Տաղաւարեան
Ի ծնէ Նագարեթ Նահապետի Չատրճեան
Ծնած է 1862[1][2]
Ծննդավայր Սեբաստիա
Մահացած է 1915[1][2]
Մահուան վայր Այաշ, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Կրթութիւն Փարիզի Համալսարան
Մասնագիտութիւն հեղինակ, բժիշկ, հասարակական գործիչ, գիւղատնտես

Նագարէթ Նահապետ Տաղաւարեան (իրական ազգանուն՝ Չատրճեան, 1862[1][2], Սեբաստիա - 1915[1][2], Այաշ, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն, Մեծ Եղեռնի զոհ), հայ հասարակական գործիչ, բնագէտ, բժիշկ եւ գիւղատնտես։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 1862 թուականի Դեկտեմբեր 25-ին, Սեբաստիա քաղաքին մէջ, արհեստաւորի ընտանիքէ ներս։ 1869-1878 թուականներուն ուսանած է Կոստանդնուպոլսոյ Սկիւտար թաղամասի Ամենափրկչեան եւ Կալաթա թաղամասի ազգային վարժարաններուն մէջ։ 1878-1879 թուականներուն ուսանած է Փարիզի գործնական երկրագործութեան վարժարանին մէջ։ 1879-1881 թուականներու ուսանած է Ֆրանսայի երկրագործական բարձրագոյն ուսումնարանին մէջ եւ երկրագործութեան գիւղատնտես-ինժեների կոչում ստացած է։ 1881-1883 թուականներուն, յաճախած է նաեւ Ծառաբուծական եւ Այգեբանական վարժարաններ։ 1883 թուականին վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս եւ աշխատանքի անցած երկրագործութեան նախարարութեան մէջ եւ նպատակ ունեցած՝ եւրոպական նորագոյն մեթոտները ներդնել Օսմանեան կայսրութեան երկրագործութեան մէջ։ Կարճ ժամանակ անց թողած է պաշտոնը եւ Սեբաստիա վերադարձած։ Այստեղ եղած է Ազգային վարժարաններու տնօրէն, բարեկարգած ու բարեփոխումներ կատարած է ուսումնական ծրագիրերուն մէջ։ Ժողովուրդին՝ եւրոպական քաղաքակրթութեան, հաղորդակից դարձնելու նպատակով, չափահասներու լսարան ու կիրակնօրեայ կրթարան հիմնադրած է։ Հիմնած է իգական սեռի դաստիարակութեան հարցերով զբաղուող «Հայուհիներու ընկերութիւն» եւ այլն։

Սակայն Սեբաստիոյ մէջ ցուցաբերածան անոր աշխուժութիւնն ու բնական գիտութիւններ տարածելու ձգտումը յարուցած է տեղի պահպանողական իշխանութիւններու եւ հայ հոգեւորականներու անբարեհաճութիւնն ու թշնամանքը, որուն հետեւանքով կրկին վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս։ 1885-86 թուականներուն, եղած է Կոստանդնուպոլսոյ Արամեան վարժարանի տնօրէն եւ այն՝ կարճ ժամանակուան ընթացքին, օրինակելի կրթօճախ դարձրած է։ 1885-1887 թուականներուն, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ մասնակցած է հայերէն բնագիտական առաջին հանդէսին՝ «Գիտական շարժումի» հիմնադրմանը եւ հրատարակմանը[3]։ Եռանդուն կերպով աշխատակցած է Կոստանդնուպոլսոյ եւ Փարիզի հայկական ու ֆրանսական պարբերականներուն։ 1885 թուականին, բնագիտական յառաջադիմական հայացքներու համար Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանի Ազգային խառը ժողովի Կրօնական ժողովը զինք բանադրած է։ 1887 թուականին, խուսափելով հալածանքներէ, հրաժարած է մանկավարժական գործունէութենէն եւ մեկնած՝ Գահիրէ, ապա՝ Ֆրանսա։ 1887-1893 թուականներուն ուսանած է Փարիզի համալսարանի բժշկական բաժնէն եւ, միաժամանակ, Սորպոնի համալսարանի բնագիտական բաժնէն ներս։ Սակայն հիւանդութեան պատճառով ուսումն ընդհատած է եւ Սեբաստիա վերադարձած։ 1890 թուականին կրկին մեկնած է Փարիզ եւ ուսումը շարունակած։ 1891 թուականին աւարտած է Փարիզի համալսարանի բնագիտական բաժինը։ 1892 թուականին մասնագիտացած է Փարիզի Պաստիորի մանրէաբանութեան ուսումնարանին մէջ։ 1893 թուականին աւարտած է Փարիզի համալսարանի բժշկական բաժինը եւ բժշկագիտութեան դոկտորի կոչում ստացած է։ 1893 թուականին վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս եւ Բերա թաղամասին մէջ բացած է սեփական բուժարան։

1896 թուականին Տաղաւարեան Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հայրենասիրական գործունէութեան համար ձերբակալուած ու բանտարկուած է։ Չորս ամիս ետք, ընդհանուր համաներման շնորհիւ ազատ արձակուած է։ 1897 թուականին Կոստանդնուպոլսի Բերա թաղամասի Ֆրանսական՝ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի օժանդակ բժիշկ նշանակուած է, միաժամանակ եղած է Բերայի ազգային վարժարաններու հոգաբարձու։ Դարձեալ բանտարկուած է 1900 թուականին եւ արձակուած՝ Ֆրանսայի դեսպանութեան միջնորդութեամբ։ Խուսափելով յետագայ հալածանքներէն՝ 1905 թուականին մեկնած է Եւրոպա, անցած Եգիպտոս եւ հաստատուած՝ Գահիրէ, ուր սկսած է աշխատիլ որպէս բժիշկ, մանկավարժ, մասնակցած Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան հիմնադրման։ 1908 թուականի երիտթուրքական յեղաշրջումէն ետք վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս, ընտրուած՝ խորհրդարանի երեսփոխան (Սեբաստիայէն), զբաղած՝ հողային հարցի նախագիծի մշակմամբ։ Տաղաաւարեան հասարակական եռանդուն գործունէութիւն ծաւալած է յատկապէս ազգային կեդրոնական վարչուեան մէջ (որուն քաղաքական ժողովի անդամ էր 1910-1912 թուականներուն) եւ Կոստանդնուպոլսոյ քաղաքապետարանին մէջ (1912-1913 թթ.)։ 1913 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ քաղաքապետարանի ընդհանուր քննիչ նշանակուած է։ 1914 թուականին ՀԲԸՄ մասնաճիւղեր բանալու նպատակով այցելած է Կովկաս[4]։

Եղերական մահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1915 թուականի Ապրիլ 24-ին, ի թիւս Կոստանդնուպոլսոյ 600 ակնառու հայ մտաւորականներու, ձերբակալուած եւ բանտարկուած է Կոստանդնուպոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ։

1915 թուականի Ապրիլ 25-ին, ի թիւս բազմաթիւ հայ մտաւորականներու, շոգեկառքով տեղափոխուած է Այաշի բանտ եւ մի քանի ամիս այնտեղ մնացած է։ Նազարէթ Տաղաւարեանն իր մասնագիտական տաղանդը գործադրած է նաեւ բանտէն ներս՝ բուժելով ու խնամելով հիւանդ ու վիրաւոր բանտարկեալները։ Կարճ ժամանակ բանտէն ներս մնալէ ետք, 13 այլ մտաւորականներու հետ, Այաշէն ուղարկուած է Տիգրանակերտ՝ իբր Պատերազմական ատեանին ներկայանալու համար։ 1915 թուականի Յուլիս 21 կամ 23-ին (կամ Սեպտեմբեր 15-ին), Տիգրանակերտ տեղափոխուելու ճամբուն վրայ աննկարագրելի չարչարանքներու ենթարկուելով, ի թիւս 13 հայ մտաւորականներու, գազանաբար սպանուած է Տիգրանակերտի ոճրագործ նահանգապետ՝ Ռեշիտի, ուղարկած չեթեներու հրոսակախումբին ձեռքով, գերմանացի զինուորականներուն աչքին առաջեւ։

Գիտական գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եղած է բազմակողմանի զարգացած գիտնական, տիրապետած էշարք մը լեզուներու։ Տաղաւարեան գրած է բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններ՝ բժշկութեան, կենսաբանութեան, ֆիզիկայի, քիմիայի, երկրագործութեան, աստղագիտութեան, Հայաստանի պատմութեան ու հայ եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդի պատմութեան, հայ գիրերու գիւտի մասին (հրատարակուած են ֆրանսերէն եւ թուրքերէն լեզուներով)։ Հայերէն եւ ֆրանսերէն դասախօսութիւններ ներկայացուցած է։ 15 գիտական աշխատութիւններ, մի քանի տասնեակ բժշկական, պատմագիտական յօդուածներ հեղինակած է։

Պարգեւներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • 1909 թուականին պարգեւատրուած է Ֆրանսայի հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հողագործական ծառայութեան «Ասպետի խաչ» պատուանշանով։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ
  3. «Վիեննայի Մենաստանին Մամուլին Շտեմարանը- ԳԻՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-19 
  4. Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։