Jump to content

Տիգրիս (գետ)

Տիգրիս Գետը Պաղտատի մէջ

Տիգրիս[1], գետ Հայկական Լեռնաշխարհին եւ Միջագետքի մէջ։ Կը հոսի Թուրքիոյ եւ Իրաքի տարածքով։

Տիգրիսը կը կազմուի Արեւելեան եւ Արեւմտեան Տիգրիս գետերու միախառնումէն։ Երկայնքը 1900 քմ. է, աւազանը՝ 375 հզ քմ2։

Տիգրիս-Եփրատի միջագետքը մարդկային քաղաքակրթութեան հնագոյն կեդրոններէն է։ Հինէն կոչուած է Դղկաթ, որ կը նշանակէ նետ։

Հիմնական աւազանը Իրաքի տարածքին մէջ է, Հայկական լեռնաշխարհի սահմաններուն՝ ոչ աւելի քան 40 հզ քմ2։ Գետը սկիզբ կ'առնէ Հայկական Տաւրոսի լեռներէն՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Տիգրիս ճիւղերով։

Արեւմտեան Տիգրիսը՝ Արղանա անունով սկիզբ կ'առնէ Ծովք լիճէն, ապա միանալով Զիբենէին՝ կը մտնէ բնական ջրանցք մը եւ դուրս կու գայ Վերին (Հայոց) Միջագետք։

Գարեգին Սրուանձտեանց Տիգրիսի ակունքները կը նկարագրէ իբրեւ ոսկեղէն երկիր մը։

Տիգրիսը սրբավայր մըն է, դրախտի չորս գետերէն մէկը։

Տիգրիսը կը սկսի Տաւրոսի համակարգին մէջ 2000-3500 մ բարձրութիւններէն, վտակները կը հոսին խոր կիրճերով, կը յառաջացնեն պատահական հովիտներ եւ դուրս կու գայ դաշտավայր մը՝ ստեղծելով արտաբերման կոներ, որոնք կը կուտակեն մեծ քանակի գետաբերուկներ եւ կաւային եւ աւազային նստուածքներ։ Արեւմտեան Տիգրիսի կարեւոր վտակներն են՝ Ամբար, Քաղիրդ (Բաթման)՝ Սասուն գետ վտակով, Արզան, Բաղէշ (Պիթլիս)։

Արեւելեան Տիգրիսը սկիզբ կ'առնէ Հայկական Տաւրոս եւ Կորդուաց լեռներ կազմած անկիւնէն եւ գրեթէ միշտ կը հոսի դէպի արեւմուտք՝ մինչեւ Սղերդ քաղաքէն հարաւ-արեւմուտք, ուր կը միանայ Արեւմտեան Տիգրիսին։ Արեւելեան Տիգրիսը (Բոհտանի գետ) Քսենոֆոն կ'անուանէ Կենտրիտես։ Վտակներն են՝ Մոկսի, Խիզանի, Բաղէշի եւ Խարզան գետերը։ Իսկ Արեւմտեանին միանալէ ետք, Տիգրիսի վտակներն են՝ Խապուր, Մեծ Զաբ, Բարազգիր եւ այլն։

Տիգրիսը եւ վտակները ջրառատ են, կը սկսին Տաւրոսի միջին եւ բարձր լեռներու գօտիի առատ տեղումներէն։ Տիգրիսը աւելի ջրառատ է, քան Եփրատը։ Այսպէս, Պաղտատի մօտ անոր տարեկան միջին ծախսը 1240 խմ/վյրկ. է, կրնայ հեղեղիլ մշակուող հողատարածութիւններուն վրայ, քանի որ վարարման պարագային ծախսը կ'անցնի 13 հազար խմ /վյրկ.-էն եւ բազմաթիւ անգամ աղէտներ բերած է։ Այժմ կառուցուած է յատուկ ջրանցք մը, որմով Տիգրիսի ջուրերը կը հասնին դէպի Եփրատ եւ շրջապատի տարածքը կը փրկեն ողողումներէ։

Հայկական լեռնաշխարհի սահմաններուն Տիգրիսի հոսքը 40 հզ քմ2 սահմաններէն կը կազմէ 15-16 խոր. քմ, միջին ծախսը 530 խմ/վյրկ. է, առաւելագոյնը կրնայ հասնիլ 5000 խմ/վյրկ.-ի, նուազագոյնը՝ 69 խմ/վյրկ., տարբերութիւնը աւելի քան 82 անգամ է։ Նման տարբերութիւնը պայմանաւորուած է, որ ամրան երկրորդ կիսուն Տաւրոսի ամբողջ համակարգը կ'իյնայ արեւադարձային չոր օդային զանգուածներու ազդեցութեան տակ, տեղումներ չեն ըլլար, իսկ Տաւրոսի համակարգին մէջ առատ աղբիւրներ չկան, եղած ջուրերն ալ կ'օգտագործուին բնակիչներու կողմէ։

Գետին վտակները վճիտ են, վերին հոսանքներուն հանքայնացումը չանցնիր 100 մգ/լ-ից, իսկ իջնելով դաշտավայր՝ 300-350 մգ/լ-ից։ Գարնան՝ երբ գետը յորդի, տղմոտ է։ Գետաւազանէն 1-2 քմ-էն տարեկան կը լուացուի 250-400 տ տիղմ։ Տարեկան հոսքը կը կազմէ 14-15 միլիոն տ, որուն մէկ մասը կը նստի Միջագետքի դաշտավայրին մէջ, միւս մասը կը հասնի Պարսից ծոց։

Տիգրիսը Եփրատին կը միանայ եւ կը կազմէ Շաթ ալ-Արաբ գետը, կը թափի Պարսից ծոց՝ յառաջացնելով արագ աճող «տելթա» մը։ Միջագետքին դաշտավայրը ծովային աւազան եղած է եւ ցամքած է այս երկու գետերուն բերուկներուն կուտակումէն։

Ստորին հոսանքները նաւարկելի են։ Գետին յորդառատ շրջանին, ոչ խորանիստ նաւերը կրնան հասնիլ մինչեւ Մոսուլ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 54։ ISBN 99941-56-03-9 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստանի բնաշխարհ» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։