Jump to content

Փոքր Ասիա

Փոքր Ասիա

Փոքր Ասիա (յուն․՝ Μικρά Ασία), Անատոլիա (յուն․՝ Ανατολία, թրք.՝ Anadolu), թերակղզի Ասիոյ արեւմուտքը, ժամանակակին Թուրքիոյ տարածքին մեծ մասը։ Երկայնքը արեւմուտքէն արեւելք կը կազմէ աւելի քան 1000 քմ, լայնքը՝ 400-էն 600 քմ։ Տարածքը կը կազմէ 506 հազար քմ։

«Անատոլիա» բառը յունարէնով կը նշանակէ արեւածագ, արեւելք։ Անատոլիա յաճախ կը կոչեն Թուրքիոյ ասիական հատուածը (ի տարբերութիւն Րումելի կամ Րոմիլիա՝ (յունարէն) Ρούμελη կամ Ρωμυλία, որ Թուրքիոյ եւրոպական մասն է)։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փոքր Ասիոյ ափերը կ'ողողեն Սեւ, Էգէական, Մարմարա եւ Միջերկրական ծովերուն ջուրերը։ Ինչպէս նաեւ Վոսփորի եւ Տարտանելի նեղուցներուն ջուրերը, որոնք կը բաժնեն Ասիան եւ Եւրոպան։ Թերակղզին, ի տարբերութիւն ասիական միւս թերակղզիներուն, դէպի արեւելք կ'երկարի։ Փոքր Ասիոյ արեւելեան սահմանը իբրեւ ֆիզիքաաշխարհագրական գօտի կը համարուի Միջերկրական ծովու Իսքենտերուն ծոցէն հարաւ, ապա 40 0 Միջերկրականի եւ Վանայ լիճի միջեւ ինկած տարածքները։ Իսկ հիւսիսէն սահմանագիծը կը համընկնի Ճորոխի ստորին հոսանքին հետ։ Փոքր Ասիոյ ափերուն շրջակայքը տեղակայուած են Կիպրոս, Ռոտոս եւ այլ կղզիները։

Թերակղզիին մեծ մասը կը զբաղեցնեն Փոքրասիական բարձրաւանդակին կիսանապատները իսկ արեւելքէն՝ Հայկական լեռնաշխարհը[1]։ Փոքրասիական բարձրաւանդակին ներքին մասը կը զբաղեցնէ Անատոլիական սարահարթը, որ եզերուած է հիւսիսէն Պոնտական լեռներով, հարաւէն՝ Տաւրոսեան։ Ափերուն երկայնքով նեղ հարթավայրեր են՝ միջերկրածովային բուսականութեամբ։

Պոնտական լեռներ

Փոքր Ասիա անջատուած է Պալքանեան Թերակղզիէն, որուն իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած են Մարմարա եւ Էգէական ծովերը, Տարտանելի եւ Վոսփորի նեղուցները։ Կոտրատման հետեւանքով յառաջացած են հրաբխականութիւն եւ արեւմտեան հատուածին մէջ ուժեղ երկրաշարժային երեւոյթներ։

Թուրքիոյ տարածաշրջանները

Պոնտական լեռները, գրեթէ ամէնուր, կտրուկ կը բարձրանան սեւծովեան ծովափին երկայնքին, որոշ տեղեր միայն ձգելով նեղ ծովափեր։ Հոն համեմատաբար մեծ են Սամսունը եւ Սինոպը։

Արեւելեան պոնտական լեռներ

Տաւրոսի լեռները նոյնպէս քիչ կտրատուած են, նեղ ափերով, բայց որոշ տեղեր կան լայն հարթավայրեր։ Հոն համեմատաբար մեծ ծոցերէն են Մերսինը եւ Իսքենտերունը, ուր մեծ են Լիկիական եւ Կիլիկեան թերակղզիները։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]