Բիւզանդական Կայսրութիւն
Բիւզանդական կայսրութիւն (Բիւզանդիա, երբեմն նաեւ Արեւելեան Հռոմէական կայսրութիւն), հնագոյն ժամանակաշրջանին եւ միջին դարերու ընթացքին գոյութիւն ունեցած է կայսրութիւնը։ Մայրաքաղաքը՝ Կոստանդնուպոլիս։ Հարեւանները եւ կայսրութեան բնակիչները կը կոչէին զայն նաեւ Հռոմէական կայսրութիւն (յունարէն՝ Կաղապար:Polytonic, Basileia Rhōmaiōn)[1] կամ Ռոմանիա (Կաղապար:Polytonic)։ Բիւզանդական կայսրութիւնը բուն Հռոմէական կայսրութեան իրաւայաջորդն էր։[2][3] Սակայն ներկայիս Բիւզանդիան կ'առանձնացուի Հին Հռոմէն, քանի որ այնտեղ կը տիրապետէր յունական մշակոյթը՝ հռոմէականի, Քրիստոնէութիւնը՝ հռոմէական հեթանոսութեան եւ յունարէնը՝ լատիներէնի փոխարէն[2]։
Ուսումնասիրողները կը բաժնեն Բիւզանդական կայսրութեան պատմութիւնը հետեւեալ հիմնական շրջաններուն.-
- 4 - 7-րդ դարու առաջին կէսը, հնագոյն դարաշրջանէն միջնադար անցման ժամանակաշրջան,
- 7-րդ դարու երկրորդ կէս - 12-րդ դար, Բիւզանդիոյ մուտքը միջնադար, աւատական կարգերու եւ հաստատութիւններու ձեւաւորման շրջան,
- 13-րդ դար - 15-րդ դարու առաջին կէս, Բիւզանդիոյ տնտեսական եւ քաղաքական անկման շրջան, որ աւարտեցաւ 1453 թ. թուրքերուն կողմէ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւմամբ եւ պետութեան վախճանով[4]։
Հռոմէական կայսրութիւն - Բիւզանդական կայսրութեան տարանջատման տարեթիւը հնարաւոր չէ որոշել, սակայն այդ ճանապարհին կարեւոր քայլ էր Կոստանդիանոս Ա Մեծի կողմէ 324 թ-ին մայրաքաղաքը Նիքոմետիա քաղաքէն (Փոքր Ասիա) Բիւզանդիոն տեղափոխելը։ Վերջինս յետագային վերանուանուեցաւ Կոստանդնուպոլիս, «Կոստանդիանոսի քաղաք» («Նոր Հռոմ»)։[n 1]
Հռոմէական կայսրութիւնը վերջնականապէս բաժնուեցաւ երկու մասի 395 թ․-ին Թէոդոսիոս I Մեծ-ի օրով (379—395)։ Սակայն «բուն» Բիւզանդական կայսրութեան պատմութիւնը կը սկսի Հերաքլիոս Ա-էն (610—641), որ վերակառուցեց պետական կառուցուածքը եւ բանակը, բաժնեց կայսրութիւնը բանակաթեմերու եւ փոխեց կայսրութեան պաշտօնական լեզուն լատիներէնէ յունարէնի[6]։
Բիւզանդական կայսրութիւնը գոյատեւեց աւելի քան հազար տարի՝ 4-րդ դարէն մինչեւ 1453 թ․։ Իր պատմութեան մեծ մասի ընթացքին Բիւզանդիան կը մնար իր ժամանակի հզօրագոյն պետութիւններէն մէկը, չնայած տարածքային լուրջ կորուստներու Բիւզանդա-Սասանեան եւ Բիւզանդա-արաբական պատերազմներու հետեւանքով։ Արաբական նուաճումներէն ետք կայսրութիւնը 10-րդ դարու վերջաւորութեան Հայկական հարստութեան օրօք վերանուաճեց կորսնցուցած տարածքներուն մէկ մասը եւ դարձեալ վերածուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի հզօրագոյն պետութիւններէն մէկը։
1071 թ․-ի Մանազկերտի ճակատամարտին կրած ջախջախիչ պարտութեան հետեւանքով կայսրութիւնը սելճուք թուրքերուն զիջեցաւ կայսրութեան սիրտը՝ համարեայ բոլոր Փոքր Ասիան եւ Հայաստանը։ Քոմնենոսներու հարստութեան օրով (12-րդ դար) Բիւզանդիան ժամանակաւորապէս վերականգնեց իր խարխլուած դիրքերը, սակայն Անդրոնիքոս Ա (1183—1185) կայսրի մահէն ետք դարձեալ բռնեց անկման ճամբան։ Բիւզանդական կայսրութիւնը ծանր հարուած ստացաւ 1204 թ․-ին, երբ խաչակիրներու կողմէ Չորրորդ խաչակրաց արշաւանքի շրջաններուն նուաճեց մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսը եւ երկիրը բաժնուեցաւ մանր յունական եւ լատինական իշխանութիւններու։
Չնայած 1261 թ․-ին Փալեոլոկոսներու հարստութեան օրերուն Կոստանդնուպոլիսը ետ նուաճեցուեցաւ, Բիւզանդիան այլեւս երբեք չվերականգնեց երբեմնի հզօրութիւնը։ Սակայն կայսրութեան վերջին 200 տարիները համընկան մշակութային վերելքի հետ[3]։
14-րդ դարուն պարբերաբար բռնկուող քաղաքացիական պատերազմներու պայմաններուն մէջ, կայսրութիւնը չկրցաւ դիմագրաւել հզօրացող Օսմանեան պետութեան։ Բիւզանդական կայսրութիւնը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալ Կոստանդնուպոլսոյ եւ կայսրութեան մնացորդներու՝ 15-րդ դարուն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ նուաճելէն ետք։
Անուանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բիւզանդիա անուանումը առաջին անգամ օգտագործած է գերմանացի պատմաբան Հիերոնիոմուս Ուոլֆը 1557 թ-ին իր Corpus Historiæ Byzantinæ աշխատանքին մէջ։ Անուանումը կու գայ Բիւզանդիոն եզրոյթէն, որ եղած է Կոստանդնուպոլիս քաղաքի նախկին անուանումը։
Բիւզանդական կայսրութիւնը իր բնակիչներուն կողմէ կ'անուանուէր Հռոմէական կայսրութիւն, Հոռոմներու կայսրութիւն (Լատիներէն։ Imperium Romanum, Imperium Romanorum, յունարէն։Կաղապար:Polytonic, Basileía tôn Rhōmaíōn, Կաղապար:Polytonic, Arche tôn Rhōmaíōn), Ռոմանիա[n 2] (Լատիներէն։ Romania, յունարէն։ Կաղապար:Polytonic, Rhōmanía), Հռոմի Հանրապետութիւն (Լատիներէն։ Res Publica Romana, յունարէն։ Կաղապար:Polytonic, Politeίa tôn Rhōmaíōn),[8] Graikía (Greek։ Γραικία),[9] նաեւ Rhōmaís (յունարէն։ Կաղապար:Polytonic)[10]։
Չնայած Բիւզանդական կայսրութիւնը ունէր խառն ազգաբնակչութիւն[11][12] ան յայտնի դարձաւ[n 3] իր յունական տարրի շնորհիւ։[13] Անոր հետեւանքով կայսրութիւնը երբեմն նաեւ կ'անուանէին Յոյներու կայսրութիւն (լատիներէն։ Imperium Graecorum), իսկ կայսրը՝ Imperator Graecorum (Յոյներու կայսր)[14][15]
Պարսիկները, թուրքերը եւ սլաւոնները կայսրութիւնը կը համարէին Հռոմէական կայսրութեան ուղիղ իրաւայաջորդ եւ ուղղակի կ'անուանէին روم (Ռոմ, "Հռոմ")։[16][17]
Ժամանակակից ուսումնասիրողները 395 - 610 թթ-ի միջեւ ինկած ժամանակահատուածը Բիւզանդիան սովորաբար կ'անուանեն Արեւելեան Հռոմէական կայսրութիւն, իսկ 610 թ-էն սկսեալ, երբ Հերաքլիոս Ա փոխեց պետութեան պաշտօնական լեզուն լատիներէնէ յունարէնի (որ արդէն կ'օգտագործուէր բնակչութեան մեծ մասին կողմէ), երկիրը կը կոչեն Բիւզանդական կայսրութիւն։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախապատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հռոմէական կայսրութիւնը յաջողած էր նուաճել Արեւմտեան Եւրոպան եւ Միջերկրածովեան շրջանը։ Այս տարածքներուն մէջ ապրող ազգերը կը տարբերէին միայն մշակոյթով եւ զարգացման աստիճանով։ Արեւելեան Միջերկրական ծովի նահանգները աւելի քաղաքայնացուած էին եւ ընկերականօրէն զարգացած, հին ժամանակ միաւորուած էին Մակեդոնական տէրութեան իշխանութեան տակ եւ հելլենացուած էին։ Ի հակադրութիւն անոր, արեւմտեան նահանգները նուազ զարգացած էին։ Հելլենացուած Արեւելքի եւ լատինականացուած Արեւմուտքին միջեւ այս հակադրութիւնը դարերու ընթացքին աւելի կը խորանար եւ վերջ ի վերջոյ յանգեցուց կայսրութեան բաժանման։[18]
Հռոմէական կայսրութեան բաժանումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]293 թ-ին Տիոքղեթիանոս կայսրը ստեղծեց նոր վարչական համակարգ (չորրորդապետութիւն)։[19] Ան ինքզինք նշանակեց կառավարչակից՝ «օգոստոս»։ Իւրաքանչիւր «օգոստոս» իր հերթին իրեն գահակից՝ «կեսար» կը նշանակէր, որ յետագային պէտք է յաջորդէր «օգոստոսին»։ Սակայն այդ համակարգը կայուն չգտնուեցաւ եւ շուտով Կոստանդիանոս Ա Մեծի կողմէ փոխարինուեցաւ թագաւորական ժառանգման համակարգով։[20]
Կոստանդիանոսը նախաձեռնեց շարք մը բարեփոխումներ։[21] 330 թ-ին ան հիմնադրեց Կոստանդնուպոլիս քաղաքը որպէս «երկրորդ Հռոմ»։
Կոստանդիանոսը փոփոխութիւններ կը կատարէր՝ յենելով Տիոքղեթիանոսի համակարգին վրայ։[19][22] Ան կարգաւորեց մետաղադրամներու հատումը (անոր կողմէ շրջանառութիւն մտցուած ոսկէ սոլիտուսը դարձաւ կայուն արժէք),[22] եւ բարեփոխեց բանակը։ Կոստանդիանոսի օրով կայսրութիւնը վերականգնեց իր ռազմական հզօրութիւնը եւ կը վայելէր կայունութեան եւ բարգաւաճման շրջան։
Չնայած Կոստանդիանոսի օրով Քրիստոնէութիւնը չհռչակուեցաւ պետական կրօն, սակայն անոր շնորհուեցաւ որոշ արտօնութիւններ։ Կոստանդիանոսը նաեւ ներմուծեց այդ կարգը, ըստ որուն կայսրը կրօնական հարցերը պէտք չէր լուծեր ինքնիրեն, այլ պէտք է հրաւիրէր եկեղեցական ժողովներ։ Անոր օրով տեղի ունեցաւ Նիկիոյ Ա Տիեզերական ժողովը։[24]
Կոստանդիանոսի կողմէ սահմանուած թագաւորական ժառանգման կարգը այնքան ամուր հաստատուած էր, որ երբ 395 թ-ին Տէոդոսիոս Ա Մեծը մահացաւ, կայսրութիւնը ժառանգեցին անոր երկու որդիները՝ Արկադիոսը արեւելքի եւ Հոնորիոսը արեւմուտքի մէջ։ Տէոդոսիոսը միասնական կայսրութեան վերջին կայսրն էր։[25]
Արեւելեան Հռոմէական կայսրութիւնը ի վիճակի եղաւ դիմակայելու այն մարտահրաւէրները, որոնց հանդիպեցաւ արեւմտեան Հռոմէական կայսրութեան հետ միասին 3-րդ եւ 4-րդ դարերու ընթացքին, շնորհիւ աւելի բարձր զարգացումին եւ աւելի մեծ տնտեսական հնարաւորութիւններու։ Կաշառելով կամ հարկ վճարելով ներխուժող ցեղերը, ինչպէս նաեւ իր բանակին մէջ ներգրաւելով օտարազգի վարձկաններ՝ Բիւզանդիան յաջողեցաւ զերծ պահել երկիրը յարձակումներէն։[26] Տէոդոսիոս Բ կայսրը աւելի ամրացուց Կոստանդնուպոլսոյ պարիսպները, դարձնելով քաղաքը անառիկ։ Քաղաքը չի նուաճեցաւ մինչեւ 1204 թ.։
Հոներէն եկող վտանգը չեզոքացնելու նպատակով Տէոդոսիոս Բ-ը համաձայնեցաւ վճարել խոշոր հարկ (տարեկան շուրջ 300 քկ ոսկի)։ Տէոդոսիոսի յաջորդը՝ Մարքիանոսը, հրաժարեցաւ հարկ վճարել հոներուն։ Բարեբախտաբար Աթթիլան արդէն ուղղած էր հայացքը դէպի արեւմտեան Հռոմէական կայսրութիւն։[27] 453 թ-ին Աթթիլայի մահէն ետք Հոնական կայսրութիւնը փլուզուեցաւ, յետագային հոներէն շատերուն Բիւզանդիան կը վարձէր կայսրութեան սահմաններու պաշտպանութեան համար։[28]
Աթթիլային մահէն ետք արեւելա-հռոմէական կայսրութիւնը մտաւ արեւմտեան Հռոմէական կայսրութիւն կայունացման շրջան, իսկ արեւմտա-հռոմէականը՝ վերջնականապէս կազմալուծուեցաւ (սովորաբար արեւմտա-հռոմէական կայսրութեան աւարտը կը համարուէր 476 թ-ը, երբ գերմանացի վարձկաններու հրամանատար Օտոաքրը գահընկէց ըրաւ վերջին կայսրը՝ Հռումուլուս Աւգուտուլուսին)։
Իտալիան վերանուաճելու համար Զենոն կայսրը բանակցութիւններ սկսաւ ներխուժած օսթկոտերին հետ։ Ան Իտալիա ուղարկեց կոտերու արքայ Տէոդորիք Մեծը, որպէս magister militum per Italiam ("Իտալիոյ զօրքերու գերագոյն հրամանատար"), որպէսզի գահընկէց ընէ Օտոաքրին։ Դրդելով Տէոդորիքին նուաճելու Իտալիան՝ Զենոնը ազատեց կայսրութիւնը վտանգաւոր հակառակորդէն եւ ձեռք բերաւ ձեւական իշխանութիւն Իտալիոյ նկատմամաբ։[29] Օտոաքրի ջախջախումէն ետք՝ 493 թ-ին, Տէոդորիքը սկսաւ միանձնեայ կառավարել Իտալիան։
491 թ-ին գահ բարձրացաւ Անասթասիոս Ա կայսրը, որ 498 թ-ին ճնշեց Իսաւրեան ապստամբութիննը։[29] Անասթասիոսը կատարեց շարք մը կարեւոր եւ արմատական բարեփոխումներ։ Ան կատարելագործեց Կոստանդինի դրամային փոփոխութիւնները եւ վերականգնեց պղինձէ «ֆոլլիս» մետաղադրամը։[30] Կայսրը նաեւ վերցուց «խրիսարկիրոն» հարկը, որ կը գանձուէր առեւտուրով զբաղող քաղաքացիներուն կողմէ։ Անասթասիոսի մահուան տարին՝ 518 թ-ին, պետական գանձարանին մէջ կը պահուէր 145,150 քկ ոսկի։[31]
Արեւմտեան նահանգներու վերանուաճումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]527 թ-ին գալով իշխանութեան՝ Հուստինիանոս Ա կայսրը սկսաւ արեւմտեան նահանգներու վերանուաճումը։ Ծագումով գիւղացի Հուստինիանոսը արդէն իր հօրեղբօր՝ Հուստինիանոս Ա-ի օրով (518–527) կը զբաղեցնէր կարեւոր պաշտօններ։[32] 532 թ-ին Հուստինիանոսը Սասանեան Պարսկաստանի շահ Խոսրով Ա Սասանեանին հետ ստորագրեց հաշտութեան պայմանագիր, որով կը պարտաւորուէր վճարել տարեկան մեծ հարկ։ Հուստինիանոսը ճնշեց մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ մէջ տեղի ունեցած «Նիքէ» ապստամբութիւնը, որուն հետեւանքով մահապատիժի ենթարկուեցան 30,000 - 35,000 մարդ։[33] Այդ յաղթանակը աւելի զօրացուց Հուստինիանոսին իշխանութիւնը։[32] Աննա եւ փորձեց վերականգնել Հռոմի Պապին հետ յարաբերութիւնները՝ Հռոմի Պապին միջնորդութեամբ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքի պաշտօնէն հեռացնելով միաբնակ Անֆիմոս Ա-ին։
Արեւմտեան նուաճումները սկսան 533 թ-ին, երբ Հուստինիանոսը Ափրիկէ ուղարկեց իր նշանաւոր զօրավարներէն մէկը՝ Պելիսարիոսին։ Նախկին հռոմէական Ափրիկէ նահանգը 429 թուականէն կը գտնուէր վանտալներու իշխանութեան տակ։[33] Քանի մը տարուան ընթացքին վանտալները ջախջախուեցան, սակայն տեղի ցեղային միութիւնները վերջնականապէս հնազանդեցան միայն 548 թ-ին։[32] Իտալիոյ օստգոթերի Տէոդորիք Մեծ արքայի, անոր ժառանգ Աթալարիքի եւ դստեր՝ Ամալասունթայի սպանութիւնը հնարաւորութիւն տուած էր գահին բազմելու հեղինակութիւն չվայելող Տէոդահադին։ 535 թ-ին բիւզանդական փոքրաթիւ ուժերը կրցան շարք մը փոքր յաջողութիւններու հասնիլ Սիկիլիոյ մէջ, սակայն գոթերը շուտով զօրացուցին դիմադրութիւնը։ Բիւզանդական զօրքերը կրցան հասնիլ մեծ յաջողութիւններու միայն 540 թ-ին, երբ Պելիսարիուսը քանի մը պաշարումներէ ետք գրաւեց Հռաւէննա, Նէափոլ եւ Հռոմ քաղաքները։[34]
Շուտով օստգոթերը միացան Թոթիլա արքային շուրջ եւ 17 Դեկտեմբեր 546-ին ետ գրաւեցին Հռոմը։ Հուստինիանոսը 549 թ-ին ետ կանչեց Պելիսարիուսին։[35] Անոր փոխարէն Իտալիա ուղարկեց ուրիշ նշանաւոր զօրավար՝ հայազգի Նարսէսը (551 թ.) 35,000 զօրքով։ Նարսէսը մէկը միւսին ետեւէն յաղթանակներ կը տանէր գոթերու նկատմամբ, իսկ Պուսթա Գալորումի ճակատամարտին ան վերջնականապէս ջախջախեց գոթերու վերջին մնացորդները (Հոկտեմբեր 552 թուականին )։ Չնայած քանի մը գոթական կայազօրներու դիմադրութեան, ֆրանքներու եւ ալէմաններու ցեղերուն երկու արշաւանքներուն, պատերազմը Իտալիոյ մէջ աւարտեցաւ Բիւզանդիոյ լիակատար յաղթանակով։[36]
551 թ-ին վեստգոթ ազնուական Աթանագիլտը Հուստինիանոս Ա-ի օգնութեամբ յաջողութեամբ ապստամբեցաւ Սպանիոյ վեստգոթական թագաւորութեան արքային դէմ։ Ապստամբութեան հետեւանքով Սպանիոյ հարաւ-արեւելեան հատուած մը անցաւ Բիւզանդիոյ՝ մնալով վերջիններս իշխանութեան տակ մինչեւ Հերաքլիոս Ա-ի գահակալումը։[37]
Արեւելքի մէջ բիւզանդա-պարսկական պատերազմները շարունակուեցան մինչեւ 561 թ., երբ Հուստինիանոսը եւ Խոսրով Սասանեանը կնքեցին 50-ամեայ խաղաղութեան պայմանագիր։ Արդէն 550-ական թուականներուն Հուստինիանոսը յաջողութեան կը հասնէր բոլոր ճակատներուն վրայ, բացառութեամբ Պալքանի մէջ, ուր անընդհատ յարձակումներ կը գործէին սլաւոնական ցեղերը։ 559 թ-ին կայսրութիւն ներխուժեցին քութրիգուրներու եւ սքլաւեններու ցեղերը։ Հուստինիանոսը նորէն ծառայութեան կանչեց պաշտօնաթող Պելիսարիուսին, եւ վերջինս կրցաւ յաջողութեամբ չեզոքացնել հոնական նոր ներխուժումը։ Տանուպ գետի նաւատորմի հզօրացումը ստիպեց քութրիգեան հոներուն խաղաղութեան պայմանագիր կնքել եւ հեռանալ կայսրութեան սահմաններէն։
529 թ-ին տաս հոգիէ բաղկացած խորհուրդը հռոմէական օրէնքներու հիման վրայ ստեղծեց «Հուստինիանոսի օրենսգիրքը»։ 534 թ-ին ան թարմացաւ եւ մտաւ շրջանառութեան մէջ՝ կիրառուելով բնակչութեան կողմէ մինչեւ կայսրութեան անկումը։[38] Այս եւ այլ բարեփոխումները իրաւունքի եւ օրէնքի բնագաւառին մէջ յայտնի դարձան "Corpus Juris Civilis" անուամբ։
6-րդ դարու ընթացքին աւանդական յունա-հռոմէական մշակոյթը դեռեւս մեծ ազդեցութիւն ունէր Բիւզանդական կայսրութեան մէջ։ Այդ մշակոյթի կարկառուն ներկայացուցիչներէն էր փիլիսոփայ Յովհաննէս Ֆիլոփոնոսը։ Սակայն քրիստոնէական մշակոյթը սկսաւ աստիճանաբար դուրս մղել հին ժամանակի լայն տարածուած յունա-հռոմէականը։ Հուստինիանոսի օրով կառուցուեցաւ իր ժամանակի մեծագոյն տաճարը՝ Սուրբ Սոֆիան, որ մինչեւ այսօր կը համարուի բիւզանդական ճարտարապետութեան գլուխ-գործոցներէն մէկը։[29] 6-7-րդ դդ. կայսրութեան մէջ ծայր առին շարք մը համաճարակներ (որոնցմէ մէկը պատմութեան մէջ մտած է «Հուստինիանոսի ժանտախտ» անունով), որոնց զոհ գացին բազմաթիւ բնակիչներ եւ որոնք բաւականին ջլատեցին երկիրը։[39]
Հուստինիանոս Ա-ի մահէն ետք՝ 565 թուականին, անոր յաջորդը՝ Հուստինիանոս Բհրաժարեցաւ վճարել խոշոր տարեկան հարկը՝ պարսիկներուն։ Նոյն տարին գերմանական լանկոպարտ ցեղը ներխուժեց Իտալիա. դարուն վերջաւորութեան Իտալիոյ միայն մէկ երրորդը մնացած էր Բիւզանդիոյ վերահսկողութեան տակ։ Հուստինիանոսի յաջորդ Թիպերիոս Բ-ը կաշառքի միջոցով, ժամանակաւորապէս հանգստացուց աւարները եւ պատերազմ սկսաւ Սասանեան Իրանին դէմ։ Չնայած Թիբպերիոսի հրամանատար Մորիքը յաջող ճակատամարտեր կը մղէր արեւելեան ռազմաճակատին մէջ, աւարները դրժեցին խոստումը եւ անցան յարձակման։ 582 թ-ին անոնք Պալքանեան թերակղզիին մէջ գրաւեցին Սիրմինիում ամրոցը, որուն հետեւանքով սլաւոնները հատելով Տանուպ գետը սկսան մտնել կայսրութեան տարածք։ Մորիքը դառնալով կայսր, միջամտեց պարսկական քաղաքացիական պատերազմին, օգնելով գահի թեկնածուներէն Խոսրով Բ.-ին եւ կնութեան տալով անոր իր դուստրը։ Գահ բարձրանալով՝ Խոսրով Բ-ը բիւզանդացիներուն յանձնեց խոստացուած Արեւելեան Հայաստանի զգալի մասը. անով Բիւզանդական կայսրութիւնը արեւելքի մէջ ունեցաւ զգալի տարածքային աճ։ Բացի անկէ, պարսիկները հրաժարեցան Բիւզանդական կայսրութենէն գանձուող տարեկան հարկէն։ Յաղթանակ տանելով արեւելեան ռազմաճակատին մէջ՝ Մորիքը շարք մը յաջող արշաւանքներէն ետք, 602 թուականին Պալքաններուն մէջ կրցաւ ետ մղել աւարներուն ու սլաւոններուն եւ դարձեալ վերականգնել Տանուպ գետը, որպէս կայսութեան հիւսիսային սահման։[29]
Փոքրացող սահմաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հերաքլիոսներու հարստութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մորիքի սպանութենէն ետք գահ բարձրացաւ Փոկասը։ Խոսրով Սասանեանը օգտագործեց սպանութիւնը, որպէս պատրուակ բիւզանդական Միջագետք նահանգ ներխուժելու համար։[40] Փոկասը, որ չէր վայելեր ժողովրդավարութիւն եւ երբեմն կը բնութագրուէր որպէս "բռնապետ", 610 թ-ին գահընկէց ըրաւ հայազգի զօրավար Հերաքլ Ա-ի կողմէ, որ նաւատորմով հասաւ Կոստանդնուպոլիս Կարթագենէն։[41] Շուտով Սասանեանները թափանցեցին Փոքր Ասիոյ խորքերը, գրաւեցին Դամասկոսը, Եգիպտոսը եւ Երուսաղէմը։ Երուսաղեմէն պարսիկները Տիզբոն տարին Խաչափայտը։[42] Պարսիկները անգամ պաշարեցին Կոստանդնուպոլիսը, սակայն չկարողանալով գրաւել զայն, նահանջեցին։ Հերաքլ կայսրի հակայարձակումը ընդունեց Սրբազան Պատերազմի բնոյթ։[43][44] Սասանեաններու բանակին կորիզը ոչնչացուց Նինուէյի ճակատամարտին 627 թ-ին, իսկ 629 թ-ին Հերաքլը հանդիսաւորութեամբ Երուսաղէմ վերադարձուց Խաչափայտը։[45] Պատերազմը հիւծեց ե՛ւ Բիւզանդիան, ե՛ւ Սասանեան Իրանը, որուն հետեւանքով անոնք չկրցան լուրջ դիմադրութիւն ցոյց տալ իսլամի ներքին միաւորուած արաբական ցեղերու արշաւանքերուն։[46] Բիւզանդացիները արաբներէն ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին Եարմուք գետի ճակատամարտին 636 թ-ին, իսկ Սասանեան Պարսկաստանի մայրաքաղաք Տիզբոնը երկամսեայ պաշարումէն ետք, յանձնուեցաւ արաբներուն 634 թ-ին։[47]
Նուաճելով Սուրիան եւ Սուրբ Երկիրը, արաբները սկսան արշաւանքներ ձեռնարկել Փոքր Ասիա եւ 674-678 թթ. պաշարեցին բուն Կոստանդնուպոլիս քաղաքը։ Բիւզանդական նաւատորմը վերջ ի վերջոյ յունական կրակի միջոցով ջախջախեց արաբականը, Բիւզանդիոյ եւ Արաբական խալիֆայութեան միջեւ ստորագրուեցաւ 30-ամեայ հաշտութեան պայմանագիր։[48] Սակայն արաբական արշաւանքերը Փոքր Ասիա կը շարունակուէին, որուն հետեւանքով ալ աստիճանաբար կը սկսի անկում ապրիլ քաղաքական կեանքը։[49] Չնայած արաբները երկրորդ անգամ պաշարեցին Կոստանդնուպոլիսը բիւզանդացիները եւս մէկ անգամ կրցան յետ մղել արաբները։ Սակայն Կոստանդնուպոլսոյ բնակչութեան թիւը նուազեցաւ՝ 500,000-էն հասնելով 40-70 հազարի։ Այդ ամէնը կը բացատրուի անով, որ 618 թ-ին կայսրութիւնը պարսիկներուն կորսնցուց (դարձեալ վերանուաճեց 629 թ-ին, բայց կորսնցուց 642 թ-ին արաբներուն) իր ցորենի գլխաւոր մատակարարին՝ Եգիպտոսին։[50] Կեդրոնական իշխանութիւնը ամրապնդելու նպատակով կիսանկախ իշխանութիւնները ձեւափոխուեցան թեմերու։[51]
Մեծ քանակութեամբ զօրքի տեղափոխումը Պալքանեան թերակղզիէն դէպի արեւելք՝ պարսիկներու, իսկ յետագային արաբներուն դէմ պատերազմելու, ճանապարհ բացաւ սլաւոններուն հարաւ՝ դէպի կայսրութիւն գաղթելուն։ Գաղթի հետեւանքով այնտեղ նոյնպէս սկսաւ անկում ապրիլ քաղաքական կեանքը։[52] 670-ական թուականներուն պուլկարները խազարներու ճնշման տակ անցան Տանուպ գետը եւ մուտք գործեցին կայսրութիւն։ 680 թ-ին բիւզանդական բանակը, որ ուղարկուած էր վերցնելու պուլկարներուն նոր բնակավայրերը, ջախջախիչ պարտութիւն կրեց։ Յաջորդ տարին Կոստանդին Դ կայսրը պայմանագիր կնքեց պուլկարներու խանին՝ Ասպարուխի հետ, եւ նորաստեղծ պուլկարական պետութիւնը իր մէջ ընդգրկեց շարք մը սլաւոնական ցեղեր, որոնք ժամանակին ձեւականօրէն կ'ենթարկուէին կայսրութեան։[53] 687–688 թթ. Հուստինիանոս Բ-ը յաջող արշաւանքներ ձեռնարկեց սլաւոններուն եւ պուլկարներուն դէմ, սակայն այն փաստը, որ բիւզանդացիները ստիպուած էին ետ նուաճել Թրաքիայէն մինչեւ Մաքեդոնիա ինկած տարածքները, ցոյց կու տայ, թէ որքան թուլացած էր Բիւզանդիոյ իշխանութիւնը հիւսիսային Պալքաններուն հետ։[54]
Հերաքլիոսներու հարստութեան վերջին ներկայացուցիչը՝ Հուստինիանոս Բ-ը փորձեց նուազեցնել քաղաքային ազնուականութեան իշխանութիւնը հարկերու միջոցով։ Սակայն ան հեռացուեցաւ իշխանութենէն 695 թ-ին եւ ստիպուած էր ապաստանիլ խազարներուն մօտ, իսկ յետագային պուլկարներուն մօտ։ 705 թ-ին Հուստինիանոսը պուլկարներուն օգնութեամբ երկրորդ անգամ գահ բարձրացաւ եւ սկսան հետապնդումները իր թշնամիներուն նկատմամաբ։ 711 թ-ին հայազգի զօրավար Փիլիպպիկոս-Վարդանին (յետագային հռչակուեցաւ կայսր) կազմակերպած երկրորդ ապստամբութեան հետեւանքով Հերաքլիոսներուն հարստութեան վերջին ներկայացուցիչը վերջնականապէս հեռացուեցաւ իշխանութենէն։[55]
Իսաւրեան հարստութենէն մինչեւ Բարսեղ Ա-ի թագադրում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լեւոն Գ Իսաւրացին անցաւ հակայարձակման 718 թ-ին եւ պուլկարներու օգնութեամբ, ովքեր միայն մէկ ճակատամարտի մէջ սպաննեցին 32.000 արաբ, հասաւ փայլուն յաղթանակի իսլամ արաբներու նկատմամբ։ Լեւոնը նաեւ որոշ փոփոխութիւններու ենթարկեց թեմերուն համակարգը։ Լեւոն Գ-ի յաջորդը՝ Կոստանդին Ե-ը տարաւ շարք մը յաղթանակներ Սուրիոյ մէջ եւ որոշակիօրէն թուլցուց պուլկարներուն հզօրութիւնը։
Օգտուելով կայսրութեան թուլացումէն, Թոմաս Սլաւոնի գլխաւորութեամբ սկսած ապստամբութենէն ետք, արաբները 820-ական թուականներուն անցան յարձակման, նուաճեցին Քրեթէ կղզին եւ փորձ կատարեցին նուաճելու Սիկիլիա կղզին։ Սակայն Սիկիլիոյ մէջ 863 թուականին 3 Սեպտեմբեր-ին ռազմավար Փետրոնասը Լալաքաոնի ճակատամարտին ջախջախիչ պարտութեան մատնեց արաբները։ Պուլկարիոյ կայսր՝ Քրումի օրով, Պուլկարական կայսրութինը դարձեալ սկսաւ սպառնալ կայսրութեան, սակայն Քրումի որդին՝ Օմորթակը 814 թ-ին խաղաղութեան պայմանագիր կնքեց Բիւզանդական կայսրութեան հետ։[56]
8-9-րդ դարերուն սկիզբ առաւ պատկերամարտութիւնը։ Լեւոն եւ Կոստանդին կայսրերու օրով արգիլուեցան սրբապատկերները, որուն հետեւանքով ողջ կայսրութեան մէջ տեղի ունեցան շարք մը խռովութիւններ եւ ապստամբութիւններ։ Նիկիոյ Բ տիեզերական ժողովի ընթացքին որոշում մը ընդունուեցաւ, ըստ որուն վերականգնուեցաւ սրբապատկերներու պաշտամունքը, սակայն արգիլուեցաւ երկրպագել անոնց։[57] 813 թ-ին Լեւոն Ե Հայ կայսրը դարձեալ արգիլեց սրբապատկերներու պաշտամունքը, սակայն 843 թ-ին Տեոդորա կայսրուհին դարձեալ թոյլ տուաւ։[58] Պատկերամարտութիւնը ալ աւելի տարանջատեց Բիւզանդական կայսրութիւնը արեւմուտքէն։
Հայկական կամ Մակեդոնական հարստութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բիւզանդական հարստութիւնը հասաւ իր հզօրութեան գագաթնակէտին հայկական հարստութեան կայսրերու օրով՝ 9-րդ դարու վերջաւորութեան, 10-րդ դարուն եւ 11-րդ դարու սկիզբը։ Հայկական հարստութեան օրով Բիւզանդիան վերականգնեց դիրքերը Ատրիաթիք ծովուն մէջ, հարաւային Իտալիոյ մէջ եւ գրաւեց Պուլկարական Առաջին Կայսրութիւնը։ Կայսրութեան քաղաքները սկսան մեծնալ, իսկ նահանգները, անվտանգութեան ապահովման հետեւանքով սկսան բարգաւաճիլ։ Բնակչութիւնը աճեցաւ, ապրանքներու արտադրանքը մեծցաւ, առեւտուրը զարգացաւ։ Տնտեսական աճը սկսաւ մշակութային ուժեղ առաջընթացի հետ ("Հայկական կամ Մակեդոնական վերածնունդ")։ Թափ առին ճարտարապետութիւնն ու եկեղեցաշինութիւնը։ Չնայած Հուստինիանոսի ժամանակներուն հետ համեմատած, կայսրութիւնը զգալիօրէն փոքր էր տարածքով, ան աւելի հզօր էր, քանի որ կայսրութեան տիրոյթները աշխարհագրականօրէն իրար աւելի մօտ էին։
Պատերազմները իսլամներուն դէմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արդէն 867 թ-ին Բիւզանդական կայսրութիւնը վերականգնած էր իր դիրքերը ե՛ւ Արեւմուտքին մէջ, ե՛ւ Արեւելքին մէջ, որուն շնորհիւ բիւզանդական կայսրերը ձեռնամուխ եղան արեւելքի մէջ կորսնցուցած տարածքներու վերանուաճման։
Վերանուաճումը սկիզբէն կ'ընթանար փոփոխակի յաջողութեամբ։ Քրէթէ կղզիին ժամանակաւոր գրաւման (843) յաջորդեց ջախջախիչ պարտութիւնը Պոսֆորի մէջ։ Բացի անկէ Բիւզանդիան չէր կրնան կեցնել իսլամ արաբներուն առաջխաղացքը Սիկիլիոյ մէջ, որուն նուաճումը արաբներուն կողմէ սկսաւ 827 թ-ին եւ տեւեց մինչեւ 902 թուական։ Օգտագործելով ներկայիս Թունուսի տարածքը որպէս յենակէտ, արաբները 831 թ-ին գրաւեցին Փալերմոն, 842 թ-ին՝ Մեսինան, 859 թ-ին՝ Էնան, 878 թ-ին՝ Սիրաքուզան , 900 թ-ին՝ Քաթանիան եւ 902 թ-ին՝ վերջին բիւզանդական յենակէտը Սիկիլիոյ մէջ՝ Թաորմինա ամրոցը։
Այս պարտութիւններուն յաջորդեցին յաջող արշաւանքները Տամիէթա՝ Եգիպտոս (856), Մալաթիոյ էմիրի ջախջախումը (863), Տալմատիոյ նկատմամբ կայսերական իշխանութեան հաստատումը (867) եւ Բարսեղ Ա-ի յաջող արշաւանքները Եփրատ գետի երկայնքով (870-ական թթ.)։ Չնայած Սիկիլիոյ կորուստին, Բարսեղը կրցաւ իր ձեռքին մէջ պահել հարաւային Իտալիան, եւ ան մնաց կայսրութեան կազմին մէջ յաջորդող երկու դարերու ընթացքին։
904 թ-ին Բիւզանդական կայսրութեան մեծութեամբ երկրորդ քաղաքը՝ Թեսաղոնիկէն գրաւուեցաւ եւ թալանուեցաւ արաբական նաւատորմին կողմէ։ Բիւզանդիան անոր պատասխանեց արաբական նաւատորմի ոչնչացմամբ 908 թ-ին եւ Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքին աւերմամբ՝ երկու տարի անց։ Չնայած այդ յաջողութիւններուն, բիւզանդացիները արաբներէն ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին Քրէթէ կղզիին մէջ 911 թ-ին։
Շուտով վարեակները, որոնք պաշարած էին Կոստանդնուպոլիսը 860 թ-ին, 941 թ-ին յայտնուեցան Պոսֆորի ասիական ափին։ Սակայն ի տարբերութիւն առաջին յարձակման, երբ բիւզանդացիները միայն հաշտութիւն կնքելով կրցան հեռու պահել կայսրութենէն վարեակներուն, երկրորդ յարձակման ժամանակ վարեակները գլխովին ջախջախուեցան։ Այդ յաղթանակը ցոյց տուաւ 907 թ-ին բիւզանդական բանակին մէջ կատարուած բարեփոխումներու դրական արդիւնքը։ Վարեակներուն պարտութեան մատնողը յայտնի հայազգի զօրավար Յովհաննէս Քուրքուաս Բ-ն էր, որու ծագումը հայկական Քուրքուաս տոհմէն էր։ Շուտով Յովհաննէս Քուրքուասը շարք մը յաղթանակներ տարաւ նաեւ Միջագետքի մէջ (943)։ Անոնցմէ աւելի նշանակալիցը Եդեսիոյ ազատագրումն էր (944), որուն հետեւանքով Կոստանդնուպոլիս վերադարձուեցաւ Մանտիլիոնը։
Զինուոր-կայսրեր Նիքեփոր Պոքասը (կառավարած է 963–969 թթ.) եւ Յովհաննէս Չմշկիկը (969–976 թթ.) վերագրաւեցին նոր տարածքներ Սուրիոյ մէջ, ջախջախեցին հիւսիս-արեւմտեան Իրաքի էմիրներըուն եւ վերանուաճեցին Քրէթէն եւ Կիպրոսը։ Բիւզանդական զօրքերը նոյնիսկ կը սպառնային Երուսաղէմին։ Հալէպի էմիրները եւ անոր դրացի այլ իսլամական էմիրութիւնները վերածուեցան Բիւզանդիոյ վասալներու։ Բիւզանդական կայսրութեան համար արեւելքի մէջ ամէնամեծ վտանգը կը ներկայացնէր Ֆաթիմեան խալիֆայութիւնը։[59] Քանի մը արշաւանքներու հետեւանքով Բարսեղ Բ կայսրը 40,000 զօրքի գլուխ անցած ոչնչացուց Սուրիոյ մէջ արաբական վերջին սպառնալիքները։ Ի շնորհիւ յաղթանակներուն Պուլկարիոյ եւ Սուրիոյ մէջ, Բարսեղ Բ Պուլկարասպան կայսրը կը մտադրէր ազատագրել Սիկիլիան արաբներէն ։ Սակայն անոր մահը 1025 թ-ին ձգձգեց արշաւանքը։ Ան ի վերջոյ տեղի ունեցաւ 1040-ական թուականներուն եւ ունեցաւ միայն սկզբնական որոշ յաջողութիւններ։
Բիւզանդական կայսրեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բիւզանդիոյ կառավարող հասարակարգին համար բնութագրական էր շարժականութիւնը[60]։ Բիւզանդիոյ մէջ նոյնիսկ ամէնացած խաւերուն պատկանող անձը կրնար հասնիլ մեծ բարձունքներու։ Օրինակ Միքայէլ Բ կայսրը անկիրթ վարձկան էր, եւ մահապատիժի դատապարտուած էր Լեւոն Ե Հային դէմ ապստամբութիւն բարձրացնելուն համար, սակայն անոր մահապատիժը ձգձգուեցաւ Նոր տարուայ տօնակատարութուններուն պատճառով (802 թ.); Բարսեղ Ա կայսրը գիւղացի էր, յետագային՝ ախոռապան։ Գիւղացի էր նաեւ Ռոմանոս Ա Լաքափենոս կայսրը[60]։
Բանակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Չնայած Բիւզանդիան ժառանգած էր բանակը Հռոմէական կայսրութենէն, ան աւելի մոտ էր հելլենական պետութիւններու փաղանգային համակարգին։ Գոյութեան վերջաւորութեան Բիւզանդիոյ բանակը կազմուած էր վարձկաններէն:
Ի տարբերութիւն հռոմէական բանակի՝ բիւզանդականի մէջ մեծ տեղ կը գրաւէր նաւատորմը, որուն յունական կրակի յայտնագործութիւնը օգնեց զբաղեցնել առաջատար դիրք՝ ծովուն մէջ։ Բիւզանդացիները Սասանեաններէն փոխ առին ամբողջութեամբ զրահապատուած հեծելազօրը - քատաֆրաքթարիին։
Անցումը թեմական համակարգին հնարաւորութիւն տուաւ կայսրութեան 150 տարի մղել յաջող պատերազմներ, սակայն գիւղացիութեան տնտեսական հիւծուածութիւնը եւ խորացող կախումը՝ աւատականներէն հասցուցին կայսրութեան բանակի ռազմական անյաջողութիւններուն։ Թեմական համակարգէն անցում կատարուեցաւ աւատականի, երբ աւատականները հողի դիմաց պարտաւորուած էին կայսրութեան մատակարարել զինուորներ։
Յետագային բանակը եւ նաւատորմը ա՛լ աւելի կը թուլնան եւ կը վերածուին վարձկաններէ կազմուած խումբերու։ 1453 թ-ին 60.000 Կոստանդնուպոլիսը կրցաւ ճակատամարտի հասնիլ ընդամէնը 5.000-նոց բանակով եւ 2.500 վարձկանով։
Բիւզանդական կայսրութեան բանակի կարեւորագոյն մասերէն կը համարուէին հայկական գունդերը։ Յայտնի է, որ բիւզանդական կայսեր անձնական պահակախումբին կ'ընտրէին միայն հայեր։ Շատ հայեր հասած են բարձր ռազմական կոչումներու եւ փառքի, օրինակ Նարսէսը, Յովհաննէս Քուրքուաս II-ը եւ այլն։
Ահա այս աղիւսակին մէջ կը ներկայացուի բիւզանդական բանակի քանակային փոփոխութիւնները.
Նշումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ "Նոր Հռոմ" անուանումը առաջին անգամ կը հանդիպի 381 թ-ին կայացած Կոստանդնուպոլսի եկեղեցական ժողովի կանոններէն մէկուն մէջ, որտեղ կը նշուէր Կոստանդնուպոլսի պատրիարքի նկատմամբ Հռոմի պապի գերակայութեան մասին։[5]
- ↑ Ռոմանիա (կամ Rhōmanía) կայսրութեան տարածուած անուանումներէն մէկն էր[7] որ կ'օգտագործուէր ոչ պաշտոնապէս եւ կը նշանակէր "Հռոմէացիներու երկիր": Ան որեւէ առանչութիւն չունի ներկայիս Ռոմանիա պետութեան հետ։
- ↑ "Imperium Graecorum", "Graecia", "Terra Graecorum", Yunastan", այլ, այլ անուններ "Կոստանդնուպոլսի կայսրութիւն" (imperium Constantinopolitanum) "Ռոմանիոյ կայսրութիւն" (imperium Romaniae).
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Բյուզանդական կայսրություն Մեր ժամանակներում BBC-ի։
- 12 Բյուզանդական կառավարիչներն Archived 2005-12-10 at the Wayback Machine. ըստ Լարս Բրովնվորթ ՍԹՈՆԻ ԲՐՈՒԿ Դպրոց; NYTimes ակնարկ։
- Բյուզանդական եւ քրիստոնեական թանգարան։
- Բյուզանդական Կայսրություն, Archived 2016-03-14 at the Wayback Machine. Հայկական Հանրագիտարան
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Կաժդան & Էպշտեյն 1985, էջ. 1 .
- ↑ 2,0 2,1 Միլլար 2006, էջեր. 2, 15 Ջեյմս 2010, էջ. 5 Ֆրիման 1999, էջեր. 431, 435–437, 459–462 Բայենս & Մոսս 1948, "Առաջաբան", p. xx Օստրոգորսկի 1969, էջ. 27 Կալդելլիս 2007, էջեր. 2–3 Կաժդան & Կոնստանբլ 1982, էջ. 12 Նորուիչ 1998, էջ. 383
- ↑ 3,0 3,1 Հալսալլ Պաուլ (1995)։ «Բյուզանդիում»։ Ֆորդհամի համալսարան։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-08-17-ին։ արտագրուած է՝ հունիսի 21, 2011
- ↑ Krugosvet онлайн энзиклопедия Византийская Империя
- ↑ Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found..
- ↑ Բենզ 1963, էջ. 176 .
- ↑ Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found..
- ↑ «Ազգ եւ Ազատություն. Բյուզանդական օրինակը»։ Dio.sagepub.com։ doi:10.1177/039219218303112403։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ օգոստոսի 7–ին
- ↑ Ֆոսիէ & Սոնդհայմեր 1997, էջ. 104 .
- ↑ http://dio.sagepub.com/cgi/reprint/31/124/47
- ↑ Թեոդոր, Epistulae, 145, տող 19 ("ή ταπεινή Γραικία") եւ 458, տող 28 ("έν Αρμενία καί Γραικία").
- ↑ Կիննամուս 1976, էջ. 240 .
- ↑ Ահրուեիլեր & Laiou 1998, էջ. 3 Մանգոյ 2002, էջ. 13
- ↑ Gallant Tom։ «Byzantine Empire: A Short Overview»։ Toronto, Ontario, Canada: York University
- ↑ Գաբրիել 2002, էջ. 277 .: Օրինակ ֆրանսացիները կ'անուանէին Բիւզանդիոյ միապետին ոչ թէ Հռոմի կայսր, այլ Յոյներու կայսր։
- ↑ Gallant Tom։ «Byzantine Empire: A Short Overview»։ Toronto, Ontario, Canada: York University
- ↑ Fouracre & Gerberding 1996, էջ. 345 Օրինակ Ֆրանսացիները անուանում էին Բիւզանդիայի միապետին ոչ թէ Հռոմի կայսր, այլ Հոյների կայսր:
- ↑ Tarasov 2004, էջ. 121 .
- ↑ 19,0 19,1 El-Cheikh 2004, էջ. 22 .
- ↑ Ուելլս 1922, Գլուխ 33 .
- ↑ Բարի 1923, p. 1
- ↑ 22,0 22,1 Gibbon 1906, Հատոր II, Մաս VI, Գլուխ 14, էջ՝ 200
- ↑ Եվսեբիոս, IV, lxii.
- ↑ Էսլեր 2004, էջ. 1081 .
- ↑ «Philip Schaff: NPNF2-01. Eusebius Pamphilius: Church History, Life of Constantine, Oration in Praise of Constantine - Christian Classics Ethereal Library»։ www.ccel.org։ արտագրուած է՝ 2020-01-13
- ↑ Նաթան, Թեոդոսիոս Բ (408–450).
- ↑ «Բիւզանդական կայսրութիւն»։ Encyclopædia Britannica
- ↑ «Roman Emperors - DIR Theodosius II»։ www.roman-emperors.org։ արտագրուած է՝ 2020-01-13
- ↑ 29,0 29,1 29,2 29,3 Treadgold 1995, էջ. 193 .
- ↑ Ալեմանի 2000, էջ. 207 Թրեդգոլդ 1997, էջ. 184
- ↑ Գրիերսոն 1999, էջ. 17 .
- ↑ 32,0 32,1 32,2 Էվանս, Հուստինիանոս (մ.թ. 527–565).
- ↑ 33,0 33,1 «Roman Emperors - DIR Justinian»։ www.roman-emperors.org։ արտագրուած է՝ 2020-01-13
- ↑ Գրեգորի 2010, էջ. 145 .
- ↑ Բարի 1923, pp. 180–216 .
- ↑ «J. B. Bury: History of the Later Roman Empire • Vol. 2 Chap. XIX (§§4‑8)»։ penelope.uchicago.edu։ արտագրուած է՝ 2020-01-13
- ↑ «J. B. Bury: History of the Later Roman Empire • Vol. 2 Chap. XIX (§§9‑12)»։ penelope.uchicago.edu։ արտագրուած է՝ 2020-01-13
- ↑ «J. B. Bury: History of the Later Roman Empire • Vol. 2 Chap. XIX (§§13‑14)»։ penelope.uchicago.edu։ արտագրուած է՝ 2020-01-13
- ↑ Գրեգորի 2010, էջ. 150 .
- ↑ Բրեյ 2004, էջեր. 19–47 Հալդոն 1990, էջեր. 110–111 Treadgold 1997, էջեր. 196–197
- ↑ Ֆոսս 1975, էջ. 722 .
- ↑ Հալդոն 1990, էջ. 41 Սպեկ 1984, էջ. 178
- ↑ Հալդոն 1990, էջեր. 42–43 .
- ↑ Գրաբար 1984, էջ. 37 Cameron 1979, էջ. 23
- ↑ Կամերոն 1979, էջեր. 5–6, 20–22 .
- ↑ Հալդոն 1990, էջ. 46, Բայնս 1912, passim; Սպեկ 1984, էջ. 178 .
- ↑ Foss 1975, էջեր. 746–747 .
- ↑ Հալդոն 1990, էջ. 50 .
- ↑ Haldon 1990, էջեր. 61–62 .
- ↑ Haldon 1990, էջեր. 102–114 .
- ↑ Ուիկհամ 2009, էջ. 260 .
- ↑ Հալդոն 1990, էջեր. 208–215, Կայեգի 2003, էջեր. 236, 283
- ↑ Հալդոն 1990, էջեր. 43–45, 66, 114–115 .
- ↑ Հալդոն 1990, էջեր. 66–67 .
- ↑ Հալդոն 1990, էջ. 71 .
- ↑ Հալդոն 1990, էջեր. 70–78, 169–171,Հալդոն 2004, էջեր. 216–217, Կոունտուրայ-Գալակէ 1996, էջեր. 62–75
- ↑ «Բիւզանդական կայսրութիւն»։ Encyclopædia Britannica; «Հելլաս, Բիւզանդիում»։ Encyclopaedia The Helios
- ↑ Գարլանդ 1999, էջ. 89 .
- ↑ Պարի 1996, էջեր. 11–15 .
- ↑ 60,0 60,1 Ա. Գիյու. Բյուզանդական քաղաքակրթություն — ISBN 5-94799-474-7