Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ
Կաղապար:Տեղեկաքարտ Զինուած Հակամարտութիւն
Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ (անգլերէն՝ First World War կամ Great War կամ WWI) (28 Յուլիս 1914 - 11 Նոյեմբեր 1918 ), մարդկութեան պատմութեան ընթացքի մէջ տեղի ունեցած ամէնէն արիւնալի ռազմական հակամարտութիւններէն մին։ Պատերազմին ներգրաւուեցան այն ժամանակ գոյութիւն ունեցող 59 ինքնիշխան երկիրներէն 38-ը։ Հակամարտութիւնը ստացած է իր անուանումը միայն 1939 թ.՝ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի սկսելէն յետոյ։ Պատերազմող պետութիւններն ունէին իրենց գլխաւոր նպատակները՝
- Անթանթ (Եռեակ Միութիւն)
- Ֆրանսա՝
- Լուծել 1870 թ. Գերմանիայէն կրած պարտութեան վրէժը
- Պահպանել եւրոպական գերտէրութեան կարգավիճակը
- Մեծն Բրիտանիա
- Պահպանել իր գաղութները
- Խլել Գերմանիայէն անոր ազդեցութեան ոլորտները
- Ռուսիա
- Վերջնականապէս հաստատուիլ Պալքաններու մէջ եւ Անդրկովկասի մէջ
- Խլել Օսմանեան Թուրքիայէն Պոսփորի եւ Տարտանելի նեղուցները։
- Ֆրանսա՝
- Քառեակ դաշինք (Կեդրոնական Պետութիւններ)
- Գերմանիա
- Ձեռք բերել նոր գաղութներ
- Հաստատել գերիշխանութիւն Եւրոպայի մէջ
- Օսմանեան կայսրութիւն
- Իրագործել իր վաղեմի ծրագիրը՝ ստեղծել Մեծ Թուրանը
- Աւստրիա-Հունկարիա
- Նուաճել եւ իրեն ենթարկել ամբողջ Պալքանեան թերակղզին
- Իտալիա (պատերազմի կէսէն դուրս եկաւ Քառեակ դաշինքէն եւ մտաւ Անտանտի մէջ)
- Ընդլայնել գաղութներու տարածքը
- Պուլկարիա (պատերազմի կէսէն մտաւ Քառեակ դաշինքի մէջ)
- Ամրապնդիլ իր դիրքերը Եւրոպայի մէջ
- Գերմանիա
Նշուած քաղաքական նպատակներէն բացի, պետութիւնները կը հետապնդէին նաեւ այլ՝ տնտեսական, տեղային, ռազմական նպատակներ։ Պատերազմի մէջ մտնել կը ստիպէին նաեւ դաշնակցային պարտաւորութիւնները։ Միւս՝ փոքր պետութիւնները, չունենալով իրագործելի հաւակնութիւններ, հարեցան այս կամ այն կողմը ինքնապաշտպանութեան նպատակով։
Պատերազմին սկիզբը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ձեւական սկիզբը կը համարուի Աւստիա-Հունկարիոյ թագաժառանգին սպանութիւնը Սարեւոյին մէջ։ Ֆրանց-Ֆերտինանտի սպանութենէն ետք Ավստրիա-Հունկարիան կարգ մը անընդունելի պայմաններ ներկայացուց Սերպիոյ։ Ֆրանց Եոզեֆի նպատակը եղած էր ներկայացուած վերջնագիրի պայմաններու չկատարումը որպէս առիթ օգտագործելով պատերազմ յայտարարել սերպերուն, սակայն Ռուսիոյ խորհուրդով Սերպիան համաձայնեցաւ կատարիլ զանոնք։ Չնայած ատոր՝ Ավստրիա-Հունկարիան Յուլիս 28-ին պատերազմ յայտարարեցաւ Սերպիոյ։ Գերմանիան վերջնագիրներ ներկայացուց Ֆրանսային եւ Ռուսիոյ։ Ֆրանսայէն նա կը պահանջէր չեզոքութիւն պահպանիլ, Ռուսիայէն՝ չեղեալ համարիլ յայտարարած համընդհանուր զօրահաւաքը։ Երկու վերջնագիրներն ալ մերժուեցան. Ֆրանսան կը կարծէր, որ վերջնագիրին ընդունումին պարագային Ուիլհելմը կը պահանջէ իրեն յանձնել նաեւ սահմանային ամրութիւնները։ Սա վերջնագիրներու մերժումները որպէս առիթ օգտագործելով՝ Գերմանիան պատերազմ յայտարարեցաւ Օգոստոս 3-ին Ֆրանսային, իսկ Օգոստոս 1-ին՝ Ռուսիոյ։ Մեծ Պրիթանիան Գերմանիայէն պահանջեց նկատի առնիլ Պելճիքայի չեզոքութիւնը։ Գերմանիոյ մերժումէն ետք եւ անոր դեսպանին յանձնած վերջնագիրով, Անգլիան մտաւ պատերազմին մէջ․ վերջնագիրը կ՛ըսէր՝ «Նորին Մեծութեան կառավարութիւնը կը կարծէ, որ 1914 Օգոստոս 4-ի երեկոյեան ժամը 23-էն երկու երկիրնեու միջեւ պատերազմական դրութիւն է»: Այս գրութեան մէջ նշուած ամսաթիւը կը համարուի Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի սկիզբը։
Պատերազմին ընթացքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կը կարծուէր, թէ 1914 Օգոստոսին սկսած Մեծ պատերազմը պիտի տեւէ երեքէն-չորս ամիս։ Սուրբ Ծնունդի օրերը կը սպասէին, յուսալով թէ պիտի վերջանայ։ Առողջ դատողութիւնը կը յուշէր, որ ժամանակակից պատերազմը պիտի ընթանայ աւելի սրընթաց, քան անցեալին եղածները, եւ աւելի վճռական։ Գործնականը եղաւ այն, որ պատերազմը տեւեց ոչ թէ չորս ամիս, այլ՝ չորս տարիէն աւելի։[1] Պատերազմի նպատակն էր՝ աշխարհը վերաբաժանել, անոր քաղաքական քարտէսը վերակազմել։ Անգլիան ծրագրած էր կործանել իր ամենէն վտանգաւոր մրցակից Գերմանական կայսրութիւնը, Թուրքիայէն զաւթել Միջագետքն ու Պաղեստինը, ամրանալ Եգիպտոսի մէջ եւ պահպանել իր գաղութային կայսրութիւնը։ Ֆրանսան կ'ուզէր ետ առնել 1871-ին Գերմանիայէն գրաուած Ալզասն ու Լոթարինգիան եւ զաւթել Սաարի ածուխի աւազանը։ Գերմանիան, նպատակատ ունենալով տիրապետել Եւրոպայի մէջ, կը ձգտէր պարտութեան մատնել Անգլիան, Ֆրանսան, Պելճիքան ու Հոլանտան, գրաւել անոնց գաղութները, մասնատել Ռուսիան։ Աւստրիա-Հունկարիան մտադիր էր զաւթել Սերպիան ու Մոնթենեկրօն, իսկ Ռուսիան կը ցանկանար գրաւել Կալիցիան ու Արեւմտեան Հայաստանը, կործանել Օսմանեան Կայսրութիւնը, նուաճել Վոսփորն եւ Տարտանել նեղուցները, դուրս գալ Միջերկրական ծով։ Թուրքիան որոշած էր գրաւել Կովկասը, Ղրիմը, Իրանի Ատրպատական նահանգը, Կեդրոնական Ասիան եւ իրագործել իր համաթուրանական ծրագիրը։ Առաջին աշխարհամարտը սկսելու առիթը Աւստրա-Հունկարիայի գահաժառանգ Ֆրանց Ֆերտինանտի սպանութիւնն էր սերպ ազգայնականներու կողմէն՝ 1914 Յունիս 28-ին Սարայեվօի մէջ։ Աւստրիա-Հունկարիան պատերազմ յայտարարեց Սերպիոյ դէմ։ Ռուսիան զօրահավաքի սկսաւ։ 1914 օգոստոս 1-ին Գերմանիան պատերազմ յայտարարեց Ռուսիոյ դէմ եւ Օգոստոս 3-ին՝ Ֆրանսայի։ Գերմանական զօրքերը Պելճիքայի վրայէն կը յարձակին Ֆրանսայի վրայ։ Պահանջելով չխախտել Պելճիքայի չեզոքութիւնը՝ Օգոստոս 4-ին Անգլիան պատերազմ յայտարարեց Գերմանիոյ դէմ։ Հոկտեմբեր 29-ին գերմանա-աւստրիական խմբավորումին միացաւ Թուրքիան։ Հետզհետէ կ'աւելնար պատերազմի մասնակիցներու թիւը. աշխարհի 59 պետութիւններէն պատերազմին կը մասնակցէին 38-ը. պատերազմն ընդգրկած էր Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէյի աւելի քան 4 մլն. քմ2 տարածք՝ շուրջ 1.5 մլր բնակչութեամբ (երկրագունդի բնակչութեան 87%-ը)։ Ռազմական գործողութիւնները կ'ընթանային մօտ մէկ տասնեակ ռազմաբեմերու վրայ, սակայն գլխաւոր ճակատները երկուք էին․ արեւմտաեւրոպականը՝ ֆրանս-գերմանական եւ Պելճիքայի սահմանագիծին երկայնքին, մօտ 700 քմ․ եւ արեւելաեւրոպականը (ռուսականը)՝ ռուս-գերմանական ու ռուս-աւստրիական սահմաններու երկայնքին։ Կարեւոր էր նաեւ Կովկասեան ճակատը, ուր մարտական գործողութիւնները կ'ընթանային Սեւ Ծովէն մինչեւ Ուրմիոյ լիճը՝ 720 քմ երկարութեամբ։ 1914-ի ամենամեծ ճակատամարտը տեղի ունեցած է Մարն եւ Էն գետերու աւազանին շուրջ, ուր երկու կողմէն 1.5 մլն մարդ զոհուեցաւ եւ վիրաւորուեցան 600 հազար։ Ֆրանս-անգլիական զորքերը կասեցուցին գերմանական զօրքերու առաջխաղացումը դէպի Փարիզ եւ հակառակորդին ստիպեցին նահանջել մինչեւ Էն գետը։
Արեւմտեան ճակատի մէջ սկսանդիրքային պատերազմ։ Օգոստոսի վերջին Գերմանիային պատերազմ յայտարարած Ճափոնը սկսաւ Խաղաղական ովկիանոսի մէջ զաւթել գերմանական տիրոյթները եւ հպատակեցնել Չինաստանը։ Կովկասեան ռազմաճակատին մէջ 1914-ի Դեկտեմբեր 9-էն մինչեւ 1915-ի Յունուար 5-ը Սարիղամիշի մօտ ռուսական բանակը գլխովին ջախջախեց թրքական 90 հազարանոց զօրքը (փրկուեցան միայն 12 հազարը), իսկ ռազմական նախարար Էնվեր փաշան հազիւ խուսափեցաւ գերեւարուելէն։ Ռուսները թուրքերուն վտարեցին Իրանի Ատրպատական նահանգէն։ Գերմանիան, նպատակադրուելով տիրապետող դիրք գրաւիլ Եւրոպայի մէջ, կը ձգտէր պարտութեան մատնիլ Անգլիան, Ֆրանսան, Պելճիքան ու Հոլանտան։ Ռուսական զօրքերու յարձակումը ծանր կացութեան մատնեցին Աւստրիա-Հունկարիան։ Դաշնակիցը օգնելու համար Գերմանիան լայնածաւալ յարձակումի սկսաւ եւ գրաւեց լեհ-լիթուանական հողերը։ Թէեւ ռուսերը 300 հզ. զոհ տուին, սակայն Ռուսիան դիմացաւ։ 1915-ին Պալքանեան ճակատի մէջ Իտալիան, կ՛անցնի Անտանտի կողմը։ Աւստրիա-Հունկարիան նուաճեց Մոնթենեկրօն եւ Ալպանիան։ Պուլկարիան պարտութեան մատնեցաւ Սերպիան։ 1915 Ապրիլ 22-ին Արեւմտաեւրոպական ճակատի մէջ Իփր քաղաքի մերձակայքը գերմանացիներն առաջին ատենը օգտագործեցին քիմիական զէնք (թունավորւեցաւ 15 հզ. մարդ)։ 1915-ի մայիսին ռուսները հայ կամաւորական ջոկատներու աջակցութեամբ գրաուեցին Վանը։ Սակայն Յուլիսին ռուսական բանակը ժամանակաւորապէս թողեցաւ հայկական տարածքները, որը ճակատագրական եղաւ արեւմտահայութեան համար։ 1916-ին Գերմանիան խոշոր յարձակում ձեռնարկեցաւ Վերտենի շրջանի մէջ (Արեւմտեան ճակատ), ուր կողմերը վճռական յաջողութեան չհասան։ «Վերտենեան մսաղացի» մէջ հակառակորդները տուեցին մօտ 1.5 մլն. զոհ։
![]() |
![]() | ||||
Նօր զինատեսակներ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին ընթացքին.
Պրիթանական Mark I հրասայլը (ձախը), Fokker Dr1 կործանիչները (աջը)
|
Պատերազմը Պալքաններու Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ռուսիոյ հետ ընդհարելով, Աւստրիա-Հունկարիոյ բանակի միայն մէկ երրորդը յարձակման կ՛ուղարկուի սերպերուն դեմ։ Մեծ կորուստներու գինով աւստրիացիները գրաւեցին Սերպիայի մայրաքաղաք Պելկրատը: Սերպիոյ հակայարձակումէն յետոյ, անոնք կրցան թշնամին ետ մղել երկիրի տարածքէն 1914 թուականի վերջերուն։ 1915 թուականի առաջին տասը ամիսներուն ընթացքին, Աւստրիա-Հունգարիան Իտալիոյ դէմ կ՛օգտագործէ նախապատրաստուած պահեստային զօրքի մեծ մասը։ Գերմանական եւ աւստիա-հունկարական դիւանագէտները համոզեցին Պուլկարիան միանալ Սերպիայի դէմ յարձակումին 1915 թուականի սեպտեմբեր 6-ին[3]: Աւստրիա-Հունկարիոյ գերիշխնութեան տակ գտնուող շրջաններ՝ Սլովենիան, Քրուաթիան եւ Պոսնիան զինուորներ կը տրամադրէին Աւստրիա-Հունգարիոյ, որպէսզի Սերպիան նուաճեն, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Իտալիոյ դէմ մարտնչելու համար։ Մոնթենեկրոն դաշնակից էր Սերպիոյ[4]:
Սերպիան գրաւեցին արագօրէն, քանի որ Կեդրոնական ուժերուն միացած էր Պուլկարիան 600 000 զօրքով։ Սերպական բանակը, կռուելով երկու ճակատներու վրայ, պարտութիւն կրեց եւ նահանջեց հիւսիսային Ալպանիա։ Սերպերը յաղթանակ տարին Քոսովոյի ճակատամարտին։ Մոնթենեկրոն կը պաշտպանէր սերպերը Ատրիաթիքի ափերէն, սակայն աւստրիացիները Մոնթենեկրոն նոյնպէս գրաւեցին։ Սերպ զինուորները նաւերով Յունաստան կ՛ապաստանին՝ Քերքիրա[5]: Նուաճելուելէն ետք Սերպիան բաժանուեցաւ Պուլկարիոյ եւ Աւստրիա-Հունկարիոյ միջեւ։
1915 թուականի վերջը ֆրանս-պրիթանական զօրքերը իջեւանեցին Սելանիկի մէջ, որ ստիպեն Յունաստանը պատերազմի մէջ մտնել Անթանթի կողմը։ Սակայն գերմանամէտ թագաւոր Կոնստանտին Ա․ը դէմ էր Կեդրոնական ուժերու դէմ դուրս գալ․ Յունաստանի վարչամեքենային մէջ, թագաւոր Կոստանտինոս Ա․ի եւ վարչապետ Էլեֆթերիոս Վենիզելոսին միջեւ, երկճակատում կայ[6]: Արդիւնքը Աթէնքին մէջ տեղի ունեցան բախումներ, որմէ ետք թագաւորը գահը զիջեցաւ իր որդիին՝ Աղեքսանտրը, իսկ Յունաստանը պաշտօնապէս մտաւ պատերազմի մէջ Անթանթի կողմը։
Կովկասեան Ճակատ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կովկասեան ճակատի մէջ ռուսական զօրքերը յաջող յարձակում ձեռնարկելով, 1916-ին գրաւեցին Էրզրումը, Երզնկան, Մամախաթունը, Տրապիզոնը, Պիթլիսը եւ այլ տարածքներ՝ հասնելով Սեբաստիայի վիլայէթ։ 1916-ի երկրորդ կէսին անգլա-ֆրանսական զօրքերը Սոմմէ գետի մօտ (Արեւմտեան ճակատ) անցան հակայարձակման եւ մինչեւ տարեվերջ ձգձգուած պատերազմին հասան աննշան յաջողութեան։ Երկու կողմէն սպաննուեցաւ ու վիրաւորուեցաւ շուրջ 1 միլիոն 300 հզ. մարդ։ Հոն անգլիացիներն առաջին անգամ օգտագործեցին հրասայլեր։ 1915–16 թուականներու ռազմական գործողութիւններու հիմնական արդիւնքը գերմանա-աւստրիական խմբաւորումի (Կեդրոնական Պետութիւններու) թուլացումը եղած էր եւ բեկումը պատերազմի մէջ՝ հօգուտ Անտանտի։ Առաջին աշխարհամարտի մէջ կ'ամայացուէին ընդարձակ տարածքներ եւ նոյնիսկ՝ երկիրներ։ Սերպիայի բանակը, մինակ մնալով թշնամական ուժերու դէմ, ջախջախուեցաւ։ Սերպ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ բազում տառապանքներու. նրա զգալի մասը հեռացաւ հայրենիքէն։
Ռուսիան պատերազմի վերջաւորութեան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աշխարհամարտի ամենասեւ էջը հայոց Մեծ եղեռնն էր։ Ցեղասպանութեան ենթարկուեցան նաեւ Օսմանեան կայսրութեան այլ ժողովուրդներ՝ յոյները, ասորիները եւ ուրիշներ։ 1917-ի սկիզբին Ռուսիոյ մէջ քաղաքական ճգնաժամը հասաւ գագաթնակետին։ Փետրուարեան հեղափոխութեան հետեւանքով ստեղծուեցաւ Ժամանակաւոր կառավարութիւն, որն Ապրիլին իր դաշնակիցներուն հաւաստիացուց պատերազմը մինչեւ յաղթական աւարտի շարունակելու մտադրութեան մասին։ 1917-ին Արեւմտեան ճակատի մէջ Անտանտն անյաջողութիւններ ունեցաւ, ձախողեցաւ նաեւ ռուսական բանակի Յունիսեան հարձակումը։ Աւելի եւս խորացող ճգնաժամի պայմաններուն 1917-ի Հոկտեմբեր 25-ին (նոր տոմարով՝ նոյեմբերի 7-ին) Փետրոկրատի մէջ կատարուեցաւ զինեալ յեղաշրջում, եւ իշխանութեան անցած պոլշեւիկեան կուսակցութիւնը առաջարկեցհամընդհանուր հաշտութեան պայմանագիր կնքել, դուրս եկաւ Անտանտէն եւ Գերմանիայի ու անոր դաշնակիցներուն հետ 1918 Մարտի 3-ին Պրեսթ-Լիթովսկի մէջ կնքեց հաշտութեան պայմանագիր։ Խորհրդային Ռուսիան Գերմանիային կը զիջէր Պելառուսիոյ (այժմ՝ Պելառուս) տարածքներ ու պալթեան երկիրները։ Ֆինլանտան եւ Ուքրանիան կը ճանչցուին իբրեւ անկախ երկիրներ։ Թուրքիային կ'անցնէին Կարսը, Արտահանը եւ Պաթումը։ Պայմանագիրը աղետալի հետեւանքներ ունեցաւ հայ ժողովրդին համար․ առանձին մնաց թրքական բանակի դէմ (ռուսական զօրքերը լքեցին Արեւմտեան Հայաստանը)։
Պատերազմին աւարտը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1918 Մարտ-Յունիսին Արեւմտաեւրոպական ռազմաճակատին վրայ, գերմանական զօրքերը անցան յարձակման եւ մեծ կորուստներու գինով հասան Մարն գետի շրջանը, որ Փարիզէն հեռու է 70 քմ։ Բայց ատիկա Գերմանիոյ վերջին յաջողութիւնը եղած էր։ Օգոստոսին Անթանթի զօրքերը ծանր պարտութեան մատնեցին գերմանական բանակը։ Սեպտեմբեր 26-ին անգլա-ֆրանսական ու ամերիկեան զօրքերն անցան ընդհանուր յարձակման եւ գերմանական բանակներուն ստիպեցին հեռանալ Ֆրանսայի տարածքէն։ Սեպտեմբեր 29-ին անձնատուր եղաւ Պուլկարիան, Հոկտեմբեր 30-ին՝ Մուտրոսի զինադադարով՝ Թուրքիան, Նոյեմբերի 3-ին՝ Աւստրիա-Հունկարիան։ Նոյեմբեր 11-ին Քոմփիենի զինադադարով Գերմանիան անձնատուր եղաւ. աւարտեցաւ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը, որ տեւեց 4 տարի 3 ամիս եւ տասը օր։ Սպաննուեցան մօտ 10 մլն, վիրաւորուեցան եւ խեղդամահ դարձան 20 մլն մարդ։
Պատերազմին մասնակցած երկիրները, միջին հաշուով կորսնցուցին իրենց ազգային հարստութեան 1/3-ը։
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ Նորման Տէյվիս, Եւրոպա.Պատմութիւն [1] էջ 933 լիթուաներէն Վերցուած է 2016 Յունիս 01-ին
- ↑ "Պալքանեան Պատերազմները եւ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը": Քոնկրեսի երկիրներու պատմութեան գրադարան:
- ↑ Spencer Tucker, Priscilla Mary Roberts (1 January 2005)։ World War One։ ABC-CLIO։ էջեր 241–։ ISBN 978-1-85109-420-2
- ↑ Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
- ↑ Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
- ↑ Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.