Արշակ Գ.

Արշակ Գ.
Ծնած է անհայտ[1]
Մահացած է 390[1]
Մասնագիտութիւն գերիշխան
Վարած պաշտօններ Հայոց արքայ[1]
Ամուսին Վարդանդուխտ Մամիկոնյան?[2][3]
Ծնողներ հայր՝ Պապ Թագաւոր[1], մայր՝ Զարմանդուխտ?

Արշակ Գ (անհայտ[1] - 390[1]), Հայոց թագաւոր 378–էն։ Պապի որդին եւ յաջորդը։

Կառավարումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մանուէլ Մամիկոնեան սպարապետը, գահընկէց ընելով Վարազդատ թագաւորը, Հայոց գահին բարձրացրած է մանկահասակ Արշակին՝ դառնալով անոր նախնակալը: Արշակի կրտսեր եղբայր Վաղարշակը դարձած է թագաւորի աթոռակիցը: Սակայն Արշակի թագաւորութիւնը եղած է անուանական, երկիրը կառավարած է Մանուէլ Մամիկոնեանը: Պարսից Շապուհ II արքան սիրաշահած է Արշակին եւ հայ նախարարներուն՝ կամենալով իր կողմը գրաւած անոնց, կանխած Հայաստանի եւ Հռոմի մերձեցումը: Ան Հայաստան ուղարկած է զօրաբանակ, որուն հրամանատարը տիրացած է երկրի իշխանութեան, հայ նախարարներուն ստիպած հարկ վճառել Պարսից արքունիքին: Մանուէլ Մամիկոնեանը, չհանդուրժելով այս արարքը, պարսկական զօրաբանակը դուրս վտարած է երկրէն: Այնուհետեւ առժամանակ Հայաստանի մէջ տիրած է համեմատաբար խաղաղ իրավիճակ: Սակայն 384-էն ետք Պարսկաստանի ու Հռոմի միջեւ բանակցութիւններ սկսան Հայաստանի բաժանման շուրջ: Փաւստոս Բիւզանդի վկայութեամբ, Մանուէլ Մամիկոնեանը 384–ին՝ վախճանելէ առաջ, յատուկ գրութեամբ Հայաստանը եւ Արշակ թագաւորին «յանձնած է» Հռոմի կայսրին: 385–ին Արշակը ստիպուած հեռացած է հռոմէական Հայաստան՝ ապաստանելով Եկեղեաց գաւառի մէջ։ Անկէ ետք Շապուհ III Հայոց գահը յանձնած է Խոսրով Դ. Արշակունուն: 387–էն ետք, երբ անդամատուած է Հայաստանը, հռոմէական մասին մէջ խաղաղութեամբ, բայց կայսրութենէն կախեալ թագաւորած է Արշակը, որուն մահէն ետք կայսրութիւնը այլեւս թագաւոր չէ կարգած իր տիրապետութեան ներքեւ գտնուող Հայաստանի մէջ:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։