Jump to content

Դուինի Եկեղեցական Ժողով (719-720)

Դուինի Կաթողիկէ Եկեղեցին

Դուինի եկեղեցական ժողով 719 կամ 720 թուականին Արմինիա կուսակալութեան մայրաքաղաք Դուինի մէջ, Յովհաննէս Գ. Օձնեցի կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ հրաւիրուած ազգային-եկեղեցական ժողով։ Ժողովը հետապնդած է երկու նպատակ։

  1. ընդունած եւ վերջնական տեսքի բերած է Յովհաննէս Գ. Օձնեցիի՝ կանոնական ցաքուցրիւ նիւթերէն ընտրութեամբ հաւաքած եւ կազմած ժողովածուն, որ յայտնի է «Կանոնագիրք» անունով։
  2. Դուինի մէջ նոր ժողով հրաւիրելը արձագանգն էր ժամանակի քրիստոնեայ Արեւելքի մէջ սրուած դաւանական վէճերուն, ինչպէս նաեւ պայմանաւորուած էր քաղկեդոնականներու, նեստորականներու, նաեւ՝ հայ եկեղեցւոյ մէջ հանդէս եկած աղանդներու (պաւլիկեաններ, մծղնեականներ) դէմ պայքարի անհրաժեշտութեամբ։

Դուինի Զ. ժողովը ընդունած է նաեւ 32 յօդուածէ կազմուած կանոնախումբ մը, որ յայտնի է «Կանոնք տեառն Յովհաննիսի Իմաստասիրի Հայոց կաթողիկոսի» անունով։ Այդ կանոններով որոշուած է հայ եկեղեցւոյ ժամերգութեան կարգը (նշելով առաւօտեան, երեկոյեան, գիշերային պաշտամունքները, կիրակնօրեայ ժամերգութիւնները), համախմբուած են Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչի, Սահակ Ա. Պարթեւի, Յովհաննէս Ա. Մանդակունիի բոլոր կանոնները եւ կարգերը (կանոն ԻԱ–ԻԵ)։

Ի կանոնով որոշուած են «Սուրբ Աստուած» երգի «խաչեցարի» յաւելման, ԻԶ եւ Լ կանոններով՝ Քրիստոսի Ծննդեան եւ Մկրտութեան տօնը 6 Յունուարին կատարելու, Ը կանոնով՝ անապակ գինիով եւ անխմոր հացի գործածութեան վերջնական խնդիրները։ ԼԲ կանոնով խստիւ արգիլուած է օթեւան տալ կամ հաղորդակցուիլ պաւլիկեան աղանդաւորներու հետ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։