Անահիտ

Անահիտ, հին հայկական դիցաբանութեան մէջ՝ պտղաբերութեան, արգասաւորութեան, ծննդաբերութեան, վաղ շրջանին՝ նաեւ ռազմի աստուածուհին է։ Արամազդի դուստրն է (ըստ որոշ տուեալներու Արամազդի կինն է, ոչ թէ դուստրը[1])։ Անահիտի կերպարի մարմնաւորումը իր արտացոլումը գտած է նաեւ այլ ժողովուրդներու դիցարաններուն մէջ, յատկապէս պարսկականին՝ Անահիտային, յունականին՝ Արտեմիսին, հռոմէականին՝ Տիանային, եգիպտականին՝ Նիիթին մէջ։
Նաւասարդի սկիզբը (11 Օգոստոսին) մեծ շուքով կը նշուէր Անահիտի գլխաւոր տօնը՝ կապուած բերքի հասունացման հետ։ Տօնախմբութիւնները կը վերածուէին պտղաբերութեան տօնի, որուն ժամանակ բազմաթիւ ուխտաւորներ կը հաւաքուէին Անահիտին նուիրուած մեհեաններուն շուրջ։ Ծիսակատարութիւնները կ՛ուղեկցուէին աղօթքներով, երգերով եւ խնճոյքներով։ Քրիստոնէութեան հաստատումէն ետք, Անահիտի պաշտամունքը կը վերածուի Մարիամ Աստուածածնայ պաշտամունքին։ Անոր անունով կը կոչուէր հայկական հեթանոսական տոմարի ամիսներուն 19-րդ օրը։
Անահիտ աստվածուհիի պաշտամունքը՝ Հայաստանի մէջ, յառաջացած է անյիշելի ժամանակներէն եւ սերտօրէն կապուած եղած է մայր ծնողի հանդէպ յարգանքին։ Վաղ շրջանին եղած է նաեւ հայկական դիցարանի ռազմի աստուածուհին։ Զինք կոչած են Ոսկեմայր, Սնուցող մայր, Մեծ տիկին, Ոսկեծղի, Ոսկեմատն։
Անահիտը նկատուած է նաեւ խոհեմութեան ու պարկեշտութեան մայրը, մարդոց սնուցող, ապրեցնող ու փառաւորող աստուածուհի։ Անահիտի գլխաւոր տաճարը գտնուած է Բարձր Հայքի Եկեղեաց գաւառի Երիզա աւանին մէջ, ուր անոր պաշտամունքն այնքան տարածուած էր, որ ամբողջ գաւառը կոչուած է նաեւ Անահիտական։ Ք.Ա. 34 թ․-ին հռոմեացի զօրավար Մարքոս Անթոնիոսը, պարթեւական արշաւանքի ժամանակ, թալանած է տաճարի հարստութիւնը։ Անոր զինուորները ջարդած են Անահիտի վիթխարի ոսկեձոյլ արձանը, բաժանած՝ իրար մէջ ու տարած՝ Հռոմ։ Լուրեր տարածուած են, թէ՝ Անահիտի արձանին վրայ յարձակած առաջին զինուորը կուրացած, այնուհետեւ խելագարուած ու մահացած է։ Անահիտի տաճարներ կային հին Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ, յատկապէս Տարօնի ու Վասպուրականի մէջ, ուր դրուած են աստուածուհիի ոսկէ, արծաթէ, պղինձէ եւ քարէ արձանները։
Անահիտը Արամազդի եւ Վահագնի հետ հայկական դիցարանին մէջ կը կազմէր աստուածային սուրբ երրորդութիւն։[1]
«Անահիտ» անձնանունը մեծ տարածում ունի հայ աղջիկներուն ու կանանց շրջանակներուն մէջ։
Լուսանկարներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
ՀՀԿՊ-ի կողմէն 1997 թ․–ին տրամդրուած ոսկեայ յուշադրամ
-
Հայկական նամականիշ
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Անահիտ դիցուհու պաշտամունքն ու պատկերագրությունը Հայաստանում եւ նրա աղերսները հելլենիստական աշխարհի հետ Archived 2012-04-17 at the Wayback Machine.
|