Jump to content

Պտղնիի Տաճար

Պղնիի տաճառ

Պտղնիի տաճար (յայտնի նաեւ որպէս Պտղավանք), քրիստոնեայ եկեղեցի ՀՀ Կոտայքի մարզի Պտղնի բնակավայրին մէջ, վաղ միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան առաւել ուշագրաւ յուշարձաններէն մէկը։ Վանքը ներկայիս կիսաւեր վիճակի մէջ է, պահպանուած են միայն հիւսիսային պատը, հարաւային պատի արեւելեան հատուածը եւ արեւելեան գմբեթակիր կամարը։ Կը պատկանի գմբեթաւոր դահլիճի քովի եկեղեցական կառոյցներուն՝ հանդիսանալով այդ տիպի վաղագոյն եւ լաւագոյն նմուշը։ Կառուցուած է 6-րդ դարու վերջը 7-րդ դարու սկզբը (ճիշդ թուականը յայտնի չէ)։ Ունի 15,7 մեթր լայնութիւն եւ 30,4 մ երկարութիւն, աղօթասրահի չափերն են՝ 10,3մ լայնութիւն, 23,8մ երկայնք։

Ամբողջովին պահպանուած հիւսիսային ճակատի ստորին մասի կեդրոնը կը գտնուի կամարակապ, երկլանջ կտուրի տակ առնուած շքամուտքը։ Քիչ բարձր, աջ ու ձախ կողմերէն շարուած են երեքական միաձեւ ու միաչափ, կամարունքերով պսակուած լուսամուտներ։ Կամարունքերու զարդամոթիֆները բազմատեսակ են՝ երկրաչափական, բուսական, ինչպէս նաեւ մարդկանց, կենդանիներու ու թռչուններու պատկերներ բովանդակող հարթաքանդակներով։

Հարաւային ճակատին պահպանուած լուսամուտի կամարունքը եւս պատուած է հարթաքանդակներով, որոնք վաղ միջնադարեան հայկական արուեստի եզակի նմուշներ են։ Պատկերուած է Աստուածամայրը, Քրիստոսը, առաքեալները։ Առկայ են աշխարհիկ բովանդակութեան քանդակներ, որոնց անուանում նշուած Մանուէլ Ամատունին («Մանուէլ Ամատունեաց Տէր» մակագրութեամբ)` հեծեալ, որ կը նետահարէ արդէն վիրաւոր գազան մը։ Մանուէլ Ամատունիի քանդակէն աջ պատկերուած է առիւծի հետ նիզակով մենամարտող մարդ, որուն հաւանաբար կարելի է նոյնացնել Մանուէլ Ամատունիի որդի` Սահակ Ամատունիի հետ։

  • Վ. Հարությունյան, Հայկական ճարտարապետության պատմություն, Երեւան, 1992։

Արտաքին Յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]