Jump to content

Ս. Գայեանէ եկեղեցի

Ս. Գայեանէ եկեղեցի
Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ս. Գայեանէ եկեղեցիը գտնվում է Հայաստանում
Ս. Գայեանէ եկեղեցի
Կը Գտնուի Հայաստան, Վաղարշապատ
Ներկայ վիճակ Կանգուն

Ս. Գայիանէ վանք, միջնադարեան կրօնական կառոյց Վաղարշապատ քաղաքին հարաւային կողմը, Ս.Գայիանէի եւ անոր երկու ընկերուհիներուն նահատակման վայրը:

Ըստ Ագաթանգեղոսի, 301-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի գլխաւորութեամբ եւ անոր դրած հիմերուն վրայ Տրդատ Գ., անոր քոյրը՝ Խոսրովիդուխտ եւ Աշխէն թագուհին վկայարան մը կառուցած են: 395-ին Սահակ Ա. Պարթեւ վերակառուցած է Ս. Գայիանէի վկայարանը: 630-ին Եզր Ա. Փառաժնակերտցի քանդել տուած է վկայարանը եւ անոր փոխարէն սրբատաշ տուֆով շինել տուած է այսօրուան կանգուն Ս. Գայիանէ եկեղեցին եւ վանական միաբանութիւն մը հաստատած:

Ճարտարապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ս. Գայեանէ եկեղեցին ներդաշնակ եւ տպաւորիչ արտաքին տեսքով քառամոյթ գմբէթաւոր պազիլիք մըն է, որու գլխաւոր խորանին տակ կը գտնուի սրբուհիին դամբարանը: Ժէ. դարուն եկեղեցին եղած է կիսաւեր ու լքուած վիճակի մէջ: Ժէ. դարու պատմիչ Առաքել Դավրիժեցի կը գրէ, որ Ս. Գայեանէ եկեղեցւոյ միայն պատերն ու գմբէթակիր մոյթերը կանգուն մնացած են: Փիլիպոս Ա. Աղբակեցի 1652-ին հիմնովին վերակառուցած է եկեղեցին եւ վերականգնած անոր գմբէթը: Միաժամանակ Ս. Գայեանէ եկեղեցւոյ հիմերը ստորգետնեայ ջուրերէն պաշտպանելու համար վանքին հարաւային պարիսպէն դէպի դաշտ ջուրը հեռացնելու համար համակարգ մը ստեղծած են, որպէսզի միաժամանակ ջուրերը ոռոգման համար ալ օգտագործուին:1688-ին Եղիազար Այնթապցի կառուցած է վանքին միաբանութեան շէնքերը, պարիսպը, Ս. Գայեանէ եկեղեցւոյ արեւմտեան կողմէն կցած եռակամար գաւիթ-սրահը, անոր հարաւային եւ հիւսիսային ծայրերուն պատարագամատոյց սեղաններով Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալներուն նուիրուած մատուռներ շինած: Գաւիթ-սրահը հետագային ծառայած է իբրեւ կաթողիկոսներու տապանատուն:

1764-ին Սիմէոն Ա. Երեւանցի Ս. Գայիանէ եկեղեցւոյ տարածքին կառուցած է ստորգետնեայ մեծ սառցատուն մը՝ վանքին մթերքները պահելու համար: Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցիին ( Քերեսթեճեան) գահակալութեան տարիներուն (1866-82) եկեղեցւոյ վանահայր Վահան Բաստամեանց նորոգած է վանքը, կառուցած արեւմտեան կամարակապ դարպասը, վանահօր եւ միաբաններուն բնակելի շէնքերը, դպրոց, ուր ինք դասաւանդած է, հիմնած տպարան եւ հրատարակած «Դպրոց» ամսագիրը: 1910-ին Նոր Նախիջեւանի հայ համայնքը սեւ կրանիթէ տապանաքարով մը օժտած է Ս. Գայիանէին գերեզմանը: 1959-ին Ս. Գայիանէ եկեղեցին նորոգուած է, եկեղեցւոյ ներքնամասը ծեփով ծածկուած է, յատակը՝ սալապատուած, տարածքը՝ բարեկարգուած, բակին մէջ մատաղատուն մը եւ աղբիւր կառուցուած է (ճարտ.՝ Ռ. Իսրայէլեան):1976-ին Ս. Գայիանէ եկեղեցւոյ պատերուն մէջ շաղախ ներարկուած եւ քայքայուած քարերը փոխարինուած են նորերով:1977-1980 թուականներուն վանքին միաբանութեան շէնքերը նորոգուած են եւ օժտուած ժամանակակից յարմարութիւններով, քարէ սալերով ծածկուած եկեղեցւոյ տանիքը եւ գմբէթը: Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ ամփոփուած Եղիազար Այնթապցի, Աբրահամ Բ. Խոշաբեցի, Ղազար Ա. Ջահկեցի, Մինաս Ա. Ակներցի, Յակոբ Ե. Շամախեցի, Սիմէոն Ա. Երեւանցի, Ղուկաս Ա. Կարնեցի, Դաւիթ Ե. Էնեգեթցի, Մատթէոս Ա. Կոստանդնուպոլսեցի կաթողիկոսները, իսկ վանքին շուրջը՝ բազմաթիւ արքեպիսկոպոսներ, եպիսկոպոսներ, վանահայրեր, Մայր աթոռի բարերարներ, իշխաններ եւ նշանաւոր այլ անձինք:

  • Ագաթանգեղոս, Հայոց պատմութիւն, Երեւան, 1983:
  • Սեբէոս, Պատմութիւն, Երեւան, 1979:
  • Շահխաթունեանց Հ., Ստորագրութիւն Կաթողիկէ Էջմիածինի եւ հինգ գաւառացն Արարատայ, հ. 1, Էջմիածին, 1842:
  • Ալիշան Ղեւոնդ, Այրարատ, Վենետիկ, 1890:
  • Յարութիւնեան Վ., Ս. Էջմիածնի շինարար գահակալները, Էջմիածին, 1996: