Լազարեան Ճեմարան (Մոսկուա)
Լազարեան ճեմարան, հայագիտական եւ արեւելագիտական ուսումնական ու գիտական խոշոր կեդրոն եղած է։
Պատմական ակնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լազարեան Ճեմարանի հիմնադրութիւնը տեղի ունեցած է 10 Մայիս 1814-ին։ Ճեմարանի առաջին ուսուցիչը՝ Յարութիւն Ալամդարեան իր տասը աշակերտներով հայոց եկեղեցիէն փոխադրուած է դպրոցի նորակառոյց շէնքը եւ մասնակցած հանդէսին։
Հիմնադրուած է մեծահարուստ Լազարեաններու նախաձեռնութեամբ եւ միջոցներով։ Սկզբը եղած է տարրական տիպի մասնաւոր դպրոց եւ կոչուած է Հայկական Լազարեան (Ղազարեան) ուսումնարան։ Այնտեղ սորված են միայն Լազարեան որդեգիրները։ 1820-ական թուկաններուն ուսումնական ծրագրով համապատասխանած է ռուսական գիմնազիոններու մակարդակին։ Հանրակրթական առարկաներու հետ դասաւանդուած են ռուսերէն, հայերէն, լատիներէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, պարսկերէն, թուրքերէն, արաբերէն։ Ընդունուած են տարբեր ազգերու 10-14 տարեկան երեխաներ, հիմնականօրէն հայեր եւ ռուսեր։ Թեկնածուներ պատրաստած է համալսարան ընդունուելու համար, ինչպէս նաեւ պաշտօնեաներ եւ հայկական դպրոցներու ուսուցիչներ։
Լազարեան Ճեմարանին վիճակուած էր փառաւոր դեր կատարել հայ կրթական եւ մշակութային կեանքին մէջ։ Կարճ ժամանակէն ան կը բարձրանայ առաջնակարգ կրթական հաստատութեան մը վիճակին։ Իր ուսուցչական կազմով, ուսումնական զրագրով եւ նիւթական ապահովութեամբ աւելի բարձր էր կանգնած քան ժամանակի շատ մը վարժարանները։ Ան կոչուած է արդարօրէն «Հայոց դպրոցների նախակարապետ»:
Թէեւ պայմաններու բերմամբ Լազարեան Ճեմարանին մէջ ուսումնական նիւթերու մէծ մասը կ’աւանդուէր ռուսերէն, այսուհանդերձ Ճեմարանը իր գոյութեան ընթացքին կրցաւ պահպանել իր հայկական դիմագիծը։ Հայագիտական առարկաներու դասաւանդումը միշտ ալ ստացաւ մեծ կարեւորութիւն։ Այդ բանին նախանձախնդիր եղած է Ճեմարանի հիմնադիր եւ առաջին խնամակալ Յովակիմ Լազարեան:
Մեծ տեղ յատկացուած էր գրաբարի ուսուցման։ Ուսուցիչներու եւ սաներու մեծ մասը հայեր էին. հաստատութեան ղեկավարութիւնը հայերու ձեռքն էր։
Լազարեան Ճեմարան ուսուցիչներ կը պատրաստէր հայ դպրոցներու եւ հոգեւորականներ՝ հայ եկեղեցիներու համար։ Մինչեւ 1870ական թուականները ճեմարանը միակ ազգային հաստատութիւնն էր, որուն շրջանաւարտները իրաւունք ունէին ընդունելու ռուսական համալսարաններ։ Շրջանաւարտները կը տիրապետէին հայերէնէ զատ ռուսերէնի եւ այլ օտար լեզուի մը։
Լազարեան Ճեմարանի մէջ գործած են անոր առաջին տեսուչ Սերովբէ Կարնեցին, Մխիթարեաններու սան Միքայէլ Սալլանթեան, Ստեփանոս Նազարեան, Միքայէլ Նալբանդեան, Սմբատ Շահազիզ եւ ուրիշներ։
Ճեմարան ուսանած են հայագէտներ Մկրտիչ Էմին, Գրիգոր Խալաթեան, Կարապետ Մելիք Օհանջանեան, բանաստեղծներ Գէորգ Դոդոխեան, Ռ. Պատկանեան, Յովհաննէս Յովհաննիսեան, Վահան Տէրեան, նկարիչ Վարդգէս Սուրէնեանց, գրական քննադատ Ցոլակ Խանզադեան, Պօղոս Մակինցեան, պետական գործիչ Ալեքսանդր Միասնիկեան, եւ այլն։
Լազարեան Ճեմարանի շնորհիւ կը բարձրանան Մոսկուայի հայ գաղութի կշիռն ու հեղինակութիւնը։ Մկրտիչ Էմինի ջանքերով Ճեմարանի մէջ կը ստեղծուի հայագիտական կեդրոն։ Էմինի գործը կը շարունակեն Գ. Խալաթեան, Քերովբէ Պատկնաեան, եւ այլն։
Լազարեան Ճեմարանի շուրջ համախմբուած հայ մտաւորականներու շնորհիւ եւ Ստ. Նազարեանի եւ Միքայէլ Նալբանդեանի նախաձեռնութեամբ ու ջանքերով Մոսկուայի մէջ 1858-ին հիմը կը դրուի հայ մամուլին, երբ կը սկսի լոյս տեսնել «Հիւսիսափայլ» ամսագիրը:
Ճեմարանը ունէր սեփական մատենադարան, որ խնամքով կը պահէր հայ եւ օտար լեզուներով գրքերու հարուստ հաւագածոյ։ Տպարանը լոյս կ’ընծայէր հայագիտական հրատարակութիւններ, ուսումնասիրութիւններ, դասագիրքեր։ Այս տպարանին մէջ է, որ կը շարուէր ու կը տպագրուէր նաեւ «Հիւսիսափայլ»ը:
Այսօր ալ գոյութիւն ունի Լազարեան Ճեմարանի շէնքը Մոսկուայի «Հայկական Նրբանցք» կոչուող փողոցին մէջ, բայց այլեւս դպրոց չէ։ Անոր ձախ թեւը յատկացուած է հայկական ներկայացուցչութեան, իսկ շէնքին մնացեալ մասերը կը ծառայեն իբրեւ «Արեւելեան Դպրութեանց Հիմնարկ»:
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Լազարեան ճեմարանի մասին genocide.ru կայք Archived 2007-09-27 at the Wayback Machine.
- Լազարեան ճեմարանի մասին Նոյեան տապանի յիշարժան տարեթիւերուն