Սասանեան Պարսկաստան

Սասանեան Պարսկաստան (պարս․՝ ساسانیان), պարսկական պետութիւն ներկայի՝ Իրաքի եւ Իրանի տարածքին վրայ գտնուած, 224-651 թուականներուն։ Պարթեւաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման հետեւանքով կը հիմնուի Սասանեաններու պետութիւնը ։ Կործանուած է արաբական արշաւանքներու հետեւանքով։ Իրենք Սասանեանները կ'անուանէին իրենց տիրութիւնը Էրանշահր ( - Eranshahr) «իրանցիներու (արիացիներու) պետութիւն»։

Թագաւորութեան հիմնադիրը Արտաշիր I Պապականն էր (226-239/241), որ 211/212 թուականին նուաճած է Պարսքը, ապա հարեւան տարածքները։ 221 թուականին Պարսկաստանի պարթեւաց արքայ՝ Արտաւան V-ի դէմ, պատերազմը սկսած էր գերիշխանութեան համար եւ 224, Ապրիլին Որմզդական (Հորմիզդական) դաշտին վրայ տեղի ունեցած ճակատամարտին, պարտութեան կը մատնէ զինք, եւ 226 թուականին կը հռչակուի արքայից արքայ։ Սասանեանները իրենց յամարած են Աքեմենեաններու յաջորդները եւ նպատակ ունեցած են վերականգնել հին պարսկական աշխարհակալութիւնը, սկզբէն եւ անհաշտ դիրք բռնած ենՀայաստանի նկատմամբ։ Հայ Արշակունիները իրենց հերթին, անոնց համարած են դինաստիական հակառակորդներ։ Ըստ Ագաթանգեղոսի` Հայոց արքայ՝ Խոսրով Մեծը Արտաւան V-ի պարտութենէն ետք, բազմիցս արշաւած է Սասանեաններու դէմ եւ շուրջ տասը տարի պայքարած է՝ պարթեւ Արշակունիներու տիրապետութիւնը վերականգնելու համար։

Սասանեաններու Պետութեան Թագաւորներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաշիր I Պապական[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաշիր I Պապականը նուաճած է (228) Մարաստանը, Համադանը։ 229-ին, փորձած է նուաճել Ատրպատականն ու Հայաստանը, սակայն անյաջողութեան մատնուած է։ 232 թուականին, պատերազմ սկսած է Սասանեաններու պետութեան եւ Հռոմէական կայսրութեան միջեւ, որ փոփոխակի յաջողութիւններով աւարտած է 233 թուականին։ Միջագետքը, որուն համար հիմնականին մէջ մղուած է պայքարը, մնացած է Հռոմէական կայսրութեան։ Այդ պատերազմին, Հռոմը դաշնակցած է Հայաստանի հետ։

Անոր օրով կատարուած է «Աւեստայի» առաջին կանոնակարգումը։ III դարու վերջը եւ IV դարու սկիզբը, Սասանեաններու պետութեան ներքին ժամանակաւոր թուլութեան եւ Հռոմի դէմ անյաջող պատերազմներու ժամանակաշրջան էր հռոմէական կայսր՝ Կարոսի արշաւանքը 282 թուականին, Սասանեաններու պետութեան համար ոչ ձեռնտու պայմանագիրերը՝ 283 եւ 298 թուականներուն, ըստ որուն Սասանեաններու պետութիւնը Հռոմին զիջած է Մեծ Հայքի Ծոփք, Աղձնիք, Կորդուք, Մոկք նահանգները, Անգեղ տուն գաւառը եւ այլն։ Սասանեաններու պետութենէն անջատուած են արեւելեան շարք մը մարզեր։

Շապուհ I[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շապուհ I

Սասանեաններու պետութեան եւ Հռոմի միջեւ պայքարը շարունակուած է Շապուհ I-ի (241/243-272) օրով։ Շապուհ I արշաւած է Միջագետք, ասպատակած էԿապադովկիան եւ Կիլիկիան։ 243 թուականին, Հռոմէական զօրքերը վերագրաւուած են Խառանը, Մծբինը, Միջագետքը։ 245 թուականին, հաշտութիւն կնքուած է կողմերուն միջեւ։ 252/253 թուականին, Շապուհ I-ը գրաւած է Հայաստանը, սակայն անոր մահէն ետք, Հայաստանը դարձեալ անկախացած է։

III դարուն, Սասանեաններու պետութեան մէջ դեռեւս պահպանուած են որոշ ինքնավար «թագաւորութիւններ» (Սակաստան, Կրման, Մարվ եւ այլն), ինչպէս նաեւ ինքնավար քաղաքներ (պոլիսի տիպի)։ Այդ երկրամասերու կառավարիչները, որոնք Արշակունիներու ժամանակ գրեթէ անկախ թագաւորներ էին, թէեւ պահպանած են իրենց բարձր տիտղոսները, իրականութեան մէջ դարձած են բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ համարուած՝ Սասանեաններու «գործակալները»։ Առաջին Սասանեաններու արտաքին քաղաքական յաջողութիւնները ամրապնդած են իրենց պետութիւնը եւ հանգեցուցած են՝ կեդրոնական իշխանութեան հզօրացման։ Սասանեան տիրակալները, իրենք զիրենք անուանած են (սկսած Շապուհ I-էն) Իրանի եւ ոչ Իրանի (Էրան եւ Անէրան) շահընշահ (արքայից արքայ), իսկ՝ Սասանեաններու պետութիւնը ՝ էրանշահր (արիներու թագաւորութիւն)։ Սասանեանները հենուած են պարսկական քրմութեան վրայ։ Զրադաշտականութիւնը դարձած է պետական կրօն, իսկ զրադաշտական հռգեւորականութիւնը՝ երկրի գլխաւոր քաղաքական եւ տնտեսական ուժերէն մէկը։

Շապուհ II[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շապուհ II-ը (309-379) վերամիաւորած է կորսուած տարածքները, ամրապնդած՝ Սասանեաններու պետութիւնը, յաջող պատերազմներ մղած՝ Հռոմի դէմ։ 363 թուականին, հռոմէական կայսր՝ Յովիանոսի հետ կնքած է հաշտութեան պայմանագիր, որմով Հռոմէական կայսրութիւնը Սասանեաններու պետութիւնը զիջած Է Միջագետքի վիճելի տարածքները՝ Աղձնիքը եւ Մոկքը։ Այդ պայմանագիրը գործողութիւններու ազատութիւն տուած է Շապուհ II-ին, որ 364 թուականին պատերազմ սկսած է Հայաստանի դէմ։ Չկրնալով յաղթահարել Հայաստանի դիմադրութիւնը զէնքի ուժով՝ ան խաբէութեամբ գերած է Հայոց արքայ՝ Արշակ Բ.-ը։ Այնուհետեւ պարսկական զօրքերը ասպատակած են Հայաստանի դէմ եւ բազմահազար գերիներ տարած Պարսկաստան։ Սակայն 371-372 թուականներուն, հայ-հռոմէական զօրքերը ջախջախած են պարսկական զօրքերը եւ խափանած են Հայաստանը նուաճելու Շապուհ II-ի փորձը։ Անոր օրով ամրապնդուած է թագաւորին եւ զրադաշտական հոգեւորականութեան իշխանութիւնը, մէկ անգամ եւս համակարգուած է «Աւեստան» (վերջնական խմբագրումը կատարուած է VI դարուն)։ Ուժեղացած է կրօնական հալածանքը(յատկապէս քրիստոնեաներու նկատմամբ) ։

Շապուհ III[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շապուհ III

Շապուհ II-էն ետք կառավարած են շարք մը թոյլ տիրակալներ։ Շապուհ III-ի օրով (383-388) Հայաստանը բաժանուծ է (387) Հռոմէական կայսրութեան եւ Սասանեաններու պետութեան միջեւ, Հայաստանի մօտ 4/5 մասը անցած է Սասանեաններու տիրապետութեան տակ։ Հազկերտ I (399-421) որոշ չափով թուլացուցած է աւագանիի եւ մոգերու ազդեցութիւնը եւ կրօնական հանդուրժողականութեան քաղաքականութեան վարած, Հայաստանի քրիստոնեաներու հանդէպ, ատոնցմէ դժգոհ հոգեւորականութիւնը եւ ազնուականութիւնը գահընկեց ըրած են՝ Հազկերտ I-ին։

Վահրամ (Բահրամ, Վռամ) V Գոռի օրով (421-439), Սասանեանները վերացուցած են (428) հայ Արշակունիներու թագաւորութիւնը։ Հայաստանը դարձած է ՝ մարզպանութիւն։

Հազկերտ II[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հազկերտ II-ը (439-457) Հայաստանի ներքին ինքնավարութեան վերջ տալու համար վարած է հայկական նախարարական ուժերը ջլատելու քաղաքականութիւն, պահանջած է՝ կրօնափոխութիւն։ Այդ առաջացուցած է ապստամբութիւն (Վարդանանց պատերազմ, Աւարայրի ճակատամարտ 451)։ Ապստամբութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ՝ Վիրքի եւ Աղուանքի մէջ։ Սասանեաններու օրով նոր, «արքայական» քաղաքներու ( Շապուհ, Փերոզ Շապուհ, Գունդի Շապուհ, Վեհ Շապուհ եւ այլն) շինարարութիւնը ուղեկցուած է՝ հին քաղաքներու ինքնավարութեան վերացմամբ։ Պետութեան մէջ, կարեւեւոր դեր կատարած են վազուրգ-ֆրամաթարը (առաջին մինիսդր), մոգպետան մոգպետը, էրան սպահպատը (գլխաւոր հրամանատար) եւ այլ բարձր պաշտօնեաներ։ Իշխանութեան կեդրոնացումը բարձր ազնուականութեան ներկայացուցիչներու, զօրահրամանատարներու եւ քրմութեան ձեռքին ուղեկցուած է պարսկ․ համայնքի շահագործման ուժեղացմամբ եւ V դարու հասարակական ու տնտեսական ճգնաժամի աճով։

Պերոզ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինչեւ V դարու կէսը, Սասանեաններու պետութիւնը յաջողութեամբ պայքարած է արեւելքէն եւ հիւսիսէն իրենց սպառնացող ցեղերու դէմ, սակայն հեփթաղներու դէմ, պայքարը աւարտած է պարտութեամբ, իսկ արքայ՝ Պերոզը (459-484)՝ սպաննուած է։ Սասանեաններու պետութիւնը, կորսնցուցած է՝ Մարուից արեւելք գտնուող մարզերը։ Պերոզի օրով, ընդդէմ Սասանեաններու կեղեքիչ քաղաքականութեան՝ Հայաստանի եւ Անդրկովկասի մէջ, բռնկած է ապստամբութիւն (Վահանեանց պատերազմ 481-484)։ V դարու 90-ական թուականներուն, սկզբնաւորուած է մազդակեան շարժումը, որուն հետեւանքով խոր փոփոխութիւններ կատարուած են երկրի կառավարման համակարգին, ընկերային-քաղաքական կառուցվածքին եւ մշակոյթին մէջ։ Սկսած են զարգանալ եւ ամրապնդել ֆեոդալական յարաբերութիւնները։ Գիւղական համայնքի ներսը, գոյքային շերտաւորման հետեւանքով երեւան եկած է ազատ դեհկաններու խաւը, որոնցմէ աստիճանաբար առանձնացուած են՝ մանր եւ միջին հողատէրերը։ Անոնցմէ, կախման մէջ ինկած են համայնքի աղքատացած անդամները։ V դարուն, շնչահարկէ եւ գիւղատնտեսական մթերքներէն գանձուող հարկէն (բերքի 1/6-էն մինչեւ 1/3-ը) բացի գիւղացիները՝ վճարած են այլեւայլ հարկեր, կատարել պարհակներ։

Խոսրով I[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խոսրով I Անուշիրուանի (531-579) եւ Կաւադ I -ի (488-496, 498/499-531) բարեկարգութիւնները կարգաւորել են հարկային, նիւթական համակարգը, վերացած է տեղական իշխանութիւններուն ենթակայ աշխարհազօրը, ստեղծուած է կանունաւոր եւ մշտական բանակ։ Խոսրով I-ի հարկային քաղաքականութիւնը Հայաստանի մէջ առաջ բերած է նոր ապստամբութիւն 571-572 թուականներուն։ Մինչեւ VI դարու սկիզբը, Սասանեաններու պետութիւնը Բիւզանդիոյ նկատմամբ վարած է հիմնականին մէջ, խաղաղ քաղաքականութիւն․ պատերազմը անոնց միջեւ սկսած է՝ 502 թուականին։ Հայաստանը իր կողմը գրաւելու համար Կաւադ I-ը 502 թուականին ճանչցած է Հայոց եկեղեցւոյ անկախութիւնը։ 502-503 թուականներու ընթացքին, պարսկական զօրքերը աւերած են Միջագետքի բիւզանդական մասը եւ Ասորիքը, գրաւած է Ամիդը, սակայն Կովկասէն հոներու արշաւանքի պատճառով՝ Պարսկաստանը ստիպուած էր հաշտութիւն կնքել (505կամ 506)։ Հետագայ պատերազմները (527-532, 540-562) ունեցած են փոփոխակի յաջողութիւն, չեն ազդած երկու երկիրներու սահմաններու փոփոխութեան վրայ։ 558-568 թուականներուն, ջախջախուած են հեփթաղները, Սասանեաններու պետութեան մէջ՝ ընդգրկուած են Աֆղանիստանի եւ Միջին Ասիոյ շարք մը շրջանները։ 570 թուականին, պարսկական զօրքերը գրաւած են Եմենը, մօտ 589/590 թուականին ջախջախելով Սասանեաններու պետութեան տարածք ներխուժած թուրքերուն։

Խոսրով II[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խոսրով II Ափարուեզի (591-628) օրով, աւարտած է (591) Բիւզանդիոնի եւ Սասանեաններու պետութեան միջեւ 572 թուականին սկսած պատերազմը։ Պարսկաստանը, զօրավար՝ Վահրամ Չուբինի ապստամբութիւնը ճնշելու գործին մէջ, Բիւզանդիոնի օգնութեան դիմաց, զիջած է նախկինին մէջ գրաւած որոշ տարածքներ, իսկ Հայաստանը՝ բաժանուած էր (591) երկու երկրներու միջեւ։ 602-629 թուականներուն, պարսկա-բիւզանդական պատերազմի սկզբնական շրջանին մէջ, պարսկական զօրքերը գրաւած են Բիւզանդիոնի արեւելեան եւ հարաւային շարք մը նահանգներ, երեք անգամ մօտեցած՝ Պոսֆորին, սակայն անյաջողութեան մատնուած են. Խոսրով II գահընկեց եղաւ։ 629 թուականի, հաշտութեամբ Սասանեաններու պետութիւնը Բիւզանդիոնի զիջած է Խոսրով II-ի գրաւած բոլոր տարածքները։ Երկարատեւ պատերազմները, որոնք հիւծած էին Սասանեաններու պետութեան նիւթական ռեսուրսները, եւ հարկերու ծանրացումը՝ թուլացուցած են Սասանեաններու պետութեան քաղաքական եւ տնտեսական հզորութիւնը։ 628-632 թուականներու ընթացքին փոփոխուած է շուրջ՝ 10 գահակալ։

Հազկերտ III[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հազկերտ III-ի (632-651/652) օրով Սասանեաններու պետութիւնը նուաճած են արաբները։

Սասանեան Պարսկաստանի Արքայացանկը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին Յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 

Կաղապար:Միջնադար