Հայ Գիրերու Գիւտ
Հայ գիրերու գիւտ, հայերէնի այբուբենի ստեղծում (ըստ որոշ աղբիւրներու՝ վերականգնում): Տեղի ունեցած է 405 կամ 406 թուականներուն: Հայկական գրային համակարգը՝ 36 տառէ բաղկացած հայերէնի այբուբենը, ստեղծած կամ վերականգնած է Մեսրոպ Մաշտոցը (361-440):
Այբուբենները ստեղծուած են հին ժամանակներուն կամ վաղ միջնադարուն, հնագոյն ժողովուրդներու կողմէ: Հայոց գիրը, այդպիսով, ունենալով աւելի քան մէկուկէս հազարամեակի կեանք, ամէնէն երիտասարդներէն մէկն է:
Այբուբենի գիւտը տեղի կ'ունենայ այն ժամանակ, երբ Հայաստան առաջին անգամ բաժնուած էր երկու հարեւաններու՝ Բիւզանդական կայսրութեան ու Սասանեան Պարսկաստանի միջեւ։ Անոր շնորհիւ ժողովուրդին մէջ արմատացաւ քրիստոնէական հաւատքը, որ դեռ մէկ դար առաջ՝ 301 թուականին ընդունուած էր որպէս հայոց պետութեան պաշտօնական կրօնք եւ այսպիսով ազգի պահպանումը աւելի ամրապնդուեցաւ: Ծէսերը եւ արարողութիւնները կ'ըլլային ո՛չ թէ օտար լեզուներով (յունարէն, արամերէն), այլ մայրենի՝ հայոց լեզուով: Այբուբենը, կրելով չնչին փոփոխութիւն (Օ, Ֆ տառերու յաւելում), մինչեւ օրս չէ կորսնցուցած իր արդիականութիւնը:
Իրավիճակը Հայաստանի Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]387 թուականի Հայաստանի առաջին բաժանումէն ետք, հայ նախարարներու կալուածներուն մէկ մասը անցաւ Հռոմէական (395 թուականէն ետք՝ Բիւզանդական կայսրութիւն) կայսրութեան, իսկ արեւելեան մեծ հատուածը՝ Սասանեան Պարսկաստանին: Զրադաշտականութիւն դաւանող Սասանեաններու արքունիքը նպատակ ունէր հայերուն դարձի բերել հեթանոսութեան, կտրել քրիստոնեայ Բիւզանդիայէն ու աստիճանաբար ձուլել պարսիկներու մէջ։ Աւելի՛ն, Մեծ Հայքի թագաւորութեան անկումէն ետք (428) Աղուանքին բաժին ինկան Ուտիքը եւ Արցախը, Ատրպատականին՝ Փայտակարանը եւ Պարսկահայքը, Վրաստանին՝ Գուգարքը եւ մասամբ Տայքը: Երկրի վեց նահանգները միաւորուեցան Հայաստանի մարզպանութեան մէջ։ Առաւել հզօր նախարարները՝ Բագրատունիները, Մամիկոնեանները, Արծրունիները եւ Սիւնիները, յանձն առին պետականութեան պահպանման գործը: Անոնց կողքին կանգնեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին:
Ազգային, քաղաքական ու կրօնական միասնութիւնը ապահովելու նպատակով կը ստեղծուի հայերէնի այբուբենը. հայկական բանահիւսութիւնը, յունարէն, արամերէն եւ պարսկերէն կատարուող արքունի գրագրութիւնը, ինչպէս նաեւ կրօնական ծէսերը, կը սկսին կատարուիլ հայերէնով: Կայ այն տեսակէտը, թէ գոյութիւն ունեցած են նախամեսրոպեան գիր եւ գրականութիւն: Կ'ենթադրուի, որ անոնք կեդրոնացած ըլլալով մեհեաններուն մէջ եւ սահմանափակ կիրառուելով, քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակուելու շրջանին, հեթանոսական միւս արժէքներուն հետ ոչնչացուած են:
Մեսրոպ Մաշտոց
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեսրոպ Մաշտոց ծնած է Տարօն գաւառի Հացեկ կամ Հացեկաց գիւղին մէջ 362 թուականին: Երիտասարդ հասակին կը ստանայ յունական եւ ասորական կրթութիւն եւ գալով Վաղարշապատ, հայոց արքունիքի դպրատան մէջ ծառայութեան կը մտնէ:
Ան հոգեւորական կը ձեռնադրուի եւ իր աշակերտներուն հետ կ'երթայ Գողթան գաւառ՝ (Նախճաւան գաւառի հարեւան) քարոզելու: Մաշտոցը կը համոզուի, որ երկրին մէջ տիրապետող կրօնական-պաշտամունքային լեզուներով՝ յունարէնով եւ ասորերէնով, հնարաւոր չէ ժողովուրդին մէջ տարածել քրիստոնէութիւնը, չնայած արդէն 100 տարի անցած է քրիստոնէութեան ընդունման, ժողովուրդի մեծ մասը դեռ կը պահպանէր հեթանոսական կրօնքն ու սովորոյթները, քանի որ նոր կրօնը անհասկանալի էր ժողովուրդի լայն զանգուածներուն: Քրիստոնէութեան դիրքերը կարելի էր ամրապնդել միայն այն ժամանակ, երբ եկեղեցական արարողութիւնները կը կատարուէին մայրենի լեզուով՝ հայերէնով, իսկ ատոր համար անհրաժեշտ էր սեփական գիրերու գոյութիւնը: Անհրաժեշտ էր հայերէնի թարգմանել «Աստուածաշունչ»-ը եւ քրիստոնէական գրականութիւնը եւ այդպիսով քրիստոնէութիւնը հասանելի դարձնել ամբողջ ժողովուրդին: Հայոց այբուբենի ստեղծումը, բացի քրիստոնէութիւնը ամրապնդելէ, անհրաժեշտ էր հայոց բազմադարեան ժողովրդական վէպերն ու երգերը եւ այլ ստեղծագործութիւնները գրի առնելու համար:
Մաշտոց կը վերադառնայ Վաղարշապատ, ուր կաթողիկոս Սահակ Պարթեւը նոյնպէս կը մտածէր հայոց գիրեր ստեղծելու մասին: Վռամշապուհ Արշակունի (389-415) արքայի օգնութեամբ նախ կը բերուին Դանիէլեան գիրերը, սակայն շուտով կը համոզուին, որ ատոնք չեն համապատասխաներ հայերէնի հնչիւնային համակարգին: Հայոց գիրերը ստեղծելու նպատակով, Մեսրոպ Մաշտոց իր աշակերտներուն հետ կը սկսի իր ուղեւորութիւնը դէպի Ասորիքի Ամիտ, Եդիսիա եւ Սամոսատ քաղաքները, կ'ուսումնասիրէ օտարալեզու մատեանները, կը խորհրդակցի ասորի եւ յոյն գիտնականներու հետ եւ 405 թուականին կը ստեղծուին հայոց գիրերը: Ըստ աւանդութեան՝ ան պահ մը հայեացքը կը թեքէ այն մագաղաթին վրայէն, որուն վրայ կը գրէր եւ կը նկատէ ձեռք մը (Աստուծոյ ձեռքը), որ ձախէն աջ կը գրէր այբուբենի տառերը: Գիւտէն ետք Մաշտոց կ'երթայ Սամոսատ, ուր կը յանձնարարէ Հռոփանոս անունով յոյն գեղագրի մը ձեւաւորել իր ստեղծած տառերը: Այնտեղ ալ ան թարգմանած է «Առակաց գիրքէն» առաջին հայերէն նախադասութիւնը՝
Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ - Ճանչնալ իմաստութիւնը եւ խրատը, իմանալ հանճարի խօսքերը
|
Նոր այբուբենի 36 տառերը ամբողջովին կ'արտայայտէին հայերէնի հնչիւնական համակարգը: Տակաւին Ասորիքի մէջ՝ Մաշտոցն ու անոր աշակերտները կը սկսին թարգմանել «Աստուածաշունչի» որոշ հատուածներ: Վաղարշապատի մէջ՝ Ռահ (Երասխ) գետի ափին, Մեսրոպ Մաշտոցն ու անոր աշակերտները դիմաւորուեցան ճոխ ընդունելութեամբ: Զայն դիմաւորելու համար անոր ընդառաջ եկած էր Վռամշապուհ թագաւորը՝ հայոց աւագանիին եւ ժողովուրդի բազմութեան ուղեկցութեամբ:
Դպրոցներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հիմնական յօդուած՝ Վաղ միջնադարու հայկական դպրոց
Գիրերու գիւտէն ետք բացուեցան դպրոցներ՝ նոր այբուբենը սորվեցնլու համար: Հայոց առաջին դպրոցներէն մէկը՝ «Հայոց Արեւելեան Կողմերը» (Ուտիք, Արցախ) բացուեցաւ Ամարասի վանքին մէջ։ Հայոց լեզուի դպրոցներ բացուեցան նաեւ Բիւզանդիոյ իշխանութեան տակ գտնուող հայկական հողամասին վրայ:
Մեսրոպ Մաշտոց մեծ գործունէութիւն ծաւալեց նաեւ վրաց եւ աղուանական գիրերը ստեղծելու գործընթացին մէջ։ Ուղեւորուելով Վիրք եւ Աղուանք, այնտեղի գիտնականներուն հետ համագործակցելով, կը ստեղծէ վրաց գիրերը եւ գիրեր՝ գարգարացիներու լեզուին համար, որոնք սովորաբար կը կոչուէին աղուանական:
Հեթանոսութեան ժամանակ մեհենագիրերու կիրառութիւնը կեդրոնացած էր միայն սրբատեղիներուն մէջ, իսկ քրիստոնէութիւնը՝ ժողովրդական լայն զանգուածներուն մատչելի դարձուց կրթութիւնը: Մաշտոցը կը շրջէր գաւառներու մէջ ու դպրոցներ կը բանար: Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսը կը մնար Վաղարշապատի արքունիքին մէջ՝ նախարարներուն սորվեցնելու համար հայերէն գիրերը: Մշակութային այդ շարժումը յայտնի է «ոսկեդար» անունով[1]:
Մեսրոպ Մաշտոց մահացաւ 440 թուականին եւ թաղուեցաւ Ամատունիներու տոհմական կալուածի՝ Օշական գիւղին մէջ։ Անոր գերեզմանին վրայ սկիզբը՝ մատուռ, այնուհետեւ` եկեղեցի կառուցուեցաւ: Իրմէ առաջ իր մահկանացուն կը կնքէր անոր հովանաւոր ու գործի օգնական կաթողիկոս՝ Սահակ Պարթեւը[2]:
Թարգմանական Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայերէն այբուբենի կիրառութիւնը պատճառ դարձաւ ժողովուրդին մէջ քրիստոնէութեան տարածման ու անոր վարդապետութեան քարոզչութեան, որ մինչ այդ կը կատարուէր յունարէնով կամ ասորերէնով` մնալով անհասկնալի: Հոգեւորականութեան մէջ զգալի մասը կը կազմէին օտարազգիները:
Թարգմանական գրականութեան առաջնեկը հայերէն Աստուածաշունչն էր` Մեսրոպ Մաշտոցի ու Սահակ Պարթեւի ղեկավարութեամբ: Ուսումնասիրողները զայն կ'անուանէին «Թագուհի թարգմանութեանց»: Այնուհետեւ անոնք սկսան հայերէն թարգմանել հին աշխարհի նշանաւոր շատ հեղինակներու գործերը: Բնութագրելով անոնց գործունէութիւնը՝ 20-րդ դարու հայ պատմաբան Լէօն նշած է.
անոնք առաջինն էին, որ իրենց ձեռքով հայացուած եկեղեցւոյ համար հայերէն երգեր գրեցին ու երգեցին: Աւանդութիւնը յականէ յանուանէ ցոյց կու տայ, թէ որոնք են Սահակի եւ Մաշտոցի հեղինակած շարականները: Անոնց սկսածը շարունակեցին իրենց աշակերտները, այնպէս որ Ոսկեդարը յանձնեց իր յաջորդ դարերուն հոգեւոր բանաստեղծութիւններու մեծ շարք մը - Լէօ (Առաքել Բաբախանեան, 1860-1932)
|
Հին հայերէնը՝ գրաբարը, որ արդէն մեծապէս մշակուած էր հեթանոսական մեհեաններուն մէջ, սկիզբէն իսկ դրսեւորեց գրական լեզուի ճկունութիւնն ու գեղեցկութիւնը՝ վաստակելով «ոսկեդարեան» լեզու անունը: Թարգմանական գրականութեան, ըստ ամենայնի, զարգացումը զարկ տուաւ նաեւ հայոց լեզուով ազգային պատմագրութեան ու գրականութեան զարգացման: Պետականութիւնը կորսնցնելէ ետք (428) ան դարձաւ հայութիւնը միաւորող հզօր միջոց[3]:
Պատմագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ պատմագրութեան առաջին աշխատութիւնները գրուած են 5-րդ դարուն: Ագաթանգեղոսը Հայոց Դարձին նուիրուած աշխատութիւնը գրած է 4-րդ դարուն, սակայն անիկա ըլլալով Գրիգոր Լուսաւորիչի վարքը, 5-րդ դարուն հարստացուած է վերջինիս վարդապետութեամբ եւ մեզի հասած է այդ վիճակով: Ագաթանգեղոսը, Փաւստոս Բիւզանդը եւ Ղազար Փարպեցին, մէկը միւսին շարունակելով, մեզի հասցուցած են հայոց 3-5-րդ դարերու պատմութիւնը:
Ագաթանգեղոս՝ պատմական տեղեկութիւններուն զուգահեռ, կը ներկայացնէ քրիստոնեայ սուրբերու կեանքը: Անոր պատմութիւնը հարուստ նիւթ կը բովանդակէ հայոց հեթանոսական կրօնի վերաբերեալ: Ագաթանգեղոսի պատմութիւնը շարունակած է Փաւստոս Բիւզանդը՝ գրի առնելով 4-րդ դարու 30-ական թուականներէն մինչեւ 387 թուական տեղի ունեցած իրադարձութիւնները: Հեղինակը փառաբանած է հայ ժողովուրդի ազատասիրական ոգին, նկարագրած՝ անոր կռիւները պարսկական զօրքերուն դէմ, Հռոմէական կայսրութեան եւ Սասանեան Պարսկաստանի միջամտութիւնները հայոց թագաւորութեան ներքին գործերուն: Ան իր պատմութիւնը կ'աւարտէ 387 թուականին՝ Հռոմի եւ Պարսկաստանի միջեւ Հայոց թագաւորութեան բաժանումով:
Այն ժամանակ եւ այնուհետեւ հայոց թագաւորութիւնը բաժնուեցաւ, ցրուեցաւ, նուազեցաւ, իր նախկին մեծութենէն ինկաւ: - Փաւստոս Բուզանդ (5-րդ դար)
|
Ղազար Փարպեցին կը ներկայացնէ 4-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 5-րդ դարու պատմութիւնը:
Պէտք է ստոյգը գրել, չեղածը չաւելացնել, եղածները չպակասեցնել - Ղազար Փարպեցի (5-րդ դար)
|
Պատմիչը արժէքաւոր եւ արժանահաւատ տեղեկութիւններ պահպանած է Վարդանանց եւ Վահանեանց պատերազմներու մասին:
Հայոց լեզուով գրած 5-րդ դարու առաջին մատենագիրը Կորիւնն է, որ կու տայ Մեսրոպ Մաշտոցի վարքը եւ հայոց գիրերու ստեղծման պատմութիւնը: Եղիշէն նկարագրած է պարսկական տիրապետութեան դէմ Վարդան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ բռնկուած ժողովրդական ապստամբութիւնը:
Պատմահայր Մովսէս Խորենացին կ'առանձնանայ հայ պատմագիրներու շարքին մէջ։ Սահակ Բագրատունիի թելադրանքով գրուած անոր «Պատմութիւն Հայոց»-ը զարմանահրաշ ստեղծագործութիւն մըն է, որ կ'ընդգրկէ հայոց պատմութիւնը, սկսած՝ մեր ժողովուրդի ծագումէն մինչեւ Ե. դարու կէսերը: Հայոց Պատմահայրը միացուցած է եւ սերունդներուն ձգած է հայ ժողովուրդի առաջին ամբողջական պատմութիւնը, որ բաժնած է երեք գիրքերու.
- Առաջին գիրքին մէջ կը պատմուի Հայկ Նահապետի եւ անոր յաջորդած սերունդներու կատարած գործերուն մասին:
- Երկրորդ գիրքին մէջ հանդէս կու գան հայոց մեծ բարեփոխիչներ Վաղարշակ եւ Արտաշէս թագաւորները, կը տրուի շարք մը այլ թագաւորներու գործունէութիւնը:
- Երրորդ գիրքը, որ նուիրուած է Հայաստանի Դ.-Ե. դարերու պատմութեան, կ'աւարտի «ողբ»-ով, ուր հեղինակը կը սգայ հայոց թագաւորութեան անկումը եւ կը քննադատէ հայ հասարակութեան բացասական կողմերը:
Պատմահայրը օգտուած է ոչ միայն նախորդ հայ հեղինակներու գործերէն, այլեւ՝ օտար հեղինակներու աշխատութիւններէն, ինչպէս նաեւ՝ «Աստուածաշունչէն»: Անոր երկը մեզի հասցուցած է ժողովրդական բանահիւսութեան բազմաթիւ նմոյշներ՝ Հայկի եւ Բէլի պատմութիւնը, Արայի եւ Շամիրամի աւանդազրոյցը, Վահագնի ծննդեան երգը, Արտաշէս արքային ձօնուած երգերը, եւ այլն: Ի տարբերութիւն իրեն նախորդած կամ յաջորդած շատ հեղինակներու, ան փորձած է իր օգտագործած նիւթերու պատմական մասերը առանձնացնել առասպելականէն:
Պատմահայրը հայ ժողովուրդի պատմութիւնը գրած է հիմնուելով դրացի ժողովուրդներու պատմութեան վրայ եւ այդ պատճառով անոր երկը հարուստ նիւթ կը պարունակէ նաեւ Վիրքի, Աղուանքի, Պարսկահայաստանի, Ասորիքի եւ նոյնիսկ հեռաւոր աշխարհներու մասին՝ Իրլանտայէն մինչեւ Չինաստան: Ատիկա յատկապէս արտացոլուած է անոր հեղինակած «Աշխարհացոյց»ին մէջ:
Մովսէս Խորենացիի՝ «Պատմութիւն Հայոց»-ը ամբողջ միջնադարուն, ծառայած է իբրեւ դասագիրք, որով հայրենասիրական ոգիով դաստիարակուած են հայ ժողովուրդի տասնեակ սերունդներ: Ան անուանուած է «Մեծն Քերթող», «Քերթողահայր», այսինքն՝ մեծ իմաստուն եւ բանաստեղծ: Պատմահօր անունը յայտնի է ամբողջ աշխարհին, իսկ անոր գործը թարգմանուած է աշխարհի բազմաթիւ լեզուներով:
Ուշագրաւ է նաեւ Պատմահօր՝ հայ ժողովուրդին տուած գնահատականը, երբ կը դիմէ հայոց մարզպան Սահակ Բագրատունիին.
... դուն կը պատկանիս նախնական եւ քաջ ազգի, արդիւնաւոր ոչ միայն խօսքի եւ պիտանի խոհականութեան մէջ, այլեւ՝ բազմաթիւ մեծամեծ փառաւոր գործերով... - [4]
|
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Դպրոցը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-07-02-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-26
- ↑ «Մեսրոպ Մաշտոցը եւ հայ գիրերու գիւտը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-26
- ↑ «Թարգմանչական գրականութիւնը: «Աստուածաշունչի» թարգմանութիւնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-08-28-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-26
- ↑ Պատմագրութիւն, իմաստասիրութիւն (փիլիսոփայութիւն) եւ գրականութիւն